Խիկար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ա
ԽԻՂՃ ԵՒ ԳՈՒԹ

Խիղճ. Շատ ուրախ եմ զձեզ տեսնելուս վրայ, սիրելի քոյր իմ։ Երէկ ազդ պիտի ընէի ձեզ, որպէսզի այսօր բարեհաճէիք ինձ գալ եւ օգնել ելակի օշարակ եփելու համար։ Չունիմ անուշեղէն մը հիւրերուն հրամցնելու եւ այսօր անդիի աշխարհէն ստացայ գիր մ՚որ կը ծանուցանէ, թէ մեր դիւցազնուհի քոյրը, ճշմարտախօսութիւնն անօթութենէ մեռած է եւ քանի մ՚օրէն անօթութենէն դէպի մեզ կ'ուղեւորի։ Շաքարն ու ելակը պատրաստ են. կարծեմ մէկ մաս ելակին երկու մաս շաքար կը դրուի։

Գութ. Ճշմարտութիւնը ո՞ղջ էր…

Խիղճ. Կը շնչէր միայն խեղճը։ Պզտիկ կաթսայ մ՚ալ անկեղծութենէն փոխ առի, ածուխ ալ ունիմ…

Գութ. Անկեղծութի՞ւնն ալ հոս է։

Խիղճ. Անկեղծութիւնն շատուց ի վեր հոս կը բնակի։

Գութ. Միանանք ուրեմն, սիրելի քոյր իմ, խօսակցինք եւ մխիթարուինք իրարու հետ. բանանք միմեանց մեր սիրտերը, սփոփուինք որովհետեւ այս կեանքէս ալ գոհ չեմ ես եւ կ'ուզեմ անգամ մ՚ալ մեռնիլ։— Հոս ալ չգտայ ծանօթ մը, բարեկամ մը, հոս ալ ամէնքն ընդ ակամբ կը նային ինձի։ Ինչո՞ւ այսքան հակակրութիւն ազդեմ անոնց` որոց հետ կ՚ապրիմ։

Խիղճ. Կը սխալիք, սիրելի քոյր իմ, ամէնքը կը յարգեն ու կը պատուեն զձեզ, թէ՛ հոս եւ թէ՛ հոն։ Ամէնուրեք պատկառանօք կ'արտասանուի քու անունդ, ամէն սրահներու մէջ պատերը գուրգուրանօք կը կրեն քու պատկերդ։

Գութ. Ի՞մ պատկերս, բնաւ երբեք։ Ո՛չ կենդանագիրս հանել տուած ունիմ ես եւ ոչ լուսանկար պատկերս…

Խիղճ. Ի՞նչ են ուրեմն այն շրջանակուած պատկերներն, որոց տակ գութ գրուած է։

Գութ. Խայտառակութիւն։

Խիղճ. Ի՞նչ հարկ խայտառակութիւն կախել պատէն մեծ սրահներու մէջ։

Գութ. Ի՞նչ կ'ուզէիր, որ գտնուէր շատ մը մեծատանց սրահներու մէջ…

Խիղճ. Կը խնդրեմ, շատ առաջ կ'երթաք։

Գութ. Կ'աղաչեմ, շատ ետ մնացած եմ։ Ես ալ տեսած եմ երբեմն այդ պատկերներն, որոց դէմ բողոք բարձած եմ եւ բողոքս անլսելի մնացած է։ Այդ պատկերն` որոյ ստորեւ գութ գրուած է` կը ներկայացնէ կին մ՚որ եօթը սիրական ունի եւ մէկ ամուսին։

Խիղճ. Ի՞նչ կը լսեմ։

Գութ. Նոյնպէս կին մը իւր լուսանկար պատկերը հանել կու տայ Եւայի դարու տեքոլթէով եւ այդ պատկերին տակը գրել կու տայ Աստղիկ ։ Մեծատուններն կ'առնեն այդ պատկերներէն եւ իրենց ալպոմին առաջին երեսը կ'անցունեն։ Մրգավաճառ Աւրամին լուսանկարը կը հանեն, գլուխն երկու եղջիւր կը դնեն եւ պատկերին տակը կը գրեն Մովսէս Մարգարէ ։ Մեր ձկնորս Աբրահամը կը նստեցնեն ի խելս նաւակի` ուր կը մտցունեն նաեւ քանի մը թափառաշրջիկ եւ գինով թիավարներ, Աբրահամ մէջը դատարկ ուռկան մը կը քաշէ։ Լուսանկար մը այս դիրքով պատկեր մը կը հանէ եւ տակը կը գրէ Առաքեալներուն ձուկ բռնելը։ Թաղական խորհրդոյ անդամ մ՚որ խեղճ մարդիկը ծեծելով կամ ծեծել տալով միայն կը զբաղի, պատկերը քաշել կու տայ եւ տակը Արամազդ գրել կու տայ։ Ինչո՞ւ հեռուն երթանք, խոհարար Եօրկին լուսանկարը հանել կու տայ կարճ բայց ազդու սփածանելիով մը միայն, մէկ ձեռքը գաւաթ մը Կիպրոսի գինի եւ միւս ձեռքը կտոր մը վահանաձուկ բռնած եւ պատկերին տակը կը գրէ Մահ Սոկրատայ ։ Եւ պատկերը տեսնողները կ'ըսեն, խեղճ մարդ ։ Աւելի մի՛ խօսեցներ զիս, սիրելի քոյր իմ։ Ինչպէս կը տեսնես` մարդիկ կան, որ շողոքորթութենէ չկշտանալով` իրենք զիրենք աստուածացնել կ'ուզեն, մարդիկ ալ կան, որ շահու համար ուրիշները կ'անմահացնեն։ Գութ չէ ուրեմն պատկերն, զոր տեսած ես, այլ անբարոյականութիւն։ Անդիի աշխարհ չեմ գտնուիր ես, ոչ ալ իմ պատկերս։

Խիղճ. Եթէ օր մը յարութիւն առնէք` կը փափաքի՞ք անգամ մ՚ալ երթալ անդիի աշխարհ։

Գութ. Բնաւ երբեք, որովհետեւ շատ հալածուեցայ, տանջուեցայ եւ չարչարուեցայ հոն։

Խիղճ. Սիրտդ չվիրաւորուի, սիրելի քոյր իմ, ներէ ինձ, որ անաչառաբար խօսիմ քիչ մը։ Կարծեմ թէ շատ տուներ կործանած ես անդիի աշխարհին մէջ։ Սնանկացուցած ես այն սեղանաւորներն ու վաճառականներն, որոց քով ապրած ես։ Այնքան գթասիրտ ըրած ես զանոնք, որ միշտ օգնելով որբին, աղքատին, տնանկին, հեղինակներուն, լրագրապետներուն, գրագէտներուն, սովեալներուն, հրկիզեալներուն, աղքատ դպրոցներուն, թատրոններուն, հիւանդանոցներուն, կորուսած են իրենց դրամարկղին հաւասարակշռութիւնն եւ ինքեանք օգնութեան կարօտ մնացած են։

Գութ. Այո՛, այո՛, եւ ո՞վ կ՚ըսէ, թէ գութն զոհ չպահանջեր, զոհել միոյն հարստութիւնն հարիւրաւորներու երջանկութեան։

Խիղճ. Խօսքը մեր մէջ մնայ, քանի մը կանանց ալ անբարոյականութեան պատճառ եղած ես։ Յիսուն տարեկանէն վար կանանց սրտին մէջ գործ չունէիր դուն, ներէ՛ համարձակութեանս։

Գութ. Չեմ հասկնար ինչ ըսել կ'ուզես։ Բայg դուն ալ քու ծառայութիւններդ պատմէ։

Խիղճ. Ես խիստ քիչ ժամանակ մնացի անդիի աշխարհ, քանի մը անգամ միայն ուզեցի խօսքի մէջ մտնել. «Դու մեր գործին մի՛ խառնուիր» ըսին ինձ, ես ալ քաշուեցայ։ Տարակոյս չկայ, թէ բաւական տուներ ալ ես պիտի կործանէի, եթէ քեզի պէս զեղծում գործէի պաշտօնիս մէջ։ Տնտեսագիտութիւն գթոյ` ինչպէս նաեւ խղճի մէջ, սիրելի քոյր իմ, գթոյ եւ խղճի շռայլութիւնն վնասակար է։ Այժմ երթանք եփելու օշարակն եւ ուրիշ անգամուան թողունք մեր խօսակցութեան շարունակութիւնը։

Գութ. Շատ լաւ։ Երթանք։ Բայց ո՞վ է դա, որ մեզի կը մօտենայ։

Խիղճ. Քալէ՛, երթանք հիմա, օր մը քեզի կը ներկայացնեմ անոր։