ՄԿՐՏԻՉ
ԽՐԻՄԵԱՆ
(1820–1907)
Մկրտիչ
Խրիմեան,
Կաթողիկոս,
ծնած
է
Վանայ
Այգեստանները:
Կանուխէն
որբ՝
հօրեղբօրը
Խաչատուրի
քով
դաստիարակուած:
Վարդապետանալու
կոչմանը
հակառակ՝
ընտանիքին
դրդմանց
անսալով
կ’ամուսնանայ
եւ
աղջիկ
մը
կ’ունենայ:
Որովհետեւ
գաւառներէն
հայեր
զինուոր
կ’առնուէին,
Վանէն
կը
փախչի
եւ
կը
դեգերի
ատեն
մը
Պարսկաստան,
Կովկաս,
Էջմիածին
եւ
կուգայ
Պոլիս:
Հայերէնի
ուսուցիչ
կը
կարգուի
Պոլսոյ
Խասգիւղի
աղջկանց
վարժարանին
մէջ.
նաեւ
երեւելիներու
տուները:
Կինն
ու
աղջիկը
կը
մեռնին
այդ
միջոցին:
Այլեւս
ազատ
է
հետեւելու
իր
վարդապետական
կոչման:
Բայց
դեռ
քանի
մը
տարի
ուսուցչութիւնը
կը
շարունակէ
հոս
հոն
(Թալաս,
Կիլիկիա):
1854-ին
Աղթամարի
մէջ
վարդապետ
կը
ձեռնադրուի:
Կ’որոշէ
վանքին
մէջ
Ժառանգաւորաց
վարժարան
եւ
տպարան
հաստատել՝
Պոլսոյ
մեծամեծներու
խոստմանցը
ապաւինած:
Բայց
Աղթամարի
միաբանները
կը
մերժեն
իր
ծրագիրը,
կը
ծաղրեն
զինք
եւ
Մկրտիչ
րիմեան
կը
թողու
Աղթամարն
ու
Պոլիս
կուգայ
1855-ին
եւ
Սկիւտարի
Ս.
Խաչ
եկեղեցիին
քարոզիչ
կը
նշանակուի:
Նոյն
թաղին
մէջ
Օտեան
Պօղոս
աղայի
օժանդակութեամբ
կը
հաստատէ
տպարան
ու
կը
հրատարակէ
«Արծուիկ
Վասպուրական»ի
ամսաթերթը,
մէկ
տարի
(1855–56):
Միշտ
Օտեանի
օժանդակութեամբ
տպարանն
ու
թերթը
կը
փոխադրուին
Վանայ
Վարագայ
վանքը
1858-ին:
Հայաստանի
առաջին
տպարանն
է
այդ:
Խրիմեան՝
վանքին
մէջ
գիշերօթիկ
վարժարան
մըն
ալ
կը
հիմնէ:
Տպարանին,
թերթին
ու
դպրոցին
պէտքերուն
համար
1860-ին
Թիֆլիս
կ’երթայ
գումար
մը
հանգանակելու
եւ
լիուլի
կը
յաջողի:
Խրիմեան,
վանահայր
Վարագայ
վանուց՝
1862-ին
կը
նշանակուի
միանգամայն
Մուշի
առաջնորդ
եւ
Ս.
Կարապետի
ալ
վանահայր.
ուստի
Վանտոսպի
տպարանը
կը
փոխադրուի
Մուշ,
ուր
1868-ին
«Արծուիկ
Տարօնոյ»
թերթը
կը
սկսի
հրատարակել
րիմեանը
աջակցութեամբ
Գարեգին
վրդ.
Սրուանձտեանցի:
Մշոյ
Առաջնորդութեան
ատենն
է,
որ
առաջին
անգամ
ըլլալով,
քիւրդերու
հարստահարութեանց
դէմ
ազդուապէս
կը
բողոքէ
Կարնոյ
կուսակալին,
որ
70
անուանի
քիւրդեր
կը
տարագրէ
Րումելի:
Մկրտիչ
րիմեան
արդէն
իսկ
կը
յորջորջուի
Հայրիկ,
թէեւ
դեռ
40–45
տարեկան:
1868-ին
Գէորգ
Դ.
Կաթողիկոսէն
կը
ձեռնադրուի
եպիսկոպոս
Տարօնոյ
եւ
կը
շարունակէ
Մշոյ
Առաջնորդութիւնն,
երբոր
ոչ
իսկ
տարի
մը
յետոյ,
1869-ին,
սեպտ.
4-ին
կ’ընտրուի
Պատրիարք
եւ
կուգայ
Պոլիս:
Իր
Պատրիարքութիւնը
կը
բախի
թշնամական
ընթացքներու,
վասնզի
գլխաւոր
գործը
կ’ըլլայ
բողոքել
Հայաստանի
կրած
հարստահարութեանց
համար:
Չորս
տարի
միայն
կը
մնայ
պատրիարքական
աթոռի
վրայ
եւ
գեղեցիկ
հրաժարականով
մը
զայն
կը
թողու
1873,
հոկտ.
ին:
Իր
գրական
աշխատութեանց
մէկ
մասը
կը
վերաբերի
յետ
պատրիարքական
տարիներուն
մինչեւ
1878:
1878-ին
Պերլին
ղրկուեցաւ
որպէսզի
Վեհաժողովին
ներկայացնէր
Հայաստանի
դժբախտ
վիճակը,
որուն
ոչ
ոք
իրմէ
աւելի
տեղեակ
էր
եւ
զոր
ներկայացնելու
համար
ոչ
ոք
իրմէ
աւելի
կորով
եւ
պերճախօսութիւն
ունէր:
Իրեն
իբրեւ
թարգման
կ’ընկերանար
Մինաս
Չերազ:
Խրիմեանի
այս
պաշտօնն
հայոց
դատին
օգտակար
եղաւ,
նպաստելով
61-րդ
յօդուածին
խմբագրութեան:
Ատկէ
զատ
Տարօնոյ
արքեպիսկոպոսին
եւ
նախկին
Պատրիարքին
վեհաշուք
անձն
ու
իմացական
եւ
հոգեկան
բարձրութիւնը,
ինչպէս
տեղեկութիւնները,
զոր
Խրիմեան
կը
հաղորդէր
եւրոպացի
դիւանագէտներուն
եւ
մտաւորականներուն,
նկատմամբ
հայ
ազգին
բաւական
լաւ
գաղափար
մը
տուին
Հայաստանի
ժողովուրդին
պատմական
եւ
ցեղային
արժանեացը
մասին,
այնպէս
որ
Մկրտիչ
Խրիմեան
առաջիններէն
ու
լաւագոյններէն
հանդիսացաւ՝
հայերն
Եւրոպայի
մտքին
ու
համակրութեան
ներկայացնող:
1880-ին
կը
դառնայ
Վան
իբրեւ
առաջնորդ
եւ
սովելոց
նպաստելու
գործին
ղեկավար:
Հանդէպ
հայ
ժողովուրդին
ու
նոյնիսկ
քիւրդ
ժողովուրդին
իր
ցոյց
տուած
գթալից
վարմունքը
զինքը
ժողովրդականացուցին
անգամ
մը
եւս,
եւ
աւելի
քան
երբեք:
Բայց
1885-ին,
կառավարութիւնը
հեռացուց
զինքը
Վանէն
իբրեւ
յեղափոխական
եւ
գործակից
Մկրտիչ
Փորթուգալեանին
եւ
զինքը
բնակեցուց
Պոլիս,
ուր
Գուզգունճուկի
եկեղեցւոյն
քարոզչութիւնն
ըրաւ
մինչեւ
1890:
Այդ
միջոցին
էր,
որ
ներկայ
սերունդին
երէցները
առիթ
կ’ունենային
լսելու
րիմեանի
քարոզները
Սկիւտարի
եկեղեցիներուն
մէջ
կամ
այլուր.
քարոզներ՝
զոր
եօթանասնամեայ
մեծ
վայելուչ
ծերունին
կը
խօսէր
երկու
գերագոյն
բաներէն
միայն
ներշնչուած,
Աւետարանէն
եւ
Հայաստանէն:
Ապտիւլ
Համիտ
զայն
աքսորեց
Երուսաղէմ,
ուր
մնաց
երկու
տարի,
մինչեւ
ընտրուիլն
ի
կաթողիկոսութիւն:
1892,
մայիս
5-ին
ընտրուեցաւ
միաձայնութեամբ
Ամենայն
Հայոց
Կաթողիկոս:
Սուլթանին
արգելքներուն
հետեւանքով՝
Հայրապետը
Պաթում
հասաւ
ոչ
թէ
Պոլսէն
անցնելով,
այլ
Եգիպտոսի,
Թրիէսթի,
Վիէննայի
եւ
Օտեսայի
ճամբով:
1893
սեպտ.
26-ին
օծուեցաւ
եւ
տասնեւչորս
տարի
վարեց
Կաթողիկոսութիւնը
մինչեւ
1907:
Իր
Հայրապետութիւնը
տխուր
եղաւ.
իր
ազգին
ցաւերովը
տառապող
Հայրիկը,
Հայրապետական
գահուն
վրայ
դառնագոյն
արցունքներով
պիտի
ողբար
Հայաստանը,
քանի
որ
կովկասահայոց
ծխական
դպրոցներու
փակումն
ու
շէնքերու
եւ
դրամագլուխներու
գրաւումը
1896–97-ին,
թրքահայերու
կոտորածներն
1895–96-ին,
ռուսահայոց
կալուածոց
գրաւումն
1903-ին
եւ
թաթարներու
կողմէ
հայոց
ջարդն
ի
Կովկաս
1905-ին՝
տեղի
ունեցան
Խրիմեանի
Կաթողիկոսութեան
ատեն:
Մեծ
Հայրապետը
չյուսահատեցաւ,
ըրաւ
ինչ
որ
կրնար,
բոլոր
այս
ցաւերը
ամոքելու
համար:
Հուսկ
ուրեմն
տեսաւ
կալուածներու
վերադարձուիլը.
թէեւ
իր
բաղձանքներուն
խորագոյնները
եւ
հնագոյնները
միշտ
մնացին
չիրագործուած:
Վախճանեցաւ
1907
հոկտ.
29-ին,
ազգն
ամբողջ
ի
սուգ
համակելով
եւ
թաղուեցաւ
Էջմիածնայ
աւագ
տաճարին
գաւիթը,
ուրիշ
մեծ
Հայրապետի
մը,
Ներսէս
Ե.
ի
շիրմին
քով:
Խրիմեանի
գործերը.
–
Բացի
«Արծուիկ
Վասպուրականի»
եւ
«Արծուիկ
Տարօնոյ»
թերթերուն
մէջ
իր
այլեւայլ
գրութիւններէն
եւ
զանազան
գրուածքներէն,
րիմեան
ունի
հետեւեալ
երկերը:
«Հրաւիրակ
Արարատեան»
եւ
«Հրաւիրակ
Երկրին
Աւետեաց»,
առաջնոյն
մէջ
կը
հովուերգէ
Հայաստանն
ու
հոն
կը
հրաւիրէ
ազգն
ու
ազգին
սիրտը:
Երկրորդին
մէջ
կը
ներբողէ
Պաղեստինը՝
Ս.
Երկիրը՝
եւ
հոգիները
կը
հրաւիրէ
այս
երկրին
բարձրագոյն
գեղեցկութիւններուն:
Երկու
«Հրաւիրակ»ներն
ալ
հայկական
տաղաչափութեամբ
գրաբար
քերթուածներ
են:
Արձակ
գործերն
են՝
«Դրախտի
Ընտանիք»,
ուր
տեսլական
ընտանիք
մը
կը
նկարագրէ,
ցոյց
տալով
միջոցները,
որոնցմով
կը
կազմուի
այն:
«Սիրաք
եւ
Սամուէլ»,
որ
շարք
մըն
է՝
հայ
երիտասարդաց
ուղղեալ
բարոյական
դասերու:
«Մարգարիտ
Արքայութեան
Երկնից»,
տեսակ
մը
քրիստոնէական,
որ
ներշնչեալ
տողերով
Աւետարանի
վարդապետութիւնը
կը
բացատրէ:
«Յիսուսի
վերջին
շաբաթ
եւ
աչի
ճառ»
գրքոյկը՝
ուր
բանաստեղծօրէն
կը
նկարագրէ
եւ
կ’եղերերգէ
Քրիստոսի
վերջին
օրերու
դրուագները,
մերթ
գեղեցիկ
յղացումներով
զարդարելով
զանոնք,
եւ
որուն
սկիզբը
դրուած
է
զմայլելի
խրատական
մը՝
«Յորդոր
առ
իմ
պաշտօնակից
եղբարս
եւ
խաչակիր
ուխտն
եկեղեցւոյ»:
«Հայգոյժ»
եւ
«Վանգոյժ»,
որոնց
մէջ
կ’ողբայ
զՀայաստան
եւ
անոր
աղէտները
կը
պատճառաբանէ,
եւ
ատոնց
բարձրագոյն
դարմաններն
ու
մխիթարութիւնները
կը
բերէ:
«Պապիկ
եւ
թոռնիկ»
(հայրենասէրի
խօսակցութիւններ),
«Ժամանակ
եւ
խորհուրդք
իւր»:
Գրականութիւնը.
–
Քիչերը
ներկայացուցած
են
հանգամանքներու
այն
միութիւնը,
որ
կայ
րիմեան
Կաթողիկոսի
անձին
մէջ:
Իր
հմտութիւնը
կը
բաղկանայ
հայ
լեզուի
եւ
պատմութեան,
քրիստոնէական
վարդապետութեան
եւ
Ս.
Գրոց
պատմութեան
ծանօթութենէն:
Իբրեւ
մարդ՝
հայ
մը
եւ
քրիստոնեայ
մըն
է.
իբրեւ
ընկերային
անհատ
կամ
գործիչ՝
ճշմարիտ
ազգասէր
մը
եւ
եկեղեցւոյ
ճշմարիտ
հովուապետ
մըն
է
Խրիմեան:
Իբրեւ
բանաստեղծ,
գրագէտ,
քարոզիչ՝
ուրիշ
տենչանք
չունի,
բայց
եթէ
հայրենիքին
երջանկութիւնն
ու
եկեղեցւոյն
անարատութիւնը.
ուրիշ
գործ՝
բայց
եթէ
սիրելի
ընծայել
եւ
սրտերուն
մէջ
անվերջ
անջինջ
տպաւորել
Հայաստանն
իր
պատմութեամբ,
իր
եկեղեցիով
ու
դերով,
իր
գեղեցկութեամբ
ու
պարզութեամբ
եւ
քրիստոնէութիւնն
իր
գերագոյն
բարոյացուցչութեամբ,
իր
ընծայած
ուժով
ու
երջանկութեամբ:
Խրիմեան
ուրիշ
ներշնչման
աղբիւր
չունի,
բայց
եթէ
Հայոց
աշխարհն
ու
Աւետարանը:
Կը
խանդաղատի
միոյն
համար,
կը
պաշտէ
միւսը.
կը
գուրգուրայ
միոյն
վրայ,
իբրե
առաջնորդ,
հովիւ,
հայր.
կը
սիրէ,
կը
ներբողէ,
կը
պանծացնէ
միւսը՝
իբրեւ
աշակերտ,
իբրեւ
առաքեալ,
իբրեւ
մարգարէ:
Իր
մէջ
հաշտուած
միաբանած
են
կատարեալ
ազգայնութիւնն
ու
կատարեալ
քրիստոնէութիւնը
կամ
մարդկայնութիւնը,
վասնզի
Ազգը
իրեն
համար
ընտանիք
մըն
է
եւ
ընտանիքի
մը
հայրը
կրնայ
նոյն
ատեն
կատարեալ
քրիստոնեայ
մը
ըլլալ,
մանաւանդ
որ
ընտանիքի
կատարեալ
հայր
մը
միայն
կրնայ
ճշմարիտ
եղբայր
մը
եղած
ըլլալ
մարդոց:
Թերեւս
Խրիմեանի
իրապէս
ընտանիքի
մը
հայր
մը
եղած
ըլլալը
դեր
մը
ունեցած
է
իր
ըմբռնումներուն
մէջ,
բայց
անտարակուսելի
է
թէ
մին
է
րիմեան,
ինքնին,
ամենէն
տիեզերական
մարդոցմէն
որ
ըլլան
երբեք
Ազգի
եւ
Քրիստոնէութեան
կամ
ինչ
որ
նոյն
է՝
Աստուծու
Մարդ:
Իր
ոճը
չի
նմանիր
արուեստագէտ
հեղինակներու
ոճին.
կրնայ
ըսուիլ,
թէ
Խրիմեան
ոչինչ
ուսած
է
հռետորական.
ինքնեկ,
անողորկ,
կիսավայրի
բան
մըն
է
իր
գրելու,
ինչպէս
խօսելու
կերպը.
ընդհանրապէս
պարզ,
քիչ
մը
գեղջուկ,
բայց
միշտ
սկզբնատիպ
է
իր
ոճը:
Եթէ
մերթ
իմացական
հասարակութիւններ,
զարդական
սեթեւեթներ
եւ
անճաշակութիւններ
կ’երեւին
իր
գրուածոց
մէջ,
բայց
բան
մը
կայ,
որ
ամեն
վայրկեան
ծիծաղկոտ
իմն
կը
ցայտէ
իր
նոյնիսկ
լրջագոյն
խօսքերէն
եւ
մասնաւոր
համ
մը
կը
դնէ
րիմեանի
գրականութեան
մէջ.
այդ՝
իր
նրբամտութիւնն
է:
Արդարեւ
իր
ոճը
զուարթ
եւ
պսպղուն
բան
մը
ունի
շնորհիւ
այդ
յատկութեան,
որ
անբաժան
է
Խրիմեանի
մտքէն,
ինչպէս
որ
քրիստոնէական
վստահութիւնն
ու
խաղաղութիւնը
անբաժան
են
իր
հոգիէն:
Այդ
նրբամտութիւնը,
որուն
շնորհիւ
րիմեան
իր
եկեղեցական
քարոզներուն
իսկ
ատեն՝
լսելի
ծիծաղներ
յառաջ
բերած
է
ժողովուրդին
մէջ,
իբրեւ
թէ
աշխարհական
բեմէ
մը
խօսէր.
այդ
նրբամտութիւնն
յաճախ,
յոյժ
բարեդիպօրէն
ծառայած
է
Խրիմեանի՝
երգիծանելու
համար,
թէեւ
միշտ
քաղցրօրէն,
իր
հօտին
եւ
մանաւանդ
զայն
վարելու
կոչուած
եկեղեցականներուն
բարքերն
ու
վարմունքները,
զոր
օրինակ
«Խաչի
ճառ»ին
յորդորին
մէջ:
Իր
ոճին
մէջ
այլապէս
տիրող
ուրիշ
վիճակ
մըն
է,
նոյնքան
սիրելի,
եթէ
ոչ
այնքան
ախորժելի,
իր
գթած
հօր
եւ
միւս
կողմէ
Աստուծոյ
գութին
ապաւինող
հովուի
իր
անհուն
անուշութիւնը,
քրիստոնէական
եւ
Հայաստանեկ
միանգամայն,
որ
արդէն
կը
ծորէր
րիմեանի
վեհ
կերպարանքէն:
Իր
գրականութեան
իւրայատուկ
հանգամանքներուն
պատճառաւ
ալ
–
ինչպէս
իր
կենաց
գլխաւոր
գիծերուն
–
ժողովրդային
ընդհանուր
համամտութեամբ
իրեն
տրուած
Հայրիկ
տիտղոսը
կատարելապէս
կը
պատշաճի
իրեն
եւ
կրնայ
ըսուիլ
թէ
կը
խտացնէ,
կ’ամփոփէ
Մկրտիչ
Խրիմեանի
ինչպէս
կեանքը,
նոյնպէս
եւ
գրականութիւնը: