Խիկար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԺԱՄԱՆԱԿԻՍ ՊԱՀԱՆՋՄԱՆՑ ՀԱՄԱՁԱՅՆ ԿՐԹԱԿԱՆ  ԾՐԱԳԻՐ ՄԸ

Մեր նախահարք եւ մեր նախահարց նախահարք, առանց ուսումնասիրած լինելու Սբենսերի դաստիարակութիւնն, նախ արհեստ ուսանելու կը հետամտէին եւ ապա իրենց պարապոյ ժամերուն մէջ կը զուարճանային իրարու հետ նարտ խաղալով եւ կռիւ ընելով։ Անոնց մանկութեան առաջին հառաչանքն կաթի համար էր եւ երկրորդն խաղալիքի համար։ Մեր բարեյիշատակ նախահարք` որոնց չենք հաւնիր մենք լուսաւորեալքս` խօսքով եւ գործով կը հաստատէին սա ճշմարտութիւնն թէ նախ սնունդ եւ ապա զբօսանք ։ Մենք զաւակներ այդ նախահարց, սերտած լինելով հանդերձ Սբենսերի քարոզած կրթական սկզբունքներն, նախ պրիճ կը սորվինք եւ ապա ստախօսութիւն ստախօսութիւնն արհեստի իմաստով գրուած է հոս։— Մեր առաջին հառաչանքն զբօսանաց եւ զարդու համար կ'արձակուի եւ երկրորդն գողութեան համար գողութիւնն գիտութիւն բառի մտօք ըմբռնելու է հոս։— Մենք խօսքով ամէն օր կ՚ընդունինք, թէ նախ սնունդ պէտք է եւ ապա զբօսանք, իսկ գործով ամէն րոպէ ցոյց կու տանք, թէ զբօսանքն սնունդէն առաջ է։ Եթէ բանաստեղծ մը լինէի եւ ընթերցողներս յարտասուս շարժելու կարողութիւնն եւ անգթութիւնն ունենայի, ոտանաւոր կը շարադրէի այս յօդուածս եւ քանի մը ժամ կու լայինք ու ժամանակ կ'անցունէինք։

Մեր աղջկանց մեծագոյն մասին մանկութեան առաջին հառաչանքն գլխարկի համար է, երկրորդն` ձեռնոցի, երրորդն` կօշկի, չորրորդն` քորսէի եւ հինգերորդն կարծեմ կաթի համար է, թէեւ աւելի գոհութեամբ եւ երախտագիտութեամբ կ՚ընդունուին, եթէ կաթի տեղ գլխարկ տրուի իրենց։ Կանանց ստամոքսն անոնց գլխուն, ոտներուն, ձեռներուն, կուրծքին եւ մէջքին վրայ է։ Ծաղիկներով եւ թռչուններով կահաւորեալ գլխարկով մը կարող են չանօթնալ, զոյգ մը փայլուն եւ փոքրիկ կօշիկ խորոված միսէն աւելի սննդարար է անոնց համար. զոյգ մը ձեռնոց պատուական նախաճաշ մ՚է. իսկ անոնց կուրծքին վրայ դրուած վարդի նորափթիթ կոկոն մը, կամ բանաստեղծական շռայլութեամբ վարդի երկու կոկոններ` աստուածներու արժանի ճաշ մ՚է ոչ միայն իրենց համար, այլ նաեւ էրիկ֊մարդոց համար։ Կանայք զարդով կը կշտանան եւ զարդով կը յագեցնեն էրիկ մարդերը։ Քանի քանի անգամներ հանդիպած եմ երիտասարդաց, որ թանկագին զարդերով եւ պատուական քարերով պճնուած գեղանի օրիորդի մը տեսքը վայելելու համար մոռցած են երկու օր կերակուր ուտել եւ Խիկարի բաժանորդագրութիւնը վճարել։ Վերջապէս կին մ՚երբ քորսէով սղմէ իւր մէջքը եւ կուրծքն եւ այսպէս ճնշում բանեցնէ իւր շնչառական ազատութեան վրայ` զոր վայելելու բարեբախտութիւնն ունի` քովը գտնուող ծանօթներուն կ՚ըսէ. «Այսօր անյագաբար կերայ եւ անհանգիստ եղայ» թէեւ փշրանք մը դրած չէ բերանը։

Մեր երիտասարդներն ալ տարբեր կազմունք ունին, անոնց ալ ստամոքսը տեղափոխութիւն ըրած է։ Երիտասարդ մը, զոր մօտէն ճանչնալու պատիւն ունիմ, օր մ՚ըսաւ ինձ. «Բարեկամ, անօթի եմ, երթամ քիչ մը պարեմ օրիորդ Ք…ին հետ»։ Ծանօթութիւն ունիմ քառասնամեայ մարդու մը հետ, որ կանոնաւոր աղքատ մ՚է եւ կը հագնի բանթալոն մ՚որ Աբրահամու զաւակներուն չափ ծակեր ունի, չըսեմ հրաժարականներու չափ, որպէսզի չափազանցութեան մէջ չիյնամ։ Այս անձն առաւօտ մը քովս եկաւ նստեցաւ։ Քանի մը վայրկեան ետքը ցոյց տուաւ ինձ ակնոց մը, զոր գնած էր, իւր խոստովանութեանը նայելով, կէս ոսկւոյ։ Ակնոցին եւ անոր գնոյն նկատմամբ կարծիքս իմանալ ուզեց. պատասխանեցի, թէ չէի կրնար զինքն գոհացնել այդ մասին։ Հեռացաւ։ Առանձին մնացի եւ ինքնիրենս հարցուցի. «Իրաւ է թէ մարդս իւր թերութիւններն չտեսներ, բայց բանթալոնին ծակե՞րն ալ չտեսներ»։ Կենացս մինչեւ վերջին օրն չպիտի մոռնամ այս պատառուն բանթալոնն ու ոսկիէ ակնոցն, զորս ամէն օր կը տեսնեմ, կարծես, մեր խորհրդարանական, վարչական, գրական եւ կրթական գործոց մէջ։

Դաստիարակութեան վրայ խօսելով` ընդունուած ճշմարտութիւն մ՚է ի վաղուստ անտի` թէ գիտութեանց մէջ անոնք նախապատւութիւն ունին, որ քաջառողջ ապրելու եւ ստակ վաստկելու կ'առաջնորդեն մեզ, ի բաց թողլով առայժմ քաջառողջ ապրիլ սորվեցնող գիտութիւնն` որոյ վրայ պիտի խօսինք մասնաւոր յօդուածով մը. դառնանք փնտռել ու գտնելու այն գիտութիւններն, որ ամէնէն աւելի արդիւնաւոր եւ շահաբեր են այսօր։ Լեզուագիտութիւնն տարակոյս չկայ թէ առողջութիւն չունի, ըստ որում ամէն օր կը տեսնենք, որ ամէնէն աւելի շատ ստակ վաստակող ազգայիններն անոնք են, որ իրենց մայրենի լեզուն իսկ չեն գիտեր։ Բնական գիտութիւններն ալ կարող չեն մեր պիտոյքը գոհացնելու, որովհետեւ նոյն գիտութիւններն աւանդող դասատուներն են, որ ամէնէն աւելի պարտամուրհակներ կը ստորագրեն։ Բժշկական գիտութիւնն ալ կարծուածին չափ նախանձելի վիճակ մը չունի, վասնզի բաւական թուով բժիշկներ հիւանդ փնտռելու համար թաղերը կը շրջին։ Բայց ինչ հարկ կայ անպէտ գիտութիւններն թուելով ժամավաճառ լինել, փութանք օգտակարագոյններն եւ անոնց ուսուցման եղանակն ցոյց տուող մեր ծրագիրն ներկայացնել մեր ընթերցողաց։