Խիկար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԱՄԱՌՕՏԱԳՐՈՒԹԻՒՆՔ

Գլխուս վրայ — Ես քուկին սպասաւորդ չեմ ։

Ո՞ւր տեսնուինք վաղը — Կ ' ուզե՞ս հեռանալ եւ գլուխս չցաւցնել ։

Կբողոքեմ — Ա՛հ եթէ կարողանայի չարիք մ ' ընել քեզ ։

Սուրճ մը կ'առնէ՞ք — Գործ ունիմ, բաներնիդ գացէք ։

Չէք երեւար կոր — Պարտքդ ե՞րբ պիտի վճարես, աղա ։

Կխոստանամ — Բան մ ' ալ չեմ կրնար ընել ։

Կրնանք քիչ մը տեսնուիլ — Կրնա՞ք ինձի չորս հարիւր ոսկի տալ ։

Ի՞նչ է մեր հաշիւը — Այս օրերս չեմ կրնար քեզի ստակ տալ, քիչ մ ' ալ համբերէ ։

Աղան դուրս չելներ կոր — Հիւր ընդունելու ժամանակ չունինք ։

ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ

1 ֊ 6 Դեկտեմբեր

Քիչ մը հողմ, քիչ մը անձրեւ ։

Մեծ մարդու մը հովանաւորութեան ներքեւ պարահանդէս մը կտրուի։ Խմբագրին մէկը վարդապետ կձեռնադրուի, վարդապետ մ ' ալ կը պատժուի։ Փոխառութեան զրոյցք կը լսուին։ Գողեր կմտնեն տուները եւ մէկ մէկ քիչ բան վերցնելով կշատանան։ Ապրին ասանկ սակաւապէտ գողերը ։

7 ֊ 14 Դեկտեմբեր

Անձրեւ եւ ձիւն. տժգոհութեան պատճառ տալու չափ ցուրտ չկայ. լրագրի յարձակմանց մէջ քիչ մը պաղութիւն կայ ։

Հարուստի մը զաւակը երգիչ օրիորդի մը հետ կփախչի։ Երթան բարեաւ ։

Լեզուաքննութիւնն քայլ մ ' ալ առաջ կ ' երթայ ։

14 ֊ 21 Դեկտեմբեր

Բժիշկ ըլլալու ամիս ։

Քիթ մը չկայ, գլուխ մը չկայ, ակռայ մը չկայ, ականջ մը չկայ որ չցաւի. ի՛նչ խայտառակութիւն է աս. յանցանքն իրենցն է. զգուշանան թող. մինչեւ լոյս պարելու հետեւութիւնն է ։

Բժիշկներն ալ թող վաստկին. ողջ ըլլան որ մեռցնեն մեզի ։

22 ֊ 31 Դեկտեմբեր

Անձրեւախառն ձիւն ։

Հաշու է կշիռներ հանելու պատրաստութիւններ ։

Հարուստ մը չորս աղքատ աղջիկներ կը կարգէ հոգւոյն համար։ Պետական մարդու մը ճառէն կհասկցուի, թէ աշխարհիս խաղաղութիւնը անվրդով պիտի մնայ ։

Ամսոյս մէջ ծնող զաւակներէն մեծ բան չակնկալուիր ։

Մնանք բարով ։

Տեսնուինք 189 3 ֊ ին ։