ՄԿՐՏԻՉ
ԱՃԷՄԵԱՆ
(1838–
)
Ծնած
է
1838ին,
Օրթաքէօյ,
Կ.
Պոլիս:
Աշակերտած՝
Վենետիկի
Ռափայէլեան
վարժարանին,
Թ.
Թէրզեանի,
Թղլեանի
եւ
այլոց
հետ:
Գլխաւոր
ուսուցիչներն
են
եղած
Բագրատունի
եւ
Ալիշան:
Տասնեւիննամեայ
գրած
է
հոն
«Վահագն»
գրաբար
դիւցազներգութիւնը:
Ի
Պոլիս
ատեն
մը
մասնաւոր
դասեր
տուած
է:
Արուեստասէր
մըն
էր
նկարչութեան
եւ
երաժշտութեան:
Իւղանկարներ
ունի
եւ
սրնգահար
է:
Գրական
գործերն
են՝
բացի
«Վահագն»էն
(հրատարակուած
ի
Պոլիս),
Լամընէի
«Գիրք
Ժողովրդեան»ի,
Շիլլէրի
«Աւազակներ»ուն
եւ
ուրիշ
գործերու
թարգմանութիւնները,
եւ
մանաւանդ
բանաստեղծութեանց
քանի
մը
հատորներ՝
«Ժպիտք
եւ
Արտասուք»,
«Լոյս
եւ
Ստուերք»,
«Գարնան
Հովեր»,
եւայլն
զոր
վերջերս
մէկ
հատորի
մէջ
ամփոփեց
ընտրանօք,
«Քերթուածներ»
ընդհանուր
տիտղոսով:
Քիչերու
քով
բանաստեղծութիւնն
եղած
է
հարազատ,
եւ
արտայայտուած
է
հարազատօրէն:
Աճէմեանի
ոչ
բանաստեղծական
աւիւնը,
ոչ
ալ
լեզուն
բռնազբօսիկ
են,
վասնզի
յաւակնութիւնը
չունի
ըլլալու
ինչ
որ
չէ:
Իր
գլխաւոր
յատկութիւնը
ստեղծագործ
երեւակայութիւնը
չէ,
այլ
ողջմիտ
մարդու
գորովը:
Բանաստեղծ
է
ինչպէս
ամուսին
է,
հայր
է,
մարդ
է:
Իմաստալից,
պարկեշտ,
պայծառ
է
իր
գրականութիւնը,
ոչ
մէկ
կասկածելի
փառասիրութիւն
իր
ներշնչմանց
մաքրութիւնը
կը
պղտորէ:
Կը
սիրէ
պարզ,
անշուք,
սովորական
բաներ,
բայց
անոնց
հոգին
կը
բերէ
երեւան,
եւ
համակրելի
կը
դարձնէ:
Իր
իմաստուն
ու
բարի
նայուածքին
տակ
ամեն
բան
կը
քաղցրանայ,
իմաստ
ու
հմայք
կ’ունենայ,
ամեն
բան
կ’ըլլայ
սիրելի:
Ճոռոմութիւնը
զգացմանց
ինչպէս
արտայայտութեան
մէջ՝
օտար
է,
անհնար
է
իրեն:
Իր
ուղիղ
աստուածպաշտութիւնը
թոյլ
չի
տար
իրեն
կռապաշտ
մը
ըլլալ
բանաստեղծութեան
մէջ,
բանաստեղծութեան
պատրուակով:
Իր
փիլիսոփայութիւնը
կը
բաղկանայ
զգացումներէն:
Հեզ
համակերպութիւն
եւ
քաղցր
յոյս:
Իր
աշխարհաբարը
դաշն
է
ու
սահուն,
թեթեւ,
պարզ,
ընտրեալ:
Կըերը
ջնջած
է
յաճախ,
ըստ
հին
կերպին,
եւ
այդ
կրնայ
ըլլալ
գլխաւոր
մեղադրանքը՝
ուղղուած
Աճէմեանի
լեզուին:
Տաղաչափութիւնը
դիւրասահ,
հեշտալուր
ու
ճարտար
է,
կատարեալ
ճշդութիւն
ու
բնականութիւն
պահելով
հանդերձ: