ԳՐԱԳԻՏԱԿԱՆ
ԾԱՆՕԹՈՒԹԻՒՆՔ
ՈՃԸ
ԵՒ
ԻՐ
ՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
1.
–
Ի՞նչ
է
ոճը.
–
Ամեն
մարդ
իր
մտածածն
ու
զգացածը,
պարզապէս
ինքզինքը
կ’արտայայտէ
կերպով
մը:
Ինքզինքը
արտայայտելու
համար
գործածուած
խօսելու
եղանակը
եւ
ընտրած
նիւթերը
կը
ձեւացնեն
այն
կերպը
որով
մարդ
ինքզինքը
կ’արտայայտէ:
Այս
կերպը
կը
կոչուի
ոճ
(style):
Անուս
մարդոց
ոճերը
շատ
չեն
տարբերիր
իրարմէ.
զարգացածներուն
մէջ
ոճի
մեծ
տարբերութիւններ
կան:
2.
–
Գրականութիւն
եւ
գրագիտութիւն.
–
Զարգացած
ու
կարող
մարդոց
մտքին
գրաւոր
կամ
բերանացի
արտայայտութիւնն
է
գրականութիւնը
(littérature):
Գրականութիւնը
ամբողջութիւնն
է
գրական
երկերու:
Իսկ
այն
արուեստը
որով
յառաջ
կու
գան
ատոնք,
կը
կոչուի
գրագիտութիւն
(art
littéraire):
3.
–
Ոճին
յատկութիւնները.
–
Բանականութիւնը
որ
ինչպէս
ամեն
արուեստի
այնպէս
եւ
գրագիտութեան
կ’իշխէ,
կը
պահանջէ
որ
արտայայտութեան
կերպը
(ոճը)
կատարեալ
ըլլայ.
այսինքն
ունենայ
ինչ
ինչ
յատկութիւններ,
առանց
որոնց
պիտի
ըլլար
թերի,
անբնական,
անազդակ
եւ
անօգուտ:
Ոճը
պարտի
ունենալ
հետեւեալ
յատկութիւնները.
յստակութիւն,
բնականութիւն,
մաքրութիւն
եւ
ազնուութիւն,
ճշդութիւն,
պատշաճութիւն,
զանազանութիւն,
միութիւն,
ներդաշնակութիւն:
4.
–
Յստակութիւն
(clarté).
–
Անիմաստ
պիտի
ըլլար
արտայայտուիլ
ուզել
առանց
հասկցուիլ
ուզելու:
Ոճը
պարտի
ըլլալ
յստակ,
այսինքն
անմիջապէս
եւ
առանց
դոյզն
ճգան
հասկնալի:
Ասոր
համար
հարկ
է
որ
արտայայտուողը,
Ա.
Նախապէս
լաւ
գիտնայ
իր
ըսելիքը,
Բ.
Լաւ
գիտնայ
լեզուն
(բառերն
ու
կանոնները),
Գ.
Զգուշանայ
երկարաձիգ
պարբերութիւններէ,
միջանկեալներու
յաճախութենէ
եւ
դերանուններու
առատ
գործածութենէ:
Դ.
Տրամաբանական
կարգով
մը
խօսի.
(եթէ
դէպք
մը
պիտի
պատմէ,
պէտք
է
որ
խօսի
այն
կարգով
որով
դէպքը
տեղի
ունեցած
է
կամ
որով
ինք
տեղեկացած
է
դէպքին.
իսկ
եթէ
խորհրդածութիւն
մըն
է
իր
ընելիքը,
պէտք
է
երթայ
ծանօթէն
անծանօթին):
Ե.
Պէտք
է
որ
այնպէս
համարի
թէ
ունկնդիրները
կամ
ընթերցողները
գրեթէ
անուս
մարդիկ
են
կամ
խոր
ու
տեւական
ուշադրութեան
անկարող:
Զ.
Պէտք
է
նաեւ
որ
հրաժարի
ցուցամոլութենէ,
եւ
հեզաբար
խորհի
օգտակար
ըլլալ:
Յստակութիւնը
ոչ
միայն
գլխաւոր
յատկութիւնն
է
կատարեալ
ոճին,
այլ
նաեւ
հիմնական
յատկութիւնն
է:
Բոլոր
միւս
յատկութիւնները
կը
ծառայեն
կամ
կը
նպաստեն
անոր
աւելի
կամ
նուազ:
Անոր
ներհակ
թերութիւնն
է
մթութիւնը
(obscurité),
որ
թոյլ
չի
տար
բան
մը
հասկնալ,
որ
քանի
մը
բան
միանգամայն
կարծես
կը
հասկցնէ,
եւ
յառաջ
կու
գայ
վերոյիշեալ
պայմաններուն,
ինչպէս
նաեւ
ոճի
միւս
յատկութեանց
չգոյութենէն:
5.
–
Բնականութիւն
(naturel).
–
Երբ
արտայայտութեան
կերպը
(ոճը)
ընտանի,
ծանօթ,
սովորական,
դիւրին
եւ
անճիգ
(առանց
որեւէ
ճիգի)
կը
թուի
մեզ,
կ’ըսենք
թէ
ոճը
բնական
է:
Ներհակութիւնն
է
անբնականութիւնը
(affectation):
Երբ
ոճը
ըլլայ
օտարոտի,
ճիգով
յառաջ
եկած
(բռնազբօսիկ)
այն
ատեն
եղած
կ’ըլլայ
անբնական,
եւ
որեւէ
ազդեցութիւն
չ’ըներ
բացի
զմեզ
ծիծաղեցնելէ
եւ
զզուեցնելէ:
Երբ
ոճը
անբնական
է
այնպէս՝
որ
մեր
ըսելիքները
չափէն
աւելի
եւ
ծայրայեղ
կարեւորութիւն
մը
կ’առնեն,
ոճը
կ’ըլլայ
ճոռոմ
(ուռուցիկ)
(emphatique):
Իսկ
եթէ
ոճը
անբնական
է
ա՛յնպէս՝
որ
մեր
ըսելիքներուն
լրջութիւնը
նուազած
եւ
անոնց
արժէքը
թեթեւցած
կ’երեւայ,
ոճը
կը
կոչուի
սեթեւեթեալ
(précieux):
Որպէսզի
ոճը
բնական
ըլլայ,
պէտք
է
որ
հաւատարիմ
ըլլանք
մեր
զգացումներուն
եւ
գաղափարներուն
որակին
ու
քանակին,
եւ
որեւիցէ
ճիգ
չընենք
մեր
ըսելիքները
աւելի
կարեւոր
դարձնելու:
6.
–
Մաքրութիւն
եւ
ազնւութիւն
(puretռ
et
élévation).
–
Կատարեալ
ոճ
մը
մաքուր
կ’ըլլայ,
այսինքն
զերծ՝
աղաւաղեալ,
խորթ,
գռեհիկ,
օտար
եւ
խրթին
բառերէ
ու
բացատրութիւններէ:
Կատարեալ
ոճը
կ’ըլլայ
ազնիւ,
այսինքն
արտայայտած
գաղափարները
բարձր
եւ
օգտակար
կ’ըլլան,
զգացումները
կիրթ,
ազնուական
եւ
ազնուացնող:
Պէտք
է
խորշիլ
վնասակար
գաղափարներ
եւ
զգացումներ
արտայայտելէ,
չմոլորեցնելու
համար
ընթերցողները
կամ
ունկնդիրները:
Ամեն
գրող
պարտի
տեղեակ
ըլլալ
բարոյականի
սկզբունքներուն
եւ
յարգել
զանոնք:
Մեծ
գրագէտ
մը
ըսած
է
թէ
գրիչ
բռնելու
կարող
մարդը
ամենէն
առաջ
պարտի
բարոյախօս
մը
ըլլալ:
Մաքրութիւնն
ու
ազնուութիւնը
լծորդ
են
ընդհանրապէս.
երբ
մին
չկայ,
յաճախ
միւսն
ալ
չկայ:
Աւելի
ճիշդ
է
ըսել
թէ
ազնուութիւնն
է
որ
մաքրութիւն
յառաջ
կը
բերէ:
7.
–
Ճշդութիւն
(précision).
–
Մեր
միտքը
արտայայտելու
համար
պէտք
է
մերձիմաստ
բառերու
եւ
բացատրութեանց
մէջ
ընտրութիւն
մը
ընել,
եւ
առնել
այն
միայն,
որ
լաւագոյնս
կ’արտայայտէ
մեր
միտքը:
Այս
կերպով
մեր
ոճը
կ’ըլլայ
ճիշդ
(prռcis),
բայց
պէտք
է
որ
միեւնոյն
ատեն
աւելորդ
եւ
ամբողջովին
զտութիւնը
խաթարող
բառերէ
եւ
բացատրութիւններէ
զերծ
պահենք
մեր
ոճը:
Պէտք
է
լեզուն
շատ
լաւ
գիտնալ,
եւ
խօսքերուն
արժէքը
լաւ
կշռել,
կարենալու
համար
ճշդութիւն
իրագործել
ոճին
մէջ:
Այժմու
հայերէնը
դեռ
բոլորովին
թոյլատու
չէ
կատարեալ
ճշդութեան,
որովհետեւ
շատ
մը
հոմանիշներու
նշանակութիւնները
ճշդուած
չեն:
8.
–
Պատշաճութիւն
(propriété).
–
Ինչպէս
որ
պատշաճ
եւ
անպատշաճ
վարմունքներ
կան
ընկերական
կեանքի
մէջ,
նոյնպէս
ալ
պատշաճ
կամ
անպատշաճ
ոճ
կայ
գրականութեան
մէջ.
ինչպէս
որ
անպատշաճութիւնն
յիմարութիւն
է
հոն՝
նոյն
բանն
է
հոս:
Որպէսզի
ոճին
մէջ
պատշաճութեան
յատկութիւնը
գտնուի,
պէտք
է
որ,
Ա.
–
Ոճը
ըլլայ
նիւթին
յարմարագոյն
ոճը.
ցաւալի
նիւթի
մը
համար
պարզ
ոճ,
զուարճալի
նիւթի
մը
համար
զուարթ
ոճ.
արագընթաց
դէպքերու
համար
աշխոյժ
ու
հատու
ոճ,
դանդաղ
իրողութեանց
համար
յամր
ու
ծանրասահ
ոճ,
եւայլն:
Բ.
–
Ոճը
յարմար
ըլլայ
անոնց
որոնց
կ’ուղղուի
մեր
խօսքը:
(Տղաքներու
ուղղուած
եւ
ուսումնականներու
ուղղուած
խօսքերուն
ոճը
միեւնոյնը
չէ):
Գ.
–
Այն
զգացումները
կամ
մտածութիւնները,
զորս
կ’ընծայենք
անշունչ
իրերուն,
պատշաճ
ըլլան
անոնց:
Դ.
–
Այն
խօսքերը
զորս
կը
դնենք
զոր
օր.
վէպի
մը
անձերուն
բերանը,
պատշաճ
ըլլան
անոնց:
(Անուս
մարդու
մը
բերանը
չենք
կրնար
ուսումնականի
խօսքեր
դնել.
բայց
մաքրութեան
դէմ
չմեղանչելու
համար,
պէտք
է
կարելի
եղածին
չափ
զեղչենք
ռամիկի
մը
բերնին
վայել
անմաքուր
բացատրութիւններէն):
9.
–
Զանազանութիւն
(variété).
–
Երբ
մարդ
միօրինակ
ոճ
մը
ունենայ,
այսինքն
չփոխէ
իր
գրածին
կամ
խօսածին
նիւթերը,
եւ
խօսելու
եղանակը,
ձանձրալի
կ’ըլլայ
իր
ոճը:
Կատարեալ
ոճ
մը
ձանձրոյթ
չի
պատճառեր:
Ասոր
համար
հարկ
է
որ,
Ա.
–
Գլխաւոր
նիւթը
կազմող
երկրորդական
նիւթերը
զանազան
ըլլան:
(Զգացումներ,
մտածութիւններ,
յիշատակներ,
պատկերներ,
դէպքեր
պէտք
է
որ
պարունակէ
որեւէ
գրութիւն
մը,
որքան
կարելի
է):
Բ.
–
օսելու
եղանակը
ըլլայ
մերթ
հարցական,
մերթ
հաստատական,
մերթ
ժխտական,
մերթ
հարցական-բացասական
եւայլն,
միշտ
պատշաճ
կերպով:
Գ.
–
Խօսքերուն
երկայնութիւնն
ալ
փոփոխական
ըլլայ.
(միայն
երկար
նախադասութիւններ
կամ
միայն
կարճ
նախադասութիւններ
միօրինակ
ու
ձանձրալի
կ’ըլլան):
10.
–
Միութիւն
(unitռ).
–
Ծայրայեղ
զանազանութիւն
մը
ճապաղ
պիտի
դարձնէր
ոճը,
ուստի
ճառը
կամ
գրութիւնը
անկապ
ու
յիմարական
բան
մը
պիտի
ըլլար:
Ոճը
պարտի
ունենալ
միութիւն,
այսինքն
զայն
կազմող
այլազան
տարրերը
պէտք
է
միաբան
ըլլան,
ծառայեն
մի
ամբողջութիւն
մը
կազմելու:
Ոչինչ
պարտի
օտար
ըլլալ
բուն
նիւթէն
եւ
բուն
նպատակէն:
Միութիւնը
ըլլալով
արդիւնք
շրջահայեցութեան,
դիտողութեան,
ողջմտութեան
եւ
օգտակար
ըլլալու
բաղձանքին,
նշան
է
գրագէտին
բանականութեան
թերեւս,
ոճի
ուրիշ
ամեն
յատկութենէ
աւելի:
Բայց
միութեան
ծայրայեղ
կիրարկում
մը
պիտի
կրնար
զանազանութիւն
թոյլ
չտալ:
Միութիւնը
պէտք
է
դրուի
զանազանութեան
մէջ:
11.
–
Ներդաշնակութիւն
(harmonie).
–
Կատարեալ,
տեսլական
ոճ
մը
չունի
անախորժ
հնչիւններով
բառեր
եւ
երաժշտութենէ
զուրկ
պարբերութիւններ:
Հոն
ամեն
ինչ
ախորժելի
է
ականջին.
Ա.
Երբ
չգործածենք
բաղաձայններով
խճողուած
բառեր.
Բ.
Պարբերութեան
մասերուն
երկարութիւնը
փոփոխենք,
կարճերուն
յաջորդեցնելով
երկայններ
եւ
երկայններուն
կարճեր.
Գ.
Երբ
ջանանք
խօսքերը
աւարտել
երկար
բառով
մը
կամ
մասով
մը,
այն
ատեն
ոչինչ
կ’ունենայ
ոճը
ականջի
անախորժ,
եւ
կ’ըլլայ
ներդաշնակ:
Նմանաձայնութիւնը
(onomatopée)
որ
նմանութիւն
մ’է
ձայներու
(ինչպէս՝
«ճռնչէ
ճպուռն
ի
ճղին,
ճճուեն
ճնճղուկք
ճռուողանք»),
անճաշակ
եւ
տգեղ
բան
մը
ըլլալուն
համար
ինկած
է
գործածութենէ:
Անոր
տեղ՝
ոճը
պարտի
ունենալ
անոր
մէկ
մեղմ
տեսակը,
որ
կը
կայանայ
փափուկ
իրերու
կամ
վիճակներու
նկարագրութեան
համար
գործածելու
մէջ
փափկահնչիւն
բառեր,
եւ
կոշտ
իրերու
կամ
խիստ
վիճակներու
համար
խիստ
ձայնով
բառ
գործածելուն
մէջ: