ՀԱՄԱՌՕՏԱԳՐՈՒԹԻՒՆՔ
Գլխուս
վրայ
—
Ես
քուկին
սպասաւորդ
չեմ
։
Ո՞ւր
տեսնուինք
վաղը
—
Կ
'
ուզե՞ս
հեռանալ
եւ
գլուխս
չցաւցնել
։
Կբողոքեմ
—
Ա՛հ
եթէ
կարողանայի
չարիք
մ
'
ընել
քեզ
։
Սուրճ
մը
կ'առնէ՞ք
—
Գործ
ունիմ,
բաներնիդ
գացէք
։
Չէք
երեւար
կոր
—
Պարտքդ
ե՞րբ
պիտի
վճարես,
աղա
։
Կխոստանամ
—
Բան
մ
'
ալ
չեմ
կրնար
ընել
։
Կրնանք
քիչ
մը
տեսնուիլ
—
Կրնա՞ք
ինձի
չորս
հարիւր
ոսկի
տալ
։
Ի՞նչ
է
մեր
հաշիւը
—
Այս
օրերս
չեմ
կրնար
քեզի
ստակ
տալ,
քիչ
մ
'
ալ
համբերէ
։
Աղան
դուրս
չելներ
կոր
—
Հիւր
ընդունելու
ժամանակ
չունինք
։
ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ
1
֊
8
Հոկտեմբեր
Երբեմն
պարզ,
երբեմն
խառն,
երբեմն
անձրեւ,
երբեմն
փոթորիկ
։
Հարսանեաց
շաբաթ.
կարգուող
չկայ
։
Լրագիր
մը
մեծատուն
մը
կշողոքորթէ
։
Ընդհանուր
հազ.
անոնք
որ
գիւղ
գնացած
էին՝
կդառնան
ձմեռնային
բնակութիւնը.
օդափոխութիւնը
շատերուն
մազերը
ճերմկցուցած
է.
օդափոխութենէ
սնանկացողներ
ալ
պակաս
չեն
։
9
֊
16
Հոկտեմբեր
Խառնակ
օդ
։
Երկրագործը
շատ
գոհ
չերեւիր
։
Աշնան
նորաձեւութիւնը
շատ
տուներու
մէջ
կռուոյ
դռներ
կբանայ։
Երեւելի
մարդ
մը
կմեռնի։
Ածխավաճառները
կլեցնեն
իրենց
մթերանոցները։
Աստուած
խելք
տայ
իրենց
։
16
֊
23
Հոկտեմբեր
Խառնակ,
խառնակ,
վերջապէս
խառնակ
։
Սրտի
հիւանդութիւն
ունեցողները
կնեղուին.
երանի
անոնց,
որ
սիրտ
չունին,
ազատ
են
այդ
հիւանդութենէ։
Լրագրին
մէկը
եր
ե
կուան
պաշտածն
այսօր
կայրէ։
Ջերմուկներու
վարժուած
կրօնաւոր
մը
անարժանաբար
աթոռի
մը
վրայ
բարձրանալու
կպատրաստուի,
ազգին
սանձերը
բռնելու
համար.
Աստուած
ողորմի։
Հարուստ
աղջիկ
մը
հօրը
տունէն
կփախչի։
23
֊
31
Հոկտեմբեր
Հողմ
եւ
անձրեւ։
Թատրոններու
եղանակ,
բոլոր
օթեակները
պարապ
են
։
Եօթն
շաբաթուց
վերջերն
ենք,
հարսնիք
չլսուիր
բնաւ.
թրաքօման
մեծ
հարուած
տուաւ
այս
տարի,
թէ՛
գեղեցիկ
աղջիկներուն
եւ
թէ
տգեղներուն
։
Ամսոյս
մէջ
ծնող
մանչերն
փառաւոր
ապագայ
կխոստանան,
աղջիկներն
ալ
փայլուն
անցեալ
մը.
ըստ
այնմ
վարուեցէք
։