Յօդուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԵՂԻԱ ՏԷՄԻՐՃԻՊԱՇԵԱՆ (1851–1908)

Ծնած Պոլիս, հոն մեռած՝ անձնասպան, երկարատեւ մտային խանգարումէ մը վերջ: Եղած է ուսուցիչ մատենագրութեան, պատմութեան, իմաստասիրութեան, քաղաք. տնտեսագիտութեան եւն., Հայկազեան Կրթարանի եւ Կեդրոնականի մէջ:   մբագիր՝ «Երկրագունդ»ի, «Տնտես»ի եւ «Գրական Իմաստասիրական Տետր»ի (1883–1887), հեղինակ բազմաթիւ գործերու. «Շահնազարեանի մը խղճին պարզ քննութիւնը», «Փիլիսոփայական բառարան» (2 հատոր՝ նախափորձ եւ փորձ), «Շրջագայութիւն մը թաղիս մէջ», «Իմաստասիրութեան Պատմութիւն», (տարերք): Յօդուածներ ունի մանաւանդ՝ «Արեւելք»ի եւ «Մասիս»ի գրական թիւերուն մէջ: «Աղջկան մը օրագիրը» («Երկրագունդ»ին մէջ), ճառեր, քերթուածներ, մեծ մասամբ հոս հոն հրատարակուած, մասամբ անտիպ:

Եղիան ունի ուրիշ գործեր ալ, որոնցմէ յիշենք միայն հայ-ֆրանսերէն բառգրքոյկ մը եւ ֆրանսերէնէ հայերէն բառագիրք մը: Գրական գլխաւոր ստանունն եղած է ժամանակ մը Գրասէր Ատոմ:

Իր մտաւորական գործունէութեան գլխաւոր մասը կը կազմէ 1880–1895 եւ այն միջոցին տիրող մտաւորականներէն մին է եւ իր գործն ու համբաւը մասամբ կը զուգընթանայ Պէրպէրեանին:

Բայց մինչդեռ Պէրպէրեան կը դատէ եւ կ’առաջնորդէ մանաւանդ՝ Եղիա կը զգայ եւ կը յուզէ աւելի: Պէրպէրեան կը լուսաւորէ, Եղիա կը դիւթէ կամ կը խռովէ: Պէրպէրեան ակնածալի է, Եղիա հետաքրքրական ու սիրելի: Առաջնոյն պայծառամտութիւնը, երկրորդին մելամաղձոտութիւնը կը տպաւորէ հոգիները: Սակայն ինչպէս Պէրպէրեան բանաստեղծ է իր ազատ ժամերուն, Եղիան ալ խորհող ու քարոզող է իրեններուն մէջ: Դաստիարակութիւնն ու յառաջդիմութիւնները իր անկեղծ ու լուրջ ներշնչումներն են յաճախ եւ իր անօրինակ հմտութիւնն՝ իր ճառերուն եւ գրուածներուն հետ լաւ օրինակներ եւ ազդակներ են յաճախ: Բայց իր գլխաւոր յատկանիշներն եւ ազդեցութիւնը՝ լաւ կամ յոռի, կուգան իր բանաստեղծութենէն, որ իր բոլոր գործերուն ու ըրածներուն, իր երկին ու կեանքին մէջ կը տիրապետէ:

Լեզուն. Իմաստասիրութեան պատմութեան մէջ, զոր օրինակ, Եղիայի լեզուն դասական է, այսինքն՝ չափաւոր եւ համեմատական: Բայց իր միւս գործերէ շատերուն մէջ բոլորովին անձնական է, շարադասութեան վայելուչ քմայքներով, հնչիւններու ներդաշնակութեամբ, տեսակ մը յանգաւորութեամբ ու ձայնական նմանութիւններով եւ անլուր առատութեամբ նորակերտ բառերու: Այդ բառերը շատ անգամ ճաշակաւոր եւ ըստ օրինի են: Բայց շատ անգամ ալ ճշմարիտ պէտք մը չեն գոհացներ, ճիշդ Նարեկացիին շատ մը բառերուն պէս:

Գրաբարը ինչպէս իրեն սերնդակից միւս գրագէտներու (Թէրզեան, Պէրպէրեան եւն. ), իրեն համար ալ միջոց մըն է մաքրութեան, սեղմութեան, զանազանութեան, ներդաշնակութեան, ուստի ներկայ է ամեն վայրկեան իր աշխարհաբարին մէջ:

Իր ոճը. Բարեխառն եւ ծաղկեալ ոճ մըն է իրը՝ բոլորովին ինքնատիպ, հարուստ, քմահաճ ու գրաւիչ՝ եթէ արտասովոր չըլլար, եթէ աւելի միութիւն ու պարզութիւն ունենար: Լայն ու սաստիկ զգայնութիւն, կանխահաս, ամենիմաց միտք մը, երեւակայութիւն մը ազատ եւ անկաշկանդ, մերթ անբանաւոր ձեւի, գոյնի, ձայնի ճաշակ մը՝ յոյժ փափկացած, անսովոր հմտութիւն մը ամեն կարգի իրերու: Գերազանց ազնուութիւն մը եւ հեզհոգի խոնարհութիւն մը՝ սնափառ եսականութեան մէջ: Ճշմարիտ անկեղծութեան մը մէջ՝ տրամադրութիւն մը պչրանքի, մելամաղձոտութիւնը գիտնական տարակոյսներու եւ բանաստեղծական կարօտներուն, դրական խորհողի ժխտողութեան՝ հաւատացեալ մարդու, քերթողի, տեսանողի պաշտողութիւն, նիւթապաշտութիւն մը, որ զոհողութեան կը նմանի, տեսլապաշտութիւն մը, հոգեկանութիւն մը՝ ու յուսահատութեան ձեւ մը, մխիթարելու կերպ մըն է, ամեն վայրկեան հաղորդակցութեան մտքով մեծագոյն մարդոց եւ անոնց գործերուն հետ, յիշողութիւն, երազանք, խռովք, ահա այն բաները, որ պատճառ են իր ոճի ճոխութեան, քմայքներուն, հակասականութեանց եւ հրապոյրին:

Իր գրականութիւնը՝ բազմամասն, բազմատարր, բազմադիմի, նոյն ատեն ճապաղութեան մը տպաւորութիւնը կ’ընէ:

Արդարեւ, տեսակ մը անկապութիւն կայ Եղիայի քով եւ արձակի մէջ իր յանգաւոր կամ նմանաձայն բառերու յաճախակի ներկայութիւնը եւ այսօրինակ ուրիշ անկարգապահութիւններ, որոնք յոյժ մեծ բաժին մը ունին Եղիայի ինքնատպութեան մէջ, թերեւս ուրիշ բան չեն, այլ կանխանշանները այն մտաւոր անկարգապահութեան, այն խանգարման, որուն իր իմացականութիւնը ենթարկուեցաւ իր կեանքին վերջերը եւ որուն արդիւնքն եղաւ ինչպէս իր վերջին այլանդակ արարքներն ու համոզումները, նոյնպէս եւ շարք մը յիմարական յօդուածներ, ծայրէ ի ծայր բառախաղերով եւ անիմանալի բաներով լեցուն, ինչպէս նաեւ իր եղերական այն վախճանը, թիւրք անձնաւորութեան մը անձնասպանութենէ կարծես իրեն ներշնչուած («իսկ իմ այսուհետեւ յուշս ու մտածումս ու ներշնչումս ես, անմոռանալի՜ Ֆուատ պէյ, սոսկալի Ֆուատ պէյ, նախանձելի Ֆուատ պէյ…». «Գրական եւ իմաստասիրական շարժում», 1887, յունուար):

Եղիայի գեղեցիկ եւ արգահատելի կերպարանքը անցաւ մեր մէջէն հիացման, սիրոյ, գուրգուրանքի եւ մերթ ծաղրու առարկայ, իբրեւ տարօրինակ ու խռովիչ էակ մը, իբր ներուսուցիչ (initiateur) որ գաղափարական աշխարհը տենչալի դարձուց, եւրոպական քաղաքակրթութիւնն ու գրականութիւնը մեզ ընտանի ու սիրելի ըրաւ:

Գրականութիւնը գրականութեան համար Եղիայի սկզբունքն եղած է եւ իր թերութիւնը:

Եղիա փորձած է անգամ մը անձնասպան ըլլալ ի Մօտա (Գատը գիւղ) եւ անգամ մըն ալ Մուրացիկ եղած եւ Գատը գիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցիին դուռը կեցած է: