ԿԱՐԾԻՔՆԵՐ
ԵՒ
ԿԱՐԾՈՂՆԵՐ
Ա.
Ընթերցողք
արդեօք
թոյլ
կուտա՞ն
որ
անգամ
մ’ալ
զիրենք
զբաղեցնեմ,
ակամայ,
սա
խեղճ
Ինտրայով
որ
կ’երեւայ
թէ
սահմանուած
է
նշաւակ
ըլլալ
ըստ
բախտի
կարծիքներու,
եւ
ատոնց
սխալները
ցոյց
տալ
ջանամ,
թերեւս
պարզմտութիւնն
ունենալով
հաւատալու
թէ
կրնան
ատոնք
ընդփոյթ
տեղի
տալ
յոյժ
անտեսուած
իրականութեան
առջեւ,
ի
պատիւ
ճշմարտութեան
եւ
ճշմարտասիրութեան:
Վերջացող
տարւոյն
վերջին
թիւ
«Արեւ.
Մամուլ»ին
մէջ
Վէնիւս
ստորագրուած
գրութիւն
մը
Ինտրան
կը
դատէր:
Ինտրան՝
իբրեւ
մարդ
եւ
իբր
«Ներաշխարհ»ի
հեղինակ:
Պզտիկ
գաղափար
մը
տամ
նախ
այդ
անձին
ու
իր
յօդուածին
վրայ:
Ինտրայի
ճաշակները
պարսաւող
այդ
յօդուածագիրը,
որ
այր
մ’է,
ճաշակն
ունեցեր
է
ինքզինքը
Վէնիւս
կոչելու:
Մարդու
մը
ընտրած
կեղծանուան
եւ
իր
միջեւ
առնչութիւն
մը
գտնուելու
է
անշուշտ.
եթէ
այդ
առնչութիւնն
ի
նկատ
չառներ
մարդ՝
կասկած
կը
ներշնչէ
թէ
բանի
մը
ու
անոր
նկատմամբ
կազմելի
գաղափարին
հարկաւոր
կապակցութեանն
անտարբեր
է.
թէ
անունները
զայն
կը
հրապուրեն
իրենց
նշանակած
իրերէն
անջատաբար,
եւ
անոնց
նշանակութիւնն,
ուստի
գործածութեան
պատեհ
պարագաներն
անտեսելու
չափ
տղայաբար
կը
վարուի
անոնց
հետ:
Անուններու
հետ
նոյն
վերաբերումն
է
որ
ունեցեր
է
նաեւ՝
զԻնտրա
կերպիւ
մը
բաղդատելով
Հռովմէացիներու
հետ:
«Շատ
կը
սխալին
անոնք
որ
զայն
անշուք
Olibrius
մը
կը
կարծեն»:
Կրնայ
վստահ
ըլլալ
թէ
ոչ
ոք
զԻնտրա
«անշուք
Olibrius
մը»
կարծելու
չափ…
պատմագէտ
է:
Ապահով
թող
ըլլայ
նոյնպէս
թէ
ոչ
ոք
միտքէն
անցուցած
է
Ինտրան
արհամարհել
տեսակ
մը
Հռոմէացի
չըլլալուն
համար:
Ուրիշ
տեղ
մ’ալ
Ռընէ
Մէզռուայի
կը
նմանցնէ
«Ներաշխարհ»ի
հեղինակը.
գոնէ
ասիկա
մօտիկ
տեղերէ
բերուած
անուն
մ’է.
բայց
ո՛վ
գիտէ
ի՛նչ
նմանութիւն
կայ
եղեր
այս
զառածեալ
զգայամոլութեամբ
վիպասանին
եւ
մաքուր
զգայականութեամբ
բանաստեղծի
մը
միջեւ:
Յօդուածագրին՝
իր
բաղդատութեանց
եզրերը
մասնաւոր
սիրով
մը
պատմութենէն
քաղելը
բարեբաղդութիւն
մ’է
վերջապէս
Ինտրայի
համար,
որ
կրնայ
մակաբերել
թէ
ի՛նչ
պիտի
ըլլար
իր
վիճակը
եթէ
իր
քննադատը,
զոր
օրինակ
պարտիզպանութեան
կամ
անասնաբուծութեան
հմուտ
ըլլար.
վասն
զի
այդ
արուեստներէն
անտեղեակ
մէկն
անգամ
օր
մը
«Ներաշխարհ»ին
նիւթերուն
յարափոփոխ
հանգամանքը
կամ
այլազանութիւնը
կարծեմ
ձմերուկի,
վարունգի
եւայլնի
դէզի
մը
նմանցնելու
դդմային
գաղափարը
ունեցեր
էր:
Իր
յօդուածին
հմտական
մասը
կազմելու
համար
պատմ.
կամ
մատենագրական
անուններ
կոչող
բայց
անոնց
նպատակայարմար
ըլլալուն
թէ
չըլլալուն
մտահոգութենէն
զերծ
այս
յօդուածագիրն
ուրիշ
տեսակ
հմտութիւն
մ’ալ
ունի,
որմէ
շողուն
փշուրներ
կը
ցանէ
հոս
հոն
իր
յօդուածին
մէջ՝
մեծարժէքութեան
նշոյլներով
զայն
անշուշտ
յարգելի
ընծայելու
համար.
վասն
զի
այն
պահուն,
ուր
Ինտրայի
համար
կ’ըսէ
համարձակօրէն
թէ
դիտմամբ
կը
մթագնէ
իր
լեզուն
«խորունկ
մտածողի
պատրանքը
տալու
համար»,
ինքն
ալ,
շատ
աւելի
քիչով
գոհ՝
ֆրանսերէն
բառերով
կը
պճնէ
իր
լեզուն,
ֆրանսագէտի
եւ
կարդացած
մարդու
հովեր
տալով
ինքզինքին:
Ստուգիւ,
շատերն
իր
ֆրանսերէն
բառերուն,
nռbuleux,
tourmentռ,
lacune,
dignitռ,
եւայլն,
ամենահասարակ
բառեր,
որոնց
կը
թուի
դեռ
նոր
ծանօթանալ,
հանապազօրեայ
գործածութեան
մէջ
եղող
Հայերէն
մ’ունին,
եւ
եթէ
ֆրանսերէնով
սնած
մէկուն
խօսակցութեան
մէջ
կրնան
սպրդիլ,
սակայն
առանց
գրութիւնը
ծաղրելի
դարձնելու
չեն
կրնար
Հայերէն
գրուածքի
մը
մէջ
լիատառ
երեւալ,
ո՛չ
իսկ
փակագիծերով
պատսպարուած:
Ուրիշ
խնդիր՝
եթէ
ատոնց
Հայերէնը
չի
գիտեր
յօդուածագիրը,
ինչ
որ
վերջապէս
կարելի
բան
մ’է.
բայց
այն
ատեն
ի՞նչպէս
կ’ուզէք
որ
անհասկնալի
չգտնէ
«Ներաշխարհ»ի
պէս
գիրք
մը,
որուն
ընթերցումը
քիչ
շատ
հայերէնագիտութիւն
կը
պահանջէ:
Եւ
յետոյ,
կը
ցաւիմ
ըսելուս,
Ինտրայի
մէջ
«
որախորհուրդ
խորհողի
յաւակնութիւններ»
տեսած
այս
յօդուածագիրը
խորաթափանց
քննադատի
յաւակնութիւնը
կ’ունենայ՝
Ինտրայի
նկարագրին
ու
երկին
նկատմամբ
ճշմարտութիւնն
ըսելու
ցարդ
ըսուածներէն
գերիվերոյ
կերպով,
մինչդեռ
ոչ
զԻնտրա
մօտէն
կը
ճանչնայ
անոր
ներքինին
վրայ
խօսելու
համար,
ոչ
ալ
խոհեմութիւնը
կամ
պարկեշտութիւնն
ունեցած
է
իր
սիրելի
կարծիքները
նախ
Ինտրայի
ծանօթներէն
մէկ
քանիին
(որք
իր
ալ
ծանօթներն
են)
դատողութեան
ենթարկելու,
ուստի
ոչ
ալ
ողջմտութիւնն
ունեցած
է
ըմբռնելու
թէ
երկ
մը
ինքնին
անբաւական
է
ծառայելու
հեղինակին
ներքին
կենաց
եւ
ընկերային
յարաբերութեանց
ուսումնասիրութեան
իբրեւ
վաւերանիւթ,
մանաւանդ
«Ներաշխարհ»ի
պէս
գիրք
մը,
որ
հեղինակին
բանաստեղծական
ու
հայեցողական
կեանքը
միայն
կը
պատմէ:
Եւ
խորհայեաց
դիտողի
իր
յաւակնութիւնն
յիմարութեան
կը
տանի՝
ըսելու
կամ
զառանցելու
համար
թէ
«Պէրպէրեան,
Ելքէնճեան,
Ա.
Յարութիւնեան
զիրար
գլեցին,
ո՛չ
միայն
գովեստի
փառապսակներ
հիւսելու
համար
անոր
(Ինտրայի)
ճակտին,
այլ
անոր
խորիմաստ
երկն
հասկցած
ըլլալնին
հռչակելու
համար,
իրենց
մտաւորական
մակարդակը
Ներաշխարհային
բարձրութեան
հասցուցած
ըլլալու
գոհունակութեամբ
արբշիռ»:
Կը
տեսնէ՞ք
ի՛նչ
ուժի
եւ
ո՜րպիսի
արիութեան
տէր
է
այս
նորահաս
կտրիճը:
Չկարծուի
որ
շատ
պարզամիտ
է.
վասն
զի
աղէկ
գիտէ
թէ
ա՛լ
Պէրպէրեանի
ակնարկէն
վախ
չկայ.
թէ
Ելքէնճեանի
բազուկը
չի
խլրտիր
իսկ
իրեն
պէս
քաջերու
համար,
եւ
թէ
Արտ.
Յարութիւնեան
ո՛չ
իսկ
ծիծաղելու
համար
իր
ակռաները
պիտի
հաճի
ցոյց
տալ
այս
միրմիդոնին:
Այս
տեղեկութիւնները
գաղափար
մը
տուին
յօդուածագրին
ու
իր
արտադրոյթին
տեսակին
վրայ:
Հիմա
քննենք
Ինտրայի
անձին
ու
գրքին
նկատմամբ
իր
ըսածները.
թերեւս
րժէքաւոր
բան
մը
կրնանք
գտնել
անոնց
մէջ:
Կ’ըսէ
թէ
Ինտրա
կը
սիրէ
շրջապատուիլ
«Ներաշխարհ»ը
չկարդացած
մարդոցմով
ու
անոնցմէ
լսել
«Ներաշխարհի
փառաբանութիւնը»,
թէ
«լուրջ
ու
կշռադատ
մտքի
բոլոր
յատկանիշերը»
ունենալով
հանդերձ՝
չընդունիր
ամենեւին
թէ
իրմէ
դուրս
տաղանդ
գոյութիւն
կրնայ
ունենալ:
–
Ըլլա՛ն
ասոնք
նոյն
իսկ
պարզմտօրէն
ու
տղայական
անգիտակցութեամբ
ըսուած,
կոպիտ
զրպարտութիւններ
են
միշտ.
հա՞րկ
է
արդեօք
ըսել:
Արդարեւ
համ
առնել
անհիմն
ու
անփաստ
դրուատիքներէ,
կ’ենթադրէ
բաւական
նուաստ
հոգի
մը
եւ
բաւական
կարճ
խելք
մը:
Բայց
տակաւին
զայն
«լուրջ
ու
կշռադատ
միտք»
համարելը
անմտութիւն
չէ՞:
Որքա՜ն
տգիտութիւն՝
ուսումնասիրել
առաջադրուած
նկարագրին
մասին
որու
նկատմամբ
ճշմարտութիւնն
է
որ
կ’ուզուի
յայտնել:
Սակայն
գոնէ
անգամ
մ’իսկ
չէ
պատահած
որ
մէկը
«Ներաշխարհ»ը
կարդացած
չըլլալով
հանդերձ
համարձակած
ըլլայ
զայն
փառաբանել
հեղինակին
առջեւ:
Իսկ
Ինտրա
զուրկ
մնացած
չէ
նկատառելի
ու
յարգելի
գովեստներէ,
որպէս
զի
ծարաւի
ըլլար
ո
եւ
է
տխմար
ներբող
մտիկ
ընելու.
եւ
իր
ճշմարիտ
թերութիւններէն
մխիթարուելու
չափ,
ո՛ւր
մնաց
զրպարտութիւններէ
չյուսահատելու
չափ՝
յատկութիւններ
կը
գտնէ
իր
մէջ,
եւ
ոմանց
պէս
դուրսէն
շնորհուած
սփոփանքներու
շատ
կարօտ
չզգար
ինքզինքը:
Յետոյ,
ուրիշ
տաղանդներ
ու
«բարձրագոյն
հեղինակութիւններ»
ուրանալու
չափ
անկիրթ,
անարդար
ու
անմիտ
չէ
Ինտրա.
եւ
իրեն
այդպիսի
արարք
մը
վերագրելն
անամօթ
յերիւրանք
մ’է:
Իմ
ո՞ր
խօսքերէս
կամ
վարմունքներէս
արդեօք
հետեւած
է
ինձմէ
դուրս
ո
եւ
է
կարողութիւն
ուրանալուս
այս
առասպելը.
Պէրպէրեանի
գրականութեան
եւ
իմացականութեան
մասին
իմ
խոր
ու
անայլայլ
հիացո՞ւմս
յայտնած
ըլլալէս
իրեն
եւ
շատերու,
եւ
սիրայօժար
խոստովանելէ՞ս
անոր
արուեստին
անհաւասարելի
մեծութիւնը.
կամ
Քէչեանի
կարողութեանց
առջեւ
պակուցո՞ւմ
զգալէս
եւ
ըստ
այնմ
խօսած
ըլլալէս
հոս
հոն
եւ
իրեն
իսկ:
Դուրեան
Եպիսկ.
ի
նկատմամբ
ունեցած
տրտմագին
զմայլումէ՞ս
արդեօք
զոր
յայտնած
եմ
իրեն
ու
ամենուրեք.
Ելքէնճեանի
ճոխ
ու
զօրեղ
գրականութեան
մասին
իրեն
եւ
այլոց
յայտնած
ուրախութենէ՞ս.
Սիպիլի
ինչ-
ինչ
գրութեանց
(զոր
օր.
Տիկ.
Ագապի
Տ.
Ներսէսեանի
վրայ
գրած
սքանչելի
էջերուն)
նկատմամբ
իմ
անխառն
տպաւորութիւնս
իրեն
իսկ
եւ
այլոց
ըսա՞ծ
ըլլալէս.
Եղիայի
բանաստեղծական
հոգւոյն
համար
զգացած
զարմացումս
ու
սէրս
իրեն
եւ
ամենուրեք
պատմա՞ծ
ըլլալէս:
Ո՞ր
ժխտումներէս
եւ
ուրացումներէս
կը
հետեւցնեն
իմ
օտարամերժ
ինքնահաճութիւնս.
Մրմրեանի
վերճեմող
երեւակայութեան,
Զօհրապի
աշխոյժ
ու
կորովի
մտքին,
Մուշեղ
Եպս.
ի
եռանդուն
բարոյականին
ու
կենսալի
գրութեանց,
Արտաշէս
Յարութիւնեանի
ոսկերչօրէն
քանդակող
եւ
պէրպէրեանական
մաքրափայլութիւն
ցոյց
տուող
ոճին,
Ճէճիզեանի
քարոզներուն
մեծվայելչութեան,
Աբրահամ
Տ.
Յակոբեանի
անապակ
պերճախօսութեան,
Գօլանճեանի
բանաստեղծական
ճշմարտութեան
եւ
մթին
այլ
գեղանի
ոճին
եւ
ազնուական
լեզուին,
Հորոյի
պարզ
ու
բուռն
խօսքին,
Չիֆթէ-Սարաֆի
գրաւիչ
պատմողի
դիւրախօսութեան,
Պարոյր
Քէչեանի
կուռ
լեզուին,
Հ.
Ասատուրի
զարմանալի
պարզութեան,
Որբերեանի
խռովքին,
Թլկատինցիին
կենսաւէտութեան,
Թէոդիկի
արբշիռ
իսկատպութիւներուն,
Աշոտ
Քէչեանի
քաղցրութեան,
Փանոսեանի
տաղաչափական
զուարթ
արուեստին,
եւ
դեռ
այլոց
ու
նոյն
իսկ
թշնամի
միտքերու
յատկութեանց
մասին
անկողմնակալ
եւ
անկեղծ
դրուատիքներ
ընելը
պարտք
համարած
եւ
այդ
դրուատիքներն
ըրա՛ծ
ըլլալէ՞ս
արդեօք:
Իսկ
օտար
վարպետներու
նկատմամբ,
որքան
ալ
ոմանց
համար
դժուարահաճ
եղած
ըլլամ,
ինչպէս
մերիններէն
ալ
շատերու,
միթէ
խոր
սքանչացում
զգացած
եւ
արտայայտած
չե՞մ.
եւ
ո՞վ
եմ
ես
որ
տարբեր
բան
պիտի
ընէի
երբեք:
Ա՜յսպէս
ահա
կը
ճանչնան
Ինտրան.
կ’երեւայ
թէ
կը
սպասէին
որ
մերազգի
եւ
օտար
տաղանդներու
համար,
իր
զգացումներն
զգար
նաեւ
միջակներու
համար,
խաբեբաներու,
կապկողներու,
տգէտ
ու
մեծամիտ
համբակներու,
արու
եւ
էգ
կատաղի
ոչնչութիւններու
համար,
որ
առակին
լուբիային
պէս
կաղնիներն
ի
վեր
կը
մագլցին
եւ
իրենց
օրուա՜ն
մը
գոյութիւնը
կը
գործածեն
զիրենք
վեր
բռնող
նախախնամական
ուսերուն
վրայ
ծիծաղելու
համար:
Եթէ
ա՛յս
որոշողութիւնն
է
(discernement)
հպարտութիւն,
թողէք
այն
ատեն
զԻնտրա
պարծենալ
այդ
հպարտութեամբ,
եւ
ամենուն
ալ
նոյնը
մաղթել,
այսինքն
անխաբ
յստակատես
գիտակցութիւն
զիրենք
շրջապատող
արժէքներուն:
«Հետեւաբար»,
կը
տրամաբանէ
յօդուածագիրը,
«մտացի
եւ
տաղանդաւոր
անձեր
տակաւ
ուծացած
են
իրմէ,
չտանելով
անոր
բարձրադիր
մտային
գերիշխանութիւնը,
կամ
ինք
տակաւ
հեռացուցած
է
զանոնք,
շրջապատուելու
համար
այնպիսի
անձերէ
որոնք,
գլուխ
շարժող
երեւակներ
պարզապէս,
բնականաբար
պիտի
յօժարէին
իր
porte-paroleը
եւ
արձագանգն
ըլլալ»
եւայլն:
Կարծիք.
բաղձանք:
Ո՛չ
մէկ
«մտացի
ու
տաղանդաւոր»
անձ
պատճառ
մ’ունեցած
է
Ինտրայէն
ուծանալու,
ընդհակառակն
Ինտրա
ուրախ
է
իր
համակիրներուն
մէջ
համրելու
նորանոր
դէմքեր,
մտացի,
տաղանդաւոր
եւ
ազնիւ,
եւ
հաստատելու
հին
սիրելի
կերպարաններուն
ներկայութիւնը,
միշտ
ամբողջ
եւ
միշտ
ջերմ:
Այնպէս
որ՝
եթէ
յօդուածագիրը
կարծող
մը
չըլլար,
պիտի
ըսէր
թէ
անոնք
որ
ուծացած
են
Ինտրայէն,
ո՛վ
ու
ի՛նչ
ըլլալնին
անոր
հասկցնելու
բաղձանքով
լի
յաւակնոտներ
են
որ
չեն
կրցած
տանիլ
իրենց
պզտիկութեանը
գիտակցութեան
եւ
որ
իրենց
դուզնաքեայ
արժանապատուութիւնը
չվտանգելու
հաշուով
ըստ
առաջնոյն
չեն
մօտիր
Ինտրային,
եւ
միեւնոյն
ատեն
արիութենէ
զուրկ
մարդիկ
են
որ
բաւական
կարող
եղած
չեն
անվրդով
ու
նոյն
իսկ
ուրախ
ըլլալու
ի
ներկայութեան
մէկու
մը,
որուն
կանխաւ
մեծամեծ
արժանիքներ
ընծայեր
էին
այլք
եւ
իրենք
ալ:
Ո՛հ,
ատոնք
թող
լաւ
եւս
հեռանան.
իրենց
բաղդատութենէ
վախցող
եւ
շատ
դիւրաւ
երկբայական
դարձող
արժանիքը
մեծապէս
կը
շահի՝
զԻնտրա
մոռցնող
յուսադրիչ
հեռաւորութեան
մը
մէջ
մնալով:
Բայց
եթէ
յօդուածագիրն
ինքզինքին
տեղեակ
եւ
անկեղծ
եղած
ըլլար,
պիտի
գտնէր
թէ
ինքն
իսկ
գուցէ
մին
է
այնպիսիներէ,
փառատենչ
այնքան
որքան
վախկոտ
մէկը,
որ
եթէ
ուծացած
չէ
Ինտրայէն՝
պատճառն
այն
է
որ
մօտեցած
ալ
չէ
անոր,
հակառակ
այնքան
առիթներ
ունեցած
ըլլալուն,
եւ
լաւագոյն
համարած
է
հեռուէն
միայն
ցոյց
տալ
անոր
իր
լրջամիտ
ուսումնականի
լուռ
մունջ
երեւոյթը,
որուն,
աւա՛ղ,
բոլոր
իսկական
արժէքն
յանգէտս
ահա
կը
մատնէ:
Բ.
Իսկ
Ինտրայի
բարեկամք
արժանեաց
տէր
ու
ատոր
գիտակից
մարդիկ
են,
յաւակնութեանց
ուրեմն
անկարօտ,
եւ
ստուգիւ
արիասիրտ
հոգիներ
որք
անոր
ներկայութենէն
անհանգիստ
չեն
ըլլար
կարծեմ,
որք
ի
հարկին
կը
վիճին
իսկ
անոր
հետ,
եւ
եթէ
պատահի
որ
յարգեն
ու
ընդունին
անոր
պաշտպանած
գաղափարը՝
պատճառն
այն
չէ
թէ
«Ներաշխարհ»ի
հեղինակէն
զայն
իրենց
հարկադրուած
կը
տեսնեն,
այլ՝
թէ
համաձայն
կը
գտնեն
զայն
ողջմտութեան
եւ
իրականութեան:
Եւ
Ինտրա
զանոնք
կը
սիրէ
իրենց
հոգեկան
ոյժին
համար,
առանց
որու
ո՛չ
սէր
կարելի
է,
ո՛չ
յարգանք,
ո՛չ
բարեկամութիւն,
եւ
ոչ
խելք
ու
տաղանդ
ու
բարոյական,
ու
որմէ
զուրկ
եղողները
թող
չսպասեն
յարգուիլ
ոչ
ի՛սկ
Ինտրայէն:
Բայց
«իր
միակ
յանցանքն
եղած
է»
կ’ըսէ
դեռ
յօդուածագիրը,
«խոշորացոյցով
դիտել
իր
արժանիքը,
որուն
ծափահարողներէն
առաջինն
է
ինք,
որով
դիւրահասկնալի
ինքնախաբէութեամբ
մը
ինքզինքը
կարծած
է
տեսնել
այնպէս
ինչպէս
պիտի
երազէր
ըլլալ,
ո՛չ
ինչպէս
է
իրականին
մէջ»
եւն.:
Կը
տեսնուի
հոս,
ինչպէս
նոյն
յօդուածին
այլեւայլ
կէտերուն
մէջ,
թէ
սկզբնատպութենէ
զուրկ
այս
սովորական
գրողը
գրեթէ
միայն
կը
կրկնէ
ինչ
որ
ժամանակին
«Ներաշխարհ»ին
հրատարակման
առթիւ
անոր
հեղինակին
նկարագրին
նկատմամբ
ըսեր
էր
Արտ.
Յարութիւնեան,
իր
այն
գրութեան
մէջ
ուր
գրքին
յոռութիւնները
փոյթ
տարած
էր
բղխեցնել
հեղինակին
նկարագրէն
զոր
անճանաչելի
կերպով
այլանդակուած
կը
ներկայացնէր,
եւ
սակայն
նոյն
գրքին
գեղեցկութիւնները
զոր
ներբողեր
էր՝
չէր
բղխեցուցած
նոյն
օրինօք,
այդ
նոյն
նկարագրէն,
չպարտաւորուելու
համար
զայն
գեղեցիկ
ալ
համարիլ,
եւ
իր
առջի
սիրելագոյն
խօսքերը
ջնջել:
Տրամաբանութենէ
ու
պարկեշտութենէ
զուրկ
ասա՛նկ
ահա
ճապուկ
հոգեբանութեանց
կարող
խառնուածքի
մը
հետեւիլն
իրեն
ներքնապէս
պատիւ
կը
սեպէ
մեր
յօդուածագիրը,
որ
սակայն
իր
սակաւապէտ
միտքը
գէշ
աղէկ
գաղափարակերպ
բաներով
սնուցանողին
չհաւնելու
շարժուձեւեր
կ’ընէ
հրապարակաւ:
Բայց
իր
միտքը
կապակցութեան
փոյթ
կամ
ոյժ
չունի
կարծես:
Յաջողութիւն
մ’է
տեսնել
թէ
«dignitռ»
կայ
մէկու
մը
քով,
ինչպէս
գտեր
է
յօդուածագիրը՝
Ինտրայի
մէջ:
Ինչպէս
ուրեմն
կրնայ
հաշտեցնել
այս
բանին
գոյութիւնն՝
«ինքզինք
խոշորացոյցով
դիտող»
մէկուն
մեծամոլութեան
հետ:
Յայտնի
է
որ
միեւնոյն
բանն
է
զոր
հո՛ս
dignité
կը
կոչեն,
հո՛ն
ինքնապարծութիւն.
բայց
այնքա՜ն
շիք
է
առաջին
բառն
ըսել,
եւ
այնքա՛ն
սփոփիչ
է
ըսել
երկրորդն
ալ.
ի՛նչ
փոյթ
թէ
իրականութիւնն
երկուքէն
որո՛ւն
կը
համապատասխանէ:
Այսպէս
ահա,
այս
մարդիկ
մակերեսային՝
ուստի
անկապ
զգացողութեամբ
մը
երջանկաբար
կը
բաւականանան,
եւ
այս
անկապութեան,
մտքի
մը
համար
կարելի
այս
անհուն
անբախտութեան
պատճառաւ
է
որ
կը
ժխտեն
յանգէտս
ինչ
որ
հաստատեր
էին,
միեւնոյն
երեւոյթը
կը
փառաբանեն
ու
կը
նախատեն,
զիրենք
ուսումնական
ու
եւրոպագէտ
ցոյց
տալու
կոչուած
այլամեծար
բառեր
առանձին
կը
թողուն
իրենց
խօսքերուն
մէջ
եւ
բնական
անոպայութիւն
մը
կարծես
մատնող
կերպեր
ալ
առանձին,
իրենց
բաղձանքներն
իրականութիւնը
կը
կարծեն,
եւ
այր
ըլլալով
հանդերձ
կնոջ
անուն
կը
կրեն:
Արդ
Ինտրա
ո՛չ
հպարտ
է
ոչ
համեստ.
ինքզինքին
գիտակից
է
միայն.
այսինքն
իր
կարողութեան
սահմաններն
ու
տեսակը
լաւ
կը
ճանչնայ.
ինքզինքը
կը
տեսնէ
այնպէս
ինչպէս
է
իրօք,
եւ
գիտէ
թէ
չպիտի
ըլլայ
երբեք
այնպէս
ինչպէս
պիտի
ուզէր
ըլլալ՝
եթէ
ֆիզիքական
ու
հոգեկան
իրերէ
անտեղեակ,
տեսողութենէ
ու
ճանաչողութենէ
զուրկ
մէկը,
ցնորամիտ
մ’ըլլար.
իր
չկրցածն
ընելու
համար
տխմարաբար
չի
ճգնիր.
եւ
իր
պակասութիւններն
առաւելութիւն
կարծելու
եւ
առաւելութիւններն
ալ
խոշորցնելու
հրէշացնելու
չափ
բլշակն
ու
շիլ
ու
կոյր
չէ
անոնց
պէս,
որոց
ողորմելի
աչքերն
ասոր
անոր
յատկութիւնները
թերութիւն
կը
կարծեն
եւ
թերութիւններն
ալ
կը
մեծցնեն
կ’այլանդակեն.
եւ
վերջապէս
անոնք
որ
զԻնտրա
կը
յամառին
եսամոլ
կարծել՝
երազածնուն
չափ
անկէ
չմեծարուած
մեծամոլներ
են
որ
գէթ
կրցածնին
ու
չկրցածնին
զանազանելու
չափ
որոշողութիւն
չունին
որպէս
զի
դատելու
կարող
մարդոցմէ
յարգուէին,
կամ
իրենց
ակնկալութեան
չափ
անկէ
չյարգուելէ
վախցող
ուրիշ
մեծամոլներ
որ
ճշմարիտ
արժանեաց
պարգեւած
անսասան
ինքնավստահութենէն
զուրկ
են:
Հա՞րկ
է
տակաւին
ցոյց
տալ
մնացեալներուն
ալ
ի՛նչ
բարբանջանք
ըլլալը:
«Ընդդիմախօսութեան
չի
տանիր
բնաւ.
կը
կատղի,
կը
փրփրի,
կը
հեգնէ,
կը
դառնանայ,
եւ
երբեմն
կծու
բառեր
կը
սպրդին
բերնէն:
»
Բացի
իրականութենէն
ուրիշ
ամեն
բան
կռահող
այս
յօդուածագիրը
բնականաբար
չի
կրնար
ու
պիտի
չկրնայ
բնաւ
ըսել
թէ
իր
նկարել
կարծած
եւ
յանգէտս
ծաղրանկարած
անձը
զոր
«կշռադատ»
ու
«քաղաքավար»
կը
դաւանի՝
ընդդիմախօսութեանց
դէմ
չէ
որ
կը
զայրանայ,
այլ
անիրաւ
թշնամանքներու,
զրպարտութիւններու
դէմ.
իր
խօսքերը
խեղաթիւրող
չարամիտներու,
ըսածնին
ուրացողներու,
սինլքոր
խծբծողներու
դէմ.
բայց
չի
կատղիր,
չի
փրփրիր,
ոչ
ալ
կը
զառանցէ.
սուտին
ու
ցածին
դէմ
միայն
անողոք
է.
եւ
սակայն,
աւա՜ղ,
կ’ուզէր
որ
կարենար
զանոնք
արհամարհելուն
չափ
ալ
ներող
ըլլալ
անոնց:
Սակայն
կարծեմ
թէ
պիտի
կրնար
խաղաղ
մնալ
եթէ
զինքը
նեղող
բաները
շատ
վարերէն
չգային,
եւ
շատ
անզօր
չըլլային.
որպէս
զի
իր
ինքնապահութեան
ամենէն
մաքրափայլ
միջոցները
գործածէ,
պէտք
չէ
ո
տղմուտներէ
գան
իր
վրայ:
Վերջապէս
ուրիշ
տեղ
մ’ալ
սա
խօսքերը
կը
կարդանք.
«Բարդ
անհատականութիւն
մ’ունի
Ինտրա:
»
Բայց
չենք
գտներ
խօսք
մը
որ
այդ
«բարդ»ութեան
ներքին
հարկաւոր
միութիւնը
ցոյց
տայ:
«Շատ
ճամբորդած
է,
բայց
աննպատակ:
»
Եթէ
ստոյգ
տեղեկութիւններ
ունեցած
ըլլար
Ինտրայէն,
կամ
զանոնք
կապակցել
գիտնար՝
յօդուածագիրը՝
«Բնութիւնն
իրեն
համար
անսպառ
պատկերներու
մթերանոց
մ’է»
ըսած
ատեն
պիտի
գտնէր
թէ
այդ
է
ահա
պատճառ
անոր
տարագնացութեանց
բաղձանքին:
«Շատ
կարդացած
է,
բայց
առանց
ընտրութեան:
»
Իրողութիւնը
ճիշդ
հակառակն
է
ասոր,
վասն
զի
Ինտրա
քիչ
կարդացած
է,
բայց
ընտրանօք:
Կ’ուզէինք
գիտնալ
թէ
Ինտրա
որ
ինքզինքը
ճանչնալուն
համար
իր
պէտքերն
ալ
ճանչցած
է,
եւ
հետեւաբար
իր
անհատականութիւնը
սնուցանող
գիրքե՛րը
միայն
ընտրած,
գլխաւորաբար
զանոնք
որ
Բնութեան
վրայ
կը
խօսին,
ի՞նչ
ընելու
էր
դեռ
որ
«ընտրութեամբ
կարդացած»
համարուէր:
«Այս
ամենուն
վրայ
աւելցուցած
է
նաեւ
գիտութեան
յետամնաց
սէր
մը»:
Ինչո՞վ
արդեօք
կ’ապացուցանէ
յօդուածագիրն
այդ
սիրոյն
յետամնացութիւնը.
–
Ինչով
որ
անշուշտ
միւս
բոլոր
ենթադրութիւնները
կ’ապացուցանէ.
ոչինչով:
Ճիշտ
իր
առաջին
մանկական
ոտանաւորներն
ու
գծագրութիւնները
շինած
օրերէն
իսկ
Բնութեան
տեսիլներու
ու
երեւոյթներու
համար
մեծ
սէր
զգացած,
«Բուրաստան
Մանկանց»ին
գիտական
բաժիններէն
գիտուններու,
հնարիչներու,
երկրախոյզներու
կեանքը
պատմող
գրուածները
հետաքրքրութեամբ
կարդացած,
վարժարանին
մէջ
բնական
աշխարհագրութեան,
կենդանաբանութեան
ու
բնագիտութեան
դասերուն
մեծ
սիրով
հետեւած,
եւ
այն
ատեններն
իսկ
իր
ընտանեաց
մէկ
լուսամիտ
բարեկամին
մատենադարանէն
լոկ
գիտական
գիրքեր
ընթերցման
համար
ընտրած,
յետոյ
դպրոցէն
դուրս
անզգալապէս
բուսաբանութեան,
եւ
վերջապէս
Բնապատմութեան
ուրիշ
ճիւղերու
ալ
ուսման
նուիրուած,
եւ
իր
մատենադարանին
մէջ
մանաւանդ
գիտական
քան
դպրութենական
գիրքեր
ունեցած,
մէկ
խօսքով՝
իր
մտաւորականութեան
առաջին
յայտակերպութեանց
ատենէն
սկսելով
գիտական
յարաճուն
տրամադրութիւն
ու
մշակում
ցոյց
տուած
մէկը
ի՞նչ
պատճառաւ
գիտութեան
«յետամնաց
սէր»
մը
ունեցած
կը
համարի
այս
յօդուածագիրը:
Միթէ
իր
Ինտրայի
մէջ
դրուատած
բանաստեղծական
ու
նկարչական
կարողութիւններն
իրենց
այսօրուան
վիճակին
մէջ
յա՞նկարծ
ու
միահաղո՞յն
տրուած
են
անոր.
ո՞չ
ապաքէն
անոնք
ալ
սաղմնային
վիճակներէ
սկսելով
աճած
են
օր
ըստ
օրէ:
–
Բայց
յօդուածագիրը
կ’ըսէ
թէ
գիտութեան
այդ
«յետամնաց»
սէրը
«փոխանակ
իր
բանաստեղծ
հոգւոյն
հետ
ձուլուելով
ծնունդ
տալու
Կէօթէի
մը
հանճարին՝
կրկնատեսութեան
բարդութիւն
մըն
ալ
յառաջ
բերած
է»:
Գիտական
խօսքն
ու
բանաստեղծական
խօսքն
ա՛յնքան
տարբեր
են
իրարմէ,
եւ
ա՛յնքան
սաստիկ
յատկանշուած,
որ
չեն
կրնար
ձուլուած
ըլլալ
ո՛
եւ
է
տեղ՝
առանց
իրենց
նկարագիրը
կորսնցնելու:
Արդարեւ
կարելի
էր
երեւակայել
որ
գիտութեան
ու
բանաստեղծութեան
ձուլում
մը
զոր
օրինակ
կազմէր
բնազանցական
կարողութիւնը:
Բայց
Կէօթէ
բնազանցող
չէ:
Իսկ
անշուշտ
այդ
երկու
կարողութեանց
ալ
ընդունակ
միտքն
իր
բանաստեղծութեանց
մէջ
է
որքան
հնար
է
գիտական
սեղմութիւն,
ճշտութիւն
ու
հաւատարմութիւն
եւ
գաղափար
կը
դնէ,
ճիշտ
ինչպէս
կ’ընէ
Կէօթէ.
եւ
իր
գիտական
խօսքին
ալ
ցամաքութիւնը
կը
բարեխառնէ
պատկերներով,
յուզմամբ
ու
կեանքով.
չեմ
գիտեր
դժբախտաբար
թէ
Կէօթէ
արդարեւ
այսպէս
ըրա՞ծ
է
Գոյներու
եւ
Բոյսերու
վրայ
իր
գրած
սկզբնատիպ
երկերուն
ու
յօդուածներուն
մէջ:
Բայց
ասիկա
ձուլում
չէ,
այլ
խառնուրդ.
եւ
եթէ
յօդուածագիրը
պատիւն
ըրած
ըլլար
Ինտրայի՝
անոր
գիտական
դասերուն
ներկայ
ըլլալու,
նոյն
խառնուրդը
պիտի
գտնէր
անոր
նոյն
իսկ
անխնամ,
անպատրաստ
դասախօսութեան
մէջ.
եւ
եթէ
լաւ
դիտած
ու
հասկցած
ըլլար
«Ներաշխարհ»ը՝
պիտի
տեսնէր
հոն
այդ
խառնուրդն
ամեն
մէկ
էջի
վրայ:
Կը
մնայ
ըսել
ուրեմն
թէ
ատիկա
չտեսնող
վարկպարազի
ուշադրութիւններն
են
որ
Ինտրայի
տարրերը
կը
նկատեն
յաւէտ
անջատ
իրարմէ,
ուստի
եւ
«կրկնատեսութիւն»ը
կամ
մանաւանդ
շլութիւնն
անոնց
կը
վերաբերի:
Գ.
Պէտք
է
դեռ
քանի
մը
խօսք
ընել
«Ներաշխարհ»ին
նկատմամբ
Վէնիւսի
կարծեաց
ալ
վրայ:
Ո՛հ,
տաղտկալի՛
նիւթ:
«Բիւզանդիոն»ի
մէջ
երկար
բարակ
խօսած
ըլլալէ
վերջը
նոյնօրինակ
կարծեաց
սխալներուն
վրայ,
եւ
տեսակ
մը
գրական
դասախօսութիւն
ըրած
ըլլալէ
յետոյ
մեր
քննադատցուներուն,
հա՜րկ
կայ
եղեր
դեռ
բացականերու,
չիմացածներու,
չհասկցողներու
համար
ծայրէ՜ն
սկսիլ
ամեն
բան:
Բայց
ո՛չ,
եթէ
քիչ
շատ
բարեացակամութիւն
ունին,
կը
ղրկեմ
զիրենք
«Բիւզանդիոն»ի
1906ի
Նոյմ.
ի
թիւերուն
ուր
պէտք
եղածն
ըսուած
է
անոնց
որ
յոռի
ոճի
մասին
իրենց
գիտցած
բոլոր
բառերն
ու
ասացուածները
թութակաբար
յեղյեղեր
էին
իրենց
պարսաւագրութեանց
մէջ,
կարծելով
թէ
այդ
յորջորջմունք
Ինտրայի
անսովոր
ոճին
պատշաճելու
էին:
Յիշեցնեմ
հոս
միայն՝
թէ
«Ներաշխարհ»ին
«անհասկնալիութիւնն»
եթէ
արդարեւ
յառաջ
եկած
է
մերթ
հեղինակին
ինչ
ինչ
անխնամութիւններէն,
բայց
գրեթէ
միշտ՝
արդիւնքն
է
անոր
մտածելու
եւ
արտայայտելու
սկզբնատիպ
իւրայատուկ
կերպերուն,
եւ
յաւէտ՝
ներելի
ու
արհամարհելի
անհասկացողութեանը
ամենապարզ
ամենահասարակ
ոճի
մը
միայն
ընտանի
սակաւապէտ
իմացականութեանց,
գրական
ամենազգի
ոճերուն
անծանօթ
զարմանահար
ճանաչողներու,
եւ
գիտական
իմաստասիրական
գրուածներէ
երանաւէտօրէն
օտար
մտքերու:
Ըսեմ,
դարձեալ,
թէ
շինական
կարծիք
մ’է
(կամ
նոյնքան
շինական
կատակ
մը)
Վէնիւսի
այն
խօսքը
թէ
«երկու
հոգի
միայն
հասկցած
են
«Ներաշխարհ»ը»:
Այս
խօսքը
գրողն
անտարակոյս
աշխարհքն
իրենպէսներով
լեցուն
կը
կարծէ,
կամ
նոյն
իսկ
իրմէն
աւելի
համեստ
մտքերով.
կը
կարծէ
նաեւ
անշուշտ
որ
ամեն
հասկցող
իր
հասկցած
ըլլալն
հռչակելու
էր,
յօդուածագիր
ու
քննադատ
ըլլալու
էր.
բայց
«Ներաշխարհ»ն
հասկցողք
թեթեւամիտներ
չեն:
Իսկ
ատոնց
արդարեւ
սակաւաթիւ
ըլլալը
մեր
յօդուածագրին
պէս
հասարակ
իմացականութեանց
յաճախութիւնն
է.
ինք
որ
մատենագր.
ու
գեղարուեստ.
պատմութեան
ծանօթ
կ’ուզէ
ըլլալ,
չի
մտածեր
թէ
ո՜րքան
գործեր
կան
որ
ժամանակակիցներու
մեծամասնութեան
անհասկնալի
մնացած
են,
եւ
շատ
ուշ
թափանցուած
ու
գնահատուած:
Եւ
«Ներաշխարհ»ին
բոլոր
թերութիւններն
ու
երիտասարդական
բուռն
արարքի
մը
յատուկ
ո՛չ
միշտ
սիրելի
հանգամանքներն
արգելք
չպիտի
ըլլան
երբեք
որ
նոյն
ապագան
ունենայ
ինքն
ալ,
երբ…
նախ
Ինտրա
վերցած
ըլլայ
աշխարհքէն:
–
Ըսեմ
նոյնպէս
թէ,
եթէ
«Պէրպէրեանի,
Ելքէնճեանի
հասկացողութեան
lacuneներն
ետքէն
հեղինակին
«Բիւզանդիոն»ի
մէջ
տուած
բացատրութիւններովն
ալ
չլեցուեցան»,
ինչպէս
կը
խորհի
յօդուածագիրը,
պատճառն
այն
է
որ
հեղինակն
իր
երկին
քննադատութեան
մէջ
իր
գրքին
«անհասկնալիութեան»
պատճառները
ցոյց
տուած
էր
միայն,
եւ
ո՛չ
թէ
մեկներ
էր
զանոնք.
թէ
հետեւաբար
Վէնիւս
շատ
բան
չէ
հասկցեր
այդ
քննադատութենէն
ալ:
–
Վերջապէս
սա
ալ
ըսեմ
այսօր
թէ
հեղինակն
ուզած
չէ
մութ
ու
խրթին
ըլլալ,
ուզած
չէ՛
սովորական
ճամբաներու
չհետեւելով
«դարուվար
ու
խորտ
ու
բորտ
ճամբաներէ»
երթալ.
թէ
իր
«յարատեւ
մտահոգութիւնը»
եղած
չէ՛
«գաղափարներուն
կէսը
միայն
յայտնել,
զգացումներն
անօսրացնել
(՞)
թանձր
քօղով»:
Այսպէս
ըսողները
չեն
գիտեր
ի՛նչ
է
սկզբնատիպ
(original)
միտքը:
Թերեւս
իրենց
թիկունքը
պատրաստուած
ըլլայ
այլեւս
իմանալու
թէ
այդ
միտքն
այն
է՝
որ
չի
հետեւիր
չի՛
նմանիր,
չընդօրինակեր,
որ
կը
գտնէ
գաղափարն
ու
բացատրութիւնը.
որ
իր
նիւթերն
ու
իր
ոճը
կ’ունենայ.
եւ
առա՛նց
անբնական
ու
այլանդակ
ըլլալու՝
ճշմարտութեան
համաձայն
կը
մնայ
ի՛նքը
մանաւանդ.
թէ
կամաւ
սկզբնատիպ
չի
կրնար
երբեք
ըլլալ
մէկը,
զի
այս
յատկութիւնը
զգացողութեան
կերպն
իսկ,
մտքին
տեսակն
իսկ
է,
եւ
թէ
ճանաչող
աչքն
իսկոյն
կը
զանազանէ
ճշմարիտ
սկզբնատպութիւնը՝
ձեւացեալէն,
վասնզի
կան
անժառանգ
փառասէրներ
որ
այդ
ձիրքն
ունեցած
ըլլալ
կը
ճգնին,
կարծելով
թէ
ստանալի
կարողութիւն
մ’է
այն:
«Ինտրա»,
կ’ըսէ
դեռ
սակայն
յօդուածագիրը,
«ընդհանրապէս
կը
յաջողի
հոն
ուր
իր
բանաստեղծի
ու
նկարչի
զգայութեամբ
(sic)
կը
վառուի
պահ
մը
մէկ
կողմ
դնելով
իր
խորախորհուրդ
խորհողի
յաւակնութիւնները»,
եւ
անմիջապէս
կը
յաւելու.
«Նրբազգած
բանաստեղծ
մըն
է,
խորհող
բանաստեղծ
մը,
եւ
ո՛չ
լոկ
քաղցրերգակ
մը»
եւն.:
«
որհող»
մ’ըլլալն
ուրեմն
չէ
բաւեր
Ինտրայի,
որ
կ’երեւայ
թէ
չի
գիտեր
ի՛նչ
է
խորհող
ըլլալ,
եւ
խորախորհո՞ւրդ
խորհող
ըլլալու
յաւակնութիւններ
կը
տածէ:
Ո՛հ,
եթէ
խորախորհուրդ
խորհող
մ’եղած
ըլլար
դիպուածաւ,
դեռ
որպիսի՜
խորհող
մ’ըլլալ
արդեօք
պիտի
յաւակնէր:
Եւ
սակայն
եթէ
անոր
«խորհող
բանաստեղծ»
մ’ըլլալը
կը
հաճին
ընդունիլ,
անշուշտ
յենլով
անոր
մտածութեանց
իմաստին
վրայ,
զոր
հասկնալու
չափ
ուշադրութիւն
եւ
ըմբռնողութիւն
ունեցած
են,
պարտէին
պարկեշտօրէն
խորհիլ
նաեւ
թէ
երբ
ինչ
ինչ
իմաստներ
ալ
կը
վրիպին
իրենցմէ,
պատճառն
այն
չէ
թէ
գոյութիւն
չունին,
թէ
Ինտրա
կը
փորձէ
սուտ
խորութիւններով,
այսինքն
ծանծաղ
դատարկութիւններով
խաբել
զիրենք,
այլ
թէ
իրենց
ուշադրութիւնն
ու
ըմբռնողութիւնն
է
որ
կարճ
է
անբաւական
խորաչափի
մը
պէս,
եւ
թէ
պարզապէս
խակ
կ’ըլլան
այն
խաղողներն
որոց
աղուէսը
չի
հասնիր:
Քիչ
մը
վարը
կը
գտնենք.
«Կ’ուզէ
աւելի
խորհող
երեւալ»:
Չէ,
այդպէս
չէ՛.
կ’ուզէ
մնալ
զգացող
ու
խորհող.
այսինքն
ինչպէս
որ
է.
զգացող
ըլլալը
նուազ
արժէք
չունի՛
որպէս
զի
խորհող
մանաւանդ
ուզէր
ըլլալ,
կամ,
ձեր
սիրական
բառով՝
երեւալ.
որովհետեւ
եթէ
կենսաբանօրէն
զգացողութիւնը
լոկ
սկիզբն
է
մտածողութեան,
սակայն
անոր
մշտնջենական
սնուցիչն
է
հոգեբանօրէն
մասնաւորապէս
բանաստեղծին
ու
արուեստագէտին
մէջ:
Իր
հոգւոյն
կարգ
կանոնը
չի
յաւակնիր
փոխել
ուրեմն
Ինտրա,
եւ
ինքզինքը
տձեւել,
ինչպէս
այլոց
վիճակը
կը
ներէ
իրենց՝
այլանդակել
օտարներն
իրենց
մտքին
անտաշ
հայելւոյն
մէջ:
Կարելի
չէ
ցաւ
չզգալ
տեսնելով
թէ
արդարեւ
շա՛տ
տղայական
բան
է
մերթ
այդ
յօդուածը,
վասն
զի
հոն
է
որ
կը
կարդանք
նաեւ
թէ
«Ռուսոյի
չափ
անկեղծ
է
Ինտրա»:
Ո՛րքան
անգիտակցութիւն,
ո՛րքան
անպատասխանատուութիւն:
Ի՞նչպէս
կրնայ
մէկը
«խորհող
երեւալ
աւելի»
քան
զգացող,
միջոցներ
ձեռք
առնել
որպէս
զի
խորագոյն
կամ
բարձրագոյն
կարծուի
քան
որչափ
չէ,
եւ
դեռ
«Ռուսոյի
չափ
անկեղծ
ըլլալ»:
Անկարելի
է
նոյնպէս
չտխրիլ,
տեսնելով
թէ
ո՜րքան
համբակութիւն
կայ
գրականութիւն
եւ
գրագէտ
դատող
այս
յօդուածին
մէջ,
ուր
«Իր
տեսողութիւնը
ջինջ
է»
կ’ըսուի,
«համադրող
ու
վերլուծող
հզօր
միտք
մը,
որ
միեւնոյն
ատեն
իրաց
ամբողջութիւնն
եւ
մասերը
կը
տեսնէ…:
»
Հարցնենք
յօդուածագրին
թէ
ի՞րն
են
այս
խօսքերն
ամբողջովին,
թէ
առածոյ
են,
չըսելու
համար
ուրիշ
բառ.
եւ
թէ
ի՞նչ
կը
հասկնայ
այդ
խօսքերով.
գիտէ՞
ըսածներուն
տարողութիւնը:
Վերլուծող
ու
համադրո՛ղ
ըլլալ
միանգամայն,
իրաց
ամբողջութիւնն
ու
մասերը
տեսնել,
բայց
ինքզինքը
չճանչնալ
ու
ինքզինքը
խաբել,
«digression»ներ
ընել,
մթութիւններով,
անհասկնալիութիւններով
լեցուն
ըլլալ,
«բանդագուշել»
«ուզել
խորհող
երեւա՜լ»
եւլն.:
Թէ՛
կոյր
թէ
սրատես
ի՞նչպէս
կարելի
է
ըլլալ,
Տէ՛ր
Աստուած:
«Իմաստասիրական
հասարակ
տեղիքներու
շուրջ
միայն
կը
թափառի,
առանց
անհատական
տաղանդի
դրոշմին.
»
կ’ըսէ
դեռ
յօդուածագիրը.
եւ
իսկոյն,
այդ
խօսքովն
իսկ
ցոյց
կուտայ
թէ
ո՛րքան
խակ
է
իմաստասիրակա՛ն
ալ
խնդրոց
մէջ:
Վասն
զի
իմաստասիրութիւնն
իսկ
«կը
թափառի
հասարակ
տեղիքներու
շուրջ»,
եթէ
այս
խօսքը
կը
նշանակէ
կամ
կ’ուզուի
որ
նշանակէ
մշտանոյն
յաւիտենական
նիւթերու
շուրջ:
Թո՛ղ
հաճի
Վէնիւս
ցոյց
տալ
մեզ
իմաստասէր
մը
որ
այդ
նիւթերուն
շուրջը
թափառած
չըլլայ:
Իսկ
հաստատելու
համար
թէ
Ինտրա
«անհատական
տաղանդի
դրոշմէ»
զուրկ
է
երբ
կ’իմաստասիրէ՝
մադ
բաւական
տեղեակ
ըլլալու
է
իմաստասիր.
պատմութեան
եւ
խիստ
շատ
խորհողներու
գլխաւոր
ու
անձնական
գաղափարներուն,
որպէս
զի
կարենայ
ո
եւ
է
իմաստասիրական
խօսքի
անհատականութեան
աստիճանը
դատել:
Արդ,
մեր
մէջ
հազիւ
չորս-հինգ
հոգի
կան
իմաստասիրութեան
հմուտ.
եւ
անոնցմէ
Պէրպէրեան
(աւա՜ղ,
պատրանքն
ունինք
թէ
կայ
դեռ
անիկա)
այդպիսի
դատաստան
մը
չըներ
իր
յառաջաբանին
մէջ
զոր
մեր
յօդուածագիրը
«առողջ
մտքի»
գործ
հռչակած
է
սակայն.
«
որհուրդի
եւ
բացատրութեան
սկզբնատիպ
հանգամանաց
քով…»
կ’ըսէ
Պէրպէրեան,
«սկզբնատիպ
է
լեզուն
զոր
կը
գործածես.
»
եւլն.:
Այլուր՝
«Սակայն
յիշատակները
միայն
երեւակայութեանդ
ու
սրտիդ
ցունց
չեն
տար,
այլ
իմաստասիրական
խոկմունքդ
կը
գրգռեն
անհատական
ու
ընկերական
կեանքի
երեւոյթներուն
վրայ
ու
մտօք
կը
սուզիս
դու
անոնց
կազմած
կնճիռներուն
մէջ
եւ
քեզ
հետ
կը
քաշես
կը
տանիս
ընթերցողիդ
միտքը.
»
եւայլն:
Կը
կարծեմ
թէ
ասոնք
այնպիսի
դատաստաններ
են
որ
«անհատական
տաղանդի
դրոշմի»
մը
գոյութիւնը
ցոյց
կուտան
«Ներաշխարհ»ի
մտածութեանց
մէջ,
եւ
որ՝
պիտի
կրնային
առաջնորդել
յօդուածագրին
եթէ
անիկա
միայն
«առողջ»ութիւնը
տեսած
չըլլար
Վարպետին
նախաբանին
մէջ,
այլ
նաեւ
իմաստները:
Նոյնպէս,
«Գիրքը
digressionներով,
dissertationներով
լեցուն
է»
եղեր:
Ինչո՞վ
պէտք
էր
լեցուն
ըլլալ.
գիրքը
միակ
նի՞ւթ
մ’ունի
որմէ
հեղինակը
պարտէր
չշեղիլ,
եւ
«Ներաշխարհ»
վերնագրուած
երկի
մը
մէջ
ի՞նչպէս
կ’ուզէին
որ
հեղինակին
մտաց
այլ
եւ
այլ
վիճակներն
ու
ձեւերը
ներկայացած
չըլլային:
Ի՞նչ
իրաւամբ
պահանջուի
«խորհող»
ու
«խօսող»
հեղինակէն
որ
միա՛յն
երգող
մնացած
ըլլար
իր
գրքին
մէջ:
«Իր
խորհողութիւնը
կը
ջլատէ
իր
ինքնաբերութիւնը,
տրամախոհութիւնը
կը
վանէ
սրտազեղումը»,
եւլն.
կ’ըսէ,
եւ
չես
գիտեր
ինչո՛ւ
չըսեր
թէ
ինքնաբերութիւնն
է
որ
կը
ջլատէ
խորհողութիւնը,
թէ
սրտազեղումն
է
որ
կը
վանէ
տրամախոհութիւնը:
Եւ
որչա՛փ
աւելի
ճշգրիտ
պիտի
ըլլար
յօդուածագիրն
այսպէս
խորհելով:
Մէկդի
ձգելով
այլ
եւս
դեռ
ինչ
ինչ
բառեր
որ
այդ
յօդուածին
այլ
եւ
այլ
անկիւններէն
իրենց
ծագման
մակարդակը
ցոյց
կուտան,
հարկ
է
որ
յաւելում
թէ
«Ներաշխարհը
տասնամեայ
երկունքէ
մը
յետոյ
շատ
անգամ
խոստացուած
եւ
հուսկ
ուրեմն
իրագործուած»
գործ
մը
չէ:
Այս
կոպիտ
սխալը
գոյութիւն
չէր
ունենար
եթէ
յօդուածագիրը
նայէր
անգամ
մը
հեղինակին
նախաբանին
սկիզբը,
ուր
գրուած
է
թէ
գիրքն
աւարտած
է
երկու
տարիէն:
Եւ
անշուշտ
աւելի
կանուխ
կ’աւարտէր
եթէ
հեղինակը
ժամանակ
ու
մանաւանդ
փոյթ
ունեցած
ըլլար:
Բայց
եթէ
5-6
տարիէն
միայն
հրապարակ
ելաւ՝
պատճառը
հրատարակութեան
դժուարութիւններն
էին
ու
միշտ
Ինտրայի
անփութութիւնները,
բաներ՝
որոց
շատեր
ծանօթ
են
վաղուց:
Սակայն
յօդուածագիրը
դրուատիքներ
ալ
կը
շռայլէ
Ինտրային:
Չպիտի
ուզէի
զանոնք
հոս
արտագրել
եթէ
ճիշդ
ըլլային.
բաբէ՛,
անոնք
ալ
ճիշդ
չեն:
Այսպէս,
«կատարեալ
արուեստագէտ
մը»
չէ՛
Ինտրա.
«առաջնակարգ
causeur
մը»
չէ՛.
«Պէթօֆէնի
մաէսդրիան»
չէ՛
անորը.
«գիտուն»
ալ
չէ
Ինտրա.
«
ենթին
նկարագրութիւնը
դիտողութեան,
թափանցողութեան
եւ
ուժգնութեան
հրաշակերտ
մը»
չէ՛
ամենեւին,
ուր
«համբերութեամբ
զտուած»
չե՛ն
«անուղղութիւնները»
եւլն.:
Եւ
որովհետեւ
Ինտրա
«շատ
քաղաքավար»
ալ
չէ
գէթ,
յօդուածագրին
շնորհակալութիւն
կը
յայտնէ
ո՛չ
թէ
պէտք
եղած
ճշդութեամբ
ու
չափաւորութեամբ
զինքը
ներկայացուցած
ըլլալուն
համար՝
այլ
զայն
ուսումնասիրութեան
մը
արժանի
համարած
ըլլալուն,
եւ
Վէնիւսի
հաւատքին
հակառակ՝
շատ
«ազնուութիւն»
ալ
չունենալուն
համար
կ’իմացնէ
անոր
թէ
չպիտի
ուզէր
երբեք
իր
յօդուածովն
զբաղիլ
այսպէս
եթէ
հաւատացած
չըլլար
թէ
զինքն
ուսումնասիրել
փորձող
երիտասարդը
չարամիտ
մէկը
չէ: