Յօդուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԲԱՑ ՆԱՄԱԿ

«Արեւ. Մամուլ»ին

«Կարծիքներ» յօդուածս «Բիւրակն»ի մէջ վերստին հրատարակել մտադրելով՝ ձեռագիրս ձենէ խնդրելէս ետքը՝ ունեցած անբաւական նախագիծիս եւ ձեր հրատարակած կտորներուն օգնութեամբ ամբողջ ուսումնասիրութիւնը վերակերտելու նեղութիւնը նախամեծար համարեցի քան թէ չհրատարակուած մասերուն քիչ յուսալի վերադարձին սպասելը: Եթէ վախը չունենայի որ կտրատածնիդ կրնայիք նաեւ անհետացնել, ինչ որ ըրեր էք արդէն, կը վայլէր որ ձեր յապաւմանց «ձեռնհասութեան» վրայ խօսած ատենս, անոր պատշաճութեան ու պարկեշտութեան աստիճանն ալ ճշդէի: Այսուհանդերձ «Բիւրակն»ի խստալեզու նախաբանը որ իրե՛ն կը վերաբերի, անհաշտ չէ՛ իմ սակաւախօս նամակիս այն խօսքին հետ թէ յապաւումը, ձեռնհասօրէն գործադրուելով՝ ընդհանուր ոգիին վնասած չէր: Վասնզի եթէ լոկ ընդհանուր ոգին պէտք ըլլար մեզի՝ քանի մը տողով կրնայինք յայտնել զայն, եւ էջերու հարկ չէինք տեսներ: Ձեռնհասութիւն մըն է մանրամասնութիւններ միայն յապաւել, (ենթադրելով միշտ որ ատո՛նք յապաւած էք միայն) սակայն ճիշդ այդ մանրամասնութիւններն էին որ համոզիչ պիտի դարձնէին յայտնուած կարծիքները, զանոնք փաստելով եւ լուսաբանելով. իրօք իրենց չգոյութիւնը անըմբռնելի ըրած էր ինչ ինչ գլխաւոր գաղափարներ, եւ ամեն եզրակացական դատաստան, ուստի եւ յօդուածին բուն իմաստէն շատ բան կորսնցուցած: Ասկէ զատ, խիստ վայելուչ է որ բուն անիրաւեալները լռեն, եւ ուրիշները յանձն առնեն զանոնք պաշտպանել. եւ դուք ո՛չ իմ յօդուածագրի իրաւունքս յարգած էիք, ո՛չ Պէրպէրեան էֆ. ի հեղինակի իրաւունքը, ո՛չ ալ ընթերցողին՝ ճանչնալու իրաւունքը: Չի՛ հասկցուիր թէ ի՛նչ ուղղամտութեամբ է որ ձեր կտրատած յօդուածին՝ արդար եւ նոյն իսկ վայելուչ ծանօթութեամբ մը վերատպուելու իրաւունքէն կը նեղուիք, եւ ի՜նչ իմացականութեամբ իմ նամակիս եւ «Բիւրակն»ի նախաբանին սերտ համաձայնութիւնը, եւ անիրաւեալի ու պաշտպանողի արտաքին տարբերութիւնը զարմանալի կը գտնէք, մանաւանդ որ ձեր յապաւմանց հաճոյալի (այսինքն պարկեշտ ու օգտակար) եղած չըլլալը երկտողիս մէջ ձեզի ե՛ս իսկ յայտնած էի բաւական՝ ինչ որ, ձենէ անյուսալի պարզութեամբ մը արտագրած ալ է՛ք նոյնութեամբ՝ ձեր ստորագծած խօսքերէն առաջ: Ձեր փակագիծին հեգնօրէն զարմացական նշանները ուրեմն՝ ձեր յապաւումներուն պէս անվայել են ու անտեղի: