ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ
ՍԵԹԵԱՆ
(1853–
)
Ծնած
է
1853ին,
Օրթաքէօյ,
Կ.
Պոլիս:
Հայ
լեզուի
եւ
մատենագրութեան
ուսուցիչ
եղած
է
ի
Պոլիս
եւ
Գահիրէ:
Ունի
քերթուածներու
երկու
հատորներ,
«Գրական
Զբօսանք»
եւ
«Յուզման
Ժամեր».
նաեւ
վերջերս
հրատարակուած
հաւաքածոյ
մը՝
«Արշալոյսէն
վերջալոյս»,
որ
կը
պարունակէ
նախորդ
հատորներէն
բազմաթիւ
քերթուածներ,
քիչ
մը
աւելի
աշխարհաբարացուած,
եւ
ոտանաւոր
թէ
արձակ
ուրիշ
հնագոյն
կտորներ:
Այդ
վերջին
հատորը
մէկ
խտացեալ
ներկայացումն
է
Սեթեանի
գրականութեան:
Իր
ուսուցչական
եւ
գրական
40ամեայ
յոբելեանը
տօնուեցաւ
ի
Գահիրէ,
1913ին:
Հանդիսաւոր
գրականութիւն
մըն
է
Սեթեանինը:
Կը
սիրէ
վեհ
բաները,
որոնց
համար
մանկական
ու
երկիւղած
հիացում
մը
ունի,
նաեւ
հայերէնը,
որուն
համար
իր
զգացած
սէրը
իր
գլխաւոր
ազգասիրութիւնն
է:
Իր
մեծ
հայերէնագիտութիւնը
կը
գործածէ
փարթամօրէն
արտայայտելու
իր
զգացումները,
որոնց
մէջ
գլխաւոր
տեղ
մը
կը
բռնէ
նոյնինքն
տարփանքը:
Միւս
գլխաւոր
զգացումներն
են
մեծվայելուչ
բնութեան
սէրը,
անմեղ
անցելոյն
սէրը,
տրտմութիւնն
աշխարհի
անիրաւութեանց
եւ
չարիքներուն
պատճառաւ,
վիշտը՝
հայկական
ցաւերուն
եւ
սրտմտութիւնը՝
բռնակալութեան
վայրագութեանց
համար.
յարգանքը՝
հանդէպ
մեծամեծ
մտքերու
բարեկամութեանը,
եղբայրութեանը:
Ազնիւ
մարդ
է
Սեթեան
ինչպէս
իր
կենաց,
նոյնպէս
եւ
գրականութեան
մէջ:
Իր
յոբելեանական
ճառը
ազնուութեան
զեղում
մըն
էր,
եւ
իր
պերճաշուք
գրականութիւնն
ալ
ուրիշ
բան
չէ
այլ
հայ
լեզուին
մեծվայելչօրէն
ի
սպաս
դրուած
մարդկային
ճշմարիտ
ազնուականութեան
մը
արտայայտութիւնը: