Խիկար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԳՐՊԱՆԻ ՏԵՏՐՍ

Այս տարի եւս մեծ շուքով կատարուեցաւ Իզմիրեանց կտակի մրցանակաբաշխութեանց հանդէսը։

Եւ որովհետեւ յանձնաժողովոյն տեղեկագիրը կը յայտնէր, թէ Ենայի համալսարանի փիլիսոփայական կանտիտադ Պ. Իսահակ Յարութիւնեանցի Հայոց գիրը անուն երկը նոր ուսումնասիրութիւն մը չէր, ազգային եւ օտար ազգի բանասիրաց կարծեաց հաւաքածոյ մ՚էր եւ նոր լոյս մը չէր սփռեր հայկական տառերուն վրայ, որոշուեցաւ ըստ սովորութեան նուիրել մրցանակն, 600 ռուպլի, Ենայի համալսարանի փիլիսոփայական կանտիտադ Պ. Իսահակ Յարութիւնեանցի, իւր Հայոց գիրը անուն երկասիրութեանն համար, որ ինչպէս վկայած էին նորին քննիչք, նոր ուսումնասիրութիւն մը չէր, ազգային եւ օտարազգի բանասիրաց կարծեաց հաւաքածոյ մ՚էր եւ նոր լոյս մը չէր սփռեր հայկական տառերուն վրայ։

***

Ազգային բանաստեղծները բարձր գովեստներով կը խօսին Սէթեանի Յուզման ժամեր անուն քերթուածքին վրայ, բայց կարելի եղածին չափ ցած ձայնով կը խօսին, որ այդ գովեստներն ամէն մարդ չլսէ։ Լուրջ թերթերու մէջ, բացի Երկրագունդէ բանադատական յօդուած մը չերեւցաւ դեռ այս գործին վրայ։ Այս տխուր երեւոյթը կը վերագրենք մարդկային այն տկարութեան, որով մարդս չուզեր գրիչով խոստովանիլ, ինչ որ բերնով կը խօսի։ Սէթեան կրնայ մխիթարուիլ սակայն, երբ համոզուի սա ճշմարտութեան, թէ մեր մէջ լաւագոյն գործերն անոնք են, որոց վրայ քիչ կը խօսուի կամ բնաւ չխօսուիր։

Յուզման ժամերն, որոց վրայ խօսուի կամ ոչ, կ'աղաղակեն թէ բեղմնաւոր բանաստեղծի մը ծնունդ են իրենք։ Իմաստից վսեմութիւն, բացատրութեանց գեղեցկութիւն, ոճոյ յստակութիւն եւ տաղաչափական օրինաց կատարեալ հնազանդութիւն գլխաւոր նկարագիրները կը կազմեն սոյն քերթուածոց։ Եւ այս առաւելութեանց քով հազիւ կը նշմարուին քիչ մը դանդաղութիւն եւ ներդաշնակութեանց պակասութիւն։

Ամէն քնար խորհելու եւ լալու եղանակ մ՚ունի. ազատ թողունք ուրեմն Յուզման ժամերու հեղինակն եւ մանաւանդ քաջալերենք զինքն, որպէսզի ընտիր գործերովն շարունակէ զարդարել մեր գրականութեան աղքատ մատենադարանը։

***

Հրատ մոլորակի մէջ ջրանցքներու բացումը գիտական աշխարհին գլխաւոր ուշադրութեան առարկայ եղած է այս օրերս։

Գրեթէ հաստատուած է, կ'ըսեն, թէ երկրաչափներն մեծ փութաջանութեամբ ջրանցքներ կը բանան Հրատ մոլորակի մէջ։

Ուրիշ կողմէ լուր կը տրուի, թէ աստղագէտ մ՚այդ ջրանցքներէն քանի մը շոգենաւներու անցնիլն իսկ տեսած է, բայց դրօշակները չէ կրցեր տեսնել, որպէսզի իմանար թէ այդ շոգենաւներն Անգլիական էին թէ Իտալական։ Միայն քանի մը նաւապետներու շարժումներէն ու ձեւերէն հասկցեր է, թէ նաւապետներն առանց ջրանցքի տուրք վճարելու անցնիլ կ'ուզեն եղեր։

Իտալացի աստղագէտ մ՚ալ երկաթուղիներ տեսած է այդ մոլորակին մէջ եւ շատ գովեստով կը խօսի կառքերուն մաքրութեանը եւ մանաւանդ քոնտիւքթեօրներու քաղաքավարութեանը վրայ։

Այս քոնտիւքթեօրները, կ՚ըսէ յիշեալ աստղագէտը, չեն հրեր, չեն մշտեր ճամբորդները, կառքերու մէջ տեղաւորելու համար զանոնք որպէս սովորութիւն է Սիրքեճի, այլ կը թողուն եղեր ճամբորդներն մտնել իրենց ուզած կառքերուն մէջ։ Այս կերպով ճամբորդներուն ոչ թեւն եւ ոչ ալ ոտքը կը կոտրի եղեր։ Ասկեց զատ տասնմէկ ժամուան ճամբորդութեան մը համար երկու մեճիտիէ պակաս կը վճարեն եղեր։

Թրամուէյներ ալ կան եղեր, որոնց ձիերը կէս ճամբան չեն իյնար ու մարիր եղեր, այլ մինչեւ որոշեալ վայրը կրնան եղեր քաշել կառքերը։

Կառքերուն մէջ ոչ մլուկ եւ ոչ լու կը գտնուի եղեր։

Հրատ մոլորակի մէջ հոյակապ թատրոններ, թանգարաններ, գեղարուեստական հաստատութիւններ եւս կը գտնուին եղեր։

Միայն չգիտցուիր տակաւին, թէ բնակիչ ալ կա՞յ արդեօք Հրատ մոլորակի մէջ։

***

—Անցած ըլլայ բարեկամ։

—Շնորհակալ եմ։

—Նոր իմացայ հիւանդ պառկելնիդ, անոր համար քիչ մը ուշացայ, ներեցէ՛ք։

—Հոգ չէ։

—Պա՞ղ առիք։

—Յանցանքն իմս է, գիտեմ ես։

—Դուք ինչո՞ւ յանցաւոր ըլլաք։

—Գիտես, ես քիչ մը կը սիրեմ բանաստեղծութիւնը։

—Այո՛։

—Բարով խէրով չսիրէի։ Գիտես ա՛, բանաստեղծները գեղջկական կեանքը միշտ կը գովեն, հովիւը, կ'ըսեն, ծառի մը տակ, առուակի մ՚առջեւ նստած սրինգը կը հնչեցնէ, ոչխարներն ալ դալարի վայրերու մէջ կը ճարակին, չկայ մի՞ եա ասանկ խօսքեր, ես ալ ելլամ ըսի քանի մ՚օր գիւղ մ՚երթամ եւ գեղջկական անմեղ կեանք մը վարեմ, մարդ ես, չե՞ս ըսեր մի, աղբար։

—Կ'ըսես ա՛։

—Ելանք Ալեմտաղի կողմերը գիւղ մը գնացինք։ Երկար չընեմ, հովիւ մը գտայ եւ աղաչեցի իրեն, որ մէկ երկու օր հետը գտնուիմ։ Ընդունեց մարդը։ Հովիւի հագուստ հագայ, հովիւը կը խնդայ ու կը խնդայ։ Առտուն կանուխ ելանք, ու սկսանք քալել մացառներու մէջ, ետքն ալ ճահիճներու մէջ, հոգիս բերանս եկաւ մինչեւ որ արօտավայրն եկանք, ո՞ւր է կ'ըսեն, որ զեփիւռը կը շոյէ եղեր, սրինգը կը հնչէ եղեր, առուակը կը խոխոջէ եղեր… Մրկեցայ, էրեցայ արեւուն ճառագայթներուն տակ. հովանոց չունէի հետս. առուակ ըսածը կանաչ եւ լեղի ջուր մ՚է, որ խմուելու բան չէ, մէյ մ՚ալ ոտքերուս տակը օձի մը գալարիլը չտեսնա՞մ մի… որչափ ձայն ունէի նէ` պոռացի եւ լեղապատառ փախայ։ Հովիւին մնաք բարով ըսելու ժամանակ չունեցայ։

—Վախցար ըսել է։

—Վախնալն ալ խօ՞սք է, բայց միայն վախով չլմնցաւ, գալէս ի վեր իչաղրըսի մը ունիմ, որ չանցնիր, քիչ մը հողի վրայ նստեցայ` անկից ըլլալու է. ա՛ռ քեզի գեղջկական կեանք ու վար նստէ՛։ Զեփիւռը սանկ կ՚ընէ եղեր տէ, սրինգն ալ նանկ կ՚ընէ եղեր տէ… հովիւն ալ երջանիկ է եղեր։ Գետնին տակն անցնին ամէնքն ալ։ Հապա անօթի մնալս… հաճարի ալիւրէ շինուած հաց մ՚որ բերան չդրուիր, քար, յարդ, հող, ամէն բան կայ մէջը, չկրցի ուտել որ։

—Հովուական կեանքին ալ ճաշակն առիր ուրեմն։

—Առինք ա՛։ Բայց կարդացած ժամանակդ, ո՛րքան կ՚ախորժիս, ո՜ւր էր թէ հովիւ ըլլայի, կ'ըսես։

—Այսուհետեւ ուրեմն հովիւներուն վրայ նախանձէ, բայց մի՛ ուզեր հովիւ ըլլալ։

—Ոչ իսկ կը նախանձիմ, բայց բանաստեղծութեան մէջ այսչափ ալ խոշոր սուտ ըլլալո՞ւ է, ամօթ չէ՞, աղբար։ Հապա վախէս լեղիս բրդեր ու մեռնէի նէ. ասանկ բանաստեղծութի՞ւն կ'ըլլայ։

—Բանաստեղծներն ալ յանցանք չունին, բուն երջանկութիւնը կը կայանայ թշուառութիւնը չզգալու մէջ եւ հովիւն այս տեսակէտով երջանիկ է։

—Այսուհետեւ բանաստեղծութիւն չեմ կարդար։

—Կարդա Յուզման ժամերն, որ նորէն սիրես բանաստեղծութիւնը։ Կը վաճառուի բոլոր գրավաճառաց քով, գին` 10 դահեկան։

***

Քոլեռայի դէմ ազդու դեղ մը գտնուած է։

Քոլեռայով պիտի պատուաստեն զմեզ. աւելի պարզ խօսելով, ամէնքս ալ մէյ֊մէկ քոլեռայ պիտի ըլլանք եւ քոլեռայէն չպիտի վախնանք. միայն թէ չպատուաստուած մարդոց չպիտի կրնանք մերձենալ, որպէսզի անոնց չփոխանցուինք։ Եթէ Բասդէորեան այս դրութիւնն այսքան գոհացուցիչ արդիւնքներ յառաջ կը բերէ՝ ինչո՞ւ կ'ուշանան զմեզ պատուաստելու տիփուսով, կարկինոսով, սիքոզիսով, պարազիատապով, էմպեթկոյով եւ այլն եւ այլն. որպէսզի քիչ մը շունչ առնենք։ Նոյնպէս ինչո՞ւ կ'ուշանան զմեզ պատուաստել քիչ մ՚անամօթութեամբ, կտոր մ՚անհոգութեամբ, պատառ մ՚անքաղաքավարութեամբ, որպէսզի չչարչարուինք այս ախտերէն։

Ի վերջոյ, ինչո՞ւ չեն պատուաստեր զմեզ մահուամբ։

***

Ուրախութեամբ կ'իմանանք, թէ տիկին Մատակեան միտք ունի հաստատել Գատը գիւղ մանկանց պարտէզ մը, ուր պիտի ընդունուին չորսէն մինչեւ եօթը տարեկան տղայք։

Կը յուսանք, թէ մեր ազգայինները պիտի փութան քաջալերել նաեւ սոյն ձեռնարկութիւնը։

***

Սրճարանի մը մէջ.

—Քանի մ՚օրէ ի վեր է, որ գլխարկաւոր մուրացկաններ երեւան ելան, ո՞ւսկից կու գան կոր ասոնք։

—Վիեննայէն կու գան կոր շոգեկառքով։

—Պոլսոյ մէջ արուեստ մը մնացած էր ան ալ ձեռւընուս պիտի առնեն աս եւրոպացիները։