Յօդուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ի՞ՆՉ ԿԸ ՊԱՏՄԷ ՀԱՅՈՑ ԱՅԲՈՒԲԷՆՆ

Ա.

Եթէ անհատները սեփական յատկութիւններ, ուրոյն յատկանիշեր ունին, ուստի եւ դեր մը զոր կոչուած են կատարել, իւրաքանչիւր ազգ ալ, որ ունի իր յատկանիշերը, կոչուած է դեր մը կատարել աշխարհի բեմին վրայ: Ազգերն ալ անհատներ են:

Անհատներն աշխարհի վրայ գոյութեան իրաւունք ունին այն չափով որով որոշ դերի մը ձգտող սեփական հանգամանքներ ունին, եւ գոյութեան իրաւունք ունին պատմութեան մէջ այն չափով որով իրենց յատուկ դերը կատարած են հաւատարմօրէն: Այսպէս են եւ ազգերը: Աշխարհի վրայ իրենց ուրոյն գոյութիւնը կը բացատրուի իրենց սեփական դերով, որուն համար ունին իրենք իրենց յատուկ դրոշմը, եւ պատմութեան մէջ իրենց գոյութիւնը կ’արդարանայ անով որ այդ դերը կատարած են անոնք: Անհատականութիւնը պայման է ճշմարիտ գոյութեան, եւ պայման՝ աշխարհի տարեգրոց մէջ արձանագրուելու անեղծանելի գիրերով, եւ բարձրագոյն անհատականութիւնը՝ ոսկետառ, ինչպէս Սրբոյն Սահակայ տեսլեան մագաղաթին վրայ:

Ուրոյն յատկանիշեր եւ սեփական դեր ունենալը չի վնասեր համերաշխութեան. անհատականութիւնը չ’եղծաներ եղբայրութիւնը, վասն զի եսականութիւն չէ: Պիտի սխալէին անոնք որ այդ երկու բաները շփոթէին:

Եսականութիւնը մարդկային հոգւոյն բոլոր բարձրագոյն հակումներուն տկարացմամբ ու գօսացմամբ, տարամերժ տարապայման աճումն է անձնական ախորժակներուն, որոնց առարկան է սա միակ մարմինը: Որպիսի՜ նուազում ճշմարիտ կենսականութեան: Եսականութիւնն զմեզ կը փակէ մարդկութեան դէմ. ընդհանուրին, տիեզերականին դէմ: Որջացում մըն է ընդդէմ ճշմարտութեան լոյսին: Մահուան սկզբունք մըն է այն:

Անհատականութիւնն այսպէս չէ՜: Անհատականութիւնն էապէս ո՛չ այլ ինչ բայց եթէ մարդկային բարձրագոյն հակումներուն հետ մէկտեղ ունենալն է որոշ գործի մը, որոշ ծառայութեան մը որոշ դերի մը համեմատ կազմակերպուած սեփական կարողութիւններ, եւ ունենալն է ատոր հաստատուն գիտակցութիւնը, ինչպէս Դելփեան տաճարին սկզբունքը կը հրամայէր. Ծանիր զքեզ:

Անհատականութիւնն ուրեմն ճշմարիտ օգտակարութեան հնարաւորութիւնն է. ներդաշնակութիւն մը, ուստի լիութիւն մըն է կարողութիւններու. կենդանութիւնն իսկ է. աղբիւր է կենաց եւ աղբիւր բարեաց: Եւ գերագոյն Տնտեսագիտութիւն մը աշխարհի ապագային համար կատարելի աշխատութիւնը բաշխած է անհատականութեանց: Յարգանքի արժանի է այն մարդը կամ ազգը որ անհատականութիւն մը ունի. վասնզի դեր մը, կոչում մը ունի այն: Արդ, ի՞նչ են ազգի մը անհատականութիւնը կազմող սեփական տարրերն ուստի եւ անոր գոյութեան եւ պատուոյ իրաւանց նշանները: Ահաւասիկ, համառօտիւ. գլխաւորաբար իր նկարագիրը, իր տաղանդները, իր լեզուն եւ իր գիրը: Այս տարրերէն մին արժանի է այսօր մասնաւոր ուշադրութեան: Գիրն է այդ: Կրնայ մինչեւ իսկ ըսուիլ թէ ազգային բան մը կայ անոր գծագրութեան մէջ:

Դիտեցէք գլխաւոր այբուբէնները: Առէք լատին այբուբէնը զոր հռոմէական կայսրութեան ժառանգորդ ազգերը իւրացուցին: Ի՞նչ կը տեսնէք: Այդ այբուբէնին մէջ եւ մանաւանդ անոր գլխագիր տառերուն՝ յստակութիւն, սկզբունք, օրէնք, discipline մը կայ: Նկատեցէք յոյն տառերը, մանաւանդ իրենց բոլորգիր ձեւին մէջ, ուր կոր ու ճկուն գիծեր ու շեշտեր կան միայն. զբօսանք, երիտասարդութիւն, շնորհ, սեթեւեթ, սոփեստութիւն: Տեսէք արաբ սիւլիւսը. քմայքներով ու կիրքերով վարուող ու արշաւող զօրութիւն որ հաստատ նիստ մը չունի. մեծվայելչութիւն՝ զուրկ յստակութենէ, ուստի եւ օրէնքէ: Նայեցէք ռուս այբուբէնին. հոն՝ հռոմէական ոյժն է, զարդարուած բիւզանդական հանդիսաւոր պճինքով: Տեսէք գերման-գոթական այբուբէնին մանր ձեւին մէջ՝ սպառազէն, սայրասուր, քստմնած, աննուաճելի, անխափանելի ոյժը, եւ խրոխտ ու սկզբնատիպ ոգին:

Եւ ուշադրութեան առէք Հայոց այբուբէնը, զոր գործածեցին գրաբար լեզուի Հայ մատենագիրք, ընդհանրապէս վարդապետք Հայ Եկեղեցւոյ: Երեսունուվեց գլխագիրերուն մեծամասնութիւնը հաստատապէս կորագլո՜ւխ է. ամուր խոնարհամտութիւն, հաւատարիմ հպատակութիւն կարծես գերագոյն Տէրութեան մը կամքին: Բայց նոյն ատեն այդ այբուբէնը մեծ, գրեթէ բացարձակ սկզբնատպութեամբ մը աննման է ո՛ եւ է ալփաբետքի, եւ գրեթէ չկայ հոն տառ մը որ ճշդիւ համապատասխանէ հնդեւրոպական ուրիշ լեզուներու ո՛ եւ է տառին: Մեսրոպի, մեր այբուբէնին վրայ կը խօսիմ:

Բայց ազգի մը անհատականութիւնը կազմող սեփական տարրերուն մէջ եթէ կայ բան մը որ մնացեալին հաստատութեան ու տեւականութեան ծառայելու մասնաւոր յատկութիւնն ալ ունի, գիրն է այն: Գիրը, իր այլազան խմբումներով մտածութիւնը թանձրացնող, զայն կարծես կերպարանաւորող բանը, գիրն ինքն է որ գրականութեան մը մէջ կը պահէ եւ կ’աւանդէ պատմութիւնը, ուստի եւ կը պահպանէ ու կ’ուսուցանէ ազգ. նկարագրին ու կարողութեանց բարձրագոյն ու տեւելու արժանի արտայայտութիւնները: Գիրն է որ աւելի տեւական քան նիւթեղէն ո եւ է ձեռակերտ, կը ճառէ ազգին այլեւայլ տաղանդներուն ու երկերուն վրայ, եւ անոնց հետեւողութիւնը կարելի կ’ընէ: Գիրն է որ կը հաստատէ լեզուն, եւ եղծումէն ու կորուստէն զայն կը փրկէ:

Ուրեմն գիրը կը պահպանէ ազգին անհատականութիւնն, ազգին ուրոյն գոյութիւնն, ազգին իբր ազգ կեանքը: Գիտէ՜ք թէ մեռեալ ընդհողեալ ազգերը կարծես կը յառնե՛ն երբ անոնց գիրերը կը կարդացուին Շանբոլիոններու կողմէ: Գիրը միջոց մ’է յաւերժացման:

Աւասիկ ինչո՛ւ շնորհապարտ ենք Անոր որ իր ազգին՝ այբուբէն մը եւ այդ ազգի՛ն այբուբէնը տուաւ: Իմաստունն Մեսրոպ, իր ներշնչեալ տառերով, աւարտեց ամբողջացուց Հայ անհատականութիւնն եւ անով ազգին գոյութեան իրաւունքն ու տեւականութիւնն ապահովեց:

Ո՛չ Արտաշէսեան հարստութեան Հայոց Կարքեդոն կոչուած Արտաշատին, ոչ Արշակունեաց Վաղարշապատին, ոչ իսկ Բագրատունեաց Անիին պարիսպները կրցան պատսպարել Հայութիւնը՝ չնչման ու կորուստին դէմ. հապա Ս. Մեսրոպի Այբբէնգիմը: Սամոսատի մէջ, սուրբին տքնութեան պահուն ծագած հռչակաւոր տեսիլքին Աջը վէմի վրայ կը գրէր Հայ տառերը, այսինքն պարզապէս կը տողէր այն յուռութքը զոր Մայրն Հայաստան իր լանջին վրայ պահելով պիտի փրկուէր կորուստէ:

Արդ, եթէ անհատականութիւնը միջոցն է որոշ դեր մը կատարելու եւ եթէ, մասնաւորապէս մեր մէջ, այբուբէնն ազգին անհատականութեան գլխաւոր տարրերէն մին հանդիսացաւ, ուրեմն այդ այբուբէնը պարտէր համաձայն ըլլալ եւ ծառայել այն դերին որ աշխարհի ազգաց մէջ վերապահուած էր Հայոց:

Մեր ուշադրութիւնը քիչ մը աւելի երկարօրէն ուղղենք Հայ տառերուն. եւ պահ մը, տարբեր տեսակէտէ մը, հաճինք շատերնիս զանոնք ուսանի՜լ, ինչպէս պիտի ընէինք 1. 500 տարի առաջ:

Նկատենք բաղաձայն հնչիւնները: Ձայնաւորներով աղքատ կոչած են մեր լեզուն. պարտէին ըսել մանաւանդ՝ բաղաձայններով հարուստ: Վասն զի մեր ձայնաւորները աւելի քիչ չեն թուով քան այդպիսի մեղադրանքէ մը զերծ լեզուներն, ինչպէս իտալերէնը. բայց մեր լեզուն կը վայելէ մասնաւոր առատութիւն մը բաղաձայններու: Շուրջմիջերկրականեայ ազգերուն մէջ չկայ պատմական կարեւորութիւն ունեցող ժողովուրդ մը որուն բաղաձայնք այնչափ այլազան ու բազմաթիւ ըլլան որքան մեր այբուբէնին մէջ:

Եւ ասիկա անօգուտ պերճանք մը, ուստի խճողում մը չէ. վասն զի չունինք բաղաձայն մը որ ուրիշ Հայ բաղաձայնի մը հետ նոյն հնչիւնն ունենայ: Արեւելեան գաւառաց աւանդապահ լեռներուն մէջ դեռ անայլայլ կը հնչեն Հայաստանեայց բնիկ ձայները, որոնց իւրաքանչիւրն իր յատուկ տառն ունի այբուբէնին մէջ: Զոր օրինակ Մեսրոպի հայրենակիցք որոշապէս կը զատեն ցո տառին հնչիւնը ձա տառին հնչիւնէն. չա տառին ձայնը ջէ տառին ձայնէն:

Ծանօթ է ամենուն որ մեր բաղաձայններուն բազմութեան մէջ 15 հնչիւններ կան որոնցմէ առաջին հինգը թաւ հնչիւններ են. եւ վերջին հինգը նոյն հնչիւններուն նուրբ կամ լաւ եւս կարծր տեսակներն են, եւ երկրորդ հինգը միջակ տեսակներն են նոյն հնչիւններուն:

Թաւ հնչիւն ունեցող տառերն են.

փ. ք. թ. ց. եւ չ:

Միջակ հնչիւն ունեցողներն են.

բ. գ. դ. ձ. եւ ջ:

Կարծր հնչիւն ունեցողներն են.

պ. կ. տ. ծ. եւ ճ:

Մենք, դպրոցական պոլսահայքս թաւերն ու միջակները նոյնացուցած ենք իրարու հետ, ինչպէս թաւ փ. ը՝ միջակ բ. ին հետ, թաւ թ. ն միջակ դ. ին հետ: Պոլսահայ աշակերտք այդ հնչիւնները չեն գրեր առանց տառասխալի: Եւ անուս պոլսահայք ալ յաճախ միջակներուն տեղ կը դնեն կարծրերը, ինչպէս միջակ գ. ին տեղ կարծր կ. ը, միջակ ջ. ին տեղ կարծր ճ. ն. եւ կ’ըսեն կիր կրել. յայտնի չէ թէ գրողներուն ծանօթ գործի՞ն կ’ակնարկեն թէ բանուորին աշխատութեան: Եւ մերթ կարծրերուն տեղ կը դնեն թաւերը. ինչպէս պ. ին տեղ բ. ը, եւ տուն, ծառ ըսելու տեղ կ’ըսեն թուն, ցառ, թուրքերուն պէս որ իրենց վիշնէն ըրած են ֆիշնէ, կամ տէսթի բառը թէստի: Նմանօրինակ շփոթութիւններ ռուսահայք ալ կ’ընեն:

Սակայն մեր արեւելեան գաւառներու, մասնաւորապէս Տարօնի, Վասպուրականի, Բարձր Հայքի ժողովուրդը հարազատ եւ անշփոթ կերպով կը զատէ երեք աստիճաններն իրարմէ. եւ բնիկ ուսուցիչք այնտեղ ոչ քննութիւնը գիմով կը տեսնեն գրուած իրենց աշակերտներէն՝, ո՛չ երթալը դայով, ոչ թռչունը ջէով:

Մեր մէջէն ոմանց զգալի ընելու համար թաւ, միջակ եւ կարծր հնչիւններուն տարբերութիւնները, պիտի արտասանեմ խումբ խումբ նման բառեր. վասն զի արեւելեան Փոքր Հայքէն էին ծնողքս եւ մեր տան բարեկամներէն ոմանք:

Փուտ. Բուտ (սնունդ). Պուտ. Քամ. Գամ. Կամ. Թող. Դող. Տող. Ծախ. Ձախ. Ցախ (բոյս մը). Չին. Ջին (ճպոտ). Ճին:

Ազգային հնիւններուն այս պահպանումը Հայաստանի կեդրոնը, արդիւնք է անոր որ հոն ժողովուրդը սերտ յարաբերութիւն ունեցած չէ օտարներու հետ, մինչ ի Կովկաս, եւ մանաւանդ Պոլսոյ մէջ ու շրջակայքը մերայնոց յարաբերութիւններն եղած են շատ սերտ ու մնայուն, այն օտար ազգերուն հետ որ չունին նոյն հնչիւններն. եւ ճիշտ այս պատճառաւ է որ, ինչպէս դիտել կուտայ Գաբրիէլ եպիսկ. Այվազովսկի, ո՛չ թէ բոլոր Հայք առհասարակ, այլ արեւմտեան Հայերս ենք որ կարող ենք օտար լեզուներն արտասանել անոնց տէրերուն չափ հարազատօրէն, մինչ Հայաստանեայց լեզուն տարօրինապէս անատակ է եւրոպական ո՛ր եւ է բարբառ ճիշդ լսելու եւ ճիշդ արտասանելու, թէեւ իրենցմէ ո՛ր եւ է մէկը շատ աւելի նուրբ ականջ ու կիրթ լեզու ունի՝ հայ հնչիւններուն համար: Իմ անուս (եւ անուշ) մայրս պահած էր հոս Պոլսոյ մէջ իր հայրենի արտասանութիւնը, եւ երբ օր մը կ’ըսէինք թէ գայլին քէլ կ’ըսեն իրենք, «Քէլ չէ, ըսաւ, գէլ, գէլ: »

Որովհետեւ հինգ միջակները կը մնան Հայաստանի մէջ, եւ հոնկէ դուրս ենթակայ են կորսուելու, կը հետեւի թէ այդ բ. գ. դ. ձ. եւ ջ. տառերուն ձայներն են զուտ հայկական հնչիւններ: Միւսները կրնան ուրիշ ալփաբետներու մէջ գտնուիլ: Բայց մենք դեռ ուրիշ բաղաձայններ ալ ունինք. եւ ոչ մէկ ալփաբետք միասին ունի Հայոց այբուբէնին բոլոր բաղաձայն հնչիւնները՝ 29ը կամ 30ը մէկանց:

Ի՞նչ է ձայներու այս մեծ եւ իսկատիպ այլազանութիւնը հայերէնին մէջ:

Հոս է որ կ’ուզէի գալ, ցոյց տալու համար թէ մեր այբուբէնն ի՛նչ կերպով համաձայն էր այն դերին որ վերապահուած էր ազգութեան:

Բ.

Ճշմարտապէս քաղաքական կեանք մը ապրող միւս ժողովուրդները, սկսեալ Փիւնիկեցիներէն մինչեւ այսօրուան զոր օրինակ եւրոպական ազգերը, իրենց այբուբէնին մէջ ունին սակաւաթիւ եւ ընդհանրապէս դիւրաւ արտասանելի հնչիւններ: Ռուսական ալփաբետքը՝ Քիրիլլիցան է միայն որ 34 տառ ունի, բայց զուրկ է ձայներու իրական այլազանութենէ կամ անկախութենէ: Այդ ալփաբետներն ու լեզուներն առաւել կամ նուազ ունին անհրաժեշտ դիւրաշարժ թեթեւութիւնն ընկերային արտաքին յարաբերութեանց, նաեւ գաղափարական ներքին յարաբերութեանց համար:

Հայ հնչիւններն եւ անոնցմով կազմուած Հայ լեզուն կը թուին սահմանուած չըլլալ քաղաքական կեանքի. ո՛չ առեւտրական հաղորդակցութեան, ո՛չ աշխարհիկ կապերու, ո՛չ դիւանագիտական բանակցութեանց, ո՛չ վարչական ագոյցներու, ո՛չ իսկ իմաստասիրական՝ գաղափարական առընչութեանց:

Հայ հնչիւններն՝ Հայ լեզուն՝ կոչումն ունին հաւատարմօրէն ներկայացնելու հզօրադրոշմ իրականութիւններ: Թանձրացեալ, կենդանի, երփնազան իրականութիւնները դիւթիչ այսրին եւ յափշտակիչ անդրին: Մեծազօր բնութիւնն եւ ամենազօր գերբնականը: Բիրտ ոյժերն ու Նախախնամութիւնը: Դրախտին հեշտալի հովանիներն ու անդունդին խորխորատները, ինչպէս արքայութեան լոյսն ու դժոխքին աղջամղջին բոցը: Հայրենիքին բիւրաշնորհ գեղեցկութիւններն եւ արդարոց օթեւանին անճառելի մեծվայելչութիւնները: Տարրերն ու գազաններն ու բռնակալները, ու հայրապետներն ու երկնային զօրքերն ու աստուածային Փրկիչը: Աղաղակող պաղատող տառապանքն ու յուսահառաչ աստուածպաշտութիւնը: Կիրքերուն խանչող մոլեգնութիւնն, ու աղօթքին օրհնաւաչ ամբարձումը. խաւարամած ամօթապարտ մեղքն, արտասուայեղց զղջումն ու պաղպաջուն լուսածիծաղ անարատութիւնը: Աղէտներն ու պատուհասները, եւ սքանչելիքներն ու հրաշքները: Վրայ հասնող ամպրոպալի կործանիչ խուժումներու եւ մրրկաթեւ անցաւոր փառքերու տեսարանն՝ անդուլ վերսկսող, եւ բաղձանքն ու հետապնդումը բեղմնաւոր բարեպտուղ անդորրին: Աշխարհի փոթորկալի դիմայեղումներն ու վերիվայրումներն եւ առաւօտագեղ երանափառ խաղաղութիւնն անմահութեան: Փճացումներու յարանորոգ պատկերն եւ յաւերժութեան մշտավառ երազը: Յաւիտենական մահէն փրկութեան մը հարկն որ կ’արտայայտուի դժնդակագոյն պատմութեամբ, եւ այդ փրկութեան կարօտն ու հաւաստիքը որ կ’արտայայտուի կրօնքով:

Հայ տառերու ձայնական հարստութիւնն ուստի եւ Հայ լեզուին զգացական եւ արտայայտական զօրութիւնն համաձայն են այն դերին, որուն կոչուած է ազգը: Եւ այդ դերն է՝ ազգին հարազատագոյն ու գերագոյն ներկայացուցիչներով իրագործուած՝ ներկայացնել եւ ապրիլ եւ արդիւնաւորել մեծամեծ զգացումները. աղաղակող ու խուճապող զարհուրանքը. եւ հեզապարանոց վիշտը որ կ’աղերսէ. ծնրադիր սքանչացումն ու ձեռնամած յափշտակութիւնը. համարձակութիւնը որ ճակատաբաց կը ներկայանայ. քաջութիւնը որ կը սլանայ. արիութիւնը որ կ’ընդունի եւ կը տոկայ ու կը դիմադրէ. համբերութիւնը որ կը հանդուրժէ. համակերպութիւնը որ կը խոնարհի. կարեկցութիւնն որ կը դարմանէ, կը խնամէ, կը հասնի. սէրը որ կը նուիրէ, կը ծնանի՜. հաւատքը որ կը հրաշագործէ:

Այդ դերն է՝ բիւրազան զօրեղատիպ իրաց եւ իրողութեանց մէջ իբրեւ խորհրդանշաբար յայտնուող տիրական ճշմարտութեան հետ սրտագին յարաբերութիւն մը, հաստատ ու խանդավառ, մինչեւ անձնուէր հաւատարմութիւն, մինչեւ հնարաւորութիւնը զոհման եւ նահատակման:

Հայ ազգին դերն է եղած կրել եւ պաշտել:

Մէն մի ցեղ, մէն մի ազգ, յանգէտս, աստուածային յատկութիւն մը ունի իրեն վարիչ սկզբունք, իրեն ոգի, իրեն տեսլական, թէեւ այդ ոգին յաճախ աւելի կամ նուազ եղծ եւ անմաքուր: Կրնայ ըսուիլ թէ Անգլիոյ տեսլականն է տիրութիւնն ու ազատութիւնը: Ֆրանսայինը՝ գեղեցկութիւնն ու բարութիւնը: Գերման ազգինն է դրութիւնն ու կազմակերպութիւնը: Իտալիայինն է ներդաշնակութիւնը, Սպանիայինը՝ քաջութիւնն ու յանդգնութիւնը, ռուսերունը՝ զօրութիւնը: Յունացն էր կենդանութիւնը. Ետրուրացւոցն էր խորհուրդը, Հռոմայեցւոցն էր ամենակալութիւնը, Պարսիցն էր փարթամութիւնը, Ասորեստանինն էր անողոք վրէժխնդրութիւնը, Բաբելացւոցն էր գիտութիւնը, Եգիպտոսինը՝ յաւիտենութիւնը, Հրէիցն էր եւ է միշտ միութիւնը, Հնդկաստանինն էր նուիրապետութիւնն (Hiռrarchie), Արաբներունն էր արդար ցասումը՝ եւ Մոնկոլներունը՝ պատուհասումը…: Հայաստանինը եղաւ, է եւ պիտի ըլլայ զոհուիլը:

Երբ ա՛յս է մեր ազգը վարող սկզբունքը, ուրեմն մեր դերն է, ո՛վ ճշմարիտ Հայեր, խրոխտ կեցէք ասոր համար, անիրաւուիլ, կրե՜լ ի սէր ճշմարտութեան. Հայ ազգին դերն է եղած կրել պաշտելու համար: Այսինքն Քրիստոնէութիւն: Կրօնք՝ ուր պաշտումը հարազատ է միայն շնորհիւ կրելուն եւ ուր կրելը հնարաւոր է, հանդուրժելի է եւ քա՜ղցր, շնորհիւ պաշտումին:

Մի՜ նեղանաք, սիրելի ազգակիցնե՛ր, երբ կրկնեմ ձեզ այն հասարակ խօսքը թէ Հայերը կրօնական ազգ մըն են, վասն զի կը տեսնէք թէ կարծուածին չափ աննշան խօսք մը չէ:

Ի զուր տարբեր բան պիտի փնտռէինք Հայ ազգը յատկանշող: Բոլոր ազգաց մէջ մեր ազգը առաջինն եղաւ ազգովին քրիստոնէութիւնն ընդգրկող, եւ իր արտադրած բարձրագոյն հանճարները ներշնչուեցան կրօնքէն: Ինչ որ կայ Հայոց մէջ խորապէս իւրացուած թէ ստեղծագործուած, բղխած է կրօնքէն եւ անոր սահմանուած: Այսպէս եղած են գթութեան հաստատութիւններն, ուրկանոցները, հիւանդանոցները, այսպէ՛ս, ուսումնական հիմնարկութիւնները, վանքեր ու դպրոցներ. Այսպէս են Հայ գեղարուեստներն, ինչպէս զարդագրութիւնն ուր կը տեսնէք գլխագրեր՝ հրեշտակներէ կազմուած. (թէպէտ նաեւ ծաղկանց եւ անասնոց ձուկերու, սողուններու եւ թռչնոց բաղադրութիւններէ, վասն զի գեղարուեստն ամենուրեք ազատ կը թուի քրիստոնեայ թէ հեթանոս կրօնքներէ ներշնչուելու):

Այսպէս է նաեւ եկեղեցական ճարտարապետութիւնը. (դժբախտաբար անկէ ո՛չ մէկ նմոյշ Պոլսոյ մէջ. ինչ որ տխրալի վկայութիւն մըն է մեր մէջ հարազատ Հայութեան երկչոտ դառնալուն. ) Հայ սրբազան ճարտարապետութիւնը, կ’ըսեմ, որուն կառուցած Հայ գմբէթներու ոճը, կաթուղիկէն, կատարելագոյնն է ըստ իս միւս բոլոր գմբէթներու ոճերուն. որովհետեւ գոթական զարդարուն սրաբերձ գմբէթը, FlՌcheը պչրոտ է եւ խիզախ. բիւզանդական կիսագնդաձեւ գմբէթը՝ աշխարհիկ, գիտնական, եւ թռիչէ զուրկ. ռուսականը, սոխաձեւ՝ յորդ ու ծանր. արաբականը պերճ եւ ուռուցիկ. հնդկականները՝ ձուաձեւ կոներ՝ նորանշան, ծայրայեղ ու թեթեւ. Մինչ հայկականը, որ ունի լայնանիստ խարիսխ բազմանկիւն կամ բոլորշի, եւ բրգաձեւ կամ կոնաձեւ գագաթ, պարզ, հաստատուն, եւ ամբարձի՜կ է նոյն ատեն, ամուր ողջամիտ հաւատքի, անսեթեւեթ ու լուրջ ու հարազատ աղօթքի, ճշմարիտ աստուածախոհութեա՜ն մարմնացում: Այնպէս է նաեւ, (այսինքն կրօնքէ բղխած եւ անո՛ր սահմանուած) հայ եկեղեցական երաժշտութիւնը, որուն ինչ ինչ եւ բազմաթիւ գլուխ-գործոցները չե՜մ կրնար ես փոխել ո՛ր եւ իցէ երաժշտական հրաշակերտի հետ. ա՜յնքան բնական են եւ այնքան վեհ. այնքան արտասուագին եւ այնքան երջանիկ. այնքա՛ն աստուածաշունչ: Կրօնքն է դարձեալ ներշնչողն ու նպատակը քանդակագործութեան, որ այնքան սկզբնատիպ է իր բոլոր միստիկ արտադրութեանց, ինչպէս խաչարձաններուն եւ Անիի զարդական հիւսկէններուն անխոնջ անսպառ արարչութեամբ: Վերջապէս կրօնքն է դարձեալ աղբիւրն ու վախճանը՝ 14 կամ 15 դարերու Հայ մատենագրութեան ընդհանրապէս, եւ մասնաւորապէս անոր նշանաւորագոյն երկերուն:

Կ’ուզէի խօսքերս աւարտած ըլլալ արդէն, բայց ահա դեռ նոր կը հասնիմ այն կէտին ուր կը փափաքէի ուղղել ձեր սրտագին նայուածքը:

Ի՞նչ եղաւ Հայ տառերուն ծնունդէն յետոյ Սահակայ եւ Մեսրոպի առաջին գործը. թարգմանել ի հայ եւ հայ տառերով գրել այն ներշնչեալ Մատեանը որ զԱստուած եւ անոր անբաւ ծրագրին գործադրութիւնը կը պատմէ. որ իր առաջին մասին մէջ կը ծանուցանէ Մեսիան, եւ երկրորդին մէջ զայն կ’աւետէ: Գերագոյն գիրքը որ տրուած ըլլայ մարդոց արտադրել, եւ որուն նշանակութիւնն ու արժէքը խտացնելու անհրաժեշտ կարողութիւնը կը լքէ՜ զիս յանկարծ, իբրեւ թէ միտքս ամչնար ու դողդոջէր…: Է՜հ. սրբազան այդ մագաղաթն այն առանցքն է որուն վրայ երկիրը կը թաւալի, այն ծիրը որուն վրայէն ան կ’ընթանայ. այն վիհն է որմէ ծնաւ այս գունդը: Այդ գիրքն՝ ընտրեալ մարդկութեան մը ճակատը պսակող այն թագն է որմէ արեւն իր լոյսը կ’առնէ. եւ արեգակներն ու երկնային դրութիւններն եւ ամեն բան իրենց բացատրութիւնը կը գտնեն: Ստուգիւ Աստուծոյ շունչն է այն:

Եւ ահա մովսէսանման Այրը, Սահակ, Հայ տառերով եւ Հայ լեզուով սկսաւ գրել այն մատեանն: Եւ իսկոյն Աստուած իր ծառային ազգային լեզուն բարձրացուց Մովսէսի, Դաւիթի, Սողոմոնի, Եսայեայ լեզուին ահաւոր կատարելութեա՜ն: Եւ Սահակ գրեց.

Ի սկզբանէ արար Աստուած զերկինս եւ զերկիր. եւ երկիր անձեւ էր եւ անպատրաստ. եւ հոգի Աստուծոյ շրջէր ի վերայ ջուրց…:

Եւ կատարուեցաւ աշխարհի գեղեցկագոյն վեհագոյն իրողութիւններէն մին. Աստուածաշունչին ի Հա՜յ թարգմանութիւնն: Երբ այս մեծ պարտականութիւնն ու իշխանութիւնը գործադրուեցաւ, երկու սուրբերն Հայ տառերով ու նշաններով գրեցին իրենց հոգւոյն վեհամրմունջ երգերը. վսե՜մն Սահակ՝ Աւագ Շաբթուան Օրհնութիւնները.

Աղբի՛ւր լուսոյ եւ ճառագայթ անշիջանելի, որ լուանալ յանձն առեր զոտս աշակերտացն. մաքրեա՛ ի մէնջ զմէգ խաւարին խորհրդոց եւ լուսաւորեա՛ զմեզ…:

…Որ կազմեցեր սեղան խորհրդոյ եւ արբուցեր յանմահական բաժակէն սրբոց քոց առաքելոց… մաքրեա՛ զմիտս եւ զխորհուրդս զի եւ մեք ընդ սրբոց քոց հաղորդեսցուք սրբութեամբ:

…Յորմէ սարսեալ սերովբէքն ոչ իշխէին հայել, այսօր ի ծառայի կերպարանս եղեալ նախայաւիտեան Բանն… օրհնեցէք զնա:

…Որ անճառ խոնարհութեամբ ի մաքրումն ոտից աշակերտացն զմարդկային գնացս ուղղեաց ի յերկինս…:

Լուսաւոր են ճանապարհք արդարոց եւ ի բիւրաւոր բանակս հրեշտակաց՝ ամպովք ընթանան…:

Ի վերինն Երուսաղէմ թռչին ամպովք ընդ առաջ Տեառն յօդս…:

Շնորհեա՛ մեզ Տէ՛ր արթնութիւն ընդ իմաստուն կուանսն եւ զհոգւոց մերոց լապտերս պայծառացո՛…:

Եւ երկնայինն Մեսրոպ՝ Աղուհացից այսինքն Մեծ Պահոց Շարականները.

Գո՜րծք Տեառն զՏէր օրհնեցէք. եւ բարձր արարէք զՆա յաւիտեան:

Տի՜ւք եւ գիշերք, զՏէր օրհնեցէք, եւ բարձր արարէք զՆա յաւիտեան:

…Տէ՛ր երկնի եւ երկրի, արարո՛ղ եւ յո՛յս մեր:

Անկանիմ առաջի քո, որ հովիւդ ես բանաւոր հօտի. խնդրեա՛ եւ զիս զմոլորեալս, որ միա՛յնդ ես բազմագութ:

Վտանգիմ ի բազմութենէ մեղաց իմոց. Աստուած խաղաղութեան, օգնեա՛ ինձ:

Ալեկոծիմ հողմով անօրէնութեան իմոյ, թագաւո՜ր խաղաղութեան, օգնեա՛ ինձ…:

Այսպէս սկսաւ հայատառ ու բո՛ւն հայ մատենագրութիւնը. Սուրբ Գիրքով ու սրբազան երգերով: Եւ որովհետեւ Ս. Գիրքն ամբողջ գլխաւորաբար օրհներգութիւն է եւ պատմութիւն, պատմութիւն խորագո՛յն անցելոյն եւ պատմութի՜ւն, այո՛, անդրագոյն ապագային, Հայ մատենագրութիւնն ալ եղաւ գլխաւորաբար օրհներգութիւն եւ պատմութիւն: Եւ դարերով, օրհներգուներ ու պատմիչներ իրարու յաջորդեցին… Մովսէս քերթող, Կորիւն, Եղիշէ, Կոմիտաս Կաթողիկոս, Մովսէս   որենացի, Յովհ. Օձնեցի, Ստեփանոս Սիւնեաց, Ղեւոնդ Երէց, Գրիգոր Նարեկացի… Նարեկացի՜… ուրիշ ոչ մէկ մատենագրութեան մէջ կայ Գրիգոր Նարեկացի: Իր երկը հայ բանաստեղծութեան ինչպէս բոլոր աշխարհի կրօնական բանաստեղծութեան այն անհնարին աստիճանն է ուր Նարեկացին պիտի մնայ մինակ…: Եւ յետոյ միւսները… հա՞րկ է շարունակել. Շնորհալին, Գրիգոր Սկեւռացին, Վարդան վարդապետ, Յովհ. Պլուզ, Մկրտիչ Աղթամարցի, Երեմիա Քէօմիւրճեան… մինչեւ մեր օրերուն հայրենանուէր եւ երկնանուէր մատենագիրները: Եւ դարձեալ Ս. Գրքին պէս, հայ մատենագրութիւնն ալ ունեցաւ իր հովուական ու մեկնաբանական գիրքերը, իր կանոնագրական երկերը, եւ իր երգերգոցներն ալ…:

Մի՛ խորհիք Հայ մատենագրութեան յատկանիշերը օտարախառնել արդի գրականութեան երկերով. նորը որ դեռ դարու մը կեանք չունի, իր օտար յատկութիւններով չի կրնար եղծել Հայ դպրութեան եւ մտաւորականութեան իսկութիւնը, որ ուրիշ բան չէ բայց եթէ արտայայտութիւնը հայ տառապանքներուն եւ հայ փառաբանութեանց. բայց եթէ կրե՛լ եւ պաշտել: Եւ յետոյ, ո՞չ ապաքէն նորին մէջ ալ կենդանի՜ է հին ոգին, շնորհիւ այն մեծամեծ եւ սիրելի կերպարաններուն որ եղան Անդրէաս Ռուբէն Փափազեան, Յովհ. Միրզա Վանանդեցի, Փէշտիմալճեան, Թաղիադեան, Աբովեան, Ալիշան՝ նոր ժամանակներու մեծագոյն հանճարը, Տէրոյենց,   րիմեան, Սրուանձտեանց, Պէշիկթաշլեան, Թէրզեան, Ներսէս Վարժապետեան, Երիցեանց Աղեքսանդր, Գամառ Քաթիպա, Սունդուկեանց, եւլն.:

Գիրն ուրեմն ուղղակի թէ անուղղակի պիտի ծառայէր արտայայտելու ինչ որ Հայը պարտէր տառապիլ ու պաշտել. բայց մանաւանդ պիտի ծառայէր ա՛յդ իսկ կոչումը պահպանելու Հայուն հոգւոյն մէջ եւ աւանդելու Հայուն: Ու Հայ տառերուն արդիւնքն եղաւ դաստիարակութիւնն այն դիւցազներուն որ եղան Ատոմեանք, Վարդանանք, Ղեւոնդեանք: Այնպէս որ՝ Մեսրոպեան տառերուն ծնած ոսկեդարը եղաւ նաեւ բարձրագոյն արտայայտութիւնն Հայ կոչման, ոսկեդարն անձնազոհութեա՜ն: Եւ այնուհետեւ իրարու յաջորդող խուժդուժ դարերն ալ մինչեւ Ի. դարուն սկիզբն ուրիշ բան չըրին, բայց եթէ աշխարհի ընծայիլ մռայլապանծ արենափառ տեսարանը նահատակութեան՝ անլուր մեծութեամբ Հայ բազմութիւններու, որ իրենց նախնեա՜ց աշակերտեր էին գոգցես ի մարտիրոսութիւն:

Արդարեւ, անխռով ճգնազգեցութենէն մինչեւ չարաչար մարտիրոսութիւնն այս ազգը կը ներկայացնէ առ Աստուած նուիրման բոլոր աստիճաններն ու բոլոր եղանակները: Կարելի չէ՛ վերջապէս րոպէ մ’իսկ ազգի մը կրօնական ոգւոյն մասին տարակուսիլ, երբոր կրօնապետական է այդ ազգին կազմակերպութիւնն իսկ. ազգի մը որուն ճշմարիտ ու անխախտ առաջնորդներն եղած են Հայրապետներն եւ ո՛չ իշխանները: Մեր թագաւորութիւնք, որոնցմէ մին եւ կարեւորագոյնը, կամ նուազ անուանականը, Արշակունեաց հարստութիւնն ինկաւ երբ Մեսրոպեան տառերուն յաղթական ծնունդը, Հայ կոչման ոսկեդարը կը ծագէր. եւ մեր աւելի կամ նուազ երեւութական թագաւորութիւնք միշտ կործանեցան, վասն զի… երբեմն վերականգնեցան: Հայկական թագն ու մականը փոշիներու մէջ թաւալեցան. բայց «Խաչը, ինչպէս կը գոչէր օր մը պերճախօսն Շմաւոնեան, Խաչը կանգուն է յաղթապանծ, Հայ Եկեղեցւոյն վերեւ. » ես ալ կը յաւելում «Եւ Հայ դպրութեան: » Եւ ինչո՞ւ, վասն զի միեւնոյն ատեն մէկ սրտառուչ յուշարարն է այն Հայուն կոչումին: Եւ աւասիկ այսպէ՜ս, գիրը զոր Մեսրոպ իր ազգին ընծայեց, իր էութեան ու արդիւնքներուն մէջ համաձայն էր այն դերին որ ամենակալ խորհուրդէն, որ ամենավար իմաստութենէն, որ ամենատես տրամաբանութենէն նշանակուած էր Հայուն համար: Քանի որ այդ պատգամեալ դերն էր յանդիման աշխարհի ազգաց տառապիլ եւ օրհներգել, կրել եւ պաշտել, նահատակուիլ աղօթք ի բերան, ուրեմն Հայ քաղաքակրթութեան գործիքին, այբուբէնին շինութեան ատեն, սուրբ գործաւորին ձեռքը պարտէր օժանդակուէր առաջնորդուէ՜ր նպատակին Տիրոջմէն: Եւ Մեսրոպ տեսաւ լուսաւոր Աջ մը որ ո՛չ թէ կաւի վրայ կամ աւազի, այլ վէմի վրայ Արարատեան ազգին այբուբէնը կը գրէր:

Այս տեսլեան վաւերականութեան հաւատան ոմանք թէ ոչ, այդ գեղեցիկ աւանդութիւնը կը յայտնէ միշտ թէ Հայ գիրը կը գծուէր համաձայն այն բարձր կոչման զոր մարդկային կամքէն գերիվեր կամք մը նշանակեր էր մեր ճակտին:

Այդ տառերուն մէջ ազգին իմաստն է որ կը խտանայ. ահա ինչո՛ւ, նոյն իսկ առանց քննութեան ու խորհրդածութեան կը սիրենք մեր այբուբէնը, մեր ճշմարտախօս, մեր հարազատ, մեր իրօք սեփակա՜ն այբուբէնն: Ուժովն այն վեհ սկզբունքին որ կայ մեր վսեմ տառերուն մէջ, իցի՜ւ անոնց ոսկեղէն շղթան բոլոր Հայոց սրտերը միացնէր…:

Հոկտ. 14