ԿԱՐԾԻՔ
ՅԱՅՏՆԵԼՈՒ
ՀԱԶԱՐ
ՈՒ
ՄԷԿ
ԵՂԱՆԱԿ
ՁՕՆ
ԱՌ
ԱԶԳԱՅԻՆ
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆՍ
Ձեզ
կը
նուիրեմ
սոյն
յօդուածս,
ո
ազգային
երեսփոխանք,
եւ
յուսով
եմ,
թէ
սիրով
պիտի
բարեհաճիք
ընդունիլ
զայն,
որովհետեւ
տպագրութեան
ծախքն
ես
պիտի
հոգամ։
Կը
խնդրեմ
միայն,
որ
ուշադրութեամբ
ընթեռնուք
զայն
եւ
աշխատիք
օգուտ
քաղել
յօգուտ
այն
խնդրոց,
որ
ձեզ
կը
ներկայանան
լուծուելու
համար
կամ
չլուծուելու
համար։
Մտիկ
ըրէք
ուրեմն.
Ազգային
ժողովոյ
մէջ
յաճախ
տեղի
ունեցած
անհաճոյ
ակնարկութիւններն
եւ
դժուարամարս
ճառերն,
զորս
տեարք
երեսփոխանք
կը
փոխանակեն
իրարու
հետ`
մասնաւոր
խորհրդածութեանս
առարկայ
ընելով,
սա
եզրակացութեան
հասայ,
թէ
երեսփոխան
մը
իւր
կարծիքն
յայտնելու
համար
նախ
նկատողութեան
կ՚առնէ
դրամական
վիճակն
այն
երեսփոխանին,
որուն
պիտի
պատասխանէ
եւ
յետոյ
անոր
դրամական
վիճակին
յարմար
եղանակ
մը
կը
գտնէ
իւր
կարծիքն
յայտնելու։
Օրինակ
մը
տամ
եթէ
չէք
ձանձրանար։
Անծանօթ
երեսփոխանն
ես
եմ։
Ենթադրենք`
թէ
տէր
երեսփոխան
մ՚որ
հարիւր
հազար
ոսկի
ունի
յատենի
ընդհանուր
ժողովոյ
կը
պնդէ
օր
մը,
թէ
շաքարը
սեւ
է։
—Այո՛,
կը
պատասխանեմ,
մանաւանդ
թէ
շատ
սեւ
է,
մինչդեռ
տգէտներն
այն
հաւատքն
ունին,
թէ
ճերմակ
է։
Երեսփոխան
մ՚որ
իննսուն
հազար
ոսկի
ունի,
շաքարին
սեւութիւնը
կը
փաստաբանէ
նոյնպէս։
Կը
պատասխանեմ.
—Իրաւունք
ունիք,
ինչ
որ
կ'ըսէք`
յայտնի
է
արեւու
պէս։
Ութսուն
հազար
ոսկի
ունեցող
երեսփոխան
մ՚ալ
օր
մը
կը
փափաքի,
որ
շաքարը
սեւ
ըլլայ։
Կը
պատասխանեմ.
—Համակարծիք
եմ
ձեզի,
քուէի
դրէք
խնդիրը։
Եօթանասուն
հազար
ոսկւոյ
տէր
երեսփոխան
մ՚ալ
կ՚որոշէ
ինքնիրեն,
թէ
սեւ
է
շաքարը։
Կը
պատասխանեմ.
—Կ'երեւի
թէ
բաւական
իմաստասիրած
էք
շաքարը։
Վաթսուն
հազար
ոսկի
պարունակող
դրամարկղի
տէր
երեսփոխան
մ՚ալ
կը
հաւատայ,
թէ
սեւ
է
շաքարը։
Կը
պատասխանեմ.
—Հաւատք
քո
կեցուցին
զքեզ։
Յիսուն
հազար
ունեցողն
ինչո՞ւ
իւր
քուէն
չտայ
ի
նպաստ
սեւութեան
շաքարի։
Անոր
ալ
կը
պատասխանեմ.
—Մասնաւոր
ուսո՞ւմ
ըրած
էք
գոյներու
վրայ։
Յիսուն
հազար
ոսկի
հարստութիւն
ունեցողն
ալ
օր
մը
կը
հաճի
պնդել
շաքարին
սեւութիւնը։
Կը
պատասխանեմ.
—Կարծեմ
թէ
շաքարը
սանկ
քիչ
մը
ճերմակութիւն
ունի։
—Ամենեւին
չունի,
ամենեւին։
—Աննշմարելի
ճերմակութիւն
մը։
—Սխալ
է,
կատարեալ
սեւ
է։
—Աչքերս
խաբած
են
զիս
ուրեմն,
ներեցէ՛ք։
Քառասուն
հազար
ոսկինոցն
երկար
ատենաբանութեամբ
մը
կը
ճառէ
շաքարին
սեւութեանը
վրայ։
Կը
պատասխանեմ.
—Ձեզի
համակարծիք
չեմ
այս
մասին.
շաքարն
աւելի
ճերմակին
մօտ
է
քան
սեւին։
—Կը
սխալիք,
չարաչար
կը
սխալիք։
—Կարելի
է։
Երեսուն
հազարանոցն
կը
սկսի
փաստաբանել
շաքարին
սեւութիւնը։
Կը
պատասխանեմ.
Հակակարծիք
եմ
ձեզի,
էֆենտի,
շաքարը
սեւ
չէ։
—Սեւ
է։
—Ո՛չ։
—Կարծիքներն
ազատ
են։
Քսան
հազարանոցի
հետ
դէմ
առ
դէմ
կու
գամ։
—Շաքարը
սեւ
է։
—Կը
սխալիք,
էֆենտիս,
շաքարը
ճերմակ
է։
—Սեւ
է։
—Ճերմակ
է։
—Սեւ
է։
—Ճերմակ
է։
Տասը
հազարանոցը
կը
յաջորդէ
քսան
հազարանոցին։
—Ի՞նչ
կարծիք
ունիք
շաքարին
գոյնին
վրայ։
—Ատ
ալ
հարցնելու
բա՞ն
է,
ճերմակ
է։
—Ոչ,
սեւ
է։
—Հրամանքդ
գնա,
ինքզինքդ
կարդալ
տուր
քիչ
մը։
Հազարանոցը
կու
գայ։
—Սա
շաքարին
գոյնն
ի՛նչ
աղուոր
սեւ
է։
—Շաքարը
սե՞ւ
է
մի,
խենթեցա՞ր,
ի՞նչ
եղար։
—Ինչո՞ւ
խենթենամ։
—Գնա՛
սըկից,
աղբա՜ր,
գնա՛,
դուն
բնաւ
գաղափար
չունիս
գոյներու
վրայ,
ամօթ
է,
ամօթ։
—Ե՞ս
չունիմ։
—Այո՛։
—Դուն
տգէտ
ես։
—Տգէտը
դուն
ես,
քու
տեղդ
ըլլամ
նէ`
կ'ամչնամ
խօսելու։
Հարիւր
ոսկինոցը
կը
ներկայանայ։
—Շաքարն
ինչո՞ւ
սեւ
է։
—Պատւոյս
չեմ
ձգեր
քեզի
պատասխանելու։
Դասատու
մ՚եւս
կը
պնդէ
ինչ
որ
պնդած
են
առաջիններն։
Կը
պատասխանեմ.
—Տղայ
ես
դուն,
նախակրթարան
գնա՛։
Խեղճ
խմբագիր
մ՚ալ
օր
մը
պատիւ
կ'ունենայ
նոյնը
պնդելու։
Կը
պատասխանեմ.
—Անպիտա՛ն,
ջնջո՛ց,
մուրացկա՛ն,
գնա՛
գրաշարութիւն
ընելու։
Երկու
ոսկի
ունեցող
երեսփոխան
մ՚ալ
միւսներուն
պէս
կը
պնդէ։
Կը
պատասխանեմ.
—Ո՜ւհ,
աւանակ։
Փող
մը
չունեցող
երեսփոխան
մ՚ալ
կը
յանդգնի
նոյնը
պնդել։
Կը
պատասխանեմ.
—Ձեզի
պէսներն
են,
որ
ժողովոյս
վարկը
կոտրեցին։
Եւ
փայտ
մ՚առնելով
ուզածիս
պէս
կը
ծեծեմ։
Դուք
ալ
այսպէս
չէ՞ք
վարուիր,
տեարք
իմ
երեսփոխանք։
Ինչո՞ւ,
տեարք
իմ
երեսփոխանք
ոմանք,
ոսկի
կը
պահանջէք
հոն
ուր
դատողութիւն
պէտք
է։
Ինչո՞ւ
չէք
հանդուրժեր,
որ
դասատուներն
եւ
խմբագիրներն
ձեզմէ
աղէկ
խորհին
եւ
խօսին։
Ի՞նչ
կ'ըլլայ,
եթէ
ձեզմէ
քիչ
մ՚աւելի
խելացի
ըլլան,
ձեզմէ
շատ
աւելի
ուսումնասիրած
ըլլան
ազգային
կեանքը։
Ինչո՞ւ
չէք
պատասխաներ
անոնց
այն
եղանակաւ,
որով
կը
խօսիք
մեծատուն
երեսփոխանաց
հետ։
Որպէսզի
կարծեաց
ազատութիւնն
յարգուի`
տասն
ոսկիէն
աւելի
ստակ
ունեցող
ազգայիններն
երեսփոխանութենէ
զրկելու
դրութի՞ւնն
ընդունինք,
թէ
բոլոր
երեսփոխաններն
ազգային
ժողովոյ
մէջ
դիմակով
մտնելու
կանոնն
հաստատենք,
եթէ
հաստատուած
չէ
արդէն…
Աշխատեցէք,
այսուհետեւ
գործն
քննել
եւ
ո՛չ
գործաւորն։
Պատշաճից
օրինաց
համաձայն
խօսեցէ՛ք
իրարու
հետ
եւ
ունայն
վէճերով
ժամավաճառ
մի՛
լինիք։
Այս
է
Խիկարին
փափաքը։