Խիկար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱԶԳ[ԱՅԻՆ] ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ

—Խիկա՛ր, ուրբաթ օրը ընդհ. ժողովին պիտի երթա՞ս:

—Չէ՛, պարապ խօսքեր մտիկ ընելու ժամանակ չունիմ:

—Ինչո՞ւ պարապ ըլլան, կը բողոքեն, կ՚առաջարկեն, բեմը կ՚ելնեն, ատե­նաբանութիւն կ՚ընեն, դուն ձախակողմեան ես, ես աջակողմեան եմ, խօսքս սխալ արձանագրուած է, շտկեցէք, աւրեցէք ըսելով…

—Ազգին ծառայութիւն կ՚ընեն, այնպէս չէ՞, արդեօք երեսփոխան էֆեն­տիները գոնէ հիմա սկսա՞ն ամչնալ` համոզուելով, որ տասնըեօթը տարիէ ի վեր խեղճ ազգի մը գլխուն անցած՝ չնչին եւ տղայական խնդիրներով զբաղե­լով՝ ազգին մէջ դաստիարակութեան ծաւալման արգելք եղան. համոզուեցա՞ն արդեօք, որ տասնըեօթը տարուան մէջ ազգին ամենափոքր ծառայութիւն մը ըրած չեն։

—Անոնց հոգն անգամ չէ, աշխարհ կործանի, աշխարհ վերականգնի նէ` հարիւր տասնըեօթը տարի ալ այսպէս պիտի շարունակեն: