Յօդուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Թ.

Եւ իրօք, ճիշդ ո՛րքան հեղինակին դէմյանդիմանական մտածողութիւնը Ճշմարտութեան մէջ լուսապայծառ սփիւռներ կը գտնէ յանակնկալս՝ նոյնքան իր բանաստեղծութիւնը միշտ հոգ չի տանիր այդ յանկարծական լուսազգածութիւնները դասաւորելու եւ աստիճան մը դրութենացնելու, կամ մանաւանդ զանոնք չի հակակշռեր՝ կարելի հակասութիւններէ վրիպելու եւ զօրութենական ամբողջութիւն մ’ապահովելու համար իր իմաստասիրութեան: Ինտրայի՝ որու գիտակցութեան համոզուած են իր քննադատք, ամենէն ակամայ ու անգիտակից վիճակներէն են իր դէմյանդիմանութիւնք. եւ իր գրքին փիլիսոփայական խոհերն Ինտրայի այդ վայրկեաններուն գործն են մանաւանդ: «Անոր իմաստասիրական սկզբունքները կ’ազդուին վայրկենի տպաւորութիւններէ, եւ ամենուրեք միաբան չեն գրքին մէջ» (Ելքէնճ., «Բիւզանդիոն», 3055). եւ Ինտրա շատ տարտամօրէն գիտակից է իր փիլիսոփայական այլազան եւ իրերամերժ գաղափարներուն իւրաքանչիւր տեսակին տարողութեանն ու հետեւապէս կշիռին զոր իմաստասիրելու այդ եղանակաց իւրաքանչիւրն ունի «Ներաշխարհ»ին մէջ: Գիտէ թէ պաշտող մ’է Ամենայնին. «հանրէական» մ’է, «բնամարդ» մ’է. բայց նաեւ թէ «հակընդդէմ գաղափարներու պայքար մը» կայ իր մէջ (Պէրպ. Յռջ. ), եւ մանաւանդ՝ տխրօրէն գիտէ իր «աստանդումները դրականութենէ յիտէապաշտութիւն» (Անդ): Այս վերջին նկարագիրն անուշտ ոչ միայն թերութիւն մը չէ «Ներաշխարհ»ին համար՝ այլ նաեւ առաւելութիւն մը. վասն զի այդ երկմտութիւնն այնքան արդի է՝ որքան ամենժամանակեայ. եւ վասն զի իբր հանրամարդկային վիճակ՝ կենդանի աղբիւր մ’եղած է «Ներաշխարհ»ի ինչ ինչ յուզեալ էջերուն (64–5, 107–8, 104–5, 200–2, եւն. ): Ինչ որ դատապարտելի կը գտնեմ՝ Ինտրայի այն անփութութիւնն է որով սկզբնական վիճակին մէջ թողած է գաղափարները զոր իր յոյզերն ստեղծեր են, զոր իր արցունքները պսպղացուցեր են իր աչքերուն, կամ որք յուզեր են զինքը: Եթէ պիտի առարկէ թէ իր գաղափարներն հակակշռելով, քննադատելով, ու միութեան մ’ի նպաստ յօտելով կը վախնար որ զանոնք բերող կամ անոնցմէ ծնող յոյզը կը խամրեցնէր՝ կը պատասխանեմ իրեն թէ իր ճշմարտասիրութիւնը պէտք չէր որ երկնչէր իր խստապահանջութենէն, եւ ընդհակառակն խանդի նոր պատճառ մը պէտք էր որ գտնէր ճշգրտութեան մէջ. թէ պատահական իրականութիւնն իր գաղափարաց՝ պարտ էր ստորակարգել ենթակայել անյեղլի ճշմարտութեան որ շատ աւելի յուզիչ է եւ որմէ ըլլալ թուելնուն համար է որ այնքան յուզած են զինքն իր վայրկենական գաղափարները: «Ներաշխարհ»ի մէջ իմաստասիրութիւնը թերակազմ է ուրեմն, ու նոյն իսկ անկազմ. դէմյանդիմանական հայեացքներու բազմամէտ խուրձեր կը ներկայացնէ քան զննողի տրամախոհութեան միամէտ հիւսք մը: Բայց մեք կրնանք այդ անկարգութիւնը կարգաւորել ըստ կարի՝ առնելով մէկ կողմէն Ինտրայի միսդիք կամ քրիստոնէական կամ բանաստեղծական ոգեկանապաշտութիւնն իբր ամբողջ մը, յետոյ գիտական դրականութիւնն իբրեւ ուրիշ ամբողջ մը, եւ իմաստասիրական համաստուածութիւնն իբր փոխանցում մը երկուքին միջեւ. կամ՝ այս վերջնոյն մէկ տարամէտ զարգացումն եւ նոյն իսկ մէկ վերլուծոյթն համարելով նախորդ բանաստեղծական ու գիտական երկուութիւնը:

Եւ, հասնելով վերջապէս մեր քննադատութեան վախճանին, Ինտրայի խորհողի յատկանիշն որ գրքին մէջ ամենուրեք կը յայտակերպի աւելի կամ նուազ որոշ՝ համոզուած բարոյապաշտութիւնն է, Բարոյականն է: Բացայայտ սխալ եւ գրքին հետ հակասութիւն մ’են 200 էջին այն տողերն, ուր Ինտրա գիտնալու, սիրելու (նաեւ բարոյականի) եւ ապրելու պայման կ’ուզէ համարիլ զԱստուած կամ հոգւոյ անմահութիւնը. ո՛չ Սբինոզայինը, անշուշտ, անգիտակից ու անեսական, այլ հոգւոյ ամբողջական (intégré) անմահութիւնը: Եւ ես կրնամ հաւաստել թէ Ինտրա շատ դժկամակութեամբ գրեց այդ գաղափարներն եւ երբեք չհամոզուեցաւ անոնց ճշդութեան (ինչ որ կը նշանակէ թէ Ինտրայի վերոյիշեալ անփութութիւնք ու անգիտակցութիւնք հաւանօրէն վստահութիւն մ’են լոկ՝ ներքին, ներէական տրամաբանութեան, ճշմարտազգայութեան նկատմամբ): Այդ էջին գաղափարք զուրկ են ո՛ եւ է գիտական նշանակութենէ, եւ արժէք չունին: Իրաւ է թէ կրօնքի կամ ոգեհաւատութեան (spiritisme) ներշնչած յոյսերուն չքացումն զմարդ կրնայ տրտմեցնել, բայց ատով օրէնքները չեն խախտիր ու կեանքը չի դադրիր: Իսկ Ինտրայի բանաստեղծական կամ արուեստագիտական յատկանիշն է Բնութենապաշտութիւնը. Ինտրա իր կուռքին կը նմանի, անոր ճշդութեանն ու անկեղծութեանը, անոր երփներանգ հոծութեանն ու պարզ միութեանը կը ձգտի, անոր հանգամանքներն իւրացուցեր է չես գիտեր ի՛նչպէս. կը պանծայ իր ծնողքով, վայրի տղա՜յ որ է յայտնեալ կամ յայտնելի Բնութեան: Եւ Ինտրայի մարդկային յատկանիշն ալ Կենսապաշտութիւնն է: Իր տրտմութիւնք կուգան իր «անբարոյութեան» գիտակցութենէն. Բնութեան անծանօթ մնալէն. նաեւ իր հոգւոյն պահանջած կեանքի ձեւին՝ կենսաշահութենէ զերծ աստանդութեան դիւրութիւնները չունենալէն. գոնէ կ’ուզէ որ երկինքը բա՜ց ըլլայ եւ արեւը չծածկուի. «Արեւին շողը կը բաւէ զինքն իր թախիծէն բուժելու» (Չէօկիւրեան, «Բիւզանդիոն», 2970). պարզապէս՝ իր տրտմութիւնք կուգան իր բնութենապաշտի, կենսապաշտի, բարոյապաշտի երրեակ ձգտմանց արգիլուելէն: Բնութեան, Կեանքի եւ Բարոյականի համար Ինտրայի խանդավառութիւնք կը կազմեն ուրեմն «Ներաշխարհ»ի երրեակ յատկանիշները: Նիւթերն ու Յօրինուածն իր թերութիւններով ու գեղեցկութիւններով ցոյց կուտան հեղինակին բնութենապաշտութիւնը. իր անկեղծութիւնը, իր յուզեալ հեւքը, իր բոլոր ոյժը կը պատմեն իր Կեանքի Կիրքը. եւ իր ազնիւ ձգտումներն իր բարոյականի Կրօնքը կ’արտայայտեն: Եւ որովհետեւ այդ նկարագիրք կրնան տրամաբանօրէն միութեան մը վերածուիլ՝ կրնանք ըսել թէ գրքին յատկանշական ձգտումը՝ «Ներաշխարհ»ի ոգին է ապրիլ զՃշմարտութիւն: Ելքէնճեան իրաւունք ունէր գրքին գերագոյն ձգտումն ընելու լոյսը: Իրօք, «Ներաշխարհ»ի ոգին է լոյսն ապրիլ:

Այս ձգտումին յարակից խարխափումները, գայթումները, վրիպումները ներելի են մարդու մը մէջ որ ի լինելութեան է միշտ, բայց ո՛չ երկի մը մէջ որ անշարժ եւ անփոփոխելի ըլլալով՝ կատարեալ պէտք է ըլլայ: