Սիւլէյման էֆէնտի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ը.

.

Այս էր պատճառը, որ այդ փոքր աշխարհը այդքան հարազատութեամբ կը կրկնէր դուրսի մեծին բոլոր ծալաւորումները։ Վկայական, շքանշան, յանձնարարական եւ, ուրիշ խօսքով ու թուղթով՝ պարգեւներ կը շնորհուէին տղոց դէմքին պարոյրէն ու մորթին ջնարակէն կամ ջիղերուն սրութենէն մեկնելով։ Երբ ամէն իրիկուն, ճաշէն առաջ, անոնք կը հաւաքուէին վարժարանին ընդարձակ բակը ու կը մատուցանէին պաշտօնական մաղթանքը մեծ վեհապետին արեւշատութեանը համար, այդ խաժամուժ աղմուկին մէջ, որ մինչեւ ժամ մը տեղ կ՚երկարաձգուէր հովին նպաստաւոր օրերուն, անոնք կը պարզէին իրենց պատանութեան զառամ, այլակարօտ ծերութիւնը, իմաստուն հաշիւները եւ ներկուած յոյսերը։ Ու վա՜տ չէին, վասնզի բնական կը զգային իրենց ըրածը, անգիտակից նենգութեամբ մը, երբ դարուց ի դարս փառք ու արեւ կը պոռային չքնաղագիւտ Սուլթանին, որուն գործն էին սա տղաքը ու անոնց մեծերը։

Ու ամէն տղայ իր անկումին, աղտին հեշտախոր գիտակցութիւնը կը փայփայէր՝ զայն հանելու չափ օրակարգի ճշմարտութեան, ու կը ծաղրէր, առանց լրբութեան, շատ բնական բանի մը ձեւով, քանի մը վայրի եզրերը, որոնք ծագումի կամ արենատուր խօթութեան մը կնիքը կը յաւերժացնէին, մնալով կենդանին, զոր բերած էին իրենց հետ, յամառելով չբաժնուիլ անկէ, ու չփնտռուելով ոչ ոքէ։ Արդի կարգերով, տունմնաները դպրոցէն կը սկսին։ Ու մինակ կին չեն անոնք։

Կը ծանրանամ այս սերունդին վրայ, որ արդիւնք մըն էր եւ որ ինըհարիւր տասնըհինգի աղէտը ծրագրելու եւ գործադրելու մէջ եղաւ այնքան հետեւողական իր պատանութեան սա կոյանոցին։ Ոճիրը՝ ինչպէս մեղքը իրենց գօտիներուն մէջ կը դադրին մեզ զարմացնելէ։ Ու 900ին, դպրոցի սեղաններէն, իրենք զիրենք ապականող այս տղաքը 915ին լրումը պիտի գտնէին իրենց առաքինութիւններուն։

Հոգեպէս անխարիսխ, այդ տղաքը, բարոյազերծութեան սա հոսանքով, կ՚ըլլային միւս կողմէն տիրական ձեւամոլներ, հինգ աղօթքներուն, ու լուացման ու տօնական սովորոյթներու խոր կերպով ուշադիր, մտադիւր կամակատար՝ ռեժիմին ամէնէն մեծ պաշտպաններուն, կրօնականներուն։ Կը փռուէին մզկիթներուն մէջ, ծունկի, ու կ՚երազեին իրենց առաքինութիւնները, կեղծ ու հեշտախոյզ ծնրադրութեամբ։

Վա՜յ սերունդին, որ չի մեծնար մեծ եւ առողջ կիրքերու ջերմութեան մը մէջ։ Գոնէ արդար հպարտութեամբ մը դատէին փառապանծ՝ որքան ահաւոր իրենց կայսրութիւնը։ Իրենց յաղթական արշա՛ւը դէպի Եւրոպայի սիրտը։ Բայց դիտուած է, որ յաղթանակը տխուր է երբեմն, մա՛նաւանդ երբ տեւողութիւնը միջամտէ ու զայն նետէ երկրորդ, հեռանկար փլանին։ Վասնզի, ժամանակին հետ կ՚աւրուին անոր կապուած զգայութիւններ, ու նուաղումին զուգընթաց կը մնայ միտքին մէջ անոր յատակ ծառայած անասնութեանց հանդէսը։ Թուրքերու յաղթանակները դեռ չեն ազատուած այս թանձր ճապաղիքէն։ Հեշտութիւնը, միւս կողմէն, ճերմակ արիւն մըն է։ Կը զիջանային ու անհուն միամտութեամբ կ՚ոգեկոչէին օրերը, երբ Եւրոպան եղէգի նման կը դողար իրենց անունէն ու Հունգարիան, գերի, գետնամած, ռազմավայր կը հանդիսանար իրենց հոյակապ բանակներուն։ Յիշատակներու սա արդիացո՜ւմը, հեշտանքի գիծով։

Ու առանց նեղուելու, կը հաւատային այն սրբազան հեքիաթին, որ այդ օրերը կ՚ընէր անմեռ։ Կ՚ընէր արդիական։ Թուրք բանակը անպարտելի էր: Ասիկա ո՛չ միայն հաւատալիք մըն էր, այլեւ՝ կեանքի ուղեցոյց մը։ Անոնք չէին մոռնար ձախողութիւնները սակայն, որ մարդկային կարգերու ճակատագիրն է միշտ, անհատներու՝ ինչպէս ազգերու համար։ Բայց, աստուածային գիծով, յարդարելի էին, ժամանակին մէջ, բոլոր անոնց կորուստներն ու պարտութիւնները։ Մեծ, ու իր ուժին փաստը երեք աշխարհամասերու վրայ այնքան կորովի բազուկներով կոթողած ցեղին քանի մը հարիւրեակ միլիոն զաւակները, հեռաւոր Հնդկաստանէն ու Հունգարիայէն մինչեւ Արաբիան, Սուտանն ու Մարոքը (Թուրքը հոմանիչը չէր իսլամին, այլ՝ իսլամն իսկ), անկասկած պիտի կրկնէին պատմական գրոհը առաջին խալիֆաներուն։ ... Սանճագը Շերիֆը (նուիրական դրօշը Մարգարէին ) յուռութք մը չէր միայն, այլ՝ մտքերու վրայ մշտապատրաստ յարձակողական մը։ Անոր անպարտելի շուքին ընդմէջէն, Եւրոպան աւլելը պիտի չնեղէր այդ ահարկու բանակները այնքան, որքան մարախ ջարդելը։ Ու կը սպասէին։

Սա երազը Թուրքին խորագոյն զգայական իրականութիւնն է, սեռէն եւ երկինքէն ետքը ու առաձիգ տարօրէն, վասնզի անոր կրկներեւոյթին մէջէն է, որ գործադրեցին երկդարեան իրենց նահանջը երեք աշխարհամասերէն։

Կրօնքը, այսինքն՝ անոր արարողապաշտ մասը տեսակ մը տիսիփլին կը բերէր անոնց ապազգած հոգիներուն, ինչպէս անոր լաստակերտը՝ հեռու աշխարհներն ի վար, անոնց վաչկատունի շատ հզօր բնազդներուն անհրաժեշտ նախանիւթը։ Գոնէ ամէն օր կը փոխադրուէին այն երկիրներուն մէջ, ուր մահիկը կիշխէ։ Համիսլամութիւնը Սուլթան Համիտին ծնունդը չէ, այլ՝ թուրքերուն հնօրեայ օրինատախտակը, զոր ուսամբարձ կը կրեն տասը դարէ ի վեր։ Միջին ժամանակներուն, անոնք բանակներու յանձնած էին այդ տախտակին շրջագայումը երկրէ երկիր։ Հիմա՛, Անգարայի իմաստունները իրենք զիրենք անհաղորդ կը յայտարարեն այդ երազին, տղայ խաբելու գեղեցիկ միամտութեամբ մը։ Ու չեն անդրադառնար, որ իրենց եռանդը զիրենք թափանցիկ ընելու չափ կը կարմրցնէ, երբ պարտութեանց ու յաղթանակներու հաշուեյարդարը առկախած՝ հազար կտոր կ՚ըլլան իրենց նախնիքներուն քաղաքակրթութիւն մը ճարելու: Իրենց նուիրական ցե՜ղը։ Ասիոյ մեծ ադամա՜նդը։ Եւրոպական մշակոյթին արմա՜տը։ Ասոնք յաւակնութիւններ չեն, այլ՝ թրքաբար ապացուցուած ճշմարտութիւններ։ Ազնիւ ու առաքինի ա՜զգը։ Որ տուած է աշխարհին քանի մը մեծ կայսրութիւններ։ Որ կը ձգուի տակաւին այսօր, մինչեւ Պուխարա ու Թաշկենտ։ Երէկ՝ մինչեւ Գանգէս։ Ու ինչո՞ւ չէ, վաղը՝ մինչեւ Գոնկո։ Այս ամէնը որքան ճիշդ այսօր, ճիշդ էին կէս դար առաջ ալ։ Ու մասունք հաւատոյ, երեսուն տարի առաջ, երբ արգիլուած էր ուսանողի մը ուրիշ ամէն հետաքրքրութիւն իմացական մարզէ։ Ու կը հաւատային այդ տղաքը բոլոր անոնց, որոնց խօսքը կը տարածէր սա ցանկութիւնները։ Ու կը հաւատային խստադէմ, այցելու հազարապետի մը, հաստկեկ ու նեղմիտ, որ Գերմանիա ուսում՝ ըրած մարզանք էր սորվածը կը պատմէր, անլուր հպարտութեամբ իր վիճաբանութիւնները թրքական բանակին յարձակող արժէքին մասին ... Պիզմարքի հետ, որուն հետ ամէն կէսօր կը ճաշէր Պերլի՜ն…։ Ու կը հաւատային այդ տղաքը հազարապետին ալ քաջութեան, որ իր պապերուն կշիռովը չափուած, փորձուած անշուշտ՝ քանի մը դար ամէն թուրք խտութիւն մըն է պատմութեան մը բաւ էր աշխարհը վերիվար շրջելու։ Թող տային այդ մարդուն հարիւր հազար իր ուզածին պէս զինուոր (ինչո՞ւ չէր մտածեր իր աստիճանին, որ միայն հազար մարդ կը տրամադրէր իր խելքին), անոր պեխերը թող բուսնէին մօրը այսինչ տեղը, եթէ սուտ էր ըսածը (թուրքերուն ամէն ընթացիկ բառ սեռական մարզերուն մէջ գործող մագնիսի մը կը հպատակի, երդումն իսկ դուրս չէ օրէնքէն), երկու շաբաթէն անիկա այդ բանակը, յաղթակա՜ն, կը տանէր Վիեննայի պարիսպներուն տակ։ Ու երջանիկ զօրավարը հոգ չէ թէ հազարապետ չէր գիտեր նոյնիսկ, թէ Վիեննան անպարիսպ քաղաք է այսօր։ Հեքիաթ չէր ասիկա, այլ՝ պատմական, վաւերական իրողութիւն, անցեալով կանգուն, ներկային մէջ հակափորձը միայն պակաս։ Զայն կը յօրինէին, հասարակաց վայելումին համար շրջաբերութեան կը հանէին գեղանի էֆէնտիները, մեծամբոխ ու խանդավառ…

Աւելի՜ն։

Անոնք անխախտ կը պահէին ոսկեզօծ հաւատքը, տեսնելու, կերտելու գերազանց յաղթանակը, անոր օրը, այնքան մօտ ու այնքան ալ հեռու, երբ Արեւելքը ամբողջ (որ իրենց եռանդին մէջ բնակուած կ՚ընէին թուրքերէ, պարպելով զայն հնդիկներէն ու չինացիներէն՝ Ճափոնը միայն ընդունելով, ան ալ իբրեւ նմանութեան եզր մը Ծայրագոյն եւ Մերձագոյն Արեւելքներու միջեւ), իրենց առաջնորդութեամբը, մէկ շունչով ոտքի պիտի խոյանար Արեւմուտքին վրայ, վերադարձնելով հսկայ դարը, նուաճումին ու արիւնի նախճիրին, փոխադրելով կայսրութեան սահմանները շատ աւելի հեռուն, քան, պատմութեան դասով, կաւիճին կեցած գիծը։ Ասիկա ուխտն էր, գերագոյն հաղորդութիւնը, Ճինկիզներու սարսափին վերակերտումը, իրենց հարազատ պապերուն արիւնէն։

Ու այս պաշտամունքը, շատ աւելի պիրկ, շատ աւելի ամրահիւս, քան աւազակին նախորդները (հարաւէն՝ արաբներով, արեւելքէն՝ թաթարներով), այդ աղկաղկ, իգացած, աղջիկի պէս նազոտ ու մազերնին վարդաջուրով փայլեցնող էֆէնտիները կը տանէր դիւրին, բառական հերոսութեան։ Օր մը քաղաքական կամ զինուորական ասպարէզին համար պատրաստուող այդ երիտասարդութիւնը արժեցուց ցեղային ուխտը, անզէն ժողովուրդներ մորթելու փառքին մէջ գտնելով անգերազանցելի հերոսութիւնը նախնիքներուն։

Այդ օրերուն սակայն (հայկական ջարդերը 4-5 տարիով կը մնային անոնց ետին, ինչ որ իրենց անմիջական հայրերը կատարեր էին, կայսրութեան շատ մը քաղաքներուն մէջ, հայկական ըմբոստութիւնը այնքան գեղեցկութեամբ արդիւնաւորելով, ու երկու-երեք յուսահատական պոռթկումները շահագործելով հոյակապ իմաստութեամբ մը, նախավայելք մըն էր հարկաւ։ Իրենք, այդ հայրերուն տղաքը, քանակ ու մատիտ ձեռքերնին, գրասեղաններուն վրայ, հայ մորթելուն արիութիւնը գրեթէ կ՚ուրանային, այդ արարքին ամօթէն ոչ թէ յուզուելնուն, այլ անարժան ընդունելով զայն իրենց ցեղային վեհանձնութեան, իրենց բառովը՝ մերտութեան, որ հարազատօրէն չի թարգմանուիր, իրենց կատաղութեան բռունցքը յարդարելով Եւրոպային վրայ, զոր կը ծախէին խոզկաղինի նման։ Ու կը ջարդէին Ամերիկան, որ քրիստոնեայ իր հաւատեղբայրներուն օգնել փութալու յիմարութիւնը պիտի գործէր հարկաւ ու կը տիրէին աշխարհին Հինդիգուշէն մինչեւ Ալպերը, չգիտնալով, թե ինչո՞ւ բաց կը ձգէին հողերը, ընդմէջ Ատլանտեանի եւ Խաղաղականի։ Զարմանա՞լ։ Մեզի համար պարզ բառ է ատիկա։ Թուրքերը, իրենց պատանիներուն մէջ այդ գաղափարները մշակելով՝ պատմական անհերքելի ճշմարտութիւններ միայն կը թարմացնէին։ Ողջ ըլլային սեւ տախտակները, որոնք, ակնթարթի մէջ, կը վերածուէին ճակատամարտի յատուկ քարտէսներու, երկու օվկիանոսներու միջեւ տարածութիւնները այդքան դիւրաւ ողողելով։ Թող սարսափէին բոլոր ոչ–թուրքերը։ Պատերազմը բնական ոլորտն էր թուրքին։ Սո՞ւտ. չափազանցութի՞ւն։ Ատիկա սրբապղծութիւնն իսկ էր։ Չէ՞ որ աշիրէթէ կայսրութիւն մը շինած էին անոնց նախնիքները հարիւր տարուան մէջ։ Քրիստոնեաները մոռնալու չէին այս մօտիկ անցեալը։ Ու շարունակէին միտքի առջեւ ունենալ, թէ ոչ մէկ բան զիրենք ազատ կը պահէր եաթաղանէն։ Նոյնիսկ ովկիանոսները բաւարար պաշտպանութիւն չէին անոնց։ Քառսուն հոգինոց խումբը, որ մայրիի բուները լաստ կերտած ու կողոպուտ գորգերը ատոր առագաստ ըրած Հելլեսպոնտէսը անցաւ ու ոտքը դրաւ Եւրոպա, այսօր ալ կը շարունակէր ապրիլ նոյն կատաղութեամբ։ Այդ արիւնը միշտ ալ ծնունդ կու տար գահրամաններու (հերոս), որոնք կարող էին, գորգի պակսած պարագային, իրենց կիներուն ֆերաճէները [1] առագաստ ըրած, հասնիլ Ամերիկա։

Է՜յ, հեքիաթ չէ ասիկա, կը պոռար մեծը անոնց մէջէն։ Ու կը գոցէր բերանը թանձրագոյն հայհոյութեան մը վրայ, որ կը պսակէր այդ հերոսապատումը, այնքան գեղեցիկ յարմարութեամբ մը։

Ու կ՚ըսէին ասիկա ու կը հաւատային իրենց ըսածին այդ էֆէնտիները, որոնք ժամ մը առաջ քիմիա եւ գոզմոկրաֆիա դաս էին առած։

Սիւլէյման էֆէնտի՞ն։

 

  



[1]         Ֆերաճէ - կնոջական պարեգօտ, զգեստ։