Խիկար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄԵՐ ԽԻԿԱՐՆ ԱԼ ԱԼԱՖՐԱՆԿԱ է ԵՂԵՐ

—Պոնժուր, պոնժուր, մոնսիո, քոմա՞ն թալէ վու, քոմա՞ն վա լա սանթէ:

—Աստծու բարին: Ատ ի՞նչ կերպարանք է, Խիկար, ակնոց, պասթոն, ալաֆրանկա ես եղեր:

—էյէ լոնէոր տը բարլէ ան ֆրանսէ, մոնսիո, ան ֆրանսէ, ան ֆրանսէ, քոմբրընէ՞ վու, օ՜հ, լը ֆրանսէ, օ՜հ, լա ֆրանսէզ:

—Խենդեցա՞ր, ի՞նչ եղար, Խիկար:

—Ժը նը վու քոմբրան, մուշու, մը քոմբրընէ՞ վու4:

—Բայց հայերէն խօսէ, որ հասկնամ:

—Ես ա՛լ ալաֆրանկա եղայ, հա՛, հասկցա՞ր, եւ ալաֆրանկա ըլլողի մը համար հայերէն լեզուն քիչ կու գայ: Իլ ֆո բարլէ ան ֆրանսէ, մոն շեր, ահ, մոն շեր, թիեն, մոն շեր, տոնէ մուա տեօ մեճիտիէ, մոն շեր: Նայէ, ի՛նչ անու­շութիւն կայ արտասանութեան մէջ:

—Հայերէնին մէջ չկա՞յ այդ անուշութիւնը:

—Չկայ, հապա, օրինակի համար, ինձի երկու մեճիտիէ տուր:

—Վրաս չունիմ:

—Չէ՛, այսինքն` օրինակի համար, ինձի երկու մեճիտիէ տուր ըսես նէ` հայերէնին մէջ պաղ կու գայ կոր, թանտիս քան ֆրանսէ տոնէ մուա տեօ մեճիտիէ, կարծես որ անուշութիւն մը կայ:

—Միտքդ ի՞նչ է, երկու մեճիտիէ՞ կ՚ուզես:

—Չէ:

—Ի՞նչ գիտնամ հապա. մոն շեր, թիեն մոն շեր, ահ, մոն շեր, տոնէ մուա տեօ մեճիտիէ, մոն շեր կ՚ըսես նէ…

—Ալաֆրանկա եղողները այդ խօսքերը շատ կը գործածեն տէ, ես ալ իբրեւ օրինակ գործածեցի:

—Ըսել է որ այս ալաֆրանկա երիտասարդները դէմերնուն ելնողէն ստակ կ՚ուզեն կոր:

—Կ՚ուզեն կոր, հապա, ալաֆրանկա ըլլալէն ետքը ինչո՞ւ չուզեն, ալաֆրանկայի մէջ ստակ առնելն ու չտալն ամօթ չեն սեպեր կոր. բայց հայերէն լեզուով ուզես նէ` չեն տար կոր, որովհետեւ հայերէն խօսիլը մեծ ամօթ կը սեպեն կոր: Անցեալ օր ազնուական ըսուած ընտանիքներուն մէկուն մէջ կը գտնուէի: Տասնի չափ երիտասարդներ եւ երիտասարդուհիներ նստած իրարու հետ ֆրանսերէն կը խօսէին կոր, ես ալ խօսակցութեան խառնուելու համար երկու խօսք ըրի հայերէն, ասոր վրայ ամէնքն իրարու ըսել սկսան. ահ, մոն շեր, ահ, մա շեր, սէթ էոն սովաժ, սեթ էոն կրանթ անիմալ: Հարցուցի որ ի՞նչ կը խօսիք կոր ինձի համար, օրիորդներէն մէկը կարմրելով ըսաւ՝ թէ կ՚ըսեն կոր որ դուն շատ քաղաքավար եւ ազնիւ մարդ մ՚ես: Այս խօսքին վրայ կրակոտ երիտասարդին մէկը ոտք ելլալով ըսաւ. մոն շեր, պեն էֆքեար սերպեսթլիյինի սեւերիմ, պիր ինսան սերպեսթ տիւշինմելի վէ սեյլեմելի, շու ճիհեթլէ Խիկար էշէք ատամ տըր, սիւիլիզասիոնտան պէ խապար, բրոկրետեն պիպեհրէ էոքիւզ միսալի պիր մախլուդ տըր քի արապայա գոշմագտան պաշգա պիր շեյէ եարամազ։

Ճեսարեթիմէ աֆվ էտինիզ, Խիկա՛ր, պեն տողրույու սեօյլեր պիր ատա­մըմ, պունտան մատէ, պիր խասթալըղը կիզլի թութարսաք իլաճընը պուլա­մայըզ, պունուն իչին սենին հալին սենտեն սագլարսաք օ հալտէ գալըրսըն, էվվեթ. սեն պիր աւանակ սըն, լաքին րիճա իտերիմ, կիւճենմեյին, էվիմիզէ կելմիշսին սանա րայեթ իթմէք պորճումուզ տուր, նասըլ քի րայեթտէ գուսուր էթմեյորուզ զաննըմ, պիզ միսաֆիր սեւեր ատամլարըզ, շու հալտէ սեն թեր­պիյեսիզ, ահմագ, եապանի, տիւնեատան պէ խապար պիր մախլուքսուն, լա­քին բարտոն, կիւճենմեյին, տերտ սեյլենմետիքճէ տերման պուլունմազ. պեն սենի սեւտիյիմտեն սեյլեյորում, պու ճիւմլէ րայեթիտէ էլտեն պրագմայորում, էվեթ, ատամ սըրասընա կեչմեք իսթերսեն, պու քըյաֆեթինի տեյիշիպ, սեթրի բանթալոն կիյիպ, կեօզլիւք, պասթոն քուլլանմալըսըն, էրմենիճէ լաքըրտը ասլա էթմեմելիսին, իշտէ օ վագըթ ֆամիլեալար իչինէ կիրերսին, մատմազել­լերիլեն քոնուշուպ կիւլեր օյնարսըն, կեզերսին, կիտերսին, կելիրսին։

Ասոր պէս խել մը խօսքեր ալ ըսաւ, բայց ողջ ըլլայ, միշտ ներումն խնդրելով ըսաւ եւ պէտք եղած յարգանքներն ալ ըրաւ: Ես ալ հետեւեալ առ­տուն շիտակ պիթ բազար գացի, միւս հագուստներս ծախեցի եւ ասոնք առի: Դուն իմին տեղս ըլլայիր նէ` ալաֆրանկա չէ՞իր ըլլար, մոն շեր, թիեն, մոն շեր, ահ, մոն շեր, տոնէ մուա տեօ մեճիտիէ, մոն շեր:

—Այնչափ անվայել խօսքեր ըրին նէ` չբարկացա՞ր:

—Բարկանալու ժամանակ չեն տար կոր որ, աւանակ ըսելնուն պէս` ետեւէն ներումն կը խնդրենք, կ՚ըսեն կոր, ե՞րբ բարկանամ: Ալաֆրանկան սա
աղէկութիւնն ալ ունի, որ դիմացինիդ ուզածիդ չափ կը հայհոյես կոր ու ներեցէք ըսելուդ պէս` դիմացինիդ ալ յօշը կու գայ կոր, բերանը չը բանար կոր: Մեր մէջ ըլլայ նէ` ան անոր կը զարնէ, ան անոր կոկորդը կը սխմէ ու կռիւ կ՚ելլայ. ալ այսչափ առաւելութիւն տեսնելէն ետքը ինչո՞ւ ալաթուրքային պո­չը բռնեմ երթամ:

—Ալաֆրանկա ըլլալու համար նախ ի՞նչ պէտք է:

—Նախ պէտք է հայերէն չխօսիլ, հայերէն խօսողներէն հեռու փախչիլ:

—Ի՞նչ լեզու գործածելու է:

—Ֆրանսերէն, տաճկերէն, յունարէն, հրէաերէն, չինկեաներէն. հայերէն չըլլայ տէ` ինչ ըլլայ նէ` ըլլայ: Երկրորդ` պէտք է քիչ մը թեթեւ ըլլալ, իգական սեռէն հեռու չփախչիլ, կարելի եղածին չափ տիկիններն ու օրիորդները յար­գել. անոնց առջեւ կապիկի պէս ցատկռտել, կոտրել, կոտըրտուիլ։ Երրորդ` ծանր չըլլալ: Չորրորդ` ասկից անկից ստակ ուզել, մանիքեթ առնել, ակնոց առնել:

—Դուն մէկէ մը ստակ ուզեցի՞ր:

—Ալաֆրանկա ըլլալէս ի վեր տասը մեճիտիէ տուի անոր ասոր։

—Դուն ալ չուզե՞ս:

—Ես աղէկ մը չկրցի վարժուիլ տէ, դժուար կու գայ կոր: Հինգերորդ` պէտք է որ ամէն առտու բուտրա քսես երեսդ, ասոնք չընես ալ նէ` կ՚ըլլայ, բայց թեթեւութիւնը անպատճառ ընելու ես: Մոռցայ ըսելու, որ անունդ ալ ֆրանսերէն պիտի դնես. Գէորգ ես նէ` Ժորժ պիտի ըլլաս, Կարապետ ես նէ` Շարլ կամ Քարլո: Ահաւասիկ այսչափ է: Վուալայ, մոն շեր, ահ, մոն շեր, թիեն, մոն շեր, թիեն, մոն շեր, տոնէ մուա աեօ մեճիտիէ, մոն շեր: Ի՞նչպէս, աղէկ կ՚ընե՞մ կոր:

—Գէշ չէ:

—Եկուր քիչ մ՚ալ բոլքա խաղանք քեզի հետ:

—Գրասենեակին մէջ բոլքա կը խաղցուի՞, բա՛նդ գնա, ձեռագիր գրեմ պիտի:

—Եկուր խաղանք, եկո՛ւր, չէ նէ` օտապաշին կամ ուրիշ մէկը գտիր, որ խաղամ, որովհետեւ այս գիշեր սուարէ տանսանթ մը կայ, ես ալ հրաւիրուած եմ, բոլքա պիտի խաղամ, քիչ մը վարժութիւն պէտք է:

—Ի՞նչ վարժութիւն պիտի ընես:

—Սա վարժութիւնը պիտի ընեմ, որ տամային ձեռքը ի՞նչպէս սխ­մելու է, որ ուրիշները չտեսնան:

—Խիկա՛ր, դուն ալաֆրանկային վնասակար կողմերը սորվեր ես:

—Հիմակուան գործածուածը սորվեցայ: Ահ, մոն շեր, թիեն մոն շեր, տոնէ մուա տեօ մեճիտիէ, մոն շեր: Ատիէո, մոն շեր, ժը վու սալյու, մոն շեր, ժը լոնէոր տը վու սալյուէ, մոն շեր, վու զաւէ լոնէոր տը վու զեթրը սալիւէ, մոն շեր, ահ, մոն շեր, տոնէ մուա տեօ մեճիտիէ, մոն շեր, ասոնք են ահա հիմակուան գործածուած ալաֆրանկա խօսքերը:

—Աստուած շնորհք տա յ:

—Մեր երիտասարդներուն: