Հեղինակ

Բաժին
Alishan  

Թեմա
Epistles  

ԿԱԶՄՈՂԻ ԿՈՂՄԷ

Առաջին անձը որ ուսումնասիրեց Ալիշանի նամակները Սուրէն Շտիկեանն է, որ 1969-ին Երեւանի մէջ հրատարակեց «Ղեւոնդ Ալիշան Նամակներ» ժողովածոն: 206 նամակ գրուած հայ և օտար մտաւորականութեան տարբեր ներկայացուցիչներու:

Շտիկեանի լոյս ընծայած հաւաքածոյի նամակները ուղղուած են 45 տարբեր անձերու, աշխարհական եւ կրօնական, որոնց շարքին կարեւորագոյններէն կարելի է յիշել հետեւեալները. Գէորգ Ապտուլլահեան (լուսանկարիչ), Արիստակէս Եպս. Սեդրակեան, Գարեգին Արք. Սրուանձտեանց, Գարեգին Լեւոնեան, Գրիգոր Խալաթեանց, Կարապետ Բասմաջեան, Կարապետ Եզեանց, Կարապետ Կոստանեան, Մակար Եպս. Բարխուդարեանց, Մաղաքիա Արք. Օրմանեան, Մեսրոպ Արք. Սմբատեան, Մինաս Չերազ, Մկրտիչ Բարխուդարեան, Մկրտիչ Էմին, Մկրտիչ Խրիմեան Հայրիկ, Յովհաննէս Յովհաննէսեան, Յովհաննէս Քհնյ. Մկրեան, Նիկողայոս Մառ, Ռաֆայէլ Պատկանեան, Սերոբէ Ալիշան, Սմբատ Շահազիզ, Տիգրան Նազարեան, Քրիստափոր Կարա-Մուրզա:

1970-ին «Պատմա-բանասիրական հանդէսի»  2-ի մէջ լոյս տեսաւ հրատարակութիւն մը աշխատասիրութեամբ  Պիոն Յակոբեանի՝ «Ղեւոնդ Ալիշանի նամակները Հերման Աբիխին» վերնագրով: Հրատարակուած վեց նամակներէն  հինգը իտալերէն բնագիրներէն թարգմանուած են Արբուն Տայեանի, մէկն ալ ճարտարապետ Արմէն Զարեանի կողմէ: Իտալերէն բնագիր նամակները գրուած  1881-1886 թուականներուն կը գտնուին  Ռուսաստանի Ազգային գրադարան, Սանկտ Պետերբուրկի  հաւաքածոյին մէջ, որոնք երկարատեւ որոնումներէ յետոյ վերջերս կրցանք ձեռք բերել եւ ներառել մեր հրատարակութեան մէջ:  

Սուրէն Շտիկեանը յաջորդաբար օգտագործած է նաեւ Վիեննայի Մխիթարեան դիւանի մէջ գտնուող նիւթերն ալ, ուր կը պահուին քանի մը տասնեակ նամակներ Ալիշանէն, ուղղուած Վիեննական հայրերուն, որոնք հրատարակած է «Լրաբեր հասարակական գիտութիւնների»   1977 7   եւ «Բանբեր Հայաստանի արխիւների»   1981 2 թիւերուն մէջ:

«Բազմավէպ» հանդէսի մէջ 1970, թիւ 1-3, էջ 63-65 եւ էջ 67-69 լոյս տեսան 2 նամակներ (մեր հրատարակութեան մէջ թիւ 31 եւ 52) աշխատասիրութեամբ Հ. Կիւրեղ Վրդ. Քիպարեանի՝ «Հ. Ալիշանի նամակները ուղղուած Հ. Ներսէս Վ. Սարգիսեանի» վերնագրով: «Բազմավէպ»ի մէջ յաջորդաբար Հ. Սահակ Վրդ. Ճեմճեմեանի կողմէ լոյս ընծայուեցան Ալիշանի այլ նամակներ ուղղուած Հ. Ներսէս Սարգիսեանին: Տե՛ս «Բազմավէպ», 1970, թիւ 4-6, էջ 156-161, 1970, թիւ 9-10, էջ 238-239, 1970, թիւ 9-10, էջ 242-246, 1970, թիւ 11-12, էջ 354-356, 1971, թիւ 1-2, էջ 150-155, 1971, թիւ 1-2, էջ 158-161, 1971, թիւ 3-4, էջ 321-324, 1971, թիւ 3-4, էջ 324-325, 1971, թիւ 3-4, էջ 329-330: (Մեր հրատարակութեան մէջ կը համապատասխանեն թիւ 68,   84, 89, 98, 106, 111, 130, 325, 423 նամակներուն:

Հրատարակութեանս մէջ ներառուած են նաեւ Հ. Ղեւոնդ Ալիշանի երեք նամակներ [1869, 1871, 1873] ուղղուած [Մարի-Ֆէլիսիթէ] Բրոսէին, հրատարակուած Մարտիրոս Մինասեանի կողմէ, «Բազմավէպ», 1973, Բ, էջ 278-81:

Բնականաբար Հայր Ալիշանի նամակներու մեծագոյն ժողովածոն կը գտնուի Վենետիկ: Ս. Ղազարի ժողովածոյ նամակներու մեծ մասը ուղղուած են Մխիթարեան զանազան հայրերու, եւ տարբեր աշխարհականներու, որոնք կը հրատարակուին առաջին անգամ: Առաւելագոյն յաճախականութեամբ եւ թիւով նամակցած է Աբբահայրերու եւ մանաւանդ իրեն մտերիմ եւ հոգեհարազատ Հ. Աբրահամ Վրդ. Ճարեանին հետ:

Մեր հրատարակելիք ժողովածոյին մաս կը կազմեն նաեւ «Բազմավէպ» 2013-ի թիւին մէջ մեր կողմէ լոյս տեսած Ալիշանի իտալերէն լեզուով նորայայտ նամակները՝ ուղղուած հայագէտ Էմիլիոյ Թեզային, որոնց բնագիրները կը գտնուին Վենետիկի  Biblioteca Marciana գրատան հաւաքածոյին մէջ:

2001 թուականին արժանթինաբնակ Տիկին  Nora Toros De Arslanian  ազնուաբար միաբանութեանս նուիրաբերեց իր ընտանեկան հաւաքածոյի մէջ պահուած Ալիշանի նամակներու լուսապատճէններ, որոնք զուտ ազգականական բնոյթ կը կրեն:

Նոյնպէս շնորհիւ իտալուհի  Valentina Paolon քանի մը տարի առաջ կարելի եղաւ ձեռք բերել 2 այլ նամակներ Ալիշանէն:

Վերջերս Պոստոնի Դաշնակցութեան արխիւէն ի յայտ եկաւ այլ նամակ մըն ալ Ալիշանէն՝ հասցէատէրը անյայտ:

Ալիշանի մինչև այժմ տպագրուած նամակներու ընդհանուր թիւը չի գերազանցեր 250-ը: Ալիշանի Նամականիի ներկայ եռահատոր հրատարակութիւնը ընդհանուր հաշուարկով կ՚ընդգրկէ 2278 նամակ գրուած (1840-1901) տարիներուն

Իւրաքանչիւր հատորի մէջ նախ կը ներկայացուին նամակներու բնագիրները, իսկ ծանօթագրութիւններու բաժնին մէջ իւրաքանչիւր նամակին վերաբերող ծանօթագրութիւնները: Այն նամակները, որոնք կը տպագրուին առաջին անգամ եւ որոնց բնագիրները կը գտնուին Ս. Ղազարի դիւանին մէջ, նամակի սկիզբը կը նշուին աստղանիշով  (*):

Մենք վստահ ենք որ տակաւին կան բազմաթիւ այլ նամակներ Հայր Ալիշանէն անհատներու մօտ, կամ պահուած տարբեր քաղաքներու դիւաններու մէջ: Այս համոզումն ունինք, որովհետեւ շատ մը անուններու ակնարկներ կը գտնենք իր նամակներուն մէջ որոնց ուղղած է նամակներ, սակայն չենք գիտեր թէ ո՞ւր եւ ի՞նչ վերջ ունեցած են:

Այստեղ կ՚ուզենք մասնայատուկ կերպով շնորհակալութիւն յայտնել Մատենադարանի Գլխաւոր Աւանդապահ Պ. Գէորգ Տէր Վարդանեանին եւ  Եղիշէ Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի տնօրէն գրականագէտ Կարոյ Վարդանեան ի ն, ինչպէս նաեւ  Հայաստանի ազգային արխիւի գիտահետազօտական բաժնի վարիչ Տիկին Գոհար Աւագեանին, որոնք ազնուօրէն աջակցեցան մեզի տրամադրելով իրենց արխիւներուն մէջ պահուող Ալիշանի որոշ նամակներու լուսապատճէններ, օգնելով մեզի մեծապէս բնագիրներու ճշգրիտ եւ անսխալ վերծանման:

Մեր շնորհակալութիւնը կը յայտնենք նաեւ ՀՀ ԳԱԱ Մ. Աբեղեանի անուան Գրականութեան ինստիտուտի տնօրէն Վարդան Դեւրիկեանին՝ Ալիշանի ողջ Նամականին խմբագրական մօտեցումով կարդալու, ինչպէս նաեւ շարք մը ծանօթագրութիւններու, յատկապէս պատմաբանասիրական եւ գրականագիտական բնոյթի, կազմումին աջակցելու համար:

Սուրէն Շտիկեանի կողմէ լոյս ընծայուած Ղ. Ալիշան «Նամակներ» (Երեւան 1969), հատորի մէջ թիւ 17 էջ 33 եւ թիւ 18 էջ 34-5 Աւետիք Էնֆիաճեանին ուղղուած  30  Նոյեմբեր 1864 եւ 24 Օգոստոս 1864 յաջորդական երկու  նամակները, վրիպումով վերագրուած են Ալիշանին: Նամակներու լուսանկարները համեմատելով բնագրին հետ ճշտեցինք որ իրականութեան մէջ կը պատկանին Գէորգ Հիւրմիւզեան աբբահօր, որու ստորագրութիւնը կը կրեն: Այս իսկ պատճառով չենք ներառած մեր հրատարակութեան մէջ:

Հատորիս մէջ հրատարակուած ֆրանսերէն նամակներու թարգմանութիւնը կատարեց Շուշանիկ Թամրազեանը, իսկ իտալերէն նամակներու թարգմանութեան մէջ մեզի օժանդակեցին Անի Պետոյեանը եւ Պրն. Սուրէն Ծովիկեանը, որոնց մասնաւոր շնորհակալութիւն կը յայտնենք իրենց մատուցած անսակարկ ծառայութեան համար:

Սոյն հրատարակութեան պատրաստութեան համար օգտագործած ենք մասնաւորապէս Ս. Ղազարի արխիւները, որոնք կը պարունակեն հրատարակուող նամակներու ժողովածոյի մեծագոյն եւ ստուար մասը:

Բացի Ս. Ղազարի հաւաքածոյէն, Ալիշանէն նամակներ կը պահուին Վիեննայի Մխիթարեան դիւանի, Մաշտոցեան Մատենադարանի, Եղիշէ Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի, Ռուսաստանի Ազգային գրադարանի, Սանկտ Պետերբուրկի, Վենետիկի Biblioteca Marciana գրատան, Պոստոնի Դաշնակցութեան արխիւի, R. Biblioteca Nazionale Centrale di Firenze , Archivio Istituto Veneto di Scienze, Lettere ed Arti (Venezia), Bibliothèque Nationale de France , Bibliothèque de l'Institut de France Paris Biblioteca dell'Accademia Naz. dei Lincei e Corsiniana , Veneranda Biblioteca Ambrosiana եւ նախկին Խորհրդային Միութեան գիտութիւններու ակադեմիայի Սանկտ Պետերբուրկի ( Լենինկրատ )  եւ ԽՍՀՄ Գիտութիւններու ակադեմիային առընթեր Ասիոյ ժողովուրդներու ինստիտուտի Սանկտ Պետերբուրկի ( Լենինկրատ )  հաւաքածոներուն մէջ:

Նամակներու մեծամասնութիւնը կը հրատարակուին առաջին անգամ, ուրիշներ ալ կը վերահրատարակուին որոշ սրբագրութիւններով, յետ համեմատելու բնօրինակներուն հետ:

Նամակները հրատարակութեան պատրաստած ենք ժամանակագրական կարգով:

Առաջինհատորինմէջըստտարեթիւերունամակներըբաշխուածենհետեւեալյաճախականութեամբ. 1846  թ. ՝ 16  նամակ, 1846-1847 ՝ 4  նամակ, 1847 ՝ 16  նամակ, 1848 ՝ 14  նամակ, 1849 ՝ 13  նամակ, 1850 ՝ 35  նամակ, 1851 ՝ 26  նամակ, 1852 ՝ 71  նամակ, 1853 ՝ 38  նամակ, 1854 ՝ 4  նամակ, 1855 ՝ 3  նամակ, 1856 ՝ 2  նամակ, 1857 ՝ 4  նամակ, 1858 ՝ 60  նամակ, 1859 ՝ 83  նամակ, 1860 ՝ 50  նամակ, 1861 ՝ 58  նամակ, 1862 ՝ 19  նամակ, 1863 ՝ 8  նամակ, 1864 ՝ 7  նամակ, 1865 ՝ 16  նամակ, 1866 ՝ 25  նամակ, 1867 ՝ 35  նամակ, 1868 ՝ 22  նամակ, 1869 ՝ 20  նամակ, 1870 ՝ 28  նամակ, 1871 29  նամակ:

Օտարալեզու նամակները հիմնականօրէն գրուածեն իտալերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով ուղղուած ներքո յիշեալան աձերուն.

Alessandro Card. Franchi Prefetto, Antonio Ceriani Sacerdote Dottore della Biblioteca Ambrosiana Milano, Cornelio Desimoni, Genova, Dr. Rodolfo Kleinpaul, Édouard Dulaurier, Emmanuel Guillaume Rey, Félix Nève, Graziadio Isaia Ascoli, Gustave Schlumberger, Heinrich Petermann, Henri Wallon, Jean Baptiste Cardinal Pitra, Comte Louis de Mas Latrie , Louis Josef Marie Adam Baron d'Aretin, Marie-Félicité Brosset, Mgr. Félix Antoine Philibert Dupanloup   Évêque d'Orléans, Odilo Rottmanner O. S. B., Otto Wilhelm Hermann von Abich, Paul Anton de Lagarde, Paul Édouard Didier (comte) Riant, Professor Angelo de Gubernatis, Richard Francis Burton, Serafino Cretoni, Victor Langlois, Vladimir Vasil'evič Stasov, Emilio Teza. M. L. Zagourski, Ռուսական Աշխարհագրական ընկերութեան կովկասեան մասնաճիւղի քարտուղար Ivan Afanasievich Bychkov ՝  Ռուսիոյ Կայսերական հնագիտական ընկերութեան քարտուղար։

Անդրադառնալով Ս Ղազարի դիւանի նամակներուն՝ առաջին հարցը որ կըծագի մէկու մը մտքին մէջ հետեւեալն է ինչպէ՞ս է որ պահուած են Ալիշանի նամակները Միաբան հայրերու գրուած նամակները մեծաւ մասամբ վերադարձածեն Ս Ղազար իսկ դիմացիններէն ստացած նամակները Ալիշան դժբախտաբար չէ պահած

Հայրերու ուղղուած շատ մը նամակներու հասցէատէրերը անյայտեն Կարելիէ մօտաւորապէս կռահել կամ ենթադրութիւններ ընել նամակի բովանդակութենէն կամ պարունակէն առանց ստոյգ ըլլալու Այս նպատակով խուսափած ենք վարկածներ կատարելէ:

Ալիշանի նամակները կարծես հայագիտական - բանասիրական բնոյթի փոքրիկ ուսումնասիրութիւններ ըլլան նուիրուած բազմաբնոյթ հարցերու որոնք մեծագոյն հետաքրքրութիւն կը ներկայացնեն նաեւ այսօր։ Ուրիշներ  աւելի պարզ նկարագիր ունենալով կը քննարկեն ամէնօրեայ հարցեր, դպրոցական, վարչական, տնտեսական, միաբանական, կրօնական, ընտանեկան եւ այլն:

Հ. Ղեւոնդ Ալիշանի նամակներուն մէջ արծարծուած են բանասիրական, պատմագիտական, դրամագիտական բազմաթիւ հարցեր, որոնք մեծ արժէք կը ներկայացնեն հեղինակին գրական-լեզուա-ստեղծագործական դիմանկարը յստակօրէն պատկերացնելու առումով:

Այս նամակները մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնեն Մխիթարեան միաբանութեան ժամանակագրութեան պատմութիւնը լաւագոյնս ուսումնասիրելու տեսանկիւնէն, մասնաւորապէս ծանօթանալու առաքելավայրերու մէջ կատարուած գործունէութեան մանրամասներուն եւ հոն պաշօնավարող միաբաններու անուններուն եւ թուականներուն կամ իրենց հետ շփում ունեցող անհատներու:

Ալիշանի նամականին կը ծառայէ լաւագոյնս հասկնալու իր գործին մեծութիւնն ու յաջողութիւնը: Իր նամակներուն մէջ յիշատակուած գիրքերը կամ օգտագործուած տեղեկութիւնները, ձեռագիրներու յիշատակարանները, որոնք գլխաւոր հիմքը կազմած են իր պրպտումներուն, աղբիւրագիտական անհրաժեշտ ատաղձ կը հանդիսանան ուսումնասիրողներուն:

Ալիշանի գրած նամակներու լեզուն մեծ մասով գրաբարախառն արեւմտահայերէն է։ Կան սակայն համեմատաբար սակաւ այլ նամակներ ալ գրուած աշխարհաբարով, որոնց մէջ կը գտնենք լեզուական հետաքրքրական ասացուածքներ ինչպէս օրինակի համար՝ « օրերումս մեղմ եւ հարաւային է օդն, փութով հասու (հասցուր) ինձ,   ընդ նմին կ՚ուզեմ քենէ  (քեզմէ) իմ մանկական երգոցս օրինակն»: Ուշագրաւ է իր մօտ որոշ բառերու ուղղագրաձեւը օր. «հայթհայթել»: Գրաբարի մէջ ստեղծած է նաեւ հետաքրքրական նորակերտ բառակազմութիւններ, որոնց տարբեր ձեւերուն կը հանդիպինք այսօր աշխարհաբարի մէջ օգտագործուած որոշ բառերու մէջ ինչպէս՝ «Անձրեւաթաց աւուրբք  շրջազբօսութիւն  մաղթելով, կամ յետ դարձիս ի  գիւղակացութենէս»: Հնարած է նոր դարձուածաբանութիւններ` օր. «խոստագրաւ կացուսցէ  (compromettre-compromise) »: Երբեմն ալ բարոյախրատական խօսքեր արտայայտուած բանաստեղծաշունչ չափածոյ յօրինումով. « Մի՛ կշռեր կշռով գըրոյ, այլ անբաւ կշռով սիրոյ» ։

Նամակներուն մէջ պարբերաբար կ՚օգտագործէ թրքերէն բառեր, ինչ որ բնական եւ ոչ զարմանալի երեւոյթ մըն է Պոլիս ծնած անձնաւորութեան մը համար

Բացայայտուած են իր ընտանեկան ազգանունի հետ կապուած կամ ընտանիքի հարազատ անդամներու հետ առնչուած նոր մանրամասնութիւններ

Հայր Ներսէս Վրդ. Սարգիսեանին ուղղուած նամակի մը մէջ Ալիշան իր ազգանունի ծագումի մասին խօսելով՝ հետեւեալ բացատրութիւնը կու տայ. «Վասն Ալիշանս մականուան գիտուն լիցի Վ[երապատուեալ] Եղբօրդ, զի ծանեայ ստուգութեամբ ի հարց եւ ի հաւուց Կարնեցոց  Ալիշան կոչիլ զազգատոհմն մեր, եւ ցարդ գտանին ի  Կարին  որպէս ասացին յայնմ տոհմէ. իսկ զ Մարգարեանդ յազգականութենէ կամ յանուանէ ուրուք յազգատոհմին եդեալ է հայրն իմ՝ ակն ածելով ի Տաճկաց վասն  Ալիշանն անուան»:

Աբբահօր գրած մէկ նամակին մէջ կը խնդրէ որ իր ազգանունը հասցէներու եւ այլ կարեւոր գրութիւններու վրայ նշուի  Alishan եւ ո՛չ  Alichan:

Իւրաքանչիւր հատորի մէջ յիշուող անձնաւորութիւններու եւ տեղանուններու, յատուկ անուններու ցանկերը զետեղած ենք երրորդ հատորի վերջաւորութեան, կից համառօտագրութիւններով, որպէսզի խուսափինք անհարկի կրկնութիւններէ: Բոլոր ցանկերը կազմուած են այբբենական սկզբունքով, որոնողներու գործը դիւրացնելու նպատակով:

Ալիշանի Նամականիին մէջ յիշուող բոլոր Մխիթարեան հայրերու անունները իրենց համառօտ տեղեկութիւններով՝ երրորդ հատորին մէջ ներկայացուած են այբբենական առանձին ցանկով:

Առանձին ծաւալուն ցանկով ներկայացուած են նամակներու եւ այդ նամակներու հետ կապուած ծանօթագրութիւններու մէջ յիշուող ընդարձակ մատենագիտութիւնը, ըստ այդ հրատարակութիւններու լեզուին:

Ներկայացուող բոլոր ցանկերը ծանօթագրութիւններու հետ միասին կը նպաստեն իւրաքանչիւր նամակի հետ կապուած գրութեան հանգամանքները աւելի ճշգրիտ եւ ամբողջական ձեւով հասկնալու:

Հատորին մէջ տեղադրած ենք Ալիշանի տարբեր տարեթիւերու լուսանկարներ, ինչպէս նաեւ նմոյշներ իր ձեռագիր նամակներէն:

ՅԱՌԱՋԱԲԱՆ

Հ. Ղեւոնդ Ալիշանի նամակները սերտ միասնութիւն կը կազմեն իր գիտական գործերու եւ գեղարուեստական ստեղծագործութիւններուն հետ կ՚օգնեն ամբողջացնելու ոչ միայն Հայոց Նահապետի արտաքուստ հանդարտ սակայն ներքուստ այնքան փոթորկալից կենսագրութիւնը այլ նաեւ հնարաւորութիւն կու տան հետեւելու գիտնական բանաստեղծի երկերու ստեղծումին եւ հրատարակութեան ընթացքին դառնալով անոնց ստեղծումի պատմութեան կարեւոր վաւերագրերը։

Նամակներու ն  մ էջ կը  գտնենքնաեւյիշատակութիւններկենսագրականայնդրուագներ ու մասին որոնքվկայուածենժամանակակիցներ ու յուշերու ն  մ էջ ։

Հրատարակուող նամակները աւելի տեսանելի  կը  դարձն են թէ շուրջ կէսդար Հայոց Նահապետը ինչ իշխող դերունեց ած է մեր ժողով ու րդի գիտամշակութային եւ հասարակական կեանք ին մէջ Հայ մատենագրութեան երկեր ու եւ վերջիններ ու ս ձեռագրային աղբիւրներ ու իր զարմանալի իմացութեամբ օգն ած եւ ուղղորդ ած է շատ գիտնականներ պատասխան ած եւրոպական հայագէտներ ու  հարցումներ ու ն։ Այդ պատասխաններ էն շատերը մինչեւ այդ նամակներու գրութիւնը ձեւակերպու ած էին  անոր գիտական տարբեր ուսումնասիրութիւններու ն  մ էջ միւսներն  ա լ յ  ետագայ ին տեղգտ ած են անոր աշխատութիւններու ն  մ էջ այդնամակներ ու գրուել էն յետոյ։Կաննաեւկռահումներ կարծիքներեւտարբերդիտարկումներ որոնք պ է տքէ մասկազմէին այնպէս  ա լ չգրուած եւ չամբողջացած գործեր ու ն ուստի մնաց ած են նամակներ ու էջերու ն  մ էջ չկոր սն ցնելով իրենց հետաքրքրութիւնը ոչ միայն հայագիտութեան տարբեր հարցեր ու պատմութեան ուսումնասիր ութե ան տեսանկիւն էն այլ  նա եւ գիտական առումով այսօր եւս հետաքրքրութիւն ներկայացնելով։

Կեանք ամփոփուած նամակներու մ էջ

Նամակներուն  մէջ մեզ ի կը  ներկայան այ վանական խ ուցէն աշխարհին նայող եւ եւրոպական տարբեր քաղաքներու մէջ հայկական յիշատակներ որոնող հոգեւորականը գիտնականը եւ հայ մտաւորականը։

Կըտեսնենք թէ անոր գեղագիտական ըմբռնումները կապուած բնութեան տարբեր երեւոյթներու հետ ինչպէս արտացոլուած են իր կեանքին մէջ։  « Հայբուսակի »  հեղինակը ինչպէս վանական խուցին մէջ գուրգուրացած է աճող ծաղիկներու վրայ իր իսկ խօսքերով հաւաստելով յուշագիրներ ու այն վկայութիւնները թէ  « մեծ սիրահար մըն էր ծաղիկներու » ։

Ալիշանի նամակներուն մէջ կենդանիօրէն արտացոլու ած  է հայ վանական եւ յատկապէս  Մ խիթարեանայն աւանդոյթը որ միաբաններ  զիրար կը  շնորհաւոր էին իրենց անուանակ ո չութեան օրը կամ տուեալ ս ու րբի տօնին՝ վերջինիս բար ե խօսութիւնը հայցելով։

Այս ե ր եւոյթը գրականտարբեր ոճաւորումներով եւ բառախաղերով  կը  դրսեւոր ուի Ալիշանի նամակներու ն  մ էջ ՝ յարաբերելով Պահոց օրեր ու տրտմութեան խորհ ու րդի կամ Ս Յարութեան օրեր ու ( տօներ ու )  ցնծալից տրամադրութեան հետ։

Վանական միաբանութիւններու մ էջ առանձնակի հանդիսաւորութեամբ  կը կատարուէին միաբանութեան հիմնադրի տօնի յիշատակութիւնները։ Ապրիլ  27- ին քանիոր Մխիթար Սեբաստաց իի յիշատակի օրն էր ուստի  Ա պրիլ 26- ին գրուած նամակ ի մէջ կը դիմէ Սեբաստաց իի բար ե խօսութեան որպէս  « մեծոգի » որ զօրացն է զինք որպէս  « փոքրոգի » ։

Գրեթէ ամ է ն տարի  Ա պրիլ 27- ի մ օ տ որեւէ օր գրուածնամակ ի  կամ նամակներու մ էջ պատկերաւոր  կերպով կ՚ անդրադառն այ Մխիթար Աբբահօր յիշատակին։

Ալիշանի կեանքը քանի որ ընդելուզուած էր միաբանութեան կեանքին ուստի այս նամակները կարեւոր սկզբնաղբիւրներ են նաեւ Ս Ղազարի վանական ներքին առօրեայ կեանքին ամեն ամեայ ուխտագնացութիւններու տօներու եւ այլ հարցերու մասին որով կըդառնան Ս Ղազարի առօրեայ գրութեան պատմութիւնը։

Ակնարկելով իր դպրոցական հոգերուն  եւ պաշտօնի ծանրութեան եւ ճամբորդութեան մէջ գտնուող աշակերտներու երկար լռութեան՝ վշտակիր  բանաստեղծաշունչ այս տողերը  կ՚արձանագրէ. « Եւ յանկիւնս սեւագիշեր գլխոյս սպիտակքն ոմանք յայտնեցան վայր ահակաստղունք »

Նախանձախնդիր ապագայ սերունդի որակով եւ անոնց ընտրութեամբ, Հ Աբրահամ Վրդ Ճարեանին կը պատուիրէ. «Այլ դու եղբայր ժրացիր եւ որպէս հրաման ընկալայք տեսցես ընտրել մեզ յաջորդս եւ օգնականս եւ նեցուկ տանս մերոյ ճռնչելոյ երդմնեցուցանեմ զքեզ լիցին թող նուազունք թուով ընտրեալքն՝ այլ ընտիրք քանզի ի մեծի հարկիս տեսանեմք զընտիրսն՝ զբազմաց լցուցանել գործ իսկ զբազում անընտիրս՝ եւ զմիոյ գործ ոչ կատարել եւ ի ներքուստ պեղել զհիմունս տանս այս»:

Յիշատակուած են Ս. Ղազար այցելած կարեւոր անձնաւորութիւններու անուններ (օր. Ռուսերու կայսրուհին  Alexandra Feodorovna - ն եւ իր դուստրը Ol'ga Nikolaevna Romanova դքսուհին, օրիորդ Ճէպեճեան (Տավուտ փաշայի նախկին կինը), նկարիչ Յովհաննէս Այվազովսկին իր կնոջ հետ (1884), Վիեննայի Պարսկաստանի դեսպան հայազգի Ներիման խանը իր Աննա դուստրին հետ:

1844ին կը տեղեկացնէ որ Հ. Ստեփան շուտով Իտալիոյ Լուքքա քաղաքը պիտի մեկնի տեղւոյն դուքսին՝ հայ մշակոյթի մեծ սիրահար  Carlo Ludovico di Borbone -ին փափաքով, անոր հայերէն դասաւանդելու նպատակով:

Կարեւոր տեղեկութիւններ կը հաղորդուին միաբանութեան ընթացիկ հարցերու, Մուրատեան եւ Ռափայէլեան վարժարաններու, միաբանութիւնը նոր անդամներով համալրելու, Մխիթարեաններու գիտական գործունէութեան եւ ազգային եկեղեցական տարբեր կարեւոր խնդիրներու միաբանութեան անդամներու մասնակցութեան մասին։

Նամակներուն մէջ կարեւոր տեղեկութիւններ կը գտնուին յատկապէս հասունեան պայքարին մէջ միաբանութեան գրաւած դիրքի մասին, թէ ինչպէս անոնք մէկ կողմէ յանիրաւի քննադատութեան կ՚ենթարկուէին ազգային շրջանակներու կողմէ եւ հակառակը՝ տարբեր ամբաստանագիրներով եւ մատնութիւններով Հռոմի առջեւ կը մեղադրուէին որպէս ազգային եկեղեցւոյ հետեւորդներ։

Ս. Ղազարի 1883 թուականի հրդեհի մասին շատ գրուած է։ Ալիշանի նամակներուն մէջ կենդանի յուզականութեամբ կը ներկայացուի հրդեհի բռնկումը, միաբաններու ջանքերը մարելու զայն եւ հրդեհի բոցերէն կորզելու այստեղ հաւաքուած հոգեւոր-մշակութային արժէքները։ Ալիշան կը պատմէ, թէ այրող սենեակներէն անցնելով ինչպէս գրկած դուրս բերած է Մլքէ թագուհիի եւ Տրապիզոնի աւետարանները։

Շատ գրուած է «Նահապետի երգերու» եւ յատկապէս «Մասիսու սարեր»-ու Վենետիկի 1848 թուականի ապստամբութեան հետ ունեցած կապի մասին։ Ալիշանի նամակներով գիտական շրջանառութեան մէջ կը մտնեն վկայութիւնները միաբանութեան անդամներու այդ օրերուն ունեցած զգացումներու մասին, զուգահեռներ կը տարուին ապստամբած Վենետիկի եւ իրենց հեռաւոր Հայրենիքի միջեւ, թէ վերջապէս երբ պիտի ժայթքի հրաբուխը Աւագ Մասիսի ձիւնափառ գագաթէն։

Վենետիկի խորհրդանիշը առիւծն էր եւ ապստամբութեան օրերուն իր գրած նամակներու սկիզբը նշելով նամակի գրութեան վայրը, կը նշէ. «Վենետիկ առիւծացեալ»։ Աւագ Մասիսի մէջ նիրհած հրաբուխի ժայթքումի պատկերին համահունչ 1848 Ապրիլ 7-ի նամակին մէջ կը գրէ. «Ժամ է իսկ մեզ ի քնոյ զարթնուլ»։

Ալիշան արձագանքելով ողջ Եւրոպայով անցած Օսսեանական շարժումին, իռլանտացի ծեր բարդի հետեւողութեամբ իր ազգային-հայրենասիրական բանաստեղծութիւնները 1840-ական թուականներուն տպագրելով «Բազմավէպի» մէջ, զանոնք կը վերագրէ ԺԷ. դարուն մէջ ապրած Նահապետին, կարճ ժամանակ անց ինք եւս դառնալով հայոց պաշտելի Նահապետը։

Նամակներէն պարզ կը դառնայ, որ ծեր նահապետի զգացողութիւնը միայն գրական ոճաւորում չէր իրեն համար, այլ նաեւ հոգեկան զարմանալի երեւոյթ մը, երբ տակաւին երեսուն տարին չբոլորած Ալիշան ինքզինք արդէն ծեր կ՚անուանէր։ Նաեւ 1850-ական թուականներէն սկսեալ նամակներուն մէջ եւս կ՚ընդգծէ, որ իր քնարի լարերու ձայները մարած են, որմէ կարելի է եզրակացնել, թէ այսպէս ըսելով նամակներուն եւ տարբեր հրապարակումներուն մէջ նկատի ունեցած է «Նահապետի երգերը», որոնց համարժէք ստեղծագործութիւններ չգրեց 1850-ական թուականներէն սկսեալ։

Յաջորդ տասնամեակներուն Ալիշան շարք մը բանաստեղծութիւններ տպագրեց «Նուագ»-ներու երկրորդ հրատարակութեան հինգ հատորներուն մէջ (1866-1867) եւ շարք մը այլ առիթներով։ Տպագրուող նամակներուն մէջ ոչ միայն ուղղակի վկայակոչումներ կան, որ Ալիշան շարունակած է բանաստեղծութիւններ գրել մինչեւ իր կեանքի վախճանը, այլ նաեւ բերուած են շարք մը չափածոյ բանաստեղծութիւններ գրուած միաբանակից եղբայրներու քահանայական ձեռնադրութեան առիթով, ինչպէս նաեւ ճանապարհորդական շարք մը տպաւորութիւնները արտայայտած է չափածոյ նամակներով։

Չափածոյ նման նամակներու մէկ մասը «Նուագ»-ներու հատորներուն մէջ տեղ գտած բանաստեղծութիւններու տարբերակներն են, որոնց մասին նշած ենք անոնց ծանօթագրութիւններուն մէջ, իսկ շարք մը չափածոյ նամակներ ինքնուրոյն եւ անտիպ բանաստեղծութիւններ են, որոնք ցոյց կու տան բանաստեղծ Նահապետի չափածոյի ստեղծագործական ընթացքը 1860-ական թուականներէն սկսեալ։

Նամակները նաեւ արտայայտութիւններն են անոր բանաստեղծական մտածողութեան, երբ շատ հարցերու մասին ոչ թէ ուղղակիօրէն կը գրէ, այլ գեղարուեստական պատկերաւորութեամբ եւ բազմաստիճան համեմատութիւններով։

Ալիշանի կենսագրութեան, ինչպէս նաեւ հայ հնագիտութեան պատմութեան ուսումնասիրութեան տեսանկիւնէն կը կարեւորուի եղբօր՝ Սերովբէ Ալիշանի հետ նամակագրութիւնը (Սերովբէ Ալիշանի Ղեւոնդ Ալիշանին ուղղուած նամակները պիտի տպագրենք առանձին հատորով)։

Այս նամակները ցոյց կու տան երկու եղբայրներու սերտ կապուածութիւնը, թէեւ Սերովբէի 1837 թուականին Ս. Ղազարէն հեռանալէն յետոյ երկու եղբայրները այլեւս զիրար չտեսան։

Աբբահօր կը գրէ յայտնելով թէ Սերովբէ Ալիշան եղբայրս, Պոլսոյ Սեղբոսխանի սենեակի վարձակալութեան քանի մի տարեվճարի գումարով (թերեւս վեց) պարտական է վանքիս, եւ չեմ կրնար կ՚ըսէ, վճարել. կ՚առաջարկէ տալ Հայերէն Ձեռագիրներ պարտքերու փոխարէն։ Մօտը կը գտնուին 45 Ձեռագիրներ, զոր կ՚առաջարկէ տալ այն գինով որ ինք ստացած է. «35 Օսմանեան լիրա. լաւագոյնը ասոնցմէ (Սմբատ Պատմիչ) որ արդէն նուիրած է մեզի: Թէեւ մեծ մասը ձեռագիրներուն Աւետարաններ են եւ նման բաներ, սակայն կան անոնց մէջ ընտիր եւ արժէքաւորներ ալ, կամ գրչութեամբ եւ զարդերով, կամ հնութեամբ, ինչպէս Մաշտոց մը գրուած 1207 թուականին»:

Եղբօր՝ Սերովբէին գրելով, կարծիքը կը հարցնէ եթէ յարմար եւ պատշաճ կը նկատէ Մկրտիչ Լիմոնճեանը տարուան մը համար Վենետիկ հրաւիրել վանքի Ձեռագիրներու զարդ ու պատկերները նկարելու. եւ թէ փոխարէն ի՞նչ պիտի ուզէ։

Եղբօրմէ կը խնդրէ, թէ բարեխօսէ  Յովհաննէս Աւագ Քահանայ Մկրեանին, որ Կ Պոլսոյ պատրիարքարանի փոխանորդի պաշտօնը կը վարէր ընդօրինակել տալու Ձեռագրաց Յիշատակարանները, որոնք Պատրիարքարանի կամ Պատրիարքի իշխանութեան տակ կը գտնուին:

Սերովբէի մասին նաեւ կը գրէ. «Կ՚ուզէ բոլոր Հայկական հնութիւնները զոր հաւաքած է՝ տալ Միաբանութեանս, եւ արդէն իմ անունիս փոխանցած է զանոնք. եւ ամենեւին վարձ կամ գին չ՚ուզեր անոնց փոխարէն, այլ միայն որ զետեղուին առանձին դարանի մը մէջ, մակագրելով «Ալիշանեան հաւաքածոյ Հայկական Հնութիւններու». ի յիշատակ իր եւ հօրը։ Կը փափաքի նաեւ միւս բոլոր հնութիւնները կամ իր դրամներու, յարգի քարերու, գիրքերու հաւաքածոն, մեզի կտակել վաճառքի համար. եւ անոնց գինով հատուցանել իր պարտքը, որ ցոյց պիտի տայ մէկ առ մէկ նշանակելով։

Սերովբէն ըլլալով դրամահաւաք, հնագէտ եւ հնավաճառ, իր ձեռք բերած առարկաներու հետ կապուած տարբեր հարցերով կը դիմէր եղբօրը եւ հակառակը՝ Ալիշան հնագիտական բնոյթի հարցերով կը դիմէր Սերովբէին, ինչպէս նաեւ Սերովբէն Ալիշանի տեղագրական հատորներու համար աշխարհագրական բնոյթի ճշտումներ կը կատարէր տեղի մտաւորականներու միջոցով, ինչպէս նաեւ տեղավայրերու լուսանկարներ եւ համապատասխան անհրաժեշտ բնագիրներ կը հայթայթէր։

Այս նամակներէն ի յայտ կու գայ առաջին անգամ ըլլալով, որ ենթադրաբար ունեցած ըլլայ այլ երկու եղբայրներ ալ խորթ մօրմէ Նոյեմզար Թագւորեան անունով: Առաջինը Հեթում, որ համաձայն  «Մասիս օրաթերթի 1880-ի թիւ  (N° 2668) ի հրատարակած լուրին՝ Մեծ կղզիին մէջ յանկարծամահ եղած է: Հանգուցեալը, գրեթէ քառորդ դարէ ի վեր անգլիական դեսպանատան ծառայութեան մէջ կը գործէր, իբրեւ թարգման »:

Միւսը Միքայէլ. նամակի մը մէջ Ալիշան կը կոչէ սիրելի եղբայր իմ: Վերջինս դեղագործ եղած է: Ունեցած է նոյնպէս հարազատ քոյր մը Գաթինկոյ անունով, ծնած Կ. Պօլիս, 23 Փետրուար 1831ին։

Ալիշան եւ հայագիտութեան շարք  մը  հարցեր

Նամակները ցոյց կու տան, թէ Աստուածաշունչը ինչպիսի մեծ ազդեցութիւն թողած է Ալիշանի ոչ միայն հոգեկան ներաշխարհի, բարոյական մտածումներու եւ պատմահայեցողութեան, այլ նաեւ ընդհանուր մտածողութեան եւ վերջինովս պայմանաւորուած շարադրանքի վրայ:
Նամակներուն մէջ որեւէ իրավիճակ եւ հոգեվիճակ յաճախ կ՚արտայայտէ Աստուածաշունչէն բերուած օրինակներով: Ամենաշատ վկայակոչուած է «Երգ երգոցի» «Ձմեռն էանց ... Ձայն տատրակի լսելի եղեւ յերկրի մերում» 11-13) տողերը, որոնք գարնան գալուստով եւ պարտէզի վերածաղկումով քրիստոնէական այլաբանութեամբ կը խորհրդանշեն Քրիստոսի Երկրորդ գալուստը եւ կեանքի նորոգութիւնը, իսկ ազգային առումով Հայրենիքի, որպէս հայ ժողովուրդի աստուածատուր դրախտի վերայառնումը:

Թէեւ որեւէ յստակ յիշատակում չկայ Աստուածաշունչի Հ. Արսէն Բագրատունիի կազմած բնագրին Ալիշանի մասնակցութեան մասին, սակայն 1850ական թուականներուն գրուած շարք մը նամակներէն կը պարզուի, որ ան գործնական մասնակցութիւն ունեցած է այդ աշխատանքներուն, համեմատած է շարք մը ձեռագիրներ՝ նշելով տարընթերցուածները: Մեթոտաբանական առումով ան շարք մը կարեւոր դրոյթներ արտայայտած է Ս. Գիրքի հայկական Կանոնի եւ հրատարակութեան մասին, մասնակցելով նաեւ Մխիթարեան ճաշակաւոր այս հրատարակութեան գեղարուեստական ձեւաւորման: Նամակները կ՚արտացոլեն նաեւ Աստուածաշունչի 1860 թուականի հրատարակութեան ընթացքը մինչեւ տպագրութեան աւարտը:

Նամակները ցոյց կու տան, թէ բնագրային եւ աղբիւրագիտական առումով Ալիշան ինչպէս կը համակարգէր հայ միջնադարեան մատենագրութեան երկերու հրատարակութիւնը եւ ուսումնասիրութիւնը, ձեռագիրներէն նորանոր բնագիրներ ի յայտ բերելը եւ ընդօրինակելը, թէ յատկապէս ինչ երկերու վրայ հարկաւոր էր ուշադրութիւն դարձնել, որոնք են որ արդէն յայտնի են եւ ընտիր ընդօրինակութիւններ ունին եւ որոնք են որ պէտք է որոնել եւ որոնց համար անհրաժեշտ են ձեռագրային աւելի յաջող ընդօրինակութիւններ՝ նշելով, թէ տուեալ երկը պարունակող ընդօրինակութիւնը Հայաստանի որ վանքին մէջ կը պահուի:

Կը նկարագրէ հանդիպումը Պեռլինի համալսարանի Փրոֆեսոր նշանաւոր լեզուաբան հայագէտ Պետրմանի հետ. «Վարժութիւնը կորսնցուցած է քիչ մը մանաւանդ խօսելու, եւ իր հետ եղած բոլոր ժամանակամիջոցին տաճկերէն կը խօսէինք, զոր բաւական լաւ կը խօսի, եւ լաւ ալ կը հնչէ, եւ հայերէնին չընտելանալու պատճառը այն է որ աշակերտներ չունի, կամ շատ քիչ, եւ այն ալ ոչ հիմա: Կատակելով կ՚աւելցնէ. «Ես պասեցի նա ուտեաց»:

Հանդիպում կ՚ունենայ նաեւ Karl Heinrich Emil Koch, Գերմանացի բուսաբանին հետ որ Հայկական տարազներու սնտուկներ բերաւ կը գրէ եւ մէկ առ մէկ ցոյց տուաւ, եւ այլ մանր հաւաքածոներ, որոնց մէջ նաեւ դրամներ, բայց ոչ հայկական: Շրջանակի մէջ զետեղած էր Յովհաննէս Ը. Կարբեցի Կաթողիկոսի կոնդակը կամ գնահատագիրը իրեն շնորհուած, որ ընդօրինակեցի: Երբ լսեց թէ գերմաներէն լեզուի սակաւ գիտութիւնս շնորհիւ իր գիրքերու ընթերցումին ձեռք բերած եմ, շատ ուրախացաւ:

Լոնտոնի մէջ կը տեսակցի Անգլիոյ Ասիական Ընկերութեան աւագ քարտուղարին հետ: Կը քննէ British Museum-ի բոլոր հայ ձեռագիրները, թիւով 25 որոնց մէջ ոչ մէկ պիտանի եւ նշանաւոր բան չկայ կ՚աւելցնէ:

Մխիթարեան միաբանի մը ուղղելով նամակը, որուն անունը չէ նշուած, կը գրէ. «Ենթադրելով թէ Փրակայէն պիտի անցնիս, կը յիշեցնեմ թէ կա՞ն արդեօք Հայ Ձեռագիրներ գրատան մէջ, ինչպէս որ կը յուսամ։ 1599 տարուայ վերջաւորութեան քաղաքիդ մէջ բանտած են Հայոց Կաթողիկոսի փոխանորդ կոչուած Տէր Յակոբ Մարգարեան Վարդապետը, կարծեմ քաղաքական կասկածով. եւ ան բանտին մէջ գրած է պատարագի մասին գրութիւն մը, զոր ունինք մեր մօտ. գուցէ այլ բան ալ գրած ըլլայ եւ գտնուի քաղաքիդ գրատան մէջ։ Ես հոս Վենետիկի դիւաններուն մէջ շատ կարեւոր յիշատակներ գտայ այս մարդուն մասին» (13 Օգոստոս, 1878)։
Զարմանք կը յայտնէ Եսայի պատրիարքի Երուսաղէմի Ձեռագրացուցակը հրատարակելու վախին նկատմամբ: Եւ կ՚աւելցնէ, թէ արդեօք որքա՜ն գանձեր կան թաքնուած հոն, եւ որքան պիտանի յիշատակարաններ տեղագրութեանս ծանօթութիւններուն համար:
Ձեռագրային աշխատանքները կազմակերպելու նման մօտեցումը աւելի ցայտուն կ՚երեւի Հ. Ներսէս Սարգիսեանի 1843-1853 թուականներուն Հայաստան ուղեւորութեան ժամանակ գրած նամակներէն, որոնց մէջ կը նշէ, թէ իր այցելելիք որ վանքին եւ բնակավայրին մէջ մատենագրական ինչ միաւորներ պարունակող ձեռագիրներ կան, որոնք հարկաւոր է ընդօրինակել:

Սիսի ձեռագիրներու մասին տեղեկութիւններ կը փոխանցէ գրելով. «Կ. Պօլսոյ Պատրիարքի փոխանորդը՝ Հ. Ստեփանին հանդիպելով Տարսոնի մէջ Սիսէն վերադարձի ճամբուն վրայ, կը յայտնէ թէ Սիսի մէջ 300ի չափ ձեռագիրներ կան»:
Հ. Ներսէս Սարգիսեան իր հերթին Ալիշանին կ՚ուղղէր իր տեսած աւելի ուշագրաւ ձեռագիրներու մէջ եղած միաւորներու նկարագրութիւնները, որպէսզի ան ըսէ, թէ առաջնահերթ որոնք են հարկաւոր ընդօրինակել եւ որոնք հարկաւոր չէ տպագրուած ըլլալով կամ միաբանութեան մէջ ունենալու պատճառով:

Աշուղական գրականութենէն բոլորէն բարձր կը գնահատէ Ջիւանին, որ միջանկեալ տեղ կը գրաւէ աշուղական եւ հայ դասական գրողներու միջեւ: Ջիւանիի որդիին՝ Գարեգին Լեւոնեանին ուղղուած նամակին մէջ Ջիւանիի ստեղծագործութեան համահունչ ոճով կը գրէ. «Յուսամ, որ Շիրակայ դաշտերն եւ մերձաւոր Արագածն՝ երկար տարիներ ալ ներշնչեն իրեն անուշակ երգեր» (7 Նոյեմբեր 1891):
Յովհաննէս քահանայ Մկրեանին, որ հրատարակած է Մեսրոպ Թաղիադեանի կենսագրութիւնը, ուղղուած նամակին մէջ բաւականին զգոյշ եւ հակադիր իմաստ ունեցող պատկերներով կը գրէ Թաղիադեանի մասին (2 Սեպտեմբեր 1886): Այս հանգամանքը պայմանաւորուած էր աստանդական հայ գրողի կեանքի հակասականութեամբ: Մէկ կողմէ «Ճանապարհորդութիւն ի Հայս» գործը, որ անգնահատելի սկզբնաղբիւր էր նախ «Այրարատի» եւ ապա «Սիսականի» համար, եւ միւս կողմէ Թաղիադեանի Սարկաւագի եկեղեցական աստիճանը ձգելը, ինչպէս նաեւ հոգեւորականութեան եւ եկեղեցական նուիրապետութեան խիստ քննադատութիւնը: Մէկ կողմէ անոր կեանքի ու ըմբռնումի եւ միւս կողմէ հայագիտական աշխատանքներու միջեւ եղած հակադրութիւնը կը բնորոշէ հետեւեալ բառախաղով, թէ կեանքը «յաւէտ սանձարձակ վարեալ է, որպէս ի բարս, նոյն եւ ի բառս»:

Ինչպէս ըսինք նամակներուն մէջ Ալիշան յաճախ կը դիմէ նման բառախաղերու, ըսելիքի իմաստը ընդգծելով նմանաձայն բառերու իմաստային հակադրութեամբ:

Տեղեկութ ի ւններ պատմա- աշխարհագրական  հատորներ ու մասին

Ալիշանի նամակները կը ներկայացնեն իր տեղագրական եւ պատմա-աշխարհագրական հատորներուն համար նիւթերու հաւաքման եւ ապա անոնց տպագրութեան ընթացքը:

Հատորներու Յառաջաբաններուն մէջ Ալիշան կը գրէ, որ մինչեւ վերջին պահը նիւթեր ստացած է՝ լուսանկարներ եւ բնագիրներ: Ատոնք եթէ առնչութիւն ունեցած են հատորներու այդ պահուն չտպագրուած մամուլներուն, ապա Ալիշան ներառած է ընդհանուր շարուածքի մէջ, իսկ եթէ արդէն տպագրուած են, ապա կամ սրտի ցաւով դուրս ձգած է եւ կամ ալ զետեղած տուեալ գիրքի վերջին յաւելուածին մէջ:
Թերեւս այս հանգամանքով պէտք է բացատրել այն իրողութիւնը, որ անոր հրատարակած գիրքերու վերջին բաժինները անկախ անկէ, թէ ինչ հարցի կը վերաբերին, նիւթերով եւ պատկերներով աւելի յագեցած են, քան առաջին մամուլները, քանի որ գիրքերու հրատարակութեան ժամանակ մինչեւ վերջին պահը նոր նիւթեր աւելցուցած է:

Նամակներէն կը նկատուի նաեւ, թէ ինչ դժուարութեամբ ձեռք բերած է պատկերները տեղագրական հատորներու համար, եւ ապա անոնց մէկ մասը ցաւով դուրս թողած՝ փորագրատախտակներ եւ տպամետաղներ պատրաստելու համար նիւթական բաւարար միջոցներ չունենալու պատճառով:

Յառաջաբաններուն մէջ տարբեր անձնաւորութիւններու յայտնուած շնորհակալութիւններու սեղմ խօսքերը կը պարզուին եւ հասկնալի կը դառնան նամակներու տողերով, թէ ինչ ջանքեր գործադրած է մինչեւ ստացած է անհրաժեշտ նիւթերը:
Ալիշանի համար մեծ դժուարութիւն էր գրել իր չտեսած վայրերու մասին: Այս հարցին քանիցս անդրադարձած է նամակներուն մէջ: Մեսրոպ Արքեպս. Սմբատեանին 1889 Յունիս 26-ին գրած նամակին մէջ կ՚ըսէ, որ մեծ պակասութիւն է, որ առանց իր աչքերով տեսնելու «կը տեղագրեմ Հայոց աշխարհիս կողմերը»:

Այս պատճառով է, որ Հայաստանի մէջ ճանապարհորդած (1843-1853 թուականներուն) Հ. Ներսէս Սարգիսեանին Ալիշան նամակներուն մէջ յուզմունքով քանիցս կը հարցնէ, թէ «արդեօք ինքդ աչքերովդ տեսա՞ր այս կամ այն վայրը»:
Ինքնիրեն կը կոչէ «հայաստանամոլիկն այն Հ. Ղեւոնդ»:

Տասնամեակներու նամակագրութիւնը ցոյց կու տայ, որ Ալիշան սկզբնապէս ծրագրած էր «Տեղագիր Հայոց Մեծաց»-ի մէջ ներկայացուած իւրաքանչիւր նահանգ այնուհետեւ նկարագրել առանձին հատորով, յաջորդող տարիներուն աստիճանաբար, սակայն, կը համառօտէ այս ծրագիրը:

Գրեթէ բոլոր այն նամակներուն մէջ, որ գրուած են Ալիշանի այս կամ այն գործի տպագրութեան զուգահեռ, անոնց մէջ տեղեկութիւններ կը հաղորդուին գիրքի տպագրութեան ընթացքի մասին, թէ տպագրութիւնը որ մամուլը եւ աշխարհագրական որ վայրը հասած է: Այսպէս, Գրիգոր Խալաթեանին 1888 Օգոստոս 9-ի նամակին մէջ կը գրէ. «Մեր ծեր Արարատն սկսաւ տպագրիլ եւ ի ժամուս կը սրբագրեմ Կաղզուանի սահմանաց ստորագրութիւնը»:

Այս նամակներու միջոցով ընթերցողը կարծես մտովի մասնակից կը դառնայ գիրքերու սրբագրումին, Ս. Ղազար հասած նոր նիւթերու գիրքին մէջ տեղադրման աշխատանքներուն եւ Ալիշանի հետ կը յուզուի անհրաժեշտ նիւթերու ուշացման համար:
Հատորներու տեղագրութեան, տարբեր վայրերու տեղորոշման եւ տուեալ տարածքին վերաբերող նիւթերը առաւելագոյնս ընդգրկելու հարցերուն զուգահեռ Ալիշանը մտատանջած է, թէ արդեօք կ՚արտօնուի՞ իր աշխարհագրական հատորներու մուտքը Ռուսական կայսրութիւն եւ Օսմանեան Թուրքիա: Ինչպէս յայտնի է թրքական իշխանութիւնները արգիլեցին «Սիսուանի» մուտքը Թուրքիա, ի տարբերութիւն որու «Այրարատը» եւ «Սիսականը», որ նուիրուած էր Սիւնեաց աշխարհին, ռուսական իշխանութիւնները անարգել թոյլատրեցին երկրի տարածք: Այս մասին Ալիշան նամակներուն մէջ կը գրէ հայ եւ ռուս մտաւորականներուն:

Մեսրոպ Արք. Սմբատեանին կ՚ըսէ. «Իցէ թերեւս լուեալ Սրբութեանդ եւ ի լրագրաց, զի Օսմանեան պետութիւն կամ գրաքննութիւն գրաւեալ եւ արգելեալ է զՍիսուան, իբրեւ չգիտեմ զի՞նչ, եւ ընդ քննութեամբ արկեալ, որպէս եւ զհնացեալ քերդուածս իմ, խոստանալով արձակել ի կալանաց՝ եթէ եւ ե՞րբ» (Վենետիկ, Ս. Ղազար, 8/20 Մարտի, 1886):

Հ. Մինաս Վրդ. Նուրիխանին կը գրէ. «Վասն Սիսուանայ, որպէս ասես, ի Տաճկաստան գտանելով, մարթ է յուսալ եւ մարթ է չյուսալ ինչ. եւ եթէ կամիցին խստիւ քննել զգիրսն, թէպէտեւ չիցէ ի նմին հակառակ կամ ատելութեամբ գրեալ, սակայն բազում ինչ է, որ անհաճոյ գտանիցի տաճկութեան, եւ ոչ ներողամիտ լիցին Լեւոնի կանգնողի թագաւորութիւն Հայոց եւ երբեմն ջաղխողի զգլուխս այլադենից»:
Ռուս մտաւորականներուն գրած նամակներուն մէջ կը յայտնուին նաեւ իր դիւանագիտական ունակութիւնները, երբ կը դրուատէ ռուսական իշխանութիւնները:

Կ եանքի վերջին շրջանը

1880-ական թուականներէն Ալիշան նկատելիօրէն սերտ կապեր կը հաստատէ Ս. Էջմիածնի միաբանութեան հետ, որ կը բացատրուի հետեւեալ հանգամանքներով.

Առաջին՝ Մխիթարեան միաբանութիւնը ինքը հայ եկեղեցական աւանդներու շարունակողն էր սկսած Մխիթար Սեբաստացիէն, որու պատճառով միաբանութիւնը պարբերաբար կ՚ամբաստանուէր Հռոմի առջեւ:

Երկրորդ՝ ԺԹ. դարու երկրորդ կէսէն, երբ աստիճանաբար դաւանաբանական վէճերու փոխարէն կը կարեւորուի գործակցութիւնը քոյր եկեղեցիներու միջեւ, Մխիթարեանները աւելի սերտօրէն կը կարողանան գործակցիլ եւ կապեր հաստատել Հայոց եկեղեցւոյ նուիրապետական աթոռներուն հետ:

Կարապետ Եզեանին ուղղուած մէկ նամակին մէջ ազգային կրօնական միասնականութեան տենչով տոգորուած կը գրէ. «Մեծագոյն օգուտ պիտի ըլլար, եթէ միաբան եւ  միաշունչ ըլլայինք կրօնական գաղափարներով, ինչ որ յուսալի է որ ժամանակի առաջընթացով մտքերու լուսաւորութիւնը վերացնէ կամ պակսեցնէ այս բաժանումը»:

Ալիշանի պարագային կը կարեւորուին նաեւ հետեւեալ գործօնները, որոնց մասին բազմաթիւ յիշատակութիւններ կան անոր նամակներուն մէջ:

Առաջին՝ Ալիշանի ձգտումը իր ուսումնասիրութիւններուն համար անհրաժեշտ ձեռագրային նիւթերը ձեռք բերել Ս. Էջմիածինէն, ինչպէս նաեւ Կ. Պոլսոյ եւ Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութիւններու մատենադարաններէն:

Երկրորդ՝ աշխարհագրական վերջին երկու գործերը՝  «Այրարատը» եւ «Սիսուանը» աշխարհագրօրէն կը կապուէին Արեւելեան Հայաստանի հետ՝ սերտօրէն առնչուելով անմիջաբար Ս. Էջմիածնի ենթակայ թեմերու եւ թեմակալ առաջնորդներուն հետ, որոնք մեծապէս կ՚օգնէին Ալիշանին տարբեր վայրերու վերաբերող տուեալներ ձեռք բերելու հարցին մէջ:

Երրորդ՝ 1880-ական թուականներէն Ս. Էջմիածնի մէջ ասպարէզ կ՚իջնէ հոգեւորականներու սերունդ մը, որ աւելի մեծ չափով կը զբաղի գրական եւ գիտական գործունէութեամբ, յատկապէս այնպիսի ուսումնասիրութիւններով, որոնք սերտօրէն կապուած էին Ալիշանի գիտական հետաքրքրութիւններուն հետ: Այս առումով յիշատակելի է յատկապէս Մեսրոպ Արքեպս. Սմբատեանի հետ նամակագրութիւնը:

Չորրորդ՝ Ս. Էջմիածնի միաբանութեան անդամներու հետ նամակագրութեան կարեւոր պատճառներէն էր Սեւանի Տիրամօր սրբանկարի նախ լուսատիպ պատկերը, եւ ապա զայն ստանալու ձգտումը, որ միաբանութիւնը կը փորձէր իրականացնել Ալիշանի միջոցով:

Արեւելահայ թեմական առաջնորդներուն Ալիշանի գրած նամակներուն մէջ աշխարհագրական տեղեկութիւններուն վերաբերող հարցերէն յետոյ երկրորդ տեղը կը գրաւէ սրբանկարը միաբանութեան նուիրելու խնդրանքը: Նամակներուն մէջ Ալիշան կ՚անդրադառնայ եւ կը բացատրէ յիշեալ սրբանկարի պատկերագրութիւնը՝ այնտեղ ներկայացուած չարչարանաց գործիքներով:

Մխիթարեանները Օսմանեան կայսրութեան մէջ գտնուող իրենց վարժարաններու գործունէութիւնը չվտանգելու համար, ինչպէս նաեւ հիմնականին մէջ գործելով արեւմտահայ միջավայրի մէջ, բաւականին զգուշաւոր կը գրեն 1894-96 թուականներու հայկական ջարդերու մասին: Կ՚աշխատին տեղի ունեցածը առանց բարձրաձայնելու ներկայացնել եւրոպական երկիրներու բարձրաստիճան հոգեւորականներուն, պետական պաշտօնեաներուն եւ հեղինակաւոր մտաւորականներուն: Նոյնը կը վերաբերի Ալիշանին: Ան եւս ընդհանուր ակնարկով կը գրէ որբերուն եւ կարօտեալներուն օգնելու մասին

Ինչպէս, սակայն, ժամանակակիցները կը նշեն, Հայոց Նահապետը խոր ողբերգութիւն ապրեցաւ եւ յառաջացած տարիքին զուգահեռ գլխաւոր պատճառը այդ էր, որ 1897-1901 թուականներուն այլեւս որեւէ նշանակալից գործ չստեղծեց, եղածները չամբողջացուց ու չմասնակցեցաւ հանրային տարբեր ձեռնարկումներուն՝ նուիրուելով միայն կրօնական ապրումներուն եւ մտածումներուն:

Այս հոգեվիճակը բաւականին ցայտուն արտայայտուած է նամակներուն մէջ, որոնց մէջ ոչ միայն իր հոգեկան ապրումներու մասին կը գրէ, այլ նաեւ անցեալ դարերու սրածութիւններու պատկերները արիւնաներկ գունաւորումներ կը ստանան՝ կապուելով իր ապրած օրերուն հետ: Այսպէս, իտալացի գիտնական Էմիլիոյ Թեզան ուզելով իտալերէն թարգմանութեամբ հրատարակել Շնորհալիի  «Ողբ Եդեսիոյ» ստեղծագործութիւնը, Ալիշանին կը դիմէ բնագրի եւ թարգմանութեան հետ կապուած շարք մը հարցերով: Ալիշան անհրաժեշտ բացատրութիւնները տալով կ՚ըսէ, որ կասկած չունի   թարգմանութեան յաջողութեան համար եւ այնուհետեւ կ՚աւելցնէ, թէ տեսնես ինչ պիտի ըսէր Շնորհալին 700 տարի անց, երբ նայէր Եդեսիոյ Մայր Տաճարին, ուր բազմաթիւ հայեր ողջ-ողջ այրեցան  « բոցաշունչ կրակով »:

Ալիշանի նամակները մեր առջեւ բանալով անոր հոգեկան աշխարհը, միաժամանակ կը լուսաբանեն Մխիթարեան միաբանութեան, եւրոպական հայագիտութեան եւ հայ կեանքի շուրջ վեց տասնամեակներու տարբեր հարցեր, ինչպէս նաեւ կը թելադրեն որպէս ազգային նուիրական մասունքներ հրատարակել Հայոց Նահապետէն անտիպ մնացած բոլոր նշխարները, աւելի եւս, որ անոնց հրատարակութեան սկզբունքներու մասին կարեւոր գրառումներ կան սոյն Նամականիի հատորներուն մէջ տեղ գտած նամակներուն մէջ:

Հ. Վահան Ծ. Վարդապետ Օհանեան
Վարդան Դեւրիկեան