Յօդուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՍԵՒ ԾՈՎ, ԱՅՎԱԶՈՎՍՔԻ, ԱՍՏՈՒԱԾ

Այվազովսքին մեռեր է: Ահա աներեւակայելի բան մը: Միթէ ջնջո՞ւմ մըն է հզօր ծերունիին մահը, միթէ այն վախճաններէն չէ՞ աս, որ սուգի տեղ զմայլում մը կը ծնին: Հիմա մեռած է կ’ըսեն, որո՞ւ հոգ. քանի որ ահագին կենդանութիւն մը ունեցաւ, քանի որ մարդ անոր կեանքովը նախապաշարուած է անգամ մը: Բացարձակապէս կ’ապրէր կոր անիկա, բիւրապատիկ կեանքերու միաձոյլ կենդանութեամբը: Իր ամբողջ անձը կորովին ձեւաւորումն էր. վարդագոյն, լուսաւոր. կը զգայիր իր անձն ի վեր նայելով, իր թաթէն մինչեւ իր գլուխը՝ թէ խաղաղ ու գերագոյն ոյժ մըն էր: Կը զգայիր թէ իր խաժ ոլորտին մէջն էր, կանգուն, հոյակապ՝ ինքնին կ’ըսէիր, գրեթէ արցունքով մը, թէ Ծովապետն է, կ’ըսէիր թէ անշուշտ իր աչքին առջեւ հորիզոններ կային միշտ. յաւերժապէս հեռացած. գոլորշիներու մէջ եթերացած լեռներ. թէ անընդհատ կը տեսնէր ճերմակ ամպերու ամբարձումը կապոյտին մէջ. մրրկալի իրիկուններու մէջ բռնկած ամպերու ամեհի թռիչը. իր աչքին առջեւէն երկնային ժպիտներու հոյլեր, ծովային ծիծաղներու վոհմակներ կը թռչէին. անշուշտ, իր նայուածքին առջեւ, վարը, ամայութիւններու մէջ յաւիտենական ծով մը կը տապալէր: Անբաւութեան բոլոր լուսատարր հոսանուտութիւնները իր կոչող տեսողութեան շառաւիղին հանդէպ կը լուսաւորուէին, անհունին տեսիլները զմայլումով կը շնչէր, ու կ’իւրակերտէր զանոնք երանութեամբ: Գիտէր զանոնք վասնզի կը սիրէր զանոնք. քանի որ ոչ թէ իր արուեստագէտի նիւթերը՝ այլ իր մարդու տարրերն էին անոնք, քանի որ անեզրութեան շարժումէն ու լոյսէն տարրուած էր ինքը. այսինքն անեզրութեան ենթակայական զուարթութենէն, զոր կ’առարկայացունէր իր գիտակցական էակի զուարթութեամբը տիեզերքին վայրենութիւնը ժպտեցնելով: Քանի որ ամեն գեղարուեստական երկ համապատասխան իրականութեան քննադատութիւնն է ըստ արուեստագէտին՝ ինքը՝ երանգներու ու գիծերու երջանկութեամբ մը բնութիւնը կը վերստեղծէր: Իրմէն ուրիշ բան չէր յաւելուր այլ քաղցրութիւն, ժպիտ, լոյս: Ահեղ նիւթերուն մէջ չես գիտեր ինչ անշօշափելի երանգ կը դնէր. ինչ անուշութիւն, որ ատիկա կը թուէր երկինքին երանութիւնը, լեռներուն խաղաղութիւնը, ամպերուն, թռչուններուն հրճուանքը. ծովուն զուարթութիւնը ըլլալ, կարող բաներուն ուրախութիւնը ըլլալ որովհետեւ իր հսկայի ուրախութիւնն էր ան. իր տեսիլներուն տէրը եղած ըլլալու, եւ աւելի քան ատիկա՝ զանոնք խմած, իւրացուցած ըլլալու, զանոնք ներկազմած (élaboré) ու արտադրած ըլլալու ժպիտը: Իր մէջը, անընդհատ՝ ծածկայուն (latent) ծով մը կ’ուռէր: Կարողութեան ինքնարբեցումը, անձնական ու տիեզերական ըմբռնումին ուրախութիւնը ունէր. աստուածային լաւատեսութեամբ մը կը թուէր անհունը քաղցրախառնել: Անփոփոխելի տարրին անհաւասարելի երեւակայողը, անրջաստեղծողը եղաւ, որովհետեւ իր գիծերուն, գոյներուն, ոգիին զուարթութեամբը բնութեան մռայլը բարեխառնեց եւ ստեղծագործութեան լաւատեսութիւնը պատմեց: Իր ծովը՝ թարշիշի, զմրուխտի, բիւրեղի լոյսեր ունէր. մեղեսիկի անբացատրելի քաղցրութիւններ. ծովուն մէջ ծիածան կը խառնէր: (*) Երկինքով ու անդրաշխարհով լեցուն յոյզ մըն էր իր ալիքը. իր խարակները շքեղ վայրենութեամբ մը կ’ամբարտակուէին. իր տարմորորներուն ճերմակ թռիչը վճիտ ցնորակոծում մըն էր. իր հորիզոններուն ամայութիւններէն անդին Աստուած կար, իր ամպերը փառաբանութիւններ էին. իր նաւաբեկութեանց մէջ զարհուրելի երանութիւն մը կը խորդար: Թոյլ կու տար նաւերուն՝ առագաստալիր սահիլ ջուրերուն վրայ. կամ նաւերը կ’ընկղմէր ահարկու փոթորիկներու մէջ, որովհետեւ անոնց շքեղ երթը կամ ծովամոյն ընկլուզումը գեղեցիկ էին: Կ’ուզէր որ զմրուխտէ ալիքի մը վրայ անվեհեր մարդիկ թիավարէին, ապահով, կամ կ’ուզէր որ խեղդուէին անոնք. նաւակնին ալ ժայռերուն վրայ ջախջախուէր: Բայց իր հանճարը հաւասարապէս բարի էր. որովհետեւ այդ մարդիկը անմահ էին, իր մէջը յղացուած, հոն սառչած՝ իրենց վայրկեանին մէջ. ինչպէս Աստուած բարի է. քանի որ էակները, կեանքի մը վայրկեանին մէջ արտաքնուած՝ անմահ են Աստուծոյ մէջ: Իր երկերը անեզրութեան տօնն էին. վասնզի պէտք էր ըսել աշխարհին թէ ամեն վայրկեան անհունին տօնը կայ միայն: Այնքան նոյն էր ծովին հետ՝ որ ազատ էր անոր մէջ, անոր վերեւը. եւ անոր պէս: Իր վրձինը, ամենակարող, անփոյթ, աստուածային էր ինչպէս Պոսիդոնին երեքժանին: Իր հոգին ծփանուտ անեզրութեանց մէկ իսկացումն էր. իր էութեանը ամենէն եթերային բանը ծովային բան մըն էր. Սեւ Ծովը իր մէկ արցունքն էր:

Մեռաւ: Թող Սեւ Ծովին մէջ թաղեն զինքը: Թող հիմա իւրացումը փոխադարձ եւ ամբողջ ըլլայ: Թող իր մարմինը տանին Սեւ Ծովուն բացերը Ղրիմի ժայռերէն տեսնուած հորիզոններուն մէջ, եւ հոն ծովը ձգեն զայն: Իր մկրտութեան, օծման աւազանը թող իր գերեզմանը ըլլայ: Անկումին, վերադարձին ճողփիւնը թող երկարաձգուի, թող վայրենանայ, իտէանայ անհուն ջուրերուն ձայնին մէջ, առ յաւէտ, ինչպէս Սեւ Ծովուն տեսիլը իր հոգիին մէջ իսկացած, բիւրեղացած էր, իր կեանքին մէջէն անցնելով մինչեւ իր պաստառներուն անկորնչելի ու անմատոյց հորիզոնները: Սեւ Ծովը իր շիրիմը, յիշատակարանը, յաւիտենութիւնը թող ըլլայ. որովհետեւ իր ներշնչումը, կեանքը, անմահութիւնը ան եղաւ: Սեւ Ծովը իր հոյակապ խաղաղութիւնը անոր պատանք ընէ թող, իր ջուրերուն մրրիկը թող ծիրանի ընէ անոր: Ծովուն գաղափարն էր. թող ընկղմի հոն ուրկէ հիաստեղծուեր էր: Ծովը եւ անոր իմաստութիւնը թող ձուլուին. եւ զԱստուած պատմելու համար անոնց յօրինած անդունդէն յաւերժապէս թող բարձրանայ ջուրերուն աղաղակին բուրգը:

8-20-1900 Իւսկիւտար

------------------
(*) Հոս, ինչպէս կարծեմ գրուածքին ինչ ինչ կէտերուն մէջ ալ, ես քանի մը խօսքեր ալ գրած էի «Մասիս»ին brouillonին մաքուրը առած ատենս. հիմա մոռցած եմ զանոնք. brouillonիս մէջ չկան: Այվազովսքիին ներկերուն մասին գրուած էին, Տ. Չ.: