ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԹԻՒՆ
ՎԿԱՅՈՒԹԵԱՆՑ
1869ին
Լոնտոնի
Տրամասական
Ընկերութիւնը
(Dialectical
Soc.
)
իր
գիտական
յոյժ
կարեւոր
մարմնոյ
հեղինակութիւնն
ի
սպաս
դնելու
համար
ճշմարտութեան,
ընդդէմ
«ոգեկան
մտացածին
երեւոյթներու»
զոր
վերջնապէս
ոչնչացնել
կ’որոշէր՝
կազմեց
33
անդամներով
յանձնախումբ
մը
բաղկացած
Անգլիոյ
ամենամեծ
մտաւորականներէն,
ամենքն
ալ
Օրէնքի,
Դպրութեան,
Գիտութեան,
Եկեղեցւոյ
կամ
Արուեստի
մարդիկ,
որոց
մէջ
կային
Սըր
Ճոն
Լիւպպօք,
Հ.
Լիուիս
բնախօսը,
Ր.
Ուօլլէյս
եւ
Հըքսլի
բնապատումները,
Քրուքս
բնագէտը,
եւն.
եւն.:
«Տասնեւութ
ամսուան
փորձարկութիւններէ
եւ
ուսումնասիրութենէ
յետոյ,
կ’ըսէ
Լ.
Տընի,
յանձնախումբը
ճանչցաւ,
իր
տեղեկագրին
մէջ,
երեւոյթներուն
իրականութիւնն
ու
եզրակացուց
ի
նպաստ
Ոգեկանութեան»:
Եւ
այդ
տեղեկագիրը
կը
հաստատէր
հարուածներէն
ու
տեղափոխումներէն
շատ
աւելի
տպաւորիչ
երեւոյթներ՝
ինչպէս
երեւումներ
ձեռքերու
զոր
ներկայք
շօշափած
են
ու
բռնած,
–
երեւոյթներ
որ
«Ոգեկանութեան
Նիւթականացումներ»ու
գլխուն
կը
պատկանին,
ինչպէս
պիտի
տեսնենք
Ուօլլէյս
բնապատումը
«Հրաշքներն
եւ
արդի
Հոգեպաշտութիւնը»
խորագրով
իր
հռչակաւոր
գործին
մէջ,
զոր
հեղինակեց
վերոյիշեալ
յանձնախումբին
անդամակցելէ
յետոյ
անձնապէս
եւ
ընդ
երկար
փորձարկելէ
ետք,
ունի
հետեւեալ
տողերը
զոր
Լ.
Տընի
կ’արտագրէ.
«Երբ
ինքզինքս
տուի
այդ
խուզարկութիւններուն՝
հիմնապէս
նիւթապաշտ
էի
ես:
Մտքիս
մէջ
տեղ
չկար
ամենեւին
հոգեկան
գոյութեան
մը
գաղափարին
համար:
Իրողութիւնները
սակայն
յամառ
բաներ
են.
յաղթեցին
ինծի
եւ
ստիպեցին
զիս
ընդունիլ
զիրենք՝
իրենց
հոգեկան
բացատրութիւնն
ընդունելէս
շատ
առաջ.
իսկ
ասիկա՝
աստիճանաբար
եղաւ,
յարատեւ
ազդեցութեանը
տակ
յաջորդական
իրողութեանց
որ
ոչ
կրնային
մէկդի
դրուիլ
ոչ
ոլ
բացատրուիլ
ուրիշ
ո
եւ
է
կերպով»:
Կրնամ
այժմէն
ըսել
թէ
մեծանուն
գիտունին՝
Րըսսըլ
Ուօլլէյսի
այս
յայտարարութեան
յարեւնման
եղած
են
այն
խոստովանութիւնները
զոր
մեծամեծ
նիւթապաշտք
ըրած
են
իրենց
ի
հոգեպաշտութիւն
դարձին
առթիւ,
ոգեկան
երեւոյթներուն
ճշմարտութենէն
նուաճուած:
«Ոգեկանութիւնը,
կ’ըսէ
Ր.
Ուօլլէյս,
այնքան
լաւ
ապացուցուած
է
որքան
ձգողութեան
օրէնքը»:
Իրենց
խղճամիտ
փորձերով
եւ
անոնց
հետեւող
տեղեկագիրներով
կամ
գրքերով
նմանօրինակ
վկայութիւններ
ըրած
են
անգլիացի
թէ
անգլիախօս
գիտուններ
եւ
գիտնական
փորձարկուներ,
որոց
գլխաւորներն
են՝
գնդապետ
Օլքօդ,
որ
գրած
է
«Անդրաշխարհի
Ժողովուրդ»
հատորը.
Արմսդրօնկ
եւ
Րէյմըրս
որ
երեւումներ
կշռած
են
ի
Լիվըրբուլ.
Մեծին
Բրիտանիոյ
Համալսարաններէն
Բրոֆէսորներ՝
Սըր
Օլիվըր
Լոճ,
Պարրէդ,
Մայէրս,
եւն.
եւն.
վերջինը՝
Քէյմպրիճէն՝
ունի
հոյակապ
երկ
մը՝
«Մարդկային
Անձնաւորութիւնն
եւ
իր
Կեանքը՝
յետ
մարմնաւոր
Մահուան».
Քրոմուէլ
Վարլէյ,
Բրիտանական
հեռագրաց
գլխաւոր
շինագէտը
(ingռnieur),
որ
ուսումնասիրած
է
իր
կնոջը
մետիոմութեամբ
երեւան
եկած
իրողութիւնները.
Ա.
տը
Մորկան,
Լոնտոնի
Մաթեմաթիքական
Ընկերութեան
նախագահ,
որ
գրած
է
«Նիւթէն
ի
Հոգի»
հատորը.
Օքսֆորտի
Համալսարանին
բրոֆէսորներէն
Հ.
Սդէյնդըն
Մոզիս,
որ
երեք
գիրք
հրատարակած
է
–
«Ոգեկան
ինքնութիւն»,
«Ոգեգրութիւն»
(գրութիւն
ոգիի
ձեռամբ.
մին
ոգեկան
երեւոյթներէն),
եւ
«Հոգեպաշտ
ուսուցութիւնք».
Րոպըրթ
Տէյլ
Օուէն,
գրագէտ
եւ
գիտուն,
ներկայացուցիչ
Միաց.
Նահանգաց
ի
Նաբոլի,
հեղինակ՝
ի
մէջ
այլոց՝
մեծահամբաւ
երկի
մը՝
«Գայթմունք
ի
վերայ
Սահմանաց
մի
այլ
Աշխարհի».
Ճ.
Հիսլըբ,
հոգեբանութեան
ուսուցիչը
Նիւ-Եորքի
Քոլըմպիա
Համալսարանին,
Տքթ.
Հոտսըն,
Ուիլեըմ
Ճէյմս,
«մեր
ժամանակին
ամենամեծ
իմաստասէրն
ու
հոգեբանը»,
ըստ
ամերիկեան
թերթերու,
որ
անցեալները
մեռաւ,
եւ
որ
ոգեկան
երեւոյթներով
զբաղելէն
առաջ
իսկ՝
գիտութիւնն
ու
կրօնքը
հաշտեցնելու
մեծագոյն
եւ
յաջողագոյն
ձեռնարկն
ըրած
է
իր
հրատարակութիւններով.
Տօուսըն
Րոճըրս,
Սդ.
Մոզիսի
«Լոյս»
թերթին
մեծանուն
շարունակողն
եւ
Լոնտոնի
Հոգեպաշտներու
Դաշնակցութեան
նախագահն,
եւ
դեռ
շատերը:
Այս
նշանաւոր
մարդոցմէն
ոմանք՝
Տքթ.
Հոտսըն,
Սդ.
Մոզիս,
Մայէրս,
ինչպէս
եւ
Կըրնէյ
(որ
Ժանէի
հետ
իր
փորձերուն
մէջ
թելադրութեան
կամ
ինքնաթելադրութեան
վերագրած
էր
մետիոմներու
ձեռքով
եւ
ոգեկան
ազդեցութեամբ
յառաջ
եկած
գրութիւնները)
իրենց
մահէն
վերջը
զանազան
ակումբներու
մէջ
եկած
են
իրենց
յետմահու
կեանքն
ապացուցանելու:
Բայց
անգլիերէն
յոյժ
բազմաթիւ
հրատարակութեանց
մէջ
կարեւորագոյնն
է
«
ուզարկութիւնք
Ոգեկանութեան
մասին»,
գործ
Սըր
Ուիլեըմ
Քրուքսի:
Հա՞րկ
է
միթէ
մեր
գիտնականներուն
եւ
յանուն
Մեքենագիտութեան,
Բնագիտութեան
կամ
Քիմիայի
խօսող
մեր
նիւթապաշտներուն
ծանօթացնել
աշխարհի
ամենամեծ
գիտունը:
Իր
գիւտերէն
որ
եւ
իցէ
մէկը,
իբր
քաղաքակրթութեան
կամ
գիտութեան
մատուցուած
ծառայութիւն,
պիտի
բաւէր
հեղինակը
պատմական
դարձնելու:
Ինքն
է
որ
հեռադէտին
կարողութիւնը
բարձրացուց
եւ
օգտակարագոյն
գործեց՝
երկնային
մարմինները
լուսանկարելով
զառաջինն.
ինքն
է
որ
գտաւ
Thallium
մետաղը՝
զոր
համեմատաբար
առատօրէն
պարունակող
բնական
մարմինը
կոչուեցաւ
Crookռite.
«Չկայ,
կ’ըսէ
Լ.
Տընի,
գիտութիւն
մը
որ
գիւտ
մը
կամ
յառաջդիմութիւն
մը
չպարտի
այս
խորաթափանց
մտքին»:
Անգլիոյ
Գիտ.
Ակադեմիին՝
այսինքն
Արքայական
Ընկերութեան
այս
հոյակապ
անդամին
կարեւորագոյն
գիւտն
է
նիւթին
չորրորդ
վիճակը,
ճաճանչող
վիճակ,
զոր
ի
յայտ
բերաւ
իր
ապակեայ
պարզուկ
այլ
հրաշալի
անօթին
մէջ,
Tube
de
Crookes,
աղբիւր
վայրոտնական
ճառագայթներուն
(r.
cath.
)
որ
այդ
վիճակն
իսկ
են,
եւ
Ռէօնթկէնեան
ճառագայթներուն,
ինչպէս
այն
բոլոր
անակնկալ
լոյսերուն
զոր
խորհրդաւոր
անօթը
սփռեց
գիտնոց
իմացականութեան
մէջ,
պատճառ
ըլլալով
որ
Ուրանիոմի
ճաճանչական
յատկութիւնք
երեւան
գային
եւ
Ռատիոմը
գտնուէր:
Ինքն
է
դարձեալ
որ
այդ
նորանշան
մետաղին
մէկ
մասնիկով
կատարեց
այն
փորձը
ուր
մարդ
հանդիսատես
կ’ըլլայ,
կարելի
է
ըսել,
հիւլէներու
կամ
անոնց
կոտորակներուն…:
Գիտական
աշխարհի
մէջ
իր
ունեցած
հեղինակութեան
ահագին
կշիռը
պատճառ
եղաւ
որ
ժխտող
գիտուններ
կամ
զանազան
թերեհաւատներ
ուրախանային
ի
լուր
այն
փորձերուն
որոց
ձեռնարկեց
Քրուքս՝
ոգեկան
երեւոյթները
քննելու
եւ
իր
կարծիքն
արձակելու
համար.
այո՛,
արձակելու.
վասն
զի
վճիռի
արժէքը
պիտի
ունենար
այն:
Նիւթապաշտներուն
ու
անոնց
առաջնորդ
մեծահատոր
աշխատութեանց
հեղինակներուն
անդորրը
խռովող
այդ
իրողութիւններուն
բոլոր
սուտը
վերջապէս
պիտի
ցնդէր
հալածական:
Ո՛րչափ
մեծ
եղաւ
ապշութիւնն
երբ
մեծ
գիտունն
իր
փորձերուն
արդիւնքը
ծանոյց,
երբ
իր
գործադրած
բոլոր
հանճարեղ
ու
դրապաշտ
միջոցներուն
յառաջ
բերած
անմերժելի
եզրակացութիւնն
յայտնեց
հանդարտօրէն
եւ
պարզապէս
եզրակացուց.
«Ոգեկանութիւնն
ապացուցուած
է
գիտականապէս»: