Սիւլէյման էֆէնտի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ԺԲ.

 

Սնդիկ աւազակը, Քէլ Էտհէմը, Սիւլէյման էֆէնտիին հայրը չէր տակաւին, ոչ ալ ռեժիի տնօրէն ու Սուլթան Համիտէն մեծարուած պէյ մը։ Այլ՝ միջնադարեան մեղաւոր մը, մեղքին բարձրագոյն համալսարանէն շրջանաւարտ։ Որ գուրգուրանքով թուխսի էր դրեր անցեալին բովանդակ ոճասերմերովը, իր երակներուն խորը։ Կառուցման տենդը incubation ի շրջան մը բացաւ անոր մերձաւոր կեանքին։ Այդ իսկ ընկալչութեամբ, անիկա արդէն կամարը կը լինէր գալիքին։

Ոսկին շատ բան է անշուշտ։ Բայց ոչ՝ ամէն բան։

Նոյնպէս՝ յանդգնութիւնը, քաջութիւնը, լրբութիւնը, որոնք մինակնին քիչ բան են յաճախ։

Բայց միացուցէք վերջինները առաջինին։ Այսինքն՝ երկրորդ յատկութիւններուն շուրջառ տուէք ոսկեթել կերպասը։ Ու դուք պիտի ունենաք միջին դարու իշխաններ, առհասարակ իտալական արիւնէ, որոնք կրօնքն անգամ մեղսակից կ՚ընէին իրենց կիրքերուն ու իրենց մեղքերը լուսապսակելու համար չէին վարաներ օրհնութեան գիրեր կախել իրենց սպաննած կիներուն ճիտին։ Ու դուք կ՚ունենաք մեր օրերուն թուրք այն աղաները, պէյերը (ուրիշ երկիրներու մէջ այդ տիպարը գրեթէ անհետացած կարելի էր ընդունիլ), որոնք արձագանգ կամ յապաղանքը կը թուին այդ հեռի դարերուն։ Ուրիշ երկիրներու մէջ մարդիկ կան, փողոցէն մեկնող, որոնք տէր կը դառնան միլիոններու, բայց կը մնան այդ դեղնախտին մէջ ու քիչ անգամ կը զառածին դէպի պետական աստիճաններ։ Յետոյ, պէտք չէ մոռնալ, որ միլիոններու որսին մէջ այդ մարդիկը, դարմանելու ատեն, ճարած են իրենց պակսածները, առնուազն ուսումը։ Թուրքերուն մէջ նորանշանը, փողոցի ստահակէն բուսած մեծ իշխանաւորն է, պալատական աւագանին, մինչեւ անգամ եպարքոսը, բայց իր անունը ստորագրելու դերը վստահած ոսկի կնիքին, որ կախ էր վիզէն։ Անոնք՝ որ Համիտի ռեժիմին սիւները եղան, չունէին ուրիշ ծագում։

Դրամ ու լրբութիւն։

Ամենահաս այս միջոցներով անիկա սկսաւ երկրորդ կէսը իր կեանքին։

Շահու, կառուցման, ձեռնարկի վաղանցուկ տենդէն վերջ, անիկա պիտի դառնար իր հիմնական արահետին։ Ու այս անգամ՝ ամբողջ պատկառանքովը, սալթանաթ ովը, զոր ոսկին կու տայ մինչեւ իսկ աշխարհին ամէնէն ապուշին։ Անիկա ոսկիով պաշտամունքը պիտի կատարէր սեռին։ Այսպէս են շինուեր մարդոց երակները, որոնք միայն կարմիր հեղուկ չեն փոխադրեր մեր մարմինին զանազան գաւառները, այլ՝ անոր հետ ի՜նչ գազանութիւն, սարսուռ, պապակ, որ մեր պապերուն հոգիէն իբր փայլակ անցած են մեզի։

Ամենահաս այս միջոցներով էր, որ ձեռք անցուցած կիներն ու աղջիկները գործածեց անիկա ահաւոր ախորժակով մը։ Անոր մէջ տիրականը՝ վայելքի երանգէն զատ, խուլ, անդիմադրելի ըղձաւորումը արկածին, թափառումին, արծելուն, ինչպէս կ՚ըսէ ժողովուրդը։ Բոշան պալատ են տարեր, թագուհի են կարգեր, «վա՜յ, իմ վրանս» է պոռացեր։ Ես չեմ աս ալ ըսողը։ Անիկա կը կրկնէր մատաղ տարիներուն կնիքը առած իր հոգին։ Հասունութիւնը երբեմն աս է մեր մէջ։

Ու անոր երկրորդ նկարագիրը, բռնութիւնը, երբ ոչ մէկ կարիք կար ատոր, քանի որ իր ձեռքն էր բանալիներուն բանալին, ամէն դերբուկ հարթող դեղին մուրճը՝ ոսկին։ Չէր գիտեր, թէ ինչո՞ւ կ՚աշխատէր ճնշումով ու ահաբեկչութեամբ, երբ իր կառքերը եօթն օր հեռուէն կը գտնէին միջոցը իր ուզածը ոտքին բերելու կամ զինքը ընելու ամէն տեղ։

Ու առեւանգումը, գնչուական կամ տղայական, երբ անցեր էին ատոր տարիները։ Երեսունէն ետքը մարդ պիտի մտածէ այդ յիմարութեանց։ Ձախողանք մը, իր ստեղծած տաղտուկներովը, իրարանցումովը հարիւր անգամ բարձր կ՚արժէր, քան ժում մը վայելքը։

Բայց կ՚ընէր, ամէնն ալ, դաւադիր ու յարձակող փոխն ի փոխ, բաց դուռ՝ նիքահ ը [1], քանի որ կրօնքը իրեն կ՚արտօնէր այնքան կին, որքան ի զօրու էին մարմինն ու քսակը։ Բաց դուռ, միւս կողմէն, դարձեալ այդ նիքեահը, քանի որ կիները արձակելը աւելի դիւրին էր, քան առնելը։

Ու եղաւ անիկա մինչեւ անգամ հուղկահար, իրեն դիմադրող ազնուական կիները անպատուելու իր մոլուցքին մէջ, գործադրելով իր սպառնալիքը տառական ճշդութեամբ, բայց չսպաննելով։ Բայց մա՛նաւանդ շարունակելով նախատել, իր մերժումով հաշտութեան ամէն առաջարկ, որ նախատուած կողմէն կու գար իր յաջողութեան։ Անիկա անխնայ ճամբու կը դնէր հանըմ ին միջնորդները, «ուրիշ դուռ զարնել» յանձնարարելով։

Այսպէս, խաբեբայ, բռնաւոր, սողոսկուն, վեհանձն ու սուղ՝ անիկա ըրաւ իր արշաւը սեռին բոլոր ճահիճներէն ու թաւուտներէն, ուռկանին ինկող երէները, մինչեւ որոշ տարիք մը անխնայ անպատուելով։ Մարդ դժուար կը հաւատայ կարգ մը բաներու։ Բայց թուրքերու մէջ ապրող մը պարտաւոր է վերցնել մտքի վերապահութիւնը։

Անոնք՝ որ Թուրքիոյ արդի վարիչներուն կեանքէն վերլուծումներ կ՚ընեն, կը հաստատեն այս վարկածը։

Նման միջնադարեան ասպետի մը կամ խանի մը (պարսիկ), անիկա, անխոնջ ուշադրութեամբ մը, կը կազմակերպէր իր շուրջը ամէն ինչ, իրենց փոքրագոյն իսկ մանրամասնութեանց մէջ, սենեակ ու պահակ, պառաւ ու միջնորդ, ծառայ ու փախցնող, նաւաստի, մանուկավար ու կառապան։ Ու մունետիկ ու որսահան որեար։ Ու հոճա ու գիշերապահ։ Բանակ մը սինքլոր, որոնք մշտակազմ՝ կը սպասէին անոր աչքին ցուցմունքին։

Իր որսերը անիկա կ՚ախորժէր վայելելէ, համաձայն տեսակին ։ Կը թմրեցնէր անոնք, որոնց սուղ էր ժամանակը, քանի որ հեռաւոր վայրերէ վերցուած էին ու գայթակղութեան մը սպառնալիքը կը ծանրանար, աելորդ բարդութիւն, երբ, որոշ ժամէն առաջ, այդ լլկուած աղջիկները չդարձուէին իրենց տեղերը, սանկ հօրաքոյր, մօրաքոյր, որոնք իրենց տունը հիւր տարած կ՚ըլլային զանոնք ու պտոյտի կը հանէին, նստելով գեղեցիկ կառքեր, արշաւող՝ դէպի դղեակը։

Կ՚ահաբեկէր կամակորները, բանտով, ծովամերձ անդունդներուն զարհուրանքովը։ Անոնց մարմինը ունենալէ առաջ, կ՚ընկճէր անոնց հոգին, օր մը ամբողջ զանոնք ձգելով առանձին, հոյակապօրէն գեղազարդ սրահներու խորը, ոսկիին ու ծանր հոտերուն գրգռմանը մէջ, լոյսի տեղ մեծ աշտանակներ տրամադրելով, գալով ու երթալով, առանց խօսքի կամ բռնութեան, մինչեւ որ իրերամարտ սա զգայութեանց թոհուբոհին մէջ զգայարանքները խենթենային ու փռէին անպաշտպան աղջնակը գետին, պատրաստ ընդունելու թէկուզ սատանան, այսինքն՝ չո՜ւնչ մը։ Ու կը բուսնէր խորհրդաւոր ասպետը, դուռը բանալով մեղմ, փակելով մեղմ, հանդարտ ու անուշ քայլերով դէպի առաջ, իր դաշոյնին գլխիկը դպցնելով անոր ստինքներուն պտուկին...

Բոլորովին յամառները ու եղան ատոնք ալ կապուեցան մարմար սիւներու, մերկացուեցան իրենց զգեստներէն, մսագործի դանակներով գրեթէ սեւամորթ արջերու կողմէ ու այսպէս, քրիկքրիկ ձգուեցան կիսավայրի այդ մարդոց կիրքերուն։ Ամէն զբաղումի համար անոր սպասորեարը անոր ուժին գաղտնիքներէն մէկը եղաւ: Առեւանգելու, ահաբեկելու, սպաննելու գործերը չար նախարարութիւններ կը գրաւէին այդ բանակ մը անօթիներէն։

Իր դրամը կը հասնէր անոնց ամէնէն ստոր բնազդներուն յագեցումին։ Անոր կամքին ընդդիմացող կիները պատժուեցան չարաչար։ Եղան՝ որ մեռան ալ այդ արջերուն բեռան ներքեւ, ճուալով ու ճանկռտելով իրենք զիրենք, մինչ սա անասնութիւնները սարքող եօթնիցս անասունը կը դիտէր տեսարանը, անհասկնալի ժպիտով։ Այդ կիներուն դիակները գիշերով կ՚իջնէին ծով, վիզերնուն երկաթ ծանրոցներ։ Ձուկերը կը մաքրէին ոճիրը։ Արդարութի՞ւնը։

Անիկա ունէր բաւական զբաղում, որպէսզի հետապնդէր անհետացող կիները, որոնք, հաւանաբար, իրենց տարփաւորներուն ետեւէն, ով գիտէ ո՞ր անտառին մէջ շուք կը վայելէին, զիրենք, ոստիկանները ասդին, քշելով անօգուտ խուցեր։

Միւս կողմէ՝ թիւով ցանցառ սա վայրագութիւնները զայն կ՚ընէին խոհուն ու մարդասէր։ Անիկա, նման յուզումներէ յետոյ, ինքզինք կու տար բարեպաշտ մղումներու, նորոգելով զոհին թաղէն աղբիւր մը, մզկիթի կարօտ մաս մը, մինչեւ որ ոճիրին բուն պատասխանատուները զգաստանային։ Բարերարեալ կալատներ ասոնք՝ ստեղծուած իրենց տիրոջը ձեռքով։ Որոնք քիչ-շատ դիւրամատոյց կիներ կը ճարէին, առանց նեղուելու։ Պատերազմներու առատութիւնը այդ երկրին մէջ արուն քիչ կ՚ընէ։ Արձակման, ապահարզանին դիւրութիւնն ալ միւս կողմէն կը միջամտէ, որպէսզի ամէն գիւղի մէջ կենան պատրաստ այդ երկդիմի ապրանքները, սանկ ու նանկ կասկածելի պառաւներու ձեռքին տակ, դրամի փոխարէն ուզուած հասցէին տրամադիր։ Տարիք, թարմութիւն, կանոնաւոր արդուզարդ, կատարելագործուած արհեստ շատ անգամ կը ներկէին անոնց «աղբիւրը», ու կը տպաւորէին իբր «տան հաւ», այս զանազանութեան ոչ շատ բծախնդիր հեշտասերներէն, որոնց աւագ նախարարը կարող էր նկատուիլ Քէլ Էտհէմը, հետզհետէ փայլուն, փոր կապելու վրայ, քանի տարիքը կը հաստնար իր վիզին շուրջը։ Առատ դրամի փոխարէն ճամբայ հանուած այդ հանըմները կ՚անգիտանային յաճախ հասցէն, որուն ուղղուած կամ ի հաշիւ որու վարձուած էին։ Վասնզի քանի տարի կայ, աւազակին ահաւոր համբաւը մարմնավաճառութեան աշխարհին մէջ պատճառ էր խորունկ յուզումի։ Անոր այլանդակ կերպերը, խստութիւնները, ծեծերը, անգոհանալի պահանջները, անոր անձին շատ սուր պաղը, վախը, բռնութիւնը կը յեղյեղուէին, ինչպէս անոր առատաձեռնութիւնները, զուարթութիւնը, «պէյութիւնը» ուրիշ էջերով։ Եղան՝ որ իրենք զիրենք կառքէն դուրս նետեցին, աշխարհ մը աղաղակ հանելով իրենց ափ մը մարմիններէն, երբ ճամբու կէսին խելամուտ դարձան՝ որո՞ւ կ՚երթային։

Այս անյաջողութիւնները գործն էին յաճախ անոր ջատուկներուն, հեքիաթին շինածէն աւելի իրաւ ու կատարեալ, ահաւոր մեգերա, հինայուած մազերով ու անատամ լինտերով, որոնց աչքին մէջ ճերմակը փտած պտուղի կեղեւի կը նմանէր։ Որոնք օդափոխութեան, լոգանքի պատրուակով կը ղրկուին ջերմուկները, կ՚որսային միամիտ աղջիկները, աս ու ան պեյզատէն խաբուած ու ոսկիով հանդարտած, հանրատուն իյնալէ առաջ, այդ բաղնիքներուն մէջ ծառայելով մաթրոն ներու հաշուոյն, ու կը ղրկէին զանոնք նաւահանգիստին մեծ քոնագ ը։ Այդ ջատուկները ճարտարութիւնը կը մղէին երբեմն աւելի անդին, քան բարքերով արտօնուածը, խաբխբելով տան վառեակներ, հազիւ մտած տասնըչորս, մօրուներու հալածանքէն յուսաբեկ, որոնք յանձն կ՚առնէին պալատներու մէջ սպասարկել, հանըմ էֆէնտիներու անկողինները յարդարել ու հարեմլըք ին [2] մաքրութիւնը ստանձնել։ Անոնք, իրենց անմեղութեան եւ վախին մէջ, աղմուկ կը ստեղծէին, ա՛յնքան՝ որ աւազակը ստիպուած կ՚ըլլար թմրեցուցիչներ գործածել։

Բայց հակառակ իրենց ձախաւեր արարքներուն, այդ պառաւները միշտ ունեցան անոր համակրանքը իրենց հետ։ Անիկա ոսկիով, բայց բուռով, ոչ թէ համրանքով տրուած ոսկիով կը վարձատրէր այդ տարօրինակ արարածները, որոնք իրենց ցանկացած ոեւէ կինը իրեն բերելու համար դժոխքին պատերն իսկ կրնային ծակել իրենց օձի լեզուով ու հազար գլխանի շուները լոլոզել։ Այս պատգամաւորներուն թեւով, հնարքներով էր, որ նաւահանգիստին անուշիկ կտորները աս ու ան հնարքներով մտան դղեակ։

Կը գուշակեմ տարակոյսին ժպիտը ընթերցողին աչքերուն։ Բայց անոնք, որ Գահիրէ, Աղեքսանդրիա ծանօթ են միջնորդական բարքերուն, չունին ոչինչ զարմանալու։ Այս զարմանքը ինքնին կը չքանայ, երբ այս պատմութիւնը զետեղենք իր ճիշդ ժամանակին, ու իր ճիշդ տեղին։ Երբ՝ հսկայ բռնապետութիւն մը պաշտպան է ամէն անհեթեթ այլացումի։ Երը՝ դրամը կը բանայ բոլոր դուռները։ Երբ՝ սեռը առանցքն իսկ է կեանքին։ Ուրիշ չէր կեանքը Սուլթան Համիտի շրջանին, երբ ասպարէզը բաց էր ամէն ձեռնարկուի։ Եւ ընկերութիւն մը որոշադրող ազդակները ինկած էին ճնշումին տակը այս գիծէ մարդոց։

Տակաւին հիմա, յամին շնորհաց հազար ինըհարիւր երեսունըչորս, այսինքն՝ միջին դարէն կէս հազար տարի վերջը, երբ եւրոպական քաղաքակրթութեան բոլոր սարիքներովը կը յաւակնին թուրքերը օժտած ըլլալ իրենց երկիրը, հանրապետական պետութեան մը մայրաքաղաքին մէջ ո՞րն է կինը, որ կարենայ խուսափել այդ հանրապետութեան աւագ պաշտօնակալներուն անպաշտօն տարփանքէն։ «Գորշ գայլին» մերկացումները հեքիաթ չեն, այլ աշխարհէն։ Ու հեքիաթ չեն ինչ որ կը տրուին վերի էջերով։ Կէս դար առաջ բազուկն ու յանդգնութիւնը, դրամն ու լրբութիւնը, միացած յամառ հետապնդումին՝ բաւ էին փոխարինելու հիմակուան աւագորեարին փաստուած հերոսութիւնը։

Ու Քէլ Էտհէմը պետութիւն մը չունէր կառավարելիք։

 

 

 


[1]         Նիքեահ - պաշտօնական ամուսնութիւն։

[2]         Հարեմլըք - կանանոց։