Յօդուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՆՇԱՆ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ ԵՒ «ԲՈՒՐԱՍՏԱՆ ՄԱՆԿԱՆՑ»

Անոնք մանաւանդ որ 20-25 տարի առաջ տղայ էին՝ ճանչցած ըլլալու են «Բուրաստան Մանկանց» պատկերազարդ հանդէսը, որ ուսումնատենչ՝ կամ գէթ ընթերցասէր ու պատկերասէր տղոց ուրախութիւնն էր, եւ զոր հրատարակելու բարիքը կ’ընէր Նշան Պէրպէրեան: Երանի՜ այն ատենի տղաքներուն որոց հայրը զիրենք բաժանորդագրած էր այն Հանդէսի. վասնզի ա՛յնքան զբօսալի ա՛յնքան հրահանգիչ հրատարակութիւն մ’էր այն, եւ իրենց տղաքներն այնպիսի հանդէսի մը բաժանորդագրած ըլլալու հոգածութիւնն այնքան նշանն էր իմաստուն հայրութեան մը՝ որ ցայսօր բարեբախտ զգալու են զիրենք անոնք որ մին ու միւսը, հրատարակութիւնն ու այդ հայրութիւնը վայելած են: Արդարեւ իմ հօրս ալ ինձ մատուցած մեծագոյն ծառայութիւններէն մին «Բուրաստան»ն առնելն էր, եւ ես մին եմ այն երջանիկ տղոցմէն:

Օր մը Ս. Խաչ վարժարանի սանդուխներուն վրայէն պատկերազարդ թերթի մը մէկ մասը գտեր էր եղբայրս (որ վերի սրահը, «Ուսումնարան»ն էր, մինչ ես վարինը, «Ծաղկոց»ն էի) եւ զարմանքով թղթատեր էր զայն, տուն բերեր հայրիկին ներկայացուցեր էր՝ եւ ան ալ հաւաներ էր զմեզ այդ թերթին բաժանորդագրելու: Մոռցած եմ «Բուրաստան»ին առաջին մուտքը մեր տունը, բայց կը յիշեմ առաջին հատորը, կազմուած, խոշոր թուխ գիրք մը որուն յիշատակը խառնուած ձուլուած է Հանդէսին անուան սկզբնատառին հետ, եւ միշտ Բ-ի մը ձեւով կարծես կը ներկայանայ ինծի–, եւ յետագայ տարիներուն թիւերն որ դեղին, կանաչ, կարմիր թուղթ հագած տուն կու գային, այդ գունաւոր թուղթին վերեւը կրելով ծաղիկներու կոյտ մը վերնագրող «Բուրաստան Մանկանց» անունը՝ կոթիկ տառերով կամարագրուած: Ո՛րչափ սիրելի էր գալն այս թարմագեղ պրակին, մանաւանդ հմայքովն իր դեռ ծածուկ բովանդակութեան՝ որու ընդհուպ կը ծանօթանայինք, պատկերներուն, պատմութիւններուն, հանելուկներուն վրայ նետուած հապճեպ ու հիացիկ ակնարկներով, մերթ սակայն դժգոհելով բաղդատաբար նուազ պատկերալից կամ քիչ հետաքրքրական թիւի մը հանդէպ՝ ինչ որ տեսակ մը աղաչաւոր յոյսով սպասել կու տար մեզ յաջորդ պրակին, բայց ստէպ ուրախ՝ վասնզի գտած կ’ըլլայինք ինչ որ մեր մանկութիւնը մասնաւորապէս կը շահագրգռէր, այսինքն կը բորբոքէր մեր տենչերն ու երազները՝ որոց դեռ այն ատեն չէր ընկերանար անմիջապէս գործադրելի չըլլալնուն տրտում գիտակցութիւնը, կամ որոց իրագործման միջոցներն Հանդէսն ինքն հայթայթած կ’ըլլար: Օր մ’ալ երկրորդ հատորը կազմուած եկաւ. ուրիշ անգամներ ալ միւսներն եկան կարգաւ, այլագոյն կողքերով, եւ աւելի ճոխ պրակներով, հիմա՝ վասնզի կանխաւ զմեզ չհետաքրքրող նիւթեր կը սկսէին տակաւին ախորժելի դառնալ ցորչափ մեծնայինք: Եւ թերեւս իմ ամենամեծ հաճոյքս էր՝ բազմոցին անկիւնը նստած մի առ մի ձեռք առնել աղուոր հատորներն ու անոնց անհատնում ճոխութիւնը լռիկ վայելել: Իրիկունները կամ հանգստեան օրեր՝ երբ գծագրել կամ նկարել չուզէի՝ ան էր զբաղումս, եւ մտքէս չէր անցներ երթալ դուրսը նոճերով եզերուած դաշտին վրայ գնտիկ կամ գնտակ խաղալ «Բուրաստան» չունեցո՜ղ տղաքներուն հետ՝ որոց խաղալը կը տեսնուէր իմ պատուհանէս, ու մեծ հատորներէն մին ծունկերուս վրայ բացած՝ կը մնայի պատկերալից այն էջերէն եկող զգայութիւններուն անձնատուր:

Ինչե՜ր կային այն գրքերուն կամ հետզհետէ եկող պրակներուն մէջ. որքա՜ն բաներ՝ զիս հետաքրքրող, զիս զուարճացնող, զիս խանդաղատեցնող ու յուզող, զիս վերին աստիճան ախորժելի կերպով՝ այսինքն լրջօրէն, կատարելապէս, ճշմարտապէս մշակող: Այն էջերուն հանդէպ կը զօրանային ու կը հաստատուէին բնութենապաշտ ճաշակներս, աշխարհագրական, բնապատմական ու բնագիտական բազմազան հատուածներուն շնորհիւ որոնցմով Հանդէսը լի էր: Մ. Գ. Մօզեան ստորագրութիւնը սիրելագոյններէն էր, եւ կը փափաքէի որ զայն կրող հատուածներն առատ ըլլային, վասնզի յաճախ կա՛մ բնապատմական հետաքրքրաշարժ դաս մը՝ կա՛մ Գիտական Զբօսանք մ’էին անոնք, եւ ո՛րքան կ’ուրախանայինք երբ մեր առձեռն միջոցները միայն պահանջուած կ’ըլլային այդ փորձերուն համար՝ զոր ի ներկայութեան մեր ծնողքին ու բարեկամներուն կը կատարէինք՝ մեր յաջողութենէն ցնծագին՝ փորձարկուած երեւոյթէն ապշահար, եւ Մօզեանին ստուգախօսութեանն հիացած: Ի՜նչ գոհունակութիւն, նաեւ, երբ հանելուկ մը լուծած կ’ըլլայի, եւ երբ խայտալով կը տեսնէի յաջորդ թիւին մը մէջ լուծողներու շարքին մէջ կամ սկիզբն իսկ՝ կամ հազուադէպ կերպով միս մինակ՝ իմ անունս՝ Ազն. մակդիրո՜վ, այն ատեն պատուուած՝ ո՜հ կարճ տաբատով տղայ որ էի: Հապա երբ ի՛մ իսկ գրած մէկ հանելուկս տպուած կ’ըլլա՛ր… օ՛հ անտարակոյս խիստ դիւրալոյծ հանելուկներ էին անոնք, իմ ստորագրութիւնս կրող այդ առաջին հրատարակութիւնները, եւ անլուծելի չէին համարուեր… հիմականներուս պէս: Աղեք. Փանոսեան ոչ նուազ սիրելի անուն մ’էր, եւ հեշտութեամբ կը կարդայի անոր առակները, պատմութիւնները, մանկական քերթուածները, յանգաճոխ ու պայծառ (թո՛ղ որ արդէն անոր «Շողեր ու Ցօղեր»ն ալ առած էր հայրս, եւ նոյնիսկ օրինակ մ’ալ ես ստացած էի կարծեմ ի վարձ հանելուկ մը լուծած ըլլալուս) եւ որոց մէջ մասնաւոր հաճոյքով կը սիրէի ընթեռնուլ այն երկայն ու մանրատառ ոտանաւորն ուր Բնութիւնն երազող տղու մը տենչերն ու տեսիլները կը պատմուէին՝ եւ որու կ’ընկերանայ մեծ պատկեր մը՝ նոյն տղան ներկայացնող, ծովեզրի մը վրայ փռուած, երազուն, կամ որ՝ նոյնիսկ այդ պատկերին համար շինուած էր, ինչպէս դեռ ուրիշներ որ գրուած էին մէկ-մէկ պատկերի համար, որոնցմով հարուստ էր «Բուրաստան»ն եւ որոց հայեցողութեան ես ժամեր կը նուիրէի: Հաճոյք մ’էր նաեւ պատկերներու մէկ անկիւնը գտնել Նշան կամ Ս. Տէօվլէթեան անունը՝ վասնզի ա՛լ պատկերներու պայման մը դարձած էին, եւ վասնզի կը կարծէինք թէ այդ անձերն իսկ գծած էին զանոնք: Իսկ ատոնց մթութիւններն իսկ, անորոշութիւններն ու սխալներն անգամ անշուշտ անհրաժեշտ պայմաններ կը համարէի տպուած պատկերներու, տեսակ մը բնական հանգամանք որ անոնց յատուկ ըլլալով հրապոյր իսկ կը դառնար: Կային որ կը ներկայացնէին Երկրագունտին զարմանալի տեղուանքը. ապառաժուտ կիրճեր ու խորխորատներ, անձաւներ ու բնակերտ կամարներ, ջրվէժներ ու անտառներ, յորս երեւակայութեամբս ըղձագին կը յածէի՝ առանց ճշգրիտ իրականութիւնն ըստ պատկերին վերակերտել կարենալու տակաւին, ուստի առաջին պատկերն իրականութեան ստորակարգելու, այլ մին ու միւսը նոյնացնելով, ուստի եւ ընտելացնելով Երկրին ահարկու եւ մեծվայելուչ վայրերուն հետ՝ անոնց վերեւ թռչտող թռչնոյ մը պէս որ անոնց արհաւիրքը չի ճանչնար, եւ, զարմանալի՜ արդիւնք մանկութեան մէջ դիտուած այսպիսի պատկերներու՝ թերեւս ի դէտ անոնց՝ Բնութեան պատշաճման վարժութիւն մը ահեղին հանդէպ միամտութեա՜ն ու հոգեկան կորովի մարզանքներ ընելով յանզգայս: Ուրիշներ կային, կենդանագիրներ մեծամեծ մարդոց, հնարիչներու, խուզարկուներու, արուեստագէտներու, բանաստեղծներու, եւ ես ամենուն ալ անունները սովրած էի, եւ երբ տակի բառը գոցելով պատկերն յանկարծ ցոյց տայիր ինծի, ես անունը կ’ըսէի: Հիմա անջինջ են մտքիս մէջ Սթէֆէնսընի, Ճէյմս Ուայթի, Ֆուլթընի (զոր մասնաւորապէս կը սիրէի), Տքդ. Գրըվոյի, Վոլթէ-ի, Մ. Էմինի, Այվազովսքիի (ո՛հ, ի՜նչ շքեղ էր ան), Անճելոյի, Պէրնար Բալիսիի եւ դեռ շատերու կերպարանքները… Անոնց պատմութիւնները կարդացած ըլլալով, լաւ գիտէի թէ ո՛վ էին անոնք. եւ ա՛յնքան բնական էր հրեշտակային մանկութեան՝ անոնց հետ այդպէս ծանօթանալ ու ընտանենալ, անոնց մեծանուն տոհմին հետ անզգալաբար արենակցիլ, բերուիլ զանոնք միայն համարելու աշխարհի վրայ գոյութեան ու ճանաչման արժանաւոր, եւ անոնցմով կազմել Մարդկութիւնը: Կային ուրիշ պատկերներ ալ որ կը զարդարէին, կը կենդանացնէին եւ անմոռանալի կը դարձնէին զիրենք շրջապատող հետաքրքրական պատմութիւնները. պատկերներ որոց խորքը կամուած կ’ըլլար մերթ տեսարաններով, եւ որք վիպակին պատահարները պարունակող վայրանկարներ կ’ըլլային, ձիւնասքօղ ձիւնախաղաղ փրդիքներ ու դաշտեր կը ներկայացնէին, շինական ներքեր, ծառուտ ու լեռնոտ դիրքեր, ծովային խռովիչ ու պշուցի՜չ վիճակներ: Բոլոր ասոնց ներքեւ գտնելով վիպակին ճիշտ այն տողն որ անոնց նիւթը կը կազմէր, ճշմարիտ գոհունակութիւն կը զգայի, եւ սաստիկ դժգոհ կ’ըլլայի երբ սխալմամբ հոն դրուած ըլլար ուրիշ տող մը, պատկերին հետ անհամաձայն, այնպէս որ այն ատեն այդ նեղիչ սխալին մշտնջենաւորիլն արգիլելու համար կը պատահէր որ այն տողը ջնջելով անոր տեղ դնէի բուն այն խօսքն որուն պատկերը կը պատշաճէր: Բայց երբեմն իրենց բոլոր կէտերուն մէջ չէին համաձայներ պատկերները՝ պատմութիւններուն, եւ ես բան չէի կրնար ընել: Սակայն այդ սխալներն իսկ դիտողութիւնն ու բաղդատութիւնը մարզող ու սովորութիւն դարձնող կրթիչ կարողութիւն մը կ’ունենային: Իսկ պատմութիւննե՜րը, որոց ընդհատումն այնքան կը նեղէր զիս եւ անհամբեր սպասել կու տար յաջորդ թիւին՝ կամ զոր՝ եթէ կազմուած հատորն ըլլար ձեռքս՝ ամբողջովին կարդալու երանութիւնն կ’ունենայի, ինչպիսի՜ տպաւորութիւններ կ’ընէին իմացականութեանս վրայ ամենքն ալ ցարդ տեւական, ամենքն ալ անա՛նց: Ոմանք զուարճալի էին միայն, զուարթօրէն ծիծաղաշարժ. մերթ դառնօրէն ժպտեցնող՝ երբ տղու մը անգութ չարաճճիութիւնները նկարագրէին եւ ուրախացնող երբ յանցաւորն իր պատիժը կը գտնէր: Ոմանք ընդերկար խորհիլ տուող բաներ կը պատմէին, զոր օրինակ, իր այրի մէջ պերճ հարուստի մը այցն ընդունող եւ սակայն գանկ մը դիտելու զբաղած ճգնաւորին պատասխանը. «Կ’ուզէի հասկնալ թէ հարուստի՞ մը թէ գեղջուկի մը գլուխն է այս»: Ուրիշներ կային որ ահաւոր էին, եւ կային որ յուզիչ էին մինչեւ արցունք. ասոնցմէ էր անմոռանալի «Նաւապետին Շունը», եւ այդ հէ՜ք դիւցազնական կենդանին՝ Զէրօն՝ դեռ ցայսօր, դեռ ա՛յս վայրկենին (ո՜հ, արդէն շատոնց դէպի ծերութիւն իսկ հակիմ, ու ճերմակ թելերս տեսնեմ) ահա պարզապէս զիս կը լացնէ…: Ո՞վ էր արդեօք այդ պատմութեան հեղինակը. երանի՜ իրեն. որուն հեղինակած մանկական այդ վիպակն անթերի, անքննադատելի կը համարիմ այսօր՝ եւ անոր ահագին ազդեցութեանն եւ ուժին սրտագին կը խոնարհիմ գիտակցաբար, ինչպէս հոգեւին անձնատուր եղած էի մանկութեանս մէջ ինքնին: Եւ յետոյ Գոլոմպոսի պատմութիւնը կար. որչա՜փ կը սիրէի անոր ինչ ինչ դրուագներն ու զանոնք ներկայացնող պատկերները, որոնցմէ մին կը ցուցնէր երեք նաւերուն երթն անծայրածիր Ատլանտեանին վրայ, մէկ ուրիշը՝ Կուանահայի կղզւոյն ափունքը, տարօրէն ծառերով զարդարուած, եւ Գոլոմպոսի հոն ելքը՝ իրեն պակուցմամբ երկրպագող վայրենիներուն դէմ. եւ ոչինչ այդ պատմութեան մէջ ինձ աւելի տենչալի, զիս մշտնջենապէ՛ս հետաքրքրող ու յուզող էր քան անհուն անծանօթ ովկիանոսին վրայ այդ նաւերուն անձկալից ուղեւորութիւնն ու վերջապէս երանազեղ գիւտն հրաշագեղ կղզւոյն, երազեալ խորհրդաւոր Ցամաքին, եւ Ծովապետին մտածութեան ճշտութիւնն ու զայն վարձատրող երանութիւնը: Կային դեռ ուրիշ պատմութիւններ մեծամեծ ուղեւորութեանց, դէպի զոր օր. հիւսիսի սառնապատ ու մռայլ ծովերը, եւ օրինակի համար Նորտենսքիօլտի նաւերուն որ աշխարհի ծայրերն հասեր էին՝ բոլոր վսեմութիւնն աղօտապէս այլ ստուգապէս կը զգայի: Մերթ սարսռագին կը բաղձայի Իննապրուքի ժայռերուն զոր առասպելներ կը խորհրդաւորէին ու եղերագեղ հմայքով կը պարուրէին. այլու՝ կը մեղքնայի Ամիօն, կարդալու պապակէ՜ն գիրք մը գողցող տղան (որու հանրօգուտ թարգմանութիւններն ալ նոյնքան կարօտով պիտի կարդացուէին ֆրանսացի ժողովուրդէն) եւ Կասա՜նտին որ մինակը կ’երթար նստիլ ժայռի մը վրա, վեհ տղայ՝ լուսազարդ երկինքին հայեցողութեան համար՝ եւ բաբէ՜՝ իր գեղջուկ հօրմէն կը պատժուէր այդ բացակայութեան պատճառաւ. եւ կը սիրէի Այվազովսքին, որ, արիասի՜րտ ըմբշային պատանի՝ ալեկոծ Սեւ Ծովուն դէմ կը նստէր անոր անբառ արհաւիրքը նկարելու:

Այս ամենը, եւ դեռ անհամար ուրիշ բաներ, այսինքն բոլոր այն բիւրազան զգայութիւնները, հեշտաւէտ վայելքները, զբօսալի ու կենսալի խաղաղութիւնն այս ժամերուս, բոլոր սրտագին տենչերն ու երազները, բոլոր այն սկզբնաւորութիւններն ու մարզումներն այլ եւ այլ ազնիւ զգացումներու, դաստիարակիչ հիացումներու, բոլոր թոթովումներն յատկանշիչ ու կազմիչ սէրերու, բոլոր այն առաջին խանդավառութիւններն հանդէպ մարդկային յաւիտենական ու անմեռ բաներու, այս բոլոր քաջալերը դէպի Ճշմարտութեան գերագոյն հակումներուն որ այն էջերը դիտող ստատեաց պատանւոյն իմացականութիւնը կ’ոգեւորէին, բոլոր այն առաջին անանց (զի ապագային արգասաւորուած) օրերը բարոյական ու մտաւոր կեանքին, որու գէթ հայեցողութիւնը, եթէ ոչ իրագործումն այսօր եղանակն է գոյութեանս, «Բուրաստան Մանկանց»ին կը պարտիմ, եւ քեզի՜, ո՜վ ակնածելի ննջեցեալ: Քու խանդավառ ու գորովալիր «Բուրաստան Մանկանց»իդ, որ պարբերաբար ծագող անճառ Կիրակիի մը պէս հրճուանօք կ’ողողէր զմեզ ու մեր ատենի մանկութիւնը, որ ընծայաբեր Կաղանդ-Պապայի մը պէս իր բարիքները կը տեղացնէր մեզի, որ առասպելակա՜ն երջանկութեամբ մը կարծես կը կախարդէր մեր պզտիկ տարիքը, եւ իր թերթերուն մէջ թարթափելով կարծես «Հազարումէկ Գիշերներ»ու տղաքներ էինք հրաշալի գանձարանի մը մէջ ցնծուն, որ ստուգիւ՝ անգլիացի, ֆրանսացի, գերման տղոց մանկական նախանձելի կեանքն ապրիլ կու տար մեզի՝ մեզ ընծայելով նոյն այն դիւթարար կրթիչ իրերը զոր առատօրէն վայելելու իրաւունքն այն երկիրներու տղոց՝ յարգուած է հոն իբր մին մարդկային նուիրական ու անընդոստնելի իրաւունքներէն:

Եւ մե՜ղք, շատ երջանիկ եւ շատ ուշ չի մեռնիր Նշան Պէրպէրեան իբր թէ Մանկութեան մը բարերարը չըլլար, եւ իբր թէ իրաւունք ունեցած չըլլար իրենց մատղաշութեան մէջ իր հրահանգած ու երջանկացուցած հոգիներուն երախտագիտութեանն ու զայն ապացուցող օժանդակութեան՝ միեւնոյն բարի գործը լաւագոյնս շարունակելու, եւ անոնց յաջորդող տղաքներուն ալ նոյն երանաւէտ մանկութիւնը պարգեւելու համար: Եւ ես, օրինակի համար, որքա՜ն ուշ կը մնամ անոր իմ՝ աւա՜ղ՝ լոկ խօսքերով արտայայտուող երախտագիտութիւնս պատմելու իրե՛ն, որ ա՛լ չի կրնար պահիկ մ’ընդհատել իր մեռելութիւնն ու ժպտիլ ինծի, հասկնալով թէ երբեմնի տղաքներս՝ «Բուրաստան»ի բաժանորդ՝ թէ կը զգանք որ մեր այժմու հոգին դէպի կատարեալն ու յաւերժականն ո՛րքան աւիւն կը պարտի իր Հանդէսին: Ալ չի կրնար գիտնալ թէ մեր մատենագրութենէն ոչ մէկ գործ կարդացած ըլլալուս համար կրնամ այնքան պարծիլ՝ որքան «Բ[ուրաստան] Մանկանց»ի ընթերցող եղած ըլլալուս համար, եւ հետեւաբար իր պանծալի գործին ի յուշ՝ ու այս պահուն արթնցնող այսպիսի եւ թերեւս սաստկագոյն երախտագիտութեանց ի տես՝ չի՛ կրնար սարսռալ այն խոր գոհունակութեամբ, զոր՝ գուցէ հնար չեղաւ անխրախոյս ու մինակ մնացած աշխատասէր ու տղայասէր մարդուն՝ զգալ երբեք իր գործերէն գեղեցկագոյնին համար: Իր ծառայութիւնն այն մեծարանքն էր զոր Մանկութեան մատուցանել պատիւ է Մարդկութեան: Այն վիպակները, կենսագրութիւններն ու պատմութիւնները, քերթուածներն ու զուարճալիքները, այն գիտական դասերն ու պատկերներ որ զանոնք ամենը կ’իրականացնէին, ու տեսանելի, լաւ ե՛ւս վայելելի կ’ընէին՝ համեստ այլ ուղղակի եւ ապահով միջոցներ էին տղոց թանկագին կրթութեան՝ որքան յաչս ընթերցող տղաքներուն՝ երեւոյթն ունէին նպատակներ միայն ըլլալու եւ վայրկենական ու պատանեկան հաճոյք լոկ արթելու: Եւ այս չէ՞ արդէն իմաստութիւնը դաստիարակութեան մէջ. ոչինչ տալ տղոց յայտնապէս իբր միջոց ապագայ շահերու, այլ տալ ամեն բան անոնց իբր ներկայ նպատակ: «Բուրաստան»ն այսպէս լաւագոյն դպրոցն էր եւ կարող էր գերակշռելու յաւակնոտ նախակրթարանին՝ ուր ոչինչ արժանի էր կարծես անմիջականօրէն նպատակուելու: Ո՜հ, այո՛, այն Հանդէսին ընթերցող եղած ըլլալուս համար առանձնաշնորհեալ տղոց գոհունակութիւնն ու հպարտութիւնը կը զգամ. այնքա՛ն՝ բարեբախտ էինք որ գերազանց Մարդկութիւնն առաջին անգամ կը ներկայանար մեզ այնչափ օգտակարապէս՝ «Բուրաստան»ին գոյութեամբն իսկ, որ կը ցուցնէր թէ մենէ դուրս անհուն նախախնամութիւն մը կար որ իր տղոց հոգեկան կեանքն այսպէս կը հոգար, անոնց մէջ ազնիւ իղձեր կը փթթեցնէր, ու տեսլականի մը յղացումը կը սկզբնաւորէր, եւ յանգէտս անոնց կը բարւոքէր զանոնք: Այն Հանդէսին հրատարակումը Մարդկութեան ինքնայարգութեանն՝ ուստի իմաստուն հայրութեանն հաւատացող գործ մ’էր: Եւ հիմա որ վաղուց դադրած է այն, հիմա որ մեր շուրջը կը տեսնենք մանկութիւն մ’առանց «Բուրաստան Մանկանց»ի՝ ո՛վ դժբախտութիւն, հիմա որ Ն. Պէրպէրեան մեռած է, եւ ոչ ոք կ’երեւի իր բարերարի գործը շարունակել սկսելու չափ արիասիրտ ու ակնածելի, Բնութեան ու Քաղաքակրթութեան տեսիլներու շնորհիւ տղաքները Ճշմարտութեան ճամբուն վրայ ամփոփող ու անոնց առաջնորդող սիրելի Հանդէսն ինչպէս որ եզական երեւոյթ մը կը դառնայ մեր ժամանակակից կեանքին մէջ՝ նոյնպէս անոր Հրատարակչին կերպարանն ալ մինա՛կ կը մնայ մեր մէջ, իր կնճռալի ճակատը բոցաձեւ պսակող եւ համբերատար աշխատութենէն ու հանրահայրական գորովէն կարծես ծխաշունչ ալեւոյթով, թէեւ արդէն կը վերաբերի՜ շարքին այն մեծարելի Մարդոց՝ որոց կեանքին ու գործին ու կերպարանին ծանօթ ու ակնածու ըրաւ զմեզ, ինչպէս ահա կ’երթայ վերաբերիլ ու խառնուիլ այն Բնութեան՝ որու զմայլումն ի մեզ վառ պահելով անոր հպատակութեան զմեզ արդարեւ պատրաստեց: