Յօդուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՎԵՑ ՀՈԳԻ ԿԸ ՀԱՍՆԻՆՔ ԱՄԵՆ ԲԱՆԻ

Զինուոր մը, արձակուրդով կը հեռանար իւր երկրէն, պտոյտ մ’ընելու մօտակայ գաւառները: Դաշտ մը հասաւ նա ուր տեսաւ որսորդ մը որ հրազէնը ուղղած էր նշանակէտին. բայց դաշտին մէջ ոչ կենդանի մը եւ ոչ այլ ինչ կար: Զինուորը զարմացաւ, բարեւեց զայն եւ հարցուց նմա թէ որո՞ւ կ’ուղղէր նա հրացանն, որսորդը պատասխանեց. «Ասկից երկու մղոն հեռաւորութեամբ տեղ մը կաղնի մը կայ. կաղնիին մի ոստին վրայ նստած է ճանճ մը, ոյր ձախ աչքին ուղղած եմ հրացանս…» Զինուորը զարմանալով յարեց. Քա՛ջ է. բայց, կ’աղաչեմ ընկեր եղիր ինձ եւ միասին ճամբորդեմք. Մարդը հաւանեցաւ եւ քալեցին:

Բաւական ժամանակ քալելէ յետոյ, տեսան մարդ մը որ չափազանց փոքր գլխարկ մը դրած էր ծուռ դիրքով: Զինուորը զարմացաւ, բարեւեց զայն, եւ հարցուց նմա թէ, է՞ր ծուռ դրած էր փոքրիկ գլխարկը. մարդը պատասխանեց. «Չգիտէք դուք… եթէ ուղիղ դնեմ զայն սաստիկ ցուրտ կը լինի եւ ամեն ինչ կը սառի… Զինուորը զարմացաւ եւ ուզեց որ այն ալ ընկերանայ իրենց. մարդը հաւանեցաւ եւ քալեցին երեքն ի միասին:

Բաւական ժամանակ քալելէ յետոյ, տեսան երկու հողմաղացքներ ոյց անիւները, սաստիկ արագութեամբ կը դառնային. սակայն հով չկար… հազիւ զեփիւռ մը կը տատանէր ծառերուն գագաթները…: Զարմացան, բայց պատճառը չը հասկնալով շարունակեցին ճամբանին: Երկու մղոնի չափ քալելէ յետոյ, տեսան մարդ մը, որ նստած ծառի մը ճիւղին վրայ, մէկ մատով գոցած էր քթին մի ծակը եւ միւսով ուժգին կը փչէր…: Զինուորը զարմացաւ, բարեւեց զայն եւ հարցուց նմա թէ է՞ր կը փչէր այնպէս, մարդը պատասխանեց. «Ասկից երկու մղոն հեռի 2 հողմաղացք կան. ես ասկից կը փչեմ եւ անոնք կը դառնան…: Զարմացաւ զինուորը, եւ զայն եւս իբր ընկեր ընդունիլ ուզեց. մարդը հաւանեցաւ, եւ քալեցին չորսն ի միասին:

Բաւական ժամանակ քալելէ յետոյ տեսան մարդ մը նստած, որ մի ոտքը հանած եւ քովը դրած էր. զինուորը զարմացաւ յոյժ, բարեւեց զայն, հարցուց եւ նմա թէ ինչո՞ւ այդպէս էր ըրած, մարդը պատասխանեց. «Մի ոտքով, ա՛յնչափ շուտ կը վազեմ, որ ո՛չ մի թռչուն ինձ չափ արագ կ’երթայ, իսկ եթէ միւս ոտքս ալ անցունեմ, յայնժամ իմ արագութիւնս կը գերազանցէ նետի մը արագութիւնը…: Զինուորը շատ զարմացաւ, եւ զայն եւս իբր ընկեր ընդունիլ ուզեց. մարդը հաւանեցաւ եւ քալեցին հինգն ի միասին:

Բաւական ժամանակ քալելէ յետոյ տեսան մարդ մը դարձեալ որ գետինը նստած, մի ականջը, որ չափազանց մեծ էր քան միւսը, տնկած, ուշադրութեամբ կարծես մտիկ կ’ընէր…: Զինուորը զարմացաւ բարեւեց զայն եւ հարցուց նմա թէ ինչո՞ւ այդպէս կ’ընէր նա… մարդը պատասխանեց որ ես կը լսեմ այն խօսքերը զորս կ’ընէ ոք ասկից 10 մղոն հեռի, եւ կամ այն մտածումներն որք որ եւ է մարդու մը մտքէն կ’անցնին…: Զինուորը յոյժ զարմացաւ եւ զայն այլ իբր ընկեր ընդունիլ ուզեց. հաւանեցաւ վերջինը եւ քալեցին վեցն ի միասին…:

Օրը կը տարաժամէր. վեց հոգի պանդոկ մը իջան: Հետեւեալ առտուն դարձեալ ճամբայ ելան եւ հասան գեղեցիկ քաղաք մը:

Հոն իմացան թէ թագաւորին դուստրը, պիտի մրցի վազելու մէջ անոր հետ որ կը կամի: Զինուորը ղրկեց իւր արագոտնը, որ գնաց ներկայացաւ արքայազունին եւ յայտնեց թէ պատրաստ էր մրցիլ ո՛ր ժամուն որ հարկ էր:

Որոշեալ ժամուն խուռն բազմութիւն լեցուած էր դաշտի մը մի ծայրը, եւ արքայն իւր պալատականներով, զինուորը իւր ընկերներով կը գտնուէին բազմութեան մէջ, եւ գլխաւորաբար, արքայազուն աղջիկը, եւ արագոտն օտարականը:

«Տեսնենք, ըսաւ արքայն, ձեր մէջէն ո՛վ պիտի երթայ գաւաթ մը ջուր բերէ ինձ աղբիւրէն երկծորակ: Արդ, ո՛ւշ դրէ՛ք, ո՛վ պիտի յաջողի առաջ լեցնել եւ բերել, (յայտնի է թէ միշտ աւելի արագ վազելով, ) ե՛ս պիտի դրուատեմ զայն, եւ պիտի վարձատրեմ:

Մէկ մէկ գաւաթ տրուեցաւ երկու մրցողներուն… եւ արքայն նշան տուաւ. մէ՛կ… երկո՛ւ… երե՛ք… եւ ահա արագոտնը, մի ոտքը հանած աներեւութացաւ փութապէս մինչ աղջիկը հազիւ 10-15 քայլ ըրած էր…: 2 վայրկեան յետոյ արագոտնը երեւցաւ հեռուանց գաւաթ մը ջուր ի ձեռին… տակաւին չհասած արքային քով, ճամբան վար դրաւ գաւաթ մը ջուրը, եւ ինքն ալ պառկեցաւ ննջեց ձիու գանկի մը վրայ դնելով գլուխը: Տասը վայրկեան անցած էր եւ ահա աղջիկն, գաւաթովը հասաւ արագոտնին քով խնդաց եւ թափեց անոր ջուրը. եւ դարձեալ սկսաւ վազել արքային քովը:

Հեռատես որսորդը ամեն բան նշմարած էր. հրացանը ուղղեց ձիու գանկին, եւ թռը՛նկ… զարկաւ հեռացուց մարդուն գլխուն տակէն առանց վնասելու անոր. եւ այս ամենն կատարուեցաւ 5 երկվայրկենի մէջ… Արագոտնը զարթեաւ եւ տեսնելով գաւաթը պարապ՝ շուտափոյթ, անցուց միւս ոտքը եւ կայծակի արագութեամբ անհետ եղաւ… կէս վայրկեան յետոյ արագոտնը կը հասնէր յաղթանակաւ արքային քով, գաւաթը լեցուցած եւ ամբոխին «կեցցէ՛»ներով, մրցող աղջիկէն ալ առաջ…:

Արքայն վարձատրեց զնա ոսկւոյ քսակով եւ արծաթ շքանշանով մը…:

Յաջորդ օրը մեկնեցան վեց հոգիները, յիշեալ քաղաքէն, եւ իջան նոյն երեկոյին մի ուրիշ պանդոկ քաղքէն մղոնի մը չափ հեռու, բոլոր օրը պտտելէ յետոյ:

Պանդոկապետը բարի մարդ մ’երեւցաւ հինգ օտարներուն եւ զինուորին, որք պատմեցին ինչ որ ըրին այն քաղքին մէջ. եւ միամտութեամբ ցուցին անոր, արագոտնին շքանշանը, եւ ոսկիները: Չար մարդ մ’էր պանդոկապետը, ուստի պատուիրեց իր ծառային, անոնց սենեկին տակ կրակ վառել զանոնք այրելու եւ ստակնին առնելու համար:

Պանդոկը քարուկիր էր բոլորովին: Վեց ընկերներուն սենեկին պատուհանները երկաթեայ փեղկեր ունէին եւ դուռն ալ նոյնպէս երկաթէ էր: Կամաց, եւ անձայն, պանդոկապետն դրսէն սկսած էր գոցել պատուհաններուն փեղկերը. երբ լմնցուց, եկաւ գիշեր բարի ըսել 6 հիւրերուն. ապա սենեկին դուռն ալ փակեց ու գնաց: Քանի մը վայրկեան յետոյ այն մարդը որ ամեն բան կը լսէր, յայտնեց չար պանդոկապետին դիտաւորութիւնը. եւ արդարեւ քիչ քիչ տաքութիւն մը կը ծաւալէր սենեկին մէջ… բացի փոքր գլխարկ դնողէն որ անտարբեր, պաղարիւն կերպով գլխարկը կը սկսէր քիչ քիչ շտկել, միւսներն ալ ահ ու դողի մէջ կ’իյնային… մին կը վազէր դուռը բանալ որ խոյս տայ, ուրիշ մը պատուհանը բանալ կ’աշխատէր, սա իւր ոսկիները եւ շքանշանը առած ճամբայ մը կը փնտռէր փախչելու, նա, շփոթած աստ անդ կը վազէր, վերջապէս հինգ հոգիներն ալ կատարեալ խռովութեան մէջ էին երբ լսեցին փոքրիկ գլխարկ դնողին ձայնը որ ըսաւ. Ի՞նչ կը վախնաք… հանդարտեցէ՛ք… միթէ հոս չե՞մ… ամեն ոք անոր կը նայէր, որ արդէն փոքր գլխարկը դրած էր ուղղապէս: Յայնժամ փոխան անհնարին տաքութեան որ առաւել սաստկացած էր, տիրեց սարսափելի ցուրտ մը, որով, ամեն ոք կը ջանար ծածկուիլ վերարկուին ներքեւ քիչ մը տաքնալու համար…:

Ժամացոյցը կէս գիշեր կը զարնէր. վեց հիւրերը դեռ քնացած չէին… պանդոկապետը նոցա դիակները գտնելու յուսով գնաց բացաւ սենեկին դուռը եւ քանի՜ մեծ եղաւ իւր զարմանքը երբ տեսաւ վեց ընկերքը, ողջ առողջ, եւ երբ զգաց փոխան տաքին անհնարին ցուրտը:   եղճը կը կարծէր թէ ծառայն լաւ կրակ չէր վառած, ուստի բարկանալով սաստեց զայն. սակայն սա ցուցուց դժոխային կրակը որ դեռ ի զո՜ւր բոցերը կը ծաւալէր…: Պանդոկապետը կրակ կտրած ալ չկրցաւ դիմանալ այս ընկերներուն ճարպիկութեանցը եւ թողուց որ առաւօտեան մեկնին իր պանդոկէն:

Յաջորդ օրը վեց հոգիները մեկնեցան պանդոկէն, եւ սկսան երթալ ամայի ճամբաներէն: Բաւական ժամանակ քալելէ յետոյ լսեցին աղմուկ մը, եւ զինուց շաչիւններ: Ետեւնին դարձան… պանդոկապետը, իւր ծառաներով եւ ոստիկաններով կուգար իրենց ետեւէն զիրենք բռնելու համար:

Վեց ընկերաց մեկնելէն յետոյ, սուտ վկաներով, ոստիկաններուն դիմած էր պանդոկապետը, հաստատելով թէ անոնք իր նշանը եւ ստակները առած կը փախչէին, թէ գող էին անոնք, եւ թէ ըսած էր, որ, հարկ էր շուտով ձերբակալել զայնս: Այս վատ միջոցը խորհած էր պանդոկապետը անոնց ստակները իւրացնելու համար:

Երբ վեց ընկերք տեսան այս խումբը կանգ առին, հասկնալու համար թէ ինչո՛ւ իրենց վրայ կը վազէին զինուորները եւ այլք: Յանկարծ, առանց ժամանակ տալու որ իրենց մօտենան, հեռուէն փչելով հողմաղացքին անիւները դարձնող մարդը, քթին երկու ծակերն ալ բանալով սկսաւ փչել սարսափելի կերպով պանդոկապետին գունդին վրայ… յայնժամ, ի մեծ քրքիջ վեց ընկերաց, սկսաւ յօդս բարձրանալ… պանդոկապետը կ’աղաղակէր, ծառայք կը ճչէին, ոստիկանք կը պօռային, եւ ասկէց ա՛լ ծիծաղելի տեսարան չէր կրնալ ներկայանալ աչաց. վեց ընկերք կը մարէին խնդալէ, մինչդեռ ոստիկանաց եւ այլոց աղաղակներուն հետ կը լսուէր պանդոկապետին ձայնը որ կ’ըսէր թախանձագին. Կաղաչեմ ազնիւ պարոններ… կաղաչեմ… բա՜ւ է բա՜ւ… կը խոստովանի՛մ, իմս է յանցանքը… դուք չէք յանցապարտները… ո՜հ… թողութի՜ւն… թողութիւն…– Վեց ընկերք առաջարկեցին երդում ընել այլ եւս չգործելու համար նմանօրինակ չարիքներ… պանդոկապետը, կատարեց երդումը, վե՛րը, օդին մէջ… եւ յետոյ դարձեալ կրկնեց թէ հերի՛ք էր այնչափ փչել եւ կը խնդրէր կրկին, տակաւ առ տակաւ փչելը սակաւել, որպէս զի հանդարտ կերպով իջնէին յերկիր… փչողը հաւանեցաւ եւ ամբողջ խումբը դարձեալ իջաւ հողուն վրայ: Յայնժամ պանդոկապետը վեց ընկերնեէն շահ մը չունենալէն զատ, ձերբակալուեցաւ իսկ եւ գնաց կրել իւր արժանի պատիժը, մինչ վեց ընկերք ուրախութեամբ եւ խնդիւ, շարունակեցին ճամբանին, համոզուած լինելով թէ, «յաշխարհի, սէր եւ միութիւն, են լոկ որք կը դիմադրեն ամեն ձախորդութեանց»։