ԵՐԿՈՒ
ԽՕՍՔ՝
ԺԽՏՈՂՆԵՐՈՒ
ՄԱՍԻՆ
Չեմ
ըսեր
սակայն,
թէ
նիւթապաշտութիւնը
ջնջուած
է
այսօր,
ա՛լ
պաշտպան
մը
չունենալով:
Եթէ
մէկդի
առնենք
մարդոց
ահագին
մեծամասնութիւնը
որ
կրօնապէս
համոզուած
է
հոգւոյն
գոյութեան
եւ
«հանդերձեալ»
կենաց,
մնացեալ
փոքրամասնութեան
մէջ
գուցէ
յուսացուածէն
աւելի
մեծ
թիւ
մը
կայ
մարդոց
որ
ոգեկան
ուսուցութեանց
ազդեցութիւնը
չեն
կրած,
եւ
կատարեալ
անդորրութեամբ
ու
միամտութեամբ
կը
ժխտեն
ճշմարտութիւնը,
պատրանք
ու
խաբէութիւն
համարելով
զայն:
Այդ
ժխտողներուն
մէջ
բազմաթիւ
գիտուններ
կան,
յոյժ
կարեւոր
մարդիկ,
որոց
վկայութիւնն՝
իրենց
յոգեկանութիւն
յարման
պարագային՝
մեծարժէք
պիտի
ըլլար
ու
պանծալի,
ինչպէս
հաստատութիւնները
Ռիշէներու,
Ուօլլէյսներու,
Օքորովիչներու:
Մին
այն
գիտուններէն
որ
դեռ
կը
մնան
նիւթապաշտութեան
դեռ
հոս
հոն
կանգուն
ամրոցներուն
վրայ,
Տքթ.
Կիւսթաւ
Լը
Պոնն
է:
Չեմ
յուսար
որ
Ֆրանսայէն
դուրս
գտնուին
ժխտող
գիտուններ
այնքան
նշանաւոր՝
որքան
«Եղափոխութիւն
Նիւթոյ»ին
հեղինակը:
Մէկ
երկու
տարի
առաջ
Մադէնի
միջոցաւ
2000
ֆրանքի
մրցանակ
մը
հաստատեց՝
տրուելու
համար
այն
մետիոմին
որ
կարենար՝
կատարեալ
լոյսի
մէջ
եւ
քանի
մը
ակադեմական
գիտուններու,
երկու
ձեռնածուի
եւ
սինեմադոկրաֆի
մը
ներկայութեան՝
սեղանի
մը
վրայ
դրուած
առարկայ
մը
բարձրացնել
առանց
անոր
դպչելու:
Գիտունն
այս
առաջարկը
ըրաւ
որովհետեւ
գիտէր
թէ
ոգեկանք
կը
յաւակնէին
հաստատել՝
մետիոմներու
ներկայութեան
ամենածանր
կահերու
բարձրանալն
առանց
հպման,
եւ
որովհետեւ
կը
կարծէր
թէ
ամեն
այդօրինակ
«իրողութիւններն»
ուրիշ
բան
չէին
այլ
զգայախաբութիւններ
(hallucination)
կամ
վարպետ
խաղեր:
Արդ,
ոչ
ոք
ներկայացաւ
առաջարկուած
փորձը
կատարելու,
եւ
Տքթ.
Կ.
Լը
Պոն
մրցումը
փակեց,
ոգեկանութիւնն
ու
անոր
յարող
«կրօնամիտ»ները
ծաղրելով:
Մէկ
ամիսէն
աւելի
սպասեր
է
եղեր:
Բայց
առաջին
օրէն
իսկ
զանազան
կողմեր
եւ
մասնաւորապէս
ոգեկան
թերթերու
մէջ
երեւցան
յօդուածներ
որ
Կ.
Լը
Պոնի
առաջարկին
անգործադրելիութիւնը
պարզեցին,
վասնզի
փորձարկուք
գիտէին
թէ
լոյսը
քայքայիչ
ազդեցութիւն
մը
կ’ընէր
մետիոմին
ծորանական
նիւթին
վրայ,
ինչպէս
եւ
ոգիներուն՝
որ
իրենց
այդ
անգայտ
տարրին
խտացման
կարօտ
են
այլեւայլ
եղանակներով
ազդելու
համար
իրաց
ու
մարդոց:
Տքթ.
Կ.
Լը
Պոն,
ամենեւին
լրջօրէն
հետեւած
չըլլալով
ոգեկան
իրերու,
զոր
օր.
անձամբ
փորձած
չըլլալով
զանոնք,
ուստի
եւ
երեւոյթներուն
պայմանները
ճանչցած
չըլլալով
եւ
չյարգելով
ըստ
արժանւոյն,
ելեր
առաջարկեր
էր
բոլորովին
քմահաճ
պայման
մը
որ
փորձին
արգելք
միայն
կրնար
ըլլալ:
Լէոն
Տընի,
զոր
վերերը
յիշեցի,
անուանի
ոգեկան
բանախօսը,
1900ի
Բարիզի
միջազգային
ոգեկան
եւ
հոգեպաշտական
Համաժողովին
նախագահ,
եւ
մին
ու
թերեւս
մեծագոյնը
ֆրանսացի
ոգեկան
առաքեալներէն,
Լը
Պոնի
առաջարկին
սխալը
քննադատող
յօդուածի
մը
մէջ
ըսաւ.
«Տեսնենք,
ողջմտութեան
բարեկամներ.
ի՞նչ
պիտի
ըսէիք
ամաթէօրի
մը
նկատմամբ
որ
լուսանկարչութիւնն
ընդունելու
համար
պահանջէր
որ
անիկա
տեղի
ունենար
կատարեալ
լոյսի
մէջ,
մինչդեռ
ցարդ
այդ
երեւոյթը
կարօտ
է
սեւ
սենեակին
բացարձակ
մթութեան»:
Բայց
Տոքթ.
Կ.
Լը
Պոն,
որու
խրոխտ
արժանապատուութիւնն
իր
տգիտութեան
ակներեւ
ապացոյցէն
դժգոհ
մնացած
ըլլալու
էր,
մրցումը
փակող
իր
յօդուածին
մէջ
ըսաւ.
«Մին
արդի
երեւելի
ոգեկաններէն,
Տքթ.
Մաքսվէլ,
կը
հաստատէ
իր
«Հոգեկան
Երեւոյթներ»
գրքին
մէջ
թէ
առարկայից
առանց
հպման
տեղափոխութիւնները
կրնան
տեղի
ունենալ
ցերեկուան
լոյսին
մէջ»:
–
Եթէ
իր
համբաւաւոր
առաջարկէն
առա՛ջ
կարդացած
ըլլար
Տքթ.
Լը
Պոն
ո՛չ
միայն
Մաքսվէլի
գիրքը
հապա
շատ
մը
ուրիշ
եւ
կարեւորագոյն
հատորներ,
տեսած
պիտի
ըլլար
թէ
ոգեկան
երեւոյթներու
ահագին
մեծամասնութիւնը
կը
յաջողի
միայն
կէս
լոյսի,
մանաւանդ
մութի
մէջ,
թէեւ
փորձարկուները
կը
նախընտրեն
անշուշտ
առաջինը.
եւ
պիտի
խորհէր
թէ
բացառութեան
հանգամանք
ունեցող
պարագաներ
չէին
կրնար
ըստ
կամս
պահանջուիլ,
թէ
ոչ
միայն
տրամաբանութիւնն
այլ
նաեւ
պարկեշտութիւնն
արգելք
կ’ըլլային
ատոր:
Մեծանուն
գիտունը
տեսած
պիտի
ըլլար
դարձեալ,
թէ
կարելի
չէ
մեր
փափաքներուն
համաձայն
յառաջ
բերել
այնպիսի
երեւոյթներ,
որոց
գոյացումը
լոկ
նիւթական
եւ
մեր
կամաց
հլու
պայմաններէ
կախեալ
չէ.
եւ
թէ
պէտք
է՝
փորձարկութեանց
հարկադրած
ծանօթութեանց
համեմատ
եւ
ո՛չ
թէ
ըստ
քմահաճ
պահանջներու
շարժելով՝
սահմանափակուիլ
նախ
քննելու
ինչ
երեւոյթ
որ
տեղի
կ’ունենայ
մեր
կամքէն
անկախաբար:
Այս
բաներն
անշուշտ
կրնար
մտածել
Տքթ.
Լը
Պոն,
եւ
ըստ
այնմ,
գիտական
հեզութեամբ
ու
պարզութեամբ
հետեւիլ
փորձերուն
ո՛ր
ակումբին
մէջ
որ
ուզէր,
–
եթէ՝
ինչպէս
շատ
մեծ
մտքեր,
անհաշտ
նորատեաց
մը
չըլլար,
եւ
քիչ
մը
նուազ
գոռոզ
ու
նուազ
ամենագէտ
ներկայանար:
Արդարեւ
դժուա՜ր
բան,
նոյն
իսկ
գիտունի
մը
համար
որ
պարտի
ճշմարտութեան
ստրուկն
ըլլալ
ինչպէս
հաւատացեալն՝
Աստուծոյ,
հանդուրժե՜լ
չքացմանն
այն
դաւանանքին
զոր
տածեր
է
մարդ
տարիներով,
որու
անայլայլ
տեւման
մէ՛ջ
միայն
գտեր
է
մարդ
իր
մտաւորական
հանգիստը,
եւ
զոր
մեծահամբաւ
երկերու
մէջ
ալ
բարիքի
մը
պէս
ընծայեր
է
աշխարհի՝
փոխարէն
յոյժ
նախանձելի
անուն
մը
վայելելով:
Տքթ.
Լը
Պոն՝
արդարեւ
բնական
էր
որ
յամառաբար
խուլ
մնար
նորայայտ
ճշմարտութեանց,
քանի
որ
զմայլելի
ոճով
մը
նիւթապաշտութիւն
քարոզեր
էր
իր
բազմաթիւ
գործերուն
մէջ
ուղղակի
թէ
անուղղակի,
մինչ
ուրիշ
գիտուններ
որ
այսօր
Ոգեկանութիւնը
կը
հաստատեն՝
նոյն
բանը
չեն
ըրած
նոյն
աստիճանաւ,
ոչ
ալ,
մանաւանդ,
եղած
են,
կ’երեւի,
ֆրանսացի
շքեղ
գիտունին
չափ
մեծամիտ:
Բայց
քաղաքավարութիւնը
կը
պահանջէր
գոնէ
որ
Տքթ.
Կ.
Լը
Պոն
մրցանակին
պայմանաժամ
մը
դրած
չըլլար,
ինչպէս
որ
դրուած
չէ
գիտական
խուզարկութեանց
ու
ջանքերու
կարօտ
ո
եւ
է
գիւտ
վարձատրելու
սահմանուած
մրցանակներու,
կամ
նուազ
հեգնական
լեզու
գործածէր՝
զի՛նքը
միայն
ծաղրելի
հանդիսացնելու
կոչուած
այս
խնդրոյն
առթիւ,
իր
հպարտութեան
զգայնութեամբը
հասկնալով
նորանոր
ճշմարտութեանց
առթիւ
խնդացողներու
վիճակն
ու
դիրքը
պատմութեան
մէջ:
Է.
Պօնմէռ՝
«Հոգին
եւ
իր
Յայտակերպութիւնք
պատմութեան
ընդմէջէն»
գրքին
հեղինակը՝
«Ես
ալ,
կ’ըսէ,
ամենուն
պէս
խնդացի
Ոգեկանութեան
վրայ,
բայց
ինչ
որ
Վոլթէրի
ծիծաղը
կարծեր
էի՝
ապուշին
ծիծաղն
է
եղեր,
առջինէն
շատ
աւելի
հասարակ»:
Բայց
նոյն
իսկ
Վոլթէր
խնդալու
իրաւունք
ունեցա՞ծ
է
միշտ.
ինքը
որ
Նիութընն
ու
անոր
աշխատութիւնները
ծանօթացուցած
է
Եւրոպայի,
չէ՞
միթէ
եղած
մին
անոնցմէ
որ
ծիծաղած
են
հնէաբանական
կամ
նախապատմական
իրերու
իսկութեան
համոզուած
գիտուններու
վրայ
որք
սակայն
փառքն
ունեցած
են
նախապատմութիւնն
ու
հնէաբանութիւնը
հիմնելու:
Բաց
ի
տուընջեան
լոյսին
պայմանէն,
2000
ֆր.
ի
մրցանակին
միւս
պայմանները
գոհացուած
են
սակայն,
առաջարկին
թուականէն
առաջ
ու
վերջը,
զանազան
ակումբներու
մէջ:
Մանեէզիոմի
լոյսով
լուսանկարուած
են
յաճախ
ոգեկան
երեւոյթներն
եւ
առնուած
լուսանկարներուն
մէջ
կարեւորագոյնները
չե՛ն
անոնք
որ
առարկաներու
ամբարձումներ
կը
ներկայացնեն,
այլ
անշուշտ
անոնք
որ
ոգիներու
նիւթականացումներ
ցոյց
կուտան,
ինչպէս,
ի
մէջ
այլոց,
այն
լուսանկարները
զոր
առած
են
Գնդ.
Ալպ.
տը
Ռոշա
եւ
Ուիլ.
Քրուքս:
Ձեռնածուներու
ներկայութիւնն
ալ
որ
Տքթ.
Կիւսթաւ
Լը
Պոնի
համար
էական
էր,
կենսական,
վասն
զի
անոնք
կրնային
գործադրուած
նենգերն
ամեն
դիտողէ
աւելի
լաւ
բռնել,
-
ուրիշ
բանի
չէ
ծառայած
բայց
եթէ
մետիոմական
երեւոյթներուն
նորանոր
վաւերացմանց:
Վերջերս,
օրինակի
համար,
Ամերիկայի
մէջ,
հռչակաւոր
մետիոմին
Եւսաբիա
Բալատինոյի
միջոցաւ
յառաջ
բերուած
եւ
գիտական
լիակատար
պայմաններու
մէջ
տեղի
ունեցած
երեւոյթներու
մասին
վկայած
է
ամբողջ
Ամերիկայի
ամենէն
նշանաւոր
ձեռնածուն,
Մ.
Հօուըրտ
Թըրսդըն,
որ
անոնց
ներկայ
եղած
է
հրաւիրուելով
դժուարահաւատ
փորձարկուի
մը
կողմէ,
անդամ
Եւսաբեան
ուսումնասիրող
ակումբին:
Ահա
Մ.
Հ.
Թըրսդընի
ստորագրած
տեղեկագրէն
քանի
մը
տող.
«Անձամբ
զննեցի
Տիկին
Բալատինոյի
սեղանի
բարձրացումները,
եւ
բացարձակապէս
համոզուած
եմ
թէ
տեսած
երեւոյթներս
արդիւնք
չէին
նենգի,
եւ
յառաջ
բերուած
չէին
ոտքերու,
ծունկերու,
ձեռքերու
օժանդակութեամբ,
այն
կերպով
որ
նկարագրուած
ու
հրատարակուած
է
«Նիւ
Եորք
Թայմզ»ի
մէջ,
ոչ
ալ
որ
եւ
իցէ
եղանակով
որ
ծանօթ
ըլլայ
ինծի:
Համոզուած
եմ
թէ
ոչ
մէկ
նիւթական
հպում
կար
Տիկ.
Բալատինոյի
մարմնոյն
ու
սեղանին
միջեւ»:
«Այնքան
լաւ
համոզուած
եմ
թէ
այս
մետիոմը
կրնայ
սեղանի
վաւերական
ամբարձումներ
յառաջ
բերել,
որ
յանձն
կ’առնեմ
1000
տոլար
տալ
բարեգործական
հիմնարկութեան
մը,
եթէ
կարենայ
մէկը
ապացուցանել
ինծի
թէ
Տիկ.
Բալատինօ
անկարող
է
սեղան
մը
վեր
հանել
առանց
ո՛
եւ
է
նենգի
ու
հնարքի
օգնութեան»:
Սակայն
Տքթ.
Կիւսթաւ
Լը
Պոնի
առաջարկին
առթիւ
բան
մը
տեղի
ունեցաւ:
Ալպէր
Ժունէ,
անդամ
Հոգեբանական
ընդհանուր
Էնսդիդիւին
եւ
հոգեկան
ուսումնասիրութեանց
Տիեզերական
Ընկերութեան՝
«Կոչ
ընդդէմ
կոչի»
(Défi
contr
défi)
խորագրով
հատուածով
մը՝
500
ֆր.
առաջարկեց
Տքթ.
Լը
Պոնի,
եթէ
ապացուցանէր
«թէ
մարդկային
ձեռքի
մը
ներգործութեամբ,
առանց
հպման,
ապակեայ
զանգակի
մը
տակ
դրուած
Ժուառ
զօրաչափի
մը
սլաքին
ըրած
շարժումները
(զոր
Ա.
Ժունէ
հաստատած
էր
ո՛չ
միայն
իր
մատներուն՝
այլ
եւ
գորտի
մը,
ծովախառնիճի
մը
–
langouste
–
մետիոմութեամբ)
կը
բացատրուին
մի
միայն
զգայախաբութեամբ
կամ
նենգաւ»:
Տքթ.
Կիւսթաւ
Լը
Պոն
պատասխանե՞ց
այս
կոչին…:
Չեմ
գիտեր.
կը
յուսամ
թէ
պէտք
էր
որ
կարդացած
կամ
լսած
ըլլայի,
եթէ
պատասխանած
ըլլար:
Միայն,
իր
վերջին,
փակման
խօսքերուն
մէջ
գիտցած
է
գործածել
այնպիսի
բացատրութիւններ
որ
շատ
չեն
վտանգեր
իր
արժանապատուութիւնն
ապագային,
քանի
որ
կ’ընդունի
թէ
«մարդկային
մարմինը
կրնայ
ճառագայթել
մասնաւոր
ոյժ
մը՝
կարող,
ի
հեռուստ,
մարմնոց
վրայ
ներգործելու»,
եւ
քանի
որ
չի
համարձակիր
զգայախաբութիւններ
վերագրել
մեծամեծ
փորձարկուներու
«որք,
կ’ըսէ
միայն,
չեն
կրնար
ապրիլ
առանց
հաւատալիքներու»,
«նոր
կրօնքի
մը
յարած
են»,
«որովհետեւ
կրօնական
մտայնութիւնն
անջնջելի
կը
թուի»:
Եւ
այս
խօսքերն,
իրենց
երկդիմութեան
պատճառաւ,
ցոյց
կուտան
արդէն
թէ
որքան
մօտալուտ
կը
զգայ
Լը
Պոն
իր
նիւթապաշտութեան
փլուզումն,
ու
այն
օրը՝
յորում
Բրոֆ.
Ճէյմս
Հիսլըբի
հետ
պիտի
մրմնջէ.
«Չեմ
գիտեր
ի՛նչպէս
խոյս
տալ
այն
եզրակացութենէն
թէ
հանդերձեալ
կեանքի
մը
գոյութիւնն
ապացուցուած
է
բացարձակապէս».
կամ
պիտի
ըսէ
Լոմպրոզոյի
նման.
«Ամօթահար
եմ
ու
կը
զղջամ՝
այնքան
տեւականօրէն
պայքարած
ըլլալուս
համար
ոգեկան
իրողութեանց
կարելիութեան
դէմ»:
Երբ
մարդ
մէկ
կողմէ
ի
նկատ
առնէ
թէ
ժխտողք
ոչ
մէկ
փորձի
կամ
ոչ
մէկ
կատարելապէս
յաջող
փորձի
ներկայ
գտնուած
են,
թէ
լրջօրէն
փորձարկել
սկսելով
հանդերձ,
տեւական
թուող
անյաջողութեան
մը
հանդէպ
դադրած
են
յարատեւելէ,
թէ
հետեւած
չեն
այն
մատենագրութեան
որ
միւսին
դէմ
կը
դիզէ
իր
անհամար
հրատարակութիւններն
ու
մատեանները,
լի՛՝
ոգեկան
տեսութիւններէ
տարբեր
կերպով
անբացատրելի
իրողութեամբք,
եթէ
ի
նկատ
առնէ
մարդ
թէ
շատեր
բոլորովին
անտեղեակ
են
իմացական
աշխարհին
մէջ
տեղի
ունեցող
այս
մեծ
ու
զարմանալի
շարժումէն,
եւ
իրենց
կարդացած
լրագիրներուն
մէջ
պատմուող
աշխարհքը
միայն
գիտեն,
ու
պիտի
ապշին
երբ
օր
մը
դիպուածով
հանդիպին
պարագայի
մը
որ
իրենց
համար
անյայտ
անծանօթ
ճշմարտութեան
եւ
անո՛ր
տիրացման
աշխատող
անհուն
գործունէութեան
գոյութիւնն
իրենց
յայտնէ,
եթէ
ի
նկատ
առնէ
նորատեցութիւնն,
հոգեբանական
հասարակ
երեւոյթ
որ
այլ
եւ
այլ
աստիճաններով
կայ
մարդոց
մէջ,
եւ
որ
կանխաւ
կազմուած
ու
կապակից
մտապատկերներու
հին
ու
ընտելական
շարքէն
օտար,
զայն
քակտող
քայքայող
մտապատկերներու
հանդէպ
մէկ
բուռն
ընդդիմութիւնն
է
մեր
մտքին
ու
կը
տեւէ
մինչեւ
ցընտելացում.,
եթէ
ի
նկատ
առնէ
անձնասիրութիւնն
ու
տկարասրտութիւնն
անոնց
որ
տարիներով
հեղինակեր,
քարոզեր,
վարուեր
են
նորայայտ
ստուգութեանց
բոլորովին
ներհակ
ոգւով,
եւ
խորհի
այն
դժկամակութեան
վրայ
զոր
այդպիսի
մարդիկ
դէմյանդիման
բացայայտութեանց
առջե՛ւ
եւ
հո՛ն
մանաւանդ,
պիտի
զգային
ու
արտայայտէին.,
–
ու
միւս
կողմէ
եթէ
մարդ
ի
նկատ
առնէ
թէ
տասը
տարի
առաջ
ոգեկան
գիտուններուն,
հանդէսներուն,
գիրքերուն
եւ
ընկերակցութեանց
թիւը
շատ
աւելի
նուազ
էր
քան
այսօր
ուր
անհաւատալի
կերպով
մեծ
է,
թէ
քսան
տարի
առաջ
այդ
թիւը
նուազագոյն
էր,
թէ
երեսուն
քառասուն
տարիներ
առաջ
անհամեմատ
աւելի
դոյզն
էր
այն.,
–
երբ
ի
նկատ
առնէ
թէ
տարիներէ
ի
վեր
հետազօտութիւնք
ու
փորձարկութիւնք
օրըստօրէ
կը
բազմապատկուին,
եւ,
փոխարէն,
յայտնութիւններն
ու
ապացոյցները
կը
տեղան
եւս
աւելի
համոզիչ
ու
անհերքելի,
այն
ատեն
ուրիշ
բան
չի
մնար
ընել
եթէ
ոչ
ժպտադէմ
հաւատալ
Կիւսթաւ
Լը
Պոններու
հպարտ
յամառութեան
ճակատագրական
ջլատման,
եւ
անո՛նց
ալ
յափշտակուելով
տարուելուն
ամենազօր
ճշմարտութենէն
որ
նիւթապաշտ
ընդդիմութեան
այնքան
կոկոզաբերձ
թումբեր
կրծեց
ու
փլցուց
տարաւ: