Բ.
Վերադարձ
մը
չէ,
ակնա՜րկը,
դղեակին
մէջ
Սէրվինազ
հանըմին
նոր
յարկաբաժինին։
Զոր
իր
ու
ամուսինին
փոխադարձ
հաճութեամբը
հաներ
էր
ոտքի։
Մեծկակ
բաժին
մըն
էր
ատիկա՝
մօտ
հարիւր
քայլ
անջրպետով
մը
մայր
կառոյցէն։
Ծովը՝
միշտ
սահման,
երկաթ
ցանկերէ
բանտուած։
Դղեակին
ընդհանուր
երանգը,
ամէն
տարի
նորաներկ
ու
առողջ,
անոր
վրայ
կը
վերածուէր
խուփ,
աղօտ
բանի
մը,
վասնզի
անոր
մէջ
ինքզինքը
արգելափակող
կալանաւորը
կը
փախչէր
լոյսէն
ու
փայլէն։
Ու
մեր
ախորժակները
միայն
մեր
մարմինով
չէ,
որ
կ՚արտայայտուին,
այլեւ՝
մեր
շէնքերով։
Տխուր,
խուփ,
դարձեալ
ներքնամասին
սրահները։
Կահ
ու
կազմած՝
ճո՜խ։
Կը
հանդուրժէր
այդ
զարդարանքին,
գործ
հայթայթած
ըլլալու
համար
սեւամորթ
սպասուհիներու,
որոնց
սրտառուչ,
որքան
դաւառիթ
հաւատարմութեան
մէջ
կը
խղդուէր
կեանքը
երեսուն
նոր
մտած
թուրք
տիկինին,
մինչ,
հարիւր
քայլ
անդին
անոր
ամուսինը
իրը
կ՚ապրէր
զատ,
ազատ,
ուզածին
չափ
կին
բուծումի
դրած
իր
հաւնոցներուն
մէջ։
Ու
կ՚ապրէր
անկախ,
ամօթէն՝
ինչպէս
հասարակաց
կարծիքէն
–
բոզ
կնի՜կ,
ամէն
վարչութեան
ալ
մէջը
–
մեղքէն՝
ինչպէս
վարձքէն։
Մա՛նաւանդ՝
կնիկէն։
Ու
մատաղ
իր
մանչէն։
Ըսի՞,
թէ
շատ
զօրաւոր
էր
անոր
մէջ
ընտանեկան,
զաւկի
դիւրազգածութիւնը։
Անիկա
անխնայ
մերժեց
իր
անկողինին
ծառայած
կիներուն
յաւակնութիւնները
իրմէն
ունեցուած
զաւակներու
մասին,
քանի
որ
իր
գառագեղի
օրէնքները
անողոք
էին,
ամէն
խարդախութիւն
լոյսին
դնող։
Հաշտուած
էր
բախտին,
որ
չէր
ժպտացած
իրեն
այդ
մարզին
վրայ։
Նիքեահով
իր
կիներն
ալ
իրեն
չէին
տուած
զաւկի
հպարտութիւն։
Աստուծոյ
մէկ
պատգա՞մը
այս
պարագան։
Հակառակ
Սէրվինազին
դէմ
խոր
իր
անտարբերութեան,
անիկա
ներքնապէս
ամուսինն
էր
այդ
կնոջ,
որ
զաւկի
երջանկութիւնը
պարգեւած
էր
իրեն։
Այս
զաւակները՝
իր
գերագոյն
տիտղոսները։
Անիկա
անողոք
էր
իբրեւ
իրը
ներկայացուած
ապօրէն
մանուկներու
հանդէպ։
Այս
պայմաններով
ձեւուած
կեանքը
բաժակ
մըն
էր՝
դրուած՝
հասողութեանը
այդ
տիկինին,
տառացի
կերպով
գերեզմանուած
իր
յարկաբաժինին
մէջ։
Պոլսոյ
մէջ
իր
ստացած
ուսումը
անօգուտ
էր
անոր,
քանի
որ
միտքը
ապրելու
համար
կարօտ
է
որոշ
բարեխառնութեան։
Հանրային
ասպարէզներու
չգոյութիւնը՝
ուրիշ
պատճառ։
Կինը,
ուրիշ
երկիրներու
մէջ,
գէթ
անուղղակի
ազդակ
մըն
է
քաղաքակրթութեան։
Թրքուհին
զաւկէն
զատ
ոչինչ
է
տուած
իր
երկրին,
բարձր
դասերուն
մէջ
իր
տուած
ապականութիւնը
եթէ
հաշուի
չառնենք։
Էջեր
չեն
բաւական,
գիւղաքաղաքի
մը
ճահիճին
մէջ
տարագիր
ու
գազան
էրիկի
մը
ճիրաններուն
մէջ
կամազուրկ
արարածի
մը
ողբերգութիւնը
սպառելու։
Կարդացեք
ու
մտածեցէք,
շինելու
համար
զեղչուածը։
Բայց
նոյն
այս
կեանքը
վարդի
եղ
սրուա՞կն
էր՝
դրուած
հասողութեանը
զոյգ
պարմաններուն,
որոնք
աւիչի
յորդ
ուժովը
վեր
էին
ճահիճին
զգլխանքէն
ու
կը
մեծնային
քուր–աղբօր
պէս,
մայրիկին
վիշտին
ընդմէջէն,
շատ
քիչ
անգամ
այցուելով
դղեակէն
խուժող
շարանին
միազմայէն։
Աստուածային
բարութեամբ
այդ
մայրը
կը
հասնէր
անոնց
հոգիին
ու
մարմինին։
Անոր
մտահոգութեանց
մեծերէն
մէկը,
պարտկել՝
անջրպետը,
որ
դղեակն
ու
յարկաբաժինը
կը
զատէր
իրարմէ։
Ու
անզգալի
ընծայել
արթուն
աղջիկին
հոգեկան
անջրպետն
ալ՝
հօր
մը
գորովին
պակասը
դարմանելով՝
մօր
իր
սիրտը
ամբողջութեամբ
խարանելով
այդ
զգացումին։
Զոհողութիւն,
նուիրում,
ինքզինքը
մոռնալ,
–
ասոնք
վիճակներ
են,
բաւական
յաճախադէպ,
որպէսզի
կենանք
իրենց
առջեւ։
Ու
կան
տակաւին
կիներ
ալ,
որոնք
դադրած
են
մարմին
ըլլալէ,
իրենց
ամբողջութիւնը
իբր
իւղ
տրամադրած
ըլլալով
վտանգաւոր
կանթեղներու
պահպանումին։
Ընել
այս
ամէնը
ու
չյայտնել
ինքզինքը։
Փրկել
երեւոյթները
ու
փրկել
պզտիկներու
անմեղութիւնը։
Սէրվինազ
հանըմը
հասաւ
այս
դժուար
պարտքերուն։
Այս
բարձր
պաշտպանութեամբ,
երկու
պզտիկները
կը
բաւէին
իրարու։
Անշուշտ
թուղթէ
դղեակի
մը
թուղթի
հերոսները
չէին
անոնք։
Ամբողջ
ու
իրաւ
մարդեր,
տարիքին
հարկադիր
զեղչովը։
Բայց
ունէին
արձակութիւնն
ալ
այդ
տարիքին,
նախնական
դպրոցի
մը
ազատ
կարգերով
աւելի
համովցած։
Հազիւ
կը
զգային
որբ
այն
ուրախութիւնը,
որ
այնքան
տխուր
մթնոլորտն
է
կարգ
մը
տուներու,
որոնցմէ
ներս
խորթի–խասի
տրամ
մը
կ՚ապրի։
Թուրք
ընտանիքը
հարուստ
է
այդ
դժբախտ
հարուածներով։
Այր
մարդուն
քմահաճոյքը
տունին
մէջ
կը
տնկէ
երկու-երեք
օտար,
նոր
կնիկին
զաւակները,
որոնք
մեռած
կամ
արձակուած
կնոջ
զաւակները
կը
ձգեն
ստուերի
մէջ
ու
փոխադարձաբար։
Սէրվինազին
քոյրը,
Խալիտէն
տակաւին
հեռու
էր
թափանցելէ
սա
տունին
ամբողջ
խորհուրդին։
Բայց
կային
երանգներ,
որոնք
չէին
վրիպեր
իր
անփորձ
աչքերէն։
Այսպէս
իրենցը
չեղող
(ո՞վ
էր
գտեր
ու
դրեր
զաւկի
մը
բերնին
սա
տարազը
հարազատ
հօր
մը
դէմ,
վասնզի
մանչն
ու
աղջիկը
մէկ
կը
մտածէին)
այդ
հօրմէն
անոնք
կը
վախնային
հաւասար
չափով,
զգուշանալով
յապաղիլ
դղեակին
սահմաններուն
մէջ.
