Բ.
Ըսի,
թէ
սկսած
էր
ազգապղծութեամբ։
Նոր
իր
քաղաքին
մէջ
այդ
մեղքին
արձագանգը
շուտով
թոռմեցաւ։
Տասը
քոյր,
քրոջ
աղջիկ
չունէր։
Պաշտօնապէս
կրկէս
իջաւ
իբր
գող։
Ճարպիկ,
աճպարարեան
արագութեամբ,
անիկա
կ՚երեւար
ու
կը
թռցնէր
ինչ
որ
պէտք
էր
օրուան։
Յետոյ,
աչխատաւո՛ր՝
սեռային
անդունդին։
Անպատմելի
լրբութեամբ։
Մասնագիտութիւնն
էր
նրբին
չարչարանքը,
փոքր,
բայց
կոծումովն
ու
կսկիծովը
երկար
ծեծը,
զոր
կը
գործադրէր
գլխէ
հանած
կիներուն
–
անոր
պատանութեան
երկրորդ
տարին
մորթը
մաքրուեր
էր
բոլոր
կոճակներէն
ու
կոշկոռներէն,
մազերու
որոշ
գօտի
մը
թաւցած
ականջներէն
վեր
ու
ոճիրի
ու
մեղքի
մէջ
հասունցած
յանդուգն
խուզարկութիւն
մը
զայն
կ՚ընէր
անդիմադրելի՝
թեթեւաբարոյ
կիներուն
–
ու
մանչերուն
վրայ,
զանոնք
որսալով
դէպի
ամայի
վայրերը,
լեռնամէջերու
կամ
ծովուն
շատ
բացերը,
նաւերու
խորը,
ուր
զոհերուն
ճիչը
կը
զովացնէր
անոր
ով
գիտէ
ինչի
ծարաւ
սիրտը։
Վա՜յ
անոր,
որ
չլար
այդ
ծեծին
ներքեւ։
Կը
դանկըտէր,
լացը
լսելու
հաճոյքին
համար։
Դուք
աշխատեցէք
փնտռել
զսպանակները
սա
ասիական
սատիզմին։
Ես
կ՚անցնիմ
պատմելու։
Ոճիրէ,
համբաւէ,
գործէ,
փափաքէ
ահաւոր
սա
հեղինակութիւնը
միջնադարեան
ասպետական
բան
մը
կու
տար
անոր
անունին
ու
կը
կազմէր
իր
հրապոյրին
անկողոպտելի
գանձը։
Այն
թաղերուն
մէջ,
ուր
հանրատուները
իրենց
կռիւները
կը
թափէին
սալայատակ,
տժգոյն,
բայց
վճռական
երիտասարդները
հանելով
իրարու
դէմ,
դանակով
կամ
ատրճանակով,
տակնուվրայ
ընելով
մօտաւոր
շուկան,
անոր
երեւումը
բաւ
էր
խաղաղութիւն
ստեղծելու։
Իր
ցուցամատը
նշան
էր
կռիւներու
դադարին։
Այսպէսով
է,
որ
անսաստողները
պատուհասած
ատեն
ձեռք
ելան
նոր
ոճիրներ։
Յետոյ՝
հոգեկան
անգործութեան
օրէնքով,
կրկնութեան
ճամբէն,
պատահակի
կամ
որոճակի՝
անիկա
եղաւ
մարդասպան։
Բայց
բացառիկ
անօրէնութեամբ
մը։
Անոր
հռչակին
նպաստեց
դանակը
գործածելու
իր
արտակարգ
ճարպիկութիւնը,
նուէ՜ր՝
իր
դժբախտ
պատանութեան։
Զոր
կը
պարտէր
ծովուն,
ուր
կ՚անցնէին
մեծ
մասով
իր
օրերը։
Լողալ,
որսալ,
շանաձուկ
հալածել
(ալբինները
կը
խոշորցնէր
մեծ
դիւրութեամբ),
ժամերով
սուզուիլ
ու
նորէն
դառնալ,
–
իր
անունին
հետ
մտքի
ներկայացող
զուգորդութիւններ
էին։
Այսպէսով
էր,
որ
ոտքերն
ու
ձեռքերը
մարզուեցան
սա
եզակի
արագութեան։
Հրազէնին
ընդհանրացումը
հետզհետէ
փոխեր
էր
ոճրագործներու
մարմնակազմը,
քանի
որ
մարմնական
ընդունակութիւնները,
ուժն
ու
յարձակող
եռանդը
ա՛լ
դադրած
էին
իրենց
գերակշիռ
դերէն։
Քառորդ
դար
առաջուան
հաստ,
կառքի
չափ
լայն
կուրծքերը,
ինչպէս
սիւնատիպ
բազուկները
պայման
չէին
այլեւս
արիւնին
ասպետութեան,
որ
կ՚ընդգրկէր
նոր
տակտիկա:
Քէլ
Էտհէմը,
երկու
զէնքերու
գործածութեան
մէջ
ալ
համահաւասար
ճարտարութեամբ,
նախասիրութիւնը
կու
տար
ճերմակին,
հիանալով
անոր
խորհրդապահ
լռութեան,
որ
մեղսակից
մըն
է
յաճախ,
ասպարէզէն
ոճրագործին
համար։
Միւս
կողմէն՝
կրակը
անպակաս
էր
իրմէ։
Նիհար
անոր
բազուկները
անշուշտ
կը
դժուարէին
ճօճել,
աջ
ու
ձախ,
զոյգ
կանգուննոց
սուսերը,
գործածողը
տանելու
համար
հրապարակային
փառքի,
յաղթանակի,
նախճիրի,
առանց
մեծ
վնասներու։
Այդ
սուրերուն
տեսքն
ու
աղմուկը
չեն
պատասխաներ
իրենց
վէրքերուն։
Ատ
էր
պատճառը,
որ
կէս
դար
առաջ
այս
պատմութենէն՝
խնճոյքներն
ու
աղմուկները
կը
խռովէին
անոնց
հասակովը,
բայց
չէին
յանգեր
անխուսափելի
արիւնին,
ինչպէս
պիտի
ըլլար
կէս
դար
վերջը,
երբ
հրազէնը
աժեմին
ու
չաժեմին
ձեռքը
ըրաւ
երկար։
Բացի
դանակէն՝
անոր
մեծ
զէնքերէն
մէկն
ալ
կարելի
էր
նկատել
անոր
սրունքները,
բարակ,
բայց
երկաթ,
խոց–խոց,
սեւով
ու
սատափէ
սպիներով,
որոնք
խեչափառի
մը
կռնակը
կու
տային
տեղ-տեղ
անոր
անստեւ
ու
խարզած
մորթին։
Ու
դիւրաթեք
էր՝
ինչպէս
տասը
կատու
միասին։
Այդ
սրունքները,
հակառակ
իրենց
բարակութեան՝
կը
մնային
անսասան,
երբ
տուներու
առաջին
յարկերէն
կը
ցատկէր
փողոց,
իյնալով
ցիցի
պէս
ուղիղ,
կրունկներուն
վրայ,
կատուի
նման։
Ու
կը
ցատկէր
անիկա
տանիքէ
տանիք,
այդ
կողմերուն
համար
դասական
ճամբայ,
յարձակման
ու
նահանջի,
առաստաղը
փորելով,
իջնալու
համար
քնացող
հարսին
ծոցը
կամ
փախչելու
համար
վերահաս
ու
գերազանց
ուժերու
առջեւ։
Ծակէ
ծա՛կ։
Դեւ՝
քան
թէ
մարդ,
մա՛նաւանդ
մութին,
երբ
կը
ցցուէր
հարուստներու
սրահին
ու
կ՚առնէր
ուզածը,
սպառնալով՝
անձայն
կուլ
տալ
պատահածը,
այլապէս
կը
կտրէր
հունտը
մարդոց։
Տարիներ
անոր
անունին
կապուեցաւ
յատկանշական
վերադիր
մը,
–
սնդիկ
աւազակը,
որ
կը
բացատրէ
արագաշարժութիւնն
ու
դիւրաթեքութիւնը։
Այս
տուրքերը
նոյն
ատեն
զայն
կ՚ազատէին
հրապարակային
վտանգումէն։
Ոճիրը
կարելի
է
վկաներով։
Ու
մարդիկ
պիտի
չուզեն
տեսնել
իրենց
առջեւ
կատարուած
շատ
բան,
մանաւանդ
մահուամբ
չվերջացող
արիւնահեղութիւն
մը,
որ
միշտ
յարդարելի
յանցանք
մըն
էր
թուրք
արդարութեան
զինարանին
մէջ
եւ
դուռ
պատրաստ՝
անխուսափելի
վրիժառութեան։
Համբաւեալ
չարագործի
մը
համար
վկայութիւն
տալը
փորձանքը
ծախու
առնել
կը
նշանակէր
այդ
գեղերուն
մէջ։
Միշտ
բաց
կապոյտ,
ու
ծնկոսկրին
վերեւ
հատնող
մշտապէս
նոյն
իր
ապա–շալվարին
մէջ,
անոր
մարմինը
կարծես
աւանդ
մըն
էր
անոր
ոտքերուն
վստահուած։
Կռնակին՝
այդ
օրերու
ընթացիկ
սալթան
[1],
փայլուն
զրահի
մը
պէս
կուրծքն
ու
մէջքը
վանդակող
ու
ոսկի։
Դեղին
մետաքսին
լարերուն
մէջէն
գոյն–գոյն
ուլունքներ,
յուռութքներու
փունջ։
Որոնց
ամէն
մէկին
վրայ
իր
մէկ
հոմանիին
–
հանրատուներէ՝
ինչպէս
աղքատիկ
գեղերէ
–
մատը
կը
դնէր։
Գօտին,
մուգ
կարմիր,
համագոյն՝
ֆէսին,
տալով
անոր
մէջքին
ծփանուտ
եղկ,
գէջ
հարստութիւն
ու
իմաստ։
Անոնց
փաթերէն
դուրս
կոտոշ
ականջները
ջուխտ–ջուխտ
դանակներուն,
երբ
ըլլար
զուարթ,
պարի
ախորժով։
Այլապէս
վտանգաւոր
ծրագիրներու
առջեւ,
անոր
գօտին
լուռ
էր,
ինչպէս
սքողուած
թնդանօթ
մը։
Sժգո՛յն,
բայց
չափազանց։
Վասնզի
անոր
ողնաշարը
կ՚աչխատէր
անդադար
անոր
շուայտ
կազմին
կարիքներուն,
հոսելով
ճերմակ
ու
կարմիր,
գրեթէ
ամէն
օր,
չհասնելով
խնայելու
անհրաժեշտ
խումբ
մը
կարմիր
գնդիկներու։
Ապականա՛ծ։
Վասնզի
եօթը
տեսակ
ջերմ
ու
քառասուն
ակէ
թարախ
ու
հարիւր
գեղէ
պալարներ
անոր
մարմինը
կը
հարուածէին,
բայց
չէին
կործաներ,
նուաճուելով
անոր
ահաւոր
կենսունակութենէն,
որ
կը
նորոգէր
բոլոր
վնասները։
Ունէր
իր
նախնական
դեղերը,
ծխախոտ
եւ
օծանելիքի
պարզ
տեսակներ,
բայց
ամենակարող՝
է՛ն
խորունկ
վէրքերն
անգամ
երեք
օրէն
մաքրելու,
սպիացնելու,
կրծուած՝
մա՛նաւանդ
զգացական
կալուածէն։
Անհաղորդ
գութի,
վախի,
սիրոյ։
Վասնզի
անոր
հոգին
բորբոսած
էր,
գեղացին
կ՚ըսէ՝
բոսբորտած՝
իրարու
կապուած
մեղքերուն
դիակոյտին
ներքեւ։
Անիկա
կը
նմանէր
ճահիճի
մը,
որուն
երեսին
ջուրը
շարաւոտ
ու
կանանչ
բորի
էր
փոխուած։
Անիկա
գոյն
կու
տար
ու
կ՚առնէր,
համաձայն
այդ
ճահիճին
մէջ
ներզօր
թոյներու։
Մեղքերը
անոր
մէջ
ունէին
incubationի
քմահաճ
շրջաններ:
Ոմանք
նոյնիսկ
եղանակներու
կը
մնային
ենթակայ։
Անոր
չարագործութեանց
համար
կանխադիր
մթնոլորտ՝
թերեւս
արհեստական
գրգռիչներ
կը
կանչէք
հանդէս,
ինչպէս
է
պարագան
այնքան
շատերու
մօտ։
Քէլ
Էտհէմին
համար
հակառակն
էր,
որ
ճիշդ
էր։
Վասնզի
օղիով
անիկա
կ՚այլանար
իր
ոճրագալար
անձնաւորութենէն։
Կ՚անուշնար,
կը
կանանչնար
(բառը
առնելով
ոչ-մաղձային
իմաստէ
մը),
օղիին
մէջ
ձգուած
նուռի
կեղեւին
նման,
երբ
մենաւոր,
կծկուն,
սրճարանին
կամ
գինետան
մութ
անկիւնէն,
փոքրացած,
կոկուած,
կը
խմէր
ժամերով,
առանց
ազդուելու,
առանց
դեղնելու,
ծամելով
շրթները
եւ
անոնց
գունաւոր
պաստառին
վրայ
հասունցնել
ջանալով
ներանկար
ոճիրը։
Առանց
ծրագրի
չիջաւ
ան
մեծ
հարուածներու։
Մարդիկ
կը
խօսէին
իր
շուրջը,
կը
բանային,
լաւաշի
չափ
երկայն,
իրենց
լեզուները,
կը
ջարդէին
աջ
ու
ձախ,
հայհոյելով,
սպառնալով,
ամբաստանելով,
ու
մեծ
մեծ
բառերով
իրենց
փոքրութիւնը
փաստելով։
Անիկա
կը
մնար
խուլ։
Ունկնդիր
ու
խելօք։
Օղիի
սեղանին
առջեւ
անիկա
կ՚ընդունէր
նոյնիսկ
նախատինք,
բայց
կը
բանար
իր
քովը
տեղ
այդ
ամբարիշտին
ու
կը
խմցնէր։
Վա՜յ
անոր,
որ
մերժէր
իր
հրաւէրը։
Յաջորդ
օրերուն
անիկա
կը
պատժէր
անհնազանդը
չարաչար,
կալւածէն
կամ
անասուններէն։
Կէս
գիշերը
անց,
անիկա
կ՚երթար
իր
բանին,
պարզ,
սովորական,
երկու
ձեռքերը
հիւսած
գօտիին
փաթին,
իր
արտերը
քաղցր
պտոյտի
երկնցած
հողագործին
նման։
Մինչ
ժամ
մը
ետքը
արիւն
կը
վազէր
անոր
երակներէն,
կը
վազցնէր
ուրիշներէն։
Իրն
էին,
շաբթուան
մէջ
որոշ
օր,
Պրուսիայի
բոլոր
հանրատունները,
երբեմն
ամբողջ
գիշերով։
Կ՚երեւար,
անխուսափելի
աղէտի
մը
նման,
փոթորիկ
ու
անդիմադրելի,
բայց
անաղմուկ,
վասնզի
կ՚ատէր
այդ
որջերուն
զիլ
ճիչերը,
անպատկառ
անոնց
հայհուչները,
կ՚ըսէին՝
ամչնալո՜վ,
այդ
քածերուն
հաշուոյն։
Կը
ծեծէր,
միայարկ
այդ
տուներուն
խարխուլ,
թշուառական
դուռները,
որոնց
վրայ
կաւիճը,
երբեմն
ածուխը
հսկայ
մերկութիւններ
կախած
կ՚ըլլային...
իր
ոտքին
ծայրովը,
շեշտին
մէջ
այնքան
ճանաչելի։
Հաճոյքի,
վախի,
յուզումի
սարսուռ
մը
կ՚անցնէր
թաղին
մէկ
ծայրէն
միւսը։
…
Ու
դուռները
տեղի
կու
տային,
առանց
կրկնելու
պէտքի
մը։
Կը
մտնէր
ներս։
Կը
պարպեր
մահճակալները
այրերէն
ու
կիներէն։
Ըսի,
թէ
չէր
ախորժեր
աղմուկէն։
Ու
խելքն
ունէր
զգուշանալու
աւելորդ
բախումէն։
Ի՜նչ
դառն
հարուածներու
գնով
մարդիկ
վարժուած
էին
անոր
քմայքներուն։
Ու
աղջիկնե՜րը։
Որոնք
փորձը
առած
անոր
գութին
ու
անգթութեան,
կարելին
կ՚ընէին
ստեղծելու
համար
պահանջուած
լռութիւնը,
ճամբելով
ճարտարութեամբ
իրենց
անկողնակիցները,
որոնք
քիչ
անգամ
յիմար
եղան՝
չափուելու
համար
սնդիկ
աւազակին
հետ։
Յետոյ
կը
փակուէին
բոլորը,
հասարակաց
սրահի
մը
մէջ,
կուշտ
բերնով
վայելելու
համար
անոր
քաղցրեղէնները,
պտուղները,
շորեղէնները։ ...
Կը
սիրէին
այդ
տարօրինակ
մարդը,
որ
գոնէ
գիշեր
մը
իրենց
մարմինները
կ՚ազատէր
գարշ
հպումէն
ախտաւորին
ու
աղտոտին,
արջուն
եւ
իշուն,
մոռցնելով
գէջ
ու
գարշ
հոտը,
որով
ծթռած
են
անոնց
սենեակներուն
սաւաններն
ու
պատերուն
խմորով
փակցուած
պատկերներն
անգամ։
Ու
կը
պարէին,
թեթեւ,
բարի,
տաք,
գրգռուած
ու
հոլանի,
հիւսելով
իրենց
մարմինները՝
իրարու
ողկուզելով
իրենց
երանքներն
ու
զիստերը։
Խմել։
Խմել։
Ուտել։
Ու
կը
լուսցնէին,
օրհնելով
ու
շփացնելով
մեծահոգի
սա
աւազակը
որ,
ով
գիտէ
ո՛ր
պողոտաներուն
վրայ,
ո՛ր
մեծահարուստ
յարկերէ
վերցուցած
էր
սա
ոսկիները,
ամէն
մէկուն
ճակտին
փակցնելով
հատ
մը
ու
ճամբելով
զանոնք
օրուան
հանգիստին։