Խիկար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԵՐԳԵՑԷ՛Ք

Շատ երգեցէք ։ Բժշկական խմբի մը նորերս ըրած քննութիւնները ցուցին, որ երգելն առողջութեան շատ օգտակար է 222 երգչաց` 9֊53 տարեկան, կուրծքը քննութեան ենթարկուեցաւ, եւ տեսնուեցաւ, որ երգչաց կուրծքն համեմատութեամբ չերգողներուն՝ շատ լայն կ'ըլլայ եւ երգչին հասակին հետ աճումը կը մեծնայ։ Ասով երգչաց կուրծքն աւելի ամուր կ'ըլլայ եւ թոքն առողջագոյն, եւ ասոնք ալ երգչին հասակին հետ կ՚աճին։ Երգելն միմիակ առաջարգել դեղն է թոքախտի, միմիակ միջոց կրծոց աճման եւ զօրանալուն. եւ այս կողմանէ մարմնամարզութենէ լաւագոյն է։

Հանդէս ամսօրեայ

Չար մարդիկ երգ չունին, ըսած է բանաստեղծը. երգեցող մարդիկ թոքախտ չունին, կ՚ըսէ այսօր բժիշկը։ Գիտութիւնն եւ բանաստեղծութիւնը կը միաբանին ուրեմն երգելու մէջ։ Երիտասարդն իւր սէրը երգելու ատեն թոքախտի ենթարկուելու երկիւղէն կ'ազատի, թոքախտի տրամադիր օրիորդն առաւօտուն պատուհանին առջեւ նստած` սիրականին անցնիլը տեսնելուն պէս Այս իրիկուն թատրոնը տեսնուինք կ՚երգէ։

Կը փափաքէի Խիկարի յօդուածներն ալ մէյ֊մէկ եղանակով հրատարակել, որպէսզի ընթերցողներս եւ ընթերցողուհիներս երգէին զանոնք փոխանակ ընթեռնելու եւ ամրացնէին իրենց կուրծքը։

Փափաքելի էր նաեւ, որ խօսիլը` որ շատ անգամ թոքին կը վնասէ, բոլորովին վերնար եւ մեր միտքը հասկցնելու համար երգելու սովորութիւնը հաստատուէր։ Երգելը խօսելէն աւելի համակրութիւն կը վայելէ։ «Հայհոյէ՛, բայց եղանակով հայհոյէ՛» կ՚ըսէ առածը։ Ամէն յանցանք ներելի է քնարին։ Օրինակի համար, ի՜նչ քաղցր է տեսնել հաւաքիչ մ՚որ առաւօտուն վաճառատունդ կը ներկայանայ, մէկ ձեռքն սրտին վրայ դնելով եւ միւսը վեր բարձրացնելով կը սկսի ներդաշնակ եղանակով մ՚երգել եւ ըսել.

—Փոխանակագրին պայմանաժամը երէկ լրացաւ, եթէ այսօր չվճարէք, բողոք պիտի բառնամ։

Դուն ալ գրասեղանիդ առջեւ կը կանգնիս եւ թեւերդ տարածելով դէպի հաւաքիչը կը դառնաս, եւ քաղցր բայց ցած ձայնով կը սկսիս երգել.

Իրիկուան դէմ ։

Հաւաքիչը կը բարկանայ եւ նախատական եղանակաւ մը.

Ես քու սպասաւորդ չեմ։

Այս եղանակին վրայ կը սրտմտիս եւ եղանակը փոխելով կ'երգես. Ա…վա… նա ա ակ, ամէն վանկին մէյ֊մէկ աստիճան իջնալով, այսինքն ֆա մի րէ է է է է… ( diminuendo Հաւաքիչը զարմացմամբ`

—Ա…վա…նա՜կ… ( mezzoforte ) եւ մէյ֊մէկ աստիճան բարձրանալով, այսինքն լա… սի… տո…

(Ձայնագրութենէն շատ չեմ հասկնար, բայց կ'երեւակայեմ, թէ ձայնին աստիճանաբար բարձրացումն զարմացական նշանը պէտք է ըլլայ ձայնագրութեան)։

Հաւաքիչը. Այս…սոլ…խօսքը սի տո ո՞ոոո քեզի լա, րէ… չը վայլեց…տո ֆա մի…չը վայլեց…մի…ֆա…տո՜…չվայլեց… տո մի ֆա…չվայլեց…ֆա մի տո… չվայլեեեեեեեեե՜ց. եւ այլն, եւ այլն, եւ այլն. լա սի…տոոոոոոոոոոոո՜… շարունակութիւնը յաջորդ թերթով։

(Ա՜հ, սիրելի Շիլլերս, իրաւ է որ չար մարդիկ երգ չունին, բայց բարի մարդիկ ալ բան մը չունին)։

Վաճառականը. Շատ տո, էր, սի, կըն, լա, ցու, սոլ, ցիր, ֆա ։

Հաւաքիչը. Ա, սի յո՛, տո ։

Վաճառականը. Ժամէ մը եկուր, ֆա ֆա ֆա ֆա ։

Հաւաքիչը. Շատ լաւ, լա լա ։

Վաճառականը. Երթաք բարով ( presto

Հաւաքիչը. Խոնարհ յարգանքներս (tempo comodo). գոհ կը մեկնի հաւաքիչն եւ վաճառականն ալ վիրաւորուած չէ. մինչդեռ առանց եղանակի եթէ այդ ծանր բառը գործածուէր, իրարու գլուխ կը պատռէին։ Այսպէս վաճառականն ու հաւաքիչը փոխանակագրի խնդիրը կը կարգադրեն եւ թոքախտին ալ ճամբան կը կտրեն։

Հարուստները միջին դասու վաճառականներէն որոշելու համար կրնան, եթէ ուզեն, դաշնակ մ՚ունենալ իրենց վաճառատունն եւ դաշնակ զարնելով երգել։ Դաշնակահարութիւն չգիտցողները կրնան դաշնակահար մը վարձել։

Միայն կը խորհիմ, թէ ամէն մարդ եթէ երգել սկսի` ի՞նչպէս պիտի կրնանք անցնիլ ոսկերիչներու շուկայէն, Ղալաթիայէն, կամուրջէն. ի՞նչպէս պիտի կրնանք լսելի ընել զմեզ։

Կը մտմտամ նաեւ, թէ այսչափ երգեցողներուն մէջ պարող չպիտի՞ գտնուի բնաւ։ Պարն ալ չի՞ կրնար ստամոքսի տկարութիւնն արգիլել, եթէ ուժ տանք իրեն։ Ինչ որ ըլլայ, երգելու կողմն եմ ես, որովհետեւ երգը շատ անպատեհութեանց առաջքն առնելու յարմարութիւն ունի։ Երգելով ամէն մարդ պիտի ստիպուի լուսոյ մէջ գործել, ամէն մարդ պիտի ստիպուի բարի ըլլալ եւ այս ամէն բարութեանց վրայ թոքախտի գլխուն ալ փորձանք պիտի ըլլայ։

Երգենք, երգե՛նք։