Յօդուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՊԱՏԿԵՐՆԵՐ ԱՐՄԱՇԻ ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԵՆԷՆ

Քիչ մ’ալ Արմաշի ուխտաւորութեան պարագաներուն վրայ:

Արմաշ-Բանայիր. Այս տարի ալ, հակառակ անձրեւոտ օդերու ամեն կողմէ ուխտաւորներ ունեցաւ Չարխափանն: Պոլիս, Ռոտոսթոյ, Զմիւռնիա, Պրուսա, Իզմիտ, Էնկիւրիւ, եւայլն. ամենն ալ իրենց քաղաքներու, գիւղերու ներկայացուցիչներն ունէին Արմաշի մէջ: Արմաշի ուխտատեղին իբր միակ վանք Պոլսի շրջակայ գաւառներուն,   աչի տօներուն՝ մանաւանդ Վերացման   աչին՝ խանդավառ բազմութիւն մը կը հիւրընկալէ: Այն բանայիրը որ այս առթիւ կը կազմուի Վանքի արտաքին հրապարակին վրայ, արդէն ծանօթ է անոնց որք այդ տեսակ բանայիրներ տեսած են: Արմաշ գիւղին զարթնումն է այդ: Ցաւալի է որ ուխտաւորական զուարճութիւնը, բանայիրի վերածուելէն զատ, գիւղական բարքերու ալ ազդած է մեծապէս: Եւ եթէ «վանքի գիւղական»ը, ռամկական հինգ առածներէն մին, ա՛յնքան գէշ տպաւորութիւն կ’ընէ մանաւանդ անոնց վրայ որք շատ լաւ գիտեն թէ ի՛նչպէս կ’ըլլայ գիւղ մը, բանայիրի շատ բան կը պարտի բանայիրի ապականացումը վարակած է բոլոր վանքերու մօտ գիւղերը: Երբ այս երեւոյթը դիտենք Արմաշ եւ   ասկալ գիւղերու վրայ,   ասկալը Արմաշէն եւ Արմաշի վարի թաղերը վերի՝ վանքի աւելի մօտ թաղերէն տարբեր կը գտնենք: Այսչափ զգալի տարբերութիւն կայ: Տնտեսական ամենէն վատ վիճակ մ’ունին վանքի մօտի գիւղերը: Գիւղատնտեսական աշխատութիւններ շատ ու շատ կը տարբերին վանքէն հեռու գիւղացիներու աշխատութենէն: Գինետուն-սրճարաններ, որք գիւղին աշխոյժը վատթարացնող կեդրոններ են, անհամեմատ կերպով շատ են: Ուսկի՞ց կ’ընդօրինակէ գիւղացին զայդ: Ներքին գաւառներու գիւղական մաքուր կեանքը, տոկուն, քրտնալից աշխատանքը չկան այս գիւղերուն մէջ: Ձանձրալի մեղկութիւն մը կը տիրէ իրենց կենցաղին վրայ. մանաւանդ ձմեռը: Դրամ վաստկիլ չգիտեն. բայց ամենէն հասարակ առեւտուրի առարկայ մը սուղի կը ծախեն: Կը կարծեն որ առանց աշխատելու, այդ ձեւով դիւրին ստակ կը շահուի: Գործելու մէջ թոյլ, մանաւանդ ժամավաճառ. քրտնիլ մեղք է, մէկ մարդու գործը, օրուան մը աշխատութիւնը, օրերով հազիւ կրնան աւարտել, այդ ալ շատ անգամ անյաջող: Գեղջուկի կատարեալ ձեռարուեստն իսկ չունին: Ուխտաւորական ամեն տեսակ բարքերու հետ շփուելով չեն ալզարգանար. աշխատութիւնը թուլցնող բաներ կ’ընդօրինակեն բանայիրէն. եւ երբ ուխտաւորութիւնը սակաւ ըլլայ այս ինչ տարին, վանքի գիւղականին է՛ն վատ վիճակն է այդ: Այս վիճակը կը կարծենք բանայիրի արդիւնքն է առաւելապէս, թէեւ վանքերն ալ անմասն չեն անկէ:

Ի՞նչ մեծ բարիք մ’ալ պիտի արտադրէր ուխտաւորութիւնը, եթէ գիւղին նախանձելի դիրք մը տալու պատկառանքով անցունէր խանդավառութեան քանի մը օրերն, առանց բանայիրի կեղտոտութիւններ նետելու գեղացւոյն մէջը:

* * *

Ուխտաւորք եկեղեցւոյն մէջ. Արմաշի վանքին ամենէն հետաքրքրական երեւոյթներէն մին է ա՛յն բազմութիւնն «ախտացելոց եւ վշտացելոց», որք գիշերները եկեղեցւոյ մէջ կ’անցընեն: Պրոպատիկէի դարաւոր մի պատկերացումն է այն կարծես: Աւետարանի կենդանի պատմութիւնը: Տխուր տպաւորութիւն մը կը թողու այն սրտաճմլիկ տեսարանը, որ ցաւի, ախտի, հառաչանքի, «մեղայ, մեղայ»ներու ընդհատ եւ միօրինակ ցայգապաշտօն մ’է: Անվիշտ կեանք մ’ապրելու միաձայն տենչ մը, որ ամեն տեսակ ցաւի հոսանքներով ողողուած կ’երկարի ցերեկէն գիշեր, գիշերէն ցերեկ, մինչեւ   աչի մեռելոցը, երեք-չորս ամբողջ օրեր:

Այս ուխտաւորներուն խնդրանքը կը սկսի Չարխափանի պատկերին հանդէպ: Անդամալոյծներու լռին նստուածքը բուռն բողոք մը կը ժայթքէ. խուլ եւ համրը՝ տքնութենէն կարմրած աչքերը խոշոր բացած անիմաստ ձայներ կը հանէ, ձեռքի ողոքիչ շարժումներով իւր բերանն ու ականջները կը ցուցնէ պատկերին. խենթեր՝ ապուշներ կը խնդան, կը դառնան, եւ իրենց լուրջ (՞) վայրկեաններուն կ’արհամարհեն այդ ցաւերու խառնիճաղանճը. թոթովներ շնորհակալութիւններ կը կակազեն շարունակ, նստած են ոտքի վրայ. կոյրերն ու հաւկուրները, կաղերն ալ, ամենն ալ իրենց ցաւին, վշտին պատմութիւնը կ’ընեն՝ մտովի կամ հառաչելով. կը խնդրեն, կը թախանձեն, կու լան, կը յուզուին: Այս ամենը, խմբովին բազկատարած շարժումով, «մեղայ, մեղայ»ներու թախծագին շեշտերու մէջ, որով կարծես սլաքել կը սպառնան Չարխափանի պատկերը:

Այս խումբէն զատ կայ ուրիշ մը, որ սրտի հեծութեամբ կու գայ պատկերին առջեւ. անմռունչ կ’ընէ իւր ուխտն ու աղօթքը. շատ չի խռովեր Չարխափանի խորհրդաւոր լռութիւնը. կը սահեցնէ իւր լուման գանձանակին մէջ եւ քանի մը կաթիլ ձէթ մշտավառ կանթեղին ու կ’անցնի կ’երթայ:

Ուխտաւորներէն շատեր, կանայք, երբ դեռ նոր ոտք կը դնեն եկեղեցւոյ շեմքին՝ սուր ճիչ մը եւ լայն հառաչ մը կը ձգեն. ոմանք արդէն ճամբուն այն մասէն՝ ուր եկեղեցւոյ գմբէթը կը տեսնուի, հետիոտն քալած են. իրենց խնդրին յեղյեղումով ուղղակի կը հասնին եկեղեցւոյ դուռը, հո՛ն կը թափեն իրենց սրտին մաղձը այդ ճիչերուն մէջ: Ամեն նոր հասնող ուխտաւոր կը վերցնէ բանկալէն իւր մոմը եւ կը վազէ դէպի Չարխափան:

Բացի այն ուխտերէն, որք կ’ըլլան մարմինը ցաւցնող ախտերու եւ կազմուածքը տգեղցնող ախտերու հարուածներու համար, կա՛ն ուխտեր ալ, որք ուխտաւորին ներսը կը յուզեն. մին յաջողութիւն կը խնդրէ իւր հարսին, ուրիշ մը շնորհք՝ իւր զաւկին. կին մը իւր ամուսնոյն գինովութեան համար կու լայ, եւ դեռ ինչ որ կրնաք երեւակայել, եւ այդ ամենը Չարխափանի պաշտպանութեան տակ: Պէտք է յիշել յատկապէս որ սրտի ուխտեր, խոստումներ ալ կը վստահուին Չարխափանի:

(Այսպիսի բազմութեան մը եկեղեցւոյ մէջ գիշերելուն հետեւանօք յառաջ եկած անկարգութիւններ, ուխտաւորները յուզելու՝ արուեստական դերասանուհիներ, գողեր՝ Չարխափանի սպասաւորելու պատրուակին տակ եւայլն, որք յաճախ գէշ կերպով տեղի ունեցած են այդ սրբավայրին մէջ եւ դեռ կ’ունենային, կ’արժէ ըսել որ նոր հսկողութեանց եւ նոր կարգադրութեանց շնորհիւ գրեթէ պակսած են: )

* * *

Արգադիր նուէր. Չարխափանի պատկերին առաջամասը զարդարող արծաթ կանթեղներէն զատ՝ պատկերին վրայ կամ առջեւը կը տեսնուին փայլուն փայլուն արծաթի կտորներ կապոյտ կարմիր ժապաւէններով կախուած: Ադոնք նմանակերտ (fac-similռ) պատկերներն են ա՛յն անդամներուն կամ գործարաններուն, որք պատուհաս մը կրած են կամ՝ հիւանդութեան մը ենթարկուած: Սիրտ, լեզու, աչք, թեւ, մատ, ձեռք, սրունք, ոտք, երբեմն ամբողջ մարմին, եւայլն եւայլն, գրաւականներն են ուխտաւորին գտած գոհացումին կամ առողջութեան՝ իրենց պաշտպան սուրբին հովանաւորութեան տակ: Երբ պահ մը վերանանք հեթանոսական ժամանակներ, աւելի մեծ եւ թանկագին նուէրներ պիտի գտնենք Արամազդի, Ապողոնի, Անահիտի, եւ այլ հռչակաւոր մեհեաններու մէջ: Կը տեսնուին նաւաբեկութեան նկարներ, կամ փոքրիկ, շատ փոքրիկ նաւ մը կախուած. նաւազներ բերած նուիրած են զանի իրենց պաշտպանին, որ նաւաբեկութենէ ազատած է զիրենք: Կ’ըսուի թէ քրիստոնեայ երկիրներու մէջ դեռ նաւաբեկութեան արգադիրներ կախելու սովորոյթը կայ: Ի տես դրուած (արգադիր) այս նուէրներն էին զոր Քրիստոսի ցուցին ոմանք (Ղուկ., Իա., 5) եւ տաճարի արժէքաւոր գանձերն էին ադոնք: Քրիստոնէութեան մէջ ալ հանրացաւ արգադիր նուէր դնել եկեղեցիներու մէջ, մանաւանդ Աստուածածնի պատւոյն կառուցուած եկեղեցիներուն մէջ:

Ընդհանուր քրիստոնեայ ազգաց մէջ այս տեսակէտով Աստուածածնի եղած յարգը նշանակելի է: Հայք միայն՝ «Լուսոյ մայրը» նկատելով իբր պաշտպան կեանքի զանազան պատահարներուն դէմ, ստեղծած են Չարխափան, Բարձրահայեաց, Քաղցրահայեաց,   նդրակատար Աստուածածիններ, որոց ամենն ալ քիչ շատ կը պճնուին արգադիրներով: Եւ արգադիր, որ կը նշանակէ թէ՛ ճարտարութեամբ շինուած բարակ գործ, եւ թէ՛ ի տես դրուած, ընդարձակ կերպով կը տարածուի այն ամեն իրերու վրայ, որք ըստ ուխտին (ուստի է լատին ex-votoն) կը նուիրուին պաշտպան սուրբին: Արգադիր կը համարուին այն կտաւը, ծուէնը կամ կապուտը, զոր դեռ ոչ-քաղաքակիրթ ժողովուրդներէն ոմանք կը կախեն իրենց դրացւոյն ծառերուն վրայ: Նուէրներ ընելու շատ եղանակներ կան, որք արգադիր կը նկատուին:

Չարխափանի ուխտաւորներու արգադիրներուն մէջ աչքի կը զարնէ հիւանդացած կամ պատուհասուած անդամներու նմանակերտներէն զատ դրամներ, գնդասեղ, գինդ, ճիտակ, ապարանջան, մատնի, համրիչ, գօտի, շապիկ, գլխադիր (եազմա, զորս երբեմն ետ կ’առնուն իբր օրհնուած գործածելու համար), խաչեր, հեծեալի, ձիու, տուներու եւ այլ նմանակերտներ՝ մի խնդիրքի համար դրուած: Մասնաւորապէս ուշադրութիւնս գրաւեց կարի մեքենայի մը նմանակերտը, զոր առաջին անգամ կը տեսնէի այդչափ բազմատեսակ արգադիրներու մէջ: Կարի մեքենա՞յ մը ունենալ կ’ուզէր արդեօք նուիրողը՝ թէ կար սորվիլ: Ի՛նչչափ չարաճճի, պիտի ըսէի, միամիտ մտածում՝ Չարխափանի առջեւ կարի մեքենայի արգադիր մը դնել:

Արգադիր նուիրող ցաւագնոտներ կան, որք կարծես տեսակ մը պայմանագրութիւն կ’ընեն Չարխափանի հետ: Մարմնի զանազան մասերը ներկայացնող պաֆոնէ նմանակերտներ դրուած են պատկերի առջեւ. ախտաւորը կամ հաշմանդամը կը վերցնէ իրեն պէտք եղած նմանակերտը, բամպակէ թելով մը, այս թելն ալ զոր շատեր իրենց գլխին, վզին, դաստակին կը կապեն, Չարխափանէն կ’առնուի, անոր կանթեղին ձէթով օծուած է աչքի նմանակերտը աչքի վրայ, թեւինը՝ թեւի վրայ եւ այլն կը կախեն կամ կը հաստատեն: Ադոնք կը մնան իրենց քով, նոյն իսկ ամիսներով, մինչեւ որ գոհացում գտնեն. ա՛յն ատեն նոյն նմանակերտը արծաթէ ալ շինել տալով, երկուքն եւս կը վերադարձունէ Չարխափանին: Եկած նոր արծաթեղէններէն կը տեսնուի թէ որչա՜փ գոհացում գտնողներ կան:

Ըղձանքի, փափագներու, խնդիրներու նիւթականացած ցուցադրութիւնն են ատոնք ա՛յնպիսի տեղ մը, ուր քրիստոնեայ հաւատացեալը կը փնտռէ իւր ներքին գոհացումը: Ուխտաւորութեան ցաւագնոտ մասին յուզումներն ու աղաղակները, եւ լռին հեծեծանքն ա՛յն մասին, որու բոլոր ցաւերը հոգեկան են, կը ներկայացնեն աշխարհ մը ուր ապրելու պայքարը տարբեր երեւոյթ ունի: Հաւատքի անհատական ըմբռնումները, որոց անկեղծութիւնը զուտ քրիստոնէական է, իրենց ամենէն դրական պէսպէսութիւններով, հո՛ն՝ այդ ուխտաւորութեան մէջ երեւան կուգայ: Ո՛չ նախապաշարում, ո՛չ կեղծեռանդ կը գտնէք այն անհատներու վրայ, որք պարզ հաւատացեալ են, խորին համոզում մ’ունին հոգեխօսական ա՛յն գերազանց վիճակին վրայ որ մարդը կեանքին կը կապէ, կը զօրացնէ անոր կամքը. այդ վիճակը հաւատքն է:

* * *

Ուխտաւորական հասոյթ. Արդէն ըսինք թէ մեր վանքերը կամ ուխտատեղիները այլ եւս առաջուան ձեռնտուութիւնը չեն վայելեր. ասոր հետեւանքն այն եղաւ որ վանքերէն շատեր կործանեցան: Ոմանք հազիւ քանի մը ծեր միաբաններ կրնան պահել. մի քանին ստիպուեցան բարերար ձեռքերու յանձնուիլ. իսկ Երուսաղէմի Հայոց վանքն ա՛լ իւր յոյսը հաստատուն եկամուտներու վրայ կը դնէ: Կանգուն մնացող եւ յատուկ նպատակի մը ծառայող վանքերու ելեւմուտքը ի՛նչ ձեւով ալ ապահովուի, դարձեալ ժողովուրդն է այդ ապահովութեան աղբիւրը. այսինքն՝ կա՛մ մասնաւորներ են որ կ’ապահովեն իբր բարերար կա՛մ խումբ մը՝ խնամակալութիւն, սա տարբերութեամբ որ ա՛լ ուխտաւորի նուէրներ չեն ադոնք: Բայց քանի որ դեռ ժողովուրդն իբր ուխտաւոր իւր նուէրները չէ դադրեցուցած, այլ կրճատած է, ամեն պարագայի մէջ իւր կշիռն ունի վանքի տարեկան հաշիւներուն մէջ: Միայն փափագելի է որ ժողովուրդը քիչ մ’ուշադրութեամբ անդրադառնար իւր այդ կշռին վրայ:

Արմաշի վանքին ուխտաւորական հասոյթը (ամբողջ տարուան մէջ 70–80 հազար ղրուշ) ո՛րչափ ալ կարեւոր գումար մ’ըլլայ, աննշան բան է այն բազմութեան բաղդատմամբ, որք տարուան ընթացքին մէջ կ’այցելեն Չարխափանի սրբավայրը: Այդ գումարին ամենէն մեծ մասը, բնականաբար   աչին կը գոյանայ, նուէրներու սա յարանուանութիւններու տակ:

1. Դարպաս. Դարպասը Արմաշի վանքին մէջ կը յանձնուի եպիսկոպոսին, որ փոխարէն ընկալագիր մը կուտայ իւր ստորագրութեամբ: Յետոյ նուիրատու ուխտաւորներու անունները ընկալագրերու տետրակոճղէն (souche) յատուկ տետրակի մը մէջ փոխադրուելով կը պահուին: Դարպասը բաւական արդիւնաւոր նուիրատուութիւն մ’է: Իբր դարպաս կը տրուին զանազան նիւթեր, կտաւ, շապիկ, գուլպայ եւլն:

2. Բանկալ՝ մոմի հասոյթն է, որ նոյնպէս առատ կերպով կ’արդիւնաւորուի: Ամեն ուխտաւոր անպատճառ մոմ մը կը վերցնէ բանկալէն: Մոմեր նուէրի համեմատ կը տրուին 10 փարանոցէն մինչեւ 1-2 ոսկինոց:

3. Մատաղագին, այն նուէրներն են, որք կը հաւաքուին եկեղեցւոյ դրան մէջ, մինչեւ Վերացման   աչի առտուն. նոյն օրը՝ կիրակի՝ յատկապէս մատաղ կը կտրուի թէ՛ վանքի սեղանին եւ թէ աղքատաց համար: Բնական է որ այս հասոյթէն միայն փոքր մաս մը կը յատկացուի այդ մատաղին: Մատաղագին կը համարուին նաեւ որթեր, մալախներ, տեսակ տեսակ հաւեր, զոր ուխտաւորները կը նուիրեն: Ոչխարները նուիրուած կամ մատաղուած կ’ըլլան՝ Չարխափանի առջեւ կենդանւոյն ականջը արիւնը ցայտեցնելու չափ ճեղքելով: Նուիրողը բամպակով կը սրբէ այդ արիւնը իրեն մօտ պահելու համար: Նոյնպէս արիւն կը հանեն աղաւնիներու ոտքէն, իսկ հաւերու՝ խոպոպներէն: Մատաղագնի մէջ է նաեւ նուիրուած աղը, թէեւ ոչ մեծաքանակ, որուն մի մասը օրհնել տալով մատաղցու ոչխարներուն լիզել կուտան:

4. Պատկերի հասոյթ, այն նուէրներն որք իբր դրամ եւ արգադիր կը նուիրուին Չարխափանի: Արգադիրներէն անոնք որ գործածելի են կանթեղ, աշտանակ, փռոց, վարագոյր եւ այլն, կը պահուին. մնացածները դրամի կը վերածուին:

5. Մանկանուէր. Մայրեր Չարխափանի կ’ընծայեն իրենց զաւակը կամ ինչպէս կ’ըսեն իրենք «կը ծախեն», այսինքն դրամական նուէրով մը Չարխափանի պաշտպանութեան կը յանձնեն. ժամանակ մը յետոյ դարձեալ ուխտի գալով ետ կ’առնուն կամ «կը գնեն» իրենց զաւակները, որպէսզի Չարխափանի կապած չըլլան զանոնք. որովհետեւ իրենց պէտք են անոնք: Այս ծախելու գնելու գործողութիւնը՝ արարողական յատուկ կանոն մ’ունի տպագրուած: Ընծայացու մանկունք, մեծ ու պզտիկ, աոնք իրենց հօր կամ մօր գիրկը, նոյն իսկ երիտասարդներ կամ օրիորդներ, կուգան կը շարուին եկեղեցւոյ բեմին առջեւ որոշեալ ժամանակ մը, շապիկ հագած եւ ձեռքերնին մոմ. ընթերցուածներէ եւ աղօթքներէ յետոյ պզտիկները վարդապետներու կամ քահանաներու գիրկին մէջ, քալողներն ալ իրենց ոտքով խորանի վրայ կը հանուին երկրպագութեան համար եւ յետոյ կ’արձակուին եպիսկոպոսի աղօթքով. տեսնելու բան է փոքրիկներուն ճիչերը եւ ժողովրդական ժպտուն յուզումը: Ամեն ծնողք ազդուած այդ կոկիկ արարողութենէ, կ’ուզէ իւր զաւակը ծախել Չարխափանին, բայց յետոյ գնելու պայմանաւ: Ընծայուածները «որդեգիր» կ’ըլլան Չարխափան Ս. Աստուածածնին: Ընծայման նուէրներն ալ եպիսկոպոսին կը յանձնուին, դարձեալ ընկալագիրներով: Մանկանուէր այս տարի շատ նուազ էր:

Կան ուրիշ հասոյթներ ալ,   աչահանգիստէն, Վերացման   աչի երեկոյին մասունքներու կնքահայրութենէն, պնակներէն, եւլն: