Յօդուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԳԱՐԵԳԻՆ ԵՊԻՍԿ. ՍՐՈՒԱՆՁՏԵԱՆՑ (1840–1892)

Վանեցի: Վարագայ վանուց վարժարանին մէջ, զոր հիմնած էր 1858-ին, աշակերտած է Խրիմեանին: Աջակցած՝ աշխատակցած անոր՝ «Արծուիկ Տարօնոյ»ին հրատարակութեան ատեն ի Մուշ, ուր փոխադրուած էր տպարանը: Իբր եկեղեցական, երկար ճամբորդութիւններ ըրած է զանազան գաւառներ այլեւայլ ազգային պաշտօններով եւ իր գրական երկերուն մեծ մասն արդիւնք է այս ուղեւորութեանց: Իր ազգանուէր եկեղեցականի կեանքը կնքած է Սրուանձտեանց 1892, դեկտ. 17-ին Ազգ. հիւանդանոցին մէջ:

Գործերը. «Գրոց ու Բրոց», «Հնոց ու Նորոց», «Թորոս-Աղբար» (2 հատոր), «Մանանայ», «Համով Հոտով», ամենքն ալ ուղեգրական ժողովրդական գործեր: Ունի նաեւ թատերգութիւն մը, «Շուշան Շաւարշանայ»: Սրուանձտեանի գրական գործը՝ ամենամեծ մասամբ՝ գանձարան մըն է հայ ժողովրդագրութեան, թանգարան մը ազգային նուիրական հնութեանց: Տեղագրութիւնը, պատմութիւնը, բանասիրութիւ- նը եւ մանաւանդ ժողովրդագրութիւնը (folklore) կրնան Սրուանձտեանցի գործերէն օգուտ քաղել, մանաւանդ նիւթ գտնելով անոնց մէջ քան գաղափար: Քիչ ուղեւորներ այնքան առատ նիւթ հաւաքած են արդի Հայաստանէն: Սրուանձտեանց՝ գիտական, քննական ոգիէ զուրկ, առառաւելն հաւատարիմ տեղեկատու մըն է. եւ մերթ ատկէ ալ նուազ, երբոր, զոր օրինակ, զմայլելու եւ պաշտելու զբաղած տպաւորութիւններ մանաւանդ կը պատմէ քան իրեր կը նկարագրէ ճշդիւ:

Գրականութիւնն ալ գրագիտական արժէք գրեթէ չունի: Անտաշ, ինքնաբոյս արուեստ մըն է. յաճախ մաքրութենէ եւ բնականութենէ զուրկ, էականին, չափաւորին, ճշգրիտին (précis) հասկացողութենէն հեռու: Նարեկացւոյն գերեզմանին այցելութեան առթիւ կը մղուի գործածել վսեմ աղօթողին աննմանելի լեզուն եւ ատիկա տղայական կապկումի մը կը նմանի:   րիմեանի գեղջանոյշ կերպերուն բարդած է խանդավառ ու կայտռող շինականի մը աղմկալի եւ կոպիտ ձեւերը, եւ Ալիշանի շքեղ պաշտամունքը հանդէպ հայրենի նուիրականութեանց, Սրուանձտեանցի մէջ եղած է պարզամիտ fétichisme մը, զուարճալի երկրպագում մը հտպիտային ձեւերով: Իր գրականութիւնն այս գեղջկութիւններով լի է:

Բայց եթէ արուեստի հարցակէտը թողլով բարոյական տեսակէտէն դիտենք վանեցի վարդապետին գործը, կը գտնենք որ քիչ անգամ հայրենասիրութիւնն ունեցած է այսքան բուռն, այսքան ինքնատիպ, այսքան զեղուն օրինակ մը:

Սրուանձտեանց էապէս սիրահար մըն է հայրենիքին. անոր անցեալը, զոր կը գտնէ աւանդութեանց մէջ, յիշատակարաններուն մէջ, անոր ներկան, զոր կը տեսնէ բնութեան հոյակապ տեսարաններուն մէջ, աւերակներուն մէջ, բարքերու, սովորոյթներու մէջ, գաւառաբարբառներու մէջ, Հայր Սրուանձտեանցի սիրտը կը յորդեցնեն խանդաղատանքով մը, գորովալիր յարգանքով, fétichiste քրիստոնէութեան մը աւիւնով:

Նուիրական հայրենիքին հանդէպ այս անզուսպ, անկարգ սէրը սակայն, մերթ ընդ մերթ ծնունդ տուած է բացատրութեանց իրապէս զմայլելի գիւտերու, որք Սրուանձտեանցի գրականութեան տաժանելի անտաշութեան մէջ, կը ցայտեն լի աշուղային բանաստեղծութեամբ, սրտաբուխ արուեստով մը ինքնին գեղակերտ:

Հրաշալի Ալիշանէն եւ քաղցրանոյշ   րիմեանէն բաներ մը կ’երեւան իր մէջ, յոյժ ինքնաբեր կերպով, բայց մեծամասնութիւնն իր գրականութեան ոչ այլ ինչ է, քան Ալիշանի երկին հրաշալիքը քաոսային նախնականութեան մը մէջ, եւ   րիմեանի ոճին անուշութիւնն՝ յաճախ նողկալի ծայրայեղութեամբ:

Իր «Համով Հոտով»ը վարձատրուած է Իզմիրեանց մրցանակով, ինչպէս բոլոր գործերն ալ ջերմագին ընդունելութիւն գտած են հայ բանասէրներէն: Վերջերս ամերիկացի հայագէտ մը, Միսիս Վընկէտ՝ «Մանանայ» եւ «Համով Հոտով» հատորները թարգմանեց անգլիերէնի: