Յօդուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՆԱՄԱԿ ԽՄԲԱԳՐՈՒԹԵԱՆ

Սիրելի բարեկամ,

Վերջին յօդուածիս՝ «Հովուական Սրինգ»ին մէջ, իմ բծախնդրութեան տկարութեանս իբրեւ դաս, միշտ անօգուտ–, կը գտնեմ հոս հոն փուշերու պէս մխուած շեշտեր ու բութեր, ահա թէ ինչ է գամագիտ ըլլալ–, եւ տեղ մըն ալ՝ 359 էջին կէսէն վերջը՝ կը տեսնեմ որ «մարդ» բառը մոռցուեր է «Երբ մտածէ թէ…» խօսքին մէջ: Բայց նուազ աննշմարելի եւ ա՛յլապէս աչք ծակող բաներ ալ պատահեր են դեռ: Ձենէ խնդրած էի որ ինչ ինչ մէջբերումներս տպուէին գործածելի շեղագրէն տարբեր մանր տառերով: Ձեռագրիս զոյգ ստորագծումները որ իբր թէ պաշտօն ունէին այդ փափաքս յիշեցնելու, անմեղ մոռացութեամբ մը ծառայեր են գլխագրերով տպել տալու, գլխագրերով, Աստուած իմ, եւ հետեւաբար ոչ թէ պարզապէս տեսանելի դարձնելու՝ այլ ցցելու, յաղթապանծօրէն տնկելու այն մանր մունր անկատարութիւնները զոր ուզեր էի ցոյց տալ Դուրեան Սրբազանի այլեւայլ տողերուն մէջ: Հիմա ապշած կը նայիմ այդ բարձրակարկառ ու թանձրաբարբառ մէջբերումներուն, այդ մատնութիւններուն, զոր ընել տուեր էք ինծի, զիս վերածելով, առնուազն, հաւասարակշռութենէ ու փափկանկատութենէ զուրկ սխալագէտի մը որ շիւղերուն վրայ կը ճառէ իբրեւ գերաններու: Գո՜նէ ունենայի՛ գլխագիրերով ո եւ է բառ նօտրագրելու, ուշագրաւ դարձնելու ճաշակն ու սովորութիւնը, եւ յօդուածներուս մէջ գլխագրուածներէն զատ ուրիշ բան կարդալ չտալու չափ… բարեսիրտ ըլլայի:

Տ. ՉՐԱՔԵԱՆ

Սկիւտար