ՀԱՄԱՌՕՏԱԳՐՈՒԹԻՒՆՔ
Գլխուս
վրայ
—
Ես
քուկին
սպասաւորդ
չեմ
։
Ո՞ւր
տեսնուինք
վաղը
—
Կ
'
ուզե՞ս
հեռանալ
եւ
գլուխս
չցաւցնել
։
Կբողոքեմ
—
Ա՛հ
եթէ
կարողանայի
չարիք
մ
'
ընել
քեզ
։
Սուրճ
մը
կ'առնէ՞ք
—
Գործ
ունիմ,
բաներնիդ
գացէք
։
Չէք
երեւար
կոր
—
Պարտքդ
ե՞րբ
պիտի
վճարես,
աղա
։
Կխոստանամ
—
Բան
մ
'
ալ
չեմ
կրնար
ընել
։
Կրնանք
քիչ
մը
տեսնուիլ
—
Կրնա՞ք
ինձի
չորս
հարիւր
ոսկի
տալ
։
Ի՞նչ
է
մեր
հաշիւը
—
Այս
օրերս
չեմ
կրնար
քեզի
ստակ
տալ,
քիչ
մ
'
ալ
համբերէ
։
Աղան
դուրս
չելներ
կոր
—
Հիւր
ընդունելու
ժամանակ
չունինք
։
ՕԳՈՍՏՈՍ
1
֊
9
Օգոստոս
Ջերմութիւնն
քիչ
մը
նուազեցաւ
։
Բոլոր
աշխարհ
ինք
ն
զինքը
կերուխումի
տուած
է
։
Առեւտուրները
անզգալի
կերպով
կբացուին
։
Կխնդրեմ
սա
սեխերը
ծով
նետեցէք։
Կուրծքի
տկարութիւն
ունեցողները
ծով
չը
մտնեն
։
10
֊
17
Օգոստոս
Զովութիւնը
կսկսի,
ինչպէս
նաեւ
հարբուխը
։
Ծովէն
ելնելէ
վերջը
նայեցէք,
որ
գլուխնիդ
չորնայ
։
Առաւօտները
անօթի
փորանց
խաղող
կերէք՝
որքան
որ
կներէ
ձեր
քսակը
։
Երաժիշտներուն
ձայնը
աշխարհ
բռներ
է
։
Խեղճ
ձայնաւորներուն
ձայնը
չելներ։
Եկեղեցի
գացող
չկայ
։
Մեծ
քանակութեամբ
պուտրա
կսպառի։
18
֊
25
Օգոստոս
Սնանկութիւններ
։
Թաղական
մը
պզտիկ
գումար
մը
կ
'
առնէ
թաղին
սնդուկէն
եւ
իւր
աղջիկը
կկարգէ
։
Պատրիարքարան
մը
քանի
մը
պաշտօնեաներ
կճանբէ,
խնայողութեան
պատճառաւ
։
Կօշկակար
մը
քաղաքական
յօդուած
մը
կհրատարակէ
։
Ամպամած,
պիտի
անձրեւէ
։
25
֊
31
Օգոստոս
Զովութիւն.
գիշերները
մի՛
նստիք
ծովեզերքը։
Մժղուկներէն
հանգիստ
չկայ։
Յիսուն
ը
հինգ
տարու
կին
մը
հինգ
հարիւր
ոսկի
կխոստանայ
հետը
կարգուողին
։
Այս
ամսոյս
մէջ
ծնող
մանչերն
ալ
աղջիկներն
ալ
բախտաւոր
կ
'
ըլլան.
ազգը
պէտք
ունի
անանկ
մանչերու
եւ
աղջիկներու
։