իրենց
սեպհական
կառքը,
զոր
կը
վարէր
արաբ
սէյիս
[1]
մը,
քովն
ունենալով
եբենոսի
մորթով
քէօլէ
[2]
մը,
զանոնք
կը
տանէր
գիւղաքաղաքին
դպրոցը,
մինչեւ
կէսօր
ու
կը
բերէր
ետ։
Բժիշկին
յանձնարարութիւնն
էր
այդ
կարգադրութիւնը
կիսօրեայ
դպրոցի։
Նաւակ։
Միշտ
սեւամորթ
պահակներով,
երկսեռ
ու
փառաւոր։
Մաման
հետերնին
տժգոյն,
թանձր
քողի
մը
յանձնած
իր
աւերակ
դէմքը։
Երբեմն
առանձին,
խաղի
մը
քմայքներուն
անձնատուր,
ծովափին
փռուած
կամ
վազվզելով։
Պտոյտներ,
կառքով,
ոտքով,
ձիով։
Էտհէմ
պէյին
տղան
կարգին
պէյ
մըն
էր,
ուրիշներու
բերանին
իր
տիտղոսը
ունեցող։
Ու
խա՜ղ։
Ամէն
տեսակէ։
Դէպի
թեթեւ
վէճերը,
ասոնց
յաջորդ
ուրուային
քէները,
պռկունք
կախելնե՜րը։
Անշուշտ։
Ո՞ր
պատանին
զերծ
է
այս
ամէնէն։
Բայց
երկիւղած
յարգանքով
մտիկ
կ՚ընէին
դատաւոր
մաման։
Անոնց
սրտառուչ
փոյթը՝
իրենց
գժտութիւնները
հարթելու
(հոգ
չէ
թէ
ժամ
մը–երկու
յետոյ
կրկնուիլը
ըլլար
օրէնք),
տրտմահար
այդ
մայրիկին
խնայելու
համար
անխուսափելի
յուզումը,
որ
լացի
ձեւով
միայն
յայտնուիլ
գիտէր։
Ու
ընդունուած
էր,
որ
փնտռէին
այդ
անհամաձայնութիւնները,
իրար
քաշելու
եւ
վանելու
անծածկելի
ճարտարանքը։
Սեռին
կանխագոյն
gammeե՞րը,
ասոնք։
Հարցուցէք,
աւելի
բախտորոշ
շրջանի
մը,
աւելի
մեծերուն։
Ուրի՞շ
բան
է
արդեօք,
իր
սկիզբին
մէջ,
ինչ
որ
կը
կոչենք
աշխարհի
մէջ
մահէն
ալ
հզօրը։
Պէտք
է
կարճ
ըլլալ
սակայն,
թելադրել
ու
անցնիլ։
Ու
տղան
դնել
ճամբայ,
դէպի
Պրուսայի
իտատին։
Պատրյա՞կը:
–
Ուսումը։
Իրականի՞ն
մէջ։
–
Սեռը։
Անոր
հայրը
նոր
էր
կարգուած
վեշտասանամեայ
աղջկան
մը
հետ,
վրացակա՞ն,
լեզկիակա՞ն
ծագումով։
Որուն
հոյակապօրէն
մաքուր
էին
դիմագիծերը
ու
զգլխիչ
նայուածքը։
Հեռաւոր
այդ
Արեւելքին
ամբողջ
ձգողութիւնը՝
մատ
մը
այդ
մարմինէն։
Հաւանաբար
բարձր
փաշայի
մը
հարեմին
համար
բերուած
Կովկասէն,
բայց
ափափուած՝
դեռ
հասցէին
չհասած։
Մինչեւ
Պրուսա
երկու
անգամ
նիքեահ
եղած
ու
գտած
աւազակ
պէյը՝
իր
նոր
ամուսինին
միջնորդութեամբ,
որ
գեղեցիկ
ձիու
մը
փոխարէն
զիջած
էր
զայն։
Քանի
մը
անկողիններու
փորձառութիւնը
անոր
թերխաշ
համին
կու
տար
ապահով
հրապոյր
ու
ուժ։
Տապալել
էր
իր
հմայքին
տակ
կիսամաշ
գազանը
ու
կը
տիրէր
միահեծան
անոր
զգայարանքներուն։
Բայց
միամիտ
էր
եղած,
անոր
ծոցին
մէջ
իսկ,
խօսելով
Սիւլէյման
պէյճիկէն,
գովելով
չերքեզի
անոր
քնքուշ,
անթերի
կաղապարով
դիմագիծը,
հօրը
առնական
համբաւովը
աւելի
տպաւորիչ։
Ռէժիին
տնօրէնը
չէր
կրցած
բզկտել
այդ
աղջիկը
–
խիստ
հսկողութեան
մը
տակ
գառագեղուած
յղութեան
յայտ
նշաններով
–
անկէ
տիրապէս
նուաճուած
ըլլալուն,
քանի
որ
ա՛լ
կը
մտնէր
կեանքին
վերջին
շրջանին,
ուր
կիներու
տիրապետութիւնը
կը
սկսի
մեր
վրայ,
բայց
որոշած
էր
արմատախիլ
ընել
վտանգը,
քնքուշ
էֆէնտին
հեռացնելով
մինի–մինի
հանըմին
նայուածքէն։
Հօր
մը
նախանձը
իր
զաւկին,
արեւմտեան
արուեստին
մէջ
շատ–շատ
հեքիաթի
մը
զսպանակը
կրնայ
տալ,
բայց
ոչ՝
վէպի
մը
հանգոյցը
լուծող
դրդապատճառ
մը,
վասնզի
նման
տրամները
այլեւս
անհետացած
են
այդ
բարքերէն,
եթէ
նկատի
չունենանք
ռուսականը,
որ
Արեւելք
է
մասով։
Բայց
թուրքերուն
համար
այդ
նախանձը
բարքերու
մաս
կը
կազմէր
այս
տողերը
գրուելէն
տասը-քսան
տարի
առաջ։
Ըսի,
թէ
Էտհէմ
պէյը
մտեր
էր
քառսուն։
Գառագեղուած
հանըմին
(վրացականը)
համար
դայեակները՝
յուսադրիչ։
Պէտք
չէ
մոռնալ
սա
բացառիկ
հանգամանքներն
ալ։
Գեղացիի
իր
հոգին
գրեթէ
յայտ
ատելութիւն
պիտի
զգար
իր
առջինեկին
հանդէպ,
երբ
աւելի
ուշ
պիտի
առնէր
աւետիսը
նոր
պայազատին
ծնունդին։
Ու
պիտի
չգիտնար,
թէ
այդ
զգացումը
թելադրա՞նքն
էր
կնոջը
հանդէպ
մթերուած
իր
ոխին,
թէ
նոր
կնոջը
հսկայ
հեղինակութիւնը
իր
զգայարանքներուն
վրայ։
Հեքիաթը
դեռ
չէ
աւլուած
Արեւելքէն։
Ու
աստուածաշնչական
միամտութեամբ
դէպքերը
կը
պատահին
պալատներու՝
ինչպէս
գեղերու
մէջ։
Տարիքին
խաղե՜րը։
Այս
տարագրումը
հիմերէն
ցնցեց
դժուար
ճարուած
ու
այնքան
ալ
դիւրաբեկ
սա
խաղաղութիւնը
Սէրվինազ
հանըմին
առանձնարանին։
Անակնկալ
այդ
հեռացումը
պիտի
անդրադառնար
իբր
չարաղէտ
հարուած
անոր
մատաղատի
քրոջը,
որուն
դալկացան
արդէն
փափկիկ
գոյները,
արագ
չորացումով
մը։
Ու
մասնաւոր
շնորհի
ելած
անոր
երեսը,
ուր
ծովուն
աղովը
ճարուած
արիւնը
գուշակելի
զուարթութիւն
ու
ոսկի
կը
տեղար,
մէկէն
փոխուեցաւ
կանանչի
զարնող
յատակի։
Ո՞վ
կ՚առնէ
աղջիկներուն
այտերէն
տարիքին
նախախայրիք
սա
սէրը
ու
հոն
կը
ձգէ
կանանչորակ,
խորտուբորտ,
վտիտ
կտաւը,
որ
կ՚ընէ
տգեղ,
որքան
տրտում՝
անոնց
անձին
ամէն
գրաւիչ
բխումը,
–
աչուըները
պարմաններուն,
սանկ
դեղին
ըլլալ
չկրցող
վառի
մը
մէջ,
փոս
ձգուած
ուլունքներու
պէս
սրտառուչ
ու
տառապող։
Արագ
հալումով,
անիկա
պիտի
անցնէր
կանանչէն
ալ
անդին,
գտնալու
համար
մեղրամոմեան
թափանցկութիւնը
կուրծքով
հիւանդներուն…։
Ու
տրոփուն
էր
անիկա,
ո՛չ
միայն
շունչէն,
որ
հեւքի
կը
վերածուէր
թեթեւ
իսկ
քայլքէն,
այլեւ՝
սեւորակ,
կապուտագեղ
երակներու
ցանցով
մը,
որ
անոր
վիզին
երկու
թափերուն
բաբախել
կը
թուէր,
հեռուէն
յստակ
տեսանելի։
Ու
անոր
ուսոսկորներուն
փոսիկները
կը
խորանային
աչուըներուն,
թարթիչներուն
մեծնալուն
զուգահեռ։
Աղէ՞տ
մը։
Մօտիկ
անցեալը
դեմ
չէր
նման
հաւանականութեան
մը։
Ծերունի
բժիշկ
մը
յանձնարարեց
ջերմուկները,
որոնց
վրայ
զետեղուած
հաւատքին
արժէքը
հանրածանօթ
է։
Քաղաքը,
իր
ջերմուկովը,
աւելի
ճիշդ՝
իր
Սիւլեյմանովը
պիտի
փոխէր
աղէտին
ընթացքը։
Ամիս
չանցած՝
հիւանդը
կրկին
կը
հագնէր
գրաւիչ
իր
կերպարանքը,
բացառիկ
այն
հովը,
որ
արբունքին
խակութիւններէն
յետոյ
առաջին
ժամը
կ՚անդրադարձնէ
սկսող
հասունութեան։
Անհաւասարելի
հրապոյր
մըն
է
ատիկա,
մեր
կեանքին
անդրանիկ
ծաղկեւորումը
…:
Ու
ամրան
ամսու
մէջ
էր
ատիկա։
Սիւլէյմանն
ու
անոր
պոլսեբնակ
քոյրը՝
ազատ։
Աճումի
տագնապին
սա
յաղթահարումը,
որ
տարածուեցաւ
նոյն
ատեն
հոգեկան
ընդարձակման
ալ
վրայ։
Աշունը
փոխեց
կեանքին
գնացքը,
Սիւլէյմանի
չափազանց
խոր,
շնորհալի
քոյրը
դարձնելով
Պոլիս
իր
ուսումին,
ու
մանչն
ալ
դպրոց՝
իր
տարագրավայրը։
Բայց
քաղաքին
մեծ
բժիշկներուն
խորհուրդը
երկու
կիները
վար
դրաւ
դարձեալ,
մինչեւ
ձմեռնամուտ։
Ընդունուած
աւանդութիւններ
այդ
երկու-երեք
ամիսները
կը
դասեն
բացառապէս
հրաշագործ։
Ու
գործուեցաւ
հրաշքը։
Բայց
ոչ
ոք
գիտէր,
թէ
ջուրե՞րն
էին
անոր
հեղինակը,
թէ
մարմինը
պատանիին։
Մինչեւ
ձմեռնամուտ,
ամէն
շաբթու
երկու
գիշեր
ու
մէկուկէս
օր,
մայրն
ու
Խալիտէ
հանըմը
իրենց
«հիւր»
ունէին
Սիւլէյման
էֆէտին,
որ
վարժարանին
գարշագին
մթնոլորտէն
հալածական,
մօր
թեւերուն
մէջը
կը
վազէր
վաղանցուկ,
բայց
կազդուրիչ
հանգիստին։
Պարտէզի
մը
խորը
–
որ
ջրարբի,
եղկ
օդով
այդ
մարգերուն
վրայ
արեւադարձային
վայելչութիւն
ու
փարթամութիւն
կը
մէկտեղէ
–
տաճկական
հին
ճաշակով
տուն
մըն
էր
անոնց
բնակարանը։
Միայարկ,
բայց
բարձրադիր,
խանի,
մզկիթի
ոճով
մը
տրտմահար։
Որ
իր
խստամբեր
արտաքինին
ետին,
հանգստաւէտ
բաժանումներովը,
հարեմի
եւ
արանց
բաժիններուն
խնամքով
ջոկումովը,
գոհացում
կու
տար
քաղաքին
աւանդական
պէյերուն
բաղձանքներուն,
քէօշկի,
գոնաքի
պատրանք
մը
պահելով
ողջ
վարձակալներուն
մէջը։
Հակառակ
յառաջացած
աշնան,
սարփինաներուն
վրայ
խաղողի
կիսակարմիր
ողկոյզները,
թափանցիկ
լաթերու
մէջ
պաշտպանուած,
ագռաւներուն
եւ
ճնճուղներուն
կտուցներէն։
Անոնց
տակը
ծաղկի
թաղարներ,
որոնց
մէջէն
հիւանդոտ
ճիւղեր
ձողիկներու
ուսն
ի
վեր
կը
յաջողէին
իրենց
մանրիկ
բաժակները
հասցնել
մինչեւ
հաւկիթին
կճեպները,
ձողիկներու
կատարը
ճերմակ–ճերմակ
գարգմանակող։
Ծառուղիներ,
մաքուր
խիճով,
յարդարուած։
Ածուներ,
որոնց
ընտանի
բուսականութիւնը
կը
տգեղնար
ուղտի
կազմով
ծուռիկ
նռնենիներուն
ազազուն
բունիկներով։
Կէս
տերեւաթափ
անոնց
ճիւղերէն,
դուրսէն
փրցուած
ու
հոդ
կախուելու
դրուած
գլուխներու
կը
նմանէին
ցիցահար
նուռերը,
որոնց
խոշտանգուած
կեղեւին
ճեղքերէն
հատիկներու
գունատ
շարքը
կմախքի
մը
ատամնաշարը
կը
յիշեցնէր
տրտում
դիտողի
մը։
Կային՝
որ
արիւնի
նման
գիծեր
ունէին
այդ
ճեղքերու
շրթներուն։
Անոնց
հանգիստի
սիրագոյն
վայրը,
սակայն,
շագանակենին։
Շատ
հինցած
այս
ծառին
բունը
խոռոչաւոր
էր
արդէն,
ու
յարդարուած՝
յատուկ
նստարաններով։
Սեղան,
բազմոց։
Ամէն
օր
իջնող
դաշունաձեւ,
դեղնած
տերեւները
առողջ
վստահութիւն
մը
կը
դնէին
տղուն
ու
աղջկան
ներսը։
Ու
Հեռատարած
իր
ոստերէն
փուշ
մը,
կիսակարմիր,
առկախ
բոյնի
մը
նման
կ՚օրուէր
մեղմ
հովէն
անգամ։
Աշնանային
ծաղիկներու
ամբողջ
բանակ
մը
ցերեկուան
արեւուն
տակ
կ՚անուշնար,
հակակշռելու
չափ
ծառերու
գրեթէ
մերկ
տրտմութիւնը։
Օդը,
յագեցած
օճառով,
ծծումբով,
տաք
ջուրերուն
եղկ
շոգիացմամբը
–
ամէն
տունէ
հանքային
ջուր
կը
հոսէր
–
այդ
աշունը
կը
տարածէր
ջերմուկներու
արուարձանէն
դէպի
աւելի
հեռու,
մինչեւ
կէսերը
դաշտին,
ուր
բանջարեղէններու
արտերը
կը
պահէին
իրենց
մշտադալար
քողը
երեuնուն։
Հոն
պտո՜ւյտը։
Հարիւրամեայ
ուռիներուն
եւ
հազարամեայ
սօսիներուն
մեծաշուք
խաղաղութեանը
մէջ,
երբ
դէպի
երկրագործական
վարժարան
բացուող
խճուղին
կը
պաշարուէր
աւելի
համեստ
թաւուտներով
մինչեւ
Նիլուֆէր,
Ողիմպոսէն
հասնող
գետակը,
անունը
առած
բիւզանդական
իշխանուհիէ
մը,
իր
հեքիաթին
պէս
գեղեցիկ
ու
խարդախ,
գարնան՝
երեք-չորս
մարդահասակ
ջուր
փոխադրող,
աշնան՝
ոտքով
անցանելի
հասարակ
վտակ։
Վիլլային
մէկ
թեւը՝
բաղնիք։
Որուն
ցած,
կապարով
ծածկուած
կամարներուն
վրայ
լուսամուտները
հրէշներու
աչքերու
պէս
ուռած
դէպի
վեր,
աւելորդ
տրտմութիւն
մը
կը
բարդէին
ինքնին
ժուժկալ
այդ
տեղերուն
վրայ։
Բնութեան
ճոխ
բխումին
դէմ
կառոյցներուն
սա
խուփ
հանգամանքը
Արեւելքին
ընտանի
տեքոր
մըն
է։
Ու
իշխանին
պատկանող
շքեղանքն
ալ՝
փաստ
մը,
ժողովուրդին
խեղճութեան։
Չորս
կողմէն
պարիսպ։
Հաստ
ու
բարձր,
ա՛յնքան՝
որ
մօտի
տուներուն
վերնայարկն
անգամ
չէր
կրնար
աչք
մը
ունենալ
պարտէզին
ներսը,
ուր
թրքուհիները
կը
ներէին
արեւ
առնել
քիչ
զգուշութեամբ,
ու
թաւշանալ,
Պրուսայի
դաշտին
բացառիկ
դեղձերանգովը,
որ
ճերմակին
եւ
բաց
կարմիրին
մէջտեղը
կը
թափառի,
համադրելով
երկու
գոյներուն
կենդանութիւնը։
Լուրջ,
խրոխտ,
գրեթէ
տխուր
այդ
Սիւլէյման
էֆէնտին։
Ծանրաբեռն։
Որ
կը
թեթեւնար,
սա
պատսպարուած
խորշին։
Վանելով
դպրոցին
գարշանքը
իր
մորթին
ու
մօրը
եւ
մօրաքրոջը
գորովներուն
ընդմէջ
կը
ճարէր
դժուար
կշիռը
իր
հոգիին։
Որքան
անհասկնալի
եղանք,
բոլորս,
երբ
մանկութեան
բռնական
կեանքէն
յետոյ,
շփումի
մտանք
աւելի
բարդ,
պատանեկան
ոլորտին
հետ։
Կ՚անցնիմ,
ամէն
մէկ
ընթերցող
ղրկելով
իր
այդ
տարիներուն…։
Թաքուն
զգացում
մը
կ՚օծէր
այդ
տղան
իր
ներսէն,
ատոր
անդրադարձը
դեպի
դուրս
ընելով
դժուար,
բայց
հրապուրիչ
բան
մը։
Ինչպէ՞ս
կը
ճարէինք
մեր
դէմքը,
մենք,
այդ
տարիքին,
դրացիին
աղջկան
նայուածքին
ներքեւ։
Սեռային
գոլին
մէջ,
պատանին
ե՞րբ
հաւաքած
կ՚ըլլայ
մասնաւոր
այն
հասունութիւնը,
որ
անծանօթ
լարերով
ինքզինքը
կերկարէ
դէպի
մութ
զգայարանքները
աղջիկներուն։
Փոխադարձ
իրերահայեցումն
է
ատիկա,
իրարու
ներկայութեամբ
ստեղծուող
քաղցր
անձուկը,
որով
իրարու
կը
քաշուինք՝
իրարմէ
խոյս
տալու
պատրանքին
ներքեւ։
Մանչերը
կը
հանգչին,
տղայութեան
հաստ,
անհանդարտ
խանդէն,
իրենք
իրենց
վրայ
տեղաւորուելով։
Տրտում
ամօթխածութիւն
մը
իր
անուշիկ
ստուերը,
ուրիշ
մը
պիտի
ըսէր
շղարշը՝
կը
նետէ
աղջիկներու
ժպիտին
ու
շարժումներուն,
զանոնք
ընելով
զուսպ
թրթռում,
խուփ
ու
խոր
նոյն
ատեն,
բայց
եփող։
Մայրերը
ի՜նչ
շուտ
կը
մոռնան
իրենց
սա
տարիները,
միամտութեամբ
պարծենալու
համար
նստուկ
սա
շնորհէն,
որով
հովանաւոր,
երէկի
աղկաղկ,
հում,
անխորհուրդ
մանչուկը
քիչ
ժամանակի
մէջ
կ՚ելլայ
կշիռի
ու
կորովի։
Սեռին
ուրիշ
հրաշքը,
անշուշտ։
Ապահովաբար
անգիտակից
սա
մագնիսականութիւնն
էր,
որ
կեցուց
աղէտը
իր
զառիթափին։
Աղջիկը
կը
փթթեր,
բառին
պահելով
ամբողջ
իր
հոծութիւնը
մեր
ռոմանթիքներէն,
զեղչելով
ետքը
ծիծաղելին։
Վասնզի
իրական
է
այդ
արտարձակումը
մարմինին,
արագ
ու
հեշտալի։
Սիրոյ
ցա՞ւ,
ինչ
որ
բժիշկները
կանանչ
ցաւ
կ՚որակեն։
Ո՜վ
գիտէ։
Արիւնը
բազմամիլիոն
աշխարհներու
հաւաքածոյ
մըն
է
մեր
մարմինէն
ներս։
Աղջիկները,
դեղնութեան
սա
շղարշին
մէջ,
այլայլուն
իրենց
դիմակէն
սարսափած,
գուցէ
կ՚ամչնան
ցաւը
դիտելէ,
զգալի
իրական
իր
երանգէն։
Կան՝
որ
կը
նախընտրեն
մեռնիլ,
բայց
չհաւատալ
ատոր,
իրենց
խոնաւ
ու
ծլարձակ
մարմինին
ձայնը
արհամարհելով
աշխարհի
աչքին,
բայց
զոհելով
անոր
ամբողջ
ըղձաւոր
պապակը
իրենց
վաղահասակ
վախճանին։
Թարշամիլը
բառարանի
համար
շինուած
բառ
մը
չէ։
Անիկա
վերջ
մըն
է։
Աղջիկները
կը
վերջանան՝
ծնունդ
տալով
ուրիշ
բանի
մը։
Ո՛չ
միայն
մթնոլորտ
կը
փոխուի
կնոջ
մը
մէջ,
այլեւ՝
դէմքը։
Բայց
պետք
է
դառնալ
մեր
վիլլային։
Եւ
սակայն
անկարելի
է
չհարցնել.
–
Ո՞վ
է
տուած
կեանքին
իր
առատութիւնը։
Ինչպէ՞ս
հետեւիլ
անոր
բիւրազան
հէնքին
ու
մութ
ալ
կոհակներուն,
որոնք
միշտ
ափունք
չունին
իրենք
նորոգելու։
Խորհա՞ծ
էք
ծովու
երեսի
մը
մեծութեան,
զայն
ակօսող
կոհակներուն
անբաւութեան
ու
ցամաքի
շերտին,
որ
գերեզմանն
է
ձգուած
այդ
խռովքին։
Ինչպէ՞ս
նուաճել
նոյնիսկ
ամսուան
մը
զգայութիւնները,
որոնք
արձանագրուած
են
աղջկան
մը
թարմ
ուղեղին։
Դժբախտ
բան
է
վիպելը։
Դպիլ
ու
անցնիլ։
Ահա
թե
ինչ
է
արտօնուած
գրողին։
Կարկառուն
գիծերու
տեսութի՞ւնը,
որ
կը
թելադրէ
ընտրել
այդ
զգայութիւններէն
յատկանշողները
միայն։
Մնացեալը
թաղել
հրամայելով։
Բայց
ե՞րբ
անկարկառ
է
կեանքը,
որ
կ՚աղցուի
աշխարհին
նոր
բացուած
սիրտի
մը
խորը։
Ի՞նչ
է
այդ
յատկանիշ
որակուածը,
եթէ
ոչ
բառ
մը։
Ո՞րն
է
մեծ
զգացումը
նոր
արթնցող
աչքերու
էքրանին։
Ու,
մա՛նաւանդ՝
ո՞րն
է
պզտիկը։
Կեանքը
այս
կարգի
ծանրացումներ
չունի։
Անոր
խոնարհագոյն
մասնիկն
իսկ
հաղորդակից
է
անոր
ամբողջականութեան։
Բայց
մեր
արուեստը
դեռ
չէ
ընդգրկած
կեանքին
տիրապետութիւնը։
Աւելի՜ն։
Ինքն
է,
որ
կը
յաւակնի
զայն
կաղապարել։
Ու
պէտք
է
ձգել,
որ
սահին
ամիսները,
իրենց
օրերուն
մէջ
փշուր-փշուր։
Ու
հասնին
ձիւները,
առողջներու
համար
այնքան
հաճոյական։
Յետոյ,
դարձը
նաւահանգիստը։
Տղուն
անցողակի
երեւումը
պայրամներու
առիթով,
մայրենի
տան
մէջ։
Յետո՞։
Անշուշտ
այդ
յետոն :
Ապաքինած
իր
քրոջը
հետ
իր
մենարանը
դարձին,
Սէրվինազ
հանըմ
Հանդիպումը
պիտի
ընէր
ցաւերուն
ցաւին։
Գրուած
է,
որ
Արեւելքի
կիները
կը
հանդուրժեն
աւելի
քան
Արեւմուտքինները։
Թերեւս
դիտողութիւնը
կ՚երթայ
անոնց
ֆիզիքական
տարողութեան։
Չունենալով
հանդերձ
արեւմտեան
կիներուն
նրբացած
ջղային
սարուածը,
կինը
Արեւելքի
մէջ
կը
զգայ
մէկ
ու
խոր։
Ցա՞ւը։
Չէր
անիկա
յստակ։
Մա՛նաւանդ՝
ոչ
յանկարծահաս,
ինչպէս
կը
սիրեն
ըլլալ
մեզ
կործանող
այդ
անծանօթ
հիւրերը,
օրին
մէկը
բախելով
մեր
դուռը
ու,
մտնելէ
յետոյ՝
մեր
դագաղին
իսկ
հետեւիլ
չուզելով,
վասնզի
կը
ծուլանան
մեր
անցումին
վերջն
ալ,
իրենց
ազդեցութիւնը
թունաւոր
կապերու
նման
տարածելով
մեր
հոգեկան
հիւսուածին
–
մեր
պարագաներուն
–
ալ
վրայ։
Չէր
ատիկա
տարազելի,
մօտէն
ու
հեռուէն
հանգիտութեամբ
մը,
տախտապարող
խոշոր
աղէտներուն
նման,
որոնք
կ՚ընդունուին
մեր
տխրութենէն՝
ինչպէս
բնական
անխուսափելի
երեւոյթներ,
–
երկրաշարժ
կամ
կայծակ։
Անոնց
հարուածին
տակ
մեր
միտքը
կը
լռէ։
Ո՞ւր
դնել,
ինչպէ՞ս
տնտեսել
ու
ըմբռնել
խուլ
ու
պղտոր
այն
անձուկը,
որ
կը
թրթռայ
մէջէդ,
բայց
կը
թուի
դուրսէն
թափիլ
որոշ
աղբիւրէ
մը,
որուն
պիտի
չուզէիր
հաւատալ։
Որ
կը
պարուրէ
քեզ,
ինչպէս
մշուշի
շապիկ
մը,
բայց
կը
սահի
մտքիդ
մագնիսէն,
առանց
նուաճուելու
ու
քանի
մը
քայլ
անդին
կը
կառչի
շուքիդ,
թանձր
ուրուականի
նման,
յամառ
ու
ամբարիշտ։
Որուն
կը
հրուիս,
հակառակ
կամքիդ,
հասկնալու
ճիգիդ
համար
իսկ
պատճառած
տեսակ
մը
հոգեկան
հիւծախտ,
անոր
նման
դաւադիր
ու
անմեղ,
որ
կը
սողոսկի
հոգիին
մութ
ճամբաներէն,
հազիւ
լսելի
շշուկովը
իր
սղոցին
ու
օրին
մէկն
ալ
կը
տեղաւորուի,
տանտէրի
նման։
Այն
ատեն
միայն
զայն
կը
հասկնանք,
երբ
արդէն
վճռուած
են
մեր
օրերը։
Ամիսով,
ամիսներով
անիկա
պիտի
մաղաղկէր
այդ
ցաւէն։
Տարակոյսին
ու
իրականութեան
փոփոխակի
ալիքներուն
ընդմէջ
ծեծուելով
ու
ծեծուելով։
Տառապանքին
մարզանքը
բարիք
մըն
է,
Զենոնի
օրերէն
իսկ։
Անո՞ւնը
ցաւին։
–
Չուզեց
տալ,
ինքը
իրեն։
Բայց
փնտռեց
օրը,
ուրկէ
ասդին
սկիզբ
էին
առած
էրկանը
մտերմութիւնը,
յաճախումները
իրենց
նոր
ընտանութեան։
Հազիւ
պարմանի
սա
աղջկան
հեղինակութի՞ւնը,
լիակատար
գազանին
վրայ,
որ
իր
ամուսինինն
էր։
Զսպանա՞կ։
Ստոյգ
էր
Էտհէմ
պէյին
վերադարձը
դէպի
իր
կինը։
Սէրվինազ
հանըմը
երկար
վարակումներէ
յետոյ
հարկադրուեցաւ
համակերպիլ
պատկերին։
Անոր
ամուսինը
հո՜տ
էր
առած։
Ինչպէ՜ս
ամէն
բան
ինքզինքը
կը
կրկնէ
սա
մեր
աշխարհին
մէջ։
Կիները
դժուար
կը
սխալին
սեռին
բաւիղներէն։
Անիկա
մօտ
էր
խենթութեան։
Ամիսներով
իր
կնոջը
յարկաբաժինին
մէջ
չհնչող
ոտքերը
պէյին,
տեղի
ու
անտեղի
դանդաղել
առին
անոր
սրահիկներուն
մէջը։
Դո՞ւրսը։
Այսինքն՝
իր
բուժումի
դրած
կտորնե՞րը։
Սեռին
մարզանքը
նմա՞ն
է
ուրիշներու։
Սադիրները
տարիքէն
դժուար
կ՚ընկճուին։
Ու
թուրք
առածը
բնութքը
կը
կապէ
հոգիին,
մոլութիւնները
յայտարարելով
անջնջելի։
«Հոգին
չելած՝
չ՚ելլեր
բնութքը»։
Պատրուա՞կ՝
սա
յամեցումին։
–
Որքան
որ
կ՚ուզէք:
Փո՛ւճը։
Կարկտա՛ծը։
Իրա՛ւը։
Սո՛ւտը։
Սեռը
մարմինին
բան
չի
հարցներ,
երբ
բողկուկները
կ՚արձակէ
ու
յիսնամենի
աւերակոյտէ
մը
կատաղի
պատանի
մը
կը
լաստակերտէ։
Անիկա
կը
մտնէր
տարիներով
մոռցուած
այդ
առանձնարանէն
ներս,
լրջացած
ու
զգօն
մարդու
քալուածքով։
Դէմքը
յարդարած,
ածելիէն
ու
ժպիտէն։
Տեսակ
մը
մարմնական
լիութիւն,
կլորութիւն,
փայլ՝
կ՚ընէին
այս
յաճախումները
աւելի
հանդիսաւոր,
օծուն
ու
անմեղ։
Դիմա՞կ,
ինչ
որ
կը
կրէր
անիկա
այդ
պահերուն
իբր
երես։
Ո՜վ
գիտէ։
Կարծես
ուրիշ
բան
չըլլար,
եղած
չըլլար
անոնց
տէրը։
Քաղցր։
Հաճոյակատար։
Նազելի՜։
Որ
իր
բնականութեան
մէջ
կը
թաղէր
անոր
շարժումներուն
խստութիւնը,
շեշտին
գեղեցիկ
ուժը։
Գուրգուրալով
իր
պէյութեան
տիտղոսին,
ուրիշներու
բերանէն
զայն
պահանջելով՝
առանց
ծիծաղելի
դառնալու։
Կի՞նը։
–
Անիկա
կը
խրտչէր
սա
աղապատանքէն,
պարզութեանը
մէջ՝
սրտառուչ,
բայց
նպատակովը
թափանցիկ։
Ա՛յնքան՝
որ
զայն
կ՚ընդունէր
օտարականի
դարպաս
մը
ինչպէս։
Դիտուած
է,
որ
կիները
իրենց
էրիկները
կրելու
ձեւ
մը
կը
ճարճարեն,
քանի
մը
տարիներու
կենակցութենէ
վերջ
ու
իրենց
օղերն
ու
անկողինները
կնիքը
կ՚առնեն
այդ
կրելու
ձեւին։
Այս
յարմարացումը
երկուստեք
կը
դառնայ
ընտանիքին
նկարագիրը։
Շեղում
մը
կը
տպաւորէ։
Թրքուհիները
–
այս
բառը
կ՚ընդգրկէ
քաղքենին,
դուրս
ձգելով
գեղջկուհին,
որ
գրաստ
մըն
է
տունին
մէջ,
ճիշդ
ու
ճիշդ
ընկերը
ախոռի
մատակին,
անկէ
նուազ
արժէքով,
բայց
անոր
չափ
օգտակար
–
ուրիշ
կիներէ
աւելի
մղուած
են
սա
բացառիկ
վիճակներու
վերլուծումին,
քանի
որ
այլապէս
անզբաղ
իրենց
ժամանակը
զանոնք
կ՚ընէ
տրամադիր
այս
գիծի
ենթակայական
տպաւորութիւններ
խորացնելու
ու
տանելու
իրենց
հոգեբանական
իմաստին։
Անոնք
անվրէպ
ստուգութեամբ
մը
կը
ճանչնան
իրենց
էրիկները,
անոնց
ախորժակները
իւրացնելով
տիրական
դիւրութեամբ։
Ու
կը
զգան
անդունդը
շատ
հեռուներէն։
Սեռը,
իր
գիտութիւնը,
իր
պաշտամունքը
անոր
մէջ
հասած
են
անգերազանցելի
կատարելութեան,
վասնզի
ընտանիքին
խարիսխը
հաստատուած
է
այդ
զգացումին
վրայ։
Անկէ
գօսացում
մը՝
կնոջ
արձակումը
կը
հարկադրէ
անխուսափելի
կերպով։
Կու
գար,
պիտի
գար
անոր
էրիկը
հետզհետէ
աւելի
յաճախ։
Հոգեպէս
իսկ։
Բարի,
–
երանգ՝
որ
թուրքին
կարգ
մը
շարժումները
կ՚ողողէ,
պատրանք
ստեղծելու
չափ
դուրսէն
դիտողներու,
եւրոպացիներ
ասոնք,
որոնք
առիթը
չեն
ունեցած
ալիւրի
թաթխուած
այդ
օծութիւնը
տեսնելու
իր
իսկական
գոյնին
մէջ։
Էտհէմ
պէյը
փառաւոր
նմո՜յշ
մը
այդ
տիպարէն։
Սիրաւէտ
ու
գողտր,
ինքզինքը
հերքելու
չափ
իր
անցեալէն
ու
համբաւէն։
Կը
նստէր
բազմոցին,
նման
միւսլիւմանի
մը,
որ
նամազ
կ՚առնէ,
երկու
ոտքերը
կռնակի
կողմէն
նստարան
յարդարած
իր
իրանին։
Այդ
դիրքին
անոր
պակասը
կանաչ
կամ
դեղնաւուն
փաթթոցն
էր,
շինելու
համար
իր
ժողովուրդը
աղօթքի
առաջնորդող
մոլլան։
Կու
գար,
շէնք–շնորհք
էրիկի
մը
նման,
ուշն
ու
ուրուշը՝
կնոջը
ականջները
անոր
բառերուն։
Խե՞լքը։
–
Հաւանաբար
ան
ալ՝
սա
տառապանքէն
սրբացած
կնիկին,
որ
իր
նիհար
տրտմութիւնը
կը
խնայէր։
Բայց
մոռցած
ըլլալով
տանտիկինի
իր
պարտքերը
–
վասնզի
չէր
եղած
ատիկա
նոյնիսկ
ամուսնութեան
առաջին
տարիին
-
քիչիկ
մը
կը
նեղուէր
այդ
«օտարականէն»,
ինչպէս
կը
վկայէր
ինքնիրեն,
մեկնումէն
յետոյ,
իր
մէջ
բուսնող
տրամադրութիւնը
բացատրել
ջանալով։
Այս
հոգեկան
վիճակը,
իր
արտասովոր
զգայութիւններով
անոր
մէջ
կը
դառնար
նոր
խղճահարութեան
մը
աղբիւրը,
իր
դէմ
պարզուող
բնականութեան,
սիրտբաց
գուրգուրանքին,
ընտանութեան
առջեւ,
անիկա
կը
մղուէր
մեղադրել
ինքզինքը։
Անշուշտ
տառապած
էր
շատ,
որպէսզի
զգայութեանց
սա
ճամբով
յառաջանար
անիկա՝
վերաքննութեան
ենթարկելու
չափ
վճիռները,
որոնք
իր
ամուսինը
կը
դատէին,
իր
մէջ՝
ինչպէս
իրմէն
դուրս։
Կ՚ընէր
այս
վերապահումը,
վասնզի
անհանգիստ
գիտէր
ինքզինքը,
առանց
որոշ
պատճառներու։
Արդարութեան
եւ
բարութեան
պահանջքը
մեր
գոյնին
կը
նմանի։
Զայն
կը
բերենք
մեր
արիւնին
ճամբաներէն։
Այս
վերլուծումը
առաջին
ամսուան
զգայութեանց
վրայ
կաշխատէր
անոր
մէջ։
Ստոյգը,
անծածկելին,
–
Էտհէմ
պէյին
մէջ
դիտուած
փոփոխութիւնը։
Ու
անոր
կինը
ազնուական
էր
բաւական,
ուշացած
խղճահարութիւն
մը
յատակ
ընդունելու
սա
այլացումին։
Ով
գիտէ
մարդոց
արարքները
ի՛նչ
զսպանակներու
կը
հպատակին,
մա՛նաւանդ՝
Էտհէմ
պէյի
գիծէն։
Ինչո՞ւ
կը
հարցնէր
սակայն,
անոր
ամէն
մեկնումէն
յետոյ
իր
փոքր
քրոջը։
Ը
–
Ինչպէ՞ս
կը
գտնես
պէյպապան։
Ամչնալով
կատարուած
սա
հարցո՜ւմը։
Զոր
ըրած
ըլլալուն
կու
լար
քիչ
վերջը,
առանձնանալու
առիթ
գտնելով
անպատճառ։
Ինչո՞ւ
կը
հարցնենք
ինչ
որ
գիտե՜նք։
Վասնզի
անոր
գիտցածը
ուրիշ
բան
ալ
էր...
–
Կե՞ղծ։
Չէր
անշուշտ
ինչ
որ
այդ
մարդով
իբր
աղապատանք
ու
փափկութիւն
կը
մտնէր
ներս
իր
առանձնարանէն։
Սեռային
կողմնացոյցը
–
մարդիկ
գութին
մէջ
ամէնէն
շատ
մօտ
են
այդ
զգայութեան
–
ապահովագոյն
գործիքն
է
զգացումներու
հոսանքին
վրայ։
Ու
միւս
կողմ
էն՝
այդ
զգացումը
դժուար
կը
գունաւորուի։
Ուրիշ
բան
է
կեղծելը,
ուրիշ՝
խաբելը։
Այս
վերջինը
սեռ
է
դարձեալ։
Ու
սեռը
կը
խաբէ
այնքան
բնական
ու
հարազատ,
որ
շրջուած
իրականութիւն
մը
կ՚ըլլայ։
Շարժառիթներու
պարզութիւնը,
ցամաքութիւնը,
նախնականութիւնը
մեզ
կը
զարմացնեն
ամէնէն
շատ
սեռային
ոճիրներու
կալուածին
մէջ,
ուր
դէպքերը
կը
վարուին
մանկունակ
ըսուելու
չափ
անխճող
խաղով։
Գողութեան
քիչիկ
մը
բարդ
ձեռնարկը
մեծատարած
գործողութիւններ
կը
հարկադրէ
միտքին։
Մինչդեռ,
ամէն
ինչ
կարճառօտ
է
բռնութեան,
բռնաբարման,
ու
ասոնց
հետեւանք՝
սպանութեանց
processusին
մէջ,
ա՛յնքան՝
որ
դիտողներէն
ոմանք
այդ
վիճակը
չեն
վարանած
սեռային
խենթութիւն
որակել,
հանգիտօրէն՝
ալքոլով
առթուած
միւս
յիմարութեան։
Ու
անցան,
այս
կիսաստուերին
մէջ,
առաջին
ամիսները։
Տարիներու
իր
փորձառութեամբը
ամրակառոյց,
Սէրվինազ
հանըմը
ի
վերջոյ
պիտի
պարտաւորուէր
ընդունիլ
սա
գորովանքը,
փութկոտութիւնները,
դժնդակ
երկուութեան
մը
աքցանին
մէջէն։
Ապականութիւնը
հոտ
մը
ունի՝
ինչպէս
թունաւոր
կազերը։
Մեր
մէջ
անիկա
կասկածներ
կը
ստեղծէ,
բայց
կը
մնայ
միերես,
այսինքն՝
մեր
կասկածներն
ալ
կը
ներկէ
իր
գոյնով։
Անմեղութիւն
է
հարկաւոր,
որպէսզի
այդ
կասկածները
անձնանան,
ելլեն
կարկառի։
Ու
ընդլայնելով
ծիրը
սա
դիտողութեանց,
պէտք
կ՚ըլլայ
կենալ
մեղքին
ալ
առջեւը,
ու
զայն
դատել
անոր
հանդէպ
սուրբերուն
զգացած
գարշանքին
պրիսմակուած,
որ,
այդ
միամիտ
խաղարկութեամբ,
կը
դառնայ
իր
կարգին
անուշիկ
մեղք
մը,
խեղճ
ու
շրջուած
առաքինութեանց
իբր
խեփոր։
Այդ
է
պատճառը,
որ
կինը
տառապի
ուրիշի
հաշուոյն,
բայց
ինքզինքը
ընէ
մանկան
չափ
անխելք,
երբ
առնուած
է
սեռին
յորձքին
մէջ…։
Յիմար
չէր
սակայն
անիկա,
պատրանք
ձեւելու
համար,
իր
ամուսինին
մեղսակարան
կտաւէն։
Բայց
աղջի՞կը։
Այսինքն՝
մատ
մը
աղջիկը։
Ու
անոր
հոգիին
խորը՝
կասկածին
կարիճը,
ոլորուած
ու
լուռ:
Զգաստ
իր
րոպէներուն,
անիկա
պատրանք
ալ
չունէր
մեր
մարմինին
կարելի
ապականութեան
մասին,
ինչպէս
անով
ցոյց
տրուած
գեղեցիկ
մաքրութեան։
Անիկա
պիտի
չուզէր,
մինչեւ
իսկ
անձին
գնովը,
պղտորել
անարատ
հոգին
սա
աղջկան,
զոր
տարտամ
նախազգացում
մը
դերի
մը
կը
թուէր
կանչել,
շատ
հեռուներէն,
իր
տունին
համար։
Ամէն
մանչու
մայր
այդ
հեռազգածութիւնը
կը
փայփայէ
իր
մէջ
ու
կը
նայի
աղջիկներուն,
կեսուրի
շուքով
…։
Բայց
չես
գիտեր
ի՛նչ
ազդմունքով
մը
կը
թռէր,
կ՚երթար
սա
միամիտ
վստահութիւնը։
Պէյին
մէկ
բառը,
ժպիտին
կտորը
կամ
քիչ
մը
աւելի
հակումը
դէպի
քրոջը
մարմինը
անիկա
կը
մեծցնէր
շատ
աւելի,
քան
իրենց
տարողութիւնը։
Այդ
յուզումները
զինքը
կը
մղէին
յուսահատական
որոշումներու։
Ո՞վ
կ՚արգիլէր
զինքը
հեռացնել՝
սա
նորածիլ
աղէտը՝
կը
հարցնէր
ասիկա
ինքը
իրեն։
Ու
պատասխանը
կու
գար
միշտ
իրմէն.
–
Բայց
ո՜ւր։
Բոլոր
ազնուորեարը
ամուսնութեան
մտածելէ
առաջ,
համբաւի,
դիրքի,
դրամի
երազ
մը
կ՚այցուի։
Սէրվինազ
հանըմը
իր
քրոջը
մասին
ունէր
այն
ամէն
փափաքները,
որոնք
բողբոջներու
պէս
ծլան
անոր
պարմանիի
սրտին,
բայց
չբացուած
թոռմեցան։
Ոչ
մէկ
գնով
անիկա
իր
բոյրը
պիտի
չծախէր
գազային
ապականած
էֆէնտիներուն,
որոնք
դիւանի
մը
իրենց
ամսականները
կը
ծախսէին
իրենց
արդուզարդին
կամ
գեղացի
ծագումով
մեծահարուստ
աղաներուն,
որոնցմէ
ամէնէն
կարկառունը
իր
ծոցի
գազանն
էր
արդէն։
Ու
անխուսափելի
կերպով
անոր
միտքին
կը
ներկայանար
Պոլիսը,
փարթամ
ու
անիրական
այդ
քաղաքը,
որուն
խորհուրդը
կը
վրիպի
ուղեղին՝
որքան
զգայարանքներու
հերոսներէն։
Բացի
ահաւոր
հեքիաթէն,
զոր
քանի
մը
կայսրութիւններ
իբր
արիւնաթաթախ
ու
ականակուռ
պատմուճան
մը
նետած
են
իր
ծոցին
գործուած
հսկայ
ոճիրներուն,
այդ
քաղաքը
իր
թագուհիներն
անգամ
կ՚ուզէ
տարբեր։
Բիւզանդիոնի
կայսրուհիները
չեն
նմանիր
Ողիմպիադաներուն,
Կղէոպատրաներուն…։
Աւելի
համեստ
պայմաններու
վրայ,
հոն,
կինը՝
ախտաւոր
ու
գեղեցիկ,
թշուառ
ու
հզօր՝
կը
մղուի
մէկ
ու
միակ
իմաստի։
Սեռը
այդ
քաղաքի
կիներուն
համար
շրջան
մը
չէ
կեանքէն,
այլ՝
ամբողջութիւնն
իսկ
այդ
կեանքին։
Աւելի՛ն։
Ուրիշ
ոստաններ
կը
պատմեն
արու
ոճը։
Հոն
ամէնէն
տիրական
կառույցները՝
պալատները,
այսինքն՝
կիներու
մեծ
ջերմոցները։
Ամէն
բան
այդ
կառոյցներուն
ամբարձումին
մէջ
ենթարկուած
է
կիներու
աճումին,
պահպանումին,
վայելումին։
Թուրքերու
ձեռքն
անցնելէ
ասդին,
այդ
պալատները
կանանոցներ
են,
ուրիշ
բան
ըլլալէ
առաջ։
Թուրքերու
առաջին
մայրաքաղաքը՝
Պրուսան՝
միայն
մզկիթ
է
շինած,
անոնց
ձեռքը
իյնալէ
ետք։
Պոլիսը
կիներու
քաղաքն
է։
Ու
ատիկա
ձրի
ընդհանրացում
մը
չէ։
Ոչ
մէկ
քաղաքի
մէջ
թագուհիները,
սկսեալ
զայն
հիմնողին
սրբացեալ
մօրմէն,
եղած
են
այնքան
հարազատօրէն
հոյակապ
կին։
Ու
արդար
է
զայն
անուանել
թագուհիներու
քաղաք,
ինչպէս
Հռովմը՝
կեսարներու
քաղաք։
Թէոտորան
միայն
կին
մը
չէ,
այլ՝
խորհրդանիշ
մը։
Հեռազդեցիկ
սա
յոյզերէ՞ն
է,
որ
կը
յառնէ,
մինչեւ
այսօր,
անոր
կիներուն
մէջ
անորակելի
զգայնոտութիւն
մը,
նոր
բառով
մը՝
պովարիզմը,
որ
դիւանապետին
աղջիկն
անգամ
կը
հանդերձէ
կայսերական
առագաստին,
ու
ասիկա՝
առանց
ֆլօպէռեան
հերոսուհիին
իմացական
զսպանակներուն...
։
Էտհէմ
պէյին
կինը
դեռ
կը
պահէր
անայլայլ,
խորը
իր
հեռաւոր
անձին,
այն
նրբենի,
էգ
ու
նամէտ
զգայութիւնները,
որոնք
անոր
պարմանութեան
քանի
մը
տարիները
ըրեր
էին
այնքան
անուշ,
անիրական,
անմատչելի։
Տասնըհինգը
տարիք
չէ
այդ
ափերուն
վրայ,
այլ՝
ուղիղ
հեքիաթ։
Ամէն
աղջիկ,
փաշա
թէ
պէյ
կամ
աղա
ունենար
իրեն
հայր,
լաչակին
ձիւնին
մէջ
կամ
արիւնին
մէջ
կամ
սատափին
մէջ
մտնելէ
ետքը,
մէկէն
կ՚անջատուէր
կեանքին
առօրեայ
իրականութենէն։
Ու
կ՚ելլէր
պտոյտի,
մանր
ու
դալկահար,
դէպի
պողոտաները
լռանիստ
եալըներուն,
որոնց
հնօրեայ,
երկաթացանց
պարտէզներուն
ներսը,
իշխանազունները
երկու
սեռէ,
իրենց
տարփանքները
դրեր
էին
աճումի։
Ու
երազելով–երազելով,
լալով
ու
համբոյր
մուրալով
այդ
անմատոյց
ասպետներէն,
պիտի
անցընէր
գլխուն
դասական
ֆերաճէն,
երթալ
փշրուելու
համար
սանկ
քառսուննոց
քեաթիպի
մը
մահիճը։
Այս
անխուսափելի
խարակը,
կուսութեան
սափորին։
Որմէ
յետոյ
պիտի
կրէր
իր
էրիկը
ճշմարիտ
գերութեամբ
մը։
Վասնզի
այդ
քաղաքին
մէջ
թրքուհիին
էրիկը
բանտն
է,
երազին
բռնադրուած
շապիկը։,
Այսպէս
կը
տառապէր
իր
անցեալին
հեղմունքէն
ու
ներկային
անգթութենէն
տարաբախտ
կինը
ու
կը
հարցնէր.
–
Ո՜ւր։
Միւս
կողմէն՝
կեանքին
մէկ
յատկանիշն
է
կանգ
չառնել։
Ցաւ
թէ
հաճոյք
կրեն
անոր
ջուրերը,
պիտի
քալեն,
մեզի
քիչ
կամ
բնաւ
բան
չհարցնելով։
Ու
այդ
կեանքը
պիտի
քալէր
նոյնիսկ
սա
ոճրաստանին
ծոցը։
Մինչ
կը
շարունակուէին
ճշդուիլ,
աճիլ,
կազմուիլ
ու
գրավիչ
դառնալ
դեռաբուսիկ
շնորհները
Խալիտէ
հանըմին։
Այդ
տարիքը
կը
գործէ
ոստումներով։