ԿԱՆՈՆԱՒՈՐՆԵՐՈՒՆ
ԱՆԿԱՆՈՆՈՒԹԻՒՆԸ
—Բարի՛
եկար,
Խիկա՛ր,
Վանէ՞ն
կու
գաս:
—Չէ,
Վանէն
չեմ
գար,
բայց
ինչո՞ւ
հարցուցիր:
—Գլուխդ
ֆէս
եւ
ոտքդ
ոտքի
աման
չտեսայ
ու
կարծեցի,
որ
Վանէն
կու
գաս:
—Վանեցիները
ֆէս
ու
ոտքի
աման
չե՞ն
հագնիր:
—Չէ։
—Գլուխ
չունի՞ն,
ոտք
չունի՞ն:
—Ինչո՞ւ
պիտի
չունենան.
Վանեցիները
մեր
ազգային
իշխանութի՞ւնը
կարծեցիր.
գլուխ
ալ
ունին,
ոտք
ալ
ունին,
բայց
գլուխնին
բաց
պտտիլ
սկսան…
—Ալաֆրանկա՞
ըլլալու
համար…
—Ոտքի
աման
ալ
չգործածել
սկսան…
—Ոտքի
ամաններու
վրայ
ալ
տո՞ւրք
դրուեցաւ,
թէ
կառավարութիւնը
հարուստներու
ձիերը
առած
ըլլալով՝
աղքատներն
ալ
ոտքի
ամանները
տալու
որոշում
տուին:
—Ոչ
մին
եւ
ոչ
միւսը:
—Ինչո՞ւ
ուրեմն
առանց
ֆէսի
եւ
ոտքի
ամանի
կը
պտտին:
—Որովհետեւ
Վանայ
մէջ
գտնուած
կանոնաւոր
զօրքերը
դէմերնին
ելնողներուն
ոտքի
ամաններն
ու
ֆէսերը
կը
յափշտակեն
եւ
իրենք
կը
գործածեն
եղեր:
Գիւղերը
մտնալով
գտածնին
կ՚առնեն
եղեր.
դասատուներուն
փայտ
կրել
կու
տան
եղեր:
—Կանոնաւո՜ր
զօրքերը…
—Արանց
եւ
կանանց,
ծերոց
եւ
տղայոց
ամէն
տեսակ
չարիք
կ՚ընեն
եղեր:
—Կանոնաւո՜ր
զօրքերը…
—Վանէն
գրուած
նամակի
մը
նայելով,
մարդ
չհամարձակիր
եղեր
դուրս
ելնելու:
—Կանոնաւո՜ր
զօրքերը:
—Այո՛,
կանոնաւոր
զօրքերը:
—Կանոնին
այսչափ
վնասները
տեսնուելէն
ետքը,
ինչո՞ւ
կանոնը
չեն
վերցներ
այդ
զօրաց
մէջէն:
—Ո՛վ
գիտէ:
Բայց
ի՞նչպէս
կ՚ըլլայ,
որ
տեղական
կառավարութիւնը
թող
կ՚ուտայ
որ…
—Տեղական
կառավարութիւնը
հո՞ն
է
մի:
—Հոն
է
եա՛. .
—Ի՞նչ
գիտնամ,
այդ
ըսածներդ
լսեցի
նէ`
կարծեցի,
որ
տեղական
կառավարութիւնը
այդ
զօրաց
ձեռքն
է:
—Չէ,
բայց
կը
զարմանամ,
թէ
կուսակալը
ի՞նչպէս
ձայն
չհաներ:
—Ինչէ՞ն
գիտես,
որ
այդ
խեղճին
ալ
ոտքի
ամաններն
ու
ֆէսը
չեն
առած:
—Բայց
ինչո՞ւ
ձայն
չհաներ:
—Ինչէ՞ն
գիտես,
որ
զօրքերը
անոր
ձայնն
ալ
չեն
առած,
քանի
որ
կ՚ըսեն`
թէ
ամէն
գտածնին
կ՚առնեն
ու
կը
տանին:
—Ներեցէ՛ք,
Խիկար,
ձեզի
բան
մը
պիտի
յիշեցունեմ,
որովհետեւ
քու
յիշողութիւնդ
տկար
է:
—Պարտքի
մասին
տկար,
իսկ
առնելիքի
մասին
խիստ
զօրաւոր
է,
կ՚ըսէր
ատենօք
Սոկրատը
ծաղրող
կատակերգուն:
Յիշեցուցէք:
—Կը
խոստովանի՞ք
ուրեմն,
թէ
պարտքի
մասին
տկար
է
յիշողութիւննիդ…
—Այո՛,
ըստ
տիրող
սովորութեան:
—Ուստի
ես
ալ
ձեր
մէկ
պարտքը
պիտի
յիշեցունեմ
ձեզի,
այն
է,
թէ
լեզունիդ
քիչ
մը
չափաւորեցէք
եւ
այնպէս
խօսեցէք:
—Ես
ամիս
մը
խորհեցայ
եւ
գործածելիք
լեզուս
որոշեցի,
եւ
ի՞նչ
ըսի
որ:
Վանէն
Մանզումէին
գրուած
նամակի
մը
ըսածները
պատմեցիր
ինձի,
ես
ալ
անոնց
վրայօք
հարցումներ
ըրի:
—Այո՛,
բայց
եւ
այնպէս…
—Մանաւանդ
որ
Հայաստանի
մէջ
գործուած
անիրաւութիւնները
օսմանեան
երեսփոխանական
ժողովին
մէջ
ալ
վաւերացուեցան
միաձայն
հաւանութեամբ:
—Այո՛,
բայց
եւ
այնպէս…
—Ցաւերնիս
յայտնելու
ենք,
որ
բարեխնամ
կառավարութիւնը
իմանայ
եւ
հարցունէ
Վանայ
կուսակալին,
թէ
ի՞նչ
կ՚ընէ
ան
տեղը:
Եթէ
ասկից
առաջ
ունենայինք
խօսելու
հիմակուան
ազատութիւնը,
զոր
Սահմանադրութիւնը
շնորհեց
մեզի,
այս
հարստահարութիւնները
շատոնց
կը
վերնային:
—Այո՛,
բայց
եւ
այնպէս…
ի՞նչ
հարկ
կայ…
ըսէ՛
ինծի,
եթէ
Վանէն
չես
գար`
ի՞նչ
եղան
ուրեմն
ֆէսդ
ու
ոտքի
ամաններդ:
—Երէկ
իրիկուն
մեծ
ընկերութեան
մը
մէջ
վիսթ
խաղացի,
բարեկա՛մ:
—Հասկցայ,
ազնուական
չերքեզներու
հանդիպեր
ես:
—Այո՛,
մնաք
բարով:
—Երթաք
բարով,
չորեքշաբթի
կը
սպասեմ:
—Կու
գամ: