Խիկար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԽԻԿԱՐՆ ԿՐՕՆԱՒՈՐ

—Վերջապէս, հայր Խիկար, ըսածդ կատարեցիր ու կրօնաւոր եղար:

—Ի՞նչ ընէի, ուրիշ ճամբայ չկար. ինձի սըկէ սուրճ մը ապսպրէ :

—Շատ աղէկ, ի՞նչպէս էք, նայինք:

—Փառք Աստուծոյ, սա ծխախոտդ տուր:

—Հրամմեցէ՛ք, ազգային ի՞նչ լուր ունիս նայինք:

—Ի՞նչուս պէտք իմին ազգային լուր, սա կրակը տո՛ւր:

—Հրամմեցէ՛ք, հա՛յր, ի՞նչպէս ժամանակ կ՚անցունէք կոր, նայինք:

—Ի՞նչպէս պիտի ըլլայ, վարդապետ մը ի՞նչպէս կեանք կրնայ անցունել, ծանօթներուս տունը կ՚երթամ, կերակուրս բարեկամներուս տունը կ՚ուտեմ, ցերեկները կը քնանամ, գիշերները կը քնանամ… սա տեղ ճաշարան կայ նէ` ինձի կերակուր ապսպրէիք:

—Գլխուս վրայ. տղա՛յ, գնա՛ վարպետին ըսէ, որ վարդապետին կերա­կուր բերէ: Թաղին վարժարանը ի՞նչպէս կ՚երթայ կոր:

—Իրաւ որ հարցուցած չունիմ, հարցունելու ժամանակ ալ չունիմ: Սա ծխախոտդ տայիր… սա անցնողները ո՞վ են:

—Չեմ ճանչնար:

—Շնորհալի ընտանիքի մը կը նմանին կոր, տղան ալ ի՛նչ սիրուն է:

—Հրամմեցէ՛ք, հա՛յր, կերակուրը բերի:

—Ծօ տղա՛յ, աս խորովածին քանի՞ ղուրուշ կ՚առնէք:

—Չորս ղուրուշ, հա՛յր:

—Գնա՛, թշուառական, վարդապետներուն համար չէ ա՛, ես ստակ մը չեմ տար, վաղը հայրդ մեռնելու ըլլայ նէ` կը թաղեմ, ես ալ ան ատեն ստակ չեմ ուզեր:

—Ի՞նչ կ՚ըսէք, վարդապե՛տ:

—Գործդ գնա՛, ես գիտեմ ըսածս, սըկէ շիշ մը գինի բեր:

—Շատ աղէկ, կը բերեմ:

—Հայր Խիկար, չըսէ՞ք, ազգային գործերուն վրայօք ի՞նչ կարծիք ունիք:

—Մոռցանք ըսելու տղուն, որ քիչ մը բիլաւ բերէ:

—Կ՚ըսենք. ազգային գործերն ի՞նչպէս կ՚երթան կոր:

—Բիլաւն ալ ցերեկ ատեն ծանր չնստիր մի եա՜. մաքարոնին աւելի աղէկ է կարծեմ. բժիշկներն ալ խրատ կու տան, որ մաքարոնի ուտենք:

—Ուզածդ բերել կու տանք: Երեսփոխանական ժողովին կ՚երթա՞ք երբեմն:

—Ծօ տղա՛յ, լաքերթայով գինին ի՛նչ աղուոր կ՚երթայ կոր, գիտե՞ս, անց­եալ գիշեր Հայիմէն առի կէս օխայ, սակայն պատուական բան էր:

—Այո՛, աղէկ կ՚ուտուի. Կրօն. ժողովն ի՞նչ ջուրի վրայ է:

—Սակայն հետը քիչ մ՚ալ սոխ ըլլալու է:

—Եկայ, հա՛յր, ուրիշ բան մ՚ալ կ՚ուզէ՞ք։

—Էհ, քիչ մը էքմէք քատայիֆի ըլլայ նէ` գէշ չըլլար:

—Հիմա կը բերեմ, վարդապետ:

—Իզմիրի խնդիրը ի՞նչ եղաւ, հայր Խիկար:

—Նոր վերարկու մը կ՚ուզեմ կոր շինել տալ, սա խանը բարեկամներ ունիմ, երթամ նայիմ խումաշը ձրի կրնա՞մ փրցունել:

—Հայաստանի մէջ հարստահարութիւններ կ՚ըլլան կոր եղեր:

—Խումաշը ձրի առնեմ նէ` կարողչէքը մեծ բան մը չէ:

—Լսեցի, որ վարդապետները Պոլիսէն պիտի հանեն ու վանքերը պիտի ղրկեն եղեր:

—Ւ՞նչ ըսիր, վարդապետները Պոլիսէն պիտի հանեն վանքերը մի պիտի ղրկեն, ըլլալո՞ւ բան է աս, մեր ազգին մէջ տակաւին վարդապետներու ար­ժէքը ճանչցուած չէ եւ ասոր համար է, որ ազգերնիս ետ ետ կ՚երթայ կոր… խեղճ վարդապետները վանքերը երթան ի՞նչ ընեն… ո՞վ է աս որոշումը տուողը… ո՞ր ժողովքին մէջ խօսքը անցեր է:

—Իրաւ որ չգիտեմ:

—Անանկ է նէ` սա կերակուրս ուտեմ ու վազելով պատրիարքարան իջ­նամ սա լուրը ստուգեմ, ասանկ բան մը իրաւ կայ նէ` վարդապետութիւնը լմնցաւ: Մնաք բարով, մնաք բարո՛վ, կու գամ, Տէր ընդ ձեզ:

—Ե՞րբ կու գաք նորէն, հայր:

—Գալ շաբթու: