ԳՐԻԳՈՐ
ՕՏԵԱՆ
(1834–1887)
Օտեան
ծնած
է
Սկիւտար:
Դաստիարակուած
է
հայրենի
տունը,
ժամանակին
լաւագոյն
ուսուցիչներուն
ձեռամբ,
յետոյ
ուսումը
շարունակած
է
ի
Փարիզ:
Եզական
դէմք
մըն
է
ժամանակակից
ազգային
պատմութեան
մէջ
իբրեւ
մին
ու
թերեւս
գլխաւորը
այն
մտաւորականներուն,
որ
յղացան
ու
իրագործեցին
Ազգային
Սահմանադրութիւնը
(Ն.
Ռուսինեան,
Ն.
Պալեան,
Պարտիզպանեան,
Բարունակ
պէյ,
Գր.
Աղաթօն
եւն.
)
ֆրանսական
յեղափոխութեան
վարիչ
ազնուագոյն
գաղափարներն
ընդգրկելով:
Անդամ
ազգային
երեսփոխանական
ժողովին,
հանդիսացած
է
մին
ամենէն
պերճախօս,
պատկառազդու
եւ
ունկնդրուած
ժողովականներէ:
Ներսէս
Վարժապետեանի
եւ
Խրիմեանի
պատրիարքական
ընտրելիութեան
ջատագով,
առաջնոյն
դէմ
իւթուած
եպիսկոպոսական
մեքենայութիւն
մը
երեւան
հանեց
եւ
պախարակեց,
ու
վերջնոյն
անունն
ինք
արտասանեց
առաջին
անգամ
իբրեւ
արժանաւոր
ընտրելի
պատրիարքական
աթոռին:
Ինքն
է
որ՝
քանիցս
արգիլուած
Սահմանադրութիւնը
յաջողեցաւ
արտօնել
տալ
եւ
անոր
տեւականութիւնն
ապահովել:
Իբրեւ
պետական
մարդ,
ոչ
նուազ
օգտակար
եղած
է
Գ.
Օտեան
իր
երկրին,
Միտհատ
փաշայի
հետ
ստեղծելով
Օսմ.
Սահմանադրութիւնն,
եպարքոսներու
խորհրդական
ըլլալով,
եւ
դիւանագիտական
պաշտօններ
մեծ
յաջողութեամբ
կատարելով,
այլեւայլ
տէրութեանց՝
գլխաւորաբար՝
Թիէռ
նախագահին
մօտ:
Ապտիւլ
Համիտի
պետական
հարուածէն
յետոյ,
Միտհատ
փաշայի
աքսորին
ի
լուր,
բարեկամները
խորհուրդ
տուին
իրեն,
մեկնիլ
արտասահման.
եւ
Օտեան
գնաց
իր
կեանքին
մնացեալ
օրերն
անցնել
ի
Փարիզ
(1880–1887),
ուր
բարեկամներու
յարգալից
անձնուիրութեան
շնորհիւ
ապրեցաւ,
եւ
ուր
վայելած
էր
արդէն
մեծանուն
ֆրանսացիներուն,
ինչպէս
Հիւկոյի՝
բարեկամութիւնն
ալ:
Հոն
մեռաւ
եւ
թաղուեցաւ
ի
Փէռ
Լաշէզ:
Իր
գրական
գործերը
փոքրաթիւ
են.
Ռուսճուգէն,
Փարիզէն
եւն.
գրուած
ընտանեկան-բարեկամական
նամակներ:
Նամակաձեւ
յօդուածներ
Իւթիւճեանի
«Մասիս»ին
եւ
Վահրամ
կեղծ
անունով
ճառեր
եւ
դամբանականներ:
Երիտասարդութեանը
թարգմանած
է
Լամառթինի
«Ռաֆայէլ»ը,
Ռուսինեանի
Ուղղախօսական
հայերէնի
մօտ
աշխարհաբարով
մը,
զոր
լքած
է
շուտով:
Գրականութիւնն
Օտեանի
համար
եղած
է
յոյժ
բնական
արտայայտութիւն
իր
հոգեկան
կեանքին
եւ
յաճախ
ոչ
աւելի
հանդիսաւոր
ու
ճոխագոյն
կերպ
մը
քան
իր
ատենաբանելու
եւ
խօսակցելու
եղանակը:
Մտաւորական
մըն
է
այնքան
ընտանի
եւ
վարժ
զգացման
եւ
խորհուրդի
կեանքին,
որքան
ազնուական
մը՝
ճոխ
ու
փարթամ
կեանքին:
Ազնուագոյն
զգացումները
ու
բարձրագոյն
մտածումները
կը
պարզէ
ինչպէս
իշխան
մը
իր
գոհարները
պիտի
կրէր,
առանց
դոյզն
պճնամոլութեան
ամենաբնական,
ամենապարզ
կերպով:
Ոչ
ոք
աւելի
բարձր
խորհած,
եւ
աւելի
ազնիւ
եղած
է
գրականութեան
մէջ,
աւելի
բնականութեամբ,
աւելի
ընտել,
աւելի
սովոր
կերպով,
եւ
նոյն
ատեն
ոչ
ոք
աւելի
ամբողջովին
ներկայ
է
իր
գրականութեան
մէջ,
որքան
Օտեան:
Մարդն
է
որ
կը
զգայ,
կը
խորհի,
կ’արտայայտէ
Օտեանի
մէջ
գրագիտական
կատարելիութեամբ
եւ
ոչ
թէ
գրագէտ
մը,
որ
կատարեալ
մարդկութիւն
մը
ձեւացնէր:
Իր
մարդկային
յատկանիշները
այնքան
գերազանց
են,
որ
գրագէտն
ուրիշ
բան
չըներ,
եթէ
ոչ
ազատ
թողուլ
զանոնք,
չդպչիլ
անոնց
հարազատութեան:
Օտեանի
մէջ
իրագործուած
է
գրագիտական
իտէալը,
այն
է՝
նոյնացումը
հոգեկան
կեանքին
եւ
արուեստին,
մարդուն
եւ
գրագէտին:
Իր
գործերը,
որոնց
մէկ
մասին
հաւաքածոյն
հրատարակուեցաւ
1910-ին
«Գ.
Օտեան»
խորագրով,
իրենց
գրական
օրինակներու
հանգամանքով,
ինչպէս
եւ
բարոյական
յոյժ
բարձր
արժէքով՝
բազմօգուտ
երկ
մը
կը
կազմեն
եւ
մշտնջենական
այժմէութիւն
մը
ունին,
շնորհիւ
այն
անսուտ,
հարազատ,
իսկական
նկարագրին,
այն
ճշմարտասիրութեան,
որ
կը
լեցնէ
զիրենք:
Իրենց
կրթիչ,
ազնուացուցիչ
դերէն
զատ,
զոր
կրնան
միշտ
կատարել,
անոնք
կատարած
են
նաեւ
մասնաւոր
դեր
մը,
որ
նոյն
վախճանին
կը
հասնի,
այն
է,
ծանօթացնել,
ընտելացնել
զմեզ
եւրոպական
մտաւորականութեան,
աւելի
թարմօրէն
քան
իր
ժամանակակից
Խ.
Միսաքեան
եւ
աւելի
ընտրողաբար
–
թէեւ
նուազ
ճոխ
կերպով
–
քան
Եղիա
Տէմիրճիպաշեան: