Յօդուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

«ԳՈՐԾԱԿԱՏԱՐԻ ՅԻՇԱՏԱԿԱՐԱՆԻՑ»

  Խնդրուած է ինձմէ խօսիլ Շիրվանզատէի ճիշտ ա՛յն գործին վրայ որ քառորդ դարու հնութիւն մը ունի, իբրեւ մին վիպագրին առաջին գործերէն: Չունենալով իր միւս ու նորագոյն երկերուն գէթ մեծ մասն ալ աչքի առջեւ, եւ ստիպուելով բաւականանալ իր «Ժողովածու»ին Ա. հատորով որ քննութեանս ենթարկուած այս վիպակին հետ կը պարունակէ քանի մը մեծ ու փոքր ու միշտ հնագոյն (1883–87) արտադրութիւններ, դժուարաւ պիտի կարենայի ստուգամերձ գաղափար մը կազմել ու կազմել տալ հեղինակին վրայ, որ այս պահուն երեսնեակ մը երկերով հարուստ, իր եղափոխութիւնն (évolution) արդէն գրեթէ կատարած, եւ գուցէ տէր իր վերջնական յատկանիշերուն, անտարակոյս կը ներկայացնէ այնքան որոշ դիմագծութիւն մը որքան համբաւեալ կերպարանք մը մեր մատենագրութեան մէջ:

Առանց ուրեմն ի նկատ առնելու թէ «Գործակատարի Յիշատակարանից»ին հեղինակն եւ այժմու Շիրվանզատէն հաւանականաբար տարբերութիւններ ունին, առանց յաւակնելու իր առաջին մէկ գործէն դատել զինքն իր ներկայ գրական նկարագրին մէջ, եւ համարելով թէ անուանի վիպագիր-թատերագիրը ոչինչ գրած է դեռ եւս 1883ի այդ աշխատութենէն յետոյ, կը ներկայացնեմ այդ փոքր գործն ինչպէս որ կ’երեւայ, եւ ոչ ինչպէս որ յետագայ հեղինակութիւնները պիտի ցոյց տային, եւ գրագէտն՝ ինչպէս եւ որքան կը նշմարուի հոն. թէեւ այս պայմաններն ինծի հաճելի չըլլան, քանի որ չկարենալով տարածել իմ կարծիքներս հեղինակին միւս գործերուն վրայ եւ ընդհանուր եզրակացութիւններ չկարենալով հանել, արգիլուած պիտի ըլլամ խառնուածքի ազատութիւնս կիրարկելէ. ուրի՛շ խնդիր՝ եթէ, դիպուածաւ, այս «պատմուածք»ն ու միւս երկերը մեծամեծ նմանութիւններ ունեցած ըլլան, ուստի եւ իմ երիտասարդ հեղինակս ոչ այլ ինչ եղած ըլլայ քան նոյն ինքն այժմու Շիրվանզատէն:

Երբեմնի գործակատար մըն է որ կը պատմէ իր մուտքը, աշկերտութիւնն ու յաջողութիւնը գործի կեանքին մէջ, Խաչի կոչուող պատանի մը ըլլալէն մինչեւ դառնալը հարուստ եւ անկախ առեւտրական մը որուն անունն է «Խրիստաֆօր Սերգէիչ Աղա Առուշանօվ»:

Նախնական դպրոցի մը՝ հռչակաւոր Տէր-Վահակի ուսումնարանին մէջ Սաղմոս, Նարեկ, Աւետարան, ճարտասանութիւն կարդալէ վերջը, ուրիշ խօսքով՝ «չորս տարի շարունակ Տէր-Վահակի ձեռքում տանջուելուց, չորս տարի նրա բարբարոսական ֆալախկայի տակ չարչարուելուց յետոյ», 1868ի գարնան օրերէն մին ուսման ընթացքը կ’աւարտէ այս եօթնեւտասնամեայ պատանին, «անխիղճ տէրտէրի» ձեռքէն ազատելուն երջանիկ: Հայրը դրացիներ կը հրաւիրէ ճաշի, թէ խնդակցութեան՝ թէ տղուն ապագային մասին խորհրդակցութեան: Դարբին Մարութը խորհուրդ կուտայ արհեստաւոր ընել տղան. իսկ մանրավաճառ Թորոսը կը ծաղրէ այդ առաջարկը, եւ կը յանձնարարէ տղան վաճառականի քով դնել: Այս մարդուն խորհուրդն է որ վճռական ազդեցութիւն պիտի ունենայ   աչիի կեանքին վրայ: «Ուր որ ալ լինիս, կ’ըսէ նա, ինչ գործի որ կպչիս, աշխատիր քեզանից մեծերի հաւատարմութիւնը գրաւել դէպի քեզ՝ խոնարհութեամբ, լռութեամբ: Առաջին քո հոգսը լինի մեծերիդ աչքում սիրելի դառնալ, փաղաքշելով, կեղծաւորելով, շողոքորթելով: Չը թոյլ տաս որ քեզ խաբեն, բայց աշխատիր որ ամեն ժամանակ ինքդ ուրիշներին խաբես քո խելքով: Այնտեղ ուր տեսնես թէ մի կոպէկի անգամ շահ ունես, ամեն միջոց ի գործ դիր այդ շահը չը կորցնելու: Վնաս չունի, հարկաւոր եղած ժամանակ սուտ էլ ասա, միայն թէ մէջտեղ շահ ունենաս: Վերջապէս, միշտ մտաբերիր Քրիստոսի պատուէրը. եղէք խորամանկ ինչպէս օձ, իսկ միամիտ ինչպէս աղաւնի»: Այս մարդը ուրիշ խօսք մըն ալ կ’ըսէ ի մէջ այլոց. «Վաճառականութիւնը մի այնպիսի գործ է որ ինքն է սովորեցնում սիրողին փող աշխատելու հնարը. հարկաւոր է միայն գտնել նրա գաղտնիքը, այնուհետեւ ամեն ինչ ինքն ըստ ինքեան հեշտանում է»:

Խաչի այնքան լաւ կ’իւրացնէ մանրավաճառին խրատները որ յաջորդ օրէն իսկ, «Աղա Գուլամեանցների մագազինում» ուր հայրը զինք Աղա Մակարին յանձնած է «ոտով-գլխով» իբրեւ վաճառատան տղայ, կը սկսի ջանալ զանոնք գործադրելու, եւ ա՛լ տարիներով ուրիշ ձգտում, ուրիշ գործ պիտի չունենայ: Նոյն իսկ առաջին վայրկեանէն մաղազային թանկագին իրեղէնները տեսնելով կը սկսի նախանձիլ Գուլամեանցներուն եւ հառաչելով հարստութիւն կ’երազէ: Աղա Մակար իր տունն առած է   աչին որ ճոխութեան իր իղձերուն նոր գրգիռ մը կը գտնէ հոն՝ ի տես մեծատունին պերճանքին, եւ որ եւս աւելի կը հաստատուի մանրավաճառին սկզբունքներուն մէջ, ի լուր ամենազօր Աղային պատուէրներուն. «Հայրդ ինձ հետ պայմանաւորուեց եւ ես ընդունեցի, որ դու ինձ մօտ մնաս ոչ թէ մի կամ մի քանի տարի ժամանակով, այլ մշտական, որքան որ մենք իրարու հարկաւոր կը լինենք: Ուրեմն այսօրուանից ոտով-գլխով ինձ ես պատկանում, եւ իմացիր որ պարտաւոր ես այսօրուանից մոռանալ քո ծնողներին եւ բոլորովին հպատակուել ինձ եւ իմ կամքին: Ես դառնում եմ քո տէրը, ծնողը, գլխաւորը, աղան եւ ամեն ինչ: Դու պիտի կատարես այն ինչ որ ես կը հրամայեմ եւ ինչպէս ես կը կարգադրեմ…: Զգուշացնում եմ քեզ. եթէ այդ բոլորը կը կատարես, խոնարհ, խօսք լսող, աշխոյժ, գործ կատարող եւ հաւատարիմ կը լինես, ես շուտով քեզ կ’առաջացնեմ, եւ ժամանակով մի կտոր հացի տէր կը լինես. իսկ եթէ ոչ այն ժամանակ մեղքը քո վզին, քեզ կ’արձակեմ դատարկ ձեռքով», եւայլն:

Եւ Խաչին՝ մաղազայի աշխատաւոր, տունի տղայ, իր բոլոր աշխոյժը կը գործածէ, կը տրամադրէ սրտագին իր տեարց հրամաններուն: Անհնար է երեւակայել իրմէ աւելի գործօն ու անձնուէր ծառայ: Եւ որովհետեւ հաստատ նպատակ մ’ունի, այն է ստրկութեան ճամբով անկախութեան հասնիլ, ուշադիր է միշտ ամեն ինչ բանի որ շուրջը տեղի կ’ունենայ, եւ ամեն ինչ կը ծառայէ զինքը միշտ աւելի դիտող, աւելի տեղեակ, աւելի եփուն, աւելի խոհեմ ու ճարպիկ ընելու: Ոչինչ անկարելի է իր երեւակայութեան. կը հաւատայ եւ կը հետապնդի: Հրապուրիչ Թամարը, աղային եղբօրաղջիկը, զոր առաջին առտուն քրոջը հետ առաջնորդեր է ուսումնարան՝ իր հետաքրքրութիւնը, ցանկութիւնը կը գրգռէ, եւ հետզհետէ կ’ըլլայ իր միւս մէկ նպատակը, բուն նպատակին լրացուցիչ եւ անհրաժեշտ: Տեղեկութիւնները զոր կը քաղէ տանը ծառաներէն Գուլամեանցներու կեանքին ու գործերուն մասին, կամ որք ուրիշ ճամբով կը հասնին իր ուշադիր ականջին՝ պիտի վհատեցնէին ուրիշ ո եւ է մէկը՝ օր մ’իր տեարց գրպանը մտնելու, զանոնք կթելու ծրագրի մը հետապնդելէ. բայց զինքը կազմ ու պատրաստ կը դարձնեն ատոր, վասնզի հաստատ են իր նպատակներն, եւ անոնց իրագործման նուիրուած է իր բոլոր խելքով ու եռանդով: Գիտէ իրերէն ու պատեհութիւններէն օգտուիլ. այսպէս՝ վաճառատան մէջ կարեւոր դիրքի մը կը բարձրանայ՝ Աղային մատնելով եւ պատճառ ըլլալով որ վռնտուին երկու կարեւոր պաշտօնեաներ որ անոր՝ Մակար Գուլամեանցի դրամական ոճիրները նիւթ ըրեր էին խօսքի ու քննադատութեան. եւ ցորչափ ոչ ոք ներկայացած է դեռ Թամարը կնութեան խնդրելու, ապագային համար զայն իրեն կ’ապահովէ՝ դուրսը այնպիսի սուտեր զուրցելով իր եւ անոր յարաբերութեանց մասին, որ ո՛չ ոք կը համարձակի անոր ձեռքը խնդրել, եւ աղջիկը ո՛չ մէկուն այլ եւս կրնայ յատկացուիլ քան   աչիին: Այս յաջողութիւնները տեղի կ’ունենան մինչ երեք տարի անցած է արդէն: Օր մը Բագու կը ղրկուի որպէսզի Թամարէն հեռանայ, եւ իր տէրերուն հոնտեղի գործերը կատարէ Աբրահամ Գուլամեանցի մեծաւորութեան տակ: Նաւթի քաղքին մէջ աւելի ընդարձակ ու լուրջ է Գուլամեանցներու գործը. «Այնտեղ սրանք ունէին բաւական մեծ քանակութեամբ նաւթահողեր, երկու հանք, մի ահագին նաւթագործարան, մի տակառագործարան», եւն. եւն.: «Ճշմարիտը խոստովանած՝ առաջին անգամ մտնելով այդպիսի մեծ գործերի մէջ, մի տեսակ երկիւղ զգացի, որ մի գուցէ չկարողանամ կառավարել, եւ Աբրահամ աղան, տեսնելով իմ անընդունակութիւնը, արտաքսի, թողնելով ինձ, ինչպէս ասում են, չոր տափի վրայ: Բայց մտաբերելով իմ մինչեւ այդ ժամանակ ունեցած յաջողութիւնները, չվհատվեցի, եւ Աստուծոյ անունը տալով (նեղ տեղ ընկած ժամանակ ես դիմում էի նրան), սկսեցի գործել»:

Բագուի մէջ է որ, մանաւանդ Աբրահամ աղային ի Ռուսիա կատարած ուղեւորութեանց ատեն,   աչի դառնալով միակ կառավարիչ իր տեարց անհամար գործերուն, կարող կ’ըլլայ վերջապէս քաղել այն օգուտները զոր մանրավաճառ Թորոսի մեթոտը խոստացած էր իրեն: Ինքն է որ ամիսն անգամ մը կը բաժնէ տակառագործներու վարձքն ու աշխատաւորներուն թոշակները: «Ոչինչ այնքան հեշտ չէր որքան սրանց հաշիւների մէջ խառնակութիւն մտցնելը: Ես աղա Գուլամեանցներին տուած իմ ամսական հաշիւների մէջ ցոյց էի տալիս մի մշակի փոխարէն երկուսը, աւելացնում էի տակառների գինը: Գործակատարական բարբառով հաշիւների մէջ այդ կոչւում է «վերադիր», եւ ես, ամեն անգամ «վերադիր» անելով, երկու տարուց յետոյ հաշուեցի եւ տեսայ, որ ինձ մօտ գոյացել է մի նշանաւոր դրամագլուխ, որով կարող էի բոլորովին հեռանալ աղա Գուլամեանցներից եւ ինքնուրոյն վաճառական դառնալ: Սակայն ես չշտապեցի: Հարկաւոր էր առաջ գնալ. մի անգամ արդէն սկսել էի, այլեւս յետ կանգնելն ինձ համար անհնարին էր: Մանրավաճառ Թորոսի ասած գաղտնիքն այլեւս ինձ համար պարզուել էր»: Բայց որովհետեւ օր մը Աղա Գուլամեանցներու ընտանիքը բնակելու կուգայ Բագու, Աբրահամ աղան զինքը միասին Ռուսիա կը տանի, Թամարէն հեռացնելու համար, թէեւ առաջին բաժանումէն ի վեր երկու տարի անցած ըլլայ: «Փոյթ չէ, ասացի ինքս ինձ, ես Թամարի վարկն այնպէս չեմ գցել, նրա անունն այնպէս չեմ խայտառակել, որ մէկը վստահանայ նրան մօտենալ: Ինչ կ’ուզեն թող անեն Գուլամեանցները. վերջ ի վերջոյ Թամարն իմն է»: Ի Մոսկուա, օր մը Աբրահամ աղան կը հարցնէ գործակատարին թէ քանի՛ տարի է որ իրենց քով կը ծառայէ, քանի՛ անգամ դրամ ստացեր է իրենցմէ, թէ ի՛նչ ըրած է ստացած գումարները, եւն.:   աչի կ’ըսէ թէ եօթը տարի է որ մտած է աղաներուն քով, թէ չորս անգամ Մակար աղայէն երկու հարիւրական րուպլի, երկու անգամ ալ Աբրահամ աղայէն հինգ հինգ հարիւր, ընդամենը ստացեր է հազար երեք հարիւր րուպլի. թէ հօրը ղրկած է զանոնք, թէ ծնողքը աղքատ են, շատ աղքատ, եւ իր թոշակովն է որ կ’ապրին: Մարդը կը հանէ հազար մանէթ կուտայ իրեն, յանձնարարելով որ նոր ու լաւագոյն զգեստներ գնէ, եւ մնացեալը հօրը ղրկէ: «Աստուած ձեր կարողութիւնը տասն անգամ աւելացնի. թող նա ձեզ միշտ իմ գլխին տէր պահի, որ ես էլ ձեր շուաքում ապրել կարողանամ: Բայց լա՛ւ ծառայիր. խարդախութիւն չանե՛ս իմ գործերում: Թո՛ղ ձեր հացն իմ աչքերը կուրացնի, եթէ ես մինչեւ օրս մտածել եմ կամ այսուհետեւ պիտի մտածեմ ձեր կամ ձեր շահերի դէմ: Երկնքում Աստուած, ներքեւ դուք էք ինձ համար. իմ խիղճն ի՞նչպէս թոյլ կը տայ ձեր դէմ խարդախութիւն անել: Լա՛ւ, գնա՛»: Եւ Խաչի տիրոջը «սիւրտուկի փէշերն եւ կօշիկների ծայրը» կը համբուրէ: Միշտ աւելի վստահելի ու միշտ աւելի ազատ՝ գործակատարը յոյժ երջանիկ կեանք մը կը վարէ ի Ռուսիա երբ Աբրահամ աղան քաղքէն կը բացակայի: Ամենէն ընտիր կերուխումը կ’ընէ. թատրոններուն, կրկէսներուն, քաֆէ-շանթաններուն մէջ կը զուարճանայ. գիշերներ կը լուսցնէ ցոփուհիներու հետ. պատահեր է որ ուրիշներու սիրուհիները խլած ըլլայ հազարներ վատնելով: Այն երեք տարիները զոր անցուցեր է ռուսական քաղաքներու մէջ՝ եղեր են այսպէս խօլ հաճոյից ու հեշտութեան երանաւէտ տարիներ: «Իսկ երբ Աբրահամ աղան գալիս էր, ես իսկոյն հագուստս էլ, բնակարանս էլ, ուտել խմելս էլ փոխում էի եւ սկսում էի չափաւոր կեանք վարել որպէսզի համեստութիւնս ցոյց տամ նրան»: Ի Նիժնի-Նովկորոտ՝ օր մը հեռագիր կը ստանայ Մոսկուայէն՝ ծանուցանող թէ Աբրահամ աղան մահամերձ է եւ զինքը կը կանչէ: Կը փութայ հոն: «Խաչի, մեռնում եմ…: Ջհաննամը որ մեռնում ես. մի քիչ էլ վաղ պիտի մեռնէիր, ասացի ես մտքումս. Աստուած ոչ անի, ի՞նչ ես ասում, աղա: Չէ, մեռնում եմ,   աչի. այն անխղճմտանքը տունս քանդեց: Ո՞վ է ձեր տունը քանդել, աղա, ի՞նչ էք հրամայում: Հրէայ Շաբաթը տունս քանդեց, նա՛… քառասուն հազար… քառասուն հազար… ա՜խ…: Ի՞նչ քառասուն հազար, աղա, ասացէք. տեսնեմ ինչ է արել անիրաւ Շաբաթը: Փողերս կուլ է տալիս… հաշա է անում… ասում է պարտական չեմ: Ի՞նչ փողեր: Այս տարուայ ֆօտօգէնի փողերը. ասում է տուել եմ   աչիին. կերաւ այն անխղճմտանքը… էն, էն…»: Բաւական բացայայտ է որ Հրէան իրաւունք ունի. բայց այնքա՛ն հաստատ է Գուլամեանցներու վստահութիւնն իրենց գործակատարին վրայ: Հիւանդը նոյնիսկ ներում կը խնդրէ անկէ, հանդէպ անոր իր ունեցած անարդար վարմանցը համար. «Չէ՛, ների՛ր, ների՛ր. ես քեզ կենդանու նման չարչարել եմ, ես քեզ երբեք մարդու տեղ չեմ դրել…: Բա՛ց արա այն սնտուկը, նրա մէջ հինգ հազար մանէթ փող կայ. վերցրո՛ւ, քեզ եմ բաշխում մեղքերիս փոխարէն: Ինձ փող հարկաւոր չէ, աղա, ինձ ձեր կեանքն է հարկաւոր: » Եւ գործակատարը «իսկապէս» կ’արտասուէ: Բայց երբ կէս գիշերուն մարդը կը մեռնի, Խաչի կը բանայ սնտուկը, եւ բացի հինգ հազարէն, բան մը չի գտներ:

Տարի մը վերջը գործակատարը Բագու է: Թամարը դեռ տունն է, եւ բեռ մըն է ընտանիքին. փեսացու չկայ: Մակար աղան օր մը չէ թէ կը կանչէ՝ այլ կը հրաւիրէ գործակատարն իր սենեակը. «  րիստաֆօր Սերգէիչ, համեցէք նստէք: » Ինքն ալ հարկ չի տեսներ այլեւս «աղա» կոչել վաճառականն եւ համարձակօրէն կը հարցնէ. «Ի՞նչ էք կամենում ասել, Մակար Պետրովիչ»: Այդ տեսակցութեան միջոցին Մակար աղան Թամարը կը նշանէ գործակատարին հետ: «Մակար Պետրովիչ, ես արժանի չեմ այս փառքին: Ամենից արժանաւորը դու ես. ես հէնց մինչեւ այսօր Թամարին քեզ համար եմ պահել: Չէ, Մակար Պետրովիչ, ինձ նման աղքատ մարդը անարժան է ձեր նման հարուստ ընտանիքի փեսայ դառնալու: Սո՛ւս արա. դատարկ դատարկ մի՛ դուրս տար. աղքատին հարստացնելը Գուլամեանցների ձեռքում մի դժուար բան չէ: Քսանուհինգ հազար մանէթ օժիտը Թամարի գլխին է»:

Երբեմնի գործակատարը կ’ըսէ մեզ ի վերջոյ թէ եօթը տարի է որ Գուլամեանցներու փեսան է. թէ կը բնակի իր սեպհական եռայարկ տան մէջ, եւ թէ կը յիշէ բոլոր անցեալը. այն աղքատ ընտանիքը, ցնցոտիները, ծակ կօշիկները… կը յիշէ դարբին Մարութին տուած խորհուրդը եւ կը համեմատէ իր այժմեան դրութիւնն՝ անոր իր հօր պէս դարբնութեամբ զբաղող որդւոյն վիճակին հետ, եւ փառք կուտայ Աստուծոյ որ չթողուց իր հօրը՝ հետեւիլ դարբինին առաջարկութեան: «Իսկ ինչ վերաբերւում է մանրավաճառ Թորոսին, որն այսօր մեր քաղաքում առաջին դրամատէրն է, նրա խրատներն երբեք չեմ մոռացել եւ չպիտի մոռանամ: Մտաբերում եմ նրա հօրս ասած խօսքերը. տուր Խաչիին մի վաճառականի մօտ գործակատար, եւ նա շուտով կը գտնէ փող աշխատելու գաղտնիքը: Ես գաղտնիքը գտայ, գրաւելով աղա Գուլամեանցների հաւատարմութիւնը ներելի եւ աններելի միջոցներով: Շատ բաներ եմ արել եւ արել եմ առանց ինքս ինձ հաշիւ տալու, առանց դիմելու իմ խղճին եւ նրանից թոյլտուութիւն խնդրելու: Կեղծաւորել եմ, շողոքորթել եւ ստորացել այն մարդկանց առջեւ որոնք ինձանից զօրեղ են եղել եւ որոնցից ակնկալութիւն եմ ունեցել: Խաբել, մոլորեցրել եմ ինձանից թոյլերին եւ պակաս խորամանկներին: Եւ այժմ ոչ ոք չի կարող երես առ երես ինձ յանդիմանել, որովհետեւ ես փող ունեմ, հարուստ եմ: Իսկ ետեւիցս ով ուզում է եւ ինչ ուզում է թող խօսէ, փոյթ չէ: Առերես ես այժմ ամենից յարգւում եմ, եւ այսքանը բաւական է: Երէկ Տէր-Վահակից նամակ ստացայ, որով նախկին ուսուցիչս խնդրում է Շ… քաղաքի կիսխարխուլ եկեղեցու համար մի զանգ բերել տալ Ռուսաստանից: Ես պատասխանեցի թէ ուրախութեամբ կը կատարեմ նրա խնդիրը: Այժմ կարող եմ եւ միջոց ունիմ բարեգործութիւններ անելու, ես, Խրիստաֆօր Սերգէիչ աղա Առուշանօվս»:

* * *

Թերեւս այս քանի մը էջերով ես աւելի երկայնաբան եղայ ամփոփում մ’ընելու համար քան Շիրվանզատէ իր ութսունուհինգ երեսներով, գործակատարին ամբողջ պատմութիւնն ընելու համար. ա՛յնքան իր գործին մէջ կը տիրէ կարճառօտ էականին ճաշակն, ինչպէս կարծեմ ռուսահայ գրականութեան մէջ ընդհանրապէս, եւ ինչպէս կը վայլէր որ հոս, գործի մարդու մը յիշատակներուն այս պատմութեան մէջ տիրէր աւելի քան այլուր: Բայց այս ութսունուհինգ էջերուն մէջ սեղմութիւնը միշտ հաւասար չ’երեւիր ինձ: Զոր օրինակ առաջին էջերը համեմատաբար զուրկ են սեղմութենէ, ինչ որ յաճախ կը պատահի պատմողներուն, քանի որ սկսած ատեննին դեռ բաւական երկայնաբանած չեն ըլլար որպէս զի փութան համառօտել: Եւ ինչի՞ կը ծառայեն այդ առաջին երեսները. մեզ պատմելու այն ուրախութիւնը զոր   աչի կը զգայ՝ անխիղճ քահանային ձեռքէն ազատելով, կարեւորութիւնը զոր ընտանիքին մէջ կը վայելէ իբրեւ ուսումնաւարտ, հօրն ու մօրը անհամաձայնութիւնը   աչին իսկոյն թէ արձակուրդէ մը վերջը գործի դնելու նկատմամբ, յետոյ, հիւրերուն համար պատրաստուող սեղանին յարդարումը: Կան այսպէս մանրամասնութիւններ որ աւելորդ են՝ հերոսին ոգւոյն համաձայն չըլլալով, գլխաւոր նպատակին չնպաստելով: Տարօրինակ է սակայն որ գտնուին նաեւ ուրիշներ որ պիտի նպաստէին անոր, բայց մոռցուած են: Չեմ ուզեր անպատճառ այս վերջիններէն նկատել զոր օր.   աչիին սիրած կերակուրը զոր առաջին անգամ մայրը կը պատրաստէ ի պատիւ եւ ի վայելս ուսումնաւարտ տղուն. կերակուր՝ զոր գործակատարն երեք անգամ կը յիշէ սակայն, առանց անուանելու, թէեւ միւս կողմէ ըսէ մեզ թէ այն նշանաւոր օրուան մէն մի ժամը տպաւորուած պիտի մնայ իր յիշողութեանը մէջ «մինչեւ կեանքին վերջը», եւ թէպէտ, արդարեւ, նոյն օրուան կեանքէն շատ մը բաներ մեզ պատմէ, ոչ միայն իբրեւ բերկրալի ու վճռական օրուան մը անմոռանալի բաները, այլ նախ իբրեւ ժողովրդագիտութեան (folklore) վերաբերեալ իրեր (էջ 24). եւ խեղճ այդ կերակուրը որ այդ կրկին տիտղոսներով արժանի էր արդէն յիշատակուելու՝ պարտ էր նաեւ լիառատ անուանուիլ՝ հակադրութիւն մը կազմելու համար Պ. Գործակատարին ի Ռուսիա վայելած կերուխումներուն եւ յետոյ իբր մեծատուն ճաշակած համադամներուն հետ: Մոռցուած բաներուն կարգէն է, կրնանք ըսել,   աչիին հօր արհեստը: Չենք գիտեր, եւ ընդերկար, թէ ինչ գործով կը պարապի այդ մարդը որ այնքան կարեւոր դեր մը կը խաղայ տղուն կեանքին մէջ, դրացիներն ի խորհրդակցութիւն հրաւիրելով, եւ որուն նկարագրին նկատմամբ ալ գործակատարը լիուլի տեղեակ կ’ընէ զմեզ (23, 24, եւն. ): Եթէ տղուն ուսումնաւարտութեան օրն իսկ, այդ մարդուն՝ առանց րոպէ մը կորսնցնելու, անոր ապագային վրայ հանդիսաւոր խորհրդակցութեան ժողով մը կազմելն ու առանց փոքր արձակուրդ մը տղուն թոյլատրելու զայն գործի դնել որոշելը պատմուած չեն պատահաբար, այլ ցոյց տալու համար հօրը գործնական ոգին, ուստի եւ   աչին ալ ճանչցնելու համար իբրեւ ժառանգաբար կամ ընդօրինակմամբ հօրամոյն որդի, հարկ էր ըսել նաեւ թէ ինչ գործով կը զբաղէր այդ մարդը: Գրեթէ ութսուն էջ կարդալէ վերջը յանկարծ եւ այլեւս անտարբերութեամբ կը տեղեկանանք թէ կօշկակար է եղեր, Սարգիս անունով: Յարմար ժամանակին ու պէտք եղած կերպով ալ չէ դրուեր նաեւ, ի մէջ այլոց, յոյժ կարեւոր անձնաւորութեան մը՝ Մակար աղային ֆիզիքական նկարագիրը. զարմանալի է որ գործակատարը կը մոռնայ քանի մը բառով մեզ ներկայացնել ամենազօր ու պատկառազդու տիրոջը դէմքը որ անշուշտ կեդրոնն էր իր յոյսերուն ու երազներուն: Շատ ուշ, Մակար աղան ճանչնալէս 23–24 էջ վերջը միայն, ճապաղ իմն կը նկարագրէ զայն, կամ մանաւանդ անոր զոր օր. «ուրախ եւ գոհ ժամանակը». եւ այդ առթիւ կը գտնենք մանրամասնութիւններ որք ոչ բոլորովին գործի մարդու ոճով ալ պատմուած՝ մեզ պէտք եղածները չեն բոլորովին. «Այն ժամանակ նրա աչքերը կուշտ եւ ուրախ կատուի աչքերի նման փայլուն էին. յօնքերը բարձրանում, հաստլիկ շրթունքները ստէպ ստէպ բաժանւում իրարուց, եւ նրանց տակից երեւում էին սպիտակ ատամները: Նա քայլում էր շուտ շուտ, ըմբշամարտութեան հրապարակի վրայ խաղացող փահլէվանի նման, թեւերը օդի մէջ շարժելով, եւ լըխլխացնելով իւր չաղ մարմինը: Նրա մարմինն այնքան հաստ էր որ քիչ էր մնում երկայնութիւնն ու լայնութիւնը հաւասարուէին…», եւլն.: Եւ գործակատարն այս այլանդակ գիրութեամբ վաճառականին գոնէ գեր մարդ մը ըլլալը չ’ըսեր մեզ պարզօրէն երբ առաջին անգամ անոր ներկայացուիլը կը պատմէ, ոչ աւելի արժէքաւոր իրերու յիշատակութեան ետեւ մոռնալով այս զանգուածը որ, արդէն, բարոյական ալ ահագին կշիռ մը ունի հերոսին բոլոր կեանքին մէջ: Իր գործի սկսելուն իրիկունը, Մակար աղային իբրեւ հետեւորդ անոր հետ քաղքին փողոցներէն անցնելուն պատմութիւնը գոնէ՝ յարմար առիթն էր պարարտ վաճառականին մարմնոյն նկատմամբ մէկ երկու բառ ըսելու, փոխանակ շուկային թուրք մրգավաճառներուն կերպարանքն ու բարձրաղաղակ կոչերը, անոնց խօսքերը իսկ բառառբառ պատմելու, իրաւ է նուազ քան կէս էջի մէջ եւ յոյժ կենդանի եղանակաւ, բայց աւելորդ կերպով, եւ ուրուագրիչ Շիրվանզատէն կարծես վերածելով ոչ շատ ճահագէտ folkloristeի մը: Մոռցուած է դարձեալ կարեւոր բան մը. չենք տեսներ (93–94) ի՛նչպէս հետզհետէ փորձառու կ’ըլլայ այս տղան, ինչպէս կը յառաջդիմէ ասպարէզին մէջ, մինչեւ Բագուի պաշտօնն ու հոն գործադրած նենգութիւնները: Համբակութենէ մինչեւ վարպետութիւն անցումը նուրբ ու որոշ նշաններով ցուցուած չէ: Ծածուկ բայց հանդիսաւոր վայրկեան մը պարտ էր ըլլալ այն վայրկեանն ուր առաջին խարդախութիւնն ի գործ պիտի դնէր եւ վերջապէս գտած պիտի ըլլար «փող աշխատելու» գաղտնիքը զոր դրացի մանրավաճառն առաջին օրէն յիշած էր առանց բացատրելու եւ որ երկար ատեն   աչիի միտքը յուզեր էր ապարդիւն կերպով: Ի զուր կ’ըսէ մեզ. «Մանրավաճառ Թորոսի ասած գաղտնիքն այլեւս ինձ համար պարզուել էր»: Զարմանալի է դարձեալ որ մեզ չի պատմեր այն տպաւորութիւնը զոր կրած է երբ առաջին անգամ աղայէն դրամ է ստացած. նոյն իսկ այդ պարագան ալ պատմուած չէ: Գուլամեանցներուն քով մտնելէն եօթը տարի վերջն է որ կ’իմանանք միայն թէ քանի անգամ եւ որքան «փող ստացել» է անոնցմէ: Ամեն գնով հարստութեան ակնկառոյց, ոսկեհորթին պաշտաման ամեն բան զոհող այս ծակաչքին կողմէն խիստ տարօրինակ է այդպիսի կարեւորագոյն պահու մը չյիշատակուիլն անգամ:

Բայց այս փոքր «պատմուածք»ին մէջ այդ մոռացումներէն տարբեր անբնականութեանց ալ կը հանդիպի մարդ: Որքան ճիշդ է որ Խաչիին պէս դաստիարակութենէ զուրկ տղայ մը Գուլամեանցներու մաղազան ոտք կոխելէն սկսեալ տածէ այն խեղճ երազները որ պատմուած են 34 էջին վրայ, - «Գոնէ միայն այսքան ոսկեղէնների կէսն ունենայի, ինչե՛ր չէի կարող անել նրանցով. ամենից առաջ ձեռք կը բերէի մի քանի ձեռք լաւ հագուստներ, թէ՛ ինձ համար, թէ՛ մեր տնացիներու համար. կարող էի մինչեւ անգամ խանութ բաց անել, …» եւն., նոյնքան անճիշդ է որ նոյն իրիկունն իսկ երբ Մակար աղային հետ մտեր է եկեղեցի՝ խնդրէ Աստուծմէ այնպիսի բաներ որ տասնուեօթը տարեկան համբակի մը փառասիրութիւնները կ’անցնին. «Առաջին իմ բաղձանքն էր, կ’ըսէ, որ Ած. ինձ շնորհ տայ որ ես աղա Մակարի աչքում սիրելի դառնամ, օրէցօր նրա մօտ առաջանամ, հասնիմ Գրիգորի աստիճանին, այսինքն մինչեւ մագազինի դրամարկղը: Այնուհետեւ աւելի ու աւելի առաջանալով, վերջապէս, ինքս էլ մի օր աղա Գուլամեանց դառնամ, նրա նման հարստութիւն դիզեմ, փառաւոր տներ շինել տամ, կառքեր, ծառաներ, գործակատարներ պահեմ, եւ վերջապէս, մեր քաղաքի մէջ աղա Գուլամեանցի պէս ամենքի համար նախանձի առարկայ լինեմ: Այս տեսակ եւ հազար ու մի ուրիշ բաներ էի խնդրում Աստուծուց, վերջումն էլ խոստանում էի որ եկեղեցի շինել կը տամ, եթէ նա իմ աղօթքը կատարի»: Չեմ գիտեր ինչու Շիրվանզատէ իր ուշիմ, դիտող, կացութեան հասու եւ գործնական հերոսին ընել կուտայ այս բանդագուշանքները եւ զայն յանկարծ այսպէս կ’ապուշցնէ: Որքան ալ հեղինակը թուի ձգտիլ գործի մարդու բնածին տաղանդով օժտեալ եւ հարստութեան կանխահաս կիրքով լի տղայ մը ցոյց տալու մեզ իր երգիծական գրչին ծաղրածու սայրով, ճիշտ չէ դարձեալ որ այդ տղան, միշտ նոյն իրիկունը, երբ տիրոջը հետ անոր տունը կը մտնէ, «Երանի քեզ, աղա Գուլամեանց», ըսէ մտքէն, «որ կեանքդ անց ես կացնում այդ շքեղ ու զուարճալի տեսարաններով շրջապատուած տան մէջ: Մարդիկ ասում են թէ դժողք եւ արքայութիւն կան միւս կեանքում, բայց ողորմելիները կոյր են, նոյն դժողքն ու արքայութիւնը չեն կարողանում տեսնել հէնց այս աշխարհում». եւ հարուստներու հեշտակեցութեան եւ աղքատներու տուայտանքին մէկ բաղդատութիւնն ընելէ ետքը՝ «Այս աշխարհում ով որ փող ունէ, նա արքայութեան մէջն է. ով որ փող չունէ, նա դժողքի մէջ է: Փողը գերբնական ոյժ է, նա ամեն բան տալիս է մարդուն, ուրեմն հարկաւոր է ամեն կերպ աշխատել այս ոյժը ձեռք բերելու համար…»: Ի զուր Շիրվանզատէ կ’ուզէ բոլոր ասոնք տղու խորհրդածութիւններ կոչել. «Մինչդեռ ես դարձեալ իմ պատանեկական երեւակայութեան մէջ թաղուած զուարճանում էի գրաւիչ տեսարաններով, յանկարծ…», եւլն.: Պէտք չէ մոռնալ որ   աչին դեռ երէկ թողած է Տէր-Վահակի ուսումնարանը, եւ «աշխարհ»էն այնքան միայն տեղեկութիւն ունի որքան Նարեկն ու Սաղմոսը կրնան երբեք սովրեցնել, եւ որքան՝ չքաւոր խստամբեր տուն մը որմէ երէկ բաժնուած է դեռ՝ կրնայ գուշակել տուած ըլլալ երբեք: Եթէ հեղինակը բաւական հաւատարիմ չէ պահեր պատմութեան հերոսն անոր տասնուեօթը տարուան միջավայրին ու հասակին, անոր ճաշակներուն ալ զայն համաձայն չէ թողեր, միշտ միեւնոյն իրիկունը. իրաւ է որ այդ իրիկուան դէպքերը պատմող առեւտրական  . Սերգէիչը տղայ չէ այլեւս, բայց, մէկ կողմէն, կրնար իր երբեմնի տպաւորութիւնները պատմել իր այժմու հայեացքը զգալի ընելով, միւս կողմէն՝ չենք գտներ ամբողջ պատմութեան մէջ տեղ մը ուր ճաշակներու փոփոխութիւն մը ցուցուած ըլլայ գռեհիկ այս տղուն նկարագրին մէջ: Շուկայէն անցած ատեննին կը հանդիպին ծերունիի մը, վիպակին գլխաւոր զարդերէն մին կազմող դրուագի մը դերակատարին, ուշագրաւ ու խռովիչ կերպարանքով, մեղապարտ՝ բայց նաեւ Գուլամեանցներէն չարաչար անիրաւուած մարդ մը: Քիչ մը վերջը եկեղեցի մտած է Աղա Մակարին ու   աչիին պէս: «Վաղեմի տաճարի հնամաշ ու մրոտած սիւները», ըսել կուտայ Շիրվանզատէ ապառնի կամ այժմու առեւտրականին, «վերեւից գրկելով իրարու, տարածել էին եկեղեցու պատառոտուած փսիաթներով ծածկուած խոնաւ յատակի վրայ իրանց մութ շուաքը: Իսկ պատուհաններից զուրկ, մաշուած պատերը մռայլ եւ տխուր կերպարանք էին ստացել: Նայելով ծերունու թառամած ու գունատ երեսին եւ կնճռոտուած ճակատին, ինձ թւում էր որ նրա հոգեկան տրամադրութիւնը բոլորովին համապատասխանում էր եկեղեցու մռայլ տեսքին»: Կրնայ կարծուիլ որ հեղինակը տկարութիւնն ունեցեր է պարզապէս իր հայեացքը փոխ տալու հասարակ ու վարնոց հոգի մը կրող իր գործակատարի կտորին: Բայց ինծի կը թուի թէ այդ տեսողութիւնն ու այդ ոճը հեղինակինն ալ չեն: Եթէ այդ օրինակ իրերով զբաղելու չափ ճաշակաւոր ըլլար 1883ի Շիրվանզատէն, իր շուկայիկ մանչուն այդպիսի լեզու մը չէր ընծայեր…: Սակայն ծերունւոյն առաջին երեւումը վիպակին մէջ՝ բնական, ազդու, գեղեցիկ է. պատմուած դէպքերուն յաջող հասարակութեան մէջ նոյնքան յաջող անակնկալ մըն , բեղուն ճահադիպութիւն մը (Ո-propos) որ հետզհետէ պիտի եղափոխի (évoluer) մինչեւ գրեթէ տարրացում «պատմուածք»ին նիւթերուն հետ: Բայց ալեհեր մարդուն զայրագին արտայայտութեան, անոր առ Աղա Մակարն ուղղուած անիծալից, աղիտակամ նայուածքներուն գաղտնիքը, որուն անշուշտ չի կրնար թափանցել   աչին եւ զոր Շիրվանզատէ խորհրդաւոր իմն ատեն մը պիտի ծածկէ մենէ, վերջիվերջոյ մեզ կը պարզուի անբնական ու դրուագին անարժան եղանակով մը (67, եւն. ): Վաճառատան գլխաւոր պաշտօնեան՝ Գրիգորն է որ մեծաւորին բացակայութեանն ու մաղազային թափուր մէկ պահուն, թէեւ «շատ ցածր ձայնով, գրեթէ շշնջիւնով» իր ստորադաս ընկերներուն կը պատմէ այն ահռելի խաբեբայութիւնը զոր գործեր է Մակար աղան ի վնաս իր խարդախութեան երբեմնի ընկերոջը, ծերունի Թոթովեանցին: Երկարամեայ գլխ. պաշտօնէի մի կողմէն այս մանրամասն երկարապատում թուլբերանութիւնը բոլոր ընկերներու առջեւ որոց մէջ հինն ալ կայ նորեկն ալ, լսելի ըլլալու աստիճան Խաչիէ՛ն որ Աղային տունը բնակելով եւ աննման անձնուիրութեամբ ծառայելով անոր պարտ էր յոյժ վտանգաւոր համարուիլ այդպիսի տեղեկատուութեան մը պահուն, անհեթեթ, անկարելի կը թուի ինձ (արդեօք գործի մարդ չըլլալո՞ւս համար…): Շիրվանզատէ նուազ անճարակ կերպով մը պարզելու էր ծերին խորհուրդը որով սիրեր է նախ, վիպային ձեւով մը զմեզ հետաքրքրել:   աչին կրնար միշտ նոյն երեկոյին իր մատնութիւնն ընել Մակար աղային՝ եթէ կտոր բրդուճ ու միայն կասկածելի խօսքեր լսած ըլլար լոկ այդ պատմութենէն զոր արկղակալն ընէր կա՛մ իր հնագոյն մէկ ընկերոջը միայն, կա՛մ արդէն ծանօթ բան մը պատմելու պէս, այսինքն օտարի մը համար անկապ անիմաստ հատակոտորներով, եւ հոգ չէ, թող շատ ուշ իմանայինք մենք գաղտնիքին վերջնական լուծումը, բոլորովին տարբեր աղբիւրէ: Գրիգոր, իր լիակատար յայտնութիւններէն վերջը պատասխանելով իր մէկ պաշտօնակցին որ դառնապէս կը գանգատի այն ստրկութենէն ուր կը գտնուին ու կը սողան իրենք ամենքը, եւ որ «նուազ խաբեբայութիւն, նուազ յանցանք» չի համարիր այդ ընթացքը «քան Գուլամեանցների եւ Թոթովեանցի աւազակութիւնը», Գրիգոր՝ ընկերոջը դիտողութիւնները ընդունելով հանդերձ, այդ ստրկական վարմանց անհրաժեշտ ըլլալը սակայն կը դաւանի բացէ ի բաց, յոյժ կարեւոր tiradeով մը (73) որու վրայ վերջը պիտի խօսիմ, եւ ուր կ’ըսէ զոր օրինակ. «Եթէ չխոնարհուենք, չհնազանդուենք աղա Գուլամեանցներին, այս աշխարհում իսկի ապրել չենք կարող: Նրանք սիրում են կեղծաւորութիւն մենք ալ պիտի կեղծաւորենք. նրանք…», եւայլն: «Տեսնո՞ւմ ես, այն օրուանից, երբ դու մի փոքր հակառակութիւն ցոյց տուեցիր Մակար աղային, աչքից ընկար, չնայելով որ դու ճշմարիտն էիր խօսում»: Արդ, գուցէ Շիրվանզատէ այս ճառը դրած է արկղակալին բերանը՝ անոր պահ մ’առաջուան ծանր յայտնութիւնները չքմեղելու, կարելի ընելու… մտքով: Բայց ո՛չ թէ այդ թուլբերանութիւնն, ընդհակառակն ի նպաստ մեծաւորներուն պահուող հերմէսական լռութի՛ւն մը արդարացնելու համա՛ր միայն կրնար այս դաւանանքը պարզել տալ անոր: Աւելի հեռուները, 89 երեսին վրայ, ինձ անբնական կը թուի նաեւ այն «բարակ տախտակեայ միջնապատ»ը որ Աղային տան մէջ   աչիի խուցը կը բաժնէ ծառաներու սենեակէն, եւ ինչ որ անոր ընդմէջէն կ’իմանայ գիշեր մը Խաչի սպասաւորներուն բերնէն՝ Թամարին նկատմամբ իր տարածած զրոյցներուն արդէն իրագործուող արդեանցը մասին: Թերեւս «տախտակեայ միջնապատ»ը շատ թեթեւ գիւտ մը չըլլար, եթէ ուրիշ անգամ գործակատարը շահագործած ըլլար զայն ընդդէմ շատախօս ծառաներուն, Աղային մէկ պատուէրին համաձայն անոր տեղեկութիւն հաղորդելով այն այլեւայլ խօսքերուն մասին զոր Գուլամեանցներուն նկատմամբ կ’ընէին «սովորաբար»: Այս հոգածու «սովորաբար»ն ալ միջնորմին գոյութիւնն եւ անոր շնորհիւ յառաջ բերուած պարագան չի կրնար բաւական արդարացնել, ցորչափ ըստ Խաչիի նկարագրին ու վիպակին ոգւոյն Շիրվանզատէ «միջնապատ»ը գործածած չէ նախապէս: Եւ յետոյ, զարմանալի չէ՞ որ ծառաներէն մին՝ ընկերներուն պէս ինքն ալ «միջնապատ»էն չկասկածելու չափ միամիտ՝ կարող ըլլայ սակայն կռահել   աչիի զրոյցներուն ստութիւնն ու նպատակը. «Ահա նա լուր է տարածել», կ’ըսէ այդ մարդը, «թէ իբր Թամարը սիրահարուած է իւր վրայ, իբր վաղուց արդէն պաչպչւում են, եւայլն. հասկանո՞ւմ ես. է՛հ, քաղաքը կ’իմանայ այս բանը, էլ ո՞վ կը մօտենայ խեղճ աղջկան. Աղա Գուլամեանցները կը տեսնեն որ իրանց աղջկայ անունը կոտրուել է, ճարահատուած կը վերցնեն ու կը տան   աչիին»: Երբեմն կարծես աւելի հետաքրքրական քան բնական կացութիւններու բարեկամ է վիպագիրը, եւ կատակերգականին քան իրականին հետամուտ: Պզտիկ սրբագրութիւն մը այս տեսարանին մէջ, ու կանխաւ միջնորմին մէկ գործածութիւնը լրտես գործակատարին կողմէն, բաւական պիտի ըլլային «միջնապատ»ն աւելի տոկուն դարձնելու քննադատութեան: Ստուգիւ, որքա՛ն վայել է վարպետորդի   աչիին՝ լսել իրեն վերաբերեալ կարեւոր տեղեկութիւններ՝ սատանայական բախտաւորութիւններով: Եւ արդէն, առաջին անգամը չէ որ Խաչիի բախտն իսկ է Շիրվանզատէ նոյն ինքն:

Սակայն այս գործին մէջ նկատառման արժանի մանաւանդ ուրի՛շ բաներ կան:

Կ’երեւի թէ Շիրվանզատէ ուզած է մեզ բացատրել թէ ի՛նչպէս շողոքորթութիւնն ու խորամանկութիւնը խղճի ո եւ է արգելքէ զերծ, կրնան մարդուս բախտը շինել այս աշխարհին մէջ: Չեմ կարծեր որ ուզած ըլլայ ցոյց տալ մի միայն ի բնէ գործի տաղանդ ունեցող ու բախտաւոր ալ մէկու մը հոգին: Բացի խեղճ դարբին Մարութէն որ ճոխ կեանքի վրայ գաղափար անգամ չունի, պատմութեան միւս գրեթէ բոլոր դերակատարներն՝ աւելի կամ նուազ յայտնապէս կ’ընդունին յաջողութեան այն պայմանները զոր կը յանձնարարէ մանրավաճառ Թորոս, եւ որոց անվհատ ու կէտ առ կէտ գործադրութեամբ է որ ողորմելի պատանի մը՝ Խաչին, կ’ըլլայ մեծազօր մեծայարգ վաճառական: Մասնաւոր տաղանդի մը հարկ չկայ, ըսել կ’ուզուի կարծես, կեանքի մէջ յաջողելու համար. կը բաւէ կեղծաւորել, շողոքորթել, խաբել ու չխղճահարիլ: Բայց վիպագիրն, իրեն դիւրութեան համար, թողեր է իր երեւակայութեան շինել այնպիսի մէկը որ կը թուի կանխաւ ունենալ յաջողութիւնն ապահովող ամեն հիմնական ձիրք, որ տաղանդաւոր գործի մարդ ծնած է արդէն: Եթէ քիչ շատ ամեն մարդու համար յաջողութեան պայմաններն էին համբերատար ստրկութիւն եւ յամառ խաբէութիւն, Հեղինակը պէտք չէր որ մեզ ներկայացնէր ի ծնէ ատո՛նց միայն կարող մէկը, որպէս զի կարենար մեզ համոզել. վասն զի գործակատարն այնքան ի ծնէ ընդունակ է պարտադրուած կանոններուն հետեւելու, որ չենք տեսներ թէ շեղած է երբեք անոնցմէ, թէ պատահած է որ թերացած ըլլայ իր ընդգրկած մեթոտներուն մէջ, եւ հետեւաբար այս կամ այն վնասը կրած, այս կամ այն յապաղումն իր յառաջխաղացութեան մէջ, ուստի աւելի քան երբեք խորապէս ըմբռնած ըլլայ ճշմարտութիւնը մանրավաճառին յորդորներուն: Այսպիսի բան չկայ: Իսկ եթէ Հեղինակը ներկայացնել կ’ուզէ գործի մարդու ամեն յատկութիւններով օժտեալ մարդկային նմոյշ մը, որ սաստկապէս կ’իւրացնէ, գրեթէ կը յղանայ յաջողութեան տանող ամեն անվրէպ միջոցներ, այդ պարագային իր Խաչին՝ անսովոր երեւոյթ մը կազմելով՝ տիպարի արժէք չ’ունենար, գործի կեանքին վրայ հարազատ լոյս մը չի սփռեր. չի կրնար ընդունիլ տալ մեզ շողոմարար ծառայականութեան եւ անպատկառ ստութեան կարեւորութիւնը, միահեծան դերը կեանքի մէջ. ու նոյն պարագային, դարձեալ միեւնոյն սկզբունքներուն թէ՛ մանրավաճառին, թէ՛ Մակար Աղային, թէ՛ քահանային, թէ՛ արկղակալ Գրիգորին, թէ Խրիստաֆօր Սերգէիչի կողմէն գրեթէ միեւնոյն ոճով քարոզուիլն անիմաստ կ’ըլլայ: Ի շահ ճշտութեան եւ ի նպաստ այդ յաջողիչ ընթացքներուն ջատագովութեան, հարկ էր որ Շիրվանզատէ իր հերոսը նուազ խոհեմ, նուազ աչալուրջ երեւան բերեր. հարկ էր որ սխալեցնէր մերթ իր սկսնակ գործակատարը: «Չնչին» սխալ մը միայն ընել կուտայ անոր ի Բագու, որ սակայն պէտք եղածը չէ (էջ 92). համբակութիւններով ընդմիջէր անոր անթերի վարպետութիւնը (savoir-faire) որ պատմութեան սկիզբէն կատարեալ երեւան կուգայ եւ մինչեւ միւս ծայրը կը մնայ կատարեալ, իբրեւ թէ այս տարօրինակ տղան իր աշակերտութիւնն արդէն ըրած լմնցուցած ըլլար Տէր-Վահակի անաշխարհիկ դպրատունին մէջ, գործուած սխալներուն հետեւանքները կրել տար անոր, յետոյ լաւ եւս անոր զգալ տալու համար նախընկալ սկզբանց անողոքութիւնը. մա՛նաւանդ որ՝ դպրոցին մէջ տղուն յաճախ արժանանալը Տէրտէրին «ֆալախկա»յին, ցոյց կուտայ թէ շատ պատուիրանապահ չէ եղած, եւ գիտենք թէ մէկու մը դպրոցի կեանքը ուրուագիծն է դուրսի կեանքին զոր պիտի վարէ յետոյ: Իրաւ է որ Խաչիի մատնութեամբ վտարուած համարձակախօս պաշտօնեաներուն պատիժը բաւական ազդու դաս մըն է, բայց ոչ ի ծնէ օժտեալներուն համար որպէս կը թելադրուի մեզ տեսնել   աչին, որ այդ դասն առնելէ առաջ եղեր է արդէն ճարպիկ՝ գործակատարներուն խօսակցութեան ականջ դնելու եւ ամեն բան տիրոջը հաղորդելու չափ:

Յետոյ, խիստ բնական է որ ընթերցողն այս երիտասարդին պատմութիւնը կարդալէ ետքը բերուի խորհելու թէ անվիճելի կերպով խելացի այս տղան նաեւ բախտաւոր մէկն է. բախտէն պաշտպանուած ու առաջնորդուած արթուն իմացականութիւն մը որ այդ մտերիմ նախախնամութենէն ընծայուող ամեն պատեհութենէ գիտէ օգտուիլ: Պատմուած դէպքերուն մէջ չկայ հատ մը որ արգելու կամ չհաստատէ ընթերցողին այդ տպաւորութիւնը: Ըստ այսմ, այն տեսութիւնը որ կը բղխի բոլոր պատմութենէն՝– շողոքորթութիւն ու սուտ, յաջողելու համար՝– իր առաջին կարգի արժէքէն կը զրկուի, եւ բախտի պայմանաւ միայն կ’ունենայ նշանակութիւն, եթէ բոլորովին տեղի չի տար բախտին, որ, ինչպէս ժողովրդական իմաստութիւնը կը ճանչնայ վաղուց, բոլոր կարողութիւններէն գերիվեր պայմանն է ամեն յաջողութեան: Բայց վիպակին հերոսն իր յիշատակներուն մէջ ոչ մէկ տեղ կը հաճի յիշել այդ խորհրդաւոր բառը, որ անոր յաւակնոտ գիտակցութիւնն ու կամքը պիտի վերածէր իրենց ճշգրիտ արժէքին: «Միջնապատ»ին ետեւ խօսակցող ծառաներն ալ, որ   աչիին վրայ խօսող միակ անձերն են այս պատմութեան մէջ, «Խաչին խորամանկ տղայ է», կ’ըսեն, յիմարները, եւ չեն կրնար ըսել նաեւ «բախտաւոր էլ տղայ է»:

Յայտնի է որ Շիրվանզատէ չի հաւատար բախտին: Վայրկեան մը թոյլ տրուի ինձ այս շեղումը որ արդէն շատ հեռու չպիտի վարէ զիս–. բայց եթէ հաւատար, ինչի՞ գործածէր իր տեսութիւններն. ի՛նչպէս արժեցնէր իր յառաջադրութիւնը (thèse): Եթէ վիպագիրք հաւատային սակայն բախտին, թէ՛ գործերնին կը դիւրանար, թէ՛ կը դառնային ճշմարտութեան համաձայն: Աշխարհքը տեսանելի նկարագիրներու եւ դէպքերու տրամաբանութեամբ չէ միայն որ կը վարուի, այլ նաեւ անծանօթ ոյժերու ձեռքով որք ունին իրենց թաքուն, անհետեւելի տրամաբանութիւնն, անտարակոյս աւելի անողոք քան զայն՝ որ տրուած ըլլայ վիպագրի մը յղանալ կամ պատմիչի մը գտնել: Ընդունայն չէ որ մարդիկ՝ որ խիստ լաւ գիտեն սկզբունքին, կամեցողութեան, կորովին ինչ ըլլալը, միեւնոյն ատեն բախտ մըն ալ կը ճանչնան իբր մեկնութիւն այլապէս անբացատրելի, անպատճառաբանելի դէպքերու: Այնպէս որ՝ եթէ դրապաշտք ոմանք կ’ըսեն թէ այդ դաւանանքը ոչ այլ ինչ է քան արդիւնք իրաց բոլոր պատճառները չտեսնելու, եւ քան մէկ հնարքը խեղճ տգիտութեան, ես ալ պարզապէս նոյն բանը կ’ըսեմ անոնց որ բախտը կը ժխտեն. բախտուրացութիւնը, կ’ըսեմ, խեղճ տգիտութեան մը գիւտն է. արդիւնք է երեւոյթներու բոլոր պատճառները տեսնելու անկարողութեան:

Արդ, Շիրվանզատէ իր բազմաթիւ նախորդներուն ու ժամանակակիցներուն պէս «իրապաշտ» է, այսինքն դրապաշտ մի գրականութիւն. ըսել է մէկը՝ որ զգաարանքներուն սովորական սահմաններէն ներս կը դեգերի՝ խոհեմազարդ անձնդիւր չափաւորութեամբ…: Բայց իր բախտուրաց «իրապաշտ»ութիւնը չէ կարող արգիլել Խրիստաֆօր Սերգէիչի փախուստը ա՛յն սկզբունքներուն ձեռքէն որոց կ’ուզուէր որ արդիւնքն եղած ըլլար, եւ հնազանդիլն իրապէս անոնցմէ տարբեր ուժերու՝ իր գռեհիկ այլ բարեացակամ նսեհին: Վասն զի անհեթեթ է որ Տէր-Վահակի մը դպրատունէն ընթացաւարտ խակամիտ Խաչի մը ինը տարուան մէջ անսայթաք յառաջխաղացութեամբ ըլլայ   րիստաֆօր Սերգէիչ մը եւ քսան ու հինգ հազար մանէթ դրամօժիտով աղջիկ առնէ՝ շնորհիւ յառաջադրութեան մը:

Այժմ, ահաւասիկ բուն խնդիրը որ կը ծագի «Գործակատարի Յիշատակարանից»էն: Ի՞նչ են Շիրվանզատէի համոզումներն իր վիպակին կեղծաւորութիւն նշանաբանին ետեւ:

Իր հերոսը՝ Թամարը սեպհականելու համար յղացած զրպարտութիւններուն ակնարկելով կ’ըսէ. «Յանդուգն եւ յանցաւոր էր այդ միտքը»: Յետոյ նոյն այդ «միտքը» կ’անուանէ «չար եւ սատանայական»: Իր սովորական միջոցները կ’ընդունի «ստոր եւ անազնիւ»: Ի վերջոյ, երբ մեծարոյ առեւտրական մըն է՝ կ’ըսէ ի մէջ այլոց. «Շատ բաներ եմ արել, եւ արել եմ առանց դիմելու իմ խղճին եւ նրանից թոյլտուութիւն խնդրելու»: Ասոնք, եւ նմանօրինակ քանի մը խօսքեր ալ, ընդամենը բաւական սակաւաթիւ (կ’երեւի անոր համար որ եթէ աւելի բազմաթիւ ըլլային,   աչի պիտի գուցէ դադրէր ըլլալէ ինչ որ եղած է միշտ), չափազանց շատ են սակայն   րիստաֆօր Սերգէիչի մը համար: Կրնայ հեղինակը չվախնալ աւելի շատ խօսեցնելէ իր հերոսին խիղճը, քանի որ այնքան շատ խօսեցուցեր է զայն: Այդ   րիստաֆօրը աղուոր աչքընքուիով սատանայ մըն է. զազիր անամօթ մը, ցածոգի վատ մըն է անիկա: Վերոյիշեալ խօսքերուն մարդը չէ բնաւ: Կրնար ամենայն անդորրով ըսել. «Կան ապուշներ, եղկելիներ, որոց համար այսպիսի մտածումներն ու արարքները ոճիրներ են»: Եւ տակաւին ասիկա ճշգրիտ մէկ արտայայտութիւնը չպիտի ըլլար իր էապէս նուաստ հոգւոյն: Ուրե՞մն:

Կը թուի թէ Շիրվանզատէ ուրիշ միջոց չէ գտեր իր պաշտօնական կամ իրական զգացումներն ու խորհուրդները յայտնելու իր մարդուն պէս մէկու մը նկատմամբ, բայց եթէ անոր բերանը դնել զանոնք: Սակայն քանի որ խնդիրն այսպիսի պատմութեան մը վրայ է, Հեղինակին առաջին սխալն է հերոսին իսկ պատմել տալն անոր յիշատակները: Այս կերպով Հեղինակը նեղութիւն պատճառած է ինքզինքին՝ իր ճաշակները   աչիին չընծայել ստիպուելով ամեն վայրկեան, եւ նեղութիւն կը պատճառէ մեզ ալ՝ ընդհակառակն իր ճաշակները կամ իրեն վայել տրամադրութիւններ երբեմն անոր ընծայելու մղուելով, ինչպէս երբ մերթ խղճի, մերթ գեղագիտական հասկացողութեան տէր կը դարձնէ զայն բռնի: Եթէ Խրիստաֆօր Առուշանօվին չյանձնէր իր պատմութիւնն ընել մեզ եւ երրորդ դէմք տար անոր, ազատ պիտի ըլլար Շիրվանզատէ այն ձգտումներուն մէջ զոր կը վայլեցնէ ինքզինքին: Եւ մենք յայնժամ իր հարազատ դատաստանն ալ թերեւս պիտի ճանչնայինք նկատմամբ իր գործի մարդուն:

Ստո՞յգ է այս: Հեղինակը պիտի խօսէ՞ր այն ատեն. պիտի դատէ՞ր այս գործակատարի հոգին: Չէ՞ որ «իրապաշտ» է. միթէ իրապաշտք սովորութիւն ունի՞ն դատելու ինչ որ կը յաւակնին ցոյց տալ:

Վիպագիրն ի զուր քանի մը խղճային վերապահութիւններ ընել կուտայ այդ անխիղճ մարդուն: Չենք գիտեր թէ ի՛նք ինչ կը խորհի ստուգապէս մանրավաճառ Թորոսի եւ բոլոր անձերուն նշանաբանին նկատմամբ. համամի՞տ է անոր արդեօք թէ ոչ ամենեւին: Աւազակի մը նկարին հեղինակը համամիտ կրնայ չըլլալ իր օրինակին աւազակութեան. բայց ա՛յլ է գեղարուեստ, այլ է գրականութիւն, որքան ալ նման ըլլան իրարու: Արուեստագէտն յաճախ իրերը չի նկատեր բարոյականին հետ իրենց առնչութեան մէջ. բայց գրագէտը որ չի՛ կրնար իր գրչով յաւակնիլ ո՛չ երաժշտութեան, ո՛չ նկարչութեան, ո՛չ արձանագործութեան, ո՛չ մէկ գեղարուեստի, անիկա՝ պարտի նկատել իրերն իրենց այն արժէքին ու նշանակութեան մէջ զոր ունին հանդէպ իմաստութեան, զոր ունին անոնք հանդէպ մարդկային հոգւոյն կատարելագործումն ուղղակի վարող յաւերժական օրէնքներուն, բարոյականին: «Իրապաշտ»ութիւնը պէտք չէ որ արգիլէ վիպագիրն զգալի ընելէ իր ալ մտածումներն հանդէպ իր պատմած նկարագիրներուն եւ արարքներուն: Եթէ լուռ մնայ, եթէ բաւական պայծառ կերպով չյայտնէ թէ ի՛նչ է իր մտածութեանց ներքին իրականութիւնն ալ արտաքին իրականութեանց առջեւ, կը թոյլատրէ մեզ խորհիլ թէ կ’ընդունի իրերն ինչպէս որ են, մանաւանդ երբ «Գործ. Յիշատակարանից»ին պէս՝ վարնոց ու համաշխարհիկ նշանաբանի մը կիրառումը պատմող վէպի մը վրայ է խնդիրը:

Կարդացէք 73, 74, 75 էջերը, ուր Գրիգոր արկղակալը, կեղծաւորելու, խաբելու, կողոպտելու հարկը պերճախօսաբար կը ջատագովէ: Ամբողջ գործին մէջ ամենէն ազդու էջերն են անոնք, վասնզի ահաբեկիչ են: Եթէ նոյնիսկ ամբողջ գործն երգիծանք մը նկատենք, այդ էջերն ուրիշ բան կը ներկայացնեն. անոնք համարձակօրէն կը չքմեղեն բոլոր ինչ որ երգիծանքի առարկայ է միւս երեսներուն մէջ. անոնք մնացեալ բոլոր երգիծանքին պատասխանն իսկ են: Ես գրաւ կը դնեմ որ եթէ Շիրվանզատէի մէջ վիպագիրն է որ պատմած է բոլոր մնացեալը, հոս մարդն իսկ է որ կը խօսի այդ ճառը: Սա խօսքը կայ հոն. «Ես հասկացել եմ որ վաճառականութեան մէջ մարդ չի կարող մնալ ազնիւ, մաքուր, ճշմարտախօս»: Նաեւ սա խօսքը. «Անիրաւ ոսկին ամեն բան մարդուս մոռացնել է տալիս, ամեն բան խիղճ, հոգի, հաւատ»: Ի՞նչ ընենք ուրեմն: Վաճառականութիւնը սակայն նոյնչափ անհրաժեշտ է որչափ եւ աւելի քան ուրիշ շատ մը արուեստներ. դրամը՝ իբրեւ փոխանակութիւն ըսուած կենսական գործին միջոց, եւ իբրեւ ստացուածք, անհրաժեշտ է նոյնպէս: Եթէ կան այլուր կամ պիտի ըլլան հոս քաղաքակրթութիւններ որ ատոնց պէտք չունենան՝ չենք գիտեր. հոս էական են. ուստի, ըստ Շիրվանզատէի՝ պէտք է որ գլուխ ծռենք ատոնց անմիջական արգասիքներուն՝ արծաթսիրութեան, ստրկութեան, ստութեան: Թողո՛ւնք որ մարդ միայն արծաթասէր չէ, այլ նաեւ հեշտասէր. եւ նոյնչափ «անիրաւ» ըլլալու են սեղանն ու կինը…: Այո՛, որովհետեւ Գրիգորին ազդու խօսքերէն վերջը գրագէտին վայել մտածում մը չենք գտներ, կ’եզրակացնենք թէ համոզուած պաշտօնէին խօսքերուն մէջ իսկ են վիպագրին գաղափարները, թէ ինքն իսկ է որ մեզ կը սովրեցնէ… վաճառական չըլլալ ամենեւին, կամ, եթէ անպատճառ պիտի ըլլանք, ինքն է որ կը յանձնարարէ մեզ ըլլալ միանգամայն կատաղի շահախնդիր մը, գարշելի կեղծաւոր մը, ու ստախօս մը, անպատկառ:

Կայ մէկը, ըսած եմ արդէն վերերը, վաճառատան պաշտօնեաներէն մին, որ իրենց ստրուկի անբարոյութեան դէմ կը բողոքէ, եւ որո՛ւն պատասխանելով է որ այդ վիճակին հարկաւորութիւնը կը փաստաբանէ Գրիգոր: Բայց այս վերջնոյն պաշտպանողականէն վերջը դժուար է գտնել թէ ի՛նչ պիտի կրնար ըսել դեռ միւս պաշտօնեան, որ տկարակամ գանգատող մըն է միայն, եւ պատասխան մը տալու ալ հնար չունենար, որովհետեւ… Շիրվանզատէ մարդ կը բերէ վրայ: Ուրի՛շ անձ մը պէտք էր մեզ. մէկը՝ որ ազատօրէն զգացնէր մեզ իր բարոյական անձի խղճմտանքը, աշխարհքէն անկախ այլ զայն ստուգիւ վարող անյեղլի ճշմարտութիւնները. մէկը՝ որ ըսէր մեզ թէ արդարեւ «յաջողելու» համար պարկեշտութիւնը բաւական չէ, թէ քծինքը, շողոմն ու սուտն ու կեղծիքը հարկաւոր են աւելի կամ նուազ. թէ սակայն «յաջողիլ» ըսուածն էական չէ՛, ինչպէս օրինակի համար էական է տառապիլը, թէ մեղքը նոյն իսկ ա՛յդ ճոխութեան ու զօրութեան ձգտիլն է, կեղակարծ անկախութեան մը նպատակով բաղձալն է ստացուածքի եւ տիրապետութեան, թէ անկախութիւն յորջորջուածն յաճախ բռնակորզուած ու բռնագործուած ազատութիւն մըն է, վասնզի ազատ է նա՛ միայն որ համաձայն է Օրէնքներուն:

Կը ստիպուիմ մտածել ո՛չ միայն թէ բարոյականը որմէ վարուած է Շիրվանզատէ իր այս գործին մէջ, շատ վարանոտ, անհամարձակ բան մըն է,   րիստաֆօրին եւ իր նմաններուն հասարակ աշխարհայեցողութեան հետ չափուելէ վախցող. այլ նաեւ թէ երբ այդ աշխարհայեցութիւնն ինքզինքը կ’արդարացնէ՝ մաքառելով բարոյական սկզբունքներու դէմ, Շիրվանզատէ, լռիկ մնջիկ, կ’անցնի պարզապէս Գրիգորներուն, Խրիստաֆօրներուն կողմը: Քանի որ, կ’ըսեմ, «Գործակատարի Յիշատակարանից»ին Հեղինակը զգալի չըներ մեզ իւրավայել դատաստան մը իր պերճախօս ու հրապուրիչ հերոսներուն նկատմամբ, կը խորհիմ թէ հաւանականաբար չունի բարձրագոյն անվիճելի սկզբունքներ առանց որոց անհնար է դատել, եւ ներքնապէս ձայնակից է անոնց զոր կ’երգիծանէ: Եւ չէ՛ թէ Շիրվանզատէ (ու իրեն պէս ո՛ եւ է անբարբառ իրապաշտ) իր հերոսները չի դատեր վասնզի իրապաշտ է, այլ ընդհակառակն իրապաշտ է, որովհետեւ չի դատեր: 1883ի վիպագրին համար թող այս կարծիքներն հայհոյանք մը չհամարուին. քանզի կը սիրեմ ընդունիլ որ անուանի վիպագիր-թատերագիրը, այժմ աւելի փորձ ու հասուն, աւելի բարեացակամ, ազատ է այլեւս աւելի տեսլապաշտօրէն խորհելու, եւ դիւրին է այլեւս իրեն… «Շ… քաղաքի կիսախարխուլ եկեղեցու համար մի զանգ բերել տալ Ռուսաստանից»:

* * *

Եթէ, այնուհանդերձ, այս «պատմուածք»ը համաձայն չէ բարձրագոյն ճշմարտութիւններու որ մարդկային կատարելագործումը վարելով իրաւունք ունին նաեւ գրագէտին գրիչը վարելու, եթէ այս երկին ինչ ինչ կողմերն ալ համաձայն չեն Հեղինակին յառաջադրութեան, եւ հետեւաբար, խորին եւ հիմնական կապակցութեանց անգոյութեամբ հոգեբանական տարրը մեծապէս թերի է Շիրվանզատէի այս գործին մէջ, պարտիմ ըսել վերջապէս, ի պատիւ Կովկասահայ վիպագրին թէ ինչ ինչ յատկութիւններ ալ կը յայտնուին հոն, եւ հաւանականաբար շատ աւելի բացորոշապէս:

Գլխաւոր դերակատարներուն նկարագիրը, զոր օրինակ, ի նկատ առնուած է ա՛յնքան խղճմտօրէն, որ զայն դիւրաւ կ’որոշենք իրենց խօսքերուն որքան արարքներուն մէջ: Խրիստաֆօր Սերգէիչը, Գուլամեանց Մակար Աղան եւ եղբայրը, մանրավաճառ Թորոսը, Թամարն անգամ որ շատ քիչ խօսած ու գործած է բոլոր պատմութեան մէջ, աւելի կամ նուազ որոշ նկարագիրներով ներկայացուած են: Եւ Հեղինակը պէտք ունեցած չէ՝ իր յիշատակները պատմող գլխ. անձին բերանը դնելու տեղեկութիւններ այս կամ այն անձին բնաւորութեան նկատմամբ. խօսեցուցած է զանոնք, գործել տուած է անոնց, եւ ասիկա բաւած է ահա: Զմեզ նախապաշարած չէ ծանօթութիւններով, այլ ունկնդրել ու դիտել տուած է մեզ. եւ մենք մեր աչքերով ու ականջներով դէմյանդիման կը ճանչնանք «Յիշատակարան»ին անձնաւորութիւնները: Կարծեմ թէ այս յաջողութիւնը Շիրվանզատէի ամենէն անվիճելի տաղանդներէն մին է: Արդարեւ, ի՞նչ աւելի դիւրին պիտի ըլլար վիպագրի մը համար՝ քան բնաւորութիւնները պատմել, եւ յետոյ խօսիլ ու գործել տալ անոնց, ա՛լ առանց փոյթ ընելու թէ խօսքերն ու գործերը կատարելապէս կը պատշաճի՞ն թէ ոչ այդ ծանուցեալ նկարագիրներուն, թէ հարազատօրէն կը բղխի՞ն անոնցմէ: Շիրվանզատէի համար, որ միանգամայն թատերագիր է, մեծ թերութիւն մը պիտի ըլլար այդ. իր այս վիպակը մեզ կրնայ մակաբերել տալ թէ որպիսի՛ կարողութիւն կիրարկած է իր թատերախաղերուն մէջ, նկարագիրները խօսքերով ու գործերով երեւան բերելու համար:

Կա՛յ դարձեալ այս երկին մէջ ուրիշ յատկութիւն մը, որ կ’ենթադրեմ թէ մեծ տեղ մը կը գրաւէ Հեղինակին արդի դրուատեալ արժանեաց մէջ, եւ որ վիպագրի մը՝ ինչպէս թատերագրի մը համար, ըստ իս, ա՛յնչափ էական է որքան պատճառն իսկ է վիպագրութեան կամ, աւելի առաջ, թատերագրութեան, եւ որքան այդ սեռերու գրագէտք ընդհանրապէս չեն յաւակնիր խօսիլ փիլիսոփաներու կամ քննադատներու, այլ միջին ու թոյլատու խորհողութեան տէր հասարակութեան մը: Յատկութիւնը որու կ’ակնարկեմ, այն է որու շնորհիւ Շիրվանզատէ դէպքեր կը յղանայ եւ կը վարէ: Արդարեւ վէպ ու թատրը գոյութիւն չէին ունենար եթէ արարքներու եւ դէպքերու նկատմամբ հետաքրքիր չըլլար մարդ: Ներկայ գործին մէջ, գլխաւոր իրողութիւններն ըլլան թէ յարակից, օժանդակ մանրադէպեր, բաց ի   աչիին անսխալ անսայթաք եւ կարծես ոստումներով յառաջխաղացութենէն, եւ արկղակալին թուլբերանութեան տեսարանէն, եւ դէպքերու շարքին մէջ չդնելով, բնականաբար,   աչիին կանխահաս երազները, բոլոր պատահարները բնականօրէն տեղի կ’ունենան, բնականին հեշտալի, կենդանի դիւրութեամբը կը յաջորդեն իրարու: Ոչ մէկ ճի՜գ անոնց կազմին ու կարգին յղացման մէջ: Երբ մարդ «Գործ. Յիշատակարանից»ը կ’ընթեռնու, մանաւանդ առանց զայն քննելու պաշտօնի, դիւրաւ անձնատուր կ’ըլլայ ընթացքին հոն պատմուած իրերուն որոնցմէ կը վարուի յանզգայս, որոց մէջ կ’ապրի դերակատարներուն հետ, եւ որք իրականութեան ճշմարիտ զգայութիւնը կուտան իրեն: Շիրվանզատէ դէպքերու ճարտար շարադրող է հոս. եւ հոգեբանի յաւակնութիւններ չտածող որեւիցէ վիպագրի փառասիրութեան արժանի այս կարողութիւնն արդէն լիաւարտ է Հեղինակին մէջ: Որպիսի՜ բնականութիւն, օրինակի համար, իրողութեանց այն շարքին կամ հիւսքին մէջ զոր մեզ կը ներկայացնէ իրիկունն այն օրուան ուր Խաչի մտած է Գուլամեանցներուն քով, երբ Աղա Մակար իրեն հետ տուն պիտի տանի Խաչին (38–44): Մաղազայէն դուրս ելլելնէն մինչեւ տուն տեւող ժամանակն ու միջոցը յատկացուած են, կատարեալ յարմարութեամբ, յոյժ անսեթեւեթ, կարծես ինքնեկ, կարծես Հեղինակէն անկախաբար պատահող մանրադէպերու որ կը ծառայեն միանգամայն պատմութիւնը զարդարելու, հետաքրքրութիւն շարժելու, եւ շարունակելու բացատրութիւնը վիպակին անձերուն: Բայց նաեւ գլխաւոր դէպքերն ալ շատ ճիշտ, շատ նպատակայարմար ընտրուած են. պակասներ միայն կան տեղ տեղ, ինչպէս դիտել տուի–: Շատ պատեհ յղացում մըն է զոր օրինակ Մակար Աղային հարսնիքը, իբրեւ ապագային վրայ ազդող պիտանի իրողութիւն. Խաչիին համար առիթ մըն է այն՝ ժիր, քրտնաջան, բազմօգուտ ամենուրեքութեամբ ա՛լ աւելի վստահութիւն ու համակրանք շահելու, եւ պերճազգեստ ու արդէն «հասակ առնելով կրկնապատիկ գեղեցկացած» Թամարին նկատմամբ աւելի որոշ ու ստիպիչ զգացումներով վառուելու, ինչպէս կ’ըլլայ հարսնիքներու մէջ: Ի՞նչ բան, կ’ըսես, կամ լաւ եւս՝ չես ըսեր անգամ, պիտի կրնար մտրակել աւելի Խաչիի կրկին նպատակներուն իրագործումը՝ քան այդ հարսնիքը: Ինչ որ սքանչելի է՝ Հեղինակն իր պատմութեան վախճանին հասնելու համար պէտք չունի դուրսէն պատահարներու. իրաւ է թէ ատիկա անբնական չէր ըլլար. բայց չէր ըլլար նաեւ մեծ տաղանդի գործ: Իր պատմած գրեթէ բոլոր իրողութիւնք անհրաժեշտաբար կը յաջորդեն նախընթացներու, եւ կարծես իրենք միայն կրնային ծնիլ անոնցմէ: Այս կերպով՝ զգալի չէ թէ գրագէտն է որ հեղինակն է դէպքերուն, որք, ատով, հարկադրիչ կը դառնան ճշմարիտ իրականութեան պէս եւ թերեւս անկէ աւելի՛, քանի որ ծանօթ ենք հոս իրենց կանխաւ արդարացուած պատճառներուն: Իսկ քանի մը դրուագներ կան որ ո՛չ անպատեհ են, ո՛չ ալ անպէտ վիպակին ոգւոյն ու վախճանին, ընդհակառակն: Այսպէս, դպրոցին ճամբան, Թամարին հետ Խաչիին առաջին խօսակցութիւնը (54) ուր Շիրվանզատէ (թէեւ դեռ յամենայնի սկսնակ Խաչիին կ’ընծայէ փորձ երիտասարդի ճարտարութիւններ ու համարձակութիւններ), թէ՛ կ’աւելցնէ մեր ծանօթութիւնները պատմութեան անձերուն մասին, թէ՛ տեղային գոյնն ու Թամարին նկարագիրը ճաշակաւոր վարպետութեամբ մը կը ցայտեցնէ՝ օրիորդին բերանը դնելով գռեհիկ խօսքեր ռամիկ բարբառով, սքանչելապէս պատշաճ այդ հարուստ ընտանիքէ մեծամիտ, անկիրթ ու գեղանի աղջկան, անոր հնչեղ ձայնին ու կարմիր շուրթներուն, ու   աչիին պէս ստրկային փառասէրի մը անճաշակ ու երջանիկ ականջներուն արժանի: Ուրիշ դրուագ մըն է՝ վաճառատան մէջ կերպասի կտորի մը չափուիլը: Բայց ատիկա հիանալի՜ է: Ի՛նչ կատարելութիւն այդ տեսարանին գիւտին ու պատմութեան մէջ: Ես չպիտի պատմեմ զայն, վախնալով որ անոր հրապոյրէն շատ բան կը ջնջեմ: Շիրվանզատէ իսկատիպ հեղինակ կ’ըլլայ յանկարծ այդ դրուագո՜վ: Չեմ չափազանցեր ուրեմն երբ ըսեմ թէ ճշմարիտ երգիծաբան կը հանդիսանայ հոն կամ կատակերգակ գերազանց: Ոչ միայն մեր գրականութեան մէջ ոչ շատ հազուադէպ վառվռուն գոհարներէն մին է այս, հապա նաեւ, անտարակոյս, օտար մատենագրութեան մէջ արժանի է յեռուելու Կոկոլներու, Տիքընսներու եւ Թաքրէյներու ամենէն անդիմադրելի էջերուն կարգը:

Դէպքերուն չափ հարազատ ու վաւերական են նաեւ առհասարակ խօսքերը՝ մանաւանդ կարճ խօսքերը զոր իր անձերուն ըսել կուտայ Շիրվանզատէ:   օսքերն ալ արդէն գործողութիւններ են, ցորչափ արտայայտութիւններ են եւ ոչ ներքին վիճակներ: Երբեմն ապշեցուցիչ կը թուի ինձ անոնց ճշդութիւնն ու բնականութիւնը: Առաջին օրը, մաղազային հարստութենէն շլացող ցնորակոծ Խաչիին ծոծրակին ապտակ մը իջեցնելով Մակար աղան կ’ըսէ. «Ի՛նչ ես հայվանի պէս ռեխդ ծռել ու նայում. արի՛ այստեղ»: Ուրիշ անգամ մը Աղան կ’ըսէ իր պատուէրներուն մէջ. «Եթէ ասեմ մածոնը սեւ է՝ չհամարձակուես հակառակել թէ նա սպիտակ է: Եթէ ասեմ նստի՛ր՝ պիտի նստես, ասեմ վեր կա՛ց՝ վեր կենաս, կե՛ր՝ ուտես, ծիծաղի՛ր՝ ծիծաղես, լացի՛ր՝ լաց լինես: Ի՛նչ երկարացնեմ, եթէ կրակի մէջ էլ ուղարկեմ, պիտի գնաս: Լսո՞ւմ ես: Լսում եմ, աղա»: «Մահուդ»ին չափուիլը պատմող նշանաւոր կտորին մէջ անցած խօսակցութիւնը կատարելութիւնն իսկ է. Մակար աղան ի վերջոյ իր զայրոյթը կը թափէ դէպքին պատճառ եղող պաշտօնէին. «Տասն անգամ քեզ ասել եմ. իմացիր ինչ մարդու հետ գործ ունես: Ամեն մուշդարու հետ չի կարելի այդպէս անել: Մի անգամ էլ քո անզգուշութիւնով ինձ խաթաբալի մէջ կը գցես, այն ժամանակ Աստուած ազատի, խայտառակ կը լինեմ ամբողջ քաղաքում»: Խաչին՝ արկղակալն ու միւս պաշտօնեաները կը մատնէ իր տիրոջ. «Յետո՞յ, է՞լ ինչ էին խօսում շան զարմերը: Է՛լ Մակար աղա, շատ բաներ կ’ասեն, բայց ո՞վ է հաւատում նրանց ասածներին: Հաւատում են թէ չեն հաւատում, քո բանը չէ: Դու պատասխանիր այն ինչ որ ես եմ քեզանից հարցնում: Ասա տեսնեմ, է՞լ ինչեր էին խօսում: Միայն ձեր մասին չէին խօսում…: Ասում էին թէ նրանք ամենքն էլ խաբողներ, գողեր են, թէ նրանց մօտ ծառայողներն էլ պէտք է այդպէս լինին, որովհետեւ ուրիշ կերպ չեն կարող լինել: Այդ ո՞ր գործակատարն էր ասում: (Խաչի կ’ըսէ պաշտօնէին անունը) Այդ էլ իմ լաւութեան պտուղը… փողոցներում ոտաբոբիկ լակոտներ էին, հաւաքել եմ, բերել, մի կտոր հացի տէր շինել, այժմ ինձ էլ չեն հաւանում: Արի այժմ աղքատներին ողորմութիւն արա, խղճայ նրանց վրայ, Մակար»: Այս խօսքերուն, ինչպէս միւս շատին յաջողութիւնը սոսկ իրենց աւելի կամ նուազ յայտնապէս երգիծական կամ զաւեշտական ըլլալէն չէ, այլ անկէ որ՝ վիպագիրն էականը տեսնելու եւ արարքներն ուստի խօսքերն ալ իրենց տէրերուն պատշաճեցնելու չափ վարպետ է արդէն: Բռնազբօսիկ են միայն՝ Գուլամեանցներուն եւ ծեր Թոթովեանցին նկատմամբ յայտնութիւններ պարունակող խօսակցութիւնը՝ գործակատարներուն, եւ «միջնապատ»ին ետեւը տեղի ունեցող խօսակցութիւնը՝ ծառաներուն միջեւ. թերեւս անոր համար որ վիպակին այդ անձերը որոշ դիմագծութիւն չունին, գլխ. դերակատարներուն կարեւորութիւնը չունենալով. ու միւս կողմէն՝ արդարեւ դժնդակ ըլլալու է վիպագրի մը կամ թատերագրի մը համար՝ երկրորդական անձերու միջոցաւ երկարապատում տեղեկութիւններ տալն անցեալ դէպքերու մասին, առանց հետաքրքրաշարժ ու բնական ըլլալէ դադրելու:

Հեղինակին մէկ ուրիշ յատկութիւնն ալ որ ընթերցողը կը յափշտակէ՝ իր պատմուածքն է. անպաճոյճ, պարզ, անջան, արուեստագիտօրէն էական պատմուածք մը: Ոչ այնքան վերլուծողի՝ որքան գործողի կորովի լեզու մըն է իրը: Ինծի կը թուի թէ չէ յաջողած հոն ուր քանի մը բառէն աւելի գործածել ուզեր է, զոր օրինակ կերպարանք մը վերլուծելու համար. այսպէս եղած է Մակար աղայի անձին նկարագրութիւնն անոր ուրախ կամ տխուր պահերուն. բոլոր պատմութեան լեզուին ընդհանուր յաջող էականութեան մէջ չես գիտեր ինչպիսի համբակութիւններ կը թուին այդ փորձերը: Իսկ եթէ լեզուի բազմաթիւ անմաքրութիւններ կան, ռամկօրէն, թուրքերէն ու ռուսերէն բառերով գոյացած, անշուշտ անոնք կ’արդարանան վիպական սեռին ու նմաններուն մէջ որք պէտք ունին կենդանի իրականութիւնն իր արտաքին հանգամանքներով ալ ներկայացնելու (*): Եւ ոչինչ աւելի սիրելի ու նախընտիր կը գտնեմ Հեղինակին համար քան էականը, համադրական եւ կենսալի: Կրնայ վստահ ըլլալ թէ իր լեզուն ձանձրոյթ չի պատճառեր, եւ, ներուի ինձ այս համարձակութիւնն ալ, միակ նեղութիւնը զոր բնաւ գէթ ինծի եւ անշուշտ ոմանց ալ կրնայ երբեք առթել՝ զարմանալի քերականութեամբ մը բաւականացող այդ ռուսահայ լեզուն ըլլալն է, եւ չեմ գիտեր լեզուի ինչ տեսակ սրբագրութիւն է այն որու մասին խօսեր է Հեղինակն իր «Ժողովածու»ին յառաջաբանին մէջ, եւ զոր «թոյլ է տուել» ինքզինքին կատարել իր «ամենաառաջին գրուածների «Գործակատարի Յիշատակարանից» պատմուածքի, «  նամատար» վէպիկի վրայ, եւայլն:

Այսպէս այս երկին մէջ Շիրվանզատէ կը թուի ինձ ըլլալ գործին ու գործնականին իմացողութեան տէր վիպագիր մը. գործողութեանց մարդն է, անոնց շինուածքին ու յարդարման մարդը, դէպքերու գլխաւոր շարքին օժանդակ, բացատրող ու լրացուցիչ՝ եւ մերթ վիպային ու խորհրդաւոր իմն ագուցուող ու միշտ հետաքրքրաշարժ իրողութիւններու մարդը: Գործի մարդ մը վիպագրութեան մէջ. աշխոյժ ու ճապուկ, յաճախ պատեհագէտ, շատ անգամ անխղճահար… ու զուա՛րթ, քանզի եղելութիւններով շրջապատուած, նաեւ վասն զի բեղուն է եւ ինքնավստահ: Յայտնի է որ այս զօրեղ վիպագիրն իսկապէս թատերագրի տաղանդ ունի, եւ հաւանականաբար ոչ այնքան տռամային քան կատակերգական անցքերով լի խաղերու յարմարութեան: Բայց ո՛րքան պիտի շահէր իր «Գործակատարի Յիշատակարանից»ը, եթէ Հեղինակը գործողութեանց այսքան որոշ ու խոր իմացողութեան չափ խորաթափանց մտահոգութիւն ցոյց տուած ըլլար նկատմամբ հոգեկան ու գաղափարային իրերու: Արդարեւ յոյժ տարբեր կարողութիւններ են ասոնք: Կը բաղձայի որ իր հասունութեան երկերուն մէջ երկրորդ կարողութիւնն ի յայտ եկած ըլլար առաջնոյն հաւասար աստիճանով, եւ կ’ենթադրեմ նոյն իսկ թէ ատիկա իրականութիւն է արդէն հազուագիւտ բեղունութեամբ ու կորովով լի հայ վիպագրին արտադրութեանց գէթ մէկ մասին մէջ:

Յուլիս 1910. Սկիւտար

  ----------------------

(*) Տարօրինակ է սակայն նորածաղկ բառը, էջ 91. այս որչա՛փ հասկացողութիւն գործնականին, չըսելու համար ուրիշ բան: