Սիւլէյման էֆէնտի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ժ.

 

Չէքիրկէ։ Ջերմուկներու արուարձանը։ Վիլլան՝ ծանօթ։

Հոն, ամէն իրկուն, դպրոցէն դարձին, իր առանձնութեան, կ՚ընդունէր անիկա իր մանչը, այնքան խոր, լուրջ, աղուոր, որ չէր հաւատար իրմէ ծնելուն։ Այդ պատկերին տարօրինակ թարմութիւնը նոր ու սուր ցաւի մը պէս կը հասնէր սրտին, հոն յուզելով յոգնած, բայց միշտ բաց վէրքը, մահուան կնիքը, ստոյգ ու վճռական իր մերձեցումովը։ Ու կ՚ատէր անիկա այդ մահը, հակառակ անկէ լիովին պարուրուած, զայն տարիներով տարփօրէն փնտռած ըլլալուն։ Մարդոց ողբերգութիւնը ունի այս գիծէ երկուութիւններ։ Տարիներով կը ցանկանք ու կը ցանկանք։ Երբ մօտն ենք հասած, կը հրենք մեզ ետ, առանց գիտնալու։

Անիկա չէր հաւատար մահուան, հիմա՝ որ մէջն էր արդէն անոր։ Բժիշկները ամիսով կը խօսէին անոր տղուն։ Կը զեղչեմ այդ շիջումին նիւթական պատկերը, որ սրտի քրոնիկ ու անողոք հիւանդութեան մը ձեւը ունէր, հետզհետէ սպառող անոր ուժերը, բայց դարձնելով անոր հոգիին գողտր, մարդկօրէն բարձր վերափառք մը։ Իր մարմինին ուռելովը, անդամներուն ծանրանալովը, անոր աշխարհիկ ըղձաւորումները կարծես ասպարէզ կ՚իջնային։ Անիկա մտքով հաշտուած էր ինքզինքը ձգել։

Բայց ինչպէս ձգել ա՛ն՝ որ մեր կտորն է, մեր ճիկեր էն փրթած երկրորդ մասը։ Որո՞ւ՝ որո՞ւ՝ սա զմայլելի պատկերը տղուն, ուր մօրը նրբութիւնը, ներդաշնակութիւնը, գերդաստանին իմացական ճառագայթումը եւ ապրելու, փայլելու արփաւէտ աճման սահմանւած շքեղ տեսակի մը բոլոր առաքինութիւնները կը թուէին ժամադրուած ըլլալ։ Որո՞ւ՝ ինչ որ այդ տղուն պարմանութիւնը ձեւաւորեց, սեպհական կուրծքին տակ, աշխարհը բաբախման տանելով քաղցր կայլակի մը կաթովը իր տղան դիեցնող ամէն մայր աշխարհէն մեծ կը զգայ ինքզինքը ու կեանքը թանձրացուց, գիրկ մը միսի մէջ զետեղելով անբաւութիւնը մայրենի երազին, որուն կտաւը կը հիւսեն ուրիշ երկինքի մը մէջ։ Որո՞ւ՝ ինչ որ պահեցինք խորունկ՝ մեր սրտի տունին ու վստահեցանք ուրիշ ոչ ոքի, բացի մեր զաւկէն։ Ու տակաւին անիկա չէր հարցներ աւելի տրտումը։

Անիկա խօսեցուց իր տղան։

Զգոյշ։ Վախնալով։ Վասնզի հայր մը ունէր այդ տղան, որուն ամօթը արդէն դիզուած էր անոր նորեկ ուսերուն։ Ինչպէս պիտի դատեն տղաք իրենց հայրերը, երբ կը մեծնան մինակնին։ Վախնալո՞վ։ Ի՜նչ ունէր լսելիք մատաղ այդ շրթներէն, որպէսզի մոռնար նոյնիսկ իր հիւանդութեան տագնապանքը, նստէր մահիճին ու խնկագոյն մատներովը իր խարտեաշ խոպոպները ազատէր քունքերուն սոսինձէն։

Ու անոր շունչը կ՚ամրանար, մտածումէն ուժ առած։ Գաղջ իրիկուն մըն էր դուրսը։ Ու բանջարնոցներուն մէջերէն տաք ջուրերուն շոգին երանգ կ՚առնէր ու կու տար իջնող արեւէն։ Անուշ հոտեր կը մտնէին ներս պատուհանէն ու կաթի ծով կար երկինքի մէկ մասին։ Լեռները՝ խորունկ, ու կեանքը՝ հեռու, տրոփուն, խորունկ, ան ալ քաշելով ինքզինքը դէպի բացերը տարածութեան։

Ու անոր բառերուն մէջ գո՜լը՝ խոր էր անյուսութեան։ Շամանդաղումը իր կործանած կեանքին։ Մշուշուած, հարսնեւոր կարօտը՝ աշխարհին անուշիկ համերուն, գերեզմանի պաղէն առաջ։ Մայր էր անիկա, այդ թախծոտ պահուն։ Ինչպէ՜ս, հարցում է հարցում, յիշատակէ յիշատակ՝ անիկա կը կտրտէր ինքզինքը շերտ-շերտ, ցոյցի բերելով անողոք պարապը, բանտը, որով ապրեր էին անոր ոսկորները, դրուած այրումի՝ կրակին դէմ մարդերուն ամէնէն վայրագին։ Բայց խորունկ զգուշութեամբ։ Իրմէն աւելի տղան մտածելով։ Հարցնելով անոր՝ իր ախորժակներէն ու չգիտնալով, որ իր զրկանքները կը տեսարանէր սրտառուչ միամտութեամբ։ Կի՞ն, անիկա՜, որ Պոլսէն ասդին չէր իսկ անգամ մը հագուած սիրտին սիրածովը։ Կի՞ն, անիկա՜, որ չէր անցուցած գիշեր մը ամբողջ խաղաղ իր բարձին, առանց այցուելու արցունքին կսկումէն։ Ոսկիին ու պերճանքին, բեհեզին ու աշխարհիկ ունայնութեանց գոհարակուռ սարիքին մէջ, կան սա կիները՝ խորապէս դժբախտ, բայց փարատոքս ը կ՚իրագործէին ատիկա զգալու, վասնզի չեն գիտեր ոչ թէ ցաւին զգայնութիւնը, այլ՝ դէ՛մքը։ Վասնզի լաւ իմացէք, մատաղ կամ հասուն, մեր ողբերգութիւնը մեր դէմքը կը հագնի այն ատեն միայն, երբ պարտուած ենք։ Այլապէս անիկա թաղուած է մեր նիւթական մարմինին մէջ։ Գաւառացի, գիւղացի, վայրագ պէյի մը տիրակալութիւնը երջանկութիւնն իսկ է անոր, որ կին է պարզուկ, այսինքն՝ մօտիկ, փափկիկ կենդանի, գեղին մէջ աճած ու ասոր հոգին դեռ չօտարացած։ Մարմնական վայելչութիւնը գեղեցկութիւնը չի նշանակեր այդ մարդոց համարումին մէջ…։ Էտհէմ պէյին կինը բազմադարեան Պոլիս մը կը պտըտցնէր իր արիւնին մէջ ու ատ էր ողբերգութիւնը։ Եթէ մեր միտքը դիւրաւ կ՚ընդգրկէ երկու դար մզկիթ, մինարէ, փաթթոց ու ճէննէթ, ու կ՚ըմբռնէ կողոպուտ ու ջարդ, մեր հոգին ու, մա՛նաւանդ՝ անոր զգեստ մեր մարմինը, այդ երկու հարիւր տարուան ընթացքին պիտի կրէ իր կարգին նրբութիւնը, շրշինը, շիջանուտ բոցը, որ Պոլսոյ հանըմներունը ըլլալէ առաջ, ջուրերունն են, բլրագիծերունը, դարաստաններունը։

Ու Պրուսան։ Մահուան քաղաք, ինչպէս ամէն ջերմուկով ոստանները, ուր այնքան քաղաքակրթութեանց աւերակները կը պառկին ողջ–ողջ, կարծես երէկ բաժնուած զիրենք կանգնող ձեռքերէն։

Անոր կռնակի գեղակերտ զառիթափէն մահուան ծառերը, այդ պէս տարտղնուած, կերոն–կերոն, ամէն ուղղութեամբ աչքի դէմ բերելու համար սեւ այն տարազը, որ նոճերունն է մեր մարմինին շքեղութիւնը այդ ամփոփ կաղապարին վերածող։ Որոնց իւրաքանչիւր ճիւղիկին ապահովաբար աղջկան մը սիրտն է հանգուցուած։ Պրուսա՜ն, Հեշտ ու դեղձան, վարդի ու դեղձի քաղաք, ուր հողը կը սիրէ մետաքսանալ ծառերուն՝ ինչպէս այտերուն վրայ ու մահը, գետնէն սողոսկուն շոգիներու շուրջառովը կը պտըտի, պարտէզէ պարտէզ, բաղնեկամարէ բաղնեկամար։

Կինն էր անիկա, անցած՝ ցաւին բոլոր բերաններէն, զրկանքին ասեղներէն, ու շամփուրին վրայ՝ ցաւերու ցաւէն։ Մատնուած՝ քրոջմէն, զոր կը սիրէր իր անձին չափ։ Հիմա՞։ Դրուած՝ ահաւոր հարցումին առջեւ, զոր ամէն մահամերձ պիտի ընէ ինքը իրեն.

Որո՞ւ, աս աղուոր, զմայլելի տղան։

Որուն համար անիկա հանդուրժեր էր դժոխքը իր երիտասարդութեան։

Հօ՞րը։

Որ իր հաճոյքի գիչերներէն ժամ մը իսկ պիտի չզոհէր այդ զաւկին սիրոյն։

Քրո՞ջը։

Որուն մարմինը խակ էր խելքէն աւելի ու, աղէտի մը դուռը՝

իր զաւկին համար, թելադրելով սա աղէտը՝ տարօրէն յստակ։

Ու կը հարցնէր, աչքերը փակած, առանց գիտնալու, թէ պատգամի մը նախամասերը կը բանաձեւեր։

Որո՞ւ։

Բայց ոճիրի՜ն, ամէնէն դժխեմ ոճիրին, փափուկ, տարօրէն անուշ սա քերթուած-տղան, որ ծնունդ առած ոճիրներու բերդի մը մէջ, սահմանուած էր իյնալու անարեւ ու չբացուող վիրապին։

Անոր մայրը, անոր հօրը մեղքերուն հանգոյցովը հիպնոսացած, չէր կրնար կեցնել հարցականին սլաքը, որ կը փորէր անոր ուղեղը, հետզհետէ աւելի խոր։ Գիտուն չեն կիները։ Անոնք անտեղեակ են ժառանգական վարդապետութեանց պատգամներէն, բայց լսած են ժողովրդական առածները, որոնք տղան կը կապեն հօրը…։ Անոր ուղեղը կը կակուղնար վախու խուժումէ մը, երբ կը հետեւէր չարաշուք սլաքին հօրը մեղքերուն, վտանգները հասցնելով մինչեւ անուշիկ նայուածքին առջեւը այդ մանչուն։ Նուաղում։ Գլխու պտոյտ։ Անշուշտ։ Մահուան մէջ մարդիկ անդառնալի բաներուն զգայարանքը ունին։ Անիկա չէր կրնար կեցնել սլաքը հարցումին.

Բանտի՞ն, թէ մահուան։

Ամօթի՞ն, թէ անդարման գայթակղութեան։

Պատիւով աճմա՞ն, պէյութեա՞ն, փաշայութեա՞ն, իր այնքան սիրած հայրենիքին մէջ մեծ սպասի՞։

Կիներէն տառապանքի՞։

Ամէն մայր երկուքի տեղ չորս աչք ունի։

Հեռազգածութիւնը մասնագիտութիւն մը չէ։ Հաւանաբար կապուած է մարմնեղէն կարգ մը հաստ բաներու նուազումին, որոնց փոխարէն ոգեղէն զգայութեանց ուրիշ դրութիւն մը առաւելակշիռ կը դառնայ այդ կիսամաշ արարածներէն ներս։ Վհուկները, հարցուկները, բախտագուշակները ու մարգարէները առասպելական չեն միայն, այլեւ՝ գերբնականով զգեստաւոր դժբախտութիւններ, որոնք կը սիրեն իրենք զիրենք ու կերեւան առօրեայ սարիքով։

Երազի՞ մէջ, թէ կիսարթուն, անիկա ուրուազգաց բախտը, որ կը սպասէր իր տղուն, երբ խաղաղ վերջալոյսի մը, անոր նայուածքը կը հանգչէր, ինչպէս յոգնած մեղու մը պատուհանին մէջ դէմ դէմի զոյգին տղան ու քոյրը, այսպէս իրարու արեւելուած, անգիտակ մահուան, որ ինքզինքը կը հանդերձէր մահիճին խորը…։ Հոն էր, վիլլային հոտովը, ծծմբախառն շամանդաղովը տրոփուն, խաղաղ երկինքին տակ։ Ի՞նք։ Թեթե՛ւ։ Ցաւերը, սրտին հատնումը, վախերը փունջ–փունջ կը քակուէին իրմէ։ Ու անոնց արձակումովը իր մարմինը ինքզինքը կը զգար ազատ հետզհետէ մեղքին ու վախին որաներէն։

Ու առանց որ կանխորոշ յուզում մը միջամտէր, անիկա կակուղիկ ու շատ պարզ հրաշքով մը ինքզինքը փոխակերպուած կը գտնէր այդ երկու մատաղութեանց վրայ, փոխն ի փոխ՝ նուրբ, խորունկ, գեղեցիկ ու աշխարհ մը կարելիութիւններով բեռնաւոր, ինչպէս բուռն ու անդիմադրելի։ Հոն էր, սենեակին մէջ, անցեալ դէպքերուն ամպերը վրան առած լերան մը նման, որ նոյն այդ հրաշքով կը փոքրանար, վերածուելու համար իր մանչուն պատկերին, իր իսկ ժայթքումը, բայց իր այն մասին, որ մոռցուած կը թուէր, հեռու եւ տարօրինակ, այն հին շրջանէն, երբ այդ տղուն մօտ տարիքով, իր մօրը դէմ ըրեր էր առաջին ցայտքը ընդվզումի այդպէս գեղանի, այսպէս վճռական, բայց այդպէս ալ անբախտ…։ Ինչո՞ւ՝ յիմա՜ր իր զիջումը այդ մօրը կամքին։ Ինչո՞ւ իր յօժարումը սա մեծ տրամին, որ կը շարունակուէր լուծուելու համար նոճիին շուքին, հոն, անոնց զոյգ գլուխներուն մէջտեղ էր սեւ մոմը դրած ու իր կատարի փունջը հարցական պարոյկի մը վերածած…։

Որքան հարազատ՝ ան միւսը նորէն, տարիներու խաւին ներքեւը դեռ անաղարտ մնացած՝ խորը իր կուրծքին եւ որ ելեր էր դուրս, հագած կաղապարը իր մանչուն դէմքին, այդպէս սրբազան, անհուպ, անշամանդաղ, ինչպէս են հոգիները պարման աղջիկնեուն։ Այս զգայախաբութիւնը ինքզինքը կ՚երկարէր շատ աւելի վարերը, իր տղուն վրայ խոնարհած մօրմէն ստեղծելով տասնըհինգամեայ աղջիկը, որ աշխարհին կը նետէ իր խռովքին անդրանիկ հայեացքը…: Փակ էին անոր թարթիչները…։ Հեռո՜ւ, շատ հեռո՜ւ…։ Պարտէզներ, իշխաններու սրտին պարոյրովը։ Որոնց մէջ ծառերէն ոմանք ծաղիկով բեռնաւոր, ուրիշներ իրենց չոր ճիւղերէն որայ-որայ դժբախտութիւն ճօճումի հանած։ Կապոյտ թռչուններ ու աստղազարդ մահիկը…։ Ու երգ ու նաւակ։ Առջին՝ ծովը, կապուտիկ կտաւ, սուտ ձգուածի պէս բլուրէ բլուր…։ Ու պարմանութի՜ւն : Այսինքն՝ մարմինի ձեւով բուխքը հոգիին…։ Ու սիրտին անդրանիկ յուզումները։

Արեւը մօտ էր մեռնելու։

Երկու երիտասարդները թող ներուի այսպէս անուանել զանոնք դարձան մահիճին։ Բարձին ոսկեզօծ սպիտակութեան վրայ անոնց մօրը դէմքը կը հանգչէր խաղաղ։ Ագուցուած թարթիչներուն շուքը յստակ ինկած էր մորթին վրայ, երկարուն ու ոսկի։ Ու ժպիտ մը, որ կը շինէր ինքզինքը դանդաղ ու սխրալի, քիչիկ-քիչիկ այդ հատնումը հանելով գիծերու փայլակին, որ կը լուսցնէ մեր երեսը։ Ու այնքան տխուր էր այդ մահուան ծոցէն ծաթող ուրախ թռիչը, որ երկուքն ալ ցնցուեցան:

Պառկողը բացաւ աչքերը։ Նայեցաւ ու մնաց խաղաղ։ Յետոյ ճառագայթալից։ Վասնզի արեւին սկաւառակը ճիշդ այդ երկու գլուխներուն վրայէն ինքզինքը կը սահեցնէր։ Նախապէս կարմրուկ պսակ, քիչ-քիչ՝ աղեղ, որուն երկու եզրերը մահիկի ձեւով համայիլներ կազմեցին։ Ու անոր տղան ու քույրը՝ հարս ու փեսայ։ Իրեն այնպէս կու գար, որ ինք, երկար տարիներ սա տղուն մարմինն էր ապրեր, ազազուն իր պատեանին տակ։ Ու քո՜ւյրը։ Նորէն ինքը։ Անոր մէջէն ծլարձակ իգութիւնը, շնորհն ու թրթռումը, որոնք սեռը կը շուրջառեն ու աղջիկները ոգեղէն էակներու նման թեւաւոր կ՚ընծայեն մարդոց աչքերուն։ Ի՜նքն էր, այդ ծփուն, կիսաւարտ պատկերը, արուին ետեւէն լարուած ծիածա՜ն ինչպէս ըլլալ է դերը կիներուն բայց զոր խուժ բախտ մը զարկեր էր հսկայ ժայռերուն, աւելի ճիշդը՝ վարսեր ատոր ճահիճին։ Ինչպէս էր մտեր անիկա ծոցը սա կեանքին։ Ու քիչ՝ առածը սա մեծ խնճոյքէն, զոր մարդիկ սովոր են կեանք անուանելու։ Ու կը խնդար անիկա լալու պէս տխուր, տղուն ու քրոջը սա պատուհանին կիսապատկերին դիմաց, վախէն, ամօթէն, յուզումէն, թեւերովը յօնքն ու ճակատը թաղելով