Յօդուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՌ ԵՂԻԱ

Շատ տարիներ առաջ Ոսկեղջիւրի մենարանդ եկած էի, պատանի գլուխս առջիդ խոնարհելու, ոտքերուդ առջեւ ընծայաբերելու քեզ տղու քնարս: Դուն տուընջեան քունդ կը նիրհէիր. եւ ես սրտատրոփ կը սպասէի լուռ դրանդ բացուելուն. եւ ահա երեւցար ինծի ճերմակ ցայգազգեստով, կարծես լուսհանդերձ, աչքերդ խորհայեաց ու սեւահուր, մռայլ մազերդ ճակտիդ վերեւ բոցաբերձ, շուրթերդ առնաշնորհ մօրուացդ մէջ նռնավառ, կերպարանքդ սուրբ. եւ առաջնորդեցիր զիս խորհրդանուէր սենեակդ, ստուերամած ու ճառագայթալիր տաճարդ որու պատուհանները խաժ ու ծփծփուն էին խարշափող ծառերով, եւ որու պատերն հոծ ու զեղուն էին մատեաններով, աշխարհի ու դարուց մատենագրութեամբը, եւ ուր միայնակ կ’ապրէիր դուն ունկնդրելով այրիդ որմերէն մարգարտացող երկնակայլակ իմաստներու, ու պատասխանելով անոնց արցունքներովդ եւ աւաչներովդ, բնակի՜չդ ու քուրմդ աստուածաշունչ մտքին որ մոգական պատերէդ կը սօսափէ՜ր քեզի:

Հոն զիս ընդունեցիր, ու գթասիրտ համակրութեան ու մեծանձն յարգանքի խօսքեր ինձ ըրիր. ոհ, մենարանդ ինչպէ՜ս արդարեւ նուիրուած էր Գերագոյն Բանին: Եւ հոն, սիրելի՜ Եղիա, ինձ անո՜ւշ բերիր, բիւրեղ անօթով ու արծաթ դգալով…: Ամենազգայ, ամենախոհ մտածութեանդ, ամենասէր գութիդ հո՞յզն էր այն, շուրջդ յաւերժակեաց մարդկային իմացականութեան մե՞ղրը. ամենապարփակ դափիրիդ միւռո՞նն էր, որով զիս հաղորդեցիր:

Ո՜վ գերաշխարհիկ ոգի, որ բոլոր տոհմիդ ալ տուիր սրբարանիդ հրանոյշ սնունդէն, բիւրեղանշոյլ էջերովդ ու արծաթահունչ պերճախօսութեամբդ, որ մտածումն ու երգը մատռուակեցիր մեզի. ալ լմնցա՞ւ դերդ եւ իրօք դիա՞կ մ’ես դուն, կե՛ր դրապաշտ դանդիռին: Անհուն անմարդաձայն անդունդէն ուր կը սուզիս թեւերդ ծալլած եւ աչքերդ փակ, քու ցկեա՜նս հառաչած խաւարանդորր ու անծանօթ երանութեանդ ահա այլեւս հասած, չե՜ս դառնար ու երեւար անգամ մը մեզի, վիհին եզրը կեցած սրտատրոփ ու թշուառ կրտսերներուդ, ո՜վ լուսհանդերձ ու բոցագէս Եղիա, եւ հանդերձեալէն բա՜ռ մը, քաղցր ու սփոփիչ բա՜ռ մը չե՞ս ըսեր. խորհուրդին շարաբէն, Յաւիտենութեան հաշշաւենիէն, դգա՜լ մը, Աստուծոյ անուշէն պուտ մը չե՞ս տար մեզի…:

9 Յուլիս 1908