Խիկար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՕՐԱԿԱՐԳ

Կարելի չէ երեւակայել այն մեծ ուրախութիւնն, որով պիտի խնդան մեր ազգայիններն, երբ լսեն, թէ բազում ժամանակէ յետէ ազգասիրաց ոմանց մէջ յղացուած խորհուրդ մը սկսած է մարմնանալ. քանի՜ բերկրութեամբ պիտի լցուին արդեօք մեր ազգային սիրտերն, երբ զգան, թէ հայն գիտէ ոչ միայն երկնել, այլ եւ ծնանել։ Եւ արդարեւ, ո՞ր հայն չհրճուիր, երբ իմանայ, թէ ազգային ընդարձակ յիմարանոցի մը հիմունքը դրուած են վերջապէս։ Լուսաւորեալ դարուն մէջ, յորում կ՚ապրինք, յիմարութեան պէտքը եւս քան զեւս զգալի կը լինէր եւ ամէն հայ կը փափաքէր, որ հայաբնակ գաւառացս ազգին արժանապատւութեան համապատասխանող հոյակապ յիմարանոց մը կանգնուէր, յիմարներու շէնք մ՚որ ազգիս պատիւ, փառք ու պարծանք բերէր, խենթերու յարկ մ՚որ կարենար մրցիլ օտար ազգաց յիմարաց շէնքերուն հետ, որպէսզի օտարը չյանդիմանէր զմեզ ըսելով.

—Հայերը շատ ետ մնացած են յիմարութեան մէջ։

Անվիճելի ճշմարտութիւն մ՚է այսօր, թէ ազգի մը մտաւորական կարողութիւնն անոր յիմարութեան աստիճանէն կը չափուի։ Ազգի մը մէջ որքան շատ յիմարներ ըլլան, նոյնքան աւելի իմաստուններ կը գտնուին։ Գթութեան եւ կարեկցութեան արժանի են այն ազգերն, որոնց յիմարներն մատի վրայ կը համրուին։ Վայ անոնց։ Բաղդատեցէ՛ք մեր ազգին քառասուն տարի առաջ ունեցած յիմարանոցին վիճակն ու մտաւորական կարողութիւնն անոր այս աւուր յիմարանոցին հետ, որոյ հիմունքը դրուած են ու մտաւորական կարողութեան հետ, որոյ հիմունքը դրուելու վրայ են։ Ի՜նչ անհուն տարբերութիւն անոնց մէջ։ Եւ միթէ հնա՞ր էր յառաջանալ իմաստութեան մէջ եւ ետ մնալ յիմարութեան մէջ։ Ենթադրութիւնն իսկ յիմարութիւն է։ Ընդհանրապէս հարուստ են այն ազգերն, որոնց մէջ շատ սնանկութիւններ կը պատահին։ Արտաքոյ հարստութեան չիք սնանկութիւն։ Աղքատի մը սնանկութիւնն տեսնուած չէ ցարդ։

Եւ ի՞նչ է յիմարութիւնն, եթէ ոչ սնանկութիւն մտաց։ Սկիզբն յիմարութեան զենիթ ն է իմաստութեան։ Մանաւանդ թէ յիմարութիւնն իմաստութեան քոնդռոլն է. ջնջէ՛ յիմարութիւնն եւ այն ատեն կը տեսնես թէ ի՛նչ յիմարութիւններ կը գործէ իմաստութիւնը։ Բնական էր ուրեմն, որ նախկին յիմարանոցը չբաւէր մեր արդի մտային զարգացման եւ չկարենար տանիլ մեր ազգային յիմարներն, որ դուրսը կը մնային անդարման եւ կը թափառէին խմբագրատանց մէջ, ժողովներու մէջ եւ լրագրաց մէջ։

Ազգը ցաւօք սրտի կը դիտէր խմբագրատանց, ժողովոց եւ լրագրաց մէյ֊մէկ յիմարանոցի վերածումն եւ կը փափաքէր յարկի մը մէջ պատսպարել իւր յիմարները, որպէսզի մշակէր յիմարութիւնը։ Իմաստո՜ւն յիմարութիւն։ Եթէ սնանկութիւնը չքաջալերուէր` ոչ ոք պիտի յանդգնէր փափաքելու մեծ վաճառական լինիլ։ Նոյնպէս պիտի վհատէին ազգային բանաստեղծները, պիտի յուսահատէին ազգային գրագէտներն եւ իրենց հանճարը խնայողութեամբ պիտի գործածէին՝ եթէ հոյակապ յիմարանոց մը չունենար ազգը։ Յիմարութիւնն իմաստուններու իտէալն է։ Մինչեւ իսկ կը յանդգնիմ կարծել, թէ մեր ներկայ մտային զարգացման դանդաղ ընթացքը կանոնաւոր յիմարանոցի մը չգոյութեան վերագրելի է. այո՛, յիմարութիւնն իմաստութեան անթառամ պսակն է, եւ ազգային պատմութիւնը ցոյց կու տայ, թէ քանի դասատուներ եւ գրագէտներ պատիւ ունեցած են յիմարանոցի մէջ աւանդել իրենց հոգին։

Կը հաւանիմ, թէ յիմարութիւնը քաջալերելով վարձատրած կը լինինք իմաստութիւնն… իւր յիմարութեան մէջ։ Հնար չէ՞ միթէ իմաստուններու համար ալ յիմարանոց շինել եւ խրախուսել զանոնք, երբ դեռ կը վայելեն իրենց իմաստութիւնը։ Դիոգինէս շատ աղէկ պատասխանած է այս հարցման, երբ քանի մը մարդիկ անոր մօտենալով հասկնալ ուզած են, թէ հարուստներն ինչո՞ւ աղքատներուն կ'օգնեն եւ իմաստասէրներուն չեն նպաստեր։

—Որովհետեւ, պատասխաներ է— սա գերազանց պատճառաւ չկար այն դարուն մէջ —որովհետեւ, պատասխաներ է, ամէն մարդ կը վախնայ աղքատ ըլլալէ եւ ոչ ոք կ'երկնչի իմաստասէր ըլլալէ։

Բերանը պագնեմ Դիոգինէսին, որուն մէկ արձանը շինել տալու վրայ եմ գրասենեակիս մէջ դնելու համար, վասնզի ճշմարտութիւնը խօսած է, եւ այսօր իսկ մեր մեծատունք միշտ կ'աղաղակեն իրենց լռութեամբ.

—Յիմար եղէք, օգնենք ձեզի։

Բայց ո՞վ է յիմարն եւ ո՞րն է իմաստունն։ Ծանր խնդիր մ՚ալ այս է։ Շատերը յիմար եւ իմաստունը կ՚ընդունին իբրեւ նոյնանիշ բառեր, որ իրենց մէջ ամենափոքր զանազանութիւն մ՚իսկ չունին։ Ես ալ, ի՞նչ մեղքս պահեմ, զգալի տարբերութիւն մը չեմ տեսներ իմաստուններու եւ յիմարներու մէջ։ Եւ երբ այս մասին հարցում մ՚ուղղեն ինձ, կանոնաւոր կերպով ետ քաշուելու համար կ'ըսեմ.

—Որ իմաստնացուցանէ զանձն իւր, յիմարանայ եւ որ յիմարացուցանէ զանձն իւր, իմաստնանայ։

Շատերը առանց բան մը հասկնալու գոհ կ'ըլլան այս պատասխանէս եւ կը մեկնին։ Իսկ ոմանք կը յանդգնին յայտնել թէ պատասխանէս բան մը չեն հասկցած, ինչ որ քաղաքավարութեան դէմ է քիչ մը։ Ասոնց ալ կը պատասխանեմ.

—Քուէ, քուէ եւ քուէ…

Վէգ, վէգ, վէգ, կ՚ըսէ արժ. ստուգաբան հայրը, տարբերութիւն չտեսնելով այս երկու բառերուն մէջ։