Խիկար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԿԱՐԵՒՈՐ ԳՈՐԾԻՔՆԵՐՈՒ ՊԱԿԱՍՈՒԹԻՒՆԸ

Լրագրաց մէջ կը կարդանք, թէ ազգային բժիշկ մը` չեմ գիտեր որո՞ւ դեղարանին մէջ յաջողութեամբ կը լուայ եւ կը մաքրէ եղեր իրեն դիմողներուն ստամոքսը։

Աւելորդ է ըսել, թէ ի՛նչ օգտակար ծառայութիւն մը կը մատուցանէ այս գործիքն մահկանացուաց։

Աւելորդ չէ սակայն ըսել, թէ որքան գործիքներ կը պակսին դեռ, գործիքներ, որ օգտակարագոյն ծառայութիւններ կրնային մատուցանել հայ մահկանացուած, եթէ ունինք դեռ հայ մահկանացուներ, եթէ դեռ չանմահացան անոնք։

Օրինակի համար. գործիք մը այսինչ յօդուածագրին սիրտը լուալու համար գործիք մը այնինչ խմբագրին միտքը լուալու համար. գործիք մը ազգային առկախ մնացած հաշիւները լուալու եւ մաքրելու համար. գործիք մ՚Երուսաղէմի վանքը լուալու եւ անոր պարտքը մաքրելու համար. գործիք մը մաքրելու համար ազգայինս ոմանս այն արատէն, զոր քսած են ինքեանք իրենց վրայ, ընդունելով գովեստներ, որոնց բնաւ արժանի չէին, գործիք մը մաքրելու համար ընդհ. ժողովն այն երեսփոխաններէն, որ կը հոտեցնեն ատեանը, գործիք մը… բայց այս գործիքներուն վերջը չգար, մաքրուելու եւ լուացուելու կարօտ ազգայնոց թիւն այնքան ստուար է, որ եթէ գործարան մը մեզի համար միայն աշխատէր՝ քանի մը տարուան մէջ միլիոնատէր կ'ըլլար։

Սպասելով, որ այն գործարանն հաստատուի, կ'աղաչենք այդ բժշկին, որ առ այժմ գոնէ սա Մշակին բերանը քիչ մը մաքրէ։

Հ. Գ. Հաստատուելու վրայ է, թէ բերանի ապականութիւնն ստամոքսի պարապութենէն յառաջ կու գայ։