Խիկար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՊՐԻԼ ՄԷԿ

Նախնիք Ապրիլին առաջին օրը զիրար խաբելու սովորութիւնն ունէին որովհետեւ ամէն օր զիրար խաբելու սկզբունքն ընդունուած չէր այն ատեն ուստի նոյն օրն միայն զիրար խաբելու կը զոհէին։ Նախնեաց այս սովորութիւնն ունինք նաեւ մենք թէպէտեւ անոնց բարի սովորութիւններն մէկդի թողած ենք ուստի Ապրիլին առաջին օրն մենք ալ զիրար խաբելու կ՚աշխատինք։

Գաբրիէլ աղան միտքը դրած էր այս տարի խաբել իւր սափրիչին։

Ապրիլին առաջին օրն կը ներկայանայ անոր.

—Բարեւ, Մարգար աղայ։

—Աստծու բարին, Գաբրիէլ աղայ։

—Ձեռքդ գործ ունի՞ս։

—Չունիմ, ի՞նչ կայ։

—Տիմոթէոս աղային տզրուկ փակցունելու պիտի երթաս։

—Շատ աղէկ։

—Հիմա գնա՛, կ'ուզես նէ, որովհետեւ կը սպասէ կոր։

—Հիմա կ'երթամ։

—Հարուստ մարդ է, նայէ որ քանի մը ղրուշ աւելի փրցունես։

—Շնորհակալ եմ։

—Ուրիշ սափրիչ մը պիտի ղրկէի, վերջը ըսի ինքնիրենս, որ թո՛ղ մեր Մարգար աղան վաստկի։

—Մեծապէս շնորհակալ եմ, շաբաթ մը կայ, որ մարդ ածիլած չունիմ։ Բարասըզութենէ ամէն մարդ մուրուք թող կու տայ կոր։

—Մնաք բարով։

Մարգար աղան իւր դիւցազն տզրուկներէն քսան հատ կ՚ընտրէ, սրուակի մը մէջ կը դնէ զանոնք, կը հագուի եւ Տիմոթէոս աղային տունը կ'երթայ։

Տիմոթէոս աղան արիւնոտ եւ գիրուկ մարդ մ՚է վաթսուն տարու։ Իւր եկամուտներովը կ'ապրի։ Գիշերներն ուշ կը պառկի, առաւօտներն ուշ կ'արթննայ։ Քաղաքական եւ ազգային գործոց մէջ չմտն է ր բնաւ։ Անհոգ մարդ մ՚է։ Առաւօտները քանի մը թուղթ սաղմոս կը կարդայ, յետոյ նարկիլէն կը խմէ եւ յետոյ ճաշ կ՚ընէ ու տնէն դուրս կ'ելլայ տամա խաղալու համար իրեն հասակակից մէկու մը հետ, զոր կը բարկացնէ խաղի մէջ, զուարճանալու համար։

Տիմոթէոս աղան անկողինէն նոր ելած, գիշերուան զգեստով պատուհանին առջեւ նստած իւր սաղմոսը կը կարդար, երբ Մարգար աղան` տզրուկի դիւցազնաց բանակն ծոցը ներս մտաւ սենեակէն։

—Բարեւ, Տիմոթէոս աղայ։

—Աստծու բարին, Մարգար աղայ։

—Ի՞նչպէս էք, աղէ՞կ էք։

—Սանկ, նանկ։

—Բազմոցի վրա՞յ նստելու սովորութիւն ունիք, չէ նէ աթոռի վրայ։

—Բազմոցի վրայ հանգիստ կ'ընեմ ես։

—Ինձի համար միեւնոյն բանն է, հա բազմոցի վրայ նստեր էք, հա՛ աթոռի վրայ, միայն թէ աթոռի վրայ աւելի հանգիստ կ'ընէք, աֆ կ'ընէք ամա ըսածիս, դուք ձեր քեյֆը նայեցէ՛ք, կամքը ձերն է։

Մարգար աղան Տիմոթէոս աղային կը մօտենայ, անոր գիշերազգեստն ու շապիկը վեր առնելու։

—Ի՞նչ կ'ընէ՛ք, Մարգար աղայ։

—Մեր պարտքն է։

—Թո՛ղ տուր շապիկս։

—Կ'աղաչեմ, թո՛ղ տուէք, ի՞նչ վնաս ունի, գործս ի՞նչ է։ Տէր ողորմեա։

—Ինչո՞ւ վեր կ'առնես շապիկս։

—Ճանըմ, շապիկի վրայէն կ'ըլլա՞յ։

—Թո՛ղ տուր, աղբար։

—Խպնելու բան չկայ ասոր մէջ, Տիմոթէոս աղայ, ամէն մարդու գլխէն անցած է, մարդս իւր առողջութեանը համար չնչին բաներու կարեւորութիւն տալու չէ։ Եթէ կ'ուզես անդիի սենեակը երթանք։

—Սա սենեակն ի՞նչ ունի։

—Ինչպէս կ'ուզէք նէ։ Պառկեցէք ուրեմն սանկ քովընտի, ձա՞խ թէ աջ թեւիդ վրայ պիտի պառկիս։

—Ինչո՞ւ պառկիմ, աղբա՛ր։

—Շատ լաւ, անանկ է նէ` աթոռս բերեմ։

—Միտքդ ի՞նչ է, աղբար։

—Միտքս չիյտե՞ս կոր, տզրուկ պիտի փակցնեմ։

—Ի՞նչ իրաւամբ։

—Իրաւունքի բան չկայ, դուն խաբար ղրկեր էիր։

—Ամենեւին։

—Գաբրիէլ աղան սուտ չպիտի խօսի եա։

—Ո՞ր Գաբրիէլ աղան։

—Մեր Գաբրիէլ աղան իշտէ։

—Բանդ գնա, աղբար, առտուանցով. քեզի խաբեր են ալոլ, այսօր Ապրիլին մէկն է։

Մարգար աղան կաս֊կարմիր կը կտրի, հազար ներողութիւն կը խնդրէ Տիմոթէոս աղայէն եւ կը դառնայ խանութն, ուր կը գտնէ Գաբրիէլ աղան, որ խնդալէն կը ճաթէր։

—Սանկ կատակ կ'ըլլա՞յ մի եա, կը հարցնէ Մարգար աղան, սրուակ մը տզրուկ ի ձեռին, եւ կը ղրկէ աշակերտն պատի օրացոյց մը գնելու։