Յօդուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ը.

Գիտութեան եւ իմաստասիրութեան սահմանակից այդպիսի գեղարուեստական յօրինուածի մը պակասին պէս՝ կայ նաեւ պակասն ամբողջական ու որոշ իմաստասիրութեան մը: Իրաւ է թէ հարկ չկար որ հեղինակն անպատճառ դրած ըլլար արդէն ճշդեալ իմաստասիրութիւն մ’իր գրքին մէջ: Բանաստեղծէ մը կը սպասուի փիլիսոփայութիւն, բայց ո՛չ անպատճառ փիլիսոփայական դրութիւն: Բայց հարկ էր որ Ինտրայի հայեացքներն ըլլային ա՛յնքան մի, ա՛յնքան համաձայն, որ իր իմաստասիրութիւնն եթէ ո՛չ բանաձեւեալ՝ գէթ զօրութենական (virtuel) գոյութիւն մ’ունեցած ըլլար «Ներաշխարհ»ին մէջ. այն ատեն հեղինակին տուիքները կարելի կ’ընէին ծանօթ թէ նոր դրութեան մը գէթ յետ-կազմութիւնն իրենցմով: Քննադատներն անշուշտ տեսան թէ մէկէ աւելի դրութեանց առաջնորդող գաղափարներ կամ հակումներ կան հեղինակին մէջ: Բայց, սկսեալ Պէրպէրեան էֆ. էն, ամեն ոք տեսաւ Ինտրայի համաստուածեան տրամադրութիւնը, մանաւանդ որ աւելի յաճախ եւ աւելի յայտնապէս կ’երեւայ գրքին մէջ: Նոյնպէս, մինչ Նախաբան-Նամակին Հեղինակը գոհացաւ «համաստուածեան հակումներ» տեսնելով Ինտրայի մէջ, առանց ձեռնարկելու զայն պատկանեցնել այս կամ այն դպրոցին՝ իր մէկ նախկին սանը՝ Պ. Չէօկիւրեան «Հեկէլեան համաստուածութիւն» մը կարծեց գտնել «Ներաշխարհ»ին մէջ («Բիւզանդիոն», 2970). եւ Ելքէնճեան էֆ. աւելի ճշգրիտ ըլլալ յուսալով զԻնտրա մանաւանդ «Եղէատեան» մը նկատել միտեցաւ («Բիւզանդիոն», 3055): Ուրիշ մ’ալ կրնայ Սբինոզական մը գտնել զայն. վասն զի երբ գրքին մէջ «համաստուածեան հակումներ» կան, եւ որոշագիծ դրութիւն չկայ, անկարելի չէ որ համաձայնութիւններ գտնուին հոն այլ եւ այլ երանգներուն հետ զոր առած է Համաստուածութիւնը, սկսեալ հնդիկ Քանատայէն մինչեւ գերման իրեւիտէապաշտ դպրոցը: Իր «Ամենայն», «Նոյնութիւն», եւ այլ համազօր բառերով, «Անշարժ, ինչպէս ամեն շարժում Անհունին մէջ» խօսքով՝ (էջ 48) եղէական մը կրնայ համարուիլ Ինտրա, բայց միւս կողմէ Բազմաւորութիւնն ու Շարժումը բացարձակապէս առերեւոյթ բաներ նկատած չունի «Ներաշխարհ»ին մէջ՝ թէ՛եւ Զենոնի Սլացող Նետին «անշարժութեանը» ցարդ հիանայ: Կարելի է Սբինոզական բան մը տեսնել մանաւանդ այն էջերուն մէջ ուր «համաստուածեան» հեղինակն հանրամարդկային ու տեսլապաշտ համեստութեամբ մը կը խօսի. «Աստուածգիտութեան երանութիւնը» (165). «Դէպ ի լուսաննիւթ Յաւերժութիւնը. (բարձրացած են նոճիք) որմէ ամեն բան իջաւ յամրօրէն, դիրտերու սուզմամբը, թանձրացած բաներու տրտմութեամբը, եւ ո՛ր պաղած երկիրներուն մէջ իբրեւ խիղճեր, իբրեւ կրօնքներ կը կայծի՝… պատմելու ա՛յն վերիւրացումն որով նիւթին տարածութիւնները պիտի վերադարձնէ ցյագ իր լուսեղինութեան» (184): Բայց արդեօք այլուր, երբ տոգորուած է Ինտրա հզօրապէս անհատացեալ Եսին հանրէացման գաղափարով, չի՞ հեռանար եղէական ու հոլանտական դրութիւններէն, դէպ ի գերմանականը միտելով: «Հանրացնող մտքին անդրհայեցութիւնն…. անմատչելի, անիւրանալի իրականութեանց հանդէպ հոգւոյն իւրացնելու խորին իղձն է» (122). «Մարդը փոխանցում մ’է ձեւէն դէպ ի իմաստը, թիւէն դէպ ի Անհունը, Իրականէն դէպ ի Գաղափարը» (124). «Ճակատագրի ի՛նչ աղքատութիւն, եթէ մարդ չըլլա՛յ ընկերութեան մէկ համադրոյթը» (53). «Միտքը կը ձգտի, անկախամէտ ու հզօր՝ հմայափոխուելու գաղափարական տիեզերքի մը, ներաշխարհին կատարելութիւնն որ հնար ըլլայ երբեք» (124). Աւելորդ իսկ է ըսել թէ Ինտրայի «Ինքնութիւնը», «հանրէական Ես»ը, «Առանձնացում»ը եսականութիւն չեն. «Ե՛սն է առաջին, տիեզերական մեղքը». «Կը ջանամ նայիլ Անոր, որ Ես չունէր. որուն Եսն Ամենն էր» (164). Եսին ընդհանրացումը, կամ ուրիշ բառով՝ տիեզերքի ներաշխարհացումը կը պանծացնէ միշտ Ինտրա: Տեղ մը (111–112) խիստ ուշագրաւ գաղափարներ կան. մանաւանդ ընդհ. գաղափար մը. «Հաւատք հանճարը, սէր հանճարը». առաջինն իբր Եսի կրաւոր վիճակ, միւսն իբր գործօն վիճակ հանդէպ Ամենայնին. երկուքն ալ Եսի ընդհանրացում մը կը նշանակեն, որքան անոր ամբողջականութիւնը (intégrité) կ’ենթադրեն: Այս նկատմունք ալ կը մղեն զիս հեղինակը նկատելու Հեկէլի կամ երիտասարդ Շելինկի վարդապետութեանց աւելի կամ նուազ մօտեցած քան Պարմենիդի ու Զենոնի (*) դպրոցին, եթէ երբեք անհրաժեշտ է զայն խումբի մը մօտեցնել, զայն իմաստասիրապէս դասաւորել, պրոտէական կերպառութիւններ ներկայացնող այս բանաստեղծը, որու փիլիսոփայական անորոշ ու անկազմ անհատականութիւնը ճշդագոյնս կարելի է յայտնել՝ զայն ըստ Պէրպէրեանի համարելով պարզապէս «համաստուածեան հակումներով խմորուած» հոգի մը:

Եւ այս համադրասէրն ու բնութենականն ուրիշ կերպ չպիտի ըլլար: Գիտութիւնն ալ, որ ոչ այլ ինչ է այլ եւս քան իրաւընտիրն (arbitre) իմաստասիրութեան, ուրիշ կերպ չի խորհիր կարծես: «Ներաշխարհ»ին մէջ կրնանք գտնել նաեւ համաձայնութիւն մը որքան նախկին Հիւլէականաց եւ մեծ ու մթին Հերակլիտի հետ, որու հուրն է կարծես Ինտրայի «Արփ»ը, նոյնքան եւ արդի գիտութեան հետ՝ զոր հին բառերով կոչելու համար՝ կրնանք հիւլէական-համաստուածեան համարել: Հեղինակը նախազգացեր է կարծես՝ մէկ կողմէ՝ արդի վարկածի մը (զոր 1903ին ֆրանս. Ակադեմիային ներկայացուցած է Պ. Ֆ. Ռէ, ) հիմնական գաղափարը, այսինքն հիւլէական եւ մոլորակային դրութեանց նոյնութիւնը, ու միւս կողմէ՝ Նիւթին յետին քայքայմամբ երեւան գալն Energieին: Տեսնել «Ներաշխարհ»ին մէջ լոյսին մասը, ուր Ինտրա իր բնազանցական Հոգի բառով, բանաստեղծական Արփ բառով, գիտական Եթեր բառով կը պատմէ Նիւթին վախճանը, թո՛ղ թէ նաեւ ծագումն ալ՝ ուստի դարձեալ կը թուի Պարզ Մարմնոց իսկ կանխագոյն նոյնութիւնը կասկածող գիտութիւնը կանխել: Բայց անշուշտ Ինտրայի դէմյանդիմանութեանց բացարձակ արժէքին ըսելիք չունինք. խնդիրն հոն է որ ունի՞ն նաեւ այն յարաբերական արժէքը զոր կը պահանջէ անոնցմէ գիտական կամ փիլիսոփայական որոշ շինուած մը, մանաւանդ որ Ինտրա՝ իր ընկալեալ «համաստուածութեան» հետ կամ հակառակ՝ զարմանալի կերպով ուղղափառ է մերթ. «ոչ Վարդապետն այլ Որդին, ոչ Եօշուան այլ Քրիստոսը» (164-5). եւ նոյնքան զարմանալի կերպով ալ նիւթականապաշտ. «Հայրս չմեռա՞ւ ուրեմն» (108): Պէրպէրեան կ’ըսէ. «Երեւակայութիւնդ կ’ելեւէջէ նիւթէն հոգիին, հոգիէն ի նիւթն… ամենայնի հետ ոգեխառնուելով, համայնին մէջ սուզուելով. անհուն ոլորտին մէջ թալալացեալ ճախրելով. վերացման անգայտ մարզերուն մէջ կորսուելով»: Հոս պէտք չէ տեսնել միայն սահմանն երիտասարդ հեղինակին envergureին. այլ նաեւ անոր տղայութիւնն ու անփութութիւնն հանդէպ իմաստասիրական ճշգրտութեան հարկին:
--------------------------

(*) Գրքին մէջ (էջ 86) յիշուած Զենոնը միւսն է՝ առաքինի ստոյիկեանը, թէեւ ան ալ համաստուածեան մ’է: