Խիկար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՆՈՐ ԱՇԽԱՐՀԻՆ ՀԱՅԱՏԱՌ ԱՐԵԳԱԿԸ

Որպէս ծանուցին մայրաքաղաքիս ազգային լրագիրք, Ամերիկայի մէջ ծնանիլ սկսած է, շաբաթը մէկ անգամ, Արեգակ անուն ազգային եւ քաղաքական թերթ մ՚որուն առաջին ճառագայթներն ընդունելու պատիւն ունեցած ենք նաեւ մենք։

Իբրեւ փափաքող ազգային մամլոյ զարգացման` ստուգիւ չգիտենք ինչպէս յանձնարարել այս թերթը մեր ազգայնոց։ Եթէ իբրեւ քաջալերութեան արժանի թերթ մը հռչակենք զայն ՝ անմիջապէս դիտողութիւնները կ ը սկսին մեր ընթերցողաց կողմէ.

Արեգակն աղէկ ծաղրեր է։

—Իրաւունք ունի Խիկար, Արեգակի պէս թերթերուն պակասութիւնը մեծապէս կը նպաստէ ազգային մամլոյ յառաջադիմութեան։

Իսկ եթէ, քաջալերութեան անարժան դատենք զայն` դիտողութիւնները նորէն կ ը սկսին.

Խիկար իրաւունք չունի թերթ մ՚այնքան խստիւ դատելու։

Վերջապէս թերթ մ՚է, պէտք է քաջալերել։

Ճիշտ պարագան է հարցնելու. ի՞նչպէս խաղամ, վարպետ ։

Օ ՜, խմբագիր Արեգակի, գործ չունէի՞ր դուն, եղբայր, ինչո՞ւ նոր խնդիր կը յարուցանես… չկրցա՞ր հոն ատաղձագործութեամբ կամ կօշկակարութեամբ զբաղիլ կամ թերթ հրատարակելու մարմաջմանդ դեղ մը գտնել։

Մեր մօրուքին խնդալո՞ւ համար հրատարակեցիր այդ թերթը, որ կարծես հրատարակուած է 1492֊ին, թուական` յ որում լուսահոգի Քրիստոֆ Քոլոմպոս գտաւ Ամերիկան։

Զմեզ ծաղրելո՞ւ նպատակաւ թերթիդ անունն Արեգակ դրիր, աւելի յարմար ուրիշ անուն մը չկրցա՞ր գտնալ… Քերականութիւն չե՞ս կարդացեր, եղբայր… Անուն կամ գոյական դաս առած չե՞ս, չե՞ս յիշեր թէ անունն իր մը կամ բան մը կը ցուցնէ, ինչպէս ծառ, տուն, փայտ, Կիրակոս եւ այլն. ինչո՞ւ այս անուններէն մին չդրիր, չհաւնեցա՞ր ասոնց… Բարեկամ, քու թերթիդ անունն իր մը կամ բան մը չցուցներ։

Տե՛ս, եթէ Մոլորակ դնէիր, յանցանքդ քիչ մը կը թեթեւնար։ Իսկ եթէ որոշած էիր Արեգակ անունը անպատճառ դնել թերթիդ գլուխը, գէթ Խաւարումն արեգական ըսէիր, եւ այն ատեն ոչ ոք բերանը կը բանար։

Ոչինչ կը տեսնուի ձեր թերթին մէջ, որ կարենայ համակրութիւն գրաւել։ Կը խնդրեմ սակայն, մի՛ վիրաւորուիք։ Խմբագրութիւնն շատ խղճալի է, ողբալի է, մանաւանդ երբ Ամերիկայէն կու գայ այն։ Տպագրութիւնն, թէ յօդուածներու եւ թէ պատկերներու, խոր սգոյ մէջ թողուցին աստ մամլոյ բարեկամներն եւ ազգականներն, որք արտասուալից աչօք կ'աղաչեն եւ այլն։ Անհասկնալի յառաջաբան մը, մայրաքաղաքիս թերթերէ քաղուած քանի մը ներքին եւ ազգային լուրեր հրատարակելու համար հարկ չկար մինչեւ Ամերիկա երթալ։ Կախեալ կամուրջին պատկերն այնքան գէշ տպուած է, որ եթէ հոն ըլլայի այդ կախուած կամուրջը կը վերցնէի եւ անոր տեղ տպագրիչդ կը կախէի։ Կ'աղաչեմ, ըսէք ձեր տպագրիչին, որ քիչ մը ժամանակ դուրս չելնէ, որովհետեւ հոն ալ կրնան գտնուիլ մարդիկ, որ իմ բնաւորութիւնս ունենան։

Գալով հայրենասիրական զգացմանց` կ՚ըսեմ թէ թերթին մէջ հայրենասիրական զգացումներէն շատ աւելի կը տեսնեմ ծանուցումները։ Չեմ մեղադրեր, ըստ որում ծանուցումներն հայրենասիրական զգացումներէն աւելի շահ կը բերեն այսօր, այլ քաղցր է ինձ գուշակել, թէ Արեգակ աւելի ծանուցմանց թերթ ըլլալու նպատակ ունի, քան թէ ազգային թերթ։

Վերջապէս ամէն ինչ տխուր է Արեգակին մէջ. Քաղդէացւոց, Եգիպտացւոց եւ Պարսկաց ex աստուածը շատ ինկած վիճակի մէջ է։ Եթէ մխիթարական բան մը կայ` այն ալ սա է թէ թուղթը վարդագոյն է, եւ անոր խմբագիրը կրնայ պարծանօք ըսել.

—Եթէ թերթիս խմբագրութիւնն ու տպագրութիւնն արեգակի չնմանիր, գոնէ գոյնը կը նմանի ա՛։

Իսկ մենք իբր չեղեալ կը նկատենք Արեգակին առաջին թիւն եւ կը փափաքինք, որ ապագային մէջ չկրկնուին նմանօրինակ թերթեր։ Նոյնպէս իբր չեղեալ կը համարինք մեր սոյն յօդուածը` որու մէջ մեր կամքէն անկախ մեր ուրիշ մէկ կամքը ծանր խօսքեր արտասանել տուաւ մեզի Արեգակի դէմ։ Ներումն կը խնդրենք այդ ծանր խօսքերուն համար։ Մեր յանցանքը կը ճանաչենք մենք։

Տեսա՞ր, ընթերցո՛ղ, ի՞նչ վարպետութիւն բանեցուցի խօսքը անուշ տեղը կապելու համար։

Ըսելիքներս ըսի եւ յետոյ սիրտն առի։ Հիմա ամէն մարդ կը գործածէ այս վարպետութիւնը։ Եւ ի՞նչպէս արդարացուցի ինքզինքս։ Իմ կամք է ս անկախ իմ մէկ ուրիշ կամքիս վրայ նետեցի գործը եւ ինքզինքս ազատեցի։ Այնպէս որ ես բնաւ յանցանք չունիմ եղեր եւ այդ կամքէս անկախ կամքս ՝ առանց իմ գիտութեան ՝ ծանր խօսքեր արտաբերել տուած է ինձ։

Բայց ուսկի՞ց ծնար, ո՜վ Արեգակ, որ հարկադրեցիր մեր վերոյիշեալ կամքն այսպէս վարուիլ հետդ։

Հոգի՜դ սիրես, մարըդ մտիր, որ փակուի այս միջադէպը։