ԱՂԵՔՍԱՆԴՐ
ՓԱՆՈՍԵԱՆ
(1858–
)
Ծնած
է
1858ին,
Կ.
Պոլիս:
Ուսումն
առած
է
Խասգիւղի
Նուպար
Շահնազարեան
վարժարանին
մէջ:
Կանուխէն
սկսած
է
(80ական
թուականներէն
ի
վեր)
ոտանաւորներով
աշխատակցիլ
պարբերականներու,
որոնցմէ՝
«Բուրաստան
Մանկանց»ին
մէջ
տղոց
յարմար
բանաստեղծութիւններ
ունի,
ժամանակին
տղոցմէն
շատ
ճաշակուած,
սովորաբար
բարոյական
դասեր,
առակներ,
զուարճալիքներ
են
ատոնք,
եւ
առաջին
վայրկեանէն
կը
յայտնեն
սրամիտ
ու
ճարտար
տաղաչափը:
Տարիքը
առնելով՝
հետզհետէ
ըրած
է
մեծերուն
քիմքը
փայփայող
գրականութիւն
մը:
Հաւաքածոներն
են
«Շողեր
ու
Ցօղեր»
(առաջին
օրերու
քերթուածներ),
«Այգեկութք»,
«Ազատ
Քնար»:
Իր
ներշնչումները
շատ
լուրջ
վիճակներ
չեն,
ճշմարիտ
խորհուրդներէ
եւ
ճշմարիտ
զգացողութենէ
զուրկ՝
զբօսանքի
զուարթ
տրամադրութիւններ
են
աւելի:
Բոլոր
ինչ
որ
գրած
է
լուրջ,
սեթեւեթեալ
լրջութիւն
մը
կը
ներկայացնէ
միայն:
Ինչ
որ
զինքը
ժողովրդական
ըրած
է,
իր
նշանաւոր
ճարտարութիւնն
է,
տաղաչափելու,
եւ
մասնաւորապէս
ճոխութիւնն
իր
յանգերուն:
Չափն
ու
մանաւանդ
յանգը
եղած
են
Ալփասլանի
(Աղեքսանդր
Փանոսեանի)
քով
զուարթախոհ
երգիծանքի,
էսփրիի
եղանակներն
իր
երեւակայութեան,
անգամ
յանգերու
երեւակայութիւն
մըն
է.
յանգաւորելու
իր
խորհելու
կերպն
է
մինչեւ
իսկ:
այթ,
քմայք,
անակնկալ,
ներդաշնակութիւն,
բանաստեղծութիւն,
առատախօսութիւն,
շաղակրատութիւն,
պատճառ
ու
միջոց,
եւ
զայն
հանդուրժելի
ու
հետաքրքրական
դարձնող
համեմ,
ներշնչման
աղբիւր
եւ
ի
վերջոյ
փառքի
տիտղոս,
ու
այսինքն
ամեն
ինչ
եղած
է
յանգը
Ալփասլանի
համար,
որ
զայն
ներբողած
է
ոտանաւոր,
ընդդէմ
Պէրպէրեանի,
իբրեւ
բուն
խանդին
ու
հանճարին
չափ
կարեւոր
բան
մը
բանաստեղծութեան
մէջ:
–
Լրջագոյն
գործը
զոր
ըրած
է
ֆրանսացի
բանաստեղծներէն
իր
ըրած
թարգմանութիւններն
են
թերեւս.
կարծես
այդ
թարգմանական
աշխատութեան
մէջ
է
որ
գոհացուցած
է
իր
բանաստեղծի
փառասիրութիւնը:
Ունեցած
է
իր
յանգաճոխ
նմանողները,
բայց
իր
տաղաչափութիւնը
գերազանցուած
չէ: