Յօդուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԵԱՆ ՎԱԽՃԱՆԸ

Կեդրոնական Վարժարանի հանդիսին մէջ՝ Պ. Ա. Չօպանեան, շրջանաւարտ, կարդացած էր ճառ մը, զոր հրատարակեց «Արեւելք»: Այդ ճառին մէջ, ուր Չօպանեան կը գուժէ բանաստեղծութեան վախճանը, սխալ դատողութիւններ ըրած է: Ճշգրտօրէն դիտելու համար այդ ճառը, նախ ըսենք թէ ի՞նչ է բանաստեղծութիւնը: Համառօտակի՝ բանաստեղծութիւնն է սրտին, հոգւոյն լեզուն. զգացմանց ու կրից լեզուն, բացատրութիւնն. բանաստեղծութիւնը՝ գեղեցկին, ճշմարտին ու բարւոյն դէմ՝ հոգւոյ մը սարսուռն է. այն հոգիները որ դիւրաւ կը զգան ատոնք, որ սքանչելի կերպով կը բացատրեն իրենց զգացումները որք բուռն են, այդ հոգիները՝ բանաստեղծներն են:

Եւ արդ, ըսե՜լ թէ բանաստեղծութիւնը պիտի վախճանի՜ օր մը…: Ատիկա կը նշանակէ թէ սի՛րտը պիտի վախճանի. զգացմունք պիտի շիջանի՛ն այլ եւս. մարդուն ամենէ՛ն երկնային, պաշտելի՜ եւ բնակա՛ն մասը՝ պիտի մարի՜, ջնջուի՜, անհետանա՜յ…:

Կարեւոր բան մ’ալ կայ. բանախօսը իրար խառնած է բանաստեղծութեան վախճանն ու ոտանաւորինը. ո՞րն է վախճանողը, երկուքին համար ալ կ’ըսէ թէ պիտի վախճանին. բայց միով զմիւսը կը հասկնայ. այդ երկու բաները կը շփոթէ իրարու հետ. ոտանաւոր եւ բանաստեղծութիւն նոյն չեն. ոչ ամեն բանաստեղծութիւն ոտանաւոր՝ ոչ ամեն ոտանաւոր բանաստեղծութիւն է: Ոտանաւորը՝ բանաստեղծութեան մէկ ձեւն է, մէկ երանգը եւ ո՛չ պայմանը. վարագոյր մը կրնայ մետաքսեայ ըլլալ կամ կտաւէ. բայց երկու տեսակն ալ վարագոյր են. բանաստեղծութիւնը արձա՛կ ալ կրնայ ըլլալ՝ ոտանաւո՛ր ալ. ոտանաւորը՝ այդ ձեւը բանաստեղծութեան՝ կրնա՛յ փոխուիլ, կրնայ կորսուիլ իսպառ կամ առժամանակեայ կերպով. նախնի դարուց մէջ ոտանաւոր չկար՝ իսկ բանաստեղծ սրտեր՝ այո՛. վերջը ծնաւ այդ ձեւը՝ կաղապարը՝ որ դար մը յետոյ գուցէ ա՛լ չգործածուի:

Որո՞ւն վախճանին վրայ խօսած է Չօպանեան «Բանաստեղծութեան վախճանը» վերնագրին տակ. եթէ բանաստեղծութեան անհետանալուն վրայ՝ իրաւունք չունի՛ յաւիտեան. բանաստեղծութիւնը՝ զայն կրող հոգւոյն, էակին հետ ծնած է. անոր հե՛տ պիտի ջնջուի տիեզերքէն: Չմոռնամ ըսելու որ, Պ. Չօպանեան՝ իբր պատճառ Քնարին մահուան՝ կը դնէ մանաւանդ սա, թէ՝ կրօնական հաւատքը կը սկսի գիտութեան բոցերուն առջեւ առկայծիլ, մարիլ… իրաւունք ունի, այո, գիտութիւնը իւր փաստերով պիտի յաղթանակէ օր մը. Լուի Պիւխնէռ, Վիառտօ եւ այլք՝ պիտի լռեցնեն Պօսիւէներն ու Սոկրատը: Եւ սակայն, բանաստեղծութեան աղբիւրը լոկ հաւա՞տքն է. ո՛չ. բանաստեղծութիւնը նախ անսահմա՜ն աղբիւր մը ունի որ է Տիեզերքը, Բնութիւնը. եւ անհամար աղբիւրներ՝ որք կ’անուանին սէր, ընտանիք, առաքինութիւն, գիտութիւն (որովհետեւ գիտութիւնն ալ իր բանաստեղծութիւնն ունի), կեանք, մահ, վիշտ եւլն: Բանաստեղծութեան աղբիւրը՝ լոկ հաւատքը չէ՛:

Ոտանաւորի՞ն վախճանին վրայ խօսած է. լաւ. եթէ այդ մասը առնունք, յապաւելով միւս դատողութիւնները՝ Չօպանեան ճիշդ կը խօսի. կրնայ անհետ ըլլալ այդ սիրուն ձեւը՝ զոր այնքա՛ն կը սիրէ մարդ, մանաւանդ երգերու ձեւոյն տակ. բայց ոտանաւո՛րն է անհետացողը. թող երթա՛յ ոտանաւորը. բայց բանաստեղծութիւնը՝ իր բոլո՜ր վեհութեամբ ու անեզրութեամբ պիտի շողայ ազատ արձակին մէջ. ա՛լ չափերու խոչընդոտք՝ իր թեւերուն չպիտի բաղխին, եւ իր թռիչը անհուն սաւառնումներով պիտի առնու…

Չի պիտի ապրի՜ բանաստեղծութիւնը. կրից, զգացմանց լեզուն՝ մարդուն հետ միայն կրնայ կորսուիլ:

Ա՛հ, պիտի ըլլա՜յ բանաստեղծութիւն՝ ցորչափ սիրտ մ’ունենայ մարդ զգացող. ցորչափ սէրը պաշտուի արարածներէն, ցորչափ մա՛յր մ’ըլլայ մանուկի մը օրօրոցին քով, ցորչափ կուսի մը կամ երիտասարդի մը լանջաց տակ բաբախէ՜ այդ Ովկիանոսը՝ սիրտը. ցորչափ հովը իր ալիքներով համբուրէ՛ ամայի ափունքը, եւ հորիզոնները շառագնին ի ծագ աստեղց կամ ի մուտ… Ցորչափ թռչունը անտառի մը խորութիւններուն մէջ իր ցայգերգներն ու արշալուսային նուագները գեղգեղէ… ցորչափ մայր մը տեսնէ իր որդւոյն շիրիմը, ցորչափ առագաստն ուռի, հովը մռնչէ, երկինքը ժպտի, կամ կայծակը շողալով գահավիժի ամպի մը եզերքէն…: Պիտի ըլլա՛յ բանաստեղծութիւն՝ ցորչափ երիտասարդ դագաղ մի սահի փոսին մէջ… ցորչափ անձնուէր նաւազ մը թաղուի ջուրերուն, մամուռներուն տակ՝ փրկելու համար հոգի մը… Ցորչափ աշունը տերեւաթափ ընէ եւ գարունը դալարեցնէ ծառերը. ցորչափ երաժշտութիւնը նուաղկոտ ու բուռն, վշտագին ու զուարթ հնչէ մեր լսելեաց ու հոգւոյն մօտ… ցորչափ յաւիտենական լեռը՝ իր ձիւնապատ ճակատը անհունութեան տայ ի համբոյր, ցորչափ երկու տարփաւորք գիրկընդխառն անդունդը իյնան հոն միանալու համար…: Ցորչափ բնութիւնն եւ ընկերութիւնն ըլլան… այսինքն ցորչափ Վօլթէր երկրպագէ առաւօտին, եւ Վիքթօռ Հիւկօ՝ գոչէ. «Ո՜հ, մօ՜ր մը սէրն…»

Ա՛հ, յաւիտենակա՛ն է Քնարը, եթէ բանական ու զգայո՜ւն էակն յաւիտենակա՛ն է՝ եւ զգա՛յ յաւիտենապէս:

Սկիւտար