Յօդուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՐՇԱԿ ՉՕՊԱՆԵԱՆ (1871– )

Ծնած է 1871ին, Կ. Պոլիս: Կեդր. Վարժարանի ընթացաւարտ, աշակերտած է Ե. Տէմիրճիպաշեանի, Թ. Թէրզեանի եւայլն: Կանուխէն նուիրուած՝ գրականութեան, մասնաւորապէս ֆրանսականին, որմէ թարգմանութիւններ ընելով սկսաւ: Նախապէս ծայրայեղ ջատագով աշխարհաբարի, պայքարեցաւ «Գրաբարեան»ներու դէմ եւ յաճախ տհաճոյ նոր մը հանդիսացաւ, աններող ու ջախջախող քննադատականներով սարսափեցուց շատ անարժէք գրողներ եւ գրականութեան հրապարակին վրայ միահեծան իշխանութիւն մը յաւակնեցաւ: Փորձեց քերթուած, վիպակ, թատերախաղ, քննադատութիւն, հրապարակագրութիւն, եւ միշտ փայլեցաւ իբրեւ լեզուի եւ արտայայտութեան վարպետ: Ապրեցաւ եւ հեղինակեց նախ Պոլսոյ մէջ, ուր վարեց նաեւ «Ծաղիկ» թերթը զոր ճշմարտապէս գրական լուրջ թերթի մը աստիճանին բարձրացուց: Ապա նաեւ Բարիզ՝ ուր հիմնեց եւ 10 տարի հրատարակեց «Անահիտ» գրական հանդէսը, մին լաւագոյն գրական թերթերէն որ երբեք հրատարակուած ըլլայ Թուրքիոյ հայոց մէջ:

Իր գրական երկերն են՝ «Արշալոյսի Ձայներ» (ոտանաւորներ), «Թուղթի Փառք» (վիպակ), «Մութ   աւեր» (թատերախաղ, անտիպ), «Քերթուածներ» (1883–1901), «Պետրոս Դուրեան» (ուսումնասիրութիւն), «Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանի Կեանքն ու Գործը» (ուսումն. ), «Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանի Քերթուածները» (ծանօթ. ), «Նահապետ Քուչակի Դիւանը» (ուսումն. ), «Նաղաշ Յովնաթան» եւայլն… (ուսումն. ), «Հայ Էջեր» (հին տաղեր. ուսումն. ), նաեւ ֆր. գործեր, ինչպէս՝ «Լէ Մասսաքր տ’Արմէնի», «Փօէմ Արմէնիէն Անսիէն է Մօտերն», «Շան Փոփիւլէր Արմենիէն», «Լէ Թրուվեր Արմ. » եւայլն, եւայլն: Ունի նաեւ բազմաթիւ յօդուածներ եւ բանախօսութիւններ:

Չօպանեան մին է մեր ամենէն այլազան իմացականութիւններէն: Բայց կը թուի թէ իր նախասիրած սեռերն են բանաստեղծութիւնն ու ուսումնասիրութիւնը: Վերջերս, Չօպանեան կը թուի կանգ առնել, այս վերջին սեռին մէջ, ուր արդարեւ յոյժ մեծարժէք դէմք մըն է հանդիսացած, վասնզի էապէս՝ ամենիմաց քննադատ մըն է մանաւանդ:

Շնորհիւ ատոր կրցած է սիրով ուսումնասիրութեան առարկայ ընել գրական այլեւայլ սեռերու եւ տարբեր ժամանակներու պատկանող հեղինակներ, Նարեկացիէն ու Աշուղներէն մինչեւ Պարոնեան եւ Շիրվանզատէ: Իրեն համար պատիւ մըն է այս ուսումնասիրութեանց մէջ առաջնորդուած ըլլալը քննադատական նախագոյ երկերու (վասնզի իր ուսումնասիրած երկերը նախապէս քննուած էին այլոց կողմէ):

Պէրպէրեանէն վերջը, որ ինչ ինչ տեսակէտներով անհաւասարելի է, ոչ ոք ունեցած է արձակ մը այնքան ժուժկալօրէն ու վայելչապէս բանաստեղծական ընդլայնման այնչափ անսպառ կարողութեան մը հետ: Ոչ ոք, դարձեալ ունեցած է այնքան գիւտեր (թէպէտ ոչ շատ խորին, ոչ շատ սկզբնատիպ), այնչափ յստակ, բնական, հարուստ ու յղկեալ լեզուի մը մէջ: Նոյնիսկ Պէրպէրեան չունի յաճախ այն պարզ, դիւրին կերպը զոր ստեղծած է Չօպանեան: Պէրպէրեանի արձակը հանդիսաւոր պերճութիւն մը ու հանդիսաւորութիւն մը ունի միշտ: Չօպանեանինը մատչելի, ընտանի, համակրելի գեղեցկութիւն մը: Ընդհ. ողորկութեամբ մը, իւնի (միահարթ, հաւասար վայելչութիւն մը կը տիրէ Չօպանեանի ոճին մէջ), թէեւ բարձրօրէն, ազնուականօրէն ոճ մըն է այն:

Թերեւս հայերէնին գործածութեան մէջ Չօպանեանի դիւրութիւնն ունի նաեւ Ե. Օտեան, բայց ոչ անոր բանաստեղծական ճկունութիւնը: Ուրիշ որեւէ վարպետի գրականութեան մէջ հայերէնը յաճախ ունի դժնդակ կամ նեղիչ կողմեր: Սեթեան խորտուբորտ է, Մրմրեան աղջամղջային, Զ. Ասատուր կարճաշունչ, Զօհրապ թափթփած եւ ընդոստ, Զ. Եսայեան թափթփած եւ հոգեզուրկ, Միք. Կիւրճեան փարթամօրէն ճարտար, Կամսարական ծայրայեղօրէն հատընտիր, Պարթեւեան բուռն, եւլն.: Չօպանեան միայն հեշտալի կերպով դիւրասահ է յաճախ:

Թերեւս ուսումնասիրող (քննադատ) եւ հրապարակագիր, այսինքն իբրեւ գրական արժէքներու գնահատիչ ու ծանօթացուցիչ եւ ողջմիտ դատողութեանց եւ թելադրութեանց մարդ, Չօպանեան առաջնակարգ է մեր գրականութեան բարձրագոյն եւ օգտակարագոյն դէմքերուն մէջ, մասնաւորապէս արժանի է երախտագիտութեան իր կարողութիւնն ի սպաս դրած ըլլալով հայոց արժէքն ու վիճակը Ֆրանսայի (Եւրոպայի) ծանօթացնելու գործին, հետեւելով Շահնազարեանի, Չերազի եւ այլոց եւ մասամբ այդ ազգասիրական ու գրական գործը լաւագոյնս կատարելով:

Քերթուածները. Բուն բանաստեղծութիւնը չի թուիր իր բուն տարրը ըլլալ: Իր ոտանաւորները կը յատկանշուին ներդաշնակ ու սահուն, հեշտին տաղաչափութեամբ, բայց նաեւ յուզման եւ խանդի պակասով որ սովորական է անոնց մէջ: Երբեմն նկարագեղ պատկերներ անոնց մեծ հրապոյրը կը կազմեն (Չօպանեան ունի պզտիկ ոտանաւորներ որ մէյմէկ ջրաներկ կը թուին) եւ բաաստեղծական վիճակին եղկութիւնը կը ձգտին փոխարինել: Նորագոյն քերթուածներուն մէջ կը տիրէ մանաւանդ իրատեսութիւն…: Խորհողութիւն մը որ նոյն դերը կը կատարէ: