Յօդուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԳՐԱԿԱՆ ՍԵՌԵՐ

1– Ի՞նչ են գրական սեռերը. Որովհետեւ նիւթերը եւ արտայայտութեան կերպերը (ոճերը) կը տարբերին, երեւան կուգան գրական երկերու այլեւայլ տեսակներ. ասոնք գրական սեռեր (genre littéraite) կը կոչուին: Բոլորը մէկտեղ երկու մեծ խումբ կը կազմեն: Ոտանաւորը (vers) եւ Արձակը (prose):

2. Ոտանաւոր Գրականութիւն. Ասիկա ձեւին անունն է. իսկական անունն է բանաստեղծութիւնը (poésie): Բանաստեղծութիւնը նախ, հոգեկան վիճակ մըն է, յուզում մը որուն պատճառն է կատարելութեան ուստի անմահութեան կարօտը: Որովհետեւ յուզումը կ’արտայայտենք մեր մէջ յաճախ համաչափ շարժումներով, համաչափ խօսքերով: Բանաստեղծական վիճակին իբր բնական արտայայտութիւն ծնած է ոտանաւորը:

Ոտանաւորի տող մը ունի որոշ թուով վանկեր, վանկերու խմբումներ որոշ թուով: Այն փոքր լռութիւնը որ ընթերցման պահուն կը դրուի այդ խմբումներուն եւ տողերուն մէջ եւ կը ծառայէ չափական, երաժշտական ընելու լեզուն. ոտանաւոր կը նշանակէ չափեր ունեցող:

3. Ոտանաւորի սեռեր. Մեծ սեռեր եւ փոքր սեռեր կան. առաջիններն են դիւցազներգութիւնը (épopée), թատրերգութիւնը (théâtre), վարդապետական սեռը (genre didactique), փոքր սեռերն են եղերերգը (élégie), երգիծական բանաստեղծութիւնը (poésie satyre), քնարերգութիւնը (poռsie lyrique):

4. Դիւցազներգութիւն– Կը պատմէ Աստուծոյ, դիւցազանց եւ քաջերու արարքները: Այս սեռին պատշաճագոյն ոճն է բարձր ոճը, մեծ, վայելուչ եւ հզօր (Հոմերոսի «Իլիական»ը, Վիրգիլիոսի «Ենէական»ը, Թասսոյի «Երուսաղէմ ազատեալ»ը, Միլտոնի «Դրախտ կորուսեալ»ը, Բագրատունիի «Հայկ Դիւցազն»ը եւայլն):

5. Թատրերգութիւն. Չէ թէ կը պատմէ այլ աչքի առջեւ կը ներկայացնէ մարդոց արարքները մեծ կիրքերու ազդեցութեան տակ, (ողբերգութիւն, tragédie, Ռասինի «Աթալի»ն, Քոռնէյլի «Սիտ»ը եւայլն), կամ մեծ մարդոց ծիծաղելի գաղափարներն ու վարմունքները (Կատակերգութիւն, comédie, Մօլիէռի «Թարթիւֆ»ը, «Լ’Ավար»ը եւայլն) եւ կամ մարդոց թէ՛ ուղիղ եւ թէ զաւեշտական արարքները միանգամայն (Տռամ drame, Շէյքսբիրի «Համլէթ»ը, Հիւկոյի «Le Roi s’amuse»ը եւայլն): Ոտանաւոր թատրերգութիւնը, դասական գրականութեան մէջ յաճախ մշակուելէ վերջ, հիմա գրեթէ դադրած է տեղի տալով արձակ թատրերգութեան:

6. Վարդապետական սեռ. Հոս բանաստեղծը կ’աւանդէ ծանօթութիւններ գիտական, փիլիսոփայական, բարոյական, գրագիտական եւայլն. կը վարդապետէ (Պուալոյի «Արուեստ քերթողական»ը եւայլն): Այս սեռն ալ տեղի տուած է արձակին:

Առակներ (Fable). վարդապետական սեռին մէկ հաճոյալի եւ փոքր տեսակն է, որոնց մէջ անբան կամ անշունչ էակներ կը խօսեցնէ յաճախ բանաստեղծը:

7. Քնարերգութիւն. Այն սեռն է ուր բանաստեղծը կը պատմէ իր իսկ յոյզերը, կրնայ ըսուիլ թէ բանաստեղծական բո՛ւն սեռն է: Ինչ ինչ սեռեր մշակուելէ դադրած են, կամ գոյութիւն ունեցած չեն ամեն ժողովուրդներու մէջ, բայց քնարերգութիւնը մշակուած է ամենուրեք եւ միշտ:

Կեանքը, գեղեցկութիւնը, երիտասարդութիւնը, տառապանքը, երջանկութիւնը, յոյսը, սէրը, հաւատքը, մահը, բնութիւնը, Աստուած եւն., կ’ըլլան ընդհանրապէս նիւթ քնարերգական բանաստեղծութեան: Այս սեռին համար են ոտանաւորի բոլոր ձեւերը: (Անոնք որ հաստատուն չեն, եւ բանաստեղծին քմահաճոյքէն կախեալ են, եւ անոնք որ հաստատուն են ինչպէս հնչեակը (sonnet), բանթումը (pantoum), վիլանէլը (villanelle), ոլորակը (rondo) եւն. եւն.:

8. Արձակ Գրականութիւն եւ իր սեռերը. Գրականութեան սովորական եւ ամենէն բնական ձեւն է արձակը, վասն զի արդէն արձակ կը խօսի մարդ: Գլխաւոր սեռերն են թատրերգութիւնը, վէպը (roman), երգիծանքը եւ անոր մօտիկ զուարթ գրականութիւնը (genre humoristique), հրապարակագրութիւնը (journalisme), պատմութիւնը (histoire), գիտական, բարոյական, փիլիսոփայական գրականութիւնը, նամակագրութիւնը (genre épistolaire), նկարագրական սեռը (genre descriptif), որուն մէջ կը մտնեն ուղեւորութեանց եւ տեղեաց նկարագրութիւնները, ատենախօսութիւնը (genre oratoire), որուն կը վերաբերին կրօնական թէ աշխարհիկ բանախօսութիւնները, քննադատութիւնը (critique):

9. Թատրերգութիւնը. Ոտանաւոր թատրերգութենէն աւելի արձակ թատրերգութիւնն է որ կը մշակուի այսօր, եւ մանաւանդ տռամը եւ կատակերգութիւնը: (Տեսնել 5-րդ հատուածը):

10. Վէպը. Նկարագրութիւն մըն է դէպքերու եւ բնաւորութիւններու, որոնք գոյութիւն ունեցած չեն անպատճառ, բայց ճշմարիտ թուելու աստիճան եւ յաճախ ճշմարիտէն ալ աւելի ճշմարտանման են: Վէպին նպատակներն են՝ կեանքի դրուագներու շարքով մը հաճոյք պատճառել. նաեւ ցոյց տալ նկարագիրներու ունեցած ընթացքը դէպքերու հանդէպ դարձեալ՝ դէպքերով ապացուցանել հանրութեան համար շահեկան գաղափար մը:

11. Երգիծական սեռ. Գործածուած է ոտանաւոր ձեւով ալ, իբրեւ բանաստեղծութիւն, բարքերու եւ նկարագիրներու, կամ անհատներու կեանքին տգեղութիւնը, ծաղրելի կողմերը դատող եւ ձաղկող սեռն է այս: Բանաստեղծը կամ գրագէտը, իբրեւ կատարելութեանց երգիչ կամ քարոզիչ, իր ծիծաղը կամ զայրոյթը կ’արձակէ մարդկային անկատարութեանց դէմ, եւ ասով, գրական այս սեռը զանոնք հալածող սարսափելի զէնք մըն է:

Զուարթ գրականութիւնը կը մօտենայ անոր իր ծիծաղաշարժ հանգամանքովը. բայց հոս իտէալը չէ որ կ’ոգեւորէ գրագէտը, ուստի շատ լուրջ նպատակ մը չկայ այս սեռին մէջ:

12. Հրապարակագրութիւն. Ազգային, քաղաքական, ընկերային եւ այլ կարգի դէպքերու եւ իրերու վրայ օրը օրին խօսող սեռն է, որ կոչուած է հասարակութեան հասկացողութեան ու դատողութեանը առաջնորդն ըլլալ: Կը պահանջէ հմտութիւն ամեն կարգի իրերու, գրագիտական գերազանց յատկութիւններ, ինչպէս նաեւ ողջմտութիւն, արդարութիւն, ազնուութիւն: Այս կերպով է որ այս սեռը արժանի եղած է կոչուելու չորրորդ իշխանութիւնը (Le quatrième pouvoir):

13. Պատմութիւն. Ներկայացումն ու դատաստանն է Անցեալին: Մին է այն սեռերէն որոնց մէջ մարդկային միտքը սովորական մակարդակէն շատ վեր կը բարձրանայ: Կը պահանջէ քննադատող, ընտրող եւ անկախ միտք, զօրեղ դատողութիւն, կենդանի երեւակայութիւն, իրողութիւնները պատճառաբանող իմաստասիրական կարողութիւն, արդար ու անկախ ոգիի մը հետ:

14. Գիտական, բարոյական, փիլիսոփայական գրականութիւն. Այս սեռին նիւթերը յաճախ վերացական ըլլալով, գրագէտին վրայ կը ծանրանայ հարկը՝ ընթերցողին մատչելի դարձնելու զանոնք: Արհեստաբանական բառերը ու բացատրութիւնները արգելք են կատարեալ հասկնալիութեան, անոնցմէ ալ գրագէտը պարտի զգուշանալ: Կրնայ ըսուիլ թէ գրական այս սեռը ամենէն աւելի կրթիչն ու զարգացուցիչն է եթէ նիւթերը ճարտար գրագէտներու ձեռքով յաջողապէս ռամկացուած ըլլան:

15. Նամակագրութիւն. Մին ամենէն բնականներէն, գրեթէ տեսակցութիւն մըն է գրաւոր երկու հեռաւորներու միջեւ: Լեզուն ամենէն նուազ կը յաւակնի գրական ըլլալու, եւ ընդհանրապէս կը մնայ սովորական, մաքրութիւնը նուազ է նամակագրական ոճին մէջ, երբոր ընտանեկան, մտերմական, կամ նոյնիսկ գրական նամակներ կը գրեն: - Այս սեռը կը պարունակէ սա տեսակները. թուղթ կամ կոնդակ, գործի նամակ, շրջաբերական, յարգական նամակներ (վշտակցութեան, խնդակցութեան, շնորհաւորական նամակներ), ընտանեկան կամ մտերմական նամակներ (գրագէտներու միջեւ փոխանակուած) եւայլն:

16. Նկարագրական սեռ. Ամենէն հրապուրիչ սեռերէն մին, որու շնորհիւ բնութեան տեսարաններ, աշխարհագրական պատկերներ, ժողովրդական բարքեր, դէպքեր, նկարագիրներ եւն. իրենց հարազատ գոյնով կը նկարուին ընթերցողին առջեւ, ընդհանրապէս Արձակագիր անունը կը տրուի այս սեռի գրագէտներուն:

17. Քննադատութիւն. Գրական սեռ մը որ գրական երկերու բացատրութիւնն ու դատաստանն է: Կը պահանջէ հմտութիւն մատենագրութեանց պատմութեան, գրական եւ գեղարուեստական ճաշակ, ծանօթութիւն այլեւայլ ուսմանց, եւ պարկեշտ, արդար, բարեկիրթ բնաւորութիւն, ինչպէս նաեւ ողջմտութիւն, դատողութիւն եւայլն:

18. Ատենախօսութիւն. Հանրութեան ուղղուած խօսուած գրականութիւնն է այս, ամենէն շատ սիրուած եւ փնտռուած սեռերէն մին: Որովհետեւ կենդանի խօսքը աւելի ազդու է քան գրուած խօսքը, այս սեռը կարող է աւելի արագ եւ աւելի սաստիկ ազդել ունկնդիրներուն: Ամեն բան նիւթ կ’ըլլայ այս սեռին, ատով ատենախօսութիւնը կ’ըլլայ եկեղեցական քարոզ, քաղաքական ճառ, հանրային դասախօսութիւն եւն.: Ատենախօսը պարտի ունկնդիրները հմայել, ախորժելի բայց նաեւ տպաւորիչ, հմտալից այլ ձանձրոյթ չպատճառող, մաքրալեզու բայց բնական խօսքերով եւ պարտի փոյթ տանիլ որ անոնք անմոռանալի ըլլան քանի որ կենդանի խօսքը, թէեւ ազդու բայց ենթակայ է թռչելու եւ մոռցուելու:

Պերճախօսութիւնը (éloquence) ճշդիւ ատենախօսելու արուեստն է: