Ռ.
Յ.
ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ,
ԳՐԱԳԷՏ
Տեարք
եւ
Տիկնայք,
Այն
պահուն
ուր,
սկսելով
պաշտօնին
որ
ինծի
յանձնուեցաւ,
կը
ձեռնարկեմ
խօսիլ
մեր
գրագէտներուն
ամենէն
դասականին
վրայ,
տրտմագին
գիտակցութիւն
մը
դարձեալ
կը
տիրէ
մտքիս.
վարպետին
վրայ
ճառելու
բաւական
արժանաւորութիւն
չունենալուս
գիտակցութիւնն
է
այն:
Մանաւանդ
թէ՝
ինչ
որ
անհրաժեշտ
է
այսօր
ընել
գրագէտ
Պէրպէրեանին
վրայ
խօսող
ճառի
մը
մէջ,
իր
հիմնական
գիծերով
զայն
պատկերացնելն
է
աւելի՝
քան
պարզելը
վարպետին
թողած
գրական
հարստութիւնը
որ
կը
նշուլարձակէ
իր
գլխաւոր
գործերէն.
«Պտոյտ
մը
գաղափարաց
աշխարհին
մէջ»,
«Մարդիկ
եւ
Իրք»,
«Դաստիարակի
մը
խօսքերը»,
«
ոհք
եւ
Յուշք»,
«Դպրոց
եւ
Դպրութիւն».
–
գործեր
որ
կարող
են
յափշտակել
ու
սնուցանել
հասուն
մտքերն
անգամ,
ու
լաւ
եւս՝
հասուն
մտքերը
մանաւանդ,
եւ
արուեստի
ու
մտածութեան
աննենգ
ապահով
առաջնորդն
ըլլալ
անոնց
որ
մտքի
կեանքին
կը
նուիրեն
ինքզինքնին
գրականութեան
միջոցաւ:
Առաջնորդ,
անտարակոյս.
ասիկա
արդարեւ
այն
վերջնական
գաղափարն
է
որ
կ’եզրակայի
Պէրպէրեանի
հանգամանաց
ուսումնասիրութենէն,
եւ
որ
կը
ներկայացնէ
համադրութիւնը
Պէրպէրեանի
կարողութեանց:
Նախ,
Տեարք
եւ
Տիկնայք,
թոյլ
տուէք
ինձ
դէպի
ետ
ակնարկ
մը:
–
Հայ
քաղաքակրթութիւնն
այս
երկրին
մէջ
ունեցաւ
իր
այլ
եւ
այլ
առաջնորդները
վերջին
դարուն
մէջ,
ինչպէս
յառաջագոյն,
եւ
ինչպէս
անորոշ
իմն,
ունի
ներկայ
դարուն
ալ,
ուր
հայ
միտքը,
ժամանակակցութեան
բերմամբ
գուցէ՝
կը
թուի
քիչ
մը
ուղեկորոյս
ու
քիչ
մը
քաոսային,
եւ
ուր
դերերուն
ճշդումն
ու
դասակարգումը
դիւրին
չէ:
Նախորդ
դարուն
կէսերէն
սկսեալ՝
Թրքահայ
մտաւորական
կեդրոնին
մէջ
քաջողջ
ու
խոստմնալից
ոգեւորութիւն
մը
կը
սկսի.
ազգային
գարնանառոյգ
վերկենդանութիւն
մը
կ’արծարծի
շուրջանակի.
հանրային
կենաց
գիշերահաւասար,
որ
կը
նշանագծէ
մութին
նուազումն
ու
աճումը
լուսաւորութեան:
Ազնուախոհ
մարդոց
հոյլ
մը
կը
ստեղծէ
Սահմանադրութիւնն.
այսինքն
իր
աթոռէն
զրկելով
քմաց
ու
կիրքերու
տիրապետութիւնը՝
պարտուց
եւ
իրաւանց
գաղափարը
կը
բարձրացնէ
յաթոռ
իշխանութեան.
ազգը
վարող
այլ
եւ
այլ
ընդդիմակ
ու
շփոթ
եւ
անհաստատ
ձգտումներուն
տեղ՝
տիրել
կուտայ
կարգին.
եւ
քշող
ու
սպառնացող
գաւազանին
տեղ
կը
դնէ
կառավարող
մականը:
Եւ
ահա
քաղաքակրթական,
այսինքն
ինքնարգոյ
եւ
այլայարգ
ընթացք
մը
կը
պարտադրուի՝
կամ
ներեցէք
ըսել՝
կ’իրաւընծայուի
հայ
քաղաքացւոյն:
Այս
շարժման
եթէ
ոչ
բոլորովին
ստեղծիչներն,
այլ
վարիչներն
են,
գլխաւորաբար,
ինչպէս
գիտէք,
գիտնական
մը՝
Ռուսինեան.
արուեստագէտ
մը՝
Նիկողոս
Պալեան,
եւ
գրագէտ
մը՝
Գրիգոր
Օտեան:
Բայց
անոնց
վարած
քաղաքացիական
այս
դաստիարակութեան
պարտէր
անշուշտ
յաջորդել
ազգային
կրթութիւնը,
մտաւոր
կրթութիւնն
ու
բարոյական
կրթութիւնը,
որք,
կրնայ
ըսուիլ
թէ
մէկ
փթթումն
ու
զարգացումն
ըլլային
առաջին
քաղաքացիական
դաստիարակութեան,
անով
կարելի
եւ
անով
տեւելի:
Եւ
ահա
դարուն
վերջին
քառորդին՝
գրեթէ
միահաղոյն
կ’երեւին,
ի
մէջ
այլոց՝
բայց
կարկառուն
ու
տիրական,
երեք
երիտասարդ
ու
լուսացայտ
դէմքեր,
երեքն
ալ
կանխահասօրէն
հանճարեղ,
երեքն
ալ
գրեթէ
նոյն
ուսումներով
մշակուած,
ու
եւրոպական
ու
հայկական
մատենագրութեամբ
սնած,
երեքն
ալ
գաղափարի
ու
խօսքի
մարդ,
երեքն
ալ
ուսուցիչ,
հրապարակագիր,
ատենախօս,
որոց
եռազան
պերճախօսութիւնը
կարող
է
ունկնդիրներուն
հոգին
սթափեցնել,
հմայել,
բարձրացնել.
եւ
որ
կը
կոչուին
Չերազ,
Տէմիրճիպաշեան,
Պէրպէրեան.
երեքն
ալ
ծնած
կամ
դաստիարակուած
ի
ասգիւղ,
Ոսկեղջիւրի
մէջ,
հայ
մտաւորականութեան
այդ
Ամալթեղջիւրի՜ն:
Հրապարակաւ
ճառելու
կարողութիւնն,
այսինքն
հասարակութեան
հետ
դէմ
առ
դէմ
գալով
ուղղակի
անոր
հոգւոյն
ազդելու
քաջութիւնն
եւ
ոյժը՝
կրնան
ծառայել
որոշելու
այս
երեք
արիասիրտ
ուղեցոյցներն
իրենց
հեռուէն
կամ
մօտէն
գործակից
մտաւորականներէն
եւ
բարձրացնել
զիրենք
իրենց
բեմերուն
վրայ՝
իբրեւ
իրենց
ժամանակին
եւ
ամեն
ժամանակի
հայ
կեանքին
բարձրագոյն
կայքերուն:
Իրենց
անհաւասարութիւնն
ու
տարարժէքութիւնն
արգելք
չեն
այս
պատուոյն:
Գործակցած
են,
թերեւս
յանզգայս,
հայութիւնն
ազնուացնելու.
եւ
թէեւ
ունին
իրենց
երեքին
ալ
հասարակաց
յատկութիւններ,
եւ
երեքին
ալ
կոչումն
է
ուղեցոյց
ըլլալ,
բայց
մին,
Չերազ,
առաւելապէս
նուիրուած
է
մասնաւոր
կրթութեան
մը,
ազգայինին.
միւսը՝
Տէմիրճիպաշեան
նուազ
մասնաւոր
եւ
աւելի
ընդհանուր
կրթութեան
մը,
մտաւորին.
եւ
Պէրպէրեան՝
ընդհանուր
կրթութեան
մը,
բարոյականին:
Մինչդեռ
Չերազի
կրնայ
ըսուիլ
գլխաւոր
ներշնչարանն
է
ընդհանուր
ու
ժամանակակից
պատմութիւնը,
Եղիայինը՝
ամեն
ժամանակներու
մատենագրութիւնն
եւ
իմացական
բոլոր
գլխաւոր
հոսանքները,
Պէրպէրեանինն
է
փիլիսոփայութիւնը
կամ
աւելի
ճիշդ
ինչ
որ
կը
կոչուին
իմացաբանական
գիտութիւնք
(Sciences
noologiques):
Արդարեւ,
իր
պոլսական
եւ
արտասահմանեան
գրականութեան
մէջ
Չերազ
մեծ
մասամբ
կը
զբաղի
ազգային
կեանքով.
իր
դաւանած
գլխաւոր
խնդիրներն
են
ազգ.
լեզուն
եւ
ազգ.
քաղաքական
վիճակը:
Այս
մասնաւոր
կալուածին
պահանջն
է
անտարակոյս
կուսակցական
ոգի
մը,
բայց
համեմատապէս
ընդարձակ,
զոր
պէտք
է
ունեցած
ըլլայ
ամեն
ազգային
անհատ,
աշխարհի
ազգերուն
մէջ:
Հա՞րկ
է,
հետեւաբար,
յիշեցնել
թէ
այս
կուսակցական
կոչելի
ոգւոյն
անհրաժեշտ
են՝
միակողմանի
եւ
քիչ
կամ
բնաւ
փիլիսոփայական
հայեցողութիւն,
տեսակ
մը
աններողութիւն,
անկախութեան
զգացում,
անձնավստահութիւն
եւ
յանդգնութիւն,
պայքարելու
եւ
մաքառելու
կորով,
արագաշարժ
ու
հատու
լեզու,
շանթարձակ
պերճախօսութիւն,
մոգող
ու
գրաւող
ու
տիրական
անձնաւորութիւն:
Այս
ամենը
ունէր
Չերազ,
եւ
իր
գրականութիւնն
ունէր
այս
ամենը:
Այն
երիտասարդ,
նորասէր,
յեղափոխիչ,
ազատ
ու
անձնահաճ
Եսը
որ
երեք
գրագէտներուն
ալ
մէջ
կը
գործէ
աւելի
կամ
նուազ
ներդաշնակ
իրենց
նախասիրած
սկզբանց,
Չերազին
կուսակցականութեան
մէջ
կը
ձգտի
միակողմանի,
մասնաւոր
միութեան
մը.
«ընտրողական
աշխարհաբար»
մը
յօրինելով,
փաստաբանելով
ու
կիրարկելով,
լեզուին՝
գրաբարէն
համեմատաբար
անկախ
ինքնօրինութեան՝
ինչպէս
նաեւ
Հայութիւնը
միաբան
եւ
ինքնավար
տեսնելու
երազին:
Եւ
այս
պատճառներով
իր
գրականութիւնը
փառասիրական
է,
բուռն
ու
ծայրայեղ.
գրեթէ
յարակարծային,
եւ
եթէ
ոչ
ոճով
գէթ
առարկաներով
առժամանակեայ:
Եղիա՝
իբրեւ
ազգասէր
հրապարակագիր
եւ
ճառախօս՝
նիւթ
ըրած
է
իրեն
ազգային
ուրիշ
խնդիրներ,
որք
կը
վերաբերին
կը
վերածուին
ազգ.
լուսաւորութեան.
բայց
իր
գրականութեան
սահմաններն
աւելի
հեռուն
ալ
կը
տարածուին:
Մտաւորական
կեանքը,
ա՛յն
որ
մտածողութեան
բոլոր
ձեւերը
կ’ընդգրկէ,
արուեստն
ու
գրականութիւնը,
գիտութիւնն
ու
իմաստասիրութիւնը,
–
կ’ենթադրէ
կամ
կը
պահանջէ
անշուշտ
ամենազգաց
ամենիմաց
միտք
մը,
որ
արտայայտուելու
համար
ունենար
ճոխութիւն
մը
միջոցներու.
այսինքն
բացատրութեանց
ու
բառերու:
Այսպէս
է
Եղիա:
Բայց
բան
մը
կը
պակսի
իրեն.
իր
յոյժ
թելադրելի
Եսը
տեւական
նոյնութիւն
չունի.
որով՝
վերջնական
հաստատուն
սկզբունքներ
չի
կրնար
տածել:
Իր
անղեկ
երեւակայութիւնն
ուրեմն,
ճշմարիտ
folle
du
logis,
վերջնական
համոզմանց
պատրանքներ
միայն
կ’ընծայէ
իրեն,
եւ
կը
վարէ
զինքը
թափառական
մարզէ
մարզ,
հայեցակէտէ
հայեցակէտ:
Իր
գրական
գործը
կը
ներկայէ
շուայտ
կեանք
մը
մտքի.
գեղեցիկ
կեանք
թերեւս,
ինչպէս
հարուստ
կենցաղասէրի
մը
կեանքը
որ
սակայն
կը
դիւթէ,
բաղձանքներ
կը
զարթուցանէ,
կը
ներուսուցանէ
(initier)
մտաւոր
անծանօթ
հեշտութիւններ,
բայց
որ
մոլորումները
չի
կանխատեսեր.
կը
պատմէ,
կը
ցուցունէ
ինչ
որ
կայ
զմայլելի,
կամ
այնպէս
կը
ներկայացնէ
ինչ
որ
հաճելի
է
իրեն
այսօր,
սակայն
չ’ո՛րոշեր
իրաց
ու
գործոց
արժէքներն,
եւ
սխալին
ու
չարին
կախարդանաց
ա՛յնքան
հեշտիւ
կը
տարուի
ու
կը
տանի՝
որքան
ճիշտին
ու
բարւոյն
վեհ
գեղեցկութեան:
Իր
առաջնորդութիւնն
հրապուրիչ
է,
որովհետեւ
յանձնում
մըն
է
անկախ
եւ
տարամերժ
գեղեցկութեան.
ճիշտին,
ուղիղին,
ճշմարտին
հետ
գրեթէ
անկապ,
անհրաժեշտին,
օգտակարին,
բարւոյն
հետ
սերտ
յարաբերութիւն
չունեցող
գեղեցկութեան:
Իր
գրականութիւնը
գրեթէ
dilettantisme
մըն
է:
Եղիա
Տէմիրճիպաշեան
«արուեստն
արուեստին
համար»
սխալ
սկզբունքը
կը
թուի
փոխադրած
ըլլալ
մտքի
ընդհ.
կեանքին
մէջ.
մտաւորականութիւն՝
մտաւորականութեան
համար:
–
Տէմիրճիպաշեան՝
այո,
Չերազէն
աւելի
ընդարձակ
ու
տիեզերական
է,
եւ
Պէրպէրեանէն
աւելի
բազմազգաց
ու
բազմանուրջ,
բայց
նուազ
հայ
է
քան
զՉերազ,
եւ
նուազ
մարդ
քան
զՊէրպէրեան:
Իր
գրականութիւնն
հարուստ
է
առանց
հիւթեղ
(substantielle)
ըլլալու.
ճապաղ,
հակասական
ու
քմշոտ.
պչրագեղ
ու
սնափառ.
սրտագրաւ
ու
մոլորեցուցիչ:
Եթէ
տեւելի
է՝
պատճառն
այն
չէ
որ
հետեւելի
է՝
այլ
վասնզի
հետաքրքրական
է
ու
համակրելի:
Իսկ
Պէրպէրեա՞ն:
Երբ
ճառս
սկսայ,
Տեարք
եւ
Տիկնայք,
ըսի
թէ
արժանաւորութիւն
չունէի
խօսելու
Պէրպէրեանի
վրայ.
զայն
քննել,
զայն
իմաստասիրել,
իմացական
այնպիսի
գործ
մ’է
որուն
երկիւղով
ու
երկիւղածութեամբ
ալ
հարկ
է
մերձենալ…
անոր
բազմապահանջութիւնն
հասկնալու
եւ
քաշուելու
համար:
Կ’ապաւինիմ
այն
մտածման
թէ
երբ
մէկը
խօսի
նիւթի
մը
վրայ
որ
մեզ
համար
սիրելի
ու
մեծարժէք
է,
կ’ուզենք,
ներողամտօրէն,
ի
նկատ
չառնել
խօսողին
արժանաւորութիւնն,
եւ
անոր
բացատրութեանց
թերիներն
ու
գնահատութեան
սխալները
կ’ընդունինք
իբրեւ
յուշարարներ
այն
ճշմարտութեանց
զոր
գիտենք
կամ
կը
զգանք.
եւ
դրդումներ՝
ընելու
այն
դատաստանները,
որոց
կարող
ենք:
Կը
թողունք
որ
մեր
խօսակիցը
պատմէ
թէ
ի՛նչ
է
տեսեր
զոր
օրինակ
այն
ապարանքին
մէջ,
ուր
բախտ
ունեցեր
է
մտնելու,
եւ
ուր
այն
մթնոլորտէն
օտար
շինականի
(roturier),
plռbռienի
իր
նայուածքն
է
յածեցուցեր,
շլանալով
ու
կարծելով
քան
տեսնելով
ու
դատելով,
եւ
յաճախ,
չնշմարելով
ու
չկասկածելով
այնքան
թանկագին
իրերու
կամ
կարողութիւններու
գոյութիւնն
իր
շուրջը,
եւ
ուրկէ
թերեւս
շտապեր
ալ
է
մեկնիլ,
իրեն
ոչ
սեպհական
այդ
միջավայրին
բարձրութենէն,
ապարանքին
կամարներէն
ու
ձեղուններէն
ու
բոլոր
պերճութենէն
ճնշուած:
Կը
թողունք,
որովհետեւ
կը
տեսնենք
թէ
ընդունակ
է
հիանալու
մեր
ճանչցած
ու
սիրած
շքեղութիւններուն
վրայ:
Հիանա՜լ.
–
միթէ
կարելի՞
է
որ
տարբեր
յոյզ
մ’ըլլայ
մեզ
տիրող
զգացումն
երբ
կը
մտնենք
արդարեւ
Պէրպէրեանի
գրականութեան
մէջ:
Ամեն
ինչ
գեղակերտ
է
հոն.
մաքրափայլ,
մեծարժէք.
ոչինչ
աւելորդ,
ոչինչ
պակաս.
ոչ
մէկ
չափազանց
փայլ
կամ
գոյն
կ’իւրագրաւէ
ուշադրութիւնն
ու
նշմարուելէ
կը
զրկէ
ուրիշ
ինչ
որ
կայ.
ոչ
մէկ
անխնամ
անկատար
բան
ստուերած
կը
բերէ
այլոց
վայելչակերտութեան.
եւ
ո՛չ
մէկ
անիշխանական
կարգայեղում.
ամեն
բան
իր
նշանակութեան
ու
դերին
համեմատ
չափ
ու
դիրք
ունի
հոն.
բայց
արժանաւոր
ու
անհրաժեշտ
է
ամբողջին
մաս
կազմելու,
եւ
անդորր
ներդաշնակութեան
մը
մէջ
ամեն
բան
կը
միանայ:
Չի
կրնար
մարդ
հոն
ինչ
ինչ
զարդերու
հնաձեւութիւնը
մեղադրելու
չափ
վարկպարազի
ըլլալ.
վասն
զի
ամբողջին
նպատակն
ուստի
արժէքն
ամենժամանակեայ
է:
Այն
դահլիճին
մէջ
որ
Պէրպէրեանի
գրականութիւնն
է՝
եկեղեցական
ու
պալատական
բան
մը
միանգամայն
կը
թագաւորէ.
եւ
պատկառոտ
այցելուն
չի
կրնար
բաղձալ
որ
ճշդիւ
իրեններուն
պատշաճ
ըլլային
կրթութիւնն
ու
ճաշակներն
ու
հաշիւները
ճարտարապետին,
երբոր
տեսնուի
թէ
հեղինակն՝
է՛
ողջմտութեան
հետ
այնքան
շփոթ՝
որ
իրաւունք
իսկ
ունի
իր
գործն
իբրեւ
տիպար
մ’ու
դպրոց
մը
հարկադրելու:
*
*
*
Պէրպէրեանի
գրութեանց
եւ
ատենաբանութեանց
մէկ
մասը,
այն
որ
հայ
լեզուին,
հայ
դաստիարակութեան
եւ
հայ
եկեղեցւոյ
կը
վերաբերի՝
կը
ներկայացնէ
զՊէրպէրեան
ազգային
կեանքով
շահագրգռուող
եւ
զայն
ուղղելու
ձգտող
ու
կարող
իմացականութիւն:
Բայց
զինքը
խորապէս
ու
տեւականապէս
զբաղեցնող
բանն
է՝
մարդկային
բարոյական
կեանքը,
մարդկութեան
ձգտումն
առ
տեսլականը.
ուստի
եւ
իր
գրականութիւնն
ալ
կ’արտայայտէ
այդ
ձգտումը:
Եթէ
Չերազ
«զաւակն
է
1860ի»,
եւ
հայկական
խնդրոյն,
Եղիա՝
ԺԹ.
եւ
ԺԸ.
դարերունը
մանաւանդ,
Պէրպէրեան
կը
սերի
ԺԹ.,
ԺԸ.
եւ
ԺԷ.
դարերէն.
երեքէն
ալ
ունի
խոր
ազդեցութիւններ,
բայց
թերեւս
յաղթական
ներգործութիւնը
կրած
է
դասականութեան
մեծագոյն
դարէն,
ինչ
որ
կը
նշանակէ
թէ
իր
մտաւորական
էութիւնն
համաձայնած
է
այն
դարուն
էութեան
հետ:
Եւ
Քոռնէյլի,
Ռասինի,
Լաֆոնթէնի,
Մոլիէռի,
Լապրիւյէռի,
Պօալոյի
եւ
Պօսիւէի
դարը՝
բարոյատենչ
գրականութեան
դար
մ’է,
եթէ
ոչ
բոլորովին
բարոյական
բարուց:
Ի՞նչ
է
դասականութիւնն,
եթէ
ոչ՝
բանականութիւնը
դպրութեանց
եւ
գեղարուեստից
մէջ.
եւ
ի՞նչ
է
բարոյականն՝
եթէ
ոչ
դարձեալ
բանականութիւնը
կամքին
ու
կենաց
մէջ:
Ռեթէոս
Պէրպէրեան՝
բանականութեան
մարդն
է.
ուստի
եւ
այն
բարոյատենչ
դասականն
է
զոր
գիտէք,
եւ
զոր
նոր
գրողները
չեն
ճանչնար,
որովհետեւ
ո՛չ
երիտասարդութիւնն
եւ
ոչ
ալ
գուցէ
ներկայ
ժամանակը
թոյլատու
են
այդ
ծանօթութեան:
Տեսնենք
ուրեմն,
գրագէտին
էութիւնն
իսկ,
եւ
անոր
արտայայտութեան
եղանակը.
մտքի
մարդը
եւ
ոճի
մարդը.
խորհողն
ու
վարպետը:
Այն
անգիտակից
ներաշխատութեամբ
որով
երեւոյթի
մը
խորագոյն
ու
հաստատագոյն
հանգամանքներն
անոր
փախստեայ
ձեւերէն
վերջ
ի
վերջոյ
զատորոշուելով
մեր
մտքին
մէջ
կը
կազմեն
երեւոյթին
իւրայատուկ
իսկութիւնը,
կամ
որով
մեր
կրած
այլեւայլ
ազդեցութիւնք
հետզհետէ
կը
վերածուին
միակ
եզրակացական
տպաւորութեանը,
մենք
երբ
Պէրպէրեան
կ’ըսենք՝
կ’ունենանք
իսկոյն
հանդիսաւոր
անհատականութեան
մը
զգայութիւնը:
Չերազ՝
զոր
օրինակ
յաճախ
իր
մասնաւոր
անձին
վրայ
կը
խօսի
աղմկայոյզ,
եւ
կը
հարկադրէ
զայն.
Եղիա՝
իր
բազմամասն
բազմադէմ
եսին
կը
վերադառնայ
իր
տիեզերական
թափառումներէն,
եւ
նուազ
մեծամիտ՝
մեր
համակրութեան
ու
յարգանքին
զայն
կ’առաջարկէ:
Պէրպէրեան,
իր
բոլոր
գրականութեան
մէջ
գրեթէ
բնաւ
ինք
իր
վրայ
խօսած
չունի.
գրեթէ
բնաւ
Ես
ըսած
չէ
ան:
Ինչո՞ւ:
Վասնզի
աւելի
ընդհանուր
է
իր
եսը
քան
Եղիայինը
եւ
քան
մանաւանդ
Չերազինը:
Իր
եսը
բանականութեան
մարմնաւորումն
ըլլար
կարծես՝
անջատ
չէ
իր
մտածողութենէն
ու
իր
գործէն:
Անջատ
չէ.
հա՞րկ
է
ըսել
թէ
ամբողջովին
համաձայն
ու
հաշտ
է
իր
խորհուրդներուն
հետ
որք
իր
լիակատար
արտայայտութիւնն
են
կամ
որոց
պատշաճագոյն
հարազատագոյն
վայրն
է
իր
անձը:
Մի
է
եւ
նոյն՝
իր
բանականութեան
հետ:
Ի՞նչպէս
պիտի
կրնար
իր
իմացական
կեանքէն
անջատել
իր
Եսն
ու
զբաղեցնել
մեզ
անով
իր
գրականութեան
մէջ,
առանց՝
այդ
բաժանմամբ,
այդ
երկուացմամբ՝
մասնաւոր
մնալու
եւ
օտար
մ’ըլլալու
իր
համոզմանց
առջեւ,
եւ
առանց
ժխտելու
ընդհանրական
արժէքն
իր
բանականութեան:
Եւ
ճշդիւ,
եսին
ու
բանականութեան
այս
նոյնացումն
է
զոր
կը
կոչենք
ողջմտութիւն:
Այս
հազուագիւտ
առաքինութիւնն
ուրեմն
Պէրպէրեանի
մտքին
ու
գրականութեան
կանոնն
է:
Բայց
ասիկա
այնքա՛ն
աւելի
ապշեցուցիչ
է,
երբ
մտածենք
թէ
այն
նհատականութիւնը
որ
կը
նոյնանար
այսպէս
իր
տեսիլներուն,
իր
մտքին
հետ՝
այն
եսը,
զգացող՝
խորհող
ու
կամեցող
էակին
այդ
գիտակցութիւնը՝
մեծ
ու
զօրեղ
ես
մըն
էր
որ
Պէրպէրեանի
առանձին
կեանքին
մէջ՝
գրականութենէն
դուրս
կը
յայտնուէր:
Ա՛հ.
կեանքի
այլեւայլ
իրերուն
դէմ
իր
եսը
կը
զգացուէր
անջատ
եւ
ահագին,
ու
տիրապետող.
վասն
զի
այդ
իրերը
մասնաւոր
բաներ
էին,
ուստի
պզտիկ
բաներ:
Բայց
գրականութեան
մէջ,
ուր
բանականութեան
ընդհանուր
բաները
զուտ
ու
ազատ
կը
ծաւալին
ու
կը
տիրեն,
հոն՝
Պէրպէրեան,
փիլիսոփայական
հանրացման
այս
մարդը,
այս
ընդհանրական
իմացականութիւնը
կը
շփոթուէր
անոնց
հետ,
անոնց
մեծութեան
հետ,
որովհետեւ
զանոնք
ընդգրկելու
չափ
տարողութիւն
ունէր:
Անոնք,
ընդհանուր
բաներն
էին
միայն
որ
իր
մտքին
կը
ներդաշնակէին,
ու
կրնայ
ըսուիլ,
կրնային
իշխել
իրեն:
Եւ
հո՛ն,
(զի
ունէր
հօր
ու
դաստիարակի
բնազդը,
մտքերը
լուսաւորելով
բարձրացնելու)
բարոյական
իմաստասիրութեան
ոլորտին
մէջ
վերանալով
կը
նոյնանար
հոն
ու
կ’աներեւութանար
իր
եսականութիւնն,
եւ
ասիկա
սովորական
հպատակի
մը
ստրկամտութեամբը
չէր,
այլ
ազատ,
ընտրող,
օրէնսդիր
քաղաքացւոյ
մը
արժանապատուութեամբ:
Այս
հասողութիւնը
գերագոյն
գաղափարներուն
մտովի
պատշաճելու,
զանոնք
ըմբռնելու,
եւ
ուրեմն
անոնց
համաձայն
ընթանալու,
իր
մտքին
ու
կամքին
կողմէ
այս
կատարեալ
հաւանութիւնն
անոնց՝
կ’արգիլէր
իրեն
(յորժամ
այդ
սկզբունքները
պիտի
ապրէր,
)
երեւան
բերել
ինչ
որ
կար
իր
մէջ
մասնաւոր,
աշխարհի
մասնաւորութեանց
միայն
պատշաճ.
այսինքն
իր
համաձայնութիւնը
բանականութեան
հետ՝
կ’արգիլէր
իրեն
իր
անկատարութիւնները,
տկարութիւնները,
կիրքերը
գործածել
գրականութեան
մէջ,
զոր
կը
հաւատար
սեպհավայր
Բանին:
Ոչ
ոք
իրեն
պէս
գիտէր
թէ
գրականութիւնը
վերացում
մըն
է
դէպ
ի
ընդհանուրն
ու
յաւիտենականը,
քանի
որ
մտածութիւնն
իսկ
է,
երեւան
բերուած:
Պիւֆոնի
պէս,
որ
կատարեալ
արդուզարդով
կ’անցնէր
իր
աշխատութեան
սեղանին
առջեւ,
դաստակները
ժանեկազարդ,
Պէրպէրեան՝
նուիրուելու
համար
Բանին,
իր
բարոյական
խնամքը
կը
տանէր
ինքզինքին.
կը
մեկուսէր,
կը
բառնար
իրմէն
իր
հասարակ
կեանքին
յատուկ
մասնաւոր
ու
պակասաւոր
տարրերն,
եւ
կը
զգենուր
այն
ընդհանուր
ու
կատարեալ
հանգամանքները,
որք
անհրաժեշտ
են
հանդիսութեան
մը,
վեհանուէր
արարողութեան
մը:
Որքա՛ն
բնական
ու
խորհրդանշական
է,
կը
տեսնէք,
ամեն
ժամանակներու
նուիրական
լուացումը
պաշտամունքէն
առաջ:
Եւ
մինչդեռ
ամեն
վայրկեան
այլոց
տողերէն
դուրս
կը
կարկառի
իրենց
անհատականութիւնն,
իր
այլազան
մասնաւորութիւններով,
իր
ուրոյն
ճաշակներով
ու
ձգտումներով
ու
յոյզերով,
Պէրպէրեանի
կարծես
վիմատառ
մարմարափայլ
էջերուն
մէջ
կը
տիրէ
միայն
Բանին
հետ
տարրացած
եսին
միապաղաղ
լուսատարր
անանձնականութիւնն.
ի՜նչ
իտէացում.
ի՜նչ
վեհութիւն
անհատի:
Ծանօթ
է
ձեր
ամենուն,
Տեարք
եւ
Տիկնայք,
թէ
Պէրպէրեանի
այն
գաղափարները
զոր
պահ
մը
առաջ
գերագոյն
եւ
ընդհանուր
կոչեցի,
են
հոգեպաշտական,
կամ
մանաւանդ
տեսլապաշտիկ
գաղափարներ:
Հակառակ
ԺԸ.
եւ
ԺԹ.
դարուց
մէջ
մշակուող
եւ
ազատախոհութեան
հանգստաւէտ
հանդերձով
մտաւորական
աշխարհին
մէջ
մուտ
գործող
նիւթապաշտութեան՝
որ
իր
յարողներն
ունեցած
է
մեր
իմացական
յառաջապահներուն
մէջ,
եւ
գրաւած
է
նաեւ
զՊէրպէրեան,
մանաւանդ
իր
նորախանդ
տարիքին,
–
ողջամիտ
գրագէտն
անդիմադրելի
հակում
մը
ունեցած
է
դէպի
հոգեպաշտ
ու
իտէապաշտ
վարդապետութիւններն
ամեն
ժամանակներու.
եւ
որովհետեւ
հոգեպաշտութիւնն
ունեցած
է
իր
ծայրագոյն
միսդիք
արտայայտութիւնները
կրօնակերպ
յղացմանց
մէջ,
եւ
իտէապաշտութիւնն
ալ
իր
ծայրայեղ
ու
ժխտող
եւ
ամեն
ինչ
ենթակայական
(subjectif)
դարձնող
յղացումները,
Պէրպէրեան՝
անկարող
ու
թշնամի՛
գրական
թէ
իմաստասիրական
սեթեւեթներու,
նախընտրած
է
մնալ
չափաւոր
ու
միջին
կայքի
մը
վրայ,
եւ
իբրեւ
տիեզերական
ձգտում,
կրնայ
ըսուիլ
իբրեւ
դաւանանք
ընդունած
է
իրեն՝
արդի
ընտրողական
փիլիսոփայութեան
կամ
որ
նոյն
է՝
Վ.
Քուզէնի
երրեակ
սկզբունքները,
Գեղեցիկը,
Ճշմարիտն
ու
Բարին,
յարընչական
սկզբունքներ,
որոց
ծանօթութիւնն
առաջին
անգամ
ինք
բերած,
որոց
սրտեռանդն
հաւատացեալն
ու
պերճաբան
քարոզողն
է
եղած
մեր
մէջ,
թէեւ
զանց
ընելով
քննել
զանոնք
մինչեւ
իրենց
վերջին
հետեւութիւնները՝
որք
պիտի
կրնային
զայն
առաջնորդել
նոյն
իսկ
ծայրագոյն
կատարեալ
հոգեպաշտութեան,
–
եթէ
խոհեմութիւնը,
շրջհայեցութիւնը՝
ողջմտութեան
անհրաժեշտ
յատկութիւններէն
մին
եղած
չըլլար:
Մտածեցէք
արդարեւ
որ
Աստուծոյ,
եւ
մարդկային
անդրագոյն
ճակատագրին
առջեւ
իբրեւ
եռագոյն
փաղփուն
քօղ
մը
պատրուակուող
այս
դրօշը
Գեղեցկին,
Ճշմարտին
ու
Բարւոյն՝
կարող
է
համախմբել
մարդոց
երկու
ընդդիմակ
հատուածները.
զանոնք
որ
կը
հաւատան,
եւ
զանոնք
որ
կը
ժխտեն:
Բոլոր
այն
միւս
ընդհանուր
իրերը
որ
սկզբանց
այս
երրորդութենէն
կը
սերին,
–
գեղարուեստներն
ու
գեղեցիկ
դպրութիւնները,
ուսումն
ու
փիլիսոփայութիւնը,
դաստիարակութիւնն
ու
քաղաքակրթութիւնը՝
կը
կազմեն
այն
տարրերը
որոցմով
բաղկացած
է
իր
իմացական
միջավայրը,
պայծառ
ու
սուրբ
մթնոլորտով
բարձրավայրն
իր
բնակութեան,
որու
լայնածաւալ
սահմաններէն
դուրս
ելլելու
պէտք
չէ
ունեցած
բնաւ:
Հա՞րկ
է
ըսել
թէ
երբ
ընդհանուր,
ուստի
ճշմարիտ
սկզբունքներ
են
որ
կը
վարեն
զմարդ,
երբ
եսը
կը
նոյնանայ
անոնց
հետ,
ու
անոր
մէջ
ոչինչ
կը
մնայ
անոնց
անհամաձայն,
անոնց
դէմ
ապստամբ,
պարզապէս
երբ
ողջմտութիւնը
կանոնն
եղած
կ’ըլլայ
մեր
իմացականութեան,
յայնժամ
մտքին
դատաստաններն
ու
խորհրդածութիւնք
անսխալ
կ’ըլլան
եւ
անդիմադրելի:
Յայնժամ
պէտք
է
որ
կասին
մոլորութիւններն,
ու
վրէպները
դադրին,
եւ
ընդդիմաբանութիւնը՝
զոր
Բանին
անարժան
եւ
անպատրաստ
մարդիկ
կը
յարուցանեն
կը
մրրկեն՝
ցածնու
եւ
լռէ:
Արդարեւ
Պէրպէրեան,
ամեն
անգամ
որ
հանրային
կամ
իմացական
խնդրոց
մէջ
իր
հեղինակութեան
ձայնը
լսելի
ընելու
համար
ելած
է
ատեան,
իր
դատաստանք
եղած
են
ուղիղ,
իր
փաստերն
անհերքելի,
իր
վճիռները
վերջնական.
զի
իր
ձայնն
եղած
է
ողջմտութեան
ձայնը:
Եւ
գերազանց
հեղինակութեան
այդ
բարբառն
ա՛լ
չպիտի
հնչէ…:
Արդ,
ի՞նչպէս
կարելի
էր
որ,
ըստ
այն
բացատրութեան
զոր
տուի
քիչ
առաջ,
աշխարհի
մասնաւորութեանց
ուստի
փոքրութեանց
հանդէպ
տիրաբար
եսական
եւ
ընդհանրագոյն
գաղափարաց
ու
գործոց
հանդէպ
անոնց
հետ
շփոթուելով
անեսական
այս
իմացականութիւնը,
իր
եսին
ու
բանականութեան
նոյնացմամբ
կազմուած
այս
ողջմտութիւնը,
որ
իր
գրականութեան
մէջ
մարդկային
մտաց
ամենժամանակեայ
բարձրագոյն
ձգտումները
կ’ապրի,
եւ
ատո՛վ
իսկ
կը
գտնուի
յաւերժական
ձեւի
մը,
անանց
լինելու
կերպի
մը
մէջ,
ի՞նչպէս,
կ’ըսեմ,
կարելի
էր
որ
արտայայտուէր՝
եթէ
ո՛չ,
հանդիսաւորութեա՜մբ.
քանզի
վերացումն
դէպի
բարձրագոյնն
ու
ընդհանուրը՝
դէպի
ուղիղն
ու
յաւերժականը՝
հանդիսաւոր
է
միշտ,
նպատակակէտին
վեհութեամբն
արդէն
համակուած:
Ասկէ՛
հրապարակային
ատենաբանութեանց,
ճառերու,
Հուսկ
բանքերու
Պէրպէրեանը.
նոյնիսկ
դասախօսութեանց
Պէրպէրեանը.
նոյն
իսկ
«Մարդիկ
եւ
Իրք»ի
հրաչեայ
հանրադատը.
«Դաստիարակի
մը
օսքեր»ուն
եւ
«Դպրոց
եւ
Դպրութիւն»
հատորին
հրաշալի
հրապարակագիրը
որ
կը
խօսի
յանուն
ադամանդեայ
անգծելի
բանականութեան.
եւ
դպրոցական
շարականներուն
լուսաժպիտ
պուէտը
որ
բանական
վիճակներու
յաղթանակը
կ’երգէ,
եւ
«
ոհք
եւ
Յուշք»ին
արտասուալից
բանաստեղծը
որ
հեծեծագին
տառապանքներուն
մէջ
իսկ
կը
խոկայ,
եւ
կը
վարդապետէ՜
որ
իր
ապերջանկութեան
ամենաւեր
ամենաշիջոյց
հովուն
մէջ
դանդաչելով
կը
կանգնի՜
շնորհիւ
իր
աննուաճ
անընկճելի
բանականութեան
եւ
յանուն
անոր
կը
յամառի
աչքերն
յերկինս
ամբառնալ,
դէպի
խորհուրդը
տիեզերակալ
բանին…:
Որքան
արդար
էր
ուրեմն
որ
Պէրպէրեան
ըլլար
արժանաւոր
տեղակալն
ու
տէրն
այն
հանդիսաւոր
պատուանդաններուն
որոց
վրայէն,
այնքան
վեհութեամբ
բարբառեցաւ.
հանրադատութեան
դարեւանդակի՛ն,
քարոզութեան
ամպիոնին,
բանաստեղծութեան
բեմի՛ն
ինչպէս
նաեւ
նոյն
իսկ
սեղանին
ցաւերուն
ու
տառապանաց:
*
*
*
Հիմա,
Տեարք
եւ
Տիկնայք,
թոյլ
տուէք
ինձ
որ
պահ
մը
ձեր
ուշադրութիւնը
դարձնեմ
մտքի
մարդէն
յետոյ,
նաեւ
վարպետին,
ոճի
մարդուն
վրայ:
Հոս
պէտք
է
յիշեցնեմ
ձեզ
թէ
գրագիտութիւնն
ունի
սկզբունքներ,
ինչպէս
ամեն
արուեստ,
ամեն
գործ:
Գրականութիւնն
ըլլալով
մտքին
արտայայտութիւնը,
այդ
արտայայտութիւնն
ի
հարկէ
ունի
իր
տիպար
կերպերը,
որք
կը
կոչուին
պարզ
ոճ,
միջին
ոճ,
բարձր
ոճ:
Բայց
արտայայտութեան
այս
երրեակ
կերպերը
ունենալով
հանդերձ
իրենց
սեպհական
մասնաւոր
յատկութիւնները,
ունին
նաեւ
իրենց
երեքին
հասարակաց
յատկութիւններ.
ասիկա
կը
նշանակէ
թէ
ո՛
եւ
է
ոճ,
թերի
կ’ըլլայ
կամ
անկատար,
եթէ
այդ
ընդհանուր
յատկութիւններէն
մին
կամ
միւսը
պակսի
իրեն:
Ներուի
ինձ
ըսել
թէ
գրագէտք
ըստ
բաւականին
ուշադրութիւն
չեն
ընծայեր
այս
բաներուն,
եւ
գուցէ
ըլլան
ոմանք
որ
անոնց
գոյութիւնն
իսկ
չկասկածին:
Կրնային
իրաւունք
ունենալ
այդ
անտարբերութեան,
եթէ
բանականութիւնն
իսկ
եղած
չըլլար
գրականութեան
օրէնսդիրն,
եւ
իր
իսկ
պահանջները
չըլլային
ոճի
այն
յատկութիւնք
որոց
վրայ
կը
խօսիմ:
Ոչ
ոք
պիտի
ուզէր
հեստել
բանականութեան,
անգամ
մը
որ
գիտնար
թէ
ինչ
կը
նշանակէ
եւ
կը
պահանջէ
այն…:
Արդ,
–
թոյլ
տուէք
այս
հռետորութիւնն,
–
անիկա
կը
պահանջէ
որ
արտայայտութեան
կերպն
ըլլայ
յստակ,
այսինքն
զերծ
ամեն
մթութենէ
ու
երկդիմութենէ.
անբռնազբօս
եւ
անսեթեւեթ,
այսինքն
բնական.
անոպայ
գռեհիկ
ճաշակի
յատուկ
բառերէ
եւ
մտքերէ
զերծ,
այսինքն
մաքուր
եւ
ազնիւ.
ամեն
կարգի
սխալներէ
եւ
տարտամութենէ
ազատ,
այսինքն
ճշգրիտ.
բանականութիւնը
կը
պահանջէ
նաեւ
որ
ոճը
ըլլայ
պատշաճ,
այսինքն
համաձայն
նիւթին.
զանազանեալ,
այսինքն
զերծ
միօրինակութենէ.
մի,
այսինքն
հակասութենէ
ու
ճապաղութենէ
ազատ,
ու
լիակատար
ամբողջ
մը
ներկայացնող.
եւ
վերջապէս՝
ներդաշնակ,
այսինքն
անարտասանելի
դժնէ
ձայներէ
զերծ
ու
որքան
հնար
է
քաղցրալուր:
Դժուար
է
այսքան
յատկութիւններ
միացած
գտնել
գրագէտի
մը
ոճին
մէջ.
եւ,
հա՞րկ
է
արդեօք
ըսել
թէ
միայն
առաջինն
իսկ,
յստակութիւնը,
դիւրին
չէ
իրագործուած
տեսնել.
վասնզի
յստակութիւնը
(clartռ),
ոճի
առաջին
յատկութիւնն
ըստ
Կիկերոնի,
կը
պարունակէ
եւ
կ’արժէ
բոլոր
միւս
յատկութիւնները,
եթէ
աղէկ
դիտենք.
անոնք
բոլորը
զայն
պահպանելու,
զայն
յառաջ
բերելու
կը
ծառայեն
ի
վերջոյ,
կամ
անոր՝
յստակութեան՝
այլ
եւ
այլ
կերպառութիւններն
են,
կրնայ
ըսուիլ,
վասն
զի
անոնցմէ
ո
եւ
է
մէկուն
չգոյութիւնը
պիտի
ծառայէր
ունկնդրին
կամ
ընթերցողին
միտքը
խրտչեցնելու,
եւ
հետեւաբար
արգիլելու
ուշադրութիւնն
ու
համակրութիւնն
ուստի
եւ
հասկացողութիւնը:
Բոլոր
ասոնք
կ’ըսեմ,
Տեարք
իմ
եւ
Տիկնայք,
յայտնելու
համար
իսկոյն
թէ
Ռեթէոս
Պէրպէրեանի
ոճն
այս
բոլոր
յատկութիւնները
ունի՛:
Եւ
ասիկա
զարմանալի
չէ,
երբոր
գիտենք
թէ
իր
միտքը
բանականութիւնն
իսկ
է:
Պէտք
չէ
անմտութիւնն
ընել՝
կարծելու
անպատճառ
թէ
Պէրպէրեան,
անհանճար,
հոգեզուրկ
հռետորի
մը
պէս,
ուզած
է
իր
ոճին
մէջ
այդ
բոլոր
յատկութիւնները
դնել
արուեստական
կերպով,
թէեւ
ատով՝
դատապարտելի
ոչինչ
ըրած
պիտի
ըլլար:
Անոր
ոճին
մէջ
ի
բնէ
եւ
ինքնին
գոյ
են
այդ
անհրաժեշտ
եւ
անզանցառելի
հանգամանքներն,
ինչպէս
բանականութիւնն
իր
մտքին
մէկ
ձիրքն
է,
անշուշտ
հետզհետէ
կատարելագործուած:
Պէրպէրեանի
հոյակապ
արձակն
իր
իմացականութենէն
կը
բխի
արդէն
գրեթէ
կազմ
ու
կատարեալ.
եւ
ամեն
ազգաց
ու
դարուց
Պէրպէրեաններուն
ոճին
մէջ
է
որ
գտնուած
են
այդ
ամեն
յատկութիւնք՝
որոց
վրայ
տիեզերական
բանականութիւնն
իր
հարազատ
դրոշմը
կը
ճանչնայ
ու
կը
հաստատէ:
Միայն
թէ
կ’ուզէի
կէտ
մը
ճշդել:
Պէրպէրեան
ըլլալով
մտաւորկան
մը
մանաւանդ
քան
զգայարանական
մը,
գոյնի,
ձեւի
ու
ձայնի
արուեստագիտական
կատարեալ
զգացողութիւն
չունի.
ուստի
եւ
ներդաշնակութիւնը
զոր
կը
գտնենք
իր
ոճին
մէջ,
հնչիւններու
ներդաշնակութիւն
չէ.
բան
մը
որ
արդէն
անհնար
պիտի
ըլլար
Հայերէնին
համար,
ուր
բաղաձայն
տառերու
դժնդակ
խճողում
մը
կայ,
եւ
գոյութիւն
չունի
ձայնական
այն
յստակութիւնը
որ
յատուկ
է
զոր
օրինակ
Իտալերէնին,
Պարսկերէնին,
Ֆրանսերէնին,
որոց
ներդաշնակութեան
հիմն
է:
Պէրպէրեանի
գործերուն
մէջ
լսուող
ներդաշնակութիւնը
տարբեր
բան
մըն
է,
եւ
թերեւս
գեղեցկագոյն
բան
մը.
անիկա
չափերու
ներդաշնակութիւն
մըն
է,
որուն
ստեղծողն
ու
կիրարկողն՝
եղած
է
մեր
մէջ…
ո՞վ.
նոյնինքն
Պէրպէրեան:
Իր
արձակին
գեղեցկագոյն
հանգամանքներէն
մին
է
այս,
բոլորովին
անոր
սեպհական:
Եթէ
ժամանակը
որ
կը
սահի,
թոյլ
տար,
եւ,
Տեարք
իմ
եւ
Տիկնայք,
կարենայիք
դեռ
անձանձրոյթ
ունկնդրել
արդէն
երկար
ճառիս,
վարպետին
մէկ
էջին
մէջ
պիտի
ցոյց
տայի,
լսելի
ընէի
ձեզ
այդ
Պէրպէրեանական
ներդաշնակութիւնը,
բոլոր
գեղեցկութիւնը՝
ֆռազներուն
եւ
անոնց
հատուածներուն
յարածածան
չափին:
Պիտի
զգայիք
յայնժամ
թէ
կախարդանքի
որպիսի՛
միջոց
մը,
թաքուն
այլ
ապահով՝
միւս
ակնյայտ
հրապոյրներուն
հետ
իր
հմայքն
ի
գործ
կը
դնէր
Պէրպէրեանի
ունկնդիրներուն
եւ
ընթերցողներուն
վրայ,
լրացնելով
ամբողջացնելով
մեծաշնորհ
գեղեցկութիւնն
անոր
գրականութեան:
Կայ
սակայն
ուրիշ
կէտ
մըն
ալ
զոր
պէտք
է
ճշդեմ:
Ըսի
նախապէս
թէ
Պէրպէրեանի
գրականութիւնն
հանդիսաւոր
բանի
մը
տպաւորութիւնը
թողած
է
մեր
մտքին
մէջ.
հանդիսաւոր՝
մտածութեանց
ու
զգացումներու
բարձրութեամբ,
եւ
խօսքի
բեմերէն
սաւառնելու
իր
արժանաւորութեան
համար:
Գերազանցապէս
տեսլապաշտ
բարոյախօսին
արտայայտութեան
եղանա՛կն
է,
իր
ոճն
է
անշուշտ
միջոցը
որով
հարկադրուած
է
մեզ
հանդիսաւորութեան
այդ
տպաւորութիւնը,
վասնզի
այս
ոճն
ալ,
ինքնին,
ազդեցութիւնը
կ’ընէ
պերճ
ու
թանկարժէք
բանի
մը,
եթէ՛
մնայ
այն
միջին
աստիճանին
վրայ
որ
գրագիտութեան
մէջ
կ’անուանուի
բարեխառն
կամ
ծաղկեալ,
եթէ՛
ելնէ
այն
վերին
աստիճանը
որ,
մեր
գրականութեան
մէջ
հազուադիպօրէն
ժամանուած,
կը
կոչուի
բարձր
ոճ՝
ինչպէս
զոր
օրինակ
այն
ճառերուն
մէջ
զոր
գրած
է
Պէրպէրեան՝
Տոքթ.
Քեաթիպեանի
եւ
Վիկթոռ
Հիւկոյի
մահուան
առթիւ,
կամ
ինչ
ինչ
Հուսկ
բանքերու
մէջ
եւ
այլուր:
Ի՛նչ
աւելի
զմայլելի՝
քան
ինքնին
կատարեալ
ոճի
մը
մէջ՝
բարեխառն
թէ
բարձր
ոճի
սեպհական
յատկութեանց
մաքուր
ու
ծփծփուն
փաղփումը,
զերծ,
իսպառ,
իրենց
ներհակ
թերութեանց
խառնումէն
ու
եղծիչ
ազդեցութենէն:
Թէ
Ռեթէոս
Պէրպէրեանի
գրականութիւնն
հանդիսաւորապէս
պերճաշուք
իրողութիւն
մըն
է,
համաձայն
են
մեզ
այս
տպաւորութեան
մէջ
նոյն
իսկ
իր
հակառակորդներն,
անոնք
որ
իր
գործը
կ’ուզեն
անտեսել,
եւ
այդ
տպաւորութիւնն
է
որ
կը
զարթնու
միշտ
ամենուն
ներսիդին,
ի
լուր
մեծ
գրագէտին
անուան:
Արդ,
կան
մարդիկ
որ
կրնան
հարցնել
միշտ
թէ
Պէրպէրեան
սխալած
չէ՞
գրաբարախառն
աշխարհաբար
մը
գրելով.
կամ
քիչ
մը
աւելի
հռետորական,
արհեստագիտական
բացատրութեամբ
մը,
չէ՞
մեղանչած
արդեօք
ոճի
մաքրութեան
դէմ:
Ստոյգ
է
որ
սկսելով
«Երկու
Բանախօսութիւնք»էն
մինչեւ
իր
«Դպրոց
եւ
Դպրութիւն»ն,
իր
լեզուն
եղափոխում
մը
ցոյց
կուտայ:
Գրաբար
ձեւերու
սկզբնական
ծայրայեղ
գործածութիւնն
հետզհետէ
եղած
է
չափաւոր
կիրարկում
մը
գրաբար
հոլովմանց
ու
մասնիկներու.
վասն
զի
Պէրպէրեան
լճացած
ու
սառչած
իմացականութիւն
մը
չէր.
կ’ընթանար
ժամանակին
հետ,
բայց
քիչ
մը
բարձրէն,
մնալով
միշտ
իր
սկզբանց
մէջ
ամենժամանակեայ:
Տեղ
մը
կ’ըսէ.
«Գրականութեան
մէջ
կազմական
շրջանի
մը
բնական
է
երկուստեք
քիչ
մը
աւելի
յառաջ
երթալ.
բայց
այդ
իսկ
պայմանը
չէ՞
փոխադարձ
զիջողութեանց
ու
միջին
գծի
մը
ճշգրտման»:
Եւ
այլուր՝
«Եթէ,
կ’ըսէ,
աշխարհաբար
լեզուին
տեսակէտով
գրաբարամոլութիւնը
կրնայ
վնասակար
ըլլալ,
եւ
հետեւապէս
դատապարտելի,
ո՛չ
նուազ
եւ
թերեւս
աւելի
վնասակար
ու
դատապարտելի
է
աշխարհաբարամոլութիւնը,
կամ
աւելի
ճիշտն
ըսենք,
ռամկամոլութիւնը»:
Այս
վերջին
խօսքը
կը
գտնուի
այն
մեծվայելուչ
յօդուածին
մէջ,
«Ժողովրդեան
ու
գրագիտին
աշխարհաբարները»
խորագրով,
ուր
տիրաբար
ցոյց
կուտայ
թէ
«լեզուն
զոր
այսօր
կը
գրենք,
ժողովուրդին
լեզուն
չէ»
վասն
զի
չի
կրնար
այնպէս
ըլլալ:
Պէրպէրեանի
գրաբարախառն
կոչուող
լեզուին
պատճառն
է
նախ
հին
մատենագրական
ու
եկեղեցական
լեզուին
ընդհանրականութիւնը
բոլոր
Հայ
բարբառներուն
մէջ.
եւ
Պէրպէրեանի
դէպ
ի
գրաբար
միտումն
ուրիշ
բան
չէ
նախ՝
բայց
եթէ
իր
միտումը
դէպ
ի
ընդհանրականը.
ըստ
այսմ՝
ակնածելի
բան
մըն
է:
Յետոյ,
գրաբար
ձեւերուն
յատուկ
առաւելութիւնները՝
զոր
վարպետը
կը
տեսնէ
եւ
կը
գնահատէ
աւելի
քան
ոչ
ոք:
Բարձր
ու
իմաստասիրական
գրականութիւնը,
մտքին
ազնուագոյն
ձգտումներուն
գրականութիւնը՝
պէտք
ունի
աւելի
ներբերանգ,
աւելի
զանազանեալ,
աւելի
սեղմ,
եւ
բեմական
ու
բանաստեղծական
բարբառն՝
աւելի
հնչեղ
ու
ձայնահարուստ
եւ
ազդու
միջոցներու,
զորս
արուեստին
գերազանց
մշակութիւնն
ու
տիրացումը
կը
դարձնեն
անհրաժեշտ:
Եւ
Պէրպէրեանի
մասնիկներն,
ինչ
ինչ
ասացուածներն
եւ
հոլովեալ
կամ
խոնարհեալ
ինչ
ինչ
բառերու
վերջաւորութիւնք,
–
իր
գրականութեան
բոլոր
գրաբար
ձեւերը՝
ճշդիւ
այդ
միջոցներն
են,
գրական
եւ
իմաստասիրական
ճշմարիտ
մշակութենէ
զուրկ
գրողներու
կողմէ
անտեսուած
կամ
արհամարհուած:
Այսպէս
ուրեմն,
Պէրպէրեանի
ոճն,
ու
լեզուն
ալ
որ
անոր
մաս
կը
կազմէ,
կ’իյնան
միեւնոյն
պատճառին,
միեւնոյն
օրէնքին
տակ.
այսինքն
թէ
եսին
ու
բանականութեան
ձո՛յլը,
բարձրագոյն
ընդհանրական
ողջմտութիւնն
է
որ
կը
տիրապետէ
այն
գրականութեան,
այն
ատտիկեան,
դասական,
այն
զարմանասքանչ,
ու
սարսռալի
կերպով
դիցագեղ
գրականութեան
մէջ
զոր
ըրած
է
Պէրպէրեան:
*
*
*
Մեր
մատենագրութեան
մէջ
կայ
իրեն
ժամանակակից
ուրիշ
դէմք
մը
որու
կատարած
գործն
իր
ոգիով
ու
կոչումով
կը
մօտենայ
Պէրպէրեանի
երկին,
–
Մատթէոս
Մամուրեան,
որ
կը
ներկայացնէ
միայն
մէկ
յաջող
օրինակը
գրագիտական
այն
տեսակին
որուն
կատարելագոյն
տիպարն
է
«Դպրոց
եւ
Դպրութիւն»ի
հեղինակը.
որովհետեւ
«Արեւելեան
Մամուլ»ի
հրապարակագրին
կը
պակսի
գաղափարաց
այն
բարձրութիւնն
ու
ոճի
այն
շքեղութիւնը
որոց
հասած
է
Պէրպէրեան,
մեծագոյն
վարպետը
հայ
արձակին:
Իսկ
արժէքներու
ճշգրտումը
լաւ
եւս
յառաջ
տանելու
համար
իր
ուրոյն
տեղւոյն
վրայ
դնելով
զՊէրպէրեան
երբեմնի
թրքահայ
նորածագ
մտաւորականութեան
յառաջապահ
երրեակին
մէջ,
կը
տեսնենք
թէ
Չերազի
ծայրայեղ
ու
յանդուգն,
ու
Եղիայի
քմայակերպ
ու
թափառաշրջիկ
գրականութեան
քով՝
Պէրպէրեանինը
կը
ներկայացնէ
ինչ
որ
ճիշդ
չափը,
իմաստուն
առաքինական
չափը
կը
ներէ:
Բարձրագոյն
ողջմտութեան
մը
գրականութիւնն
է
այն:
Մինչդեռ
Չերազի
գրականութիւնը
ժամանակական,
տեղական,
պարագայական
ձգտումներու
մէկ
խտացումն
է,
մէկ
տիպարն
է,
–
ուրիշ
խօսքով՝
ընդհանուր
է
մասնաւորին
մէջ,
մինչդեռ
Եղիայի
գրականութիւնը
համայնախոհութեան
պէտքի
մը
ինքնատիպ
ու
անհատական
արտայայտութիւնն
է,
որով
ընդհանուրին
մէջ
մասնաւոր,
Պէրպէրեանի
գրականութիւնն
ամենժամանակեայ
բարձրագոյն
ձգտումները
մարմնացնելով,
եւ
եսը
կատարելապէս
պատշաճեցնելով
մարդկային
բանականութեան՝
է
գրականութիւն
մը
ընդհանուրին
մէջ
ընդհանուր:
Մին,
Տեարք
իմ
եւ
Տիկնայք,
ազգային
իրական
կամ
երեւութական
շահերուն
կուտայ
վճռելու
իրաւունք.
միւսը՝
Գեղեցկութեա՜նը
կ’ընծայէ
դիրքը
նոյնիսկ
Ճշմարիտը
որոշելու
եւ
դատելու.
Պէրպէրեան
տարամերժօրէն
կը
գերադասէ
Ճշմարտին,
Բարւոյն
եւ
Գեղեցկին
եռաճաճանչ
լոյսը
որ
դատաւորն
ըլլար
ամենայնի:
Չերազի
գրական
կեանքը
նուիրեալի
երազ
մըն
է
արբշիռ.
Եղիայինը
դիւրահաւան
համայնապաշտի
կեանք
մը.
մինչ
Պէրպէրեանինը
տեսլապաշտութիւն
մըն
է:
Միոյնը՝
օգտապաշտ
նուիրում
մ’է
դատի
մը.
միւսինը
գեղապաշտ
անձնատուութի՛ւն
առ
ամենայնը.
Պէրպէրեանինը
օրինապաշտ
համաձայնութիւն
մը
Բանին.
եւ
ազատ
կը
զգաս
ուրեմն
զՊէրպէրեան.
բանականութեան
ազատ
քաղաքացին
է
ան:
Պէրպէրեան
ամբողջական
է.
մի
է.
ուստի
վարչութեան,
առաջնորդութեան
մարդն
է.
մի
է,
ուստի
ընտանիքի
եւ
դպրոցի
մարդն
է.
եւ
այս
պատճառաւ
կարելի
է
ըսել
թէ
մինչդեռ
Չերազի՝
«Գրիչ
եւ
սուր»ի
հեղինակին,
պայքարի
մարդուն
գրիչը
պողպատեայ
զէնք
մըն
է
մանաւանդ,
Եղիայի՝
հայեցողութեան
հեշտութեանց
մարդուն
գրիչը
կկուի
փետուր
մըն
է
յաճախ,
Պէրպէրեանի՝
բանականութեան
ու
վեհագոյն
առաջնորդութեան
մարդուն
գրիչը
գոգցես
վարդապետական
ու
իշխանական
գաւազան
մըն
է
միշտ:
Եւ
վերջապէս,
մինչդեռ
Չերազ
ապագայի
ցնորքներով
յառաջ
կը
խիզախէ,
մինչդեռ
Տէմիրճիպաշեան
ամենայնի
տենչանքով
կը
թռչի
դէպի
ամենուրեք,
Պէրպէրեան՝
յաւերժականին
հաւատքով
կը
բարձրանայ: