ԽՈՐԷՆ
ԱՐՔԵՊ.
ՆԱՐՊԷՅ
(1831–1893)
Նարպէյ
ծնած
է
Բերա,
հայ
կաթոլիկ
մօրմէ.
հայրը,
Գէորգ
Եուսուֆ,
Պետերսպուրկի
զինուորական
վարժարանը
դնել
կ’ուզէր
իր
որդին,
իսկ
մայրը
կը
փափաքէր
զայն
ղրկել
Վենետիկ,
ուր
եւ
ղրկուեցաւ
արդարեւ
1843-ին՝
երկոտասնամեայ:
Հանճարեղ
որքան
շնորհագեղ
պատանին՝
Ջիւան՝
կանխահասօրէն
կը
զարգանայ
հոն,
մեծանուն
եկեղեցականներու
խնամքին
եւ
հիացման
առարկայ
հանդիսանալով:
1855-ին
քսանեւչորսամեայ,
կուսակրօն
քահանայ
կը
ձեռնադրուի
եւ
կը
նշանակուի
Գէորգ
Հիւրմիւզ
աբբահօր
քարտուղար
եւ
տնօրէն
«Բազմավէպ»ի:
Այդ
միջոցներուն
է
որ
որէն
վարդապետի
եղբայրը՝
Ամբրոսիոս
Գալֆա,
նաեւ
Գաբրիէլ
Այվազովսկի
եւ
Սարգիս
Թէոդորեան
երեք
վարդապետները
Վենետիկի
միաբանութիւնը
թողլով՝
դարձած
էին
Հայաստանեայց
եկեղեցւոյ
գիրկը
եւ
Բարիզի
մէջ
կը
վարէին
Հայկազնեան
վարժարանը:
Խորէն
վարդ.
ինքն
ալ
թողուց
Վենետիկի
կաթոլիկ
միաբանութիւնն
ու
հայրենի
եկեղեցին
վերադարձաւ,
հակառակ
Հ.
Արսէն
Բագրատունւոյ
եւ
Հիւրմիւզ
եպիսկոպոսներու
փափաքին
եւ
ճգանց,
եւ
Պոլսոյ
Պատրիարքին
կարգադրութեամբ
նշանակուեցաւ
Բարիզի
հայ
վարժարանին
ուսումնապետ,
եւ
եռանդագին
գնաց
հաստատուիլ
1858-ին
Ֆրանսայի
մայրաքաղաքը,
որ
Վենետիկի
վանական
միջավայրին
չափ
եւ
աւելի
մտաւորական
կեանք
մը՝
միանգամայն
եւ
գերազանցօրէն
աշխարհիկ
միջավայր
մը
կը
խոստանար
իրեն:
Երկար
ատեն
չպիտի
կրնար
սակայն
մնալ
ցանկալի
ոստանին
մէջ.
բայց
աշխարհասէր
վարդապետը
միջոցներ
ունեցաւ
հոն՝
երբեմնի
վանական
կեանքի
խստութիւնները
փոխարինող
ազատութիւն
մը
վարելու,
ազնուապետական
դահլիճներու
մէջ
մուտք
ունենալով,
փայլուն
մտաւորականի,
փնտռուած
վայելչասէրի,
սալոնականի
մը
համբաւ
մը
շահելով,
գեղեցիկ
խօսողի
եւ
դաշնակահարի
իր
հմայքով՝
գրաւելով
շատերու
եւ
մասնաւորապէս
տիկնանց
համակրութիւնը:
Ինչպէս
վանքին
մէջ,
նաեւ
հոս
ալ
իր
պարապոյ
ժամերուն
մէկ
մասը
կը
նուիրէր
բանաստեղծութեան.
եւ
եթէ
իր
աշխարհիկ
ճաշակները
յագուրդ
կը
գտնէին
երեկոյթներու
մէջ,
իր
մտաւորական
բարձրագոյն
ձգտումներն
ալ
սնունդ
կը
գտնէին՝
մանաւանդ
այն
սիրալիր
ու
մտերիմ
յարաբերութեամբ,
զոր
բախտ
ունեցաւ
մշակել
բանաստեղծութեան
մէկ
գերագոյն
ներկայացուցչին՝
Լամառթինի
հետ,
որուն
հիացող
մը,
գրեթէ
աշակերտ
մ’եղաւ,
եւ
որուն
Harmonies-ն
թարգմանեց
գրաբար
ոտանաւորի
–
«Դաշնակք
Լամարթինայ»:
Գաբրիէլ
Այվազովսկի
1855-էն
սկսեալ
կը
հրատարակէր
Բարիզի
մէջ
«Մասեաց
Աղաւնի»
հանդէսը,
որուն
կ’աշխատակցէր
Խորէն
վարդապետ:
Հայկազնեան
վարժարանը
1859-ին
փակուեցաւ,
մեքենայութեանց
պատճառաւ
եւ
ի
չգոյէ
միջոցներու,
որով
Խորէն
վարդապետ
շուրջ
մէկ
տարի
միայն
կրցաւ
պաշտօնավարել
հոն
եւ
մնալ
Բարիզ:
Գաբրիէլ
Այվազովսկի
կը
փոխադրուի
Թէոդոսիա
(
րիմ),
հոն
նորահաստատ
«Խալիբեան»
վարժարանը
վարելու
եւ
որէն
վարդ.
ը
միասին
կը
տանի
հոն,
դաստիարակի
պաշտօնով,
նաեւ
իբրեւ
աշխատակից
«Մասեաց
Աղաւնի»
թերթին,
որ
կը
շարունակուի
հրատարակուիլ
ի
Թէոդոսիա:
Այս
նոր
միջավայրը՝
նահապետական,
հնամիտ,
չի
յարմարիր
որէն
վրդ.
ի
սալոնական
ազատ
ճաշակներուն
եւ
թէեւ
կը
փորձէ
վարժարանէն
քաղաք
իջնելով
հաճելի
գիշերներ
անցունել
հոն,
բայց
քաղաքացիք,
ինչպէս
եւ
վարժարանի
աշակերտք
կը
գայթակղին
այդ
կենցաղէն,
հիանալով
հանդերձ
մեծահմուտ
վարդապետին
եւ
պերճախօս
ատենաբանին
վրայ:
Վաթսունական
թուականներուն
սկիզբները
Գաբրիէլ
Այվազովսկի
կը
հրաժարեցնէ
զայն,
եւ
Խորէն
վրդ.
Պոլիս
կուգայ:
Լուսաւորեալներու-խաւարեալներու
պայքարին
ատենն
էր:
Հրաւիրուելով
Բերայի
եկեղեցին
քարոզել,
կը
խօսի
հոն
մին
իր
գեղեցիկ
եւ
մեծազօր
քարոզներէն,
միութեան
եւ
եղբայրութեան
կոչ
ընելով
բազմութեան,
որ
պատրաստուած
էր,
ըստ
սովորութեան,
ցոյցի
մը
կամ
ընդհարման
մը:
Ո՛չ
մէկ
խլրտում
տեղի
կ’ունենայ:
Ժողովուրդը
սիրալիր
եւ
խաղաղիկ
կը
մեկնի,
երբ
արարողութիւնք
կ’աւարտին:
Նոյն
ազդեցութիւնը
կը
գործէ
յաջորդ
կիրակիներն
ալ՝
միւս
եկեղեցիներուն
մէջ:
Ուշադրութիւն
եւ
սքանչացում
յառաջ
բերելու,
իշխելու
եւ
առաջնորդելու
իր
մշտնջենաւոր
բաղձանքները
կ’իրագործուին
անվրէպ,
եւ
Խորէն
վարդ.
կը
հանդիսանայ
ժամանակին
ամենէն
փայլուն
եւ
հռչակաւոր
եկեղեցականը:
Պօղոս
Պատրիարքը
օր
մը
յատկապէս
զինքը
լսելու
եկած
ըլլալով
Բերայի
եկեղեցին,
ծայրագոյնութեան
աստիճան
տուաւ
անոր,
ի
վարձ
իր
պերճախօսութեան:
Հազուագիւտ
պատիւ
այն
ժամանակներու
համար:
Իր
եպիսկոպոսացումէն
(1867)
յետոյ
իր
ինչ
ինչ
ազգասիրական
արարքներն
ալ
իր
հռչակին
փայլը
կը
յաւելուն:
Այդ
արարքներէն
մին
էր՝
կայսերական
պալատան
մէջ
հանդիսական
առիթներով
Հայոց
Պատրիարքին
վայելած
առաջնութեան
պահպանումը
ձեռք
բերելն
ընդդէմ
Հասունեան
հայ
հռոմէական
Պատրիարքին,
որ
աշխատեր
էր
հայ-կաթոլիկ
Պատրիարքութեան
առաջնութիւնն
ապահովել
պալատականներու
միջոցաւ:
Խորէն
եպիսկ.
ի
մէկ
սխրագործութիւնն
է,
կրնայ
ըսուիլ,
1872-ին,
Բանկալթիի
գերեզմանոցին
ազատելը
նախարարի
մը
կարգադրած
գրաւումէն,
ուղղակի
Սուլթանին
դիմելով՝
ծերունի
հայ
եպիսկ.
ի
մը
հետ,
հայերու
անհուն
բազմութեան
մը
գլուխն
անցած:
Վերջին
ռուս
եւ
թուրք
պատերազմէն
յետոյ,
1878-ին,
Պերլինի
Վեհաժողովին
ներկայանալու
համար,
Ներսէս
Պատրիարքի
ղրկած
պատուիրակութեան
անդամ
նշանակուեցաւ
Խրիմեանի
հետ,
մասնաւոր
պաշտօն
ունենալով
Պետերսպուրկի
արքունեաց
ներկայանալու
ախապէս,
ինչպէս
Խրիմեանն
ալ
Անգլիոյ,
Իտալիոյ,
Ֆրանսայի,
Գերմանիոյ
եւ
Աւստրիոյ
արքունիքները
պիտի
երթար
կանխաւ:
Երկու
նշանաւոր
եկեղեցականներ
բոլորովին
կանխորոշուած
էին
այս
պաշտօնին
համար,
որ
ոչ
միայն
ազգին
ցաւերն
ու
կարօտութիւնները,
այլ
նոյնիսկ
Ազգը
ներկայացնել
մըն
էր
Եւրոպայի:
Խրիմեան
կը
ներկայացնէր
Հայաստանեայց
եկեղեցին,
որէն
եպիսկ.
հայ
լուսաւորութիւնը:
Խրիմեան՝
գաւառներն
ու
վանքերը
կը
ներկայացնէր,
Նարպէյ՝
մայրաքաղաքն
ու
դպրոցները:
Մին
խորհրդանիշն
էր
հայ
առաքինութեան,
միւսը՝
յառաջդիմասէր
ներկային.
առաջնոյն
մէջ
կ’անձնաւորուէր
հայ
հոգին,
երկրորդին
մէջ՝
հայոց
քաղաքակրթութեան
աստիճանը:
Խրիմեանին
քով
որ
հայ
կրօնքն
էր
ու
բարոյականը՝
Խորէն
Նարպէյ
հայ
դպրութիւնն
էր:
Տարօնոյ
արքեպ.
ը
կը
մարմնացնէր
արեւելեան,
ասիական
հայութիւնը,
մինչ
Պէշիկթաշի
արքեպ.
ը
կ’անձնաւորէր
արեւմտեան,
Եւրոպայի
հայութիւնը:
Ազգասէր
Ներսէսի
ընտրութիւնն
անթերի
էր,
անվրէպ
էր,
պարզ
ու
վսեմ
Հայրիկին
հետ
պէտք
էր
պերճաշուք
Նարպէյը:
Բայց
նաեւ
Ներսէս
Պատրիարքին
կողմէ
երկուքին
սահմանուած
մարզերն
ալ
լաւ
ընտրուած
էին,
իր
բոլորովին
արեւմտեան
կերպերով՝
կը
վայլէր
որ
Նարպէյ
երթար
համեմատապէս
արեւելեան
միջավայրի
մը
ազդելու.
եւ
իր
արեւելեան,
իր
նահապետական
կերպերով
պատշաճ
էր,
որ
րիմեան
երթար
արեւմտեան
Եւրոպան
խանդաղատեցնելու
եւ
ակնածեցնելու:
Ի
Ռուսիա
աւելի
շքեղութիւն
պէտք
էր
նաեւ,
եւ
յԱրեւմտեան
Եւրոպա՝
աւելի
վեհութիւն,
աւելի
ճարտարութիւն
եւ
դիւթանք՝
ի
Պետերսպուրկ,
եւ
աւելի
հեզութիւն
եւ
օծութիւն
ի
Լոնտոն:
Երկուքն
ալ
անհրաժեշտ
էին,
վասնզի
րիմեան
կրնար
սէր
արթնցնել
դէպի
հայ
ազգը
եւ
Նարպէյ
հիացում.
Հայրիկը
թերեւս
կարող
էր
պարտականութեան
զգացումն
Եւրոպայի
մեծամեծներուն
սրտին
մէջ
երեւան
բերել
հանդէպ
հայ
ազգին
իրաւանց,
զոր
թերեւս
պիտի
չկրնար
երեւան
բերել
Նարպէյ:
Եթէ
թուրք
կառավարութիւնը
նուազ
խոստմնազանց
եւ
աւելի
պատուաւոր
եղած
ըլլար,
61-րդ
յօդուածը՝
արդիւնք
Խրիմեանի
եւ
Նարպէյի
կատարած
դերին,
անոնց
ջանքերուն
բարեբաստիկ
պսակումը
կարելի
էր
նկատել:
Բայց
որովհետեւ
Թուրքիա
չգործադրեց
ինչ
որ
այդ
յօդուածը
պարտք
կը
դնէր
իր
վրայ,
հայ
պատուիրակութեան
գործունէութիւնն
ու
ներգործութիւնը
շատ
արդիւնաւոր
չեղաւ:
Սակայն,
երկու
ծայրաստիճան
ուշագրաւ
ներկայացուցիչներն
հայ
ազգին՝
զայն
սքանչելիօրէն
ծանօթացուցած
եղան
Եւրոպայի,
որ
հազիւ
անոր
գոյութիւնը
գիտէր:
Այս
յոյժ
կարեւոր
արդիւնքէն
զատ՝
հռչակաւոր
այդ
յօդուածով
ձեռք
բերին
գէթ
այն
յոյսը,
բոլոր
ազգին
համար
մխիթարիչ,
թէ
շուտով
պիտի
վերջ
գտնէին
հայկական
աղէտներն
ի
Հայաստան:
Բայց
եթէ
հայկական
դատին
մէջ
կարեւոր
բան
մը
չշահեցաւ
իբրեւ
անդամ
պատուիրակութեան,
սակայն
անձնապէս
յոյժ
փայլուն
ընդունելութիւն
մը
գտաւ
Նարպէյ
ի
Ռուսիա:
Ցարը,
կայսերազուններն
ու
պալատականներն
եւ
բազմաթիւ
ռուս,
օտար
եւ
հայ
անձնաւորութիւնք
խիստ
համակրական
եւ
հիացական
վերաբերում
ունեցան
մեծաշնորհ,
իշխանագեղ
արքեպ.
ին
հանդէպ:
Արդարեւ
Պետերսպուրկ
Խորէն
Սրբ.
կը
ներկայանար
ոչ
այլեւս
իբրեւ
քսանեւեօթնամեայ
կնահաճոյ
բանաստեղծ,
ինչպէս
ի
Բարիզ,
այլ
իբրեւ
ամեն
կարգի
առաւելութիւններով
գերազանցապէս
ու
ներդաշնակօրէն
օժտեալ
պատկառազդու
եկեղեցական,
համազգային
համբաւի
մը
արդէն
տիրացած
եւ
իր
կատարեալ
հասունութեան
մէջ:
Անձնասէր
որքան
ազգասէր
արքեպ.
ը
առ
Պոլսոյ
Գ.
Ապտուլլահ
լուսանկարիչն
իր
ղրկած
մէկ
նամակով՝
ստիպողաբար
կը
խնդրէր
երկոտասնեակ
մըն
ալ
ղրկել
իրեն
իր
լուսանկարներէն,
կարենալու
համար
գոհացում
տալ
բազմաթիւ
խնդրանքներու:
Իր
մէկ
պատարագին,
զոր
կը
մատուցանէր
«Վասն
հայ
զօրավարաց
անկելոց
ի
հայրենիս»,
խօսեցաւ
զմայլելի
քարոզ
մը,
որու
միջոցին
փղձկեցաւ
եւ
իրեն
հետ
բոլոր
ժողովուրդը,
նաեւ
երկու
հայ
մեծանուն
զօրավարները՝
Լօրիս
Մելիքով
եւ
Տէր
Ղուկասոֆ,
որ
գլխահակ
կ’արտասուէին:
Պերլինի
մէջ
իր
պաշտօնը
կատարելէ
յետոյ,
պատուիրակութիւնը
վերադարձաւ
Պոլիս:
Այդ
թուականէն
յետոյ՝
բացի
Պէշիկթաշի
քարոզչութենէն,
կրօնական
ժողովի
ատենապետութենէն,
երեսփոխանութենէ,
նաեւ
Ռումանիոյ
հովուութենէ,
զոր
կատարած
է
կարճատեւ
կերպով
եւ
աւելի
կանուխ,
ազգ.
կարեւոր
գործունէութիւն
չէ
ունեցած
Նարպէյ:
Մերժած
է
միշտ
Առաջնորդական
պաշտօնները,
որոյ
ընտրուած
է
քանիցս,
եւ
մնացած
է
Վոսփորի
այն
ափունքը,
զոր
հանճարեղ
հայ
ճարտարապետներն
իրենց
գլուխ
գործոցներով
կը
շքազարդեն,
եւ
զոր՝
ինքն
ալ
շքաւորեց
իր
հանճարեղ
պերճախօսութեամբ:
Մայրաքաղաքին
հայութիւնը
հմայել
բարձր
քարոզներով
բաւական
մեծ
պաշտօն
մըն
էր
արդէն,
եւ
ոչ
միայն
Պէշիկթաշի
եկեղեցւոյն
հասարակութիւնը,
այլ
նաեւ
Պոլսոյ
այլեւայլ
թաղերն
ալ
բախտն
ունեցան
ընդերկար
զինքը
լսելու,
մանաւանդ
հանդիսաւոր
առիթներով,
ինչպէս
էր
Ներսէս
Վարժապետեանի
թաղումը:
Մեծ
Պատրիարքին
դամբանականը
խօսիլը՝
յոյժ
բնականօրէն
կ’իյնար
որէն
Նարպէյի.
«Եւ
ժողովուրդն
ելաց
լալիւն
մեծ,
զի
այր
մեծ
անկաւ
յԻսրայէլ».
այս
եղաւ
իր
բնաբանը
այդ
օր:
1890էն
սկսեալ
Նարպէյի
կեանքը
հետզհետէ
կը
մթագնի:
Ապտիւլ
Համիտ՝
այդ
տարուան
Գում
Գաբուի
ցոյցէն
յետոյ
«վտանգաւոր»
եկեղեցականը
լրտեսներով
շրջապատեց:
Քանիցս
Նարպէյ
ձերբակալուեցաւ
եւ
ֆրանսական
դեսպանին
շնորհիւ
է
որ
ազատեցաւ
միշտ:
1893-ին
Սուլթանին
բժշկապետ
Մավրոյինի
յոյն
փաշային
ապարանքը
կանչուած
էր
օր
մը,
եւ
հոն
ընթրեր
էր:
Յաջորդ
օրուընէ
սկսեալ
փոքր
անհանգստութիւն
մը
կը
զգար
ստամոքսին
մէջ:
Նոյն
օրերը
գիշեր
մըն
ալ
ոստիկանութեան
նախարար
Նազըմ
պէյի
կողմէ
կանչուեցաւ,
յետոյ
վերադարձաւ
տուն:
Յաջորդ
առտուն
Նարպէյ
յանկարծամահ
եղաւ
(1893,
նոյեմ.
4):
Թունաւորուած
էր,
ըստ
բժշկական
միաձայն
վկայութեան
մը:
Ֆրանսական
դեսպանատունն
ու
Ռումանիոյ
Էլիզապէթ
թագուհին
(Գառմէն-Սիլվա)
ցաւակցութիւն
յայտնեցին
Պատրիարքարանին:
Յուղարկաւորութիւնը
կատարել
տրուեցաւ
գրեթէ
առանց
հանդիսաւորութեան,
շտապաւ,
թէեւ
մեծ
բազմութիւն
ներկայ
էր:
Եւ
դժուարաւ
կարելի
էր
գուշակել,
թէ
Խորէն
Նարպէյ
արքեպ.
ին
յուղարկաւորութիւնն
էր
այս:
Շիշլիի
գերեզմանատան
մէջ
«անծանօթ
ձեռք
մը,
երկու
տարի
վերջ,
փառաւոր
շիրիմ
մը
կանգնեց
անոր
հողակոյտին
վրայ»:
Այսպէս
խաւարեցաւ
այն
անսովոր
կեանքը,
որ
շլացում
յառաջ
բերած
էր
ամենուրեք,
(թէեւ
նաեւ
յուզում,
գայթակղութիւն,
նախանձ
եւ
հակառակութիւն),
ձեւերու
իշխանական
փափկութեան
ու
պերճութեան
մէջ
փթթած
մտքի
բարձր
վայելչութեան
մը
տեսարանը
ընծայելով,
եւ
ազգային
ոգի,
ուրախութիւն,
պարծանք,
մխիթարութիւն
եւ
յոյս
ներշնչելով
ամեն
հայու
եւ
սքանչացում
ու
համակրութիւն՝
օտարներու:
Բայց
այսօր
իսկ,
բռնակալութենէն
հրամայուած
այդ
անշուք
խաւարումն
ու
լռութիւնը
կը
շարունակուին,
որովհետեւ
որէն
Նարպէյի
կեանքն
ու
մտաւոր
արտադրութեանց
մեծ
մասը
կը
թուին
զուրկ
ըլլալ
գերաշխարհիկ
յատկութիւններէն,
որք
իրաց
ու
մարդոց
տեւականութեան
սկզբունքը
կը
կազմեն:
Խորէն
Նարպէյի
գրական
կեանքն
ու
երկերը.
–
Բարձր
մշակութեան
տէր
այս
եկեղեցականը
հմուտ
կրօնական
գիտութեանց,
մատենագրութեան
եւ
բազմաթիւ
լեզուներու՝
(հայերէն,
ֆրանսերէն,
լատիներէն,
յունարէն,
իտալերէն)
որ
միանգամայն
համբաւաւոր
եղաւ
իր
բանաստեղծական
կարողութեամբ,
ունի
բազմապիսի
երկեր,
ուսուցչական,
վիճաբանական
կամ
ազգային-եկեղեցական,
թատերական
եւ
քնարերգական:
1.
Ուսուցչական
գործեր.
–
«Նախակրթութիւնք
ֆրանս.
լեզուի»,
«Նախնական
Քրիստոնէական»,
«Կրթական
Քրիստոնէական»:
Այս
վերջին
գործը
իր
տեսակին
մէջ
լաւագոյն
նկատուած
է,
եւ
երկար
ատեն
գործածուած
է
իբրեւ
բարձր
դասագիրք
քրիստոնէական
ուսման:
2.
Վիճաբանական
գործեր.
–
որէն
Նարպէյ
երկար
վիճաբանութիւններ
ունեցած
է
այլեւայլ
թերթերու
մէջ,
գլխաւորաբար
հայ
հռոմէական
վարդապետի
մը՝
մեծահմուտ
Հ.
Յովհ.
Գաթրճեանի
դէմ,
որուն
մէկ
գիրքը՝
«Հիմնական
տարբերութիւն
Կաթողիկէ
եւ
Էջմիածնական
դաւանութեանց»՝
առիթ
եղաւ
բանավէճին:
Նարպէյ
այս
առթիւ
հրատարակեց
«Հայոց
եկեղեցին
եւ
անդրլեռնականք»,
ինչպէս
նաեւ
այլեւայլ
յօդուածներ,
գլխաւորաբար
«Union
Chrétienne»
թերթին
մէջ.
մինչդեռ
Գաթրճեան
վրդ.
եւ
Հասուն
Պատրիարք
պատասխանած
էին
իրեն
«Le
Monde»ի
մէջ:
Նարպէյ
փայլուն
կերպով
ցոյց
տուաւ
Հայաստանեայց
եկեղեցւոյ
առաքելականութիւնն
ու
ուղղափառութիւնը,
զոր
հայ
հռոմէականք
պարբերաբար
զլանալ
փորձած
են
ազգային
եկեղեցւոյ:
Հոս
ալ
ուրեմն
Նարպէյ
իր
գրչով
հանդիսացաւ
արի
ախոյեան
ազգային
կրօնքին,
ինչպէս
ուրիշ
ատեն
ալ,
լեզուաւ
եւ
գործով
պիտի
կանգնէր
քաջասիրտ
պաշտպան
ազգային
շահերուն՝
ընդդէմ
նենգութեան
կամ
բռնաւորութեան:
3.
Թատերական
գործեր.
–
«Ալաֆրանկա»
կատակերգութիւն
եւ
«Արշակ
Բ.
»
ողբերգութիւն:
Առաջինն
արձակ
է,
նպատակ
ունի
ծաղրել
եւ
մինչեւ
իր
վնասակար
հետեւանքներուն
մէջ
ներկայացնել
եւրոպական
բարքերու
սէրը
մեր
մէջ:
Յոռեգոյն
գործերէն
մէկն
է
Նարպէյի:
Բնականութիւնը
բացակայ
է
եւ
անոր
տեղ
ցնորականը
կը
տիրէ.
նոյնպէս
նրբութիւն,
խորութիւն,
ճաշակ
գոյութիւն
չունին.
կատակերգական
տարրերը
յաճախ
ռամիկ
եւ
կոշտ
են
եւ
ամբողջութիւնը
դպրոցականներու
կողմէ
յերիւրուած
ըլլալու
երեւոյթ
ունի:
որէն
Նարպէյ
օգտուած
կը
թուի
ըլլալ
աշխարհիկ
կեանքի
իր
փորձառութենէն
եւ
մեծապէս
ցանկալի
եղած
ըլլալու
են
իրեն
ինչ
ինչ
բաներ,
որոնցմով
կը
զբաղի
այս
խաղին
մէջ,
թէեւ
զանոնք
ձաղկելու
նպատակաւ:
Երկրորդը՝
«Արշակ
Բ.
»,
ոտանաւոր
է
եւ
այդ
տեսակէտով
առաջինն
է
մեր
մէջ
երեւցած
թատերախաղերուն:
Ոչ
միայն
Նարպէյի
լաւագոյն
թատերախաղն
է,
այլ
նաեւ
նմանօրինակ
հայ
գործերու
ալ
լաւերէն
մին:
(Ապտիւլ
Համիտեան
րէժիմին
արգելքներուն
ու
հալածանքներուն
շնորհիւ,
ինչպէս
ուրիշ
բազմաթիւ
հայ
երկեր,
նոյնպէս
Նարպէյի
«Արշակ
Բ.
»ը
անծանօթ
մնացած
է
շատերու):
Յայտնի
չէ
սակայն
թէ
աւելի
յաջո՞ղ
է
քան
Պէշիկթաշլեանի
«Արշակ
Բ.
»ն
ու
Թէրզեանի
«Արշակ
Բ.
»ը:
4.
Քնարերգական
գործեր.
–
«Քնար
պանդխտին»,
«Վարդենիք»,
գրաբար
քերթուածներու
հաւաքածոներ.
«Ստուերք
հայկականք»,
աշխարհաբար
քերթուածներ,
որք
մեծ
մասամբ
նիւթ
ունին
անցեալին
մեծամեծ
հայ
դէմքերն
ու
պատմական
անցքերը:
Պարբերականներու
մէջ
Նարպէյ
հրատարակած
է
զանազան
ուրիշ
քերթուածներ
ալ
եւ
վերջերս
«Անահիտ»
ի
լոյս
ընծայեց
Նարպէյի
ինչ
ինչ
բանաստեղծութիւնները,
որոնք
կ’երեւայ
թէ
հեղինակին
կենդանութեանը
հրատարակելի
չըլլալուն
համար
անծանօթ
մնացած
էին,
վասնզի
մեծ
մասամբ
սիրային
քերթուածներ
են:
Նարպէյ
ընդհանրապէս
միջակ
բանաստեղծ
մըն
է:
Քերթուածագրութեան
իւրայատուկ
արուեստականութիւնն
առիթ
ու
ասպարէզ
եղած
կը
թուի
Նարպէյի
բնածին
ծեքծեքանքին
ու
սեթեւեթին:
Իգականին
յաճախանքը
իր
բանաստեղծութեանց
տուած
է
իգական
բան
մը,
պչրանքէ,
հասարակ
անուշութենէ,
սովորականութենէ
շինուած:
Այդ
յաճախանքը
պատճառ
եղած
է
որ՝
ոտանաւորը՝
արդէն
իր
իսկութեան
մէջ
կաքաւող,
տեսակ
մը
աբեղաթող
ըլլայ
արքեպ.
ին
համար,
որ
երբեմն
չէ
վարանած
յոյժ
կասկածելի
մաքրութեամբ
զգացումներ
երգել
իր
ընդերկար
անտիպ
մնացած
քերթուածներուն
մէջ:
«Ստուերք»ին
մէջ
մէկ
անգամ,
ուր
աւելի
դիւցազներգական
է
իր
քնարերգութիւնը
եւ
աւելի
ռազմաշունչ,
առիթ
գտած
է
սիրային
փափկանուշութիւններով
զբաղելու:
Ընդհանրապէս
հասարակ,
հնամենի
ոճով
մը,
եւ
գրեթէ
ոչ
ուրեք
կրցած
է
դնել
անհատական,
անկախ
ստեղծագործութիւն,
ունենալ
բարձր
թռիչ
մտքի
եւ
երեւակայութեան,
եւ
առ
առաւելն
տեսակ
մը
շնորհ
կրցած
է
իրագործել,
թերեւս
Լամառթինի
հետ
իր
մտերմութեան
եւ
անոր
հետեւելուն
արդիւնք,
-
եթէ
մեծ
բանաստեղծին
հետ
իր
յարաբերութիւնն
իսկ
արդիւնքը
չէ
խառնուածքի
նմանութեան
մը:
Նարպէյի
լաւագոյն
եւ
լրջագոյն
քերթուածներն
են,
օրինակի
հաար,
Գարնան
վերաբերեալ
բանաստեղծութիւն
մը
եւ
առ
իր
Կանթեղն
ուղղուած
քերթուած
մը՝
«Քնար
պանդխտին»ին
մէջ:
Նարպէյ
ուրիշ
գործեր
ալ
ունի.
«Յանգարան»
(յանգերու
ցուցակ).
յօդուածներ
«Մասեաց
Աղաւնի»
հանդէսին
մէջ
(1855-1865)
եւ
«Դաշնակք
Լամառթինայ»
գրաբար
եւ
ոտանաւոր
թարգմանութիւնը,
որուն
վերեւ
թարգմանչին
անունը
կ’երեւի
այսպէս
Corene
թերեւս
Corinne
բանաստեղծուհւոյն
անուան
նմանելու
համար:
Այս
բոլորէն
գերիվեր
կը
թուի
ըլլալ
որէն
արքեպիսկոպոսի
քարոզչութիւնը.
ինչպէս
դահլիճներու
մէջ
գեղեցիկ
խօսողի,
նոյնպէս
եւ
հրապարակային
բեմերէ
վայելչօրէն
եւ
ազդուապէս
ատենաբանողի
հռչակ
մը
վայելած
է
Նարպէյ
եւ
արդար
հռչակ
մը
այս
անգամ:
Եթէ
իր
քերթուածներն
ընդհանրապէս
կը
ներկայացնեն,
կը
քօղազերծեն
իր
մէջ
մշտագոյ
երիտասարդը,
իր
քարոզները
(ինչպէս
իր
ինչ
ինչ
արձակ
գրուածները)
կը
յայտնեն
Նարպէյի
մէջ
նոյնքան
մշտագոյ
հասուն
այրն
ու
զայն
կը
հարկադրեն
ամբոխին
հիացիկ
ունկնդրութեան:
Ճոխութիւնն
ու
վայելչութիւնը
գլխաւոր
յատկանիշներն
եղած
են
իր
քարոզներուն
եւ
պերճաշուք
շնորհն
ալ
Խորէն
արքեպիսկոպոսի
անձին
եւ
ձեւերուն՝
աւելցած
է
այդ
յատկութեանց,
իբրեւ
մեծ
քարոզչին
գործած
ազդեցութեան
պատճառներէն,
իբրեւ
մին
Նարպէյի
բանախօսութեանց
հրապոյրներէն:
Եւ
արդէն
միշտ,
որէն
արքեպիսկոպոսը
աւելի
մեծարժէք
է
հանրութեան
մէջ
քան
մտերմական
շրջանակի,
բեմի
վրայ
քան
գրասեղանի
առջեւ
եւ
քան
մանաւանդ
առանձնոցի
մէջ,
բարձրագոյն
շահերու
նուիրեալ
իր
պահերուն
մէջ
քան
եսական
նկատումներու
զոհուած
իր
ժամերուն,
իբրեւ
ազգի
եւ
եկեղեցւոյ
անհատ
քան
ընկերութեան
եւ
աշխարհի
մարդ: