ՊԵՏՐՈՍ
ԴՈՒՐԵԱՆ
(1852–1872)
Պետրոս
Դուրեան
Պոլսեցի
է,
Սկիւտար
ծնած:
Կանխահաս
եւ
վաղամեռ
քնարերգակ,
որուն
հանճարը
ժամանակ
ունեցած
չէ
յամրաստաց
տաղանդի
մը
խնամքին
շնորհիւ
կատարելագործուելու:
Իր
տարիքն
ու
հիւանդութեան
ցաւերն
են,
որ
կը
կազմեն
իր
ներշնչումները
ընդհանրապէս:
Սէրն
ու
մահը
իր
գլխաւոր
մտազբաղումներն
են:
Յաւերժութիւն
յիշեցնող
այս
երկու
նիւթերը՝
արժանի
ճշմարիտ
բանաստեղծի
մը
հոգուն՝
(քանզի
բանաստեղծութիւնը
ճշդիւ
այն
յուզումն
է
որ
կուգայ
անմահութեան
բաղձանքէն
կամ
գաղափարէն)
սէրն
ու
մահը
իրենց
հրեղէն
կամ
մռայլ
երանգները
տուած
են
Դուրեանի
տողերուն,
որոնց
յատկանիշները
կը
ձեւացնեն
եւ
երիտասարդ՝
գրեթէ
պատանի
հիւանդը
չէ
կրցած
ըլլալ
այնքան
մեծ
արուեստագէտ,
որքան
եղած
է
մեծ
զգացումով՝
կարենալու
համար
կատարեալ
գործ
մը
արտադրել:
Լեզուական
անկանոնութիւններ,
մտածութեան
ճապաղութիւններ,
ոչ
կատարեալ
տողերու
մեծ
թիւ
մը,
պոռոտ,
ուռուցիկ
արտայայտութիւններ
գլխաւոր
թերութիւններն
են
իր
քերթուածագրութեան:
Ինչ
ինչ
տողերու
ձեւը՝
մանկական
ըլլալու
տեղ՝
եղած
է
տղայական.
հաւանականաբար
մտքի
ճաշակի,
լրջութեան
պակաս
մը
կայ
այս
երիտասարդին
մէջ
եւ
ճշմարիտ
տառապանքն
է
որ
միայն
կը
լրջացնէ
զինքը:
Բայց
ինչպէս
ոչ
ոք
եղած
է
իրեն
պէս
օժտեալ
երիտասարդ
քերթող
մեր
մէջ,
ոչ
ոք
եղած
է
անոր
պէս
հիացիկ,
հառաչագին,
արտասուագին,
խռով,
տառապալից,
ոչ
ոք
անոր
պէս
ուժգին:
Իր
բանաստեղծական
աւիւնը
մեծ
է,
բայց
հանդերձեալի
հաւատքը,
անմահութեան
ստուգութիւնը
կը
պակսի
իրեն,
ուստի
իր
բանաստեղծութիւնն
ալ
շատ
վեհ
չէ:
Փառասիրութիւնը
կը
թուի
փոխանակել
իր
մէջ
անմահութեան
համոզումը
եւ
այս
պակասը
կ’երեւի
գոյացած
ըլլալ
իր
ինչ
ինչ
բարեկամներու
նիւթապաշտ
գաղափարներու
հաղորդակցութենէն:
Իր
աւիւնը՝
լիուլի
ու
համեմատաբար
լաւ
արտայայտուած
կը
տեսնուի
իր
քանի
մը
քերթուածներու
մէջ.
«Սեւ
սեւ»,
«Լճակ»,
«Նէ»,
«Տրտունջք»
եւն.
իր
գեղեցկագոյն
գործերն
են
«Թրքուհին»
եւ
«Զղջում»ը:
Թատերգութիւնները
եղերական
ճաշակ
մը
կը
մատնեն
եւ
ըստ
քմաց
երեւակայուած
իրականութիւններ:
Նկարագիրները
ոչ
մէկ
հարազատութիւն
ունին:
Նամակներու
լեզուն
չափազանց
ուռուցիկ
է
եւ
տեղ
տեղ
անիմաստ:
Նամակագրութեան
պարզութիւնը
չարաչար
կորսուած
է
անոնց
մէջ
եւ
թախծագին
փառասիրութիւն
մը
միայն
կը
տիրէ
հոն:
Դուրեան
համակրելի
անուն
մըն
է,
միշտ
սիրահար
ու
հիւանդ
եւ
հանճարեղ
պատանիին
նկատմամբ
ազգը
պահած
է
միշտ
համակիր
վերաբերում:
Եղած
են
բանաստեղծներ,
որ
ազդուած
են
իր
աւիւնոտ
ու
արտասուագին
կերպերէն,
առանց
ունենալու
իր
գրեթէ
աննախընթաց
անձնականութիւնը,
իր
նոր
ու
յանդուգն
բանաստեղծի
արժանիքը:
Երիտասարդները
կը
սիրեն
Դուրեանը,
իսկ
չափահասները
կը
մեղքնան
հէք
բանաստեղծին
վրայ